-
Այգիին առակներով կը քօղազերծէ զանոնքՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Ապա Յիսուս ցոյց կու տայ թէ կրօնական առաջնորդներուն թերացումը միայն Աստուծոյ ծառայութիւնը անտեսելուն պատճառաւ չէ, այլ՝ քանի որ իրենք չար եւ ամբարիշտ մարդիկ են։ Յիսուս կը պատմէ. «Տանտէր մը կար որ այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։ Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։ Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին»։
«Ծառաները» մարգարէներն են որ «Տանտէր»ը՝ Եհովա Աստուած, ղրկեց իր ‘այգիի մշակներուն’։ Այս մշակները Իսրայէլի գլխաւոր ներկայացուցիչներն են։ Այս ազգը Աստուածաշունչին մէջ կը ճանչցուի որպէս Աստուծոյ «այգին»։
-
-
Այգիին առակներով կը քօղազերծէ զանոնքՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Այսպէս, անոնք առանց անդրադառնալու իրենք իրենց վրայ դատապարտութիւն կը բերեն, քանի որ իրենք ալ պարփակուած են Եհովայի ազգային «այգի»ին՝ Իսրայէլի «մշակներուն» մէջ։ Եհովա այսպիսի մշակներէն կ’ակնկալէ որ իր Որդւոյն՝ ճշմարիտ Մեսիային, հաւատք ընծայեն։ Քանի որ այսպիսի պտուղ չեն արտադրած, Յիսուս կ’ազդարարէ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ [Սաղմոս 118։22, 23], ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’։ Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։ Ով որ այս քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ պիտի փսորէ զանիկա»։
-