Եհովա կ’արժեւորէ ձեր սրտանց ծառայութիւնը
«Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։23
1, 2. (ա) Ի՞նչ է մեծագոյն առանձնաշնորհումը որ կրնանք ունենալ։ (բ) Երբեմն ինչո՞ւ չենք կրնար մեր ուզածին չափ ընել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառայելէն աւելի մեծ առանձնաշնորհում գոյութիւն ունի՞։ Վաւերական պատճառներով, այս պարբերաթերթը երկար ատենէ քաջալերած է Քրիստոնեաները որ ծառայութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերեն, նոյնիսկ ծառայելով «ա՛լ աւելի», երբ իրենց պարագաները կը ներեն։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1) Սակայն, միշտ չենք կրնար ընել ա՛յնքան որքան մեր սիրտը կը տենչայ ընել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Ամուրի քոյր մը, որ մօտաւորապէս 40 տարիներէ ի վեր մկրտուած է, կը բացատրէ. «Իմ պարագաներս կը ստիպեն որ լիաժամ աշխատիմ։ Ես կ’աշխատիմ, ո՛չ թէ սուղ ու նորոյթ զգեստներ ձեռք ձգելու, կամ նաւով պտոյտներ ընելու համար, այլ՝ անհրաժեշտ բաներ, ինչպէս նաեւ բժշկական եւ ատամնաբուժական ծախսերը հոգալու համար։ Այնպէս կը զգամ որ Եհովայի աւելցուքներ կու տամ»։
2 Աստուծոյ հանդէպ սէրը կը մղէ մեզ որ փափաքինք մեր կարողութեան ներած չափով մասնակցիլ քարոզչութեան գործին։ Սակայն կեանքի պարագաները յաճախ մեզ կը կաշկանդեն։ Սուրբ գրային կարգ մը ուրիշ պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլը՝ ի միջի այլոց ընտանեկան պարտաւորութիւնները՝ կրնայ մեր ժամանակին ու կորովին մեծ մասը սպառել։ (Ա. Տիմոթէոս 5։4, 8) Այս «չար ժամանակներ»ուն, կեանքը աւելի դժուար դարձած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Երբ ծառայութեան մէջ մեր ուզածին չափ չկարենանք ընել, մեր սիրտը կրնայ որոշ չափով տանջել մեզ։ Թերեւս հարց տանք թէ արդեօք Աստուած մեր պաշտամունքին կը հաճի՞։
Սրտանց Ծառայութեան Գեղեցկութիւնը
3. Եհովա մեր բոլորէն ի՞նչ կ’ակնկալէ։
3 Սաղմոս 103։14–ին մէջ, Աստուածաշունչը ջերմօրէն կը վստահեցնէ մեզ որ Եհովա «գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Ոեւէ մէկէ աւելի, ան կը հասկնայ մեր սահմանափակումները։ Ան չի պահանջեր որ մեր կրցածէն աւելի տանք։ Ան ի՞նչ կ’ակնկալէ։ Բան մը որ ամէն ոք կրնայ մատուցանել, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր պարագան. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։ (Կողոսացիս 3։23) Այո, Եհովա մեր բոլորէն կ’ակնկալէ որ սրտանց ծառայենք իրեն։
4. Եհովայի սրտանց ծառայել ի՞նչ կը նշանակէ։
4 Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի սրտանց ծառայել։ Յունարէն «սրտանց» թարգմանուած բառը, բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «հոգիէն»։ «Հոգի»ն լման անհատին կ’ակնարկէ, իր ֆիզիքական ու մտային բոլոր կարողութիւններով։ Ուստի, «սրտանց» ծառայել կը նշանակէ մեր անձերէն տալ, մեր բոլոր կարողութիւնները եւ, կարելի եղածին չափ լման տարողութեամբ, մեր կորովը գործածել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Ուրիշ խօսքով, կը նշանակէ ընել այն ի՛նչ որ մեր անձը կարող է ընել։—Մարկոս 12։29, 30
5. Առաքեալներուն օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ բոլորն ալ նոյն չափով պէտք չէ ծառայեն։
5 Սրտանց ըլլալ կը նշանակէ որ բոլորս ալ նո՞յն չափով պէտք է ծառայենք։ Ասիկա անկարելի է, քանի որ անհատէ անհատ պարագաները եւ կարողութիւնները կը տարբերին։ Նկատի առէք Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալները. բոլորն ալ նոյն չափով ընելու կարող չէին։ Օրինակի համար, շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք կարգ մը առաքեալներուն մասին, ինչպէս՝ Սիմոն Կանանացիին եւ Յակոբոս Ալփեանին մասին։ Թերեւս անոնց գործունէութիւնները որպէս առաքեալներ աւելի սահմանափակ էին։ (Մատթէոս 10։2-4) Միւս կողմէն, Պետրոս կրցաւ բազմաթիւ ծանր պատասխանատուութիւններ ընդունիլ, Յիսուս նոյնիսկ «թագաւորութեան բանալիները» տուաւ անոր։ (Մատթէոս 16։19) Բայց եւ այնպէս, Պետրոս միւսներէն աւելի բարձր չնկատուեցաւ։ Երբ Յովհաննէս Յայտնութեան գրքին Նոր Երուսաղէմի տեսիլքը ստացաւ (Հ.Դ. շուրջ 96–ին), ան 12 հիմեր տեսաւ, որոնց վրայ «տասներկու առաքեալներուն անունները» գրուած էին։a (Յայտնութիւն 21։14) Եհովա բոլոր առաքեալներուն ծառայութիւնը արժեւորեց, թէեւ բացայայտօրէն անոնցմէ ոմանք միւսներէն աւելի գործեցին։
6. Յիսուսի տուած սերմնացանին առակին մէջ, «աղէկ հողի» մէջ ցանուած սերմին ի՞նչ կը պատահի, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
6 Նմանապէս, Եհովա չի պահանջեր որ բոլորս նոյն չափով քարոզենք։ Յիսուս ասիկա ցոյց տուաւ սերմնացանին առակին մէջ, ուր ան քարոզչութիւնը սերմեր ցանելու նմանցուց։ Սերմը տարբեր տեսակ հողերու մէջ ինկաւ, որոնք կը պատկերացնեն պատգամը լսողներուն կողմէ ցուցաբերուած սրտի տարբեր վիճակներ։ Յիսուս բացատրեց. «Աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։ (Մատթէոս 13։3-8, 18-23) Ի՞նչ է հոս յիշուած պտուղը եւ ինչո՞ւ տարբեր քանակով կ’արտադրուի։
7. Ցանուած սերմին պտուղը ի՞նչ է, եւ ինչո՛ւ արտադրութեան քանակը տարբեր է։
7 Քանի որ ցանուած սերմը «թագաւորութեան խօսք»ն է, պտուղ տալը կ’ակնարկէ խօսքը տարածելուն, զայն ուրիշներուն խօսելով։ (Մատթէոս 13։19) Արտադրուած պտուղին քանակը կը տարբերի՝ երեսունէն հարիւր՝ քանի որ կեանքի մէջ կարողութիւնները եւ պարագաները կը տարբերին։ Առողջ եւ ֆիզիքապէս կայտառ անհատ մը կրնայ քարոզչութեան աւելի ժամանակ տրամադրել քան անիկա որու կորովը նուազած է երկարատեւ հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառաւ։ Ընտանեկան պատասխանատուութիւններ չունեցող երիտասարդ ամուրի անհատ մը կրնայ աւելի ընել քան մէկը որ ստիպուած է լիաժամ աշխատիլ ընտանիքին հոգ տանելու համար։—Բաղդատել՝ Առակաց 20։29։
8. Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ իրենց կարողութեան համաձայն իրենց լաւագոյնը տուողները։
8 Աստուծոյ աչքին, երեսուն տուող սրտանց անհատը հարիւր տուող անհատէն նուա՞զ հաւատարիմ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Պտուղին քանակը կրնայ տարբերիլ, բայց Եհովա կը հաճի անոր, որքան ատեն որ մատուցուած ծառայութիւնը մեր լաւագոյնն է որ կրնանք տալ։ Յիշեցէք որ տարբեր քանակով պտուղները բոլորն ալ այնպիսի սրտերէ կը բխին որոնք «աղէկ հող» են։ «Աղէկ» թարգմանուած Յունարէն (գա·լոս) բառը կը բնութագրէ «գեղեցիկ» բան մը որ «սիրտը կ’ուրախացնէ եւ աչքերուն հաճելի է»։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ, որ երբ մեր լաւագոյնը ընենք, մեր սիրտը Աստուծոյ աչքին գեղեցիկ կը դառնայ։
Պէտք Չէ Բաղդատել
9, 10. (ա) Մեր սիրտը ո՞ր բացասական մտածելակերպին կրնայ առաջնորդել մեզ։ (բ) Ա. Կորնթացիս 12։14-26–ի մէջ յիշուած օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա մեր ըրածները ուրիշներու ըրածներուն հետ չի բաղդատեր։
9 Սակայն, մեր անկատար սիրտը կրնայ հարցերը տարբեր կերպով դատել։ Անիկա կրնայ մեր ծառայութիւնը բաղդատել ուրիշներուն ըրածին հետ։ Անիկա կրնայ տրամաբանել. ‘Ուրիշները ինծմէ շա՜տ աւելի կ’ընեն ծառայութեան մէջ։ Եհովա ի՞նչպէս պիտի հաճի իմ ծառայութեանս’։—Բաղդատել՝ Ա. Յովհաննու 3։19, 20։
10 Եհովայի խորհուրդները եւ ճամբաները մերինէն բարձր են։ (Եսայեայ 55։9) Ա. Կորնթացիս 12։14-26–ը որոշ ներատեսութիւն կրնայ տալ մեզի, թէ Եհովա մեր անհատական ջանքերը ի՛նչ աչքով կը դիտէ. այս համարներուն մէջ ժողովքը նմանցուած է մարմնի մը, որ բազմաթիւ անդամներէ կը բաղկանայ, ինչպէս՝ աչքեր, ձեռքեր, ոտքեր, ականջներ եւ այլն։ Վայրկեան մը նկատի առէք բառացի մարմինը։ Որքա՜ն ծիծաղելի պիտի ըլլայ ձեր աչքերը բաղդատել ձեր ձեռքերուն հետ, կամ ոտքերը՝ ականջներուն հետ։ Իւրաքանչիւր անդամ որոշ գործ կը կատարէ, բայց բոլոր անդամներն ալ պիտանի եւ արժէքաւոր են։ Նմանապէս, Եհովա կ’արժեւորէ ձեր սրտանց ծառայութիւնը, ուրիշներ աւելի ընեն թէ՝ նուազ։—Գաղատացիս 6։4
11, 12. (ա) Ինչո՞ւ ոմանք կրնան խորհիլ թէ իրենք «շատ տկար» կամ «անպատիւ» են։ (բ) Եհովա մեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։
11 Վատառողջութեան, ծերութեան կամ ուրիշ պարագաներու կողմէ պարտադրուած սահմանափակումներու պատճառաւ, երբեմն մեզմէ ոմանք կրնան զգալ թէ իրենք «շատ տկար» են կամ՝ «անպատիւ»։ Սակայն Եհովա հարցերը այս կերպով չի դիտեր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեզի. «Մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են. . . . այն անդամները որոնք յաւէտ անպատիւ կը սեպենք, անոնց աւելի պատիւ կու տանք . . . բայց Աստուած մարմինը բարեխառնեց ու պակասութիւն ունեցողին աւելի պատիւ տուաւ»։ (Ա. Կորնթացիս 12։22-24) Ուստի, իւրաքանչիւր անհատ կրնայ Եհովայի աչքին թանկագին ըլլալ։ Ան մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ մեր կատարած ծառայութիւնը կը գնահատէ։ Ձեր սիրտը չի՞ մղեր ձեզ որ ուզէք ձեր բոլոր կարելին ընել այսպիսի հասկացող եւ սիրալիր Աստուծոյ մը ծառայելու համար։
12 Ուրեմն, Եհովայի համար կարեւոր չէ որ դուք ուրիշին ըրածին չափ ընէք, այլ կարեւորը այն է որ դուք անձնապէս ձեր կրցածը ընէք։ Երկրի վրայ իր կեանքին վերջին օրերուն ընթացքին, իրարմէ շատ տարբեր երկու կիներու հետ Յիսուսի ունեցած վերաբերմունքը ազդու կերպով ցոյց կու տայ թէ Եհովա կ’արժեւորէ մեր անհատական ջանքերը։
Երախտագէտ Կնկայ մը «Սուղ» Նուէրը
13. (ա) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Մարիամ Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն անուշահոտ իւղ թափեց։ (բ) Մարիամի իւղին դրամական արժէքը ի՞նչ էր։
13 Ուրբաթ երեկոյեան, Նիսան 8–ին, Յիսուս Բեթանիա հասաւ, որ Երուսաղէմէն մօտ երեք քիլոմեթր անդին, Ձիթենեաց Լերան արեւելեան լանջին վրայ փոքր գիւղ մըն էր։ Յիսուս այս գիւղին մէջ սիրելի բարեկամներ ունէր. Մարիամ, Մարթա եւ իրենց եղբայրը Ղազարոս։ Հաւանաբար, Յիսուս յաճախ անոնց տան մէջ հիւրասիրուած էր։ Սակայն, Շաբաթ երեկոյեան, Յիսուս եւ իր բարեկամները ընթրեցին Սիմոնի՝ նախկին բորոտի մը տան մէջ, որ հաւանաբար բժշկուած էր Յիսուսի կողմէ։ Մինչ Յիսուս սեղանին քով ընկողմանած էր, Մարիամ խոնարհ արարք մը կատարեց, իր եղբայրը յարուցանող մարդուն հանդէպ իր խոր սէրը ցոյց տալով։ Ան «սուղ» անուշահոտ իւղ պարունակող շիշ մը բացաւ։ Արդարեւ անիկա սուղ էր, քանի որ անոր գինը 300 դահեկան էր, որ մէկ տարուան աշխատավարձք կը ներկայացնէր։ Մարիամ այս բուրումնաւէտ իւղը Յիսուսի գլխուն եւ ոտքերուն վրայ թափեց։ Ան նոյնիսկ իր մազերով անոր ոտքերը սրբեց։—Մարկոս 14։3. Ղուկաս 10։38-42. Յովհաննու 11։38-44. 12։1-3
14. (ա) Աշակերտները ի՞նչպէս հակազդեցին Մարիամի արարքին։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս պաշտպանեց Մարիամը։
14 Աշակերտները նեղուեցան. անոնք հարցուցին՝ ‘Ինչո՞ւ այս կորուստը’։ Յուդան, գողնալու իր մղումը աղքատներուն օգնելու թելադրութեան մը ետին ծածկելով, ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։ Մարիամ լուռ կեցաւ։ Սակայն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի [գա·լոս բառին մէկ ձեւը] գործ մը գործեց ինծի։ . . . Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։ Յիսուսի ջերմ խօսքերը որքա՜ն հանգստացուցած ըլլալու էին Մարիամի սիրտը։—Մարկոս 14։4-9. Յովհաննու 12։4-8
15. Յիսուս ինչո՞ւ չափազանց ազդուեցաւ Մարիամի արարքէն, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք սրտանց ծառայութեան մասին։
15 Յիսուս խորապէս ազդուած էր Մարիամի ըրածէն։ Իր կարծիքով, անիկա գովասանքի արժանի արարք մը կատարած էր։ Յիսուսի համար կարեւորը նուէրին դրամական արժէքը չէր, այլ այն իրողութիւնը որ «ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ»։ Ան պատեհութիւնը օգտագործելով տուաւ այն ինչ որ կարող էր տալու։ Կարգ մը ուրիշ թարգմանութիւններ այս խօսքերը հետեւեալ կերպով կը թարգմանեն. «Այս կինը ի՛նչ որ կրնար՝ ըրաւ», կամ, «Ան ըրաւ, ինչ որ կրնար»։ (Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն. Արեւմտահայերէն Նոր Թարգմանութիւն) Մարիամի նուէրը սրտանց էր, քանի որ իր լաւագոյնը տուաւ։ Ա՛յս է սրտանց ծառայութեան նշանակութիւնը։
Որբեւայրիի մը «Երկու Լումա»ն
16. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս նշմարեց աղքատ որբեւայրիի մը նուիրատուութիւնը։ (բ) Որբեւայրիին լումաներուն արժէքը ի՞նչ էր։
16 Այս դէպքէն երկու օր ետք, Նիսան 11–ին, Յիսուս տաճարին մէջ երկար օր մը անցուց, ուր իր հեղինակութիւնը հարցի տակ դրուեցաւ եւ տուրքերու, յարութեան եւ կնճռոտ հարցերու շուրջ արտայայտուեցաւ։ Ան դատապարտեց դպիրներն ու Փարիսեցիները, որոնք ուրիշ բաներու կողքին, ‘որբեւայրիներուն տուները կ’ուտէին’։ (Մարկոս 12։40) Ապա, Յիսուս բացայայտօրէն Կիներու Գաւիթին մէջ նստեցաւ, ուր, ըստ հրէական աւանդութեան, 13 գանձանակներ կային։ Ան որոշ ատեն մը նստելով, ուշադրութեամբ զննեց մինչ մարդիկ իրենց նուիրատուութիւնները կը դնէին գանձանակներուն մէջ։ Շատ հարուստներ եկան, թերեւս ոմանք ինքնարդարութեան, նոյնիսկ ցուցամոլութեան երեւոյթով մը։ (Բաղդատել՝ Մատթէոս 6։2։) Յիսուս իր նայուածքը կեդրոնացուց յատկապէս կնոջ մը վրայ։ Հասարակ անհատ մը հաւանաբար որեւէ յատկանշական բան մը չնկատէր այդ կնոջ կամ անոր ընծային վերաբերեալ։ Սակայն Յիսուս, որ կրնար ուրիշներու սիրտը ճանչնալ, գիտցաւ որ ան «աղքատ որբեւարի մըն» էր։ Ան նաեւ գիտցաւ անոր ընծային ճշգրիտ արժէքը՝ ‘երկու լումայ որ նաքարակիտ մը կ’ընէ’։b —Մարկոս 12։41, 42
17. Յիսուս որբեւայրիին նուիրատուութիւնը ի՞նչպէս արժեւորեց, ուստի Աստուծոյ տալու մասին ի՞նչ կը սորվինք։
17 Յիսուս իր աշակերտները իրեն կանչեց եւ ուզեց որ անոնք ուղղակիօրէն տեսնեն այն դասը որ անոնց պիտի սորվեցնէր։ Ան ըսաւ. «Այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Իր դատողութեամբ, ան աւելի ձգած էր քան մնացեալը միասնաբար գումարուած։ Կինը իր «ունեցածին բոլորը ձգեց», իր վերջին պզտիկ գումարը։ Այսպէս վարուելով, ան իր անձը Եհովայի հոգածու ձեռքերուն յանձնեց։ Հետեւաբար, Աստուծոյ նուէր տալու որպէս օրինակ գործածուեցաւ անձ մը, որու նուէրը նիւթական գետնի վրայ գրեթէ անարժէք էր։ Սակայն, Աստուծոյ աչքին անիկա անգին էր։—Մարկոս 12։43, 44. Յակոբու 1։27
Սրտանց Ծառայութեան Նկատմամբ Եհովայի Տեսակէտէն Սորվինք
18. Երկու կիներուն հետ Յիսուսի ունեցած վերաբերմունքէն ի՞նչ կը սորվինք։
18 Այս երկու կիներուն հետ Յիսուսի ունեցած վերաբերմունքէն կարգ մը սրտապնդիչ դասեր կը սորվինք սրտանց ծառայութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտին շուրջ։ (Յովհաննու 5։19) Յիսուս որբեւայրին չբաղդատեց Մարիամի հետ։ Ան որբեւայրիին երկու լուման նո՛յնքան արժեւորեց, որքան՝ Մարիամի «սուղ» իւղը։ Քանի որ ամէն մէկը իր լաւագոյնը տուաւ, Աստուծոյ աչքին երկուքին նուէրներն ալ արժէքաւոր էին։ Ուստի, եթէ անարժէք զգալու գաղափարներ ողողեն ձեզ, քանի որ ձեր փափաքածին չափ Աստուծոյ չէք կրնար ծառայել, մի՛ վհատիք։ Եհովա հաճութեամբ կ’ընդունի, երբ ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ ձեր լաւագոյնը տաք։։ Մի՛ մոռնաք, Եհովա «սրտին կը նայի», ուստի ան լիովին գիտէ թէ ձեր սիրտը ի՛նչ բանի կը տենչայ։—Ա. Թագաւորաց 16։7
19. Ինչո՞ւ պէտք չէ դատենք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ուրիշներուն իրագործումները։
19 Սրտանց ծառայութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը պէտք է ազդէ իրարու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտին եւ վերաբերմունքին։ Որքա՜ն անսիրալիր պիտի ըլլայ ուրիշներու ջանքերը քննադատել, կամ անհատի մը ծառայութիւնը ուրիշի մը ծառայութեան հետ բաղդատել։ Դժբախտաբար ասիկա կրնայ պատահիլ, ինչպէս որ Քրիստոնեայ քոյր մը գրեց. «Երբեմն ոմանք այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ եթէ ռահվիրայ չես, արժէք չունիս։ Սակայն, անոնք որոնք կը պայքարին ‘միայն’ կարենալու համար որպէս կանոնաւոր հրատարակիչ շարունակել, պէտք ունին զգալու թէ իրենք ալ գնահատուած են»։ Չմոռնանք որ մենք հեղինակութիւն չունինք որոշելու թէ ի՛նչ բան Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը պարագային սրտանց ծառայութիւն է։ (Հռովմայեցիս 14։10-12) Եհովա կը գնահատէ Թագաւորութեան միլիոնաւոր հաւատարիմ հրատարակիչներուն իւրաքանչիւրին սրտանց ծառայութիւնը, հետեւաբար մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։
20. Մեր հաւատակիցներուն մասին ի՞նչ ենթադրելը սովորաբար լաւագոյն բանն է։
20 Սակայն եթէ թուի որ ոմանք իրենց կարողութենէն նուազ կը ծառայեն. . .։ Հաւատակիցի մը գործունէութեան նուազումը հոգածու երէցներուն համար մատնանշում մը կ’ըլլայ որ ան օգնութեան կամ քաջալերութեան կարիք ունի։ Միեւնոյն ժամանակ, պէտք չէ մոռնանք որ ոմանց պարագային, սրտանց ծառայութիւնը կրնայ աւելի նմանիլ որբեւայրիին լումաներուն քան Մարիամի սուղ իւղին։ Սովորաբար, աւելի լաւ է ենթադրել որ մեր եղբայրները ու քոյրերը Եհովան կը սիրեն եւ թէ այսպիսի սէր մը պիտի մղէ որ իրենց կարելին ընեն եւ ո՛չ անկէ նուազ։ Վստահաբար, Եհովայի ո՛չ մէկ խղճամիտ ծառայ պիտի ընտրէ իր կարողութենէն պակաս ընել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։—Ա. Կորնթացիս 13։4, 7
21. Շատեր ո՞ր վարձահատոյց ասպարէզը կը հետապնդեն, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
21 Սակայն, Աստուծոյ ծառաներէն շատերուն համար, սրտանց ծառայութիւնը նշանակած է չափազանց վարձահատոյց ասպարէզ մը հետապնդել՝ ռահվիրայական ծառայութիւնը։ Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեզմէ ոմանց մասին, որոնք տակաւին կարող չեն եղած ռահվիրաներ ըլլալ. ի՞նչպէս կրնանք ռահվիրայական հոգի ցուցաբերել։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշներ]
a Քանի որ Մատաթիան՝ Յուդային փոխարինեց որպէս առաքեալ, անոր անունը եւ ո՛չ թէ Պօղոսինը երեւցած ըլլալու էր այդ 12 հիմերուն վրայ։ Թէեւ Պօղոս առաքեալ մըն էր, սակայն ան 12–էն մէկը չէր։
b Լուման այն ժամանակուան հրէական ամենէն պզտիկ դրամն էր։ Երկու լուման հաւասար էր օրավարձքի մը 1/64 մասին։ Մատթէոս 10։29–ին համաձայն, մէկ դանկով (որ ութը լումայի հաւասար է), անհատ մը կրնար երկու ճնճղուկ գնել, որ աղքատներուն կողմէ որպէս ուտելիք գործածուած ամենէն աժան թռչունն էր։ Ուրեմն այս որբեւայրին իրապէ՛ս աղքատ էր, քանի որ ճնճղուկի մը միայն կէս գինը ունէր. անբաւարար՝ մէկ ճաշի համար։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Եհովայի սրտանց ծառայել ի՞նչ կը նշանակէ։
◻ Ա. Կորնթացիս 12։14-26–ի մէջ յիշուած օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ Եհովա մեզ ուրիշներուն հետ չի բաղդատեր։
◻ Մարիամի թանկարժէք իւղին եւ որբեւայրիին երկու լումային մասին Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք սրտանց տալու մասին։
◻ Սրտանց ծառայութեան մասին Եհովայի տեսակէտը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ իրարու հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտին։
[Նկար՝ էջ 20]
Մարիամ իր լաւագոյնը տուաւ, Յիսուսի մարմինը «սուղ» իւղով մը օծելով
[Նկար՝ էջ 21]
Որբեւայրիին լումաները թէեւ նիւթական արժէք մը չէին ներկայացներ, բայց Եհովայի աչքին անգին էին