Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՅՈՒԼԻՍ 6-12
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 6-7
«Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես»
(Ելից 6։1) Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես. որ հզօր ձեռքով պիտի թողու զանոնք ու հզօր ձեռքով պիտի վռնտէ զանոնք իր երկրէն»։
(Ելից 6։6, 7) Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. «Ես եմ Եհովա, ես ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն պիտի հանեմ ու ձեզ անոնց ծառայութենէն պիտի ազատեմ եւ ձեզ երկնցած բազուկով ու մեծ դատաստաններով պիտի փրկեմ 7 եւ ձեզ ինծի ժողովուրդ պիտի ընեմ ու ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ եւ պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն հանող Տէրը, ձեր Աստուածը, ես եմ»։
it-2 436 ¶3
Մովսէս
Սկիզբը, իսրայէլացիները ընդունած էին, որ Մովսէս Աստուծոյ կողմէն է, բայց ետքը երբ փարաւոնը իրենց գործին պայմանները ա՛լ աւելի խստացուց, անոնք Մովսէսին դէմ գանգատեցան այն աստիճան՝ որ Մովսէս իր սիրտը Եհովային բացաւ (Ել. 4։29-31. 5։19-23)։ Ամենակալ Աստուածը Մովսէսը զօրացուց՝ անոր յայտնելով, որ հիմա Ինք պիտի կատարէ այն ինչ որուն Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ կը սպասէին, այսինքն՝ իր անուան լման իմաստը պիտի յայտնէր։ Ինք ասիկա պիտի ընէր իսրայէլացիները ազատելով եւ զանոնք որպէս ազգ հաստատելով Աւետեաց երկրին մէջ (Ել. 6։1-8)։ Նոյնիսկ ասիկա գիտնալէ ետք իսրայէլացիները մտիկ չըրին Մովսէսին։ Բայց իններորդ պատուհասէն ետք իսրայէլացիներուն կեցուածքը փոխուեցաւ։ Անոնք լման թիկունք կանգնեցան իրեն, այն աստիճան՝ որ տասներորդ պատուհասէն ետք, Մովսէս կրցաւ զանոնք կազմակերպել եւ «գունդ գունդ» Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդել (Ել. 13։18)։
(Ելից 7։4, 5) Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ ու ես իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ պիտի վերցնեմ եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ մեծ դատաստաններով պիտի հանեմ Եգիպտոսի երկրէն։ 5 Երբ իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ երկնցնեմ ու Իսրայէլի որդիները անոնց մէջէն հանեմ, այն ատեն պիտի գիտնան Եգիպտացիները, որ ես եմ Տէրը։
it-2 436 ¶1-2
Մովսէս
Եգիպտոսի փարաւոնին առջեւ։ Մովսէսը եւ Ահարոնը կարեւոր դեր ունէին ‘աստուածներու միջեւ պատերազմին’ մէջ։ Փարաւոնը ‘բեմ հրաւիրեց’ Եհովան եւ Եգիպտոսի աստուածները, որպէսզի իրենց զօրութիւնը ցուցնեն։ Եգիպտոսի աստուածները ներկայացուած էին մոգերով, եւ ըստ երեւոյթին անոնց գլխաւորներն էին Յանէսը եւ Յամրէսը (Բ. Տիմ. 3։8)։ Առաջին հրաշքը, որ Ահարոն Մովսէսին առաջնորդութեամբ ըրաւ փարաւոնին առջեւ, փաստեց որ Եհովան գերակայ է Եգիպտոսի չաստուածներէն, հակառակ անոր որ փարաւոնին սիրտը աւելի կարծրացաւ (Ել. 7։8-13)։ Ետքը, երբ երրորդ պատուհասը եղաւ, նոյնիսկ մոգերը ստիպուեցան խոստովանիլ՝ «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Եւ անոնք այնքան շատ վնասուեցան ուռեցքներու պատուհասէն, որ չկրցան ներկայանալ փարաւոնին առջեւ, որպէսզի Մովսէսին դէմ ելլեն (Ել. 8։16-19. 9։10-12)։
Պատուհասները պատճառ կը դառնան, որ ոմանց սիրտը կարծրանայ, իսկ ուրիշներու սիրտը փափկանայ։ Տասը պատուհասները Մովսէսին եւ Ահարոնին բերնով յայտարարուեցան։ Ատոնք տեղի ունեցան ճիշդ ինչպէս որ յայտարարուեցան, ինչ որ փաստեց որ Մովսէս Եհովա՛ն կը ներկայացնէր։ Եհովային անուան մասին շատ խօսուեցաւ Եգիպտոսի մէջ, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ոմանց սիրտը փափկանայ այդ անուան հանդէպ, ինչպէս իսրայէլացիներուն եւ կարգ մը եգիպտացիներու սիրտը, իսկ ուրիշներու սիրտը կարծրանայ, ինչպէս փարաւոնին եւ իր խրատատուներուն ու օգնականներուն սիրտը (Ել. 9։16. 11։10. 12։29-39)։ Եգիպտացիներուն միտքէն իսկ չանցաւ, որ սխալ մը գործած էին իրենց չաստուածներուն հանդէպ, հապա՝ գիտցան որ Եհովան կը դատէր իրենց չաստուածները։ Երբ իններորդ պատուհասը տեղի ունեցաւ, Մովսէսն ալ արդէն իսկ «Եգիպտոսի երկրին մէջ Փարաւոնին ծառաներուն առջեւ ու ժողովուրդին առջեւ խիստ մեծ մարդ մըն էր» (Ել. 11։3)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 6։3) Որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Ամենակարող Աստուծոյ անունով երեւցայ. բայց իմ Եհովա անունովս անոնց չյայտնուեցայ։
Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր
6։3—Աստուծոյ անունը ի՞նչ կերպով չէր յայտնուած Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի։ Այս նահապետները Աստուծոյ անունը գործածեցին եւ Եհովայէ խոստումներ ստացան։ Սակայն անոնք չճանչցան Եհովան որպէս մէկը որ պատճառեց այդ խոստումներուն կատարումը։—Ծննդոց 12։1, 2. 15։7, 13-16. 26։24. 28։10-15
(Ելից 7։1) Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ»։
Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր
7։1—Մովսէս ի՞նչպէս «Փարաւոնին աստուած» եղաւ։ Մովսէսի աստուածային զօրութիւն եւ հեղինակութիւն տրուեցաւ Փարաւոնի վրայ։ Ուստի այդ թագաւորէն վախնալու հարկ չկար։
դ02 8/1 28, պարբ. 5–ի ստորանիշ
«Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ով խթանուած
Երբ Եհովա Մովսէսն ու Ահարոնը նշանակեց որ իր ժողովուրդին ի նպաստ Փարաւոնին խօսին, Ան ըսաւ Մովսէսի. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ»։ (Ելից 7։1) Ահարոն ծառայեց որպէս մարգարէ, ո՛չ թէ ապագայ դէպքեր նախագուշակելով, այլ՝ Մովսէսի խօսնակը կամ բանբերը դառնալով։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 122
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՓԱԿՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ՎԵՐՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
• ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
• ԵՀՈՎԱՆ, ՅԻՍՈՒՍԸ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՆ
Յիսուս իր առաքեալներուն հանդէպ խոր սէրէ մղուած՝ զանոնք կը պատրաստէր որ մօտ օրէն պիտի մեկնի։ Ան իր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէ եւ իր Հօր կ’աղօթէ՝ ըսելով. «Փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ, որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր» (Յովհաննէս 17։1, 2)։
Յիսուս յստակօրէն գիտէ, որ ամէնէն կարեւոր բանն է՝ Աստուած փառաւորել։ Բայց ան մխիթարական բան մըն ալ կը նշէ՝ յաւիտենական կեանք ստանալու հեռանկարը։ Քանի՛ որ ան «իշխանութիւն» ունի «ամէն մարմնի վրայ», կրնայ մարդոց առջեւ առիթ բանալ, որ իր զոհէն օգուտներ քաղեն։ Բայց ոչ բոլոր մարդիկը այդ օրհնութիւնը պիտի վայելեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսի փրկանքէն պիտի օգտուին միայն անոնք՝ որոնք կը վարուին Յիսուսի յաջորդ խօսքին համաձայն. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։
Անհատ մը պէտք է թէ՛ Հայրը եւ թէ Որդին լաւ ճանչնայ եւ անոնց հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենայ։ Ան պէտք է անոնց տեսակէտը ունենայ տարբեր նիւթերու նկատմամբ եւ ջանք թափէ որ ուրիշներու հետ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ դրսեւորէ Հօր ու Որդիին իւրայատուկ յատկութիւնները։ Ասկէ զատ, անհատը պէտք է հասկնայ որ Աստուած փառաւորելը աւելի կարեւոր է քան յաւիտենական կեանք ստանալը։ Յիսուս կը շարունակէ ասոր մասին աղօթել.
«Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի» (Յովհաննէս 17։4, 5)։ Այս խօսքերով, Յիսուս իր Հօրմէն կը խնդրէ, որ յարութեան միջոցաւ ետ ձեռք ձգէ իր երկնային փառքը։
Յիսուս նաեւ կը յիշէ այն ինչ որ իր ծառայութեամբ իրագործած է, երբ իր աղօթքին մէջ կ’ըսէ. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին» (Յովհաննէս 17։6)։ Յիսուս իր ծառայութեան մէջ Աստուծոյ անունը գործածելէն աւելի՛ն ըրաւ։ Ան իր առաքեալներուն օգնեց որ ճանչնան Եհովան, անոր յատկութիւնները եւ մարդոց հետ անոր սիրալիր ու ազնիւ գործառնութիւնները։
Առաքեալները ճանչցած են Եհովան, գիտցած են թէ Յիսուս ի՛նչ նպատակով երկիր եկաւ եւ լսած են իր սորվեցուցածները։ Հիմա ան իր աղօթքին մէջ խոնարհաբար կ’ըսէ. «Այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յովհաննէս 17։8)։
Ետքը մասնաւորաբար իր աշակերտներուն համար կ’աղօթէ՝ ըսելով. «Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց համար՝ որ դուն ինծի տուիր, վասն զի քուկդ են անոնք։ . . .Ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք։ . . .Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին», այսինքն՝ Յուդա Իսկարիովտացին, որ Յիսուսը պիտի մատնէ (Յովհաննէս 17։9-12)։
«Աշխարհ զանոնք ատեց», Յիսուս կը շարունակէ աղօթել։ «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 17։14-16)։ Առաքեալները եւ միւս աշակերտները աշխարհի մէջ են,– այսինքն՝ Սատանային կառավարած մարդկային ընկերութեան մէջ,– բայց պէտք է աշխարհէն եւ ատոր մէջի չարութենէն անջատ մնան։ Ինչպէ՞ս։
Անոնք պէտք է իրենք զիրենք սուրբ պահեն, այսինքն՝ Աստուծոյ ծառայելով զբաղած մնան, գործադրելով Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջի ճշմարտութիւնները եւ Յիսուսին սորվեցուցած ճշմարտութիւնները։ Յիսուս կ’աղօթէ. «Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Ժամանակի ընթացքին, առաքեալներէն ոմանք պիտի գրեն Աստուծմէ ներշնչուած գիրքեր, որոնք «ճշմարտութեան» մէկ մասը պիտի դառնան եւ մարդոց օգնեն սուրբ ըլլալու։
Առաքեալներէն զատ, ուրիշներ ալ ժամանակի ընթացքին պիտի ընդունին «ճշմարտութիւն»ը։ Անոր համար Յիսուս կ’ըսէ. «Միայն անոնց համար [իրեն հետ եղողներուն համար] չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան»։ Իսկ ի՞նչ կը խնդրէ բոլորին համար։ Ան կ’ըսէ. «Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան» (Յովհաննէս 17։20, 21)։ Յիսուսն ու իր Հայրը մէկ են այն իմաստով, որ մէկ կարծիք ունին բոլոր հարցերուն մէջ։ Ան կ’աղօթէ որ իր հետեւորդները այդ տեսակ միութիւն ունենան։
Քիչ առաջ, Յիսուս Պետրոսին եւ միւսներուն ըսած էր, որ ինք կ’երթայ որ իրենց տեղ պատրաստէ ‘իր Հօր տան’ մէջ, այսինքն՝ երկինքը (Յովհաննէս 14։2, 3)։ Յիսուս հիմա նոյն կէտը կը նշէ իր աղօթքին մէջ, երբ կ’ըսէ. «Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ» (Յովհաննէս 17։24)։ Այս խօսքերով, ան ցոյց կու տայ որ Աստուած երկար ժամանակ առաջ, Ադամն ու Եւան զաւակներ ունենալէ առաջ, արդէն կը սիրէր իր միածին Որդին, որ յետագային դարձաւ Յիսուս Քրիստոսը։
Իր աղօթքը եզրափակելով, Յիսուս նորէն կը խօսի իր Հօր անուան մասին, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ, թէ Աստուած կը սիրէ առաքեալները եւ անոնք՝ որոնք յետագային պիտի ընդունին «ճշմարտութիւն»ը։ Ան կ’ըսէ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհաննէս 17։26)։
◇ Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած եւ իր Որդին ճանչնալ։
◇ Ի՞նչ կերպերով Յիսուս Աստուծոյ անունը յայտնի ըրաւ։
◇ Աստուած, իր Որդին եւ բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ առումով մէկ են։
ՅՈՒԼԻՍ 13-19
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 8-9
«Փարաւոնին հպարտութենէն դասեր»
(Ելից 8։15) Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւնը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
«Կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս»
13 Եհովայի յարելով. Որպէսզի ‘կեանքը ընտրենք ու շարունակենք ապրիլ’, ո՛չ միայն Եհովան պէտք է սիրենք եւ իր խօսքը մտիկ ընենք, այլեւ՝ ‘իրեն պէտք է յարինք’, այսինքն՝ իր կամքը ընելու մէջ յարատեւենք։ «Ձեր համբերութեամբ պիտի տիրանաք ձեր անձերուն», ըսաւ Յիսուս։ (Ղուկաս 21։19, ԱՎ) Արդարեւ այս ուղղութեամբ մեր ըրած ընտրութիւնը երեւան կը հանէ ի՛նչ որ մեր սիրտին մէջ է։ «Միշտ վախցող մարդը երանելի է, բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ», կը նշէ Առակաց 28։14–ը։ Վաղեմի Եգիպտոսի Փարաւոնը ասոր մէկ օրինակն էր։ Երբ Տասը Պատուհասները Եգիպտոսը հարուածեցին, ամէն անգամ Փարաւոն իր սիրտը կարծրացուց, փոխանակ Աստուծմէ վախնալու։ Եհովա հպարտ Փարաւոնը չստիպեց որ անհնազանդ գտնուի, այլ՝ թոյլ տուաւ անոր որ ընտրութիւն մը ընէ։ Ամէն պարագայի, Եհովայի կամքը կատարուեցաւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ Փարաւոնի վերաբերեալ Եհովայի տեսակէտը բացատրեց. «Բարձրացուցի քեզ, որպէսզի իմ զօրութիւնս ցոյց տամ քու միջոցովդ, եւ իմ անունս հռչակուի ամբողջ երկրին մէջ»։—Հռովմայեցիս 9։17, ԱՎ
(Ելից 8։18, 19) Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով փորձեցին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան։ Այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ։ 19 Մոգերը ըսին Փարաւոնին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
(Ել. 9։15-17) Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ 16 Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։ 17 Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք։
Ի՞նչ կը սորվինք չարութեան աստուածային թոյլատուութենէն
6 Մովսէսի օրերուն Եգիպտոսի կառավարիչին ինչ որ ըսաւ Եհովա, յաւելեալ բացատրութիւն կու տայ թէ Աստուած ինչու թոյլատրեց որ չարիքը շարունակուի ժամանակ մը։ Երբ Փառաւոն արգիլեց Իսրայէլի որդիներուն ելքը Եգիպտոսէն, Եհովա ինք անմիջապէս չհարուածեց։ Երկրին վրայ տասը պատուհասներ եկան, Եհովայի զօրութիւնը ցոյց տալով ապշեցուցիչ եւ պէսպիսի կերպերով։ Երբ եօթներորդ հարուածը կ’ազդարարէր, Եհովա ըսաւ Փառաւոնին որ ինք շատ դիւրութեամբ կրնար զինք եւ իր ժողովուրդը երկրէն սրբել, բայց «ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի», ըսաւ Եհովա։—Ելից 9։15, 16
7 Երբ Եհովա ազատագրեց Իսրայէլը, իրապէս իր անունը ճանչցուեցաւ ամենուրեք։ Հիմա, մօտաւորապէս 3,500 տարի ետք, իր ըրածը տակաւին չէ մոռցուած։ Ոչ միայն իր անձնական Եհովա անունը ծանուցուած է, այլ նաեւ, այդ անունը Կրողին մասին՝ ճշմարտութիւնը։ Ասիկա համբաւ մը տուաւ Եհովայի, որպէս Աստուած մը որ իր ուխտը կը պահէ եւ իր ծառաներուն ի նպաստ քայլեր կ’առնէ։ Ան ցոյց տուաւ որ իր ամենակալ զօրութեան պատճառով, ոչ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ իր ծրագրին։ Տակաւին շատ աւելի տպաւորիչ կերպով պիտի ըլլայ այս ամբարիշտ դրութեան տեսանելի եւ անտեսանելի մասերուն մօտալուտ կործանումը։ Եհովայի անուան վրայ բերած անոր ամենակալ զօրութեան եւ փառքին ցուցադրումը բնաւ պիտի չմոռցուի տիեզերական պատմութեան մէջ։ Անոր օգուտները անվերջ պիտի ըլլան։—Եզեկիէլ 38։23. Յայտնութիւն 19։1, 2
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԷՆ ՄԻ՛ ՇԵՂԻՔ
14 Մեղքէն, մահէն, Բանսարկուէն եւ անոր աշխարհէն ազատութիւն ձեռք ձգելը կապուած է իր տիեզերական գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն առնչութեամբ հարցը լուծելու Աստուծոյ վճռակամութեան հետ։ Քանի որ Սատանան այս հարցը յարուցանեց, Եհովա թոյլատրեց որ ան գոյատեւէ, ճիշդ ինչպէս որ թոյլատրեց Փարաւոնին որ գոյատեւէ ժամանակ մը։ Եհովա ասիկա ըրաւ որպէսզի իր զօրութիւնը լիովին ցոյց տայ եւ ամբողջ երկրի մէջ իր անունը պատմուի։ (Ելից 9։15, 16) Աստուած շուտով իր անձը պիտի ջատագովէ որպէս Տիեզերական Գերիշխանը եւ իր սուրբ անունը պիտի սրբացնէ Սատանայի, Ադամի ու Եւայի ըմբոստութեան անոր վրայ բերած նախատինքը վերցնելով։ Այս կերպով, Եհովայէ վախցողները մեղքի եւ մահուան գերութենէն պիտի ազատագրուին, աստուածատուր ազատութեան նոր աշխարհի մը մէջ պիտի բերուին։—Հռովմայեցիս 8։19–23
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 8։21) Եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ես քու վրադ ու քու ծառաներուդ վրայ եւ քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ շանաճանճ պիտի ղրկեմ։ Եգիպտացիներուն տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաեւ այն գետինը որուն վրայ անոնք կը քալեն։
it-1 878
Շանաճանճ
Շատ յստակ չէ թէ Սուրբ Գիրքին մէջ չորրորդ պատուհասին մէջի միջատին ակնարկող եբրայերէն բառը ճիշդ ո՛ր միջատին կ’ակնարկէ։ Այդ պատուհասը առաջինն էր, որմէ իսրայէլացիները չազդուեցան (Ել. 8։21, 22, 24, 29, 31. Սաղ. 78։45. 105։31)։
Կրնայ ըլլալ որ չորրորդ պատուհասին մէջի մեծ միջատները այն տեսակէն էին, որ կը ծակէին անասուններուն եւ մարդոց մորթը եւ անոնց արիւնը կը ծծէին։ Ճանճերու կարգ մը տեսակներ իրենց հաւկիթները կ’ածեն անասուններու եւ մարդոց մարմիններու մէջ եւ երբ միջատները հաւկիթէն դուրս ելլեն, կը շարունակեն այդ մարմիններուն մէջ ապրիլ։ Այն ճանճերը որոնք մարդկային մարմինները կ’օգտագործեն, կը գտնուին շրջաններու մէջ, ուր օդը շատ տաք է։ Ուրեմն երբ այսպիսի ճանճերու պատուհաս մը եկաւ եգիպտացիներուն եւ անոնց անասուններուն վրայ, անոնք որքա՜ն չարչարուեցան, եւ թերեւս նոյնիսկ ոմանք մահացան։
(Ելից 8։25-27) Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր Աստուծոյն զոհ մատուցանեցէք այս երկրին մէջ»։ 26 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Արժան չէ այսպէս ընել. վասն զի Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները Տէրոջը մեր Աստուծոյն զոհ պիտի մատուցանենք։ Եթէ Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները իրենց աչքին առջեւ զոհ մատուցանելու ըլլանք, պիտի չքարկոծե՞ն մեզ։ 27 Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ ու զոհ պիտի մատուցանենք մեր Տէր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց»։
Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր
8։26, 27—Մովսէս ինչո՞ւ ըսաւ թէ ‘Եգիպտացիները գարշելի’ պիտի նկատէին Իսրայէլի մատուցած զոհերը։ Եգիպտոսի մէջ այլազան անասուններ կը պաշտուէին։ Ուստի զոհերուն ակնարկում ընելը արդարացուց ու զօրացուց Մովսէսի պնդումը, թէ Իսրայէլի արտօնութիւն տրուի որ անապատը Եհովայի զոհեր մատուցանէ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 123
ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՐԱՊԷՍ ՏՐՏՄԱԾ՝ Կ’ԱՂՕԹԷ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։30, 36-46 ՄԱՐԿՈՍ 14։26, 32-42 ՂՈՒԿԱՍ 22։39-46 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։1
• ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ
• ԱՆՈՐ ՔՐՏԻՆՔԸ ԱՐԻՒՆԻ ՄԵԾ ԿԱԹԻԼՆԵՐՈՒ ՊԷՍ Է
Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ աղօթելէ ետք, միասնաբար օրհնութեան երգեր կ’երգեն եւ յետոյ Ձիթենեաց լեռը կ’երթան (Մարկոս 14։26)։ Անոնք կ’ուղղուին դէպի արեւելք՝ Գեթսեմանիի պարտէզը, ուր Յիսուս շատ անգամ կ’երթար։
Երբ անոնք այդ գեղեցիկ տեղը կը հասնին ձիթենիներուն մէջ, Յիսուս իր առաքեալներէն ութին կ’ըսէ. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ Թերեւս անոնք պարտէզին մուտքը կը մնան։ Ան իր միւս երեք առաքեալները,– Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը,– կ’առնէ եւ պարտէզին ներսերը կը մտնէ։ Ան մեծապէս անհանգիստ ըլլալով՝ անոնց կ’ըսէ. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք» (Մատթէոս 26։36-38)։
Ան անոնցմէ քիչ մը կը հեռանայ եւ ‘իր երեսին վրայ գետին կ’իյնայ ու կ’աղօթէ’։ Իր այս վիճակին մէջ, ան ի՞նչ կ’աղօթէ։ Կ’ըսէ. «Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես» (Մարկոս 14։35, 36)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Արդեօք կը հրաժարի՞ Փրկարարի դերը կատարելէն։ Ո՛չ։
Ան երկինքը եղած ժամանակ տեսած է որ հռոմայեցիներուն ձեռքով մահուան դատապարտուող մարդիկը ինչպէ՛ս կը չարչարուին։ Հիմա, որպէս մարդ կ’ապրի երկրի վրայ եւ գիտէ ի՛նչ ըսել է ցաւ զգալ, մտահոգուիլ եւ վախնալ։ Բայց Յիսուս ամէնէն շատ մտահոգ է, որ իր Հօր անուան նախատինք կրնայ գալ, քանի որ քանի մը ժամ ետք իբրեւ չարագործ պիտի սպաննուի, փայտէն կախուելով որպէս Աստուծոյ հայհոյող։
Աստուծոյ երկար աղօթելէ ետք, Յիսուս կը վերադառնայ եւ իր երեք առաքեալները քնացած կը գտնէ։ Ան Պետրոսին կ’ըսէ. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Յիսուս կ’անդրադառնայ որ իր առաքեալներն ալ շատ ճնշումի տակ են եւ ժամը ուշ է. անոր համար ան կ’աւելցնէ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատթէոս 26։40, 41)։
Ետքը Յիսուս երկրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ աղօթելու եւ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ «այս գաւաթը» իրմէ հեռացնէ։ Երբ կը վերադառնայ, կը տեսնէ որ երեք առաքեալները նորէն քնացած են. մինչդեռ պէտք է աղօթեն որ փորձութեան մէջ չիյնան։ Մինչ Յիսուս անոնց կը խօսի, ‘չեն գիտնար թէ ի՞նչ պատասխան տան’ (Մարկոս 14։40)։ Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով կ’երթայ եւ ծունկի գալով կ’աղօթէ։
Յիսուս շատ մտահոգուած է, թէ որպէս ոճրագործ մեռնիլը ի՜նչ նախատինք պիտի բերէ իր Հօր անուան վրայ։ Բայց Եհովան իր Որդիին աղօթքները մտիկ կ’ընէ եւ հրեշտակ մը կը ղրկէ, որպէսզի զինք զօրացնէ։ Ասով հանդերձ, Յիսուս չի դադրիր իր Հօր աղաչանքներ ներկայացնելէ։ Ընդհակառակը ան ‘աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք կ’ընէ’։ Զգացական գետնի վրայ, ան մեծ ճնշումի տակ է, քանի որ շա՛տ ծանր պատասխանատուութիւն ունի։ Թէ՛ իր եւ թէ հաւատացեալներուն յաւիտենական կեանքը վտանգի տակ է։ Այն ատեն, իր ‘քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս՝ գետինը կը թափուի’ (Ղուկաս 22։43, 44)։
Երրորդ անգամ երբ իր առաքեալներուն քով կը վերադառնայ եւ զանոնք նորէն քնացած կը գտնէ, կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ» (Մատթէոս 26։45, 46)։
ԻՐ ՔՐՏԻՆՔԸ ԱՐԻՒՆԻ ՄԵԾ ԿԱԹԻԼՆԵՐՈՒ ՊԷՍ Է Ղուկաս բժիշկը չի բացատրեր, թէ Յիսուսին քրտինքը ինչպէ՛ս ‘արիւնի կաթիլներու պէս’ դարձաւ (Ղուկաս 22։44)։ Կրնայ ըլլալ որ ան այլաբանօրէն կը նկարագրէր, որ Յիսուսին քրտինքը կը թափուէր այնպէս՝ ինչպէս արեան կաթիլները վէրքէ մը կը թափին։ Տոքթ. Ուիլիամ Տ. Էտուըրտզ ուրիշ տեսակէտ մը յայտնեց պարբերաթերթի մը մէջ։ Ան ըսաւ որ կարելի է որ մէկը արիւնախառն քրտինք (hematidrosis) ունենայ, թէեւ ասիկա շատ հազուադէպ երեւոյթ է։ Երբ անհատը դժուար պարագայի մէջ ըլլայ, այնքա՛ն զօրաւոր ճնշումի տակ կու գայ, որ բարակ երակները կը պայթին եւ արիւնը քրտինքին հետ կը խառնուի, եւ անանկ մէկ կ’երեւի որ անհատին քրտինքը արեան կաթիլներ են (The Journal of the American Medical Association [JAMA])։
◇ Վերնատունէն դուրս գալէ ետք, Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ո՞ւր կ’երթայ։
◇ Երեք առաքեալները ի՞նչ կ’ընեն մինչ Յիսուս կ’աղօթէ։
◇ Յիսուսին քրտինքը արեան կաթիլներու պէս ըլլալը ի՞նչ կը յայտնէ իր զգացումներուն մասին։
ՅՈՒԼԻՍ 20-26
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 10-11
«Մովսէս եւ Ահարոն քաջութեամբ կը վարուին»
(Ելից 10։3-6) Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու ըսին. «Եբրայեցիներու Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն։ 4 Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ, 5 որոնք երկրին երեսը պիտի ծածկեն եւ մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը ու կարկուտէն ձեզի մնացածը պիտի ուտեն եւ արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն 6 եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները պիտի լեցուին, որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր’»։ Եւ դարձան ու Փարաւոնին քովէն դուրս ելան։
Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ
6 Նաեւ խորհէ Մովսէսի համարձակութեան մասին, երբ խօսեցաւ փարաւոնին, որ կը նկատուէր ո՛չ թէ աստուածներու ներկայացուցիչ, այլ՝ աստուած,– արեւի աստուծոյն՝ Ռայի որդին։ Միւս փարաւոններուն նման, հաւանաբար ան իր արձանը կը պաշտէր։ Փարաւոնին խօսքը օրէնք էր. ան վճիռներ արձակելով կ’իշխէր։ Հզօր, յոխորտ ու յամառ ըլլալով, փարաւոն վարժուած չէր որ ուրիշներ իրեն ըսէին թէ ի՛նչ ընէր։ Այս մարդուն առջեւ էր, որ Մովսէս՝ հեզ հովիւը, բազմիցս ներկայացաւ,– անկոչ եւ առանց լաւ ընդունելութիւն գտնելու։ Մովսէս աւերիչ պատուհասներ նախագուշակեց ու պահանջեց որ փարաւոնի քանի մը միլիոն ստրուկներ երկրէն դուրս ելլեն։ Անտարակոյս, ան համարձակութեան կարիք ունեցաւ (Թուոց 12։3. Եբ. 11։27)։
(Ելից 10։24-26) Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։ 25 Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք։ 26 Մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան, անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտինք առնել։ Մինչեւ որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՞վ պիտի պաշտենք Տէրը»։
(Ելից 10։28) Եւ Փարաւոն ըսաւ Մովսէսին. «Քովէս գնա՛, զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։
(Ելից 11։4-8) Մովսէս ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կէս գիշերին Եգիպտոսի մէջ պիտի ելլեմ 5 ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ աղօրիքին ետեւը եղող աղախինին անդրանիկը եւ բոլոր անասուններուն անդրանիկը։ 6 Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ո՛չ եղած է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ըլլայ։ 7 Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչեւ անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացիներուն ու Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւն կը դնէ’։ 8 Եւ բոլոր քու ծառաներդ ինծի պիտի գան ու ինծի խոնարհութիւն ընեն՝ ըսելով. ‘Դուն ու բոլոր քեզի հետեւող ժողովուրդը ելէք’։ Անկէ ետքը պիտի ելլեմ»։ Մովսէս սաստիկ բարկութեամբ Փարաւոնին քովէն դուրս ելաւ։
it-2 436 ¶4
Մովսէս
Քաջութիւն եւ հաւատք կ’ուզէր որ փարաւոնին առջեւ ելլէին։ Միայն Եհովային զօրութեամբ եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ էր, որ Մովսէս եւ Ահարոն կրցան յաջողիլ իրենց նշանակումին մէջ։ Պահ մը երեւակայէ այդ ժամանակուան աշխարհակալ ուժը եղող փարաւոնին պալատը։ Փարաւոնը հզօր եւ հպարտ էր, ան աստուած կը նկատուէր եւ շրջապատուած էր խրատատուներով, հրամանատարներով, պահապաններով եւ ծառաներով։ Ասկէ զատ, հոն կային կրօնական առաջնորդները եւ մոգերը, որոնք Մովսէսին գլխաւոր հակառակորդներն էին։ Փարաւոնէն վերջ ասոնք էին ամէնէն հեղինակաւոր մարդիկը երկրին մէջ։ Անոնք բոլորը՝ փարաւոնին հետ մէկտեղ թիկունք կը կանգնէին Եգիպտոսի չաստուածներուն։ Իսկ Մովսէսը եւ Ահարոնը փարաւոնին առջեւ ներկայացան ոչ միայն մէկ անգամ, հապա շատ անգամներ, եւ ամէն անգամ ալ փարաւոնին սիրտը ա՛լ աւելի կը կարծրանար, քանի որ ան միտքը դրած էր որ իր իսրայէլացի արժէքաւոր ծառաները իր քովը պահէր։ Ութերորդ պատուհասը յայտարարելէ ետք, Մովսէսը եւ Ահարոնը վռնտուեցան փարաւոնին առջեւէն, իսկ իններորդ պատուհասէն ետք անոնց ըսուեցաւ, որ անգամ մըն ալ փարաւոնին առջեւ չելլեն, թէ ոչ պիտի սպաննուին (Ել. 10։11, 28)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 10։1, 2) Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց 2 եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
ՍՈՒՏ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՎԿԱՆԵՐ
11 Երբ Իսրայելացիները տակաւին Եգիպտոսի մէջ էին, Եհովա Մովսէսը Փարաւոնին ղրկեց, ու ըսաւ. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասնզի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէսզի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց եւ որպէսզի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէսզի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ (Ելից 10։1, 2) Հնազանդ Իսրայելացիները Եհովայի հզօր արարքները պիտի պատմէին իրենց զաւակներուն։ Անոնց զաւակները, իրենց կարգին, զանոնք իրենց զաւակներուն պիտի պատմէին եւ այսպէս պիտի շարունակուէր սերունդէ սերունդ։ Այսպիսով, Եհովայի հզօր գործերը պիտի յիշուէին։ Նոյնպէս այսօր, ծնողներ իրենց զաւակներուն վկայելու պատասխանատուութիւնը ունին։—Բ. Օրինաց 6։4–7. Առակաց 22։6
(Ելից 11։7) Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչեւ անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացիներուն ու Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւն կը դնէ։
it-1 783 ¶5
Ելք
Եհովան իր ուժը հիանալիօրէն ցուցադրելով՝ իր անունը փառաւորեց եւ իսրայէլացիները ազատեց։ Երբ անոնք Կարմիր ծովուն արեւելքը հասան, Մովսէսին առաջնորդութեամբ՝ երգ մը երգեցին, մինչ Մովսէսին քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկ մը առաւ եւ բոլոր կիները թմբուկներով իր ետեւէն գացին եւ սկսան պարել ու երգելով պատասխան տալ տղամարդոց (Ել. 15։1, 20, 21)։ Իսրայէլացիները լման ազատած էին իրենց թշնամիներէն։ Երբ անոնք Եգիպտոսէն դուրս ելան, ոչ մէկ մարդու կամ անասունի թոյլ տրուեցաւ, որ վնաս հասցնէ իրենց. ոչ մէկ շուն իր ակռաները ցուցուց կամ լեզուն շարժեց անոնց դէմ (Ել. 11։7)։ Ճիշդ է որ Ելից գիրքը չի նշեր, որ փարաւոն անձամբ իր զօրքերով մտաւ ծովը եւ մեռաւ, բայց Սաղմոս 136։15–ը կը նշէ, որ ‘Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան’։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 124
ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՄԱՏՆՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։47-56 ՄԱՐԿՈՍ 14։43-52 ՂՈՒԿԱՍ 22։47-53 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։2-12
• ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՄԱՏՆԷ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ
• ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱԿԱՆՋԸ ԿԸ ԿՏՐԷ
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ
Կէս գիշերը անց է։ Քահանաները Յուդային հետ համաձայնած են, որ Յիսուսը մատնելու փոխարէն 30 կտոր արծաթ պիտի վճարեն իրեն։ Հիմա Յուդան քահանայապետներէ եւ փարիսեցիներէ բաղկացած մեծ խումբի մը հետ կ’երթայ Յիսուսը փնտռելու։ Անոնց կ’ընկերակցին հռոմայեցի զինուորներու գունդ մը եւ հազարապետ մը։
Այնպէս կ’երեւի որ Յուդան Պասեքի ընթրիքէն դուրս գալէ ետք, ուղղակի գացած է քահանայապետներուն քով (Յովհաննէս 13։27)։ Անոնք ալ իրենց սպասաւորները եւ զինուորներու գունդ մը հաւաքած են։ Կրնայ ըլլալ որ Յուդան նախ անոնց հետ վերնատունը գնաց, ուր Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Պասեքը տօնեց։ Բայց հիմա այս մեծ խումբը արդէն կտրած է Կեդրոն հեղեղատը եւ կ’ուղղուի դէպի պարտէզը։ Զէնքերէ զատ, անոնք իրենց հետ ունին ջահեր եւ լապտերներ, որպէսզի կարենան Յիսուսը գտնել։
Յուդան այս խումբը կ’ուղղէ Ձիթենեաց լեռ։ Ան վստահ է որ գիտէ ո՛ւր գտնէ Յիսուսը։ Անցեալ շաբաթ, մինչ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Բեթանիայէն Երուսաղէմ կ’երթար–կու գար, յաճախ կանգ կ’առնէր Գեթսեմանիի պարտէզը։ Բայց հիմա որ գիշեր է, զինուորները, որոնք թերեւս բնաւ Յիսուսը չեն տեսած, ինչպէ՞ս պիտի կարենան զինք ճանչնալ ձիթենիներուն մէջ։ Իրենց օգնելու համար, Յուդան նշան մը պիտի ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք» (Մարկոս 14։44)։
Պարտէզին մէջ, Յուդան Յիսուսը առաքեալներուն հետ կը տեսնէ եւ ուղղակի իրեն մօտենալով կ’ըսէ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ» եւ զինք ջերմօրէն կը համբուրէ։ Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն» (Մատթէոս 26։49, 50)։ Ետքը, իր հարցումին ինք պատասխանելով կ’ըսէ. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ» (Ղուկաս 22։48)։ Բայց Յիսուս այլեւս այդ մատնիչին հետ ուրիշ բան չի խօսիր։
Ան առջեւ կ’երթայ եւ ջահերուն ու լապտերներուն լոյսին տակ կենալով կ’ըսէ. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Խումբը կը պատասխանէ. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ան քաջաբար կ’ըսէ. «Ե՜ս եմ» (Յովհաննէս 18։4, 5)։ Անոնք անակնկալի կու գան եւ ետեւ երթալով գետին կ’իյնան։
Փոխանակ առիթէն օգտուելու եւ մթութեան մէջ փախչելու, Յիսուս նորէն կը հարցնէ, թէ ո՛վ կը փնտռեն։ Երբ անոնք կը պատասխանեն՝ «Նազովրեցի Յիսուսը», ան հանդարտ ոճով կ’ըսէ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։ Նոյնիսկ այս լարուած վիճակին մէջ, Յիսուս կը յիշէ ասկէ առաջ իր ըսածը, թէ անոնցմէ մէկը պիտի չկորսնցնէ (Յովհաննէս 6։39. 17։12)։ Այո, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալները պահպանած է եւ անոնցմէ մէկը չէ կորսուած բացի ‘կորստեան որդիէն’՝ Յուդայէն (Յովհաննէս 18։7-9)։ Անոր համար, Յիսուս այդ մեծ խումբէն կը խնդրէ, որ թոյլ տան որ իր հաւատարիմ առաքեալները երթան։
Մինչ զինուորները Յիսուսին կողմը կ’ուղղուին, առաքեալները կ’անդրադառնան թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Անոր համար Յիսուսին կը հարցնեն. «Տէր, թուրով զարնե՞նք» (Ղուկաս 22։49)։ Յիսուս պատասխանելէ առաջ, Պետրոս երկու սուրերէն մէկը կ’առնէ եւ քահանայապետին ծառային՝ Մաղքոսին՝ աջ ականջը կը կտրէ։
Յիսուս Մաղքոսին ականջին կը դպնայ ու կը բժշկէ։ Ետքը ան կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէ՝ երբ Պետրոսին կ’ըսէ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ Յիսուս յօժար է որ ձերբակալուի, քանի որ կը բացատրէ. «Ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ» (Մատթէոս 26։52, 54)։ Ան կ’աւելցնէ. «Այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ» (Յովհաննէս 18։11)։ Յիսուս պատրաստ է իր Հօր կամքը ընելու եւ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու։
Ան բազմութեան կ’ըսէ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը» (Մատթէոս 26։55, 56)։
Այն ատեն զինուորները, հազարապետը եւ հրեայ սպասաւորները Յիսուսը կը բռնեն ու կը կապեն։ Ասիկա տեսնելով՝ առաքեալները կը փախչին։ Բայց «երիտասարդ մը», հաւանաբար Մարկոս աշակերտը, խումբին մէջ կը մնայ, որպէսզի Յիսուսի ետեւէն երթայ (Մարկոս 14։51)։ Բայց երբ զինք կը ճանչնան ու կը փորձեն բռնել, իր կտաւէ հագուստը կը ձգէ ու կը փախչի։
◇ Յուդա ինչո՞ւ Յիսուսը կը փնտռէ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։
◇ Յիսուսը պաշտպանելու համար, Պետրոս ի՞նչ կ’ընէ, բայց Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ յօժար է իր Հօր կամքը ընելու։
◇ Երբ առաքեալները կը փախչին, ո՞վ կը մնայ եւ ի՞նչ կը պատահի անոր։
ՅՈՒԼԻՍ 27–ՕԳՈՍՏՈՍ 2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 12
«Պասեքը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քրիստոնեաներուն համար»
(Ելից12։5-7) Ձեր գառնուկը անարատ, արու, մէկ տարեկան ըլլայ։ Ոչխարներէն կամ այծերէն առնէք զայն։ 6 Մինչեւ այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը պահէք զայն, ապա Իսրայէլի ժողովին բոլոր ժողովուրդը մորթեն զանիկա իրիկուան դէմ։ 7 Անոր արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, ուր զանիկա պիտի ուտեն։
«Դուն ի՛րապէս պիտի ուրախանաս»
4 Յիսուս մեռաւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին։ Իսրայէլի մէջ Նիսան 14–ը Պասեքի տօնին օրն էր, որ շատ բերկրալի էր։ Ամէն տարի այդ օրը, ընտանիքի անդամները միասնաբար կ’ուտէին անարատ գառնուկ մը։ Այսպիսով անոնք կը յիշէին Իսրայէլի անդրանիկներուն փրկութեան մէջ գառնուկի մը արեան խաղցած դերը, երբ հրեշտակը Եգիպտացիներուն անդրանիկները սպաննեց՝ Հ.Դ.Ա. 1513–ի Նիսան 14–ին։ (Ելից 12։1-14) Պասեքի գառնուկը նախապատկերացուց Յիսուսը, որուն մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ»։ (Ա. Կորնթացիս 5։7) Պասեքի գառնուկին արեան նման, Յիսուսի թափուած արիւնը շատերու համար փրկութիւն կը հայթայթէ։—Յովհաննու 3։16, 36
(Ելից 12։12, 13) Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։ 13 Արիւնը ձեր տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ, որպէս զի երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն անցնիմ եւ հարուածը ձեր վրայ չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։
Ասիկա «ձեզի յիշատակի համար ըլլայ»
18 Գառնուկին արիւնը որ տան դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսուեցաւ, կեանք պահպանելու միջոց էր։ Ներկայիս, Աստուծոյ անասնական զոհեր չենք մատուցաներ,– ո՛չ Պասեքի օրը, ոչ ալ ուրիշ օր։ Բայց կայ զոհ մը, որուն արիւնը աւելի թանկարժէք է, եւ անոր շնորհիւ մարդիկ կրնան յաւիտեա՛ն ապրիլ։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ Յիսուսի արիւնը՝ «սրսկուելու արիւն»ը, կարելի կը դարձնէ որ օծեալները երկնքի մէջ առյաւէտ ապրին։ Անոնք «երկինքը գրուած անդրանիկներ»ն են (Եբ. 12։23, 24)։ Յիսուսի արիւնը նաեւ կարելի կը դարձնէ որ ուրիշ ոչխարները երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը վայելեն։ Բոլորս պէտք է միշտ յիշենք սա հաւաստիքը. «Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը» (Եփ. 1։7)։
19 Երբ իսրայէլացիները գառնուկը մորթէին Պասեքի ընթրիքին համար, անոր ո՛չ մէկ ոսկորը պէտք էր կոտրէին (Ել. 12։46. Թուոց 9։11, 12)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել «Աստուծոյ Գառ»ին մասին, որ փրկանքը հայթայթեց (Յովհ. 1։29)։ Ան ցցահարուեցաւ երկու ոճրագործներու միջեւ։ Հրեաները Պիղատոսին ըսին որ ցցահարուած տղամարդոց սրունքները կոտրէ։ Ասիկա անոնց մահը պիտի արագացնէր, որպէսզի նիսան 15–էն՝ կրկնակի Շաբաթէն՝ առաջ անոնց մարմինները թաղուէին։ Զինուորները երկու ոճրագործներուն սրունքները կոտրեցին, «բայց երբ Յիսուսին մօտեցան ու տեսան թէ արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրտեցին» (Յովհ. 19։31-34)։ Պասեքի գառնուկին ոսկորներուն նման, Յիսուսի ոսկորները չկոտրեցան։ Ուստի, Պասեքի գառնուկը «շուք»ն էր Յիսուսի զոհաբերութեան, որ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին տեղի ունեցաւ (Եբ. 10։1)։ Այսպիսով Սաղմոս 34։20–ը կատարուեցաւ. ինչ որ մարգարէութիւններու կատարման նկատմամբ մեր վստահութիւնը պէտք է զօրացնէ։
(Ելից 12։24-27) Այս բանը ձեզի ու ձեր որդիներուն կանոն ըլլալու համար պահեցէք յաւիտեան։ 25 Երբ այն երկիրը երթաք, որ Տէրը ձեզի պիտի տայ իր խոստումին համաձայն, այս տօնը պահեցէք 26 եթէ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ ‘Այս տօնով ի՞նչ կ’ուզէք’, 27 ըսէք թէ ‘Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, քանզի Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, մեր տուները ազատեց’»։ Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։
Ասիկա «ձեզի յիշատակի համար ըլլայ»
13 Սերունդէ սերունդ իսրայէլացիները իրենց զաւակներուն կարեւոր դասեր կը սորվեցնէին Պասեքի մասին։ Դասերէն մէկն էր՝ թէ Եհովան իր երկրպագուները կը պաշտպանէ։ Երեխաները կը սորվէին թէ Եհովան իսկական Աստուած մըն է, որ իր ժողովուրդով հետաքրքրուած է եւ անոնց ի նպաստ կը գործէ։ Ան զայս փաստեց, երբ տասներորդ պատուհասին ընթացքին իսրայէլացիներուն անդրանիկ զաւակները ողջ պահեց։
14 Որպէս քրիստոնեայ ծնող, քեզմէ չէ պահանջուած ամէն տարի զաւակներուդ պատմել Պասեքին մասին։ Բայց արդեօք անոնց կը սորվեցնե՞ս թէ Աստուած իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ։ Անոնց ցոյց կու տա՞ս թէ խորապէս համոզուած ես որ Աստուած իր ժողովուրդին իսկական Ապաւէնն է (Սաղ. 27։11. Եսա. 12։2)։ Եւ արդեօք ինչպէ՞ս կը բացատրես ասիկա իրենց. ջերմ խօսակցութեա՞մբ թէ ոչ դասախօսական ոճով։ Այս դասը ընտանիքիդ պիտի օգնէ, որ Եհովային ա՛լ աւելի վստահի։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 12։12) Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։
«Անտեսանելին» կը տեսնե՞ս
2 Մովսէս Եգիպտոս գնաց, Աստուծոյ պատգամը ծանուցանեց եւ փարաւոնին բարկութիւնը գրգռեց։ Ինը պատուհաս երկիրը հարուածելէ ետք, փարաւոն Մովսէսը ազդարարեց. «Զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս» (Ել. 10։28)։ Առաջ որ Մովսէս փարաւոնէն հեռանայ, մարգարէացաւ թէ անոր անդրանիկ որդին պիտի մեռնէր (Ել. 11։4-8)։ Ի վերջոյ, Մովսէս իւրաքանչիւր իսրայէլացի ընտանիքի պատուիրեց մորթել այծ մը կամ խոյ մը (եգիպտական Ռա աստուծոյն երկրպագուներուն կողմէ սուրբ նկատուած) եւ արիւնը իրենց դրանդիքներուն վրայ քսել (Ել. 12։5-7)։ Փարաւոն ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր։ Մովսէս վախ չունէր։ Ինչո՞ւ։ Հաւատքով ան Եհովային հնազանդեցաւ եւ «չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։27, 28)։
Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ
6 Նաեւ խորհէ Մովսէսի համարձակութեան մասին, երբ խօսեցաւ փարաւոնին, որ կը նկատուէր ո՛չ թէ աստուածներու ներկայացուցիչ, այլ՝ աստուած,– արեւի աստուծոյն՝ Ռայի որդին։ Միւս փարաւոններուն նման, հաւանաբար ան իր արձանը կը պաշտէր։ Փարաւոնին խօսքը օրէնք էր. ան վճիռներ արձակելով կ’իշխէր։ Հզօր, յոխորտ ու յամառ ըլլալով, փարաւոն վարժուած չէր որ ուրիշներ իրեն ըսէին թէ ի՛նչ ընէր։ Այս մարդուն առջեւ էր, որ Մովսէս՝ հեզ հովիւը, բազմիցս ներկայացաւ,– անկոչ եւ առանց լաւ ընդունելութիւն գտնելու։ Մովսէս աւերիչ պատուհասներ նախագուշակեց ու պահանջեց որ փարաւոնի քանի մը միլիոն ստրուկներ երկրէն դուրս ելլեն։ Անտարակոյս, ան համարձակութեան կարիք ունեցաւ (Թուոց 12։3. Եբ. 11։27)։
(Ելից 12։14-16) Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն։ 15 Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք. առաջին օրը պէտք է ձեր տուներէն դուրս ձգէք խմորը, վասն զի առաջին օրէն մինչեւ եօթներորդ օրը ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի։ 16 Առաջին օրը սուրբ ժողով մը ըլլայ, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սուրբ ժողով մը ըլլայ։ Այն օրերը պէտք չէ ոեւէ գործ գործէք, միայն ամէն մէկը իր ուտելիքը կրնայ պատրաստել։
Մեր սրբազան ժողովները յարգենք
3 Իսրայելացիները կանոնաւորաբար կը համախմբուէին Եհովան պաշտելու եւ իր Օրէնքի ընթերցանութիւնը մտիկ ընելու համար։ Անոնց տօներուն կարգ մը օրերը կը կոչուէին սուրբ ժողովներ, այս համախմբութիւններուն սրբազան բնոյթը նշելով։ (Ղեւտացւոց 23։2, 3, 36, 37) Եզրասի ու Նէեմիայի օրերուն, հանրային համախմբութեան մը ընթացքին, Ղեւտացիները ‘օրէնքը ժողովուրդին հասկցուցին’։ Որովհետեւ «բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին», Ղեւտացիները «բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. ‘Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է’»։ Ապա Իսրայելացիները եօթը օր տեւող Տաղաւարահարաց Տօնը տօնակատարեցին ‘խիստ մեծ ուրախութեամբ’։ Ասկէ զատ, «առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր»։ (Նէեմեայ 8։7-11, 17, 18) Ասոնք իրապէս սուրբ առիթներ էին եւ ներկաներուն յարգալից ուշադրութիւնը կը պահանջէին։
Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
14 Հոգեւոր բաներու առաջնահերթութիւն տուր։ Իսրայէլ ազգը թոյլ պէտք չէր տար որ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանիլը հոգեւոր գործունէութիւնները խճողէր։ Իսրայելացիներուն կեանքը միմիայն աշխարհիկ հետապնդումներու նուիրուած պէտք չէր ըլլար։ Եհովա ամէն շաբաթ ժամանակ մը որոշեց ու զայն սրբազան նկատեց, որ բացարձակապէս պիտի գործածուէր ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին վերաբերեալ գործունէութիւններուն համար։ (Ելից 35։1-3. Թուոց 15։32-36) Ամէն տարի, յաւելեալ ժամանակ պէտք էր յատկացուէր սրբազան համաժողովներու համար։ (Ղեւտացւոց 23։4-44) Ասոնք Եհովայի հզօր արարքները պատմելու, իր ճամբաները յիշելու եւ իր բարութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու համար պատեհութիւններ պիտի հայթայթէին։ Ժողովուրդը այսպէս Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը արտայայտելով, իրենց աստուածավախութիւնն ու սէրը պիտի աճէին եւ իր ճամբաներուն մէջ պիտի շարունակէին քալել։ (Բ. Օրինաց 10։12, 13) Այս հրահանգներուն մէջ պարփակուած սկզբունքները, Եհովայի այժմու ծառաներուն կ’օգտեն։—Եբրայեցիս 10։24, 25
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 125
ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԽ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԱՆՆԱՅԻՆ, ԱՊԱ՝ ԿԱՅԻԱՓԱՅԻՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։57-68 ՄԱՐԿՈՍ 14։53-65 ՂՈՒԿԱՍ 22։54, 63-65 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։13, 14, 19-24
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ՆԱԽԿԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ ԱՆՆԱՅԻՆ ՔՈՎ
• ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԱՆՕՐԷՆ ԴԱՏ ԿԸ ՎԱՐԷ
Մէյ մը որ Յիսուսը ոճրագործի մը պէս կը կապեն, զինք կը տանին Աննային քով, որ քահանայապետ էր, երբ պատանի Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցիչները զարմացուց (Ղուկաս 2։42, 47)։ Աննային որդիներէն ոմանք յետագային ծառայեցին որպէս քահանայապետ։ Իսկ հիմա իր փեսան՝ Կայիափան՝ այդ պաշտօնը ստանձնած է։
Մինչ Յիսուս Աննային տունն է, Կայիափան կը սկսի Սենետրիոնին անդամները հաւաքել։ Սենետրիոնը,– բարձրագոյն ատեանը,– կը բաղկանայ 71 անհատներէ, մէջը ըլլալով քահանայապետը եւ նախկին քահանայապետներ։
Աննան Յիսուսին կը հարցնէ «իր աշակերտներուն ու վարդապետութեան» մասին։ Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց» (Յովհաննէս 18։19-21)։
Սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած է, Յիսուսին ապտակ մը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։ Բայց Յիսուս գիտնալով որ սխալ բան մը չըրաւ, կը պատասխանէ. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի» (Յովհաննէս 18։22, 23)։ Ետքը Աննան հրաման կու տայ որ Յիսուսը իր փեսային՝ Կայիափային՝ տանին։
Արդէն Սենետրիոնի անդամները,– ներկայ քահանայապետը, ժողովուրդին ծերերը եւ դպիրները,– հաւաքուած են Կայիափային տան մէջ։ Պասեքին գիշերը դատ վարելը օրէնքին դէմ է, բայց ասիկա արգելք չ’ըլլար որ անոնք իրենց չար ծրագիրը գործադրեն։
Դժուար է այս մարդիկը անկողմնակալ սեպել։ Ղազարոսին յարութենէն ետք, Սենետրիոնը որոշեց որ Յիսուսը պէտք է մեռնի (Յովհաննէս 11։47-53)։ Եւ միայն քանի մը օր առաջ, կրօնական առաջնորդները հաւաքուեցան եւ որոշեցին Յիսուսը բռնել ու սպաննել (Մատթէոս 26։3, 4)։ Ուրեմն կարելի է ըսել, որ դատավարութիւնը չսկսած՝ արդէն Յիսուս մահուան դատապարտուած է։
Անօրէն կերպով հաւաքուելէ զատ, քահանայապետները եւ Սենետրիոնի ուրիշ անդամներ կը փորձեն սուտ վկաներ բերել։ Անոնք շատեր կը գտնեն, բայց անոնց ըսածները իրարու կը հակասեն։ Վերջապէս երկու հոգի կու գան ու կ’ըսեն. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’» (Մարկոս 14։58)։ Ասոնց խօսքերն ալ իրար չեն բռներ։
Կայիափան Յիսուսին կը հարցնէ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ» (Մարկոս 14։60)։ Յիսուս լուռ կը մնայ անոնց կեղծ մեղադրանքներուն դիմաց։ Անոր համար քահանայապետը ուրիշ քայլ մը կ’առնէ։
Ան գիտէ որ հրեաները կը կատղին, երբ մէկը ինքն իր մասին ըսէ որ Աստուծոյ Որդի է։ Առիթով մը, երբ Յիսուս Աստուծոյ մասին խօսեցաւ որպէս իր Հայրը, հրեաները ուզեցին զինք սպաննել, քանի որ սեպեցին որ «ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր» (Յովհաննէս 5։17, 18. 10։31-39)։ Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալով, Կայիափան խորամանկօրէն Յիսուսին կ’ըսէ. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ» (Մատթէոս 26։63)։ Անշուշտ, Յիսուս արդէն ըսած է որ Աստուծոյ Որդին է (Յովհաննէս 3։18. 5։25. 11։4)։ Բայց եթէ հիմա իր ըսածը չհաստատէ, ասիկա կրնայ նշանակել որ ինք կ’ուրանայ որ Աստուծոյ Որդին եւ Քրիստոսն է։ Անոր համար կ’ըսէ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած» (Մարկոս 14։62)։
Ասոր վրայ Կայիափան ցուցադրական կերպով իր հանդերձները կը պատռէ ու կ’ըսէ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Այդ վայրկեանին Սենետրիոնը կը յայտարարէ իր անարդար դատավճիռը. «Մահապարտ է» (Մատթէոս 26։65, 66)։
Ետքը անոնք կը սկսին Յիսուսը ծաղր ընել եւ զինք բռունցքով հարուածել։ Ուրիշներ կ’ապտակեն եւ երեսին կը թքեն։ Ետքը, անոր դէմքը կը ծածկեն, կ’ապտակեն ու ծաղրանքով կ’ըսեն. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ» (Ղուկաս 22։64)։ Այսպէս, Աստուծոյ Որդին բռնութեան եւ անարդար ու անօրէն դատի զոհ կ’երթայ։
◇ Յիսուս նախ ո՞ւր կը տարուի եւ իրեն ի՞նչ կը պատահի հոն։
◇ Յիսուս ետքը ո՞ւր կը տարուի, եւ Կայիափան ինչպէ՞ս Սենետրիոնը կը մղէ որ Յիսուսը մահապարտ յայտարարեն։
◇ Դատավարութեան ժամանակ ինչպէ՞ս կը վարուին Յիսուսի հետ։