Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 8/1 էջ 17-21
  • «Վերջին ժամանակ»ին մէջ արթուն կենանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Վերջին ժամանակ»ին մէջ արթուն կենանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պայքարիլ Զբաղումի Դէմ
  • Ջերմեռանդութեամբ Աղօթել
  • Աստուծոյ Կազմակերպութեան եւ Անոր Գործին Կառչած Մնալ
  • Անձնաքննութիւն մը Ընել
  • Կատարուած Մարգարէութիւններուն Վրայ Խոկալ
  • Փրկութիւնը Շատ Աւելի Մօտ Է Քան Երբ Հաւատացեալ Դարձանք
  • «Արթո՛ւն կեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Եհովայի օրուան համար պատրաստ կեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • «Արթո՛ւն Մնացէք»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Մենք Արթուն Կը Կենա՞նք—Զբաղումներէ Խուսափելով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 8/1 էջ 17-21

«Վերջին ժամանակ»ին մէջ արթուն կենանք

«Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք ... վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։—ՄԱՐԿՈՍ 13։33

1. Մինչ յուզիչ դէպքեր կը պատահին այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, մենք ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

ՄԻՆՉ յուզիչ դէպքեր կը պատահին այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն։ (Դանիէլ 12։4) Անոնք չեն տարակուսիր։ Յիսուս Քրիստոս բաղադրեալ նշանը պարունակող մարգարէութիւնը ծանուց, որ կը կատարուի այս Ի. դարուն։ Ան նախատեսեց շատ մը երեսակներ որոնք 1914–էն ի վեր այս ժամանակաշրջանը անզուգական պիտի ընէին։ Քաջածանօթ ըլլալով «վերջին ժամանակ»ի առնչութեամբ Դանիէլի մարգարէութեան, Յիսուս իր մեծ մարգարէութիւնը վերջացուց իր աշակերտները յորդորելով, որ ‘արթուն կենան’։—Ղուկաս 21։36

2. Ինչո՞ւ հոգեւորապէս արթուն կենալու մեծ կարիքը կայ։

2 Ինչո՞ւ արթուն կենալ։ Քանի որ ասիկա մարդկային պատմութեան ամենէն վտանգաւոր ժամանակն է։ Այս ժամանակին մէջ, Քրիստոնեաներուն համար աղիտալի պիտի ըլլար հոգեւոր քնոտութեան անձնատուր ըլլալը։ Եթէ ինքնագոհ ըլլանք կամ թոյլ տանք որ մեր սրտերը աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանան, մենք վտանգի մէջ պիտի ըլլանք։ Ղուկաս 21։34, 35–ի մէջ, Յիսուս Քրիստոս մեզ ազդարարեց. «Դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանա[ն] ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասնզի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։

3, 4. (ա) Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր, ըսելով որ Աստուծոյ բարկութեան օրը յանկարծակի «որոգայթի մը պէս» պիտի հասնէր մարդոց վրայ։ (բ) Քանի որ Աստուած չէ՝ որ որոգայթ կը լարէ, ինչո՞ւ այդ օրը մարդոց մեծամասնութիւնը անակնկալի պիտի բերէ։

3 Տեղին էր երբ Յիսուս ըսաւ որ Եհովայի օրը մեր վրայ «որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։ Որոգայթ մը յաճախ խեղդակապ մը ունի եւ կը գործածուի թռչուններ եւ ստնաւորներ բռնելու համար։ Անիկա ձգան մը ունի որ վրայէն քալողը շարժման մէջ կը դնէ զայն։ Այդ ատեն որոգայթը կը գոցուի եւ զոհը կը բռնուի։ Այս բոլորը շատ արագ կը պատահին։ Նոյն կերպով, ըսաւ Յիսուս, հոգեւորապէս անգործունեայ եղողները անակնկալի պիտի գան Աստուծոյ «բարկութեան օր»ը։—Առակաց 11։4

4 Եհովա՞ն է՝ որ մարդոց որոգայթ կը լարէ։ Ո՛չ, ան դարանակալ մարդոց չ’սպասեր զանոնք կործանելու համար։ Բայց այդ օրը մարդոց մեծամասնութիւնը անակնկալի պիտի բերէ, քանի որ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան առաջնակարգ նկատողութիւնը չեն տար։ Անոնք կեանքի հետապնդումները իրենց ուզած կերպով կը վարեն, անտեսելով իրենց շուրջ պատահող դէպքերուն իմաստը։ Ասիկա, սակայն, Աստուծոյ յայտագիրը չի փոխեր։ Ան ի՛ր որոշած ժամանակը ունի հաշիւ պահանջելու համար։ Իսկ ողորմած ըլլալով, իր մօտալուտ դատաստանին մասին մարդկութիւնը անտեղեակ չի պահեր։—Մարկոս 13։10

5, 6. (ա) Մօտալուտ դատաստանին ի տես, Ստեղծիչը ի՞նչ սիրալիր կարգադրութիւն մը ըրած է մարդկային արարածներուն համար, բայց ընդհանրապէս ասոր արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ (բ) Արթուն կենալու մէջ մեզի օգնելու համար ի՞նչ պիտի քննենք։

5 Այս ազդարարութիւնը սիրալիր կարգադրութիւն մըն է մեծ Ստեղծիչին կողմանէ, որ հոս՝ իր խորհրդանշական պատուանդանին վրայ՝ մարդկային արարածներուն բարօրութիւնով կը հետաքրքրուի։ (Եսայեայ 66։1) Ան կը գուրգուրայ այդ բնակիչներուն վրայ, որոնք կ’ապրին հոն ուր կ’ըսուի թէ իր ոտքերը կը հանգչին։ Ուստի, իր երկրային դեսպաններուն եւ պատգամաւորներուն միջոցով, ան կը զգուշացնէ զանոնք անոնց սպասող դէպքերուն ի տես։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Սակայն հակառակ բոլոր տրուած ազդարարութիւններուն, այդ դէպքերը մարդկային ընտանիքին վրայ պիտի հասնին այնքան անակնկալօրէն որ կարծէք թէ անիկա որոգայթի մը մէջ ինկած ըլլար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատեր հոգեւորապէս կը քնանան։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6) Բաղդատաբար միայն քիչ անհատներ ազդարարութեան ականջ կու տան եւ պիտի վերապրին Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ մտնելով։—Մատթէոս 7։13, 14

6 Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնանք այս վերջին ժամանակին մէջ արթուն կենալ, որպէսզի մենք ալ ըլլանք անոնց մէջ, որոնք պիտի փրկուին։ Եհովա հարկ եղած օգնութիւնը կը հայթայթէ։ Եօթը բաներ նկատի առնենք, զորս կրնանք ընել։

Պայքարիլ Զբաղումի Դէմ

7. Յիսուս զբաղումի նկատմամբ ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։

7 Առաջին՝ մենք պէտք է պայքարինք զբաղումի դէմ։ Մատթէոս 24։42, 44–ի մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ Այս համարներուն մէջ, Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան որ այս դժուար ժամանակին մէջ շատ զբաղումներ պիտի ըլլային, իսկ զբաղումը կրնայ կործանումի առաջնորդել։ Նոյի օրերուն, մարդիկ շատ կը մտազբաղուէին։ Հետեւաբար, զբաղած ըլլալով «չգիտցան» թէ ինչ կը պատահէր, իսկ Ջրհեղեղը ամէնքն ալ վերցուց։ Անոր համար Յիսուս ազդարարեց. «Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։37–39

8, 9. (ա) Կեանքի սովորական հետապնդումները ինչպէ՞ս կրնան վտանգաւոր կերպով մեզ զբօսցնել։ (բ) Պօղոս եւ Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւններ տուին մեզի։

8 Նաեւ, մեր մտքին մէջ պահենք որ Ղուկաս 21։34, 35–ի իր ազդարարութեան մէջ, Յիսուս կեանքի սովորական երեսակներուն մասին կը խօսէր, ինչպէս՝ ուտելը, խմելը եւ ապրուստ ճարելու զբաղումը։ Ասոնք բոլոր մարդոց՝ ի ներառեալ Տէր Յիսուսի աշակերտներուն՝ համար սովորական զբաղումներ են։ (Բաղդատել Մարկոս 6։31։) Թէեւ անոնք ինքնին կրնան անվնաս ըլլալ, բայց եթէ թոյլ տանք, անոնք կրնան մեզ զբօսցնել, մտազբաղեցնել եւ, ի վերջոյ, մեր վրայ վտանգաւոր հոգեւոր քնոտութիւն մը բերել։

9 Հետեւաբար, կարեւորագոյն բանը՝ Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգելը՝ չանտեսենք։ Փոխանակ կեանքի սովորական բաներով տարուելու, զանոնք գործածենք միայն մեզի պէտք եղած սահմանափակ չափով։ (Փիլիպպեցիս 3։8) Անոնք Թագաւորութեան շահերը պէտք չէ մթագնեն։ Ինչպէս Հռովմայեցիս 14։17–ն կ’ըսէ. «Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն սուրբ հոգիով»։ Յիշենք Յիսուսի սա խօսքերը. «Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33) Աւելին, Ղուկաս 9։62–ի մէջ, Յիսուս յայտարարեց. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։

10. Ի՞նչ վտանգ գոյութիւն ունի եթէ մեր աչքերը ուղիղ չսեւեռենք նպատակակէտին վրայ։

10 Այլաբանօրէն խօսելով, անգամ մը որ հերկելու սկսինք, պէտք է շարունակենք ուղիղ գիծ մը պահել։ Այն հերկողը որ իր ետին կը նայի՝ պիտի չկարենայ ուղիղ ակօսներ բանալ։ Ան կը ցրուի եւ շատ դիւրութեամբ կրնայ շեղիլ, կամ արգելքի մը հանդիպելով կանգ առնել։ Ղովտին կնոջ չնմանինք, որ իր ետին նայեցաւ եւ չփրկուեցաւ։ Մեր աչքերը ուղիղ պէտք է սեւեռենք նպատակակէտին վրայ։ Ասիկա ընելու համար պէտք է պայքարինք զբաղումի դէմ։—Ծննդոց 19։17, 26. Ղուկաս 17։32

Ջերմեռանդութեամբ Աղօթել

11. Զբաղելու վտանգին դէմ մեզ ազդարարելէ ետք, Յիսուս ի՞նչ շեշտեց։

11 Սակայն, արթուն կենալու համար ընելիք ուրիշ բաներ ալ կան։ Երկրորդ կարեւոր բանն է՝ ջերմեռանդութեամբ աղօթել։ Կեանքի սովորական հետապնդումներով զբաղելու դէմ մեզ ազդարարելէ ետք, Յիսուս սա խրատը տուաւ. «Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։—Ղուկաս 21։36

12. Ի՞նչպիսի աղօթքներ անհրաժեշտ են եւ ի՞նչ արդիւնքով։

12 Ուստի, մեր վտանգաւոր կացութեան առնչութեամբ եւ արթուն կենալու մեր կարիքին համար անդադար պէտք է պաղատինք։ Հետեւաբար, աղօթքով Աստուծոյ դիմենք ջերմեռանդ խնդրուածքով։ Հռովմայեցիս 12։12–ի մէջ, Պօղոս կ’ըսէ. «Ստէպ աղօթքի կեցէք»։ Իսկ Եփեսացիս 6։18–ի մէջ, կը կարդանք. «Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով»։ Հոս հարցը պարզապէս որպէս թէ շատ մեծ կարեւորութիւն չունեցող աղօթք մը մատուցանել չէ։ Մեր կեանքն իսկ վտանգի տակ է։ Ուստի, ջերմեռանդութեամբ Աստուծմէ օգնութիւն պէտք է խնդրենք։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 5։7։) Այսպէս ընելով, Եհովայի կողմը պիտի մնանք։ Ասիկա իրագործելու համար մեզի օգնելու մէջ ամենէն օգտաշատ բանը պիտի ըլլայ «ամէն ատեն աղօթք» ընելը։ Այն ատեն Եհովա մեզ արթուն վիճակի մէջ պիտի պահէ։ Ուստի, որքա՜ն կարեւոր է աղօթքի մէջ յարատեւել։

Աստուծոյ Կազմակերպութեան եւ Անոր Գործին Կառչած Մնալ

13. Արթուն կենալու համար ի՞նչպիսի ընկերակցութեան կարիքը ունինք։

13 Մենք կ’ուզենք ազատիլ այս բոլոր բաներէն որոնք աշխարհի վրայ պիտի գան։ Մենք կ’ուզենք Որդին մարդոյ առջեւ կայնիլ, իր հաճութիւնը ունենալ։ Երրորդ բան մը կայ, զոր կրնանք ընել. Եհովայի աստուածպետական կազմակերպութեան անսասանօրէն կառչած մնալ։ Անվերապահօրէն այդ կազմակերպութեան հետ ընկերակցելու եւ անոր գործունէութիւններուն մասնակցելու կարիքը ունինք։ Այս կերպով, վստահաբար պիտի փաստենք որ արթուն Քրիստոնեաներ ենք։

14, 15. (ա) Ո՞ր գործով զգաղած ըլլալը մեզի պիտի օգնէ արթուն կենալու։ (բ) Ո՞վ կ’որոշէ թէ քարոզչութիւնը ամբողջացած է, եւ այս մասին ինչպէ՞ս պէտք է զգանք։ (գ) Մեծ նեղութենէն ետք, երբ ետ նայինք Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին որ կատարուած պիտի ըլլայ, ի՞նչ պիտի նկատենք։

14 Ասոր սերտօրէն կապուած է չորրորդ բան մը, որ կրնայ մեզի օգնել արթուն կենալու։ Մենք պէտք է ըլլանք անոնց մէջ, որոնք մարդոց կ’ազդարարեն իրերու այս դրութեան մօտալուտ վախճանին դէմ։ Իրերու այս հին դրութեան ամբողջական վախճանը տեղի պիտի չունենայ մինչեւ որ ‘թագաւորութեան այս բարի լուրը’ քարոզուի այն տարողութեամբ զոր Ամենակալ Աստուած ծրագրած է։ (Մատթէոս 24։14) Եհովայի Վկաներուն չիյնար որոշել թէ քարոզչութիւնը ե՛րբ պիտի ամբողջացուի։ Եհովա այս իրաւունքը իրեն կը վերապահէ։ (Մարկոս 13։32, 33) Ուստի, մենք մտադրած ենք այնքան ծանր աշխատիլ որքան կարելի է եւ այնքան ատեն որ հարկ ըլլայ մարդոց քարոզել լաւագոյն կառավարութեան՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ մասին, զոր մարդկութիւնը կրնայ ունենալ։ «Մեծ նեղութիւն»ը պիտի սկսի, երբ տակաւին այս գործով զբաղած պիտի ըլլանք։ (Մատթէոս 24։21) Բոլոր ապագայ ժամանակներուն, փրկուածները պիտի կարենան ետ նայիլ եւ սրտանց հաստատել որ Յիսուս Քրիստոս սուտ մարգարէ մը չէր։ (Յայտնութիւն 19։11) Քարոզչութիւնը կատարուած պիտի ըլլայ շատ աւելի մեծ տարողութեամբ քան ինչ որ կ’ակնկալէին անոր մասնակցողները։

15 Հետեւաբար, այն ծանրակշիռ ժամանակ, երբ այս գործը ամբողջացած պիտի ըլլայ Աստուծմէ գոհացուցիչ նկատուած չափով, հաւանաբար որեւէ ժամանակէ աւելի շատ անհատներ անոր մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն։ Որքա՜ն երախտապարտ պիտի ըլլանք որ այս մեծ գործին մէջ բաժին մը ունեցած ենք։ Պետրոս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ թէ Եհովա «չուզեր որ մէկը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Հետեւաբար, Ամենակալ Աստուծոյ գործօն ոյժը այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի ուժգին կերպով կը ներգործէ, իսկ Եհովայի Վկաները կը փափաքին հոգիէն մղուած այս գործունէութեան մէջ յարատեւել։ Ուստի, Եհովայի կազմակերպութեան կառչած եւ հանրային ծառայութեան մէջ զբաղած մնանք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ արթուն կենալու։

Անձնաքննութիւն մը Ընել

16. Ինչո՞ւ մեր ներկայ հոգեւոր կացութեան անձնաքննութիւն մը պէտք է ընենք։

16 Հինգերորդ բան մը կայ, զոր կրնանք ընել որպէսզի արթուն կենանք։ Անհատապէս մեր ներկայ կացութեան անձնաքննութիւն մը պէտք է ընենք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի ասիկա ընելը այժմ շատ տեղին է։ Մենք կարիքը ունինք փաստելու թէ վճռակամօրէն որո՛ւ կողմն ենք։ Գաղատացիս 6։4–ին մէջ, Պօղոս ըսաւ. «Բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ»։ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6–8–ին մէջ, Պօղոսի խօսքերուն հետ ներդաշնակ, անձնաքննութիւն մը ընենք։ «Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։ Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշերը կ’արբենան։ Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք»։

17. Երբ մեր անձը քննենք, ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք մենք մեզի։

17 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Երբ մենք մեզ կը քննենք Սուրբ Գրութիւններուն լոյսին տակ, կը տեսնե՞նք թէ մենք արթուն ենք, թէ փրկութեան յոյսին սաղաւարտը կը կրենք։ Անհատնե՞ր ենք, որոնք իրապէս զատուած են իրերու հին դրութենէն եւ այլեւս անոր գաղափարները չեն որդեգրեր։ Մենք իրապէս Աստուծոյ նոր աշխարհի հոգին ունի՞նք։ Մենք այս ներկայ դրութեան սպասող ճակատագրին զգա՞ստ ենք։ Եթէ ասիկա է մեր պարագան, Եհովայի օրը մեզ անակընկալի պիտի չբերէ կարծէք թէ գողեր ըլլայինք։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։4

18. Ուրիշ ի՞նչ հարցումներ ալ պէտք է ուղղենք մենք մեզի եւ ի՞նչ արդիւնքով։

18 Իսկ եթէ մեր անձնաքննութիւնը յայտնէ թէ մենք ջանք կը թափենք սիրուն, փափուկ, հանգստաւէտ եւ թոյլ կեանք մը վարելու, կամ եթէ գտնենք որ մեր հոգեւոր աչքերը քնոտութեամբ եւ քունով ծանրացած են ...։ Երազային վիճակի՞ մը մէջ ենք, աշխարհային քմահաճոյքներ հետապնդելով։ Եթէ ասիկա է պարագան, ուրեմն, պէտք է արթննանք։—Ա. Կորնթացիս 15։34

Կատարուած Մարգարէութիւններուն Վրայ Խոկալ

19. Ի՞նչ են մարգարէութիւններէն քանի մը հատը որոնց կատարումը տեսած ենք։

19 Այժմ կու գանք վեցերորդ բանին որ պիտի օգնէ մեզի արթուն կենալու. Այս վերջին ժամանակին մէջ կատարուած շատ մը մարգարէութիւններուն վրայ խոկալ։ 1914–ին, ազգերու սահմանուած ժամանակները վերջանալէն ի վեր, 77 տարի անցած է։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք անցեալ երեք քառորդ դարուն, կրնանք տեսնել որ մարգարէութիւնները մէկը միւսին ետեւէն կատարուած են. ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատուիլը, օծեալ մնացորդին եւ անոր ընկերակիցներուն ազատագրուիլը եւ հոգեւոր դրախտի մը մէջ մտնելը, համերկրային տարողութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրին քարոզուիլը, մեծ բազմութեան երեւան գալը։ (Եսայեայ 2։2, 3. գլուխ 35. Զաքարեայ 8։23. Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 7։9) Եհովայի մեծ անունը եւ տիեզերական գերիշխանութիւնը փառաւորուած են, ինչպէս նաեւ քիչուորը հազարաւոր եղած է, ու պզտիկը՝ մեծ ազգ. Եհովա իր ժամանակին ասիկա արագացուցած է։ (Եսայեայ 60։22. Եզեկիէլ 38։23) Իսկ Յայտնութիւն գրքին մէջ Յովհաննէս առաքեալի տեսիլքները այժմ իրենց հանգումին կը մօտենան։

20. Եհովայի Վկաները ի՞նչ համոզում կը բաժնեն, եւ անոնք իրապէս ի՞նչ ըլլալ փաստած են։

20 Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի Վկաները հաստատամտօրէն համոզուած են թէ շիտակ կերպով կը հասկնան 1914–էն ի վեր աշխարհի մէջ պատահած դէպքերուն իմաստը։ Այսպիսի համոզում մը ունենալով, անոնք փաստած են թէ Բարձրեալ Աստուծոյ ձեռքին մէջ գործիքներ են։ Անոնք են որ աստուածային պատգամը տալու պատասխանատուութիւնը ստանձնած են այս ծանրակշիռ ժամանակին մէջ։ (Հռովմայեցիս 10։15, 18) Այո՛, վերջին ժամանակին մասին Եհովայի խօսքերը ճշմարիտ ելած են։ (Եսայեայ 55։11) Ասիկա, իր կարգին, պէտք է ոգեւորէ մեզ յարատեւելու, մինչեւ որ տեսնենք Յիսուս Քրիստոսի միջոցով Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն վերջնական կատարումը։

Փրկութիւնը Շատ Աւելի Մօտ Է Քան Երբ Հաւատացեալ Դարձանք

21. Հոգեւորապէս արթուն կենալու եօթներորդ օգնութիւնը ի՞նչ է, զոր ունինք։

21 Վերջապէս, արթուն կենալու եօթներորդ օգնութիւնն է՝ միշտ մեր մտքին մէջ պահել թէ մեր փրկութիւնը հիմա շատ աւելի մօտ է քան երբ առաջին անգամ հաւատացեալ դարձանք։ Ասկէ աւելի կարեւորը, Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան ջատագովութիւնը եւ իր անուան սրբացումը շատ աւելի մօտ են։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Եւ այսպէս ըրէք, գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք, վասնզի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։ Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած»։—Հռովմայեցիս 13։11, 12

22. Մեր փրկութեան մօտ ըլլալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի։

22 Մեր փրկութիւնը այսքան մօտ ըլլալով, արթուն պէտք է կենանք։ Թոյլ պէտք չէ տանք որ որեւէ անձնական փափաք կամ աշխարհային շահ աւելի գերակշռէ քան մեր գնահատութիւնը այն բաներուն հանդէպ զորս Եհովա կ’ընէ իր ժողովուրդին ի նպաստ այս վերջին ժամանակին մէջ։ (Դանիէլ 12։3) Որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է յարատեւենք, որպէսզի չմոլորինք այն ճամբէն զոր Աստուծոյ Խօսքը կ’ուրուագծէ մեզի համար։ (Մատթէոս 13։22) Իրողութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան որ այս աշխարհը իր վերջին օրերը կ’ապրի։ Շուտով անիկա մէջտեղէն յաւիտեան պիտի վերցուի, որպէսզի անոր տեղը առնէ արդար նոր աշխարհ մը։—Բ. Պետրոս 3։13

23. Եհովա ի՞նչ կերպով պիտի օգնէ մեզի, եւ ի՞նչ օրհնեալ արդիւնքով։

23 Ուստի, ամէն միջոցով արթուն կենանք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի զգաստ ըլլանք թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։ Յիշենք որ Եհովա բնաւ պիտի չքնանայ այս հարցին նկատմամբ։ Ան միշտ պիտի օգնէ մեզի որ զգաստ ու արթուն ըլլանք այս վերջին ժամանակին մէջ։ Գիշերը շատ անցած է։ Օրը կը մօտենայ։ Ուստի արթուն կենանք։ Շուտով ամենէն գեղեցիկ օրը պիտի վայելենք, երբ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկրի առնչութեամբ Եհովայի նպատակը պիտի իրագործէ։—Յայտնութիւն 21։4, 5

Ի՞նչ կը Պատասխանէք

◻ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր, երբ ըսաւ որ Աստուծոյ բարկութեան օրը «որոգայթի մը պէս» պիտի հասնէր մարդոց վրայ։

◻ Ինչո՞ւ պէտք է պայքարինք զբաղումի դէմ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

◻ Արթուն կենալու համար ի՞նչպիսի աղօթքներ անհրաժեշտ են։

◻ Ի՞նչպիսի ընկերակցութիւն կենսական է։

◻ Ինչո՞ւ մեր հոգեւոր կացութեան անձնաքննութիւն մը ընել։

◻ Մարգարէութիւնները ի՞նչ դեր կը խաղան մեր արթուն կենալուն մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել