Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՕԳՈՍՏՈՍ 3-9
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 13-14
«Սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը»
(Ելից 14։13, 14) Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ 14 Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։
Մովսէս հաւատքի տէր մարդ էր
Թերեւս Մովսէս գաղափար իսկ չունէր թէ Աստուած Կարմիր ծովը պիտի ճեղքէր, եւ այդպիսով իսրայէլացիներուն փրկութեան ճամբայ պիտի բանար։ Սակայն ան վստա՛հ էր, որ Աստուած բան մը պիտի ընէր Իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար։ Ան նաեւ ուզեց որ իր ազգակիցները միեւնոյն բանէն վստահ ըլլային։ Կը կարդանք. «Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. ‘Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի’» (Ելից 14։13)։ Արդեօք Մովսէս կրցա՞ւ իր ազգակիցներուն հաւատքը ամրապնդել։ Այո՛, որովհետեւ Աստուածաշունչը ոչ միայն Մովսէսին, հապա բոլո՛ր իսրայէլացիներուն ակնարկելով, կ’ըսէ. «Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ» (Եբրայեցիս 11։29)։ Մովսէսին հաւատքը ոչ միայն իրեն նպաստեց, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք իրմէ օրինակ առին։
(Ելից 14։21, 22) Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց ու Տէրը արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը եւ բոլոր գիշերը ջուրերը ճեղքուեցան, ծովը ցամքեցաւ 22 եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով անցան։ Ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ եղան։
Ամենակալ ե՛ւ Նկատառու
13 Կարդա՛ Ելից 14։19-22։ Երեւակայէ որ իսրայէլացիներուն հետ կախուած ես փարաւոնի բանակին եւ Կարմիր ծովուն միջեւ։ Ետքը, Աստուած բան մը կ’ընէ։ Ամպի սիւնը բանակատեղիդ ետեւը կ’անցնի եւ եգիպտացիներուն ճամբան կը գոցէ։ Անոնք այժմ մութի մէջ են, իսկ բանակատեղդ հրաշալի լոյսի մէջ է։ Ետքը, կը տեսնես որ Մովսէս ձեռքը կ’երկարէ ծովուն վրայ եւ արեւելեան սաստիկ հով մը ելլելով լայն ճամբայ մը կը բանայ մինչեւ միւս ափը։ Դուն, ընտանիքդ եւ անասուններդ, մնացեալ ժողովուրդին հետ, կազմակերպուած կերպով կը սկսիք քալել ծովուն յատակը։ Անմիջապէս տարօրինակ բան մը կը նկատես։ Գետինը ցեխոտ կամ սառած չէ, հապա՝ չոր ու կարծր է եւ քալելը դիւրին է։ Այսպիսով, նոյնիսկ կամաց քալողները ապահովութեամբ կ’անցնին միւս կողմը։
(Ելից 14։26-28) Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, որպէս զի ջուրերը Եգիպտացիներուն, անոնց կառքերուն ու անոնց ձիաւորներուն վրայ դառնան»։ 27 Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց եւ առտուան դէմ ծովը իր տեղը դարձաւ ու Եգիպտացիները անոր առջեւէն փախան։ Տէրը խռովեցուց Եգիպտացիները ծովուն մէջ։ 28 Եւ ջուրերը ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը՝ որոնք անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտած էին։ Անոնցմէ մէկն ալ ողջ չմնաց։
Եհովայի խօսքը բնաւ գետին չ’իյնար
7 Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրորդ երաշխիքին թէ Եհովա իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէր, անոր ակնարկութիւն եղաւ՝ Եգիպտոսէն ազատագրելու եւ Խոստացեալ Երկիրը մտցնելու Եհովայի խոստումին մէջ։ Մտաբերէ թէ զայրացած Փարաւոն Իսրայէլը հալածեց իր հզօր բանակով, որ հարիւրաւոր կառքերով օժտուած էր։ Այդ ամբարտաւան մարդը ո՜րքան ինքնավստահ ըլլալու էր, մանաւանդ երբ թուեցաւ թէ Իսրայելացիները լեռներուն եւ ծովուն միջեւ ծուղակ ինկած էին։ Այդ պահուն Աստուած միջամտեց իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար, երկու բանակավայրերուն միջեւ ամպ մը դնելով։ Եգիպտացիներուն կողմը խաւար էր, իսկ Իսրայելացիներուն կողմը՝ լոյս։ Մինչ ամպը Եգիպտացիներուն յառաջանալուն արգելք եղաւ, Մովսէս իր գաւազանը վերցուց եւ Կարմիր ծովուն ջուրերը ճեղքուեցան, հայթայթելով փախչելու ճամբայ մը Իսրայելացիներուն, իսկ թակարդ մը՝ Եգիպտացիներուն։ Եհովա Փարաւոնին զինուորական հզօր մեքենան ամբողջովին կործանեց ու Իր ժողովուրդը ստոյգ նուաճումէ պահպանեց։—Ելից 14։19-28
ՍՈՒՏ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՎԿԱՆԵՐ
10 Ազգ մը ըլլալէ շուրջ 40 տարիներ ետք, Իսրայէլ Աւետեաց Երկիրը գրաւելու վրայ էր։ Երիքով քաղաքը զննելու համար լրտեսներ ղրկուեցան, իսկ Ռախաբ, Երիքովի բնակիչ մը, պահպանեց զանոնք։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։ Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած»։ (Յեսուայ 2։10, 11) Եհովայի հզօր գործերուն մասին տեղեկագրութիւնը մղեց Ռախաբին եւ իր ընտանիքին որ Երիքովը ու անոր սուտ աստուածները լքեն եւ Իսրայէլին հետ Եհովան պաշտեն։ Բացայայտ է որ Եհովա զօրաւոր վկայութիւն մը տուած էր Իսրայէլին միջոցաւ։—Յեսուայ 6։25
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 13։17) Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։
«Սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը»
9 Միջերկրական ծովուն եզերքէն ու Փղշտացիներուն երկրէն անցնող ճամբան ամենամօտն է Իսրայելացիներուն համար։ Բայց անիկա թշնամիներուն շրջանն է։ Ուստի, հաւանաբար իր ժողովուրդը պատերազմի չբռնուելու համար, Եհովա զանոնք Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն կ’առաջնորդէ։ Թէեւ միլիոնաւորներ կը քալեն, բայց անկարգ ամբոխ մը չեն։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան»։—Ելից 13։17, 18
(Ելից 14։2) Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ դառնան ու Փիաիրօթի առջեւ, Մագդողին ու ծովուն մէջտեղ բանակ դնեն, Բէեղսեփոնին առջեւ՝ անոր դէմ ծովուն քով բանակ դրէք։
it-1 782 ¶2-3
Ելից
Կարմիր ծովուն ո՞ր մասը ճեղքուեցաւ, որ իսրայէլացիները ատկէ անցնէին։
Հետաքրքրական է որ երբ իսրայէլացիները հասան «անապատին ծայրը»՝ Ոթոմ, Աստուած Մովսէսին հրամայեց որ «դառնան ու Փիաիրօթի առջեւ. . . բանակ դնեն. . . ծովուն քով»։ Այս քայլը պիտի ձգէր որ փարաւոն կարծէր, թէ իսրայէլացիները «մոլորած են» (Ել. 13։20. 14։1-3)։ Կարգ մը գիտնականներ կ’ենթադրեն, որ երբ իսրայէլացիները հասան Սուէզի ծոցին վերի կողմը, ետ դարձան եւ գացին Աթաքա լերան արեւելքը, որ Սուէզի ծոցին արեւմուտքը կը գտնուի։ Եթէ իսրայէլացիներուն վրայ հիւսիսէն յարձակում գործուէր, անոնք շուտով պիտի չկարենային այսպիսի տեղէ մը դուրս ելլել եւ այսպիսով Կարմիր ծովը անոնց առջեւ արգելք պիտի ըլլար։
Ըստ երեւոյթին, այն տեղը որ իսրայէլացիները Կարմիր ծովէն անցան՝ բաւական հեռու ըլլալու էր Սուէզի ծոցին հիւսիսային ծայրէն, թէ ոչ փարաւոնը եւ իր զօրքը կրնային Սուէզի ծոցին ծայրէն դառնալ եւ շատ դիւրութեամբ իսրայէլացիներուն առջեւ ելլել ծովին դիմացի կողմէն (Ել. 14։22, 23)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 126
ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։69-75 ՄԱՐԿՈՍ 14։66-72 ՂՈՒԿԱՍ 22։54-62 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։15-18, 25-27
• ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
Երբ Յիսուս կը ձերբակալուի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, առաքեալները վախնալով զինք մինակ կը ձգեն ու կը փախչին։ Բայց ետքը անոնցմէ երկուքը՝ Պետրոսը «եւ ուրիշ աշակերտ մը»՝ բացայայտօրէն Յովհաննէսը, կ’որոշեն երթալ Յիսուսին ետեւէն (Յովհաննէս 18։15. 19։35. 21։24)։ Անոնք հաւանաբար կը հասնին այն պահուն, երբ Յիսուս Աննային տունը կը տարուի։ Իսկ երբ Աննան Յիսուսը կը ղրկէ Կայիափա քահանայապետին, Պետրոսն ու Յովհաննէսը նորէն անոր կը հետեւին հեռուէն։ Անոնք թէ՛ կը վախնան իրենց կեանքին վրայ, թէ ալ մտահոգ են որ իրենց Ուսուցիչին ի՛նչ պիտի պատահի։
Քանի՛ որ Յովհաննէս քահանայապետին ծանօթ է, կը կարենայ մտնել Կայիափային տան գաւիթը։ Պետրոս դուրսը կը մնայ դրան մօտ։ Յովհաննէս կը վերադառնայ եւ կը խօսի այն աղջիկին հետ, որ կը ծառայէ որպէս դռնապան, եւ Պետրոսը ներս կը մտցնեն։
Օդը ցուրտ է. անոր համար գաւիթին մէջ գտնուողները փայտածուխով կրակ կը վառեն։ Պետրոս անոնց հետ կը նստի տաքնալու համար մինչ կը սպասէ որ Յիսուսի դատավարութեան «վերջը տեսնէ» (Մատթէոս 26։58)։ Կրակին լոյսին տակ, դռնապան աղջիկը Պետրոսին դէմքը աւելի լաւ տեսնելով՝ կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես» (Յովհաննէս 18։17)։ Աղջիկը միակ անձը չէ որ կը ճանչնայ Պետրոսը որպէս Յիսուսի ընկերակից (Մատթէոս 26։69, 71-73. Մարկոս 14։70)։
Ասիկա շատ կը վախցնէ եւ կը նեղացնէ Պետրոսը։ Անոր համար ան կ’ըսէ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս» (Մարկոս 14։67, 68)։ Ան նաեւ կը սկսի Յիսուսը ուրանալ խիստ բառերով, եւ կ’ըսէ թէ եթէ ինք սուտ կը խօսի, Աստուած զինք պիտի պատժէ (Մատթէոս 26։74)։
Մինչ այդ Յիսուսին դատավարութիւնը կը շարունակուի։ Այնպէս կ’երեւի որ այդ դատը տեղի կ’ունենայ Կայիափային տան այն մասին մէջ, որուն տակը գաւիթը կը գտնուի։ Պետրոս եւ ուրիշներ կրնան գաւիթէն տեսնել, թէ ինչպէս տարբեր վկաներ կու գան–կ’երթան՝ Յիսուսին դէմ վկայելու։
Պետրոսին խօսած կերպէն յստակ կը դառնայ որ գալիլիացի է. անոր համար իր շուրջինները կը գիտնան որ կը ստէ։ Ասկէ զատ, անոնց մէջ կայ մէկը, որ ազգական կու գայ Մաղքոսին, որուն ականջը Պետրոս սուրով կտրեց։ Այդ մարդը Պետրոսին կ’ըսէ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ Երբ Պետրոս երրորդ անգամ ըլլալով Յիսուսը կ’ուրանայ, աքլորը կը կանչէ,– ինչպէս որ Յիսուս առաջուընէ ըսած էր (Յովհաննէս 13։38. 18։26, 27)։
Այնպէս կ’երեւի որ այդ վայրկեանին Յիսուս կեցած է պատշգամը, որ գաւիթին կը նայի։ Ան կը դառնայ եւ ուղղակի Պետրոսին կը նայի, ինչ որ Պետրոսը կը ցնցէ։ Ան կը յիշէ, թէ Յիսուս իրեն ինչ ըսած էր միայն քանի մը ժամ առաջ՝ վերնատան մէջ։ Երեւակայէ թէ Պետրոս ի՜նչ խոր ցաւ կը զգայ, երբ կը գիտակցի թէ ինչ ըրաւ։ Ան դուրս կ’ելլէ եւ կը սկսի դառնօրէն լալ (Ղուկաս 22։61, 62)։
Ինչպէ՞ս կարելի է որ ասիկա պատահի։ Ինչպէ՞ս Պետրոս,– որ շատ վստահ էր, թէ հոգեւորապէս զօրաւոր էր եւ հաւատարիմ էր,– իր Տէրը կ’ուրանայ։ Այդ պահուն, երբ Յիսուսին խօսքերը կը խեղաթիւրուէին եւ կը ներկայացուէր որպէս ոճրագործ, Պետրոս կրնար անմեղ Յիսուսին թիկունք կանգնիլ։ Բայց ան կռնակ դարձուց անոր, որ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունի (Յովհաննէս 6։69)։
Պետրոսին պատահած այս ցաւալի դէպքէն կը տեսնենք, որ նոյնիսկ ամուր հաւատք ունեցող եւ Աստուծոյ նուիրուած անհատը կրնայ տեղի տալ, եթէ նախապատրաստուած չըլլայ անակնկալ փորձութիւններուն համար։ Թող որ Պետրոսին փորձառութիւնը ազդարարական օրինակ ըլլայ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն համար։
◇ Պետրոս ու Յովհաննէս ինչպէ՞ս կրցան մտնել Կայիափային տան գաւիթը։
◇ Մինչ Պետրոս ու Յովհաննէս գաւիթն են, տան մէջ ի՞նչ կ’անցնի–կը դառնայ։
◇ Պետրոս ի՞նչ երդում կ’ընէ։
◇ Պետրոսին փորձառութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
ՕԳՈՍՏՈՍ 10-16
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 15-16
«Երգերով փառաբանէ Եհովան»
(Ելից 15։1, 2) Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը. «Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։ 2 Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս եւ իմ փրկութիւնս եղաւ. անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա. իմ հօրս Աստուածն է ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա»։
Ճշմարիտ Աստուծմէ ինչո՞ւ վախնալ հիմա
11 Եգիպտոսի զինուորական ուժերը կործանելով, ան իր երկրպագուներուն աչքին փառաւորուեցաւ, իսկ իր անունը լայնօրէն ճանչցուեցաւ։ (Յեսուայ 2։9, 10. 4։23, 24) Այո, իր անունը Եգիպտոսի անզօր, սուտ աստուածներէն վեր բարձրացաւ, որոնք չկրցան իրենց երկրպագուները ազատել։ Անոնց աստուածութիւններուն, մահկանացու մարդուն եւ զինուորական ուժին վրայ անոնց վստահութիւնը դառն յուսախաբութեան մատնեց զանոնք։ (Սաղմոս 146։3) Զարմանալի չէ որ Իսրայելացիները փառաբանութիւններ երգելու մղուեցան, որոնք իր ժողովուրդը հզօր կերպով ազատագրող կենդանի Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախ մը կ’արտացոլացնէին։
(Ելից 15։11) Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։
(Ելից 15։18) Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից։
Ճշմարիտ Աստուծմէ ինչո՞ւ վախնալ հիմա
15 Եթէ Մովսէսի կողքին անվնաս կայնած ըլլայինք, վստահաբար մենք ալ երգելու պիտի մղուէինք. «Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման»։ (Ելից 15։11) Անկէ ի վեր, այսպիսի զգացումներ արձագանգած են դարերու ընթացքին։ Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ կը նկարագրէ խումբ մը հաւատարիմ օծեալ ծառաներ, որոնք «Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը»։ Ի՞նչ է այս հոյակապ երգը։ «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասընզի դո՛ւն միայն [հաւատարիմ (ՆԱ)] սուրբ ես»։—Յայտնութիւն 15։2–4
16 Այսօր ալ, ազատագրուած երկրպագուներ կան, որոնք ոչ միայն Աստուծոյ արարչագործութիւնները կը գնահատեն, այլ նաեւ՝ իր հրամանները։ Բոլոր ազգերէն անհատներ հոգեւոր գետնի վրայ ազատագրուած են, այս պիղծ աշխարհէն զատուած են, քանի որ Աստուծոյ արդար հրամանները կ’ընդունին եւ կը գործադրեն։ Ամէն տարի, հարիւր հազարաւորներ այս ապականած աշխարհէն կը փախչին Եհովայի երկրպագուներու մաքուր, ուղիղ կազմակերպութեան միանալու համար։ Շուտով, Աստուծոյ կրակոտ դատաստանները սուտ կրօնքին եւ այս ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասին դէմ գործադրուելէ ետք, անոնք արդար նոր աշխարհի մը մէջ յաւիտեան պիտի ապրին։
(Ելից 15։20, 21) Ահարոնին քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկը իր ձեռքը առաւ ու բոլոր կիները թմբուկներով ու պարերով անոր ետեւէն ելան։ 21 Եւ Մարիամ ըսաւ անոնց. «Երգեցէ՛ք Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց»։
it-2 454 ¶1
Երաժշտութիւն
Այնպէս կ’երեւի թէ անցեալին իսրայէլացիները իրենց խմբային երգերը հետեւեալ կերպով կ’երգէին. երգի մը ընթացքին, երգողներու խումբ մը կ’երգէր եւ երկրորդ խումբ մը երգելով կը պատասխանէր առաջին խումբին, կամ ալ մէկ հոգի կ’երգէր եւ խումբ մը երգելով կը պատասխանէր անոր։ Ըստ երեւոյթին, Սուրբ Գրութիւնները այս տեսակ երգեցողութեան կ’ակնարկեն որպէս «պատասխանել» (Ել. 15։21, ԱԾ)։
ԿՆԿԱՆ ԴԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
17 Կարգ մը կիներ նոյնիսկ մարգարէուհիներ էին։ Անոնցմէ մէկն էր Դեբօրան, Դատաւորներուն ժամանակ։ (Դատաւորաց գլուխներ՝ 4 եւ 5) Ողդան մարգարէուհի մըն էր Յուդայի մէջ, Երուսաղէմի կործանումէն քիչ առաջ։ (Դ. Թագաւորաց 22։14–20) Մարիամի պարագան նկատողութեան արժանի է։ Թէեւ ըսուած է որ ան Եհովայի կողմէ ղրկուած մարգարէուհի մըն էր, սակայն երեւութապէս այս առանձնաշնորհումը գլխուն զարկաւ ատեն մը։ Ան Իսրայէլը առաջնորդելու համար իր կրտսեր եղբօր՝ Մովսէսի Եհովայի կողմէ տրուած հեղինակութիւնը ճանչնալու մէջ թերացաւ եւ անոր համար պատժուեցաւ, բայց երեւութապէս զղջաց եւ իր պաշտօնին վերադարձաւ։—Ելից 15։20, 21. Թուոց 12։1–15. Միքիա 6։4
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 16։13) Իրիկունը լորամարգիներ եկան ու բանակը ծածկեցին եւ առտուն բանակին բոլորտիքը ցօղ իջաւ։
Գիտէի՞ր
Անապատին մէջ իսրայէլացիները սնուցանելու համար, Աստուած ինչո՞ւ լորամարգիներ ընտրեց։
Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, Աստուած անոնց երկու անգամ առատ միս հայթայթեց՝ լորամարգիներ ղրկելով (Ելից 16։13. Թուոց 11։31)։
Լորամարգիները փոքր թռչուններ են, որոնց մարմնի երկարութիւնը շուրջ 18 սմ. է եւ քաշը՝ շուրջ 100 կրամ։ Անոնք արեւմտեան Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ կը գտնուին։ Գաղթող թռչուններ ըլլալով, անոնք ձմեռը Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Արաբիոյ մէջ կ’անցընեն։ Գաղթելու ժամանակ, լորամարգիներու հսկայ երամներ կ’անցնին Միջերկրական ծովու արեւելեան ափէն եւ կը թռչին Սինայի թերակղզիին վրայ։
Ըստ բառարանի մը, լորամարգիները «արագ եւ ճկունութեամբ կը թռչին, հովը օգտագործելով. իսկ եթէ հովը իր ընթացքը փոխէ, կամ եթէ թռչունները երկար ճամբորդութենէ ուժասպառ դառնան, ամբողջ երամը կրնայ հակամէտ ըլլալ գետին իյնալու, ուր թռչունները շփոթած կը մնան» (The New Westminster Dictionary of the Bible)։ Իրենց գաղթը շարունակելէ առաջ, անոնք ստիպուած են գետինը մէկ կամ երկու օր հանգչիլ, այսպէս որսորդներուն դիւրին որս դառնալով։ 20–րդ դարու սկիզբը, Եգիպտոս տարեկան շուրջ երեք միլիոն լորամարգի որպէս ուտելիք կ’արտածէր։
Երկու անգամներուն ալ երբ իսրայէլացիները լորամարգիներով սնուցանուեցան, գարուն էր։ Թէեւ լորամարգիները այդ ժամանակաշրջանին կանոնաւորաբար կը թռչէին Սինայի շրջանին վրայ, սակայն Եհովա ինք «հով մը» պատճառեց, որպէսզի այս թռչունները դէպի իսրայէլի բանակավայրը ուղղէ (Թուոց 11։31)։
(Ելից 16։32-34) Մովսէս ըսաւ. «Տէրոջը հրամանն է. ‘Անկէ օմէր մը լեցուցէք՝ որպէս զի ձեր ազգերուն մէջ պահուի. որպէս զի անոնք տեսնեն այն հացը, որ ձեզի կերցուցի անապատին մէջ, երբ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի’»։ 33 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սափոր մը ա՛ռ ու անոր մէջ օմէր մը լեցուն մանանայ դիր եւ զանիկա ձեր ազգերուն մէջ պահուելու համար Տէրոջը առջեւ դիր»։ 34 Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս Ահարոն վկայութեան առջեւ դրաւ զանիկա, որպէս զի պահուի։
w06 1/15 31
Հարցումներ ընթերցողներէն
Եգիպտոսէն ազատագրուելէ քիչ ետք, իսրայէլացիները սկսան գանգատիլ ուտելիքի մասին։ Ասոր համար, Եհովան մանանայ տուաւ իրենց (Ելից 12։17, 18. 16։1-5)։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սափոր մը ա՛ռ ու անոր մէջ օմէր մը լեցուն մանանայ դիր եւ զանիկա ձեր ազգերուն մէջ պահուելու համար Տէրոջը առջեւ դիր»։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս Ահարոն վկայութեան առջեւ [տեղ մը ուր կարեւոր բաներ կը պահուէին] դրաւ զանիկա, որպէս զի պահուի» (Ելից 16։33, 34)։ Այդ ժամանակ, Ահարոն անկասկած սափոր մը առնելով մանանայ դրաւ ատոր մէջ, բայց այդ սափորին «վկայութեան առջեւ» դրուիլը պատահեցաւ, երբ Մովսէս տապանակը ըրաւ եւ ատոր մէջ դրաւ երկու քարէ տախտակները։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 127
ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԷ ԵՒ ԵՏՔԸ Կ’ՈՒՂԱՐԿԷ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։1-11 ՄԱՐԿՈՍ 15։1 ՂՈՒԿԱՍ 22։66–23։3 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։28-35
• ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԱՌՏՈՒՆ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԷ ՅԻՍՈՒՍԸ
• ՅՈՒԴԱ ԻՍԿԱՐԻՈՎՏԱՑԻՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԱԽԵԼ
• ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
Պետրոս Յիսուսը երեք անգամ ուրացած է եւ հիմա արդէն ուշ գիշեր է։ Սենետրիոնի անդամները արդէն իրենց դատավարութիւնը վերջացուցած են եւ ձգած–գացած են։ Բայց առտու կանուխ, անոնք նորէն կը հաւաքուին, թերեւս իրենց գիշերուան ապօրինի դատավարութեան օրինական բնոյթ տալու համար։ Յիսուս անոնց առջեւ կը բերուի։
Անոնք նորէն Յիսուսին կ’ըսեն. «Եթէ Քրիստոսը դուն ես, ըսէ մեզի»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ ձեզի ըսեմ ալ՝ պիտի չհաւատաք. եթէ ձեզի բան մը հարցնեմ, ինծի պատասխան պիտի չտաք»։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս քաջաբար իր ինքնութիւնը կը յայտնէ, որ ինք ան է՝ որուն մասին մարգարէացուած է Դանիէլ 7։13–ին մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Ասկէ յետոյ Որդին մարդոյ Աստուծոյ զօրութեանը աջ կողմը պիտի նստի» (Ղուկաս 22։67-69. Մատթէոս 26։63)։
Անոնք կը պնդեն. «Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք կ’ըսէք թէ ես եմ»։ Իրենց համար, Յիսուսին խօսքերը արդէն իսկ բաւարար են, որ մեղադրուի որպէս Աստուծոյ հայհոյիչ եւ մահապատիժի ենթարկուի։ Անոնք կը հարցնեն. «Ալ ի՞նչ պէտք է մեզի վկայութիւն» (Ղուկաս 22։70, 71. Մարկոս 14։64)։ Անկէ ետք, անոնք Յիսուսը կը կապեն եւ հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին կը տանին։
Հաւանաբար Յուդա Իսկարիովտացին կը տեսնէ, որ Յիսուս Պիղատոսին կը տարուի։ Երբ Յուդան կ’անդրադառնայ, որ Յիսուսը դատապարտուեցաւ, խղճի խայթ կ’ունենայ եւ կը յուսահատի։ Բայց փոխանակ Աստուծոյ դիմելու եւ անկեղծօրէն զղջալու, ան կ’երթայ 30 կտոր արծաթը վերադարձնելու, եւ կ’ըսէ քահանայապետներուն. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Բայց անոնք անգթօրէն կը պատասխանեն. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ» (Մատթէոս 27։4)։
Յուդան 30 կտոր արծաթը տաճարին մէջ կը նետէ եւ կ’երթայ ուրիշ լուրջ սխալ մը կ’ընէ. ան կը փորձէ անձնասպան ըլլալ։ Մինչ ան կը փորձէ ինքզինք կախել, այնպէս կ’երեւի որ ճիւղը՝ որուն վրայ պարանը կապած է, կը կոտրուի եւ անոր մարմինը ժայռերուն վրայ կ’իյնայ եւ ‘մէջտեղէն կը ճեղքուի’ (Գործք 1։17, 18)։
Դեռ առտուն կանուխ է, երբ Յիսուս կը տարուի Պոնտացի Պիղատոսին պալատը։ Բայց զինք հոն տանող հրեաները կը մերժեն պալատը մտնել։ Անոնց կարծիքով, հեթանոսներուն հետ կապի մէջ մտնելը զիրենք պիտի պղծէ եւ այսպիսով պիտի չկարենան նիսան 15–ի ընթրիքը ուտել (նիսան 15–ին կը սկսի Բաղարջակերաց տօնը, որ Պասեքի շրջանին մէկ մասն է)։
Պիղատոս դուրս գալով՝ անոնց կը հարցնէ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա»։ Պիղատոս թերեւս կը զգայ, որ անոնք իր վրայ կը ճնշեն, անոր համար անոնց կ’ըսէ. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։ Հրեաները կ’ըսեն. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։ Այս խօսքերով անոնք յստակ կը դարձնեն, որ իրենք կ’ուզե՛ն որ Յիսուս մեռնի եւ ճիշդ անոր համար է, որ Յիսուսը Պիղատոսին բերած են (Յովհաննէս 18։29-31)։
Իրականութեան մէջ, եթէ անոնք Յիսուսը սպաննեն Պասեքի ընթացքին, մեծ հաւանականութիւն կայ որ ժողովուրդը տակնուվրայ ըլլայ։ Բայց եթէ անոնք հռոմայեցիները մղեն Յիսուսը մահապատիժի ենթարկելու՝ զինք ամբաստանելով քաղաքական գետնի վրայ (ինչ որ հռոմայեցիները հեղինակութիւն ունին ընելու), կ’ազատին այդ պատասխանատուութենէն ժողովուրդին առջեւ։
Կրօնական առաջնորդները չեն ըսեր Պիղատոսին, որ իրենք Յիսուսը որպէս հայհոյիչ դատապարտած են։ Անոնք նոր ամբաստանութիւններ կ’ընեն. «Ասիկա գտանք, որ [1] մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու [2] Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ [3] իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է» (Ղուկաս 23։2)։
Որպէս Հռոմի ներկայացուցիչ, Պիղատոսը կը մտահոգուի այն ամբաստանութեամբ, թէ Յիսուս ինքզինք թագաւոր կը սեպէ։ Անոր համար, երբ ան պալատ կը մտնէ, իր քով կը կանչէ Յիսուսը եւ կը հարցնէ. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»։ Ուրիշ խօսքով, ան կարծես կը հարցնէ. ‘Արդեօք կայսերական օրէնքը խախտա՞ծ ես եւ կայսրին դէմ ելլելով՝ դուն քեզ թագաւոր հռչակա՞ծ ես’։ Յիսուս, թերեւս փափաքելով գիտնալ թէ Պիղատոս ինչ լսած է իր մասին, կը հարցնէ. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին» (Յովհաննէս 18։33, 34)։
Պիղատոսն ալ ցոյց տալու համար, որ Յիսուսի մասին տեղեկութիւններ չունի, բայց կ’ուզէ ունենալ, կ’ըսէ. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ»։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն» (Յովհաննէս 18։35)։
Յիսուս չի փորձեր փախուստ տալ իր թագաւոր ըլլալուն նիւթէն։ Ան այնպիսի պատասխան մը կու տայ, որ անկասկած շատ կը զարմացնէ Պիղատոսը։
ԱՐԵԱՆ ԱՐՏ Քահանայապետները չեն գիտեր ինչ ընեն 30 կտոր արծաթով, որ Յուդան տաճարին մէջ կը նետէ։ Անոնք իրարու կ’ըսեն. «Արժան չէ ատիկա կորբանին մէջ դնել, վասն զի արեան գին է»։ Անոր համար անոնք այդ դրամով բրուտին արտը ծախու կ’առնեն՝ օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։ Այդ արտը կը սկսի կոչուիլ՝ «Արեան արտ» (Մատթէոս 27։6-8)։
◇ Սենետրիոնին անդամները առտուն ինչո՞ւ նորէն կը հաւաքուին։
◇ Յուդան ինչպէ՞ս կը մեռնի, եւ քահանայապետները ի՞նչ կ’ընեն 30 կտոր արծաթով։
◇ Հրեաները ի՞նչ ամբաստանութիւններ կ’ընեն Յիսուսին մասին, որպէսզի Պիղատոս զինք մահուան դատապարտէ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 17-23
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 17-18
«Համեստ տղամարդիկը ուրիշները կը մարզեն եւ պատասխանատուութիւններ կը յանձնեն անոնց»
(Ելից 18։17, 18) Մովսէսին աները ըսաւ անոր. «Քու ըրածդ աղէկ բան չէ։ 18 Իրաւցնէ դուն պիտի մաշիս, դուն ալ ու քեզի հետ եղած այս ժողովուրդն ալ. վասն զի այս գործը քեզի համար շատ ծանր է. դուն առանձին չես կրնար ընել ասիկա»։
Մովսէս սէր ունէր
Մովսէս իր ազգակիցներուն ալ սէր ցոյց տուաւ։ Իսրայէլացիները գիտակցեցան թէ Եհովան Մովսէսը կը գործածէր Իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար. ուստի անոնք իրենց բազմազան խնդիրները Մովսէսին ներկայացուցին։ Կը կարդանք. «Ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Մովսէսին քով կայնեցաւ» (Ելից 18։13-16)։ Երեւակայէ, թէ Մովսէսին համար որքա՜ն յոգնեցուցիչ էր լսել իսրայէլացիներուն հոգերը, որ ամբողջ օրը իրեն կը պատմէին։ Բայց Մովսէս կը սիրէր ժողովուրդը, ուստի ուրախ էր իրենց օգնելու։
(Ելից 18։21, 22) Բայց դուն բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ՛ ու ասոնք հազարապետներ ու հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ դիր անոնց վրայ։ 22 Ամէն ատեն թող անոնք դատեն ժողովուրդը։ Կարեւոր դատերը թող քեզի ներկայացնեն, իսկ անկարեւորները՝ թող իրենք դատեն. այսպէս քեզի օգնելով՝ քու վրայէդ բեռը կը թեթեւցնեն։
w03 11/1 6 ¶1
Ուրախ ըլլալու համար պէտք է վստահիս
Առաջ որ Մովսէս ծանր պատասխանատուութիւններ տայ այս տղամարդոց, անոնք արդէն իսկ ցոյց տուած էին որ լաւ յատկութիւններ ունէին։ Օրինակ, յայտնի էր որ անոնք աստուածավախ էին եւ չէին ուզեր Աստուած տխրեցնել։ Ամէն մարդ շատ լաւ կրնար տեսնել որ այս տղամարդիկը իրենց ամէն կարելին կ’ընէին, որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրէին։ Անոնք կ’ատէին անարդարութեամբ շահ ընելը, ինչ որ ցոյց տուաւ որ եթէ իրենց աւելի հեղինակութիւն տրուէր, մարդոց վստահութիւնը չարաչար պիտի չգործածէին, որպէսզի յառաջ տանէին իրենց շահերը կամ իրենց ազգականներուն կամ բարեկամներուն շահերը։
(Ելից 18։24, 25) Մովսէս աներոջ խօսքին մտիկ ըրաւ ու անոր ամէն ըսածը ըրաւ։ 25 Մովսէս բոլոր Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ կարգեց։
Մի՛ հեղգանաք
16 Երբ Մովսէս՝ համեստ ու հեզ մարդ մը՝ ուրիշներու խնդիրներուն հոգ տանելով ինքզինք կը մաշեցնէր, իր աները՝ Յոթոր՝ գործնական լուծում մը առաջարկեց. ուրիշ որակելի մարդոց հետ կարգ մը պատասխանատուութիւններ բաժնել։ (Ելից 18։17–26. Թուոց 12։3) «Իմաստութիւնը խոնարհներուն [համեստներուն (ՆԱ)] հետ է», կ’ըսէ Առակաց 11։2–ը։ Համեստ ըլլալ կը նշանակէ ձեր սահմանափակումներուն գիտակցիլ ու զանոնք ընդունիլ։ Համեստ մարդը ուրիշներու պատասխանատուութիւններ յանձնելու չի դժկամիր, ոչ ալ կը վախնայ որ ուրիշ որակելի անհատներու յարմար պատասխանատուութիւններ բաժնելով, իր հեղինակութիւնը կերպով մը պիտի նուազի։ (Թուոց 11։16, 17, 26–29) Ընդհակառակը, ան սրտանց կը փափաքի անոնց օգնել որ յառաջդիմեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։15
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 17։11-13) Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։ 12 Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։ 13 Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը։
«Ձեռքերդ թող չթուլնան»
14 Ահարոն եւ Ովր բառացիօրէն ուժովցուցին Մովսէսի ձեռքերը պատերազմին ընթացքին։ Մենք ալ մեր կարգին կրնանք նայիլ թէ ինչպէ՛ս գործնական կերպով օգնենք ուրիշներուն։ Բայց որո՞նց։ Անոնց որոնք տարիքոտ են, առողջապահական խնդիրներ ունին, ընտանիքը իրենց կը հակառակի, միայնակ կը զգան կամ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Նաեւ կրնանք զօրացնել պատանիները, որոնք ճնշումի տակ են որ սխալ ընեն կամ այս դրութեան մէջ «յաջողութեան» ետեւէ ըլլան (Ա. Թես. 3։1-3. 5։11, 14)։ Նայէ թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ ուրիշներով Թագաւորութեան սրահին մէջ, ծառայութեան մէջ, միասին ուտելու ատեն կամ հեռաձայնով խօսելու ժամանակ։
(Ելից 17։14) Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։
it-1 406
Կանոնական գիրքեր
Մովսէսին գրութիւններուն մէջ կը տեսնենք փաստեր, թէ իր գրածները Աստուծմէ ներշնչուած էին եւ կրնային վստահելի ուղղութիւններ տալ մաքուր պաշտամունքին համար։ Օրինակ, Մովսէսին առաջարկով չէր որ ան իսրայէլացիներուն առաջնորդը եւ հրամանատարը եղաւ։ Ընդհակառակը, սկիզբը ան չուզեց այս պատասխանատուութիւնը շալկել (Ել. 3։10, 11. 4։10-14)։ Աստուած էր որ Մովսէսը ղրկեց եւ հրաշք ընելու այնքա՛ն մեծ ոյժ տուաւ իրեն, որ նոյնիսկ փարաւոնին մոգերը ընդունեցին, որ Մովսէսին ըրածները Աստուծմէ էին (Ել. 4։1-9. 8։16-19)։ Ուրեմն Մովսէս իր անձնական փափաքին համար չէ որ իսրայէլացիներուն ներկայացուցիչը եղաւ եւ գրութիւններ գրեց, հապա՝ Աստուած էր որ իրեն հրամայեց եւ սուրբ հոգին ալ իրեն ոյժ տուաւ, որ նախ իսրայէլացիներուն անունով խօսի եւ ետքը Սուրբ Գիրքին մէկ մասը գրէ (Ել. 17։14)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 128
ՊԻՂԱՏՈՍՆ ՈՒ ՀԵՐՈՎԴԷՍԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԱՆՄԵՂ ԿԸ ԳՏՆԵՆ
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։12-14, 18, 19 ՄԱՐԿՈՍ 15։2-5 ՂՈՒԿԱՍ 23։4-16 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։36-38
• ՊԻՂԱՏՈՍԸ ԵՒ ԵՏՔԸ ՀԵՐՈՎԴԷՍԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ
Յիսուս Պիղատոսէն չի պահեր իր թագաւոր ըլլալուն իրողութիւնը։ Բայց իր Թագաւորութիւնը սպառնալիք չէ Հռոմի համար։ Յիսուս կ’ըսէ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ։ Եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Այո, Յիսուս Թագաւորութիւն ունի, բայց ատիկա այս աշխարհէն չէ։
Պիղատոս Յիսուսի ըսածէն կ’եզրակացնէ, որ ան թագաւոր մըն է։ Հակառակ ասոր, Պիղատոս նորէն կը հարցնէ. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Յիսուս Պիղատոսին յստակ կը դարձնէ, որ ճիշդ եզրակացութեան հասած է, երբ կը պատասխանէ. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ» (Յովհաննէս 18։37)։
Յիսուս նախապէս Թովմասին ըսած էր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Հիմա նոյնիսկ Պիղատոս կը տեղեկանայ, որ Յիսուսին երկիր գալուն նպատակը «ճշմարտութեան» մասին վկայելն է, մասնաւորաբար իր Թագաւորութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան մասին։ Յիսուս վճռած է հաւատարիմ մնալ այդ ճշմարտութեան, նոյնիսկ եթէ ատիկա նշանակէ իր կեանքը կորսնցնել։ Պիղատոս կը հարցնէ. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը», բայց ան չի սպասեր որ Յիսուս բացատրութիւն տայ։ Ան կը սեպէ որ բաւական բան լսեց այս մարդուն մասին եւ պատրաստ է վճիռ արձակելու (Յովհաննէս 14։6. 18։38)։
Պիղատոս կը վերադառնայ պալատին դուրսը սպասող ժողովուրդին։ Այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս իր քովը կեցած է, երբ քահանայապետներուն եւ անոնց ընկերակցող մարդոց կ’ըսէ. «Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Անոր որոշումէն զայրացած՝ կ’ըսեն. «Ժողովուրդը իրար կ’անցընէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ» (Ղուկաս 23։4, 5)։
Հրեաներուն անտրամաբանական մոլեռանդութիւնը թերեւս կը զարմացնէ Պիղատոսը։ Մինչ քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը կը շարունակեն պոռչտալ, Պիղատոս Յիսուսին կը հարցնէ. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք» (Մատթէոս 27։13)։ Յիսուս բան մը չի պատասխաներ։ Պիղատոս կը զարմանայ, որ Յիսուս ինչպէ՛ս հանդարտ կը մնայ հակառակ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն։
Երբ Պիղատոս կը լսէ որ անոնք կ’ըսեն, թէ Յիսուս ‘Գալիլիայէն սկսած’ իրար կ’անցընէ ժողովուրդը, կը գիտնայ որ ան գալիլիացի է։ Ասիկա իրեն առիթ կու տայ որ Յիսուսը դատելու պատասխանատուութենէն ազատի։ Հերովդէս Անթիպաս (Մեծն Հերովդէսի որդին) Գալիլիայի վրայ կ’իշխէ, եւ հիմա Պասեքին առիթով Երուսաղէմի մէջ է։ Անոր համար, Պիղատոս Յիսուսը կը ղրկէ Հերովդէսին։ Հերովդէս Անթիպասն էր որ Յովհաննէս Մկրտիչը գլխատել տուած էր։ Յետագային ան լսած էր Յիսուսին հրաշքներուն մասին եւ մտահոգուած էր, կարծելով որ ան թերեւս յարութիւն առած Յովհաննէսն էր (Ղուկաս 9։7-9)։
Հերովդէս հիմա կ’ուրախանայ, որ առիթը պիտի ունենայ Յիսուսը տեսնելու. ոչ թէ որպէսզի Յիսուսին օգնէ կամ տեսնէ թէ անոր դէմ եղած ամբաստանութիւնները հիմ ունին կամ ոչ։ Հերովդէս պարզապէս հետաքրքիր է եւ ‘կը յուսայ անկէ նշան մը տեսնել’ (Ղուկաս 23։8)։ Բայց Յիսուս անոր հետաքրքրութիւնը չի գոհացներ։ Իրականութեան մէջ, երբ Հերովդէս Յիսուսը կը հարցաքննէ, ան բառ մը չ’ըսեր։ Հերովդէս յուսախաբ ըլլալով՝ իր զինուորներուն հետ ‘կ’անարգէ’ Յիսուսը (Ղուկաս 23։11)։ Անոր փառաւոր հագուստներ կը հագցնեն եւ ծաղր կ’ընեն։ Ետքը, Հերովդէս Յիսուսը ետ Պիղատոսին կը ղրկէ։ Պիղատոս եւ Հերովդէս նախապէս թշնամիներ էին, բայց հիմա լաւ բարեկամներ կը դառնան։
Երբ Յիսուսը ետ Պիղատոսին քով կը բերեն, Պիղատոս քահանայապետներուն, հրեայ առաջնորդներուն եւ ժողովուրդին կ’ըսէ. «Ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ. ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։ Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ» (Ղուկաս 23։14-16)։
Պիղատոս կ’ուզէ Յիսուսը ազատ արձակել, քանի որ կը հասկնայ որ քահանաները իրենց նախանձին պատճառով Յիսուսը իրեն յանձնած են։ Ուրիշ բան մըն ալ կը մղէ Պիղատոսը այս քայլը առնելու։ Մինչ ան նստած է իր դատական աթոռին վրայ, իր կինը իրեն մարդ կը ղրկէ եւ կ’ըսէ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի՛ ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ [ակներեւաբար Աստուծոյ կողմէ երազ] շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար» (Մատթէոս 27։19)։
Արդեօք Պիղատոս ինչպէ՞ս կրնայ այս անմեղ մարդը ազատ արձակել։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս ճշմարտութիւնը կ’ըսէ իր թագաւոր ըլլալուն մասին։
◇ Պիղատոս ի՞նչ եզրակացութեան կը հասնի Յիսուսի մասին, ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հակազդէ, իսկ Պիղատոս ի՞նչ կ’ընէ։
◇ Հերովդէս Անթիպաս ինչո՞ւ ուրախ է որ Յիսուսը պիտի տեսնէ, եւ անոր հետ ինչպէ՞ս կը վարուի։
◇ Պիղատոս ինչո՞ւ կ’ուզէ Յիսուսը ազատ արձակել։
ՕԳՈՍՏՈՍ 24-30
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 19-20
«Տասը պատուիրանները ինչպէ՞ս կ’ազդեն քեզի»
(Ելից 20։3-7) Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ 4 Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. 5 անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս 6 եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ 7 Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։
Տասը պատուիրանները
Տասը Պատուիրաններուն ծանօ՞թ էք, կամ գիտէ՞ք անոնք ո՛ւր կը գտնուին։ Անոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի երկրորդ գրքին՝ Ելիցին, 20–րդ գլուխին առաջին 17 համարներուն մէջ։ Հաճեցէք զանոնք կարդալ։ Ահաւասիկ պարզ կերպ մը զանոնք դասաւորելու։ Առաջին չորսը Աստուծոյ պաշտամունքին հետ առնչութիւն ունին, հինգերորդը ուշագրաւ կը դարձնէ ընտանեկան կեանքը, վեցերորդէն մինչեւ իններորդը ընկեր արարածին հետ մեր յարաբերութեան հետ կապ ունին, իսկ տասներորդը յատուկ է՝ մեզ կը մղէ որ մեր սրտին մէջինը երեւան հանենք եւ մեր շարժառիթները քննենք։ Ահաւասիկ հակիրճ ամփոփում մը, թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս կրնան այս սկզբունքները կիրարկել։
Առաջին. Մեր Ստեղծիչին բացարձակ պաշտամունք մատուցանեցէք։ Երկրորդ. Պաշտամունքի մէջ կուռքեր մի՛ գործածէք։ Երրորդ. Աստուծոյ անունը միշտ յարգեցէք ու պատուեցէք։ Չորրորդ. Ժամանակ տրամադրեցէք հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալու, ժամակորուստ չըլլալով։ Հինգերորդ. Ո՛վ զաւակներ, ձեր ծնողները յարգեցէք։ Վեցերորդ. Մի՛ սպաննէք։ Եօթներորդ. Շնութենէ խուսափեցէք։ Ութերորդ. Մի՛ գողնաք։ Իններորդ. Ճշմարտութիւնը խօսեցէք։ Տասներորդ. Ընչաքաղցութենէ զգուշացէք։
«Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք»
3 Ծնողքիդ հնազանդիլը ‘ներկայ կեանքդ’ կը պաշտպանէ, բայց հնազանդութիւնը նաեւ կարելի պիտի դարձնէ որ «ապագայ կեանք»ը վայելես, որ կոչուած է՝ «ճշմարիտ կեանքը»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8. 6։19, Անթիլիաս) Մեզմէ շատերուն համար, ճշմարիտ կեանքը անվերջ կեանք է երկրի վրայ՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, զոր կը խոստանայ անոնց՝ որ հաւատարմօրէն իր պատուիրաններուն կը կառչին։ Գլխաւոր պատուիրան մը կ’ըսէ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։ Ուստի եթէ ծնողքիդ հնազանդիս, երջանիկ պիտի ըլլաս։ Ապագադ ապահով պիտի ըլլայ, եւ դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու հեռանկարը պիտի ունենաս։—Եփեսացիս 6։2, 3
(Ելից 20։8-11) Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ 9 Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. 10 բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. 11 քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։
(Ելից 20։12-17) Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։ 13 Սպանութիւն մի՛ ըներ։ 14 Շնութիւն մի՛ ըներ։ 15 Գողութիւն մի՛ ըներ։ 16 Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ 17 Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար։
w89 11/15 6 ¶2-3
Ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ տասը պատուիրաններէն
(5–րդ պատուիրանը) Տակաւին մինչեւ այսօր կարեւոր է որ զաւակները իրենց ծնողքին հնազանդ ըլլան, որպէսզի ընտանիքը միացած մնայ եւ Եհովային օրհնութիւնները վայելէ։ Այս պատուիրանը, որ «առաջին պատուիրանքն է խոստումով», հիանալի յոյս մը կը դնէ մեր առջեւ։ Ատիկա կարեւոր է ոչ միայն «որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ», հապա նաեւ որպէսզի «երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ» (Եփեսացիս 6։1-3)։ Հիմա որ այս չար աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, եթէ զաւակները իրենց ծնողներուն հնազանդ ըլլան, առիթ պիտի ունենան որ բնա՛ւ չմեռնին (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Յովհաննէս 11։26)։
Մարդոց հանդէպ սէր ունենալը մեզի կ’օգնէ որ անոնց վնաս չհասցնենք գէշ բաներ ընելով, ինչպէս՝ սպանութիւն (6–րդ), շնութիւն (7–րդ), գողութիւն (8–րդ) եւ սուտ վկայութիւն ընել (9–րդ) (Ա. Յովհաննէս 3։10-12. Եբրայեցիս 13։4. Եփեսացիս 4։28. Մատթէոս 5։37. Առակաց 6։16-19)։ Լաւ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր շարժառիթներուն մասին։ (10–րդ) պատուիրանը, որ դիմացինին ունեցածը ցանկալու մասին է, մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովան կ’ուզէ որ մեր բոլոր շարժառիթները ճիշդ ըլլան իր աչքին (Առակաց 21։2)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 19։5, 6) «Եւ հիմա եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ 6 Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։ Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս ասոնք են։
‘Քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ըլլաք’
5 Օրէնքի ուխտը նաեւ հայթայթեց քահանայութեան կարգադրութիւն մը, որ աւելի մեծ կարգադրութիւն մը կը նախապատկերացնէր (Եբ. 7։11. 10։1)։ Իրականութեան մէջ, այս ուխտին միջոցաւ, իսրայէլ յատուկ պատեհութիւն եւ առանձնաշնորհում ունէր «քահանաներու թագաւորութիւն» ըլլալու, պայմանաւ որ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդէր (կարդա՛ Ելից 19։5, 6)։ Սակայն իսրայէլ այս պահանջին գոհացում չտուաւ։ Փոխանակ Մեսիային՝ Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասին՝ գալուստը արժեւորելու, անոնք զինք մերժեցին։ Հետեւաբար Աստուած այդ ազգը մերժեց։
(Ելից 20։4, 5) Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. 5 անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս։
Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր
20։5—Եհովա ի՞նչպէս ‘կը հատուցանէ հայրերուն անօրէնութիւնը’ ապագայ սերունդներուն։ Երախաները չափահաս դառնալէ ետք, իւրաքանչիւր անհատ իր անձնական վարքին ու կեցուածքին հիման վրայ կը դատուի։ Բայց երբ Իսրայէլ ազգը կռապաշտութեան անձնատուր եղաւ, հետագայ սերունդներն անգամ ասոր գէշ հետեւանքները կրեցին։ Նոյնիսկ հաւատարիմ Իսրայելացիները տուժեցին, քանի որ ազգին կրօնական պարտազանցութիւնը դժուարացուց ուղղամիտ մնալը։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 129
ՊԻՂԱՏՈՍ Կ’ԸՍԷ. «ԱՀԱ՛ ԱՅՆ ՄԱՐԴԸ»
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։15-17, 20-30 ՄԱՐԿՈՍ 15։6-19 ՂՈՒԿԱՍ 23։18-25 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։39–19։5
• ՊԻՂԱՏՈՍ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՅԻՍՈՒՍԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼ
• ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՈՐ ԲԱՐԱԲԲԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԻ
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԾԱՂՐՈՒԻ ԵՒ Կ’ԱՆԱՐԳՈՒԻ
Պիղատոս Յիսուսին մահը պահանջող ժողովուրդին կ’ըսէ. «Ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ. ո՛չ ալ Հերովդէս» (Ղուկաս 23։14, 15)։ Հիմա ան Յիսուսը արձակելու ուրիշ միջոցի մը կը դիմէ եւ ժողովուրդին կ’ըսէ. «Սովորութիւն ունիք որ մարդ մը արձակեմ ձեզի զատկին։ Հիմա կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի» (Յովհաննէս 18։39)։
Պիղատոս գիտէ որ բանտարկեալներուն մէջ կայ Բարաբբա անունով մարդ մը, որ ծանօթ է որպէս գող, խռովարար եւ մարդասպան։ Պիղատոս կը հարցնէ. «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի»։ Ժողովուրդը, քահանայապետներէն դրդուած, կը խնդրէ որ Բարաբբան ազատ արձակուի եւ ոչ թէ Յիսուսը։ Պիղատոս նորէն կը հարցնէ. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Բարաբբան» (Մատթէոս 27։17, 21, 22)։
Պիղատոս իրար կ’անցնի եւ կը հարցնէ. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։ Ժողովուրդը կը պոռչտայ. «Թող խաչուի» (Մատթէոս 27։23ա)։ Ժողովուրդը առանց ամչնալու կը խնդրէ, որ անմեղ մարդ մը սպաննուի։ Պիղատոս կ’ըսէ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա. ես ատոր վրայ մահու արժանի յանցանք մը չգտայ. ուրեմն պատիժ մը տամ ատոր ու արձակեմ» (Ղուկաս 23։22)։
Հակառակ Պիղատոսին ջանքերուն, ժողովուրդը մէկ ձայնով կ’աղաղակէ. «Թող խաչուի» (Մատթէոս 27։23բ)։ Կրօնական առաջնորդները այնքա՛ն ժողովուրդը դրդած են, որ անոնք մոլեռանդ դարձած՝ կը պահանջեն որ արիւն թափուի,– անմե՛ղ մարդու մը արիւնը։ Ան ա՛յն անմեղ մարդն էր, որ միայն հինգ օր առաջ դիմաւորուեցաւ որպէս Թագաւոր, մինչ Երուսաղէմ կը մտնէր։ Ի՞նչ կարելի է ըսել Յիսուսին աշակերտներուն մասին։ Եթէ անոնք ժողովուրդին մէջն են, լուռ կը մնան, որպէսզի ուշադրութիւն չգրաւեն։
Պիղատոս կը տեսնէ որ տեղ մը չի հասնիր, անոր համար ժողովուրդին առջեւ իր ձեռքերը ջուրով կը լուայ եւ անոնց կ’ըսէ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։ Ժողովուրդը անոր ըսածէն չ’ազդուիր, հապա կ’ըսէ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ» (Մատթէոս 27։24, 25)։
Պիղատոս ճիշդը ընելէ աւելի կը նախընտրէ ժողովուրդը հաճեցնել։ Անոնց խնդրանքին հիման վրայ, ան Բարաբբան ազատ կ’արձակէ։ Ապա զինուորներէն կը խնդրէ որ Յիսուսը մերկացնեն եւ մտրակեն։
Յիսուսը խիստ կերպով մտրակելէ ետք, զինուորները զինք պալատ կը մտցնեն։ Հոն մեծ թիւով զինուորներ կը հաւաքուին եւ աւելի կը ծաղրեն ու կ’անարգեն զինք։ Անոնք նաեւ փուշէ պսակ կը հիւսեն եւ Յիսուսին գլուխը կը դնեն։ Անոնք Յիսուսին աջ ձեռքը եղէգ մը կը դնեն եւ անոր կը հագցնեն ծիրանի վերարկու մը, որ թագաւորը ընդհանրապէս կը հագնէր։ Ետքը ծաղրանքով կ’ըսեն. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր» (Մատթէոս 27։28, 29)։ Ասկէ զատ, անոնք Յիսուսին վրայ կը թքնեն եւ զինք կ’ապտակեն։ Ետքը իր ձեռքէն եղէգը առնելով, իր գլուխին կը զարնեն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ փուշէ պսակը աւելի՛ մխրճուի մորթին մէջ։
Հակառակ այս բոլորին, Յիսուս զօրաւոր կը մնայ եւ մեծ արժանապատուութեամբ նախատինքը կը դիմագրաւէ։ Պիղատոս այնքան կը տպաւորուի անով, որ դարձեալ կը փորձէ պատասխանատու չըլլալ Յիսուսի մահուան համար։ Ան ժողովուրդին կ’ըսէ. «Ահա զանիկա դուրս կը բերեմ ձեզի, որպէս զի գիտնաք թէ ես անոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ան կը մտածէ, որ եթէ Յիսուսը արիւնլուայ տեսնեն, թերեւս անոնց սիրտը շարժի։ Երբ Յիսուս այդ անխիղճ ժողովուրդին առջեւ կը կենայ, Պիղատոս կ’ըսէ. «Ահա՛ այն մարդը» (Յովհաննէս 19։4, 5)։
Ծեծի եւ անարգանքի դիմաց՝ Յիսուս շա՜տ հանդարտ կը մնայ։ Նոյնիսկ Պիղատոս ատոր կ’անդրադառնայ, քանի որ այնպէս կ’երեւի որ իր այդ խօսքը յարգանք եւ կարեկցութիւն կ’արտայայտէ։
ՄՏՐԱԿՈՒՄ։ The Journal of the American Medical Association պարբերաթերթին մէջ, տոքթ. Ուիլիամ Տ. Էտուըրտզ կը նկարագրէ հռոմայեցիներուն մտրակելու կերպը.
«Սովորաբար կը գործածուէր կարճ մտրակ (կամ՝ խարազան) մը, որ կ’ունենար տարբեր երկարութիւն ունեցող հիւսուած կաշիէ շերտեր, որոնց վրայ տարբեր հեռաւորութեամբ կը կապուէին երկաթէ գնդիկներ կամ ոչխարի սուր ոսկորներ։ . . .Մինչ հռոմայեցի զինուորները կրկին անգամ զօրաւոր կերպով կը մտրակէին զոհին կռնակը, երկաթէ գնդիկները կը ճզմէին միսը, իսկ կաշիէ շերտերը եւ ոչխարի ոսկորները կը պատռէին մորթը եւ անոր տակը եղող հիւսկէնները։ Ետքը, մինչ մտրակումը կը շարունակուէր, վէրքը կը թափանցէր մինչեւ մկանները, եւ շերտաւոր վէրքերէն արիւն կը հոսէր»։
◇ Պիղատոս ինչպէ՞ս կը փորձէ Յիսուսը ազատ արձակել, որպէսզի պատասխանատու չըլլայ անոր մահուան համար։
◇ Այդ ատեն, մտրակումը ինչպէ՞ս կ’ըլլար։
◇ Յիսուսը մտրակելէ ետք, ինչպէ՞ս կը վարուին անոր հետ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 31–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 6
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 21-22
«Կեանքի հանդէպ Եհովային տեսակէտը ունեցիր»
(Ելից 21։20) Եթէ մէկը գաւազանով իր ծառային կամ իր աղախինին զարնէ ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։
it-1 271
Զարնել
Անցեալին, արտօնուած էր որ հրեայ մը գաւազանով զարնէր իր ծառային կամ աղախինին, եթէ ան անհնազանդ կամ ըմբոստ ըլլար։ Բայց եթէ ծառան իր ձեռքին տակ մեռնէր, տէրը կը պատժուէր։ Բայց եթէ ծառան մէկ–երկու օր ալ ապրէր, ասիկա կը փաստէր որ տիրոջ նպատակը մեռցնել չէր։ Ան իրաւունք ունէր ծառան պատժելով կրթելու, քանի որ «իր ստակն է», կամ իր դրամով գնած է։ Տէրը վստահ չէր ուզեր իր արժէքաւոր մէկ ունեցածը լիովին փճացնել, թէ ոչ մեծ վնաս կը կրէր։ Ասկէ զատ, եթէ ծառան մէկ–երկու օր ետք մեռնէր, թերեւս յստակ չէր ըլլար որ ան ծեծ ուտելո՛ւն պատճառով մեռաւ, թէ ոչ ուրիշ պատճառով մը։ Ասոր համար, եթէ ծառան մէկ–երկու օր ապրէր, տէրը չէր պատժուեր (Ել. 21։20, 21)։
(Ելից 21։22, 23) Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ 23 Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս։
Կեանքը կ’արժեւորե՞ս ինչպէս Աստուած կ’արժեւորէ
16 Նոյնիսկ չծնած երեխայի մը կեանքը թանկագին է Աստուծոյ աչքին։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, երբ ոեւէ մէկը յղի կնոջ մը վնաս հասցնէր եւ առ ի հետեւանք կինը կամ անոր չծնած երեխան մահանար, Աստուած յանցագործը մարդասպան կը սեպէր, եւ ան «անձի տեղ անձ» պէտք էր տար (կարդա՛ Ելից 21։22, 23, ՆԱ)։ Պահ մը երեւակայէ թէ Եհովա ինչպէ՛ս կը զգայ, երբ կը տեսնէ անթիւ անհամար չծնած երեխաներ, որոնք ամէն տարի դիտումնաւոր կերպով արհեստական վիժումի զոհ կ’երթան, շատերը՝ անձնական շահի եւ սեռային ազատութեան սիրոյն։
(Ելից 21։28, 29) Եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշուշտ պէտք է քարկոծել ու անոր միսը պէտք չէ ուտել. բայց եզին տէրը անպարտ պիտի ըլլայ։ 29 Բայց եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող է եւ անոր տիրոջն ալ ըսուած է, բայց տէրը զգոյշ եղած չէ եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պէտք է քարկոծել, անոր տէրն ալ մեռցնել։
Ապաստանի քաղաքները. Աստուծոյ բարեգութ կարգադրութիւնը
5 Իսրայելացիներուն մէջ, կամայական մարդասպաններուն ապաստանարան չէր տրուեր։ Նոյնիսկ Աստուծոյ խորանին ծառայող Ղեւտացի մը կը տարուէր եւ կը մեռցուէր, եթէ սպաննութիւն մը դաւադրած ըլլար։ (Ելից 21։12–14) Ասկէ զատ, եթէ անհատ մը սպաննուած էր, Օրէնքը թոյլ չէր տար որ անուշադրութիւնը որպէս չքմեղանք գործածուէր ողորմութիւն ձեռք ձգելու համար։ Օրինակի համար, մարդ մը իր նոր տան տանիքին չորս կողմը շրջապատ պէտք էր շինէր։ Ապա թէ ոչ, եթէ մէկը տանիքէն իյնար ու մեռնէր, այդ տունը արիւնապարտ կ’ըլլար։ (Բ. Օրինաց 22։8) Ուրիշ պարագայ մը. եթէ եզ մը սովորութիւն ունէր կոտոշներով զարնելու ու տէրը կանխազգուշացուած էր, բայց անասունը կապուած չէր պահած, երբ անիկա մէկը սպաննէր, եզին տէրը արիւնապարտ ըլլալով՝ կը մեռցուէր։ (Ելից 21։28–32) Կեանքի հանդէպ Աստուծոյ բարձր չափանիշը տակաւին կը տեսնուէր անով, որ անհատ մը մարդասպան կը համարուէր, եթէ մահացու հարուած մը տար ցորեկ ատեն գողութիւն ընողի մը, որու կրնար տեսնել ու ճանչնալ։ (Ելից 22։2, 3) Բացայայտ էր, ուրեմն, որ Աստուծոյ կատարելապէս հաւասարակշռուած կանոնները, թոյլ չէին տար որ կամաւոր մարդասպան մը մահապատիժէ խուսափէր։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 21։5, 6) Իսկ եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ’, 6 այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր։
Ինչո՞ւ Եհովայի նուիրուիլ
4 Քրիստոնէական նուիրումը լուրջ հարց է։ Անիկա միայն պարզ յանձնառութիւն մը չէ։ Սակայն նուիրուիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ մեզի։ Առ ի բաղդատութիւն, նկատի առնենք մարդկային յարաբերութիւններու մէջ յանձնառութիւն ընելուն օգուտները։ Օրինակներէն մէկը՝ բարեկամութիւնն է։ Բարեկամ մը ունենալու առանձնաշնորհումը վայելելու համար, բարեկամ մը ըլլալու պատասխանատուութիւնը պէտք է ընդունիս։ Ասիկա յանձնառութիւն կը պարփակէ,– բարեկամովդ հետաքրքրուելու պարտաւոր զգալ։ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած ամէնէն ուշագրաւ բարեկամութիւններէն մէկը՝ Դաւիթի եւ Յովնաթանի բարեկամութիւնն է։ Անոնք նոյնիսկ իրարու հետ բարեկամութեան ուխտ մը կնքեցին (կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 17։57. 18։1, 3)։ Թէեւ այդ մակարդակով յանձնառութիւն պարփակող բարեկամութիւններ ներկայիս սակաւադէպ են, սակայն բարեկամութիւններու մեծ մասը կ’ուռճանայ, երբ բարեկամներ յանձնառու են, կամ իրարու հանդէպ որոշ պարտաւորութիւն կը զգան (Առ. 17։17. 18։24)։
5 Իսրայէլի տրուած մովսիսական օրէնքը կը նկարագրէ ուրիշ յարաբերութիւն մը, որ յանձնառութիւն ընողներու օգուտ բերաւ։ Եթէ ստրուկ մը ուզէր բարի տիրոջ մը մնայուն կերպով պատկանելու ապահովութիւնը վայելել, ան կրնար կենսատեւ ու պարտաւորիչ համաձայնութիւն մը կնքել։ Օրէնքը կ’ըսէ. «Եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ’, այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր» (Ել. 21։5, 6)։
(Ելից 21։14) Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի։
it-1 1143
Եղջիւր
Ելից 21։14–ին ըսածը կրնայ նշանակել, թէ նոյնիսկ քահանան պէտք է մեռցուի եթէ դիտմամբ սպաննէ մէկը, եւ թէ մեռնելու պատիժէն չ’ազատիր պարզապէս քանի որ զոհասեղանին ‘եղջիւրները կը բռնէ’ (համեմատէ՛ Գ. Թագ. 2։28-34)։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
w09 4/1 31
Եհովան որբերուն հայրն է
«ՈՐԲԵՐՈՒՆ հայրը. . . Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ» (Սաղմոս 68։5)։ Այս խօսքը շատ գեղեցիկ դաս մը կը սորվեցնէ Եհովա Աստուծոյ մասին։ Եհովան լուրջի կ’առնէ դժուար պայմաններ ունեցող անհատներուն պէտքերը։ Իսրայէլ ազգին տուած իր Օրէնքին մէջ շատ յստակ է, թէ ան հոգ կը տանէր այն պզտիկներուն, որոնք ծնող մը մահով կորսնցուցած էին։ Նկատի առնենք Ելից 22։22-24–ը, ուր առաջին անգամ ըլլալով կը նշուի «որբ» արտայայտութիւնը։
Աստուած կը զգուշացնէ. «Որբը բնաւ մի՛ չարչարէք» (22–րդ համարը)։ Աստուծոյ ըսածը պարզապէս խնդրանք մը չէր որ իր ժողովուրդը մարդկութեամբ վարուէր, հապա հրամա՛ն էր։ Այն պզտիկը որ իր հայրը կորսնցուցած էր, զգայուն վիճակ կ’ունենար, քանի որ իրեն հոգ տանողը եւ պաշտպանողը կորսնցուցած կ’ըլլար։ Ոչ մէկը պէտք էր այսպիսի պզտիկ մը ‘չարչարել’։ Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններու մէջ, «չարչարել» բառը թարգմանուած է որպէս «չարաշահել», «գէշ կերպով վարուիլ» եւ «չարաչար օգտագործել»։ Որբ պզտիկի մը հետ սխալ կերպով վարուիլը լուրջ հարց մըն էր Աստուծոյ աչքին։ Լաւ որքա՞ն լուրջ։
Օրէնքը նաեւ կ’ըսէր. «Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը» (23–րդ համարը)։ Բնագիրին մէջ, 23–րդ համարին խօսքը ուղղուած է իւրաքանչիւր անհատի, մինչ 22–րդ համարին խօսքը ուղղուած է ամբողջ ազգին։ Ուրեմն թէ՛ իւրաքանչիւր անհատ եւ թէ ամբողջ ազգը նոյն չափով պատասխանատու էին այս պատուէրին հնազանդելու։ Եհովային ականջները եւ աչքերը անոնց վրայ էր եւ ան միշտ պատրաստ էր որբերուն աղաղակը լսելու (Սաղմոս 10։14. Առակաց 23։10, 11)։
Լաւ ի՞նչ կը պատահէր եթէ մէկը սխալ կերպով վարուէր որբի մը հետ, եւ պատճառ դառնար որ այդ պզտիկը աղաղակէր Եհովային։ Եհովան կ’ըսէ. «Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ» (24–րդ համարը)։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կ’ըսէ, որ «իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի» թարգմանուած արտայայտութիւնը «բառացիօրէն՝ ‘եւ քիթս պիտի տաքնայ’ է, ինչ որ ցոյց կու տայ որ Աստուած վերջին ծայր պիտի բարկանայ»։ Նկատէ որ Եհովան մարդկային դատաւորներուն չձգեց այս օրէնքը գործադրելը, հապա հարցը ինքն իր վրայ առաւ, որպէսզի պատժէ այն անհատը, որ գէշ կերպով կը վարուի պաշտպանութիւն չունեցող որբին հետ (Բ. Օրինաց 10։17, 18)։
Եհովան չէ փոխուած (Մաղաքիա 3։6)։ Ան կը կարեկցի այն պզտիկներուն, որոնք կորսնցուցած են ծնող մը կամ իրենց երկու ծնողները (Յակոբ 1։27)։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ որբերուն Հայրը արդարացիօրէն կը բարկանայ, երբ անմեղ պզտիկներ գէշ վերաբերմունքի հանդիպին։ Անոնք որոնք անմեղ պզտիկներ կը շահագործեն, Եհովային «սաստիկ բարկութիւնը» պիտի տեսնեն (Սոփոնիա 2։2)։ Այսպիսի չար մարդիկ պիտի գիտնան, որ «Սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը» (Եբրայեցիս 10։31)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 130
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։31, 32 ՄԱՐԿՈՍ 15։20, 21 ՂՈՒԿԱՍ 23։24-31 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։6-17
• ՊԻՂԱՏՈՍ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՅԻՍՈՒՍԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼ
• ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
Հակառակ անոր որ Յիսուս վայրագօրէն կը մտրակուի, ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ եւ Պիղատոս ինչե՜ր կ’ընէ որ զինք ազատ արձակէ, քահանայապետները եւ անոնց հետ եղողները իրենց միտքը չեն փոխեր։ Անոնք անպայման կ’ուզեն Յիսուսը մահուան դատապարտել։ Անոնք կը շարունակեն պոռչտալ. «Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս կը պատասխանէ. «Դո՛ւք առէք ատիկա ու խաչը հանեցէք, վասն զի ես ատոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ» (Յովհաննէս 19։6)։
Հրեաներուն քաղաքական ամբաստանութիւնը չի համոզեր Պիղատոսը որ Յիսուս մահուան արժանի է։ Հիմա անոնք ուրիշ մեթոտի կը դիմեն։ Այս անգամ անոնք կը փորձեն կրօնական գետնի վրայ զինք ամբաստանել, ըսելով որ Աստուծոյ հայհոյեց։ Անոնք կ’ըսեն. «Մենք օրէնք ունինք եւ մեր օրէնքին համեմատ պէտք է որ մեռնի, վասն զի ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ» (Յովհաննէս 19։7)։ Այս ամբաստանութիւնը նոր բան է Պիղատոսին համար։
Ան պալատ կը մտնէ եւ կը փորձէ Յիսուսը ազատելու կերպ մը գտնել,– այս մարդը որ քաջաբար տոկաց չարչարանքին եւ որուն մասին իր կինը երազ տեսաւ (Մատթէոս 27։19)։ Հիմա ալ հրեաները նոր բանով կ’ամբաստանեն Յիսուսը, նշելով որ ան կ’ըսէ թէ «Աստուծոյ Որդի» է։ Պիղատոս գիտէ որ Յիսուս Գալիլիայէն է (Ղուկաս 23։5-7)։ Բայց եւ այնպէս, անոր կը հարցնէ. «Ուրկէ՞ ես դուն» (Յովհաննէս 19։9)։ Թերեւս Պիղատոս կ’ուզէ գիտնալ որ արդեօք Յիսուս ասկէ առաջ երկնքին մէջ ապրա՞ծ է կամ աստուածային ծագում ունի՞։
Յիսուս արդէն Պիղատոսին ըսած էր, որ ինք թագաւոր է եւ թէ իր Թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ։ Ան այս նիւթին մասին չի փափաքիր աւելի խօսիլ եւ լուռ կը մնայ։ Իր լռութիւնը Պիղատոսը կը վիրաւորէ եւ ան բարկացած կ’ըսէ. «Ինծի հետ չե՞ս խօսիր. չե՞ս գիտեր թէ ես իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու ու իշխանութիւն ունիմ քեզ արձակելու» (Յովհաննէս 19։10)։
Յիսուս պարզապէս կ’ըսէ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար։ Անոր համար՝ ան որ զիս քեզի մատնեց, անոր մեղքը աւելի մեծ է» (Յովհաննէս 19։11)։ Հաւանաբար Յիսուսի մտքին մէջ միայն մէկ անհատ չկայ։ Փոխարէնը, ան ըսել կ’ուզէ որ Կայիափան, անոր հետ եղողները եւ Յուդա Իսկարիովտացին աւելի ծանր պատասխանատուութիւն կը կրեն, քան՝ Պիղատոսը։
Յիսուսի խօսքերով եւ կեցուածքով տպաւորուած եւ աւելի վախնալով որ ան թերեւս աստուածային ծագում ունի, Պիղատոս նորէն կը փորձէ զինք ազատ արձակել։ Բայց հրեաները ուրիշ բան մը կ’ըսեն, որ Պիղատոսը կը վախցնէ։ Անոնք կը սպառնան. «Եթէ ատիկա արձակես, Կայսրին բարեկամը չես. ամէն ով որ ինքզինք թագաւոր կ’անուանէ, անիկա Կայսրին հակառակ կը խօսի» (Յովհաննէս 19։12)։
Պիղատոս Յիսուսը նորէն դուրս կը բերէ եւ դատական աթոռին վրայ նստելով՝ ժողովուրդին կ’ըսէ. «Ահա ձեր թագաւորը»։ Բայց հրեաները նորէն կ’ըսեն. «Վերցո՛ւր, վերցո՛ւր, խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս կ’ըսէ. «Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ»։ Հրեաները հռոմէական իշխանութիւնը չեն սիրեր. բայց եւ այնպէս, քահանայապետները ամենայն համարձակութեամբ կը պատասխանեն. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք» (Յովհաննէս 19։14, 15)։
Պիղատոս հրեաներէն վախնալով՝ տեղի կու տայ անոնց վճռակամ պահանջներուն եւ Յիսուսը կը յանձնէ, որպէսզի մահապատիժի ենթարկուի։ Զինուորները անոր վրայէն կը հանեն ծիրանի վերարկուն եւ ետ իր հանդերձները կը հագցնեն։ Ետքը Յիսուսին շալկել կու տան իր տանջանքի ցիցը, որուն վրայ քիչ ետք պիտի գամուի։
Հիմա ուրբաթ, նիսան 14–ի կէսօրուան դէմ է։ Եւ քանի՛ որ Յիսուս հինգշաբթի առտուընէ ի վեր չէ քնացած եւ դաժան կերպով չարչարուած է, ցիցը շալկած ատեն իր ուժը կը կորսնցնէ։ Զինուորները կը պարտադրեն Սիմոն անունով անցորդ մը, որ կիւրենացի է, որ իր տեղը շալկէ ցիցը մինչեւ մահապատիժը գործադրելու տեղը։ Անոնց կը հետեւի մեծ բազմութիւն մը, որոնցմէ ոմանք կ’ողբան ու կու լան եղածներուն համար։
Յիսուս լացող կիներուն կ’ըսէ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։ Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։ Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’։ Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն» (Ղուկաս 23։28-31)։
Յիսուս կ’ակնարկէ հրեայ ազգին։ Ատիկա կը նմանի երթալով չորցող փայտի, որ տակաւին քիչ մը խոնաւութիւն ունի, դալար է, քանի որ Յիսուս իրենց հետ է եւ կան կարգ մը հրեաներ, որոնք իրեն կը հաւատան։ Երբ Յիսուս մեռնի եւ աշակերտները նոր հոգեւոր ազգի մը մաս կազմեն, հրեայ ազգը հոգեւորապէս պիտի չորնայ, այսինքն՝ չոր փայտի պէս պիտի ըլլայ։ Իրապէս մեծ ողբ պիտի ըլլայ, երբ հռոմէական զօրքը Աստուծոյ դատաստանը գործադրէ այդ ազգին դէմ։
◇ Կրօնական առաջնորդները ի՞նչ ամբաստանութիւն կ’ընեն Յիսուսին դէմ։
◇ Պիղատոս ինչո՞ւ աւելի կը վախնայ։
◇ Քահանայապետները ինչպէ՞ս Պիղատոսը կը մղեն որ Յիսուսը մահուան դատապարտէ։
◇ Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ երբ փայտին կ’ակնարկէ որպէս «դալար» եւ ետքը՝ «չոր»։