Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա20 Սեպտեմբեր էջ 1-14
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 7-13
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 14-20
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21-27
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 28–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 4
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
ժտա20 Սեպտեմբեր էջ 1-14

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 7-13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 23-24

«Բազմութեան մի՛ հետեւիր»

(Ելից 23։1) Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով։

դ18.08 4 ¶7-8

Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս

7 Կը սիրե՞ս ե–նամակներ եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկել բարեկամներուդ։ Երբ հետաքրքրական լուր մը տեսնես հեռատեսիլին մէջ կամ յատուկ փորձառութիւն մը լսես, կը զգա՞ս որ լրագրող մըն ես, որ կ’ուզէ զայն շուտով ուրիշներուն պատմել։ Բայց առաջ որ ե–նամակ մը կամ կարճ հաղորդագրութիւն մը ղրկես, դուն քեզի հարցուր. ‘Վստա՞հ եմ որ այս պատմութիւնը ճիշդ է։ Իրողութիւնները գիտե՞մ’։ Եթէ վստահ չես, կրնաս պատճառ ըլլալ որ սուտեր տարածուին եղբայրներուն մէջ։ Ուրեմն, եթէ կասկած ունիս, «Ջնջել» կոճակը սեղմէ, եւ ոչ թէ՝ «Ղրկել» կոճակը։

8 Ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ, թէ ինչո՛ւ վտանգաւոր է առանց մտածելու ե–նամակներ եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ղրկել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր գործը սահմանափակուած է կամ արգելքի տակ է։ Այսպիսի երկիրներու մէջ, մեր հակառակորդները դիտմամբ այնպիսի պատմութիւններ կը տարածեն, որ վախնանք կամ իրարու չվստահինք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ։ Գաղտնի ոստիկանութիւնը, որ կը կոչուէր՝ Քը.Կէ.Պէ., տարաձայնութիւններ տարածեց, թէ կարգ մը պատասխանատու եղբայրներ դաւաճանած էին Եհովայի ժողովուրդին։ Ցաւօք սրտի, շատեր այդ սուտ պատմութիւններուն հաւատացին եւ Եհովային կազմակերպութիւնը ձգեցին։ Յետագային, անոնցմէ շատեր վերադարձան, բայց ուրիշներ՝ ո՛չ։ Անոնք ձգեցին որ այդ սուտ պատմութիւնները կործանեն իրենց հաւատքը (Ա. Տիմ. 1։19)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի այսպիսի ցաւալի բան մը մեզի չպատահի։ Ժխտական կամ չփաստուած պատմութիւններ մի՛ տարածեր։ Միամիտ մի՛ ըլլար։ Փաստէ որ լսածներդ իրողութիւններ են։

(Ելից 23։2) Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։

it-1 11 ¶3

Ահարոն

Հետաքրքրական է որ Ահարոն երեք պարագաներուն ալ նախաքայլը չառաւ սխալ ընելու, բայց թոյլ տուաւ որ ճնշիչ պարագաները կամ մարդիկ զինք մղեն, որ սխալ ընթացք մը բռնէ։ Մասնաւորաբար առաջին պարագային մէջ, ան կրնար հետեւեալ պատուէրին ետին եղող սկզբունքը կիրարկել. «Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր» (Ել. 23։2)։

(Ելից 23։3) Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։

դ92 10/1 11 ¶18

ԵՀՈՎԱ՝ ‘ԲՈԼՈՐ ԵՐԿՐԻ ԱՆԱՉԱՌ ԴԱՏԱՒՈՐԸ’

18 Իսրայէլի մէջ դատաւորներուն կիրարկելիք սկզբունքներուն մէջ, հետեւեալները կը գտնուէին. համահաւասար արդարութիւն հարուստին ու աղքատին (Ելից 23։3, 6. Ղեւտացւոց 19։15). կատարեալ անաչառութիւն (Բ. Օրինաց 1։17). անկաշառակերութիւն (Բ. Օրինաց 16։18–20). Դատաւորները յարատեւաբար պէտք էր յիշէին որ իրենց դատած անհատները Եհովայի ոչխարներն էին։ (Սաղմոս 100։3) Իրականութեան մէջ, Եհովա մարմնաւոր Իսրայէլը մերժելուն պատճառներէն մէկն էր թէ անոր քահանաներն ու հովիւները արդարութեամբ չէին դատեր եւ ժողովուրդին հետ խստութեամբ կը վարուէին։—Երեմեայ 22։3, 5, 25. 23։1, 2. Եզեկիէլ 34։1–4. Մաղաքեայ 2։8, 9

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 23։9) Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք։

դ16.10 9 ¶4

«Մի՛ մոռնաք օտարներու հանդէպ ազնուութիւնը»

4 Փոխանակ իսրայէլացիներուն հրամայելու որ օտարները յարգեն, Եհովան իրենց խիղճը արթնցուց (կարդա՛ Ելից 23։9)։ Անոնք գիտէին թէ ի՛նչ ըսել է օտար ըլլալ։ Նոյնիսկ առաջ որ անոնք ստրուկ դառնան Եգիպտոսի մէջ, եգիպտացիները չէին սիրեր զիրենք, քանի որ իրենցմէ տարբեր էին (Ծն. 43։32. 46։34. Ել. 1։11-14)։ Իսրայէլացիները նեղ օրեր ունեցած էին որպէս օտարներ։ Եհովան կ’ուզէր որ անոնք ասիկա յիշէին եւ ազնիւ ըլլային (Ղեւ. 19։33, 34)։

(Ելից 23։20, 21) Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։ 21 Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է։

դմ 204-205, շրջանակ

Հրեշտակային Պահապաննե՞ր՝ թէ Դիւային Կառավարիչներ

Ամէն բանէ առաջ, կը նկատենք որ Միքայէլը կոչուած է «առաջին իշխաններէն մէկը» եւ ‘ձեր իշխանը’։ Ետքը, Միքայէլի ակնարկուած է որպէս Դանիէլի ‘ժողովուրդին որդիներուն վրայ կեցող մեծ իշխանը’։ (Դանիէլ 10։21. 12։1) Ասիկա կը նշէ որ Միքայէլ ինքն էր Իսրայելացիները անապատին մէջէն առաջնորդելու համար Եհովայի կողմէ նշանակուած հրեշտակը։—Ելից 23։20-23. 32։34. 33։2

Այս եզրակացութեան յանգելու կը նպաստեն Յուդա աշակերտին խօսքերը, թէ «Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր»։ (Յուդա 9) Միքայէլի դիրքը, զօրութիւնը եւ հեղինակութիւնը զինք իրապէս «հրեշտակապետ» կը դարձնեն, որ կը նշանակէ «գլխաւոր հրեշտակը»։ Այս բարձր դիրքը տեղին ըլլալով կարելի է կիրարկել միմիայն Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին, երկիր գալէն առաջ եւ վերջ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Յայտնութիւն 12։7-9

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 131

ԱՆՄԵՂ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻ ՑԻՑԻՆ ՎՐԱՅ

ՄԱՏԹԷՈՍ 27։33-44 ՄԱՐԿՈՍ 15։22-32 ՂՈՒԿԱՍ 23։32-43 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։17-24

• ՅԻՍՈՒՍԸ ՏԱՆՋԱՆՔԻ ՑԻՑԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԳԱՄԵՆ

• ՅԻՍՈՒՍԻ ԳԼԽՈՒՆ ՎԵՐԵՒ ԴՐՈՒԱԾ ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱՒ ԶԻՆՔ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ

• ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՐԱՅԻՆ ԴՐԱԽՏԻ ՄԷՋ ԱՊՐԵԼՈՒ ՅՈՅՍԸ ԿՈՒ ՏԱՅ

Յիսուսը կը տանին քաղաքին մօտ գտնուող վայր մը, ուր ան եւ երկու աւազակներ մահապատիժի պիտի ենթարկուին։ Այդ վայրը կը կոչուի՝ «Գողգոթա» կամ «Գանկի տեղ»։ Անիկա նոյնիսկ «հեռուէն» կը տեսնուի (Մարկոս 15։40)։

Զինուորները երեք դատապարտեալներուն վրայէն հագուստները կը հանեն եւ զմուռսով խառնուած գինի կու տան անոնց։ Այնպէս կ’երեւի որ Երուսաղէմի կիները այս խառնուրդը պատրաստած են եւ հռոմայեցիները խնդիր չունին ատիկա դատապարտեալներուն տալու, որ անոնց ցաւը թեթեւնայ։ Բայց Յիսուս ատիկա համտեսելէ ետք, կը մերժէ խմել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կ’ուզէ այս մեծ փորձութեան ժամանակ արթուն եւ հաւատարիմ մնալ՝ մինչեւ մահ։

Յիսուսը կ’երկնցնեն ցիցին վրայ (Մարկոս 15։25)։ Զինուորները անոր ձեռքերը եւ ոտքերը ցիցին վրայ կը գամեն։ Գամերը անոր միսը եւ յօդակապերը կը պատռեն, ինչ որ շա՛տ ցաւ կը պատճառէ։ Իսկ երբ զինուորները ցիցը կը կանգնեցնեն, Յիսուսին ցաւերը անտանելի կը դառնան, քանի որ անոր մարմինին ծանրութենէն՝ վէրքերը կը մեծնան։ Բայց Յիսուս զինուորները չի յանդիմաներ, հապա կ’աղօթէ՝ ըսելով. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղուկաս 23։34)։

Հռոմայեցիները սովորութիւն ունին ոճրագործին գլխուն վերեւ գրութիւն մը դնելու, որ ցոյց կու տայ անոր յանցանքը։ Պիղատոս Յիսուսին համար հետեւեալը գրել տուած է. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրեաներու»։ Ատիկա գրուած է եբրայերէնով, լատիներէնով եւ յունարէնով, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ կարդալ։ Պիղատոսին այս քայլը ցոյց կու տայ իր արհամարհանքը հրեաներուն հանդէպ, որոնք պնդեցին որ Յիսուս սպաննուի։ Քահանայապետները Պիղատոսին կը գանգատին՝ ըսելով. «Մի՛ գրեր Թագաւոր Հրեաներու, հապա թէ՝ ‘Ինք ըսաւ, Թագաւոր եմ Հրեաներու’»։ Բայց Պիղատոս չ’ուզեր նորէն օգտագործուիլ անոնց կողմէ. անոր համար կը պատասխանէ. «Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի» (Յովհաննէս 19։19-22)։

Խիստ բարկացած քահանաները կը կրկնեն այն սուտ վկայութիւնը, որ նախապէս տրուեցաւ Սենետրիոնի դատաքննութիւններուն ժամանակ։ Զարմանալի չէ որ անցորդները իրենց գլուխը ծաղրանքով կը շարժեն եւ անարգելով կ’ըսեն. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։ Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։ Իսկ քահանայապետները եւ դպիրները իրարու կ’ըսեն. «Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէս զի տեսնենք ու հաւատանք» (Մարկոս 15։29-32)։ Նոյնիսկ երկու աւազակները, որոնք Յիսուսին աջ ու ձախ կողմն են, զինք կը նախատեն, հակառակ անոր որ ինք միակն է որ իրապէս անմեղ է։

Հռոմայեցի չորս զինուորներն ալ Յիսուսը ծաղր կ’ընեն։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք գինի խմած են եւ հիմա ծաղրանքով ատիկա Յիսուսին կը հրամցնեն, թէեւ գիտեն որ չի կրնար ձեռքը երկարել եւ առնել։ Անոնք Յիսուսի գլխուն վրայի գրութեան ակնարկելով՝ ծաղրական ոճով կ’ըսեն. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ» (Ղուկաս 23։36, 37)։ Պահ մը մտածէ։ Այն մարդը, որ փաստած է որ ինքն է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը, անարդարօրէն ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ։ Բայց Յիսուս քաջաբար այս բոլորին կը տոկայ, առանց յանդիմանելու հրեաները, զինք ծաղրող հռոմայեցի զինուորները կամ իր կողքին եղող երկու չարագործները։

Չորս զինուորները Յիսուսին վերնազգեստները կ’առնեն եւ չորսի կը բաժնեն։ Անոնց վրայ վիճակ կը ձգեն, որպէսզի նային թէ ո՛վ որ մասը պիտի առնէ։ Իսկ Յիսուսին զգեստը շատ լաւ որակ ունի։ Անիկա ‘առանց կարի է, վերէն վար հիւսուած’։ Զինուորները կ’ըսեն. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ»։ Այսպէս անոնք կը կատարեն այն համարը, որ կ’ըսէ թէ Մեսիային հագուստները պիտի բաժնուէին եւ անոնց վրայ վիճակ ձգուէր (Յովհաննէս 19։23, 24. Սաղմոս 22։18)։

Որոշ ժամանակ ետք, չարագործներէն մէկը կ’անդրադառնայ որ Յիսուս իրապէս թագաւոր է։ Ան միւս յանցագործը կը յանդիմանէ՝ ըսելով. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։ Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։ Ետքը Յիսուսէն կը խնդրէ. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկաս 23։40-42)։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Յիսուս անոր չ’ըսեր, որ Թագաւորութեան մէջ պիտի ըլլայ, հապա կ’ըսէ՝ «դրախտին մէջ»։ Իր այս խոստումը տարբեր է այն խոստումէն, որուն մասին խօսեցաւ իր առաքեալներուն, երբ ըսաւ որ Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ պիտի նստին գահերու վրայ (Մատթէոս 19։28. Ղուկաս 22։29, 30)։ Բայց այս հրեայ չարագործը կրնայ ըլլալ որ լսած է այն երկրային Դրախտին մասին, որ Եհովան սկիզբը տուած էր Ադամին եւ Եւային, որպէսզի թէ՛ անոնք եւ թէ անոնց սերունդը հոն բնակին։ Անոր համար Յիսուսին այս խօսքերը շատ գեղեցիկ յոյս կու տան չարագործին։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ կը մերժէ իրեն տրուած գինիէն խմել։

◇ Յիսուսի գլխուն վերեւ ի՞նչ գրութիւն կը կախեն եւ հրեաները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

◇ Յիսուսի հագուստներուն մասին տրուած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

◇ Յիսուս ի՞նչ յոյս կու տայ չարագործներէն մէկուն։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 14-20

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 25-26

«Խորանին մէջի ամէնէն կարեւոր իրը»

(Ելից 25։9) Խորանին օրինակը եւ անոր բոլոր կարասիներուն օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս շինեցէք։

it-1 165

Ուխտին տապանակը

Չափերը եւ ձեւը. Երբ Եհովան Մովսէսին պատուիրեց որ խորանը շինէ, առաջին անգամ իրեն տուաւ տապանակին չափերը եւ ձեւը։ Տուփին երկայնքը 2.5 կանգուն էր, լայնքը՝ 1.5 կանգուն, իսկ բարձրութիւնը՝ 1.5 կանգուն (շուրջ 111×67×67 սմ.)։ Ատիկա սատիմի փայտէ շինուած էր եւ ներսէն ու դուրսէն զուտ ոսկիով պատուած էր։ Տապանակին երկրորդ մասը՝ կափարիչը, միայն ոսկիով շինուած էր՝ առանց տախտակի։ Ատիկա ճիշդ տուփին երկայնքն ու լայնքը ունէր։ Կափարիչին վրայ ոսկիէ երկու քերովբէներ կային, որոնք մուրճով աշխատցուած էին։ Քերովբէները կափարիչին երկու ծայրերուն վրայ դէմ–դիմաց էին, իրենց գլուխները՝ ծռած, իսկ իրենց թեւերը վերէն տարածելով կափարիչը ծածկած էին (Ել. 25։10, 11, 17-22. 37։6-9)։

(Ելից 25։21) Քաւութիւնը տապանակին վրայ պիտի դնես։ Քեզի տալու վկայութիւնս տապանակին մէջ դի՛ր։

դ02 2/1 9 ¶6

Եհովա՝ բարութեան գերագոյն օրինակն է

6 Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը գնահատեց Աստուծոյ բարութիւնը եւ անոր առաջնորդութիւնը փնտռեց։ «Տէրը բարի եւ ուղիղ է», ըսաւ Դաւիթ։ «Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան»։ (Սաղմոս 25։8) Իսրայելացիներուն տրուած աստուածային հրահանգներուն մէջ կային տասը կարեւոր օրէնքներ՝ Տասը Պատուիրանները, գրուած՝ երկու քարէ տախտակներու վրայ եւ պահուած՝ ուխտի տապանակը կոչուած սրբազան արկղի մը մէջ։ Դաւիթ Տապանակը Իսրայէլի մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմ՝ բերել տալէ ետք, Ղեւտացիները երգ մը երգեցին, որուն մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը կար. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ (Ա. Մնացորդաց 16։34, 37-41) Որքա՜ն հաճելի ըլլալու էր լսել այս խօսքերը Ղեւտացի երգիչներու շրթներէն։

(Ելից 25։22) Հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, Իսրայէլի որդիներուն համար բոլոր քեզի տալիք պատուիրանքներուն վրայով պիտի խօսիմ քեզի հետ։

it-1 166 ¶3

Ուխտին տապանակը

Աստուծոյ ներկայութեան հետ կապ ունէր։ Ամբողջ պատմութեան մէջ, տապանակը կապ ունէր Աստուծոյ ներկայութեան հետ։ Եհովան խոստացաւ. «Հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ամպի մէջ պիտի երեւնամ քաւութեան վրայ» (Ել. 25։22. Ղեւ. 16։2)։ Սամուէլ գրեց որ Եհովան ‘քերովբէներուն վրայ նստած է’ (Ա. Թագ. 4։4)։ Ուրեմն քերովբէները կը ներկայացնէին Եհովային «կառք»ը (Ա. Մն. 28։18)։ ‘Երբ Մովսէս վկայութեան խորանը կը մտնէր Եհովային հետ խօսելու, այն ատեն իրեն հետ խօսողին ձայնը վկայութեան տապանակին վրայ եղած քաւութեան վրայէն եւ երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, կը լսէր ու ինք Անոր հետ կը խօսէր’ (Թւ. 7։89)։ Յետագային, Յեսուն եւ Փենէհէս քահանայապետը տապանակին առջեւ հարցում հարցուցին Եհովային (Յես. 7։6-10. Դատ. 20։27, 28)։ Բայց միայն քահանայապետը կրնար մտնել Սրբութիւն սրբութեանցը եւ տապանակը տեսնել։ Ասիկա տարին մէկ անգամ կ’ըլլար Քաւութեան օրուան արարողութիւնը ընելու համար, եւ ոչ թէ Եհովային հետ խօսելու համար (Ղեւ. 16։2, 3, 13, 15, 17. Եբ. 9։7)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 25։20) Քերովբէները թեւերնին վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը պիտի ծածկեն։ Անոնց երեսները իրարու պիտի նային. քերովբէներուն երեսները դէպի քաւութիւնը պիտի ըլլան։

it-1 432 ¶1

Քերովբէ

Խորանին կահկարասիին վրայ կը գտնուէին քերովբէներու կերպարներ։ Օրինակ, տապանակին կափարիչին երկու ծայրերուն վրայ ոսկիէ քերովբէներ կային, որոնք մուրճով աշխատցուած էին եւ դէմ–դիմաց էին։ Քերովբէները պաշտամունք մատուցանելու կերպով ծռած էին։ Ամէն մէկը ունէր երկու թեւեր եւ զանոնք վերէն տարածելով կափարիչը կը ծածկէին, այնպէս մը որ կարծես թէ զայն կը պաշտպանէին (Ել. 25։10-21. 37։7-9)։ Ասկէ զատ, խորանին ներսի վարագոյրները, ինչպէս նաեւ այն վարագոյրը որ Սրբութիւնը կը բաժնէր Սրբութիւն սրբութեանցէն, իրենց վրայ ունէին քերովբէներու կերպարներ (Ել. 26։1, 31. 36։8, 35)։

(Ելից 25։30) Սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացը միշտ իմ առջեւս դի՛ր։

it-2 936

Առաջաւորութեան հաց

Առաջաւորութեան հացը կը բաղկանար տասներկու կտոր հացերէ, որոնք սեղանի մը վրայ կը դրուէին խորանին կամ տաճարին Սրբութեան բաժանմունքին մէջ։ Ատոնք ամէն Շաբաթ օր թարմ հացերով կը փոխարինուէին (Ել. 35։13. 39։36. Գ. Թագ. 7։48. Բ. Մն. 13։11. Նէ. 10։32, 33)։ Առաջաւորութեան հաց թարգմանուած եբրայերէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «երեսին հացը»։ Ատեններ, «երես» բառը կ’ակնարկէ ներկայութեան (Դ. Թագ. 13։23), եւ այսպիսով առաջաւորութեան հացը միշտ Եհովային երեսին առջեւն էր որպէս ընծայ (Ել. 25։30)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 132

«ԱՐԴԱՐԵՒ ՈՐԴԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԷՐ ԱՅՍ ՄԱՐԴԸ»

ՄԱՏԹԷՈՍ 27։45-56 ՄԱՐԿՈՍ 15։33-41 ՂՈՒԿԱՍ 23։44-49 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։25-30

• ՅԻՍՈՒՍ ՑԻՑԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՄԵՌՆԻ

• ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ՝ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԴԷՊՔԵՐ Կ’ԸԼԼԱՆ

Հիմա «վեցերորդ ժամ»ն է, այսինքն կէսօր է։ Տարօրինակ խաւար կ’ըլլայ ‘երկրին վրայ մինչեւ իններորդ ժամը’, այսինքն՝ կէսօրէ ետք ժամը երեք (Մարկոս 15։33)։ Ատիկա արեգակնային խաւարում չէ, քանի որ ատանկ բան տեղի կ’ունենայ նորալուսնի ժամանակ։ Իսկ հիմա Պասեքի շրջանն է, երբ լիալուսին կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, արեւի խաւարումը միայն քանի մը վայրկեան կը տեւէ, բայց այս խաւարը շատ աւելի երկար կը տեւէ։ Ուրեմն Աստուա՛ծ կը պատճառէ ատիկա։

Երեւակայէ անոր ազդեցութիւնը ունեցաւ Յիսուսը ծաղրողներուն վրայ։ Այդ մութ ժամանակին, տանջանքի ցիցին կը մօտենան չորս կիներ. Յիսուսին մայրը, Սողովմէն, Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոս առաքեալի մայրը՝ Մարիամը։

Յովհաննէս առաքեալ Յիսուսին մօր քովը կը կենայ՝ տանջանքի ցիցին մօտ։ Մարիամ կը դիտէ մինչ իր ծնունդ տուած եւ մեծցուցած տղան ցաւերու մէջ ցիցէն կախուած է։ Մարիամի համար, կարծես իր սրտէն «թուր մը» կ’անցնի (Յովհաննէս 19։25. Ղուկաս 2։35)։ Հակառակ անոր որ Յիսուս անտանելի ցաւերու մէջ է, իր մօր բարօրութեան մասին կը մտածէ։ Ան ջանք կ’ընէ որ գլխու շարժումով Յովհաննէսը ցոյց տայ իր մօր եւ ըսէ. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։ Ետքը իր մայրը ցոյց տալով՝ Յովհաննէսին կ’ըսէ. «Ահա՛ քու մայրդ» (Յովհաննէս 19։26, 27)։

Յիսուս իր սիրելի առաքեալին՝ Յովհաննէսին կը յանձնէ իր մօր հոգատարութիւնը, որ հիմա ըստ երեւոյթին այրի է։ Յիսուս գիտէ որ իր խորթ եղբայրները, Մարիամին միւս տղաքը, դեռ իրեն հանդէպ հաւատք չունին։ Անոր համար ան կարգադրութիւն կ’ընէ, որ Յովհաննէս իր մօր ֆիզիքական եւ հոգեւոր պէտքերը հոգայ։ Ի՜նչ աղուոր օրինակ։

Մօտաւորապէս այն ժամանակ, երբ խաւարը իր աւարտին կը հասնի, Յիսուս կ’ըսէ. «Ծարաւ եմ» (Յովհաննէս 19։28. Սաղմոս 22։15)։ Այսպէս մարգարէութիւն մը կը կատարուի։ Յիսուս կը զգայ որ իր Հայրը իր պաշտպանութիւնը վերցուցած է, որպէսզի իր ուղղամտութիւնը ծայր աստիճան փորձուի։ Ան բարձր ձայնով կ’աղաղակէ. «Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի», որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ Իր քովը կայնողներէն ոմանք իր խօսքը սխալ կերպով կը հասկնան եւ կ’ըսեն. «Եղիան կը կանչէ»։ Անոնցմէ մէկը կը վազէ եւ սպունգ մը քացախի մէջ կը թաթխէ եւ եղէգին անցընելով Յիսուսին կու տայ որ խմէ։ Բայց ուրիշներ անոր կ’ըսեն. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու» (Մարկոս 15։34-36)։

Ետքը Յիսուս կ’աղաղակէ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհաննէս 19։30)։ Այո, ան կատարած է ամէն բան, որուն համար իր Հայրը զինք երկիր ղրկած է։ Յետոյ Յիսուս կ’ըսէ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս» (Ղուկաս 23։46)։ Յիսուս լիովին վստահ է, որ Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տայ, անոր համար այդ խօսքը ըսելէ ետք, իր գլուխը կը ծռէ ու կը մեռնի։

Ասոր վրայ զօրաւոր երկրաշարժ կ’ըլլայ ու ժայռերը կը ճեղքուին։ Ատիկա ա՛յնքան զօրաւոր է որ Երուսաղէմէն դուրս գտնուող գերեզմանները կը բացուին եւ դիակներ դուրս կու գան։ Անցորդները, որոնք կը տեսնեն դիակները, «սուրբ քաղաքը» կը մտնեն եւ իրենց տեսածին մասին կը պատմեն (Մատթէոս 12։11. 27։51-53)։

Երբ Յիսուս կը մեռնի, Աստուծոյ տաճարին ծանր եւ երկար վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէ Սրբութիւն Սրբութեանցէն, վերէն վար կը պատռուի։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Աստուած որքա՜ն բարկացած է իր Որդին սպաննողներուն դէմ։ Ատիկա նաեւ ցոյց կու տայ, որ հիմա ճամբան բաց է դէպի բուն Սրբութիւն Սրբութեանցը, այսինքն՝ երկինք (Եբրայեցիս 9։2, 3. 10։19, 20)։

Մարդիկ շա՛տ կը վախնան։ Հարիւրապետը, որ մահապատիժին գործադրութեան վրայ կը վերահսկէր, կ’ըսէ. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը» (Մարկոս 15։39)։ Թերեւս ան ներկայ էր, երբ Պիղատոսին առջեւ քննարկուեցաւ Յիսուսին Աստուծոյ Որդի ըլլալու նիւթը։ Հիմա ան համոզուած է, որ Յիսուս անմեղ է եւ իրապէս Աստուծոյ Որդին է։

Ուրիշներ ալ, այս արտասովոր դէպքերը տեսնելով, իրենց տունը կ’երթան ‘կուրծքերնուն զարնելով’, այսինքն՝ վիշտով եւ ամօթով լեցուած (Ղուկաս 23։48)։ Հեռուէն դիտողներուն մէջ շատ մը կիներ կան, որոնք Յիսուսին աշակերտներէն են եւ անոր ծառայութեան ժամանակ շատ անգամ անոր ընկերակցած են։ Այս բոլորը տեսնելով՝ անոնք ալ խորապէս ցնցուած եւ յուզուած են։

«ԽԱ՛ՉԸ ՀԱՆԷ ԱՏԻԿԱ» Յիսուսի թշնամիները աղաղակեցին. «Խա՛չը հանէ ատիկա» (Յովհաննէս 19։15)։ Աւետարանին մէջ, «խաչ» թարգմանուած յունարէն բառն է՝ սթաւրոս։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Սթաւրոս կը նշանակէ ‘ուղիղ փայտ մը’, ցից մը, ինչպէս այն ցիցերը, որոնք հողագործները հողին մէջ կը մխրճեն՝ ցանկապատ շինելու համար,– ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս» (History of the Cross)։

◇ Երեք ժամ տեւող խաւարը ինչո՞ւ չի կրնար արեգակնային խաւարում ըլլալ։

◇ Տարեց ծնողներու հոգ տանելու նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ օրինակ ձգեց։

◇ Երկրաշարժը ի՞նչ կը պատճառէ, եւ տաճարին վարագոյրին պատռուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

◇ Յիսուսին մահը եւ այդ ժամանակ տեղի ունեցած արտասովոր դէպքերը ինչպէ՞ս ներկաներուն կ’ազդեն։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21-27

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 27-28

«Ի՞նչ կրնանք սորվիլ քահանաներուն հանդերձներէն»

(Ելից 28։30) Դատաստանի լանջապանակին մէջ Ուրիմը ու Թումիմը դի՛ր։ Անոնք Ահարոնին սրտին վրայ ըլլան, երբ Տէրոջը առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջը առջեւ միշտ իր սրտին պէտք կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը։

դ09 7/1 11

Գիտէի՞ր

Այնպէս կը թուի, թէ Ուրիմը եւ Թումիմը վաղեմի Իսրայէլի մէջ կը գործածուէին, ազգին կամ անոր առաջնորդներուն համար կարեւորութիւն ունեցող հարցերուն առնչութեամբ Եհովայի կամքը գիտնալու։ Այս իրերը քահանայապետին վստահուած էին, եւ «դատաստանի լանջապանակ»ին մէջ կը պահուէին (Ելից 28։15, 16, 30)։ Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները երբեք չեն նկարագրեր զանոնք եւ գործածութեան մեթոտը, սակայն կարգ մը հատուածներ ենթադրել կու տան, թէ անոնք կը գործածուէին իբրեւ վիճակ, Աստուծոյ պատասխանը ըլլալով՝ «այո՛», «ո՛չ» կամ ո՛չ մէկ պատասխան։

Օրինակ, Դաւիթ Աբիաթարէն խնդրեց որ իրեն մօտեցնէ՝ ըստ երեւոյթին քահանայապետին եփուտը, որուն մէջ Ուրիմն ու Թումիմը կային։ Դաւիթ Եհովայի երկու հարցում ուղղեց. ‘Սաւուղ Կէիլա պիտի իջնէ՞’, եւ ‘Կէիլայի բնակիչները զիս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն’։ Երկու հարցումներուն պատասխանն էր՝ այո՛, ինչ որ Դաւիթի օգնեց յարմար որոշումներ կայացնելու (Ա. Թագաւորաց 23։6-12)։

Նախապէս, Սաւուղ թագաւոր Ուրիմն ու Թումիմը գործածեց՝ զատորոշելու թէ ո՛վ էր յանցաւորը. ժողովո՛ւրդը թէ ինք ու Յովնաթան, ապա ի՛նք թէ Յովնաթան (Ա. Թագաւորաց 14։40-42)։ Յետագային, երբ Սաւուղ աստուածային հաճութիւնը կորսնցուց, Աստուած այլեւս «թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ՛ մարգարէներով» անոր ուղղութիւն չտուաւ (Ա. Թագաւորաց 28։6)։

(Ելից 28։36) Զուտ ոսկիէ թիթեղ մը շինէ՛ ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ‘Սրբութիւն Տեառն’ [«Սրբութիւնը Եհովայի կը պատկանի», ՆԱ] փորագրէ՛։

դ96 11/1 9 ¶4

‘Սուրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’

4 Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքին հետ կապ ունեցող ամէն բան, պէտք էր սուրբ նկատուէր ու այդ հանգամանքով գործածուէր Իսրայէլի մէջ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա ինք սրբութեան արմատը եւ աղբիւրն է։ Սուրբ տաղաւարին եւ զգեստներուն ու զարդարանքներուն պատրաստութեան մասին Մովսէսի արձանագրութիւնը հետեւեալ խօսքերով կ’աւարտի. «Եւ մաքուր ոսկուց մի թիթեղ շինես, եւ նորա վրայ կնիք քանդակողի պէս փորագրես Սուրբ Եհովային։ Եւ նորան անցկացնես մի կապուտակ ժապաւէնի վերայ, որ խոյրի վրայ դրուի»։ Զուտ ոսկիէ պսակին այս թիթեղը քահանայապետին խոյրին վրայ դրուած էր, եւ ցոյց կու տար որ ան ջոկուած էր մասնայատուկ սրբութիւն ունեցող ծառայութեան մը համար։ Արեւուն տակ շողշողացող այս փորագրուած նշանագիրը Իսրայելացիներուն կանոնաւորաբար կը վերյիշեցնէր Եհովայի սրբութիւնը։—Ելից 28։36. 29։6. 39։30 [թարգ. Արարատ]։

(Ելից 28։42, 43) Անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ շինէ՛, իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար։ Անոնց մէջքերէն մինչեւ ծունկերը պէտք է հասնին։ 43 Անոնք Ահարոնին ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ վկայութեան խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին։

դ08 8/1 23 ¶17-18

Եհովան պատուէ՝ ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերելով

17 Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի որ Եհովայի պաշտամունք մատուցանելու ատեն ծանրաբարոյութիւն ցուցաբերենք։ «Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛», կ’ըսէ Ժողովող 5։1–ը։ Երբ սուրբ տեղ մը կը գտնուէին, թէ՛ Մովսէսի եւ թէ Յեսուի հրամայուեցաւ որ իրենց կօշիկները հանեն։ (Ել. 3։5. Յես. 5։15) Այսպէս անոնք յարգանք կամ ակնածանք ցոյց պիտի տային։ Իսրայելացի քահանաները ստիպուած էին կտաւէ անդրավարտիքներ հագնիլ, իրենց «մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար»։ (Ել. 28։42, 43) Այսպէս զոհասեղանին քով ծառայելու ատեն անպատշաճ երեւոյթ պիտի չստեղծուէր։ Քահանայի մը ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը ծանրաբարոյութեան աստուածային չափանիշը պէտք էր վեր բռնէր։

18 Եհովայի երկրպագուները ըլլալով, մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն մէջ ծանրաբարոյութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ Պատիւի ու յարգանքի արժանի ըլլալու համար, յարգալից կերպով պէտք է վարուինք։ Մեր ցուցաբերած ծանրաբարոյութիւնը շինծու կամ մակերեսային պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ սրտէն պէտք է բխի։ (Ա. Թագ. 16։7. Առ. 21։2) Ծանրաբարոյութիւնը մեր մէկ մասը պէտք է ըլլայ եւ ազդէ մեր վարքին, մեր կեցուածքին, ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան, նոյնիսկ մեր անձին հանդէպ մեր տեսակէտին եւ զգացումներուն։ Արդարեւ, ծանրաբարոյութիւնը պէտք է բացայայտ ըլլայ ամէն ատեն, եւ մեր ըսած ու ըրած բոլոր բաներուն մէջ։ Երբ հարցը կը վերաբերի մեր բարքին, վերաբերմունքին եւ հագուստին ու յարդարանքին, Պօղոս առաքեալի խօսքերուն կ’անսանք. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս»։ (Բ. Կոր. 6։3, 4) «Մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ [կը զարդարենք]»։—Տիտ. 2։10

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 28։15-21) Դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ ըլլալու է։ Զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինէ՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ 16 Քառակուսի պէտք է ըլլայ երկուքի ծալլուելով։ Անոր երկայնութիւնը՝ մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ պէտք է ըլլայ։ 17 Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին նման չորս կարգ քարեր գամէ՛, այս կարգով՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլան։ 18 Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ։ 19 Երրորդ կարգը՝ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 20 Չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկիի խորշերու մէջ պիտի գամուին։ 21 Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասներկու հատ պիտի ըլլան։ Անոնց անուններուն համաձայն՝ ամէն մէկը իր անունովը տասներկու ցեղին համաձայն՝ կնիքի նման պիտի փորագրուին։

w12 8/1 26 ¶2-3

Գիտէի՞ր

Իսրայէլի քահանայապետին լանջապանակին վրայի թանկագին քարերը ուրկէ՞ եկան։

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մարդիկ շատ արժէք կու տային թանկագին քարերուն եւ առուտուր կ’ընէին ատոնց հետ։ Օրինակ, եգիպտացիները թանկագին քարեր կը ստանային նոյնիսկ շատ հեռաւոր տեղերէ, ինչպէս այն շրջաններէն, որոնք հիմա կը կոչուին Իրան, Աֆղանիստան եւ հաւանաբար նոյնիսկ Հնդկաստան։ Եգիպտոսի հանքերը կ’արտադրէին շատ մը տարբեր տեսակի թանկագին քարեր։ Հանքագործութիւնը եգիպտացի թագաւորներուն հսկողութեան տակ կ’ըլլար։

Ելից գիրքը կ’ըսէ թէ իսրայէլացիները «կողոպտեցին Եգիպտացիները» երբ երկրէն դուրս կ’ելլէին (Ելից 12։35, 36)։ Ուրեմն, հաւանական է որ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն բերին այն թանկագին քարերը, որոնք քահանայապետին լանջապանակին վրայ դրուեցան։

(Ելից 28։38) Անիկա Ահարոնին ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն ոեւէ անօրէնութիւն Ահարոնը կրէ։ Միշտ իր ճակատին վրայ պէտք է ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջեւ։

դ12 1/1 25 ¶8

Սրտանց Եհովային զոհեր մատուցանենք

8 Իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերը սուրբ կը նկատուէին (Ղեւ. 6։25. 7։1)։ «Սրբութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը հաղորդէ անջատ ըլլալու կամ միմիայն Աստուծոյ պատկանելու գաղափարը։ Որպէսզի մեր զոհերը Եհովայի ընդունելի ըլլան, պէտք է հեռու մնանք որեւէ անմաքուր բանէ որ աշխարհին մէջ է։ Չենք կրնար սիրել ի՛նչ որ Եհովա կ’ատէ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15-17)։ Յստակ է որ ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է խուսափինք ընկերակցութիւններէ կամ բաներէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ որ Աստուած մեզ անմաքուր սեպէ (Եսա. 2։4. Յայտ. 18։4)։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, թէ չենք կրնար թոյլ տալ մեր աչքին որ անմաքուր կամ անբարոյ բաներու շարունակէ նայիլ, կամ թոյլ տալ մեր մտքին որ այսպիսի բաներու մասին երեւակայէ (Կող. 3։5, 6)։

դ03 12/1 27 ¶7

«Շնորհակալ եղէք»

7 Մովսիսական Օրէնքին մէջ Եհովա երեք կերպեր հայթայթեց, որոնցմով Իսրայելացիները կրնային իր բարութեան հանդէպ իրենց անկեղծ գնահատութիւնը ցուցաբերել։ Առաջինը՝ տասանորդն էր։ Երկրի բերքին տասանորդը, «արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդ»ին հետ մէկտեղ, ‘Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլար’։ (Ղեւտացւոց 27։30-32) Երբ Իսրայելացիները կը հնազանդէին, Եհովա զանոնք առատապէս կ’օրհնէր։ «Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։—Մաղաքեայ 3։10

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 133

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԹԱՂՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ ԵՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ԿԸ ԴՆԵՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 27։57–28։2 ՄԱՐԿՈՍ 15։42–16։4 ՂՈՒԿԱՍ 23։50–24։3 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։31–20։1

• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՑԻՑԷՆ ՎԱՐ Կ’ԱՌՆԵՆ

• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԹԱՂՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

• ԿԻՆԵՐԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ՊԱՐԱՊ ԿԸ ԳՏՆԵՆ

Ուրբաթ, նիսան 14–ի կէսօրէ ետքն է։ Արեւամուտին պիտի սկսի նիսան 15–ը՝ Շաբաթ օրը։ Յիսուս արդէն մեռած է, բայց անոր կողքին կախուած աւազակները դեռ ողջ են։ Օրէնքին համաձայն, մեռելին մարմինը ամբողջ «գիշերը պէտք չէ մնայ» ցիցին վրայ, հապա պէտք է «նոյն օրը» թաղուի (Բ. Օրինաց 21։22, 23)։

Ատկէ զատ, ուրբաթ կէսօրէ ետքը կը կոչուի Պատրաստութիւն, քանի որ մարդիկ ուտելիքներ կը պատրաստեն, ինչպէս նաեւ կ’ընեն գործեր, որոնք չեն կրնար սպասել մինչեւ Շաբաթ օրուան աւարտին։ Արեւամուտէն ետք պիտի սկսի կրկնակի շաբաթը, կամ՝ «մեծ» շաբաթը (Յովհաննէս 19։31)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա Բաղարջակերաց եօթնօրեայ տօնին առաջին օրը պիտի ըլլայ եւ այդ օրը միշտ Շաբաթ կը սեպուի (Ղեւտացւոց 23։5-7)։ Եւ այս անգամ այդ առաջին օրը եկած է շաբթուան եօթներորդ օրը, որ Շաբա՛թ օր է։

Անոր համար, հրեաները Պիղատոսէն կը խնդրեն որ արագացնէ Յիսուսին եւ երկու աւազակներուն մահը։ Ասիկա ընելու համար, անոնք սովորաբար կը կոտրեն դատապարտեալներուն սրունքները։ Այսպէս անոնք չեն կրնար իրենց ոտքերուն վրայ յենուելով՝ իրենց մարմինը բարձր պահել որ շնչեն։ Զինուորները կու գան որ անոնց սրունքները կոտրեն։ Նախ երկու չարագործներուն սրունքները կը կոտրեն։ Բայց ետքը, տեսնելով որ Յիսուս արդէն մեռած է, անոր սրունքները չեն կոտրեր։ Այսպէս կը կատարուի Սաղմոս 34։20–ի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր»։

Բայց լման վստահ ըլլալու համար, որ Յիսուս իսկապէս մահացած է, զինուորներէն մէկը գեղարդով կը խոցէ անոր կողը՝ սրտին կողմէն, եւ ‘շուտ մը արիւն ու ջուր կ’ելլէ’ (Յովհաննէս 19։34)։ Այսպէս կը կատարուի Աստուածաշունչի ուրիշ մարգարէութիւն մը, որ կ’ըսէ. «Անոնք իրենց խոցածին պիտի նային» (Զաքարիա 12։10)։

Արիմաթիայէն Յովսէփ անունով «հարուստ մարդ մը», որ Սենետրիոնի պատուարժան անդամ է, ներկայ է Յիսուսի մահապատիժին գործադրութեան ժամանակ (Մատթէոս 27։57)։ Սուրբ Գիրքը անոր մասին կ’ըսէ, որ «բարի ու արդար մարդ մը»ն է, որ ‘Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէ’։ Իրականութեան մէջ, ան ‘Յիսուսի աշակերտը եղած էր, բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն’։ Ան Յիսուսին նկատմամբ Սենետրիոնին արձակած վճիռին դէմ էր (Ղուկաս 23։50. Մարկոս 15։43. Յովհաննէս 19։38)։ Հիմա, ան համարձակութիւն հաւաքելով, Յիսուսին մարմինը կը խնդրէ Պիղատոսէն։ Պիղատոսն ալ կը կանչէ հարիւրապետը, որ Յիսուսին մահապատիժին գործադրութեան վրայ կը վերահսկէր։ Անկէ տեղեկանալէ ետք, որ Յիսուս մեռած է, Պիղատոս Յովսէփին խնդրանքը կը շնորհէ։

Յովսէփ մաքուր կտաւ կը գնէ եւ Յիսուսին մարմինը ցիցէն վար կ’իջեցնէ։ Ետքը Յիսուսին դիակը կտաւով կը փաթթէ, որպէսզի թաղման պատրաստէ։ Նիկոդէմոսը, որ նախապէս ‘գիշերով Յիսուսին քով եկեր էր’, թաղման պատրաստութիւններուն մէջ կ’օգնէ (Յովհաննէս 19։39)։ Ան իրեն հետ կը բերէ մօտ 33 քկ. զմուռսի եւ հալուէի սուղ խառնուրդ մը։ Հրէական թաղման սովորութեան համաձայն, Յիսուսին մարմինը կտաւով կը փաթթեն եւ մէջը այս անուշահոտ նիւթերը կը դնեն։

Յիսուսին մարմինը կը դնեն ժայռի մէջ փորուած գերեզմանի մը մէջ, որ Յովսէփին կը պատկանի եւ դեռ գործածուած չէ։ Ետքը անոնք մեծ քար մը կը գլորեն գերեզմանին բերանը։ Անոնք այս բոլորը արագ–արագ կ’ընեն՝ Շաբաթը սկսելէ առաջ։ Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոս առաքեալին մայրը՝ Մարիամ, թերեւս կ’օգնեն թաղման պատրաստութիւններուն մէջ։ Անոնք շա՛տ արագ տուն կ’երթան, որ ‘խունկեր ու իւղեր պատրաստեն’, որպէսզի Շաբաթէն ետք Յիսուսին մարմինը օծեն (Ղուկաս 23։56)։

Յաջորդ օրը, Շաբաթ, քահանայապետները եւ փարիսեցիները Պիղատոսին կ’երթան եւ կ’ըսեն. «Կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’։ Ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ Պիղատոս կը պատասխանէ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք» (Մատթէոս 27։63-65)։

Կիրակի առտուն՝ շատ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացի, Յակոբոսին մայրը՝ Մարիամ, եւ ուրիշ կիներ խունկեր ու իւղեր գերեզման կը բերեն, որ Յիսուսին մարմինը օծեն։ Անոնք իրարու կ’ըսեն. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն» (Մարկոս 16։3)։ Բայց հոն հասնելով՝ անակնկալի կու գան։ Գերեզմանը պարապ է։ Մինչ այդ երկրաշարժ պատահած է եւ Աստուծոյ հրեշտակը քարը մէկ կողմ գլորած է, իսկ պահապան զինուորները հոն չեն։

◇ Ուրբաթ օրը ինչո՞ւ Պատրաստութիւն կը կոչուի եւ ինչո՞ւ ատոր յաջորդող օրը «մեծ» Շաբաթ է։

◇ Յովսէփ եւ Նիկոդէմոս ի՞նչ կ’ընեն, որ Յիսուսին մարմինը թաղման պատրաստեն, եւ անոնք ի՞նչ կապ ունին Յիսուսին հետ։

◇ Քահանաները ի՞նչ կ’ուզեն ընել, բայց կիրակի առտու կանուխ ի՞նչ կը պատահի։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 28–ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 29-30

«Եհովային նուիրատուութիւն մը»

(Ելից 30։11, 12) Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. 12 «Երբ Իսրայէլի որդիներուն հաշիւը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատեն անոնց ամէն մէկը իր հոգիին փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես։

it-2 764-765

Գրանցում

Սինայի անապատին մէջ։ Առաջին գրանցումը Եհովային հրամանով տեղի ունեցաւ մինչ իսրայէլացիները Սինա լերան քով բանակած էին՝ անոնց Եգիպտոսէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամիսը։ Այս գործին մէջ Մովսէսին օգնելու համար՝ ամէն մէկ ցեղէն մէկ իշխան ընտրուեցաւ, որպէսզի գրանցման մէջ առաջնորդութիւն առնեն իրենց ցեղին մէջ։ Օրէնքը ոչ միայն պահանջեց որ 20 տարեկան եւ ատկէ վեր եղող տղամարդիկը հաշուըուին (ինչ որ բանակին մէջ ծառայելու տարիքն էր), հապա նաեւ պահանջեց որ գրանցուողները կէս սիկղ արծաթ (1.10 ամ. տոլար) տուրք վճարեն խորանին ծառայութեան համար (Ել. 30։11-16. Թւ. 1։1-16, 18, 19)։ Բոլոր համրուածները 603,550 հոգի էին։ Անոնց հետ չհամրուեցան ղեւտացիները, որոնք երկրին մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենային։ Անոնք տուրք չվճարեցին եւ անոնցմէ պահանջուած չէր բանակին մէջ ծառայել (Թւ. 1։44-47. 2։32, 33. 18։20, 24)։

(Ելից 30։13-15) Անոնք ատիկա պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ։ 14 Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ։ 15 Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ հարուստը աւելի ու ո՛չ աղքատը պակաս պիտի տայ։

it-1 502

Նուիրատուութիւն

Օրէնքը պահանջած էր որ իսրայէլացիները կարգ մը նուիրատուութիւններ ընեն։ Երբ Մովսէս 20 տարեկան եւ ատկէ վեր եղող տղամարդիկը համրեց, անոնցմէ պահանջուեցաւ որ ‘իրենց հոգիին փրկանքը’ տան, այսինքն՝ «սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ» [1.10 ամ. տոլար]։ Ատիկա իրենց «հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ» էր եւ գործածուեցաւ խորանին ծառայութեան թիկունք կանգնելու համար (Ել. 30։11-16)։ Ըստ հրեայ պատմաբան Յովսեպոսին, այդ օրուընէ ի վեր ամէն տարի այս սուրբ «տուրքը» կը վճարուէր [The Jewish War, VII, 218 (vi, 6)] (Բ. Մն. 24։6-10. Մատ. 17։23)։

(Ելից 30։16) Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը ա՛ռ ու վկայութեան խորանին պաշտօնեային տա՛ր, որպէս զի Տէրոջը առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար»։

w11 11/1 12 ¶1-2

Գիտէի՞ր

Եհովային տաճարին ծառայութիւնները կատարելու համար պէտք եղած դրամը ուրկէ՞ կ’ապահովուէր։

Տաճարին ծառայութիւնները կատարելու համար պէտք եղած դրամը կ’ապահովուէր տուրքերու միջոցաւ, գլխաւորաբար պարտադիր տասանորդներու միջոցաւ։ Բայց ուրիշ տուրքեր ալ կային։ Օրինակ, խորանին շինարարութեան ժամանակ Եհովան Մովսէսին պատուիրեց, որ ամէն մէկ գրանցուած տղամարդէ հաւաքէ կէս սիկղ արծաթ՝ որպէս «Տէրոջը ընծայ» (Ելից 30։12-16)։

Ըստ երեւոյթին, սովորութիւն դարձաւ որ ամէն տարի հրեաները այս որոշ գումարը տաճարին համար տան իբրեւ տուրք։ Յիսուս Պետրոսին ըսաւ որ ա՛յս տուրքը վճարէ այն մետաղադրամով, որ ձուկի մը բերնին մէջ պիտի գտնէր (Մատթէոս 17։23-26)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ելից 29։10) Եւ զուարակը վկայութեան խորանին առջեւ պիտի մօտեցնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն։

it-1 1029 ¶4

Ձեռք

Քահանայութեան հաստատման ժամանակ, Ահարոն եւ իր որդիները իրենց ձեռքերը դրին այն զուարակին եւ երկու խոյերուն գլուխներուն վրայ, որոնք զոհ պիտի մատուցանուէին։ Այսպիսով, անոնք ընդունեցին որ այդ անասունները իրե՛նց համար զոհ պիտի մատուցանուին, որպէսզի իրենք Եհովա Աստուծոյ քահանաները ըլլան (Ել. 29։10, 15, 19. Ղեւ. 8։14, 18, 22)։

(Ելից 30։31-33) Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. «Ասիկա ինծի օծման սուրբ իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ 32 Մարդու մարմնի վրայ պիտի չթափուի ան եւ անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինէք։ Ասիկա սուրբ է ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։ 33 Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։

it-1 114 ¶1

Օծեալ, Օծում

Այն անձը որ այս իւղին բաղադրութիւնը կը շինէր եւ զայն պարզ նպատակի մը համար կը գործածէր, լուրջ յանցանք մը գործած կ’ըլլար (Ել. 30։31-33)։ Ասիկա ցոյց կու տար, որ սուրբ իւղով օծուող անհատին տրուած նշանակումը որքա՛ն կարեւոր եւ սուրբ էր։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 134

ՅԻՍՈՒՍ Ո՛ՂՋ Է

ՄԱՏԹԷՈՍ 28։3-15 ՄԱՐԿՈՍ 16։5-8 ՂՈՒԿԱՍ 24։4-12 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20։2-18

• ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԱՌՆԷ

• ԴԷՊՔԵՐ՝ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՄՕՏ

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԻՆԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ

Կիները շա՛տ կը ցնցուին, երբ գերեզմանը պարապ կը գտնեն։ Մարիամ Մագդաղենացին «անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր», այսինքն՝ Յովհաննէս առաքեալին քով (Յովհաննէս 20։2)։ Բայց միւս կիները հրեշտակ մը կը տեսնեն։ Իսկ գերեզմանին մէջ ուրիշ հրեշտակ մը կայ, որ «ճերմակ պատմուճան հագած» է (Մարկոս 16։5)։

Հրեշտակներէն մէկը անոնց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ’» (Մատթէոս 28։5-7)։ Կիները «դողով ու ապշութեամբ բռնուած» կ’երթան աշակերտներուն, որ իրենց տեսած–լսածը պատմեն (Մարկոս 16։8)։

Մինչ այդ, Մարիամ Պետրոսը եւ Յովհաննէսը կը գտնէ եւ շունչը կտրուելով՝ անոնց կ’ըսէ. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա» (Յովհաննէս 20։2)։ Պետրոսն ու Յովհաննէսը վազելով գերեզման կ’երթան։ Յովհաննէս Պետրոսէն արագ է, եւ նախ ինք կը հասնի գերեզման։ Ան գերեզմանին մէջը կը նայի եւ հոն միայն կտաւները կը տեսնէ, բայց ներս չի մտներ։

Պետրոս գերեզման հասնելուն պէս ներս կը մտնէ։ Ան կտաւները կը տեսնէ եւ այն վարշամակը, որ Յիսուսին գլուխն էր։ Հիմա Յովհաննէս ներս կը մտնէ եւ Մարիամին խօսքերուն կը հաւատայ։ Հակառակ անոր որ Յիսուս ըսած էր, որ յարութիւն պիտի առնէր, բայց ո՛չ Պետրոսը եւ ոչ ալ Յովհաննէսը կ’ըմբռնեն, որ ան իրապէս յարութիւն առած է (Մատթէոս 16։21)։ Անոնք շփոթած վիճակի մէջ տուն կը վերադառնան։ Բայց Մարիամ, որ նորէն գերեզման եկած է, հոն կը մնայ։

Մինչ այդ միւս կիները վազելով կ’երթան աշակերտներուն ըսելու, որ Յիսուս յարութիւն առած է։ Յիսուս անոնց կ’երեւի եւ կ’ըսէ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք ալ անոր ոտքերուն կ’իյնան ու ‘երկրպագութիւն կ’ընեն’։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 28։9, 10)։

Աւելի կանուխ, երբ երկրաշարժ պատահեցաւ եւ հրեշտակները երեւցան, գերեզմանին մօտ գտնուող զինուորները «խռովեցան ու մեռածի պէս եղան»։ Իրենք իրենց գալէ ետք, անոնք քաղաք մտան եւ «քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները»։ Քահանաները հրեաներուն ծերերուն հետ խորհրդակցեցան եւ որոշում առնուեցաւ, որ զինուորներուն կաշառք տան, որպէսզի եղածը գաղտնի պահեն եւ ուրիշներուն ըսեն. «Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք» (Մատթէոս 28։4, 11, 13)։

Հռոմայեցի զինուորները կրնային մահուան դատապարտուիլ, եթէ պահակութեան ժամանակ քնանային։ Անոր համար, քահանաները զինուորներուն կը խոստանան. «Եթէ այդ բանը [քնացած ըլլալու մասին եղած սուտը] կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք» (Մատթէոս 28։14)։ Զինուորները կաշառքը կ’առնեն եւ կ’ընեն այն ինչ որ քահանաները իրենցմէ կը խնդրեն։ Այսպէս, Յիսուսին մարմինը գողցուելուն սուտ լուրը հրեաներուն մէջ կը տարածուի։

Մարիամ Մագդաղենացին դեռ գերեզմանին մօտ կը սգայ։ Ան առջեւ կը ծռի ու գերեզմանէն ներս նայելով՝ կը տեսնէ ճերմակ հագած երկու հրեշտակներ։ Անոնք նստած են հոն՝ ուր Յիսուսին մարմինը դրուած էր. մէկը՝ գլուխին կողմը, իսկ միւսը ոտքերուն կողմը։ Անոնք Մարիամին կը հարցնեն. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ան կը պատասխանէ. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Ետքը ետեւ կը դառնայ եւ կը տեսնէ ուրիշ մէկը, որ հրեշտակներուն հարցումը կը կրկնէ ու կ’աւելցնէ. «Ո՞վ կը փնտռես»։ Մարիամ կարծելով որ անիկա պարտիզպանն է, կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ» (Յովհաննէս 20։13-15)։

Իրականութեան մէջ, Մարիամ կը խօսի յարութիւն առած Յիսուսին հետ, բայց այդ պահուն զինք չի ճանչնար։ Երբ կ’ըսէ՝ «Մա՛րիամ», իր խօսելու ոճէն Մարիամ անմիջապէս կը գիտնայ որ խօսողը Յիսուսն է, եւ ուրախութեամբ կը բացագանչէ. «Ռաբբունի» (այսինքն՝ «Ուսուցիչ»)։ Բայց վախնալով որ Յիսուս երկինք պիտի երթայ, զինք կը բռնէ։ Յիսուս իրեն կ’ըսէ. «Ինծի մի՛ դպչիր [«մի՛ կառչիր», ՆԱ], վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’» (Յովհաննէս 20։16, 17)։

Մարիամ կ’երթայ հոն՝ ուր առաքեալները եւ ուրիշ աշակերտներ հաւաքուած են, եւ անոնց կ’ըսէ որ «ինք Տէրը տեսաւ» (Յովհաննէս 20։18)։ Բայց աշակերտները ո՛չ անոր եւ ոչ ալ միւս կիներուն պատմածին կը հաւատան։ «Անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը» (Ղուկաս 24։11)։

◇ Մարիամ Մագդաղենացին գերեզմանը պարապ գտնելէ ետք ի՞նչ կ’ընէ, իսկ միւս կիներուն ի՞նչ կը պատահի։

◇ Պետրոս եւ Յովհաննէս ինչպէ՞ս կը հակազդեն, երբ գերեզմանը պարապ կը գտնեն։

◇ Կիները որո՞ւն կը հանդիպին, մինչ աշակերտներուն կ’երթան, եւ ի՞նչ կը պատահի, երբ Մարիամ Մագդաղենացին նորէն գերեզման կ’երթայ։

◇ Աշակերտները իրենց լսած տեղեկութիւններուն ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել