Յիսուսի ծնունդը—Իրական պատմութիւնը
ՁԵՐ երկրի պատմութեան ամենէն ծանօթ դէպքին մասին խորհեցէք։ Անիկա լաւ կերպով վաւերագրուած է եւ մէկէ աւելի պատմաբաններ գրած են անոր մասին։ Հիմա, եթէ մէկը գայ եւ ձեզի ըսէ որ այս դէպքը բնաւ չէ պատահած եւ թէ բոլորը առասպել են, ի՞նչ պիտի խորհէիք։ Կամ, աւելի մօտիկ պարագայ մը ձեռք առնենք. ի՞նչ պիտի ընէիք, եթէ մէկը ըսէր որ ինչ որ ձեր ընտանիքը ձեզի պատմած է ձեր մեծ–հօրը ծնունդին եւ մանկութեան օրերուն մասին՝ սուտ է։ Վերոյիշեալ որեւէ մէկուն պարագային, գաղափարն անգամ պիտի ընդվզեցնէր ձեզ։ Վստահաբար այսպիսի դաւանութիւններ շուտով պիտի չընդունէիք։
Սակայն, ներկայիս առհասարակ, քննադատներ Յիսուսի ծնունդին մասին Մատթէոսի ու Ղուկասի Աւետարաններու արձանագրութիւնները կը մերժեն։ Անոնք կ’ըսեն որ անոնց մէջի պատմութիւնները շատ հակասական եւ աններդաշնակ են եւ, թէ երկուքն ալ բացայայտ սուտեր եւ պատմական լուրջ սխալներ կը պարունակեն։ Ասիկա կրնա՞յ շիտակ ըլլալ։ Փոխանակ այսպիսի ամբաստանութիւններ ընդունելու, անձամբ քննենք Աւետարանի արձանագրութիւնները։ Այս միջոցին, տեսնենք թէ անոնք մեզի ի՛նչ կը սորվեցնեն ներկայիս։
Գրելուն Նպատակը
Նախ եւ առաջ, օգտակար է յիշել սուրբ գրային այս եղելութիւններուն նպատակը։ Անոնք կենսագրութիւններ չեն, այլ Աւետարաններ են։ Այս երկուքին միջեւ տարբերութիւն տեսնելը կարեւոր է։ Կենսագրութեան մը մէջ, հեղինակը կրնայ հարիւրաւոր էջեր լեցնել, ջանալով ցոյց տալ թէ իր ենթական ի՛նչպէս զարգացաւ, դառնալու համար այս հանրածանօթ անձնաւորութիւնը։ Անոր համար, կարգ մը կենսագրութիւններ տասնեակ էջեր կը յատկացնեն իրենց ենթականերուն ծագման, ծնունդին եւ մանկութեան մասին մանրամասնութիւններ տալու համար։ Աւետարաններուն պարագան նոյնը չէ։ Չորս Աւետարանիչներէն միայն Մատթէոսը եւ Ղուկասն է որ Յիսուսի ծնունդին եւ մանկութեան մասին խօսած են։ Սակայն իրենց նպատակը չէր ցոյց տալ թէ Յիսուս ի՛նչպէս դարձաւ այն մարդը որ էր։ Մի՛ մոռնաք որ Յիսուսի հետեւորդները գիտէին թէ ինք երկիր գալէն առաջ որպէս հոգեղէն արարած գոյութիւն ունէր։ (Յովհաննու 8։23, 58) Ուստի, Մատթէոս եւ Ղուկաս Յիսուսի մանկութեան վրայ չյենուեցան, բացատրելու համար թէ ան ի՛նչպիսի մարդ մը դարձաւ։ Այլ, անոնք դէպքեր արձանագրեցին, որոնք իրենց Աւետարաններուն նպատակին կը յարմարէին։
Աւետարաններ գրելու մէջ իրենց նպատակը ի՞նչ էր։ «Աւետարան» բառը կը նշանակէ՝ «բարի լուր»։ Երկուքին ալ պատգամը նոյնն էր. Յիսուս խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսն էր. թէ ան մարդոց մեղքերուն համար մեռաւ եւ երկինք յարուցուեցաւ։ Բայց այս երկու գրողները բոլորովին տարբեր ենթահող ունէին եւ տարբեր խաւերու համար կը գրէին։ Մատթէոս որ հարկահաւաք մըն էր, իր գրութիւնը գլխաւորաբար հրէական խաւէ եղողներու համար պատրաստեց։ Ղուկաս, որ բժիշկ մըն էր, «պատուական Թէոփիլոս»ին գրեց՝ որ հաւանաբար բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մըն էր, իր միջոցաւ գրելով նաեւ Հրեայ եւ Հեթանոս աւելի լայն շրջանակի մը։ (Ղուկաս 1։1-3) Իւրաքանչիւր գրող այնպիսի իրադարձութիւններ ընտրեց որոնք իր մասնայատուկ խաւին համար յարմարագոյնը եւ ամենէն համոզիչն էին։ Անոր համար, Մատթէոսի արձանագրութիւնը Եբրայերէն Գրութեանց մարգարէութիւններուն վրայ շեշտ կը դնէ, որոնք կատարուեցան Յիսուսի վրայ։ Իսկ Ղուկաս իր կարգին, աւելի դասական, պատմական մերձեցում մը կ’ունենայ, զոր իր ոչ–Հրեայ ունկնդիրները թերեւս նկատեցին։
Զարմանալի չէ որ անոնց պատմութիւնները իրարմէ տարբեր են։ Բայց ինչպէս քննադատներ կը դաւանին, երկուքը իրար չեն հակասեր։ Այլ իրար կ’ամբողջացնեն, սիրուն կերպով ներդաշնակուած, աւելի լման պատկեր մը կը ներկայացնեն։
Բեթլէհէմի Մէջ Յիսուսի Ծնունդը
Մատթէոս եւ Ղուկաս երկուքն ալ Յիսուսի ծնունդին մասին ուշագրաւ հրաշք մը կը յիշեն. կոյսէ մը անոր ծնունդը։ Մատթէոս ցոյց կու տայ որ այս հրաշքը դարեր առաջ Եսայիի տուած մէկ մարգարէութեան կատարումն էր։ (Եսայեայ 7։14. Մատթէոս 1։22, 23) Ղուկաս կը բացատրէ որ Յիսուս Բեթլէհէմի մէջ ծնաւ, քանի որ Կայսրին հանած մէկ հրամանին պատճառաւ Մարիամ եւ Յովսէփ ստիպուեցան հոն ճամբորդել։ (Տես՝ էջ 7–ի շրջագիծը։) Յիսուսի Բեթլէհէմի մէջ ծնիլը յատկանշական էր։ Դարեր առաջ, Միքիա մարգարէն նախագուշակած էր թէ Մեսիան Երուսաղէմի մօտ եղող այս աննշան գիւղաքաղաքէն պիտի գար։—Միքիայ 5։2
Յիսուսի ծննդեան գիշերը հռչակաւոր եղած է, Ծնունդի մսուրներուն համար։ Սակայն, իրական պատմութիւնը բաւական տարբեր է յաճախ նկարագրուածէն։ Պատմաբան Ղուկաս, որ կը խօսի մարդահամարին մասին՝ որու պատճառաւ Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթլէհէմ գացին՝ նաեւ կը խօսի այդ կարեւոր գիշերը իրենց հօտերուն հետ դաշտին մէջ անցընող հովիւներու մասին։ Այս երկու դէպքերը նկատի ունենալով, Աստուածաշունչը հետազօտողներէն շատեր եզրակացուցած են որ Յիսուս չէր կրնար ծնած ըլլալ Դեկտեմբերին։ Անոնք կը նշեն այն իրողութեան թէ, այդ ցուրտ եւ անձրեւոտ եղանակին, հաւանական չէր որ Կայսրը պարտադրէր որ դիւրաբորբոք Հրեաները իրենց ծննդավայրերը երթային, ինչ որ արդէն ըմբոստ ժողովուրդ մը կրնար աւելի գրգռել։ Ուսումնականներու համաձայն, նոյնպէս անհաւանական էր որ հովիւներ իրենց հօտերուն հետ դուրսը մնային, այսպիսի աննպաստ օդի մը։—Ղուկաս 2։8-14
Նկատի առէք որ Եհովա նախընտրեց իր Որդւոյն ծնունդը աւետել ոչ թէ այդ օրուան զարգացած հեղինակաւոր կրօնական առաջնորդներուն, այլ՝ բացօթեայ ապրող պարզունակ աշխատաւորներու։ Դպիրներն ու Փարիսեցիները հաւանաբար շատ քիչ շփում ունենալու էին հովիւներու հետ, որոնք իրենց գործի անկանոն ժամերուն բերմամբ չէին կրնար բերանացի օրէնքին կարգ մը մանրամասնութիւնները պահել։ Բայց Աստուած այս հեզ ու հաւատարիմ մարդոց մեծապէս պատուեց. հրեշտակներու պատուիրակութիւն մը անոնց տեղեկացուց որ այն Մեսիան, որու Աստուծոյ ժողովուրդը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը սպասէր, ահաւասիկ ծնած էր Բեթլէհէմի մէջ։ Ո՛չ թէ Ծնունդի մսուրներու մէջ յաճախ ներկայացուած «երեք թագաւորներ»ը, այլ, ա՛յս մարդիկն էին որոնք այցելութեան գացին Մարիամի ու Յովսէփի եւ տեսան այս անմեղ մանուկը մսուրին մէջ պառկած։—Ղուկաս 2։15-20
Եհովայի Հաճութիւնը Խոնարհաբար Ճշմարտութիւնը Փնտռողներուն Վրայ Է
Աստուած կը հաճի այն խոնարհ անհատներուն, որոնք կը սիրեն զինք եւ անկեղծօրէն հետաքրքրուած են իր նպատակներուն կատարումը տեսնելով։ Ասիկա Յիսուսի ծննդեան իրադարձութիւններուն մէջ պարբերաբար եկող բնաբանն է։ Մանուկին ծնունդէն շուրջ ամիս մը ետք, երբ Յովսէփ եւ Մարիամ զինք տաճար տարին Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, անոնք «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» ընծայեցին։ (Ղուկաս 2։22-24) Իրականութեան մէջ Օրէնքը խոյ մը կը պահանջէր, բայց աղքատութեան պարագային աւելի քիչ ծախսալից այս փոխընտրութիւնը կը թոյլատրէր։ (Ղեւտացւոց 12։1-8) Պահ մը խորհեցէք։ Եհովա Աստուած, տիեզերքի Գերիշխանը, ոչ թէ հարուստ, այլ աղքատ ընտանիք մը ընտրեց, ուր իր սիրելի, միածին Որդին պիտի մեծնար։ Եթէ դուք ծնող մըն էք, ասիկա ձեր մտքին մէջ թող տպաւորէ, թէ ձեր զաւակներուն լաւագոյն ընծան ոչ թէ նիւթական հարստութիւնը կամ վարկաբեր ուսումն է, այլ՝ հոգեւոր արժէքները առաջնակարգ դասող ընտանեկան մթնոլորտ մը։
Տաճարին մէջ, երկու ուրիշ հաւատարիմ, խոնարհ երկրպագուներ ալ Եհովայի հաճութեան արժանացան։ Անոնցմէ մէկն էր Աննան, 84 տարու որբեւայրի մը, որ «տաճարէն չէր զատուեր»։ (Ղուկաս 2։36, 37) Միւսը ուրիշ տարեց հաւատարիմ մարդ մըն էր, Սիմէոն անունով։ Երկուքն ալ Աստուծոյ իրենց շնորհած առանձնաշնորհումին համար ցնծացին. մեռնելէ առաջ իրենց աչքերով կրցան տեսնել ա՛ն որ խոստացեալ Մեսիան պիտի ըլլար։ Սիմէոն մանուկին մասին մարգարէութիւն մը ըրաւ։ Անիկա յոյսով լեցուն, բայց թախիծով խառնուած մարգարէութիւն մըն էր։ Անիկա կը գուշակէր որ այս մանուկին մայրը՝ Մարիամ, իր սիրելի զաւկին պատճառաւ օր մը վշտով պիտի խոցուէր։—Ղուկաս 2։25-35
Վտանգի Մէջ Եղող Մանուկ մը
Սիմէոնի մարգարէութիւնը դաժանօրէն կը վերյիշեցնէր որ այս անմեղ մանուկը ատելութեան առարկայ պիտի ըլլար։ Իր մանկութեան իսկ այս ատելութիւնը զգալի եղաւ։ Մատթէոսի պատմութիւնը կը մանրամասնէ ասիկա։ Ամիսներ անցան եւ արդ, Յովսէփ, Մարիամ եւ Յիսուս Բեթլէհէմի մէջ տան մը մէջ կը բնակին։ Անոնք քանի մը օտարականներու անակնկալ այցելութիւնը կ’ունենան։ Ծնունդի բազմահամար մսուրներուն մէջ նկարագրուածին հակառակը, Մատթէոս չի մասնաւորեր թէ այդ այցելուները քանի հոգի էին, ոչ ալ զանոնք «իմաստուններ» կը կոչէ, ուր մնաց՝ «երեք թագաւորներ»։ Ան Յունարէն մաժօ բառը կը գործածէ, որ կը նշանակէ «աստղաբաշխներ»։ Ասիկա ինքնին ընթերցողին անդրադարձնել պէտք է տայ որ չար բան մը գործի վրայ է հոս, քանի որ աստղաբաշխութիւնը արուեստ մըն է, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ դատապարտուած է եւ թէ հաւատարիմ Հրեաները բծախնդրաբար անկէ կը խուսափէին։—Բ. Օրինաց 18։10-12. Եսայեայ 47։13, 14
Այս աստղաբաշխները արեւելքի մէջ տեսնուած աստղի մը հետեւած եւ նուէր բերած են ‘Հրեաներուն ծնած թագաւորին’։ (Մատթէոս 2։2) Բայց աստղը զիրենք Բեթլէհէմ չառաջնորդեց։ Անիկա զիրենք Երուսաղէմ տարաւ՝ Մեծն Հերովդէսի քով։ Աշխարհի մէջ չկայ մարդ մը որ անոր նման միջոցներ եւ շարժառիթ ունենայ մանուկ Յիսուսի վնաս հասցնելու։ Այս փառատենչ, մարդասպան անհատը արդէն իր անմիջական ընտանիքի անդամներէն շատերը սպաննած էր՝ զանոնք սպառնալիք մը նկատելով։a ‘Հրեաներու [ապագայ] թագաւոր’ին ծնունդի լուրէն խռոված, ան աստղաբաշխները ուղարկեց, որպէսզի Բեթլէհէմի մէջ գտնեն Զինք։ Մինչ անոնք կ’երթային, տարօրինակ բան մը պատահեցաւ։ Զիրենք մինչեւ Երուսաղէմ բերած «աստղը» սկսաւ շարժի՛լ։—Մատթէոս 2։1-9
Արդ, չենք գիտեր թէ ատիկա երկնքի մէջ իսկական լոյս մըն էր թէ՝ պարզապէս տեսիլք մը։ Բայց գիտենք որ այս «աստղը» Աստուծմէ չէր։ Չարամիտ ճշգրտութեամբ, անիկա այս հեթանոս երկրպագուները կ’առաջնորդէ ուղղակի Յիսուսի քով. անպաշտպան մանուկ մը, որ միայն աղքատ ատաղձագործի մը եւ իր կնոջ կողմէ պաշտպանուած է։ Աստղաբաշխները՝ Հերովդէսի ձեռքին մէջի անտեղեակ գործիքները՝ հաւանաբար վրիժառու միապետին պիտի տեղեկացնէին այս մասին, մանուկին կործանումին պատճառ ըլլալով։ Բայց Աստուած երազով մը կը միջամտէ եւ զանոնք ուրիշ ճամբով տուն կը ղրկէ։ Ուրեմն, «աստղը» Աստուծոյ թշնամիին՝ Սատանային՝ մէկ հնարքը եղած ըլլալու է, որ իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէր Մեսիային վնաս հասցնելու համար։ Ի՜նչ ծիծաղելի է երբ Ծնունդի մսուրներուն մէջ «աստղը» եւ աստղաբաշխները կը ներկայացուին որպէս Աստուծոյ պատուիրակները։—Մատթէոս 2։9-12
Տակաւին, Սատանան ձեռնթափ չեղաւ։ Այս հարցին մէջ իր վարձկանը՝ Հերովդէս Թագաւորը՝ հրաման կ’արձակէ որ Բեթլէհէմի մէջ երկու տարեկանէն վար եղող բոլոր մանուկները սպաննուին։ Բայց Սատանան չի կրնար Եհովայի դէմ մղուած պայքարը շահիլ։ Մատթէոս կը նշէ որ Աստուած շատոնց նախատեսած էր անմեղ մանուկներու այս անգութ սպանդը։ Եհովա դարձեալ արգելք կը հանդիսանայ Սատանայի, հրեշտակի մը միջոցաւ Յովսէփը զգուշացնելով որ ապահովութեան համար Եգիպտոս փախչի։ Մատթէոս կը տեղեկագրէ որ ժամանակ մը ետք Յովսէփ դարձեալ իր պզտիկ ընտանիքը կը փոխադրէ եւ վերջապէս Նազարէթի մէջ կը հաստատուին, ուր Յիսուս կը մեծնայ իր աւելի փոքր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։—Մատթէոս 2։13-23. 13։55, 56
Քրիստոսի Ծնունդը—Ի՛նչ կը Նշանակէ Ձեզի Համար
Յիսուսի ծնունդն ու մանկութիւնը շրջապատող դէպքերուն մասին այս ամփոփումը արդեօք զարմացո՞ւց ձեզ։ Թերեւս շատեր զարմանան։ Անոնք կը զարմանան տեսնելով որ տրուած տեղեկութիւնները իրապէս ներդաշնակ ու ճշգրիտ են, հակառակ անոր որ կարգ մը անհատներ կը յանդգնին հակառակը դաւանիլ։ Անոնք կը զարմանան սորվելով որ կարգ մը դէպքեր հազարաւոր տարիներ առաջուընէ նախագուշակուած էին։ Իսկ կը զարմանան տեսնելով որ Աւետարանի կարգ մը հիմնական մասերը տարբեր են Ծնունդի պատմութիւններու եւ մսուրներու աւանդական պատկերացումներէն։
Թերեւս ամենէն զարմանալին այն է, որ Ծնունդի աւանդական տօնակատարութիւններու մեծամասնութեան մէջ, Աւետարանի պատմուածքներուն ամենէն կենսական կէտերը կը պակսին։ Օրինակ, Յիսուսի հօր՝ ոչ թէ Յովսէփի, այլ, Եհովայի՝ շատ տեղ տրուած չէ։ Երեւակայեցէք անոր զգացումը, երբ իր սիրելի Որդին, Յովսէփի եւ Մարիամի վստահեցաւ, որպէսզի զայն մեծցնեն ու սնուցանեն։ Երեւակայեցէք երկնաւոր Հօր կսկիծը, երբ թոյլ տուաւ որ իր Որդին մեծնայ աշխարհի մը մէջ, ուր ատելավառ թագաւոր մը դաւադրէ զայն սպաննել, մանուկ հասակէն։ Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի ունեցած խոր սէրն էր որ մղեց զինք այս զոհողութիւնը ընելու։—Յովհաննու 3։16
Իրական Յիսուսը յաճախ կորսուած է Ծնունդի տօնակատարութիւններուն մէջ։ Այո, որեւէ արձանագրութիւն չկայ թէ ան նոյնիսկ իր աշակերտներուն խօսեցաւ իր ծննդեան թուականին մասին. ոչ ալ որեւէ տեղեկութիւն կայ թէ իր հետեւորդները իր ծննդեան տարեդարձը տօնեցին։
Ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ ոչ թէ իր ծնունդը, հապա իր մահը տօնեն, որպէս մարդկութեան համար մեծագոյն կարեւորութիւն ունեցող դէպք մը։ (Ղուկաս 22։19, 20) Ո՜չ, Յիսուս չի փափաքիր որ զինք յիշենք որպէս մսուրին մէջ պառկած անօգնական մանուկ մը, քանի որ այլեւս բնաւ այդ չէ պարագան։ Իր մահուընէ աւելի քան 60 տարիներ ետք, Յիսուս տեսիլքի մը մէջ ինքզինք յայտնեց Յովհաննէս առաքեալին, որպէս պատերազմի համար արշաւող հզօր Թագաւոր մը։ (Յայտնութիւն 19։11-16) Արդ, ներկայիս իր այդ դերին մէջ, որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Իշխան, պէտք է ճանչնանք Յիսուսը, քանի որ ան Թագաւոր մըն է, որ աշխարհը պիտի փոխէ։
[Ստորանիշ]
a Արդարեւ, Օգոստոս Կայսրը դիտել տուաւ որ աւելի ապահով էր «Հերովդէսի խոզը ըլլալ, քան՝ անոր որդին»։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 7]
Ղուկաս սխալա՞ծ էր
ՅԻՍՈՒՍ որ Նազարէթի մէջ մեծցած եւ որպէս Նազովրեցի ճանչցուած էր, ի՞նչպէս կրնար Բեթլէհէմի մէջ ծնած ըլլալ, որ շուրջ 150 քիլոմեթր հեռուն կը գտնուէր։ Ղուկաս կը բացատրէ. «Այն օրերը [Յիսուսի ծնունդէն առաջ] Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։ Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ»։—Ղուկաս 1։1. 2։1-3
Քննադատներ այս հատուածին վրայ շատ յարձակում կը գործեն, զայն նկատելով որպէս մեծ սխալ, կամ, աւելի վատ, որպէս հնարամտութիւն։ Անոնք կը պնդեն որ այս աշխարհագիրը մտնելը եւ Կիւրենոսի կուսակալութիւնը տեղի ունեցան Հ.Դ. 6 կամ 7–ին։ Եթէ անոնց ըսածը ճիշդ է, ասիկա լուրջ կասկածներ կը յարուցանէ Ղուկասի պատմութեան վրայ, քանի որ իրողութիւնները կը թելադրեն որ Յիսուս ծնած էր Հ.Դ.Ա. 2–ին։ Բայց այս քննադատները երկու բանալի իրողութիւններ կը մոռնան։ Նախ՝ Ղուկաս կ’ընդունի որ մէկէ աւելի մարդահամարներ եղած են. եթէ նկատի առիք, ան կ’ակնարկէր ‘առաջին աշխարհագրին’։ Ան շատ լաւ գիտէր որ հետագային ուրիշ աշխարհագիր մըն ալ եղած էր։ (Գործք 5։37) Պատմաբան Յովսեպոս այս երկրորդ աշխարհագիրը կը նկարագրէ, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 6–ին։ Երկրորդ՝ Կիւրենոսի կուսակալութիւնը մեզ չի ստիպեր որ Յիսուսի ծնունդը դնենք այդ ուշ թուականին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ըստ երեւոյթին, Կիւրենոս այդ պաշտօնը երկու անգամ ստանձնեց։ Ուսումնականներէն շատեր կ’ընդունին որ իր կուսակալութեան առաջին շրջանը շուրջ Հ.Դ.Ա. 2–ին էր։
Կարգ մը քննադատներ կ’ըսեն որ Ղուկաս հնարած է այդ մարդահամարը, որպէսզի Յիսուս Բեթլէհէմ ծնած ըլլալուն համար պատճառ մը ստեղծէ, ու այսպիսով Միքիայ 5։2–ի մարգարէութիւնը կատարուած ըլլայ։ Այս տեսութիւնը Ղուկասը դիտումնաւոր ստախօս մը կը դարձնէ, եւ քննադատներէն ոեւէ մէկը չի կրնար այսպիսի անհիմն պնդումի մը կապը տեսնել Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոց գիրքը գրող բծախնդիր պատմաբանին հետ։
Ուրիշ բան մը որ ոեւէ քննադատ չի կրնար բացատրել. Աշխարհագիրը մտնելը ինքնին մարգարէութիւն մը կատարեց։ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, Դանիէլ մարգարէացաւ կառավարիչի մը մասին, որ ‘հարկապահանջը պիտի ղրկէր իր թագաւորութեանը փառքին համար’։ Ասիկա արդեօք Օգոստոսի եւ Իսրայէլի մէջ իր կատարած մարդահամարի՞ն կ’ակնարկէ։ Լաւ, մարգարէութիւնը կ’ըսէր որ Մեսիան, կամ «ուխտին իշխանը» պիտի ‘ընկղմէր’ այս իշխանին յաջորդին իշխանութեան ընթացքին։ Արդարեւ, Յիսուս ‘ընկղմեցաւ’, սպաննուեցաւ, Օգոստոսի յաջորդին՝ Տիբերիոսի՝ իշխանութեան ընթացքին։—Դանիէլ 11։20-22
[Նկարներ]
Օգոստոս Կայսր (Հ.Դ.Ա. 27–Հ.Դ. 14)
Տիբերիոս Կայսր (Հ.Դ. 14-37)
[Նկարներուն աղբիւրները]
Musée de Normandie, Caen, France
Photograph taken by courtesy of the British Museum
[Նկար՝ էջ 8]
Եհովայի հրեշտակը Քրիստոսի ծնունդին աւետիսը հեզ հովիւներուն տուաւ