Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Յունիս էջ 1-14
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒՆԻՍ 3-9
  • ՅՈՒՆԻՍ 10-16
  • ՅՈՒՆԻՍ 17-23
  • ՅՈՒՆԻՍ 24-30
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Յունիս էջ 1-14

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒՆԻՍ 3-9

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4-6

«Կարեւոր իմաստ ունեցող այլաբանական թատերախաղ»

(Գաղատացիս 4։24, 25) Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասն զի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը Սինա լեռնէն՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար. 25 վասն զի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով մէկտեղ կը ծառայէ։

it-1 1018 ¶2

Հագար

Պօղոս առաքեալին նշած այլաբանական թատերախաղին մէջ, Հագար կը խորհրդանշէ մարմնաւոր իսրայէլ ազգը, որ Եհովային հետ կապուած էր Օրէնքի ուխտով, որ ի զօրու դարձաւ Սինա Լերան ստորոտը։ Այդ ուխտը մէջտեղ բերաւ «ստրուկ զաւակներ» (ՆԹ)։ Որովհետեւ ժողովուրդը մեղաւոր վիճակի մէջ էր, չկրցաւ այդ ուխտին պայմանները գոհացնել։ Այդ ուխտին տակ, իսրայէլացիները ազատ ժողովուրդ մը չդարձան, հապա՝ դատապարտուեցան որպէս մեղաւորներ, որոնք արժանի էին մահուան։ Այսպիսով, անոնք ստրուկ էին (Յովհ. 8։34. Հռով. 8։1-3)։ Պօղոսի օրուան Երուսաղէմ մայրաքաղաքը, որ կը ներկայացնէր մարմնաւոր իսրայէլ ժողովուրդը, կը համեմատի Հագարին, քանի որ ստրկութեան մէջ էր իր զաւակներուն հետ։ Բայց հոգիէն–ծնած քրիստոնեաները «վերի Երուսաղէմ»ին՝ Աստուծոյ այլաբանական կնոջ՝ զաւակներն են։ «Ազատ կնոջ»՝ Սառային պէս, այս Երուսաղէմը բնա՛ւ ստրկութեան տակ չէ եղած։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Իսահակ հալածուեցաւ Իսմայէլին կողմէ, «վերի Երուսաղէմ»ին զաւակները, որ Որդին ազատ արձակած է, հալածուեցան ստրկացած Երուսաղէմին զաւակներուն կողմէ։ Բայց Հագարը եւ իր որդին վռնտուեցան, ինչ որ կը ներկայացնէր՝ մարմնաւոր իսրայէլին որպէս ազգ մերժուիլը Եհովային կողմէ (Գաղ. 4։21-31. տե՛ս նաեւ Յովհ. 8։31-40)։

(Գաղատացիս 4։26, 27) Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է։ 27 Վասն զի գրուած է. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան»։

դ14 10/15 10 ¶11

Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունեցիր

11 Մինչ Աբրահամական ուխտը Աբրահամի շառաւիղին համար բառացի կատարում ունեցաւ՝ Աւետեաց երկիրը ժառանգելով, Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ անիկա նաեւ հոգեւոր կատարում ունի (Գաղ. 4։22-25)։ Այս աւելի մեծ կատարումին մէջ, ինչպէս որ ներշնչման ներքեւ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը Քրիստոսն է, իսկ երկրորդական մասը՝ 144,000 օծեալ քրիստոնեաները (Գաղ. 3։16, 29. Յայտ. 5։9, 10. 14։1, 4)։ Կինը «վերի Երուսաղէմ»ն է,– Աստուծոյ կազմակերպութեան երկնային մասը, որ հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ բաղկացած է (Գաղ. 4։26, 31)։ Ինչպէս որ Աբրահամական ուխտը խոստացաւ, կնոջ սերունդը մարդկութեան մնայուն օրհնութիւններ պիտի բերէ։

(Գաղատացիս 4։28-31) Ուստի մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։ 29 Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր, նոյնպէս ալ հիմա։ 30 Բայց գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Դուրս հանէ այդ աղախինը ու անոր որդին, վասն զի աղախինին որդին ազատ կնոջը որդիին հետ ժառանգութիւն պիտի չառնէ»։ 31 Ուստի, եղբա՛յրներ, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գաղատացիս 4։6) Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։

դ09 5/1 13

Գիտէի՞ր

Երբ Յիսուս կ’աղօթէր, ինչո՞ւ Եհովայի ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր»։

Արամերէն աբ·բա բառը կրնայ նշանակել «հայրը» կամ «ո՛վ հայր»։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ այս բառը երեք անգամ գործածուած է։ Անիկա աղօթքներու մէջ նշուած է, երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի ակնարկելով։ Այս բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։

Համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia) կը նշէ. «Յիսուսի օրերուն, ժողովրդական լեզուին մէջ աբբա բառը գլխաւորաբար կը գործածուէր երեխաներու կողմէ, որպէս իրենց հօր հանդէպ սերտ մտերմութիւն ու յարգանք նշող բառ»։ Անիկա խօսակցելու խանդաղատալից ոճ մըն էր եւ առաջին բառերէն մէկը՝ զոր մանուկը կը սորվէր։ Յիսուս այս բառը գործածեց, իր Հօր մատուցած ջերմեռանդ աղօթքի մը մէջ։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, իր մահուընէ քանի մը ժամ առաջ, Յիսուս Եհովայի դիմեց՝ ըսելով. «Աբբա՛ Հայր» (Մարկոս 14։36)։

«Աբբա բառով Աստուծոյ դիմելու կերպը, յունա–հռոմէական շրջանի հրէական գրականութեան մէջ չափազանց անսովոր էր, անկասկած քանի որ Աստուծոյ հետ այդպէս խօսիլը կրնար անյարգալից թուիլ», կը շարունակէ վերոյիշեալ աշխատասիրութիւնը։ Սակայն «այս բառին Յիսուսի գործածութիւնը աղօթքին մէջ, անուղղակի կ’ապացուցանէ իր արտակարգ դաւանութիւնը, թէ Աստուծոյ հետ մտերիմ էր»։ Պօղոս առաքեալի գրութիւններուն մէջ «Աբբա» բառը երկու անգամ կը նշուի, ցոյց տալով թէ առաջին դարու քրիստոնեաները զայն գործածեցին իրենց աղօթքներուն մէջ (Հռովմայեցիս 8։15. Գաղատացիս 4։6)։

(Գաղատացիս 6։17) Ասկէ յետոյ մէ՛կը զիս թող չյոգնեցնէ. վասն զի ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ։

դ10 12/1 13

Գիտէի՞ր

Պօղոս առաքեալ ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ ըսաւ. «Ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն» (Գաղատացիս 6։17, Անթիլիաս)։

▪ Առաջին դարու ընթերցողները կրնային Պօղոսի խօսքերը զանազան կերպերով հասկնալ։ Օրինակ՝ վաղեմի ժամանակներուն, պատերազմի բանտարկեալները, տաճարներու աւազակները եւ փախստական ստրուկները բնորոշելու համար, շիկացած երկաթ մը կը գործածուէր։ Մարդոց վրայ ասոր պատճառած վէրքերու սպիները անարգալից բան մը կը նկատուէին։

Սակայն ուրիշներ մարմնի վրայ նշան ունենալուն հանդէպ դրական տեսակէտ ունէին։ Բազմաթիւ վաղեմի ժողովուրդներ մարմնի վրայ նշան կ’ունենային, մասնայատուկ տոհմի մը կամ կրօնքի մը անդամ ըլլալնին ցոյց տալու համար։ Օրինակ՝ գիրք մը կ’ըսէ թէ «սուրիացիները Ադադ եւ Ադարկադիս աստուածներուն կը նուիրուէին, դաստակին կամ վզին վրայ նշաններ խարանելով. . . Դիոնիսոսի նուիրուած անհատներուն վրայ բաղեղի տերեւի մը նշանը կը խարանուէր» (Theological Dictionary of the New Testament)։

Բազմաթիւ այժմու մեկնաբաններ կ’ենթադրեն, թէ Պօղոս կ’ակնարկէր իր սպիներուն, զորս ստացաւ քրիստոնէական միսիոնարական գործունէութեան ընթացքին, կրկին անգամ ֆիզիքական չարչարանքի ենթարկուելով (Բ. Կորնթացիս 11։23-27)։ Սակայն Պօղոս թերեւս ըսել ուզեց թէ իր ապրելակերպը, եւ ոչ թէ որեւէ բառացի նշան, զինք բնորոշեց որպէս քրիստոնեայ։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w12 3/15 30-31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Կրնա՞յ ըլլալ որ քրիստոնեայ մը ժողովքէն վտարուի, եթէ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը արմատ կապէ իր մէջը։

▪ Ա՛յո, կրնայ ըլլալ։ Եւ ասոր համար կարեւոր է որ լման հեռու մնանք ամէն տեսակ պոռնկագրութենէ՝ թէ՛ գրաւոր նիւթերէ եւ թէ նկարներէ, որոնք կը գտնուին պարբերաթերթերու, ֆիլմերու, վիտէօներու եւ համացանցին մէջ։

Ամէն տեղ պոռնկագրութիւն կայ։ Համացանցին պատճառով պոռնկագրութիւնը շատ աւելի մատչելի է եւ երթալէն աւելի մարդիկ կ’իյնան այս թակարդին մէջ։ Պատահած է որ թէ՛ պզտիկներու եւ թէ մեծերու առջեւ անակնկալօրէն ելած են պոռնկագրական կայքեր։ Ուրիշներ դիտմամբ բացած են այդ կայքերը, քանի որ կրնան իրենց տան կամ գրասենեակին մէջ գաղտնօրէն պոռնկագրութիւն կարդալ կամ դիտել, առանց մէկէ մը քաշուելու։ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է այս վտանգէն զգոյշ ըլլան։

Յիսուս կարեւոր պատճառներէն մէկը կու տայ, երբ կ’ըսէ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատ. 5։28)։ Անշուշտ, բնական սեռային յարաբերութիւնները պատշաճ են եւ հաճոյք կու տան ամուսնացած զոյգերուն (Առ. 5։15-19. Ա. Կոր. 7։2-5)։ Բայց պոռնկագրութեան նպատակը ասիկա չէ։ Ընդհակառակը, ատիկա կը կեդրոնանայ անընդունելի սեռային յարաբերութիւններու վրայ եւ անբարոյ միտքեր կը յառաջացնէ, որոնց նկատմամբ Յիսուս զգուշացում տուաւ։ Ուրեմն յստակ է թէ պոռնկագրութիւն կարդալը կամ դիտելը հակառակ են Աստուծոյ տուած այս պատուէրին. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է» (Կող. 3։5)։

Լաւ ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ քրիստոնեան մէկ–երկու անգամ պոռնկագրութիւն դիտէ։ Իր վիճակը կրնայ նմանցուիլ այն վտանգաւոր վիճակին, որ սաղմոսերգու Ասափ անգամ մը ունէր։ Ան ըսաւ. «Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին»։ Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ մաքուր խիղճ ունենալ եւ Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալ, եթէ դիտած է պոռնկագրական նկարներ, որոնց մէջ մերկ տղամարդիկ կամ կիներ կան, կամ ալ սեռային անբարոյութիւն գործող զոյգեր կան։ Ան վստահաբար խաղաղութիւն պիտի չունենայ Ասափին պէս, որ ըսաւ. «Ամէն օր կը տանջուիմ ու ամէն առտու կը խրատուիմ» (Սաղ. 73։2, 14)։

Պոռնկագրութիւն դիտող քրիստոնեան պէտք է արթննայ եւ հասկնայ, որ հոգեւոր օգնութեան պէտք ունի։ Այդ օգնութիւնը ժողովքին մէջ կը գտնէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս» (Գաղ. 6։1)։ Մէկ–երկու երէց կրնան իրեն պէտք եղած օգնութիւնը տալ, մէջը ըլլալով ‘հաւատքով եղած աղօթքներ’, որ կրնայ բուժել զինք եւ այսպիսով իր մեղքը կրնայ ներուիլ (Յակ. 5։13-15)։ Անոնք որոնք օգնութիւն խնդրած են որ պոռնկագրութենէ ազատին, Ասափին պէս տեսած են, որ Աստուծոյ մօտենալը բարի է իրենց համար (Սաղ. 73։28)։

Բայց Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ մեղք գործողներէն ոմանք չզղջացին «իրենց գործած պղծութեանը եւ պոռնկութեանը ու գիջութեանը վրայ» (Բ. Կոր. 12։21)։ Ըստ փրոֆէսոր Մարվըն Ռ. Վինսընթին, «պղծութիւն» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը ունի «անմաքրութեան եւ աղտոտութեան իմաստը»։ Ցաւօք սրտի, կան պոռնկագրութեան տեսակներ, որոնք շատ աւելի գէշ են քան՝ այն տեսարանները, որոնց մէջ կան մերկ անհատներ կամ անբարոյութիւն գործող տղամարդիկ ու կիներ։ Կայ աղտոտ եւ պժգալի պոռնկագրութիւն, որ կը պարփակէ միասեռականութիւն (նոյն սեռի պատկանող անձերու միջեւ սեռային յարաբերութիւն), խմբային սեռային յարաբերութիւն, անասնամոլութիւն, մանկական պոռնկագրութիւն, խմբային բռնաբարում, կիներ չարչարել, սեռային յարաբերութեան ընթացքին անհատը կապել կամ անգթօրէն չարչարել։ Պօղոսի օրերուն ոմանք, ‘որոնց իմացականութիւնը խաւարած էր եւ անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու’ (Եփ. 4։18, 19)։

Պօղոս «պղծութիւն» արտայայտութիւնը նաեւ նշեց Գաղատացիս 5։19–ին մէջ։ Բրիտանացի ուսումնական մը ըսաւ, որ այդ արտայայտութիւնը «հոս կրնայ ակնարկել մանաւանդ բոլոր անբնական սեռային ցանկութիւններուն»։ Ո՞ր քրիստոնեան կրնայ ըսել, որ վերը նշուած աղտոտ եւ պժգալի պոռնկագրութեան տեսակները «անբնական սեռային ցանկութիւն» չեն։ Գաղատացիս 5։19-21–ին մէջ, Պօղոս եզրակացուց որ այսպիսի պղծութիւն «գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն»։ Ուրեմն, եթէ մէկու մը մէջ արմատանայ պժգալի պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը ու ատիկա բաւական ժամանակ տեւէ, եւ ան չզղջայ ու դարձի չգայ, չի կրնար ժողովքին մէջ մնալ։ Ան պէտք է վտարուի, որպէսզի ժողովքը մաքուր եւ անարատ մնայ (Ա. Կոր. 5։5, 11)։

Ինչ լաւ է որ կարգ մը անձեր, որոնք պժգալի պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութեան մէջ ինկան, հոգեւոր օգնութիւն խնդրեցին երէցներէն եւ մեծ փոփոխութիւններ ըրին։ Յիսուս Սարդիկէի ժողովքին պատուիրեց. «Հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են. . . միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս. . . բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ» (Յայտ. 3։2, 3)։ Ուրեմն, կարելի է որ մէկը զղջայ եւ ‘կրակէն յափշտակուի’ (Յդ. 22, 23)։

Բայց որքա՜ն աւելի լաւ է որ իւրաքանչիւրս վճռած ըլլանք, որ հեռու մնանք այս վտանգէն՝ ամէն տեսակ պոռնկագրութիւն դիտելէն։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 69

ԱՆՈՆՑ ՀԱՅՐԸ ԱԲՐԱՀԱ՞ՄՆ Է, ԹԷ ՈՉ՝ ՍԱՏԱՆԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 8։37-59

• ՀՐԵԱՆԵՐԸ Կ’ԸՍԵՆ ՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐՆ Է

• ՅԻՍՈՒՍ ԱԲՐԱՀԱՄԷՆ ԱՌԱՋ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԷՐ

Տաղաւարահարաց տօնը դեռ չէ վերջացած։ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ է եւ կարեւոր ճշմարտութիւններ կը սորվեցնէ։ Տօնին ներկայ գտնուող հրեաներէն ոմանք քիչ առաջ Յիսուսին ըսած էին. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք» (Յովհաննէս 8։33, 37, 38)։

Յիսուսին կէտը յստակ է։ Ան ըսել կ’ուզէ որ իր Հայրը եւ անոնց հայրը տարբեր անձնաւորութիւններ են։ Բայց անոր ըսածը չհասկնալով՝ հրեաները կը կրկնեն. «Մեր հայրը Աբրահամն է» (Յովհաննէս 8։39. Եսայի 41։8)։ Անոնք բառացիօրէն Աբրահամին սերունդն են։ Անոր համար կը կարծեն որ իրենք Աբրահամին՝ Աստուծոյ բարեկամին՝ նոյն հաւատքը ունին։

Բայց Յիսուս հրեաները կը ցնցէ, երբ կ’ըսէ. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք»։ Իրապէս, որդի մը իր հայրը կ’ընդօրինակէ։ Յիսուս կը շարունակէ. «Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ»։ Ետքը Յիսուս տարօրինակ բան մը կ’ըսէ. «Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք» (Յովհաննէս 8։39-41)։

Հրեաները տակաւին չեն հասկնար Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, եւ ցոյց տալու համար որ իրենք հարազատ զաւակներ են, կ’ըսեն. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։ Բայց արդեօք իրապէս Աստուա՞ծ է անոնց Հայրը։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքնիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց»։ Ետքը Յիսուս հարցում մը կը հարցնէ, որուն ինք անձամբ կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար խօսքիս մտիկ ընել» (Յովհաննէս 8։41-43)։

Յիսուս կը փորձէր հասկցնել, որ եթէ իրեն չհաւատան, ցոյց պիտի տան որ իրենց հայրը Սատանան է։ Իսկ հիմա բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ Անոնց հայրը ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Յիսուս կ’ըսէ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ Ետքը ան կ’աւելցնէ. «Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք» (Յովհաննէս 8։44, 47)։

Այս դատապարտական խօսքերէն կատղելով՝ հրեաները կ’ըսեն. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ Յիսուսը «սամարացի» կոչելով, կ’ուզեն զինք անարգել։ Բայց Յիսուս անոնց անարգական խօսքերը անտեսելով՝ կը պատասխանէ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք»։ Այս հարցին լուրջ ըլլալը յստակ է Յիսուսին այս խոստումէն. «Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ»։ Ան ըսել չ’ուզեր որ իր առաքեալները եւ հետեւորդները բառացիօրէն պիտի չմահանան։ Հապա ըսել կ’ուզէ որ անոնք յաւիտենական կործանում պիտի չտեսնեն, այսինքն՝ պիտի չհամտեսեն «երկրորդ մահը», որմէ յարութիւն չկայ (Յովհաննէս 8։48-51. Յայտնութիւն 21։8)։

Բայց հրեաները Յիսուսին խօսքերը բառացի կ’առնեն եւ կ’ըսեն. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ. . . դուն քեզ ո՞վ կը կարծես» (Յովհաննէս 8։52, 53)։

Յստակ է որ Յիսուս ի մտի ունի ցոյց տալ, թէ ինք Մեսիան է։ Բայց փոխանակ ուղղակի ըսելու թէ ինք ո՛վ է, կ’ըսէ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր Աստուածն է, բայց զանիկա չէք ճանչնար, իսկ ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ» (Յովհաննէս 8։54, 55)։

Ետքը ան ետ կը բերէ անոնց հաւատարիմ նախահօր օրինակը եւ կ’ըսէ. «Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ Այո, Աստուծոյ խոստումին հաւատալով, Աբրահամ անհամբեր կը սպասէր Մեսիային գալուստին։ Բայց թերահաւատ հրեաները կը հարցնեն. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։ Ան կ’ակնարկէ իր նախամարդկային կեանքին, երբ երկինքին մէջ կ’ապրէր որպէս հզօր հոգեղէն արարած (Յովհաննէս 8։56-58)։

Յիսուսին այս խօսքերը խիստ կը բարկացնեն հրեաները եւ անոնք կը պատրաստուին զինք քարկոծելու։ Բայց Յիսուս անվնաս կը հեռանայ։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ իր Հայրը եւ իր թշնամիներուն հայրը տարբեր անձնաւորութիւններ են։

◇ Ինչո՞ւ տեղին չէ հրեաներուն պնդումը որ Աբրահամն է իրենց հայրը։

◇ Յիսուսին հետեւորդները ի՞նչ առումով ‘յաւիտեան մահ պիտի չտեսնեն’։

ՅՈՒՆԻՍ 10-16

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1-3

«Եհովային տնտեսութիւնը եւ անոր գործը»

(Եփեսացիս 1։8, 9) Որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ, 9 մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը [«սրբազան գաղտնիքը», ՆԱ]՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ նախասահմաներ էր։

it-2 837 ¶4

Սրբազան գաղտնիք

Մեսիական Թագաւորութիւնը։ Իր գրութիւններուն մէջ, Պօղոս Քրիստոսի սրբազան գաղտնիքին յայտնութեան լման պատկերը կը ներկայացնէ։ Ան Եփեսացիս 1։9-11–ին մէջ կ’ըսէ, որ Աստուած կը յայտնէ «իր կամքին խորհուրդը [«սրբազան գաղտնիքը», ՆԱ]՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ նախասահմաներ էր. որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։ Անով՝ մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի»։ Այս «Սրբազան գաղտնիք»ը կը պարփակէ կառավարութիւն մը՝ Աստուծոյ մեսիական Թագաւորութիւնը։ «Ինչ որ երկինքը. . . կայ» կը ներկայացնէ՝ Քրիստոսի ապագայ իշխանակիցները այդ երկնային Թագաւորութեան մէջ։ «Ինչ որ երկրի վրայ կայ» կը ներկայացնէ այդ Թագաւորութեան ապագայ երկրային հպատակները։ Յիսուս իր աշակերտներուն յստակացուց, որ սրբազան գաղտնիքը կապ ունի Թագաւորութեան հետ, երբ անոնց ըսաւ. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը [«սրբազան գաղտնիքը», ՆԱ]» (Մար. 4։11)։

(Եփեսացիս 1։10) Որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։

դ12 7/1 27-28 ¶3-4

Եհովան իր ընտանիքը կը համախմբէ

3 Եհովային արարքները եւ նպատակը միշտ ներդաշնակ են։ Անոր համար, նշանակուած «ժամանակներուն լրանալուն» պէս, ան ի զօրու դարձուց ‘տնտեսութիւն մը’,– այսինքն՝ իր բոլոր մտացի արարածները միացնելու կարգադրութիւն մը (կարդա՛ Եփեսացիս 1։8-10)։ Այս տնտեսութիւնը իր նպատակակէտը երկու հանգրուաններով պիտի իրագործէ։ Առաջին հանգրուանը օծեալներու ժողովքը կը պատրաստէ երկնային կեանքի համար, Յիսուս Քրիստոսը իրենց հոգեւոր Գլուխը ունենալով։ Այս հանգրուանը սկսաւ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Եհովան սկսաւ համախմբել զանոնք՝ որոնք Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխէին (Գործք 2։1-4)։ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ օծեալները կեանք ունենալու համար արդարացած ըլլալով, կը գիտակցին թէ որդեգրուած են որպէս «Աստուծոյ որդիներ» (Հռով. 3։23, 24. 5։1. 8։15-17)։

4 Երկրորդ հանգրուանը կը պատրաստէ զանոնք՝ որոնք Քրիստոսի Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ պիտի բնակին Դրախտին մէջ երկրի վրայ։ «Մեծ բազմութիւն»ը այս խումբին սկզբնական մասը կը կազմէ (Յայտ. 7։9, 13-17. 21։1-5)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, անոնց պիտի միանան միլիառաւոր յարուցեալներ (Յայտ. 20։12, 13)։ Երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս յարութիւնը յաւելեալ կերպով մեր միութիւնը պիտի յայտնէ։ Հազար տարուան վերջաւորութեան, «ինչ որ երկրի վրայ կայ» վերջին փորձի պիտի ենթարկուի, եւ հաւատարիմները պիտի որդեգրուին որպէս երկրային՝ «Աստուծոյ որդիներ» (Հռով. 8։21. Յայտ. 20։7)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Եփեսացիս 3։13) Ուստի կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են։

դ13 2/15 28 ¶15

Ամէն խոչընդոտ յաղթահարելով՝ փառք վաստկէ

15 Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ Աստուծմէ փառք վաստկին։ Համբերատարութեան մեր օրինակը կերպ մըն է։ Պօղոս Եփեսոսի ժողովքին գրեց. «Կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են» (Եփ. 3։13)։ Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ որ իր նեղութիւնները եփեսացիներուն փառքն են։ Խնդիրներու դիմաց իր եղբայրներուն ծառայելով, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ ծառայելը քրիստոնեայի մը համար ամէնէն արժէքաւոր բանը պէտք է ըլլայ։ Եթէ Պօղոս փորձութիւններու ներքեւ ձեռնթափ ըլլար, իր եղբայրները պիտի խորհէին թէ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը, իրենց ծառայութիւնը եւ իրենց յոյսը կարեւորութիւն չունէին։ Իր համբերատարութեան օրինակով, Պօղոս եղբայրներուն ցոյց տուաւ թէ Քրիստոսի աշակերտը ըլլալը կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել։

(Եփեսացիս 3։19) Այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէս զի լեցուիք Աստուծոյ լիութիւնովը։

cl 299 ¶21

«Ճանչնալ Քրիստոսին սէրը»

21 «Ճանչնալ» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ «գործնական կերպով, փորձառութեամբ» ճանչնալ։ Յիսուսին զգացումները կը հասկնանք, երբ սէր կը ցուցնենք ինչպէս որ ինք ըրաւ, այսինքն՝ զոհողութիւններ կ’ընենք ուրիշներուն օգտին համար, կարեկցութեամբ կ’ընդառաջենք իրենց պէտքերուն եւ սրտանց կը ներենք իրենց։ Այսպիսով, փորձառութեամբ ‘կը ճանչնանք Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է’։ Բնաւ չմոռնանք թէ որքա՛ն աւելի նմանինք Քրիստոսին, այնքան աւելի պիտի մօտենանք անոր, որ Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց, այսինքն՝ մեր սիրալիր Աստուածը Եհովան։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 70

ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ԾՆԱԾ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 9։1-18

• ԿՈՅՐ ԾՆԱԾ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿՈՒԻ

Շաբաթ օր է եւ Յիսուս դեռ Երուսաղէմի մէջ է։ Մինչ ինք եւ իր աշակերտները կը քալեն քաղաքին մէջ, կը տեսնեն կոյր ծնած մուրացկան մը։ Աշակերտները Յիսուսին կը հարցնեն. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ» (Յովհաննէս 9։2)։

Աշակերտները թերեւս հարց կու տան, որ արդեօք մէկը կրնա՞յ մեղք գործել իր մօր արգանդին մէջ։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան» (Յովհաննէս 9։3)։ Ուրեմն, ո՛չ այս մարդը, ոչ ալ անոր ծնողքը որոշ սխալ մը կամ մեղք մը գործած են, որուն պատճառաւ ան կոյր ծնած է։ Ամէն մարդ, Ադամին մեղանչելուն պատճառով, անկատար կը ծնի եւ ենթակայ է թերութիւններու, ինչպէս՝ կուրութիւն։ Բայց մարդուն կուրութիւնը Յիսուսին առիթ կու տայ, որ Աստուծոյ գործերը յայտնի դարձնէ, ինչպէս որ ըրած է ուրիշ առիթներով, երբ հիւանդներ բժշկած է։

Յիսուս կը շեշտէ որ այդ գործերը ընելը հրատապ է։ Ան կ’ըսէ. «Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել։ Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ» (Յովհաննէս 9։4, 5)։ Այո, մօտ օրէն մահը Յիսուսը պիտի ընկղմէ գերեզմանին մթութեան մէջ, ուր բան մը չի կրնար ընել։ Մինչ այդ, ան որպէս լոյսի աղբիւր կը լուսաւորէ աշխարհը։

Բայց Յիսուս մարդը պիտի բժշկէ՞, եւ եթէ այո, ինչպէ՞ս։ Յիսուս գետինը կը թքէ եւ իր թուքով կաւ կը շինէ ու մաս մը կը դնէ կոյրին աչքերուն վրայ եւ կ’ըսէ. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (Յովհաննէս 9։7)։ Մարդը կը հնազանդի եւ կը սկսի տեսնել։ Երեւակայէ անոր ուրախութիւնը, երբ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէ։

Մարդուն դրացիները եւ անոնք՝ որոնք նախապէս տեսած էին որ կոյր է, կը զարմանան։ Անոնք կը հարցնեն. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կը պատասխանեն. «Անիկա է»։ Բայց ուրիշներ չեն հաւատար եւ կ’ըսեն. «Անոր նման մէկն է», իսկ ինք կ’ըսէ. «Ես եմ» (Յովհաննէս 9։8, 9)։

Ասոր վրայ, անոնք կը հարցնեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։ Ան կը պատասխանէ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։ Ետքը իրեն կը հարցնեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Մուրացկանը կը պատասխանէ. «Չեմ գիտեր» (Յովհաննէս 9։10-12)։

Ժողովուրդը մարդը կը տանին փարիսեցիներուն, որոնք նոյնպէս կ’ուզեն գիտնալ որ ինչպէ՛ս սկսաւ տեսնել։ Ան կ’ըսէ. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։ Փարիսեցիները ուրախանալու տեղ որ կոյր մուրացկանը բժշկուած է, Յիսուսը կը քննադատեն՝ ըսելով. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել» (Յովհաննէս 9։15, 16)։ Անոնց մէջ բաժանում տեղի կ’ունենայ։

Անոր համար անոնք մարդուն դառնալով կը հարցնեն։ «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Առանց որեւէ կասկածի, ան կը պատասխանէ. «Մարգարէ մըն է» (Յովհաննէս 9։17)։

Փարիսեցիները կը մերժեն հաւատալ։ Անոնք թերեւս կը կարծեն որ Յիսուսը եւ այս մարդը գաղտնաբար ծրագրած են ժողովուրդը խաբել։ Անոնք կ’եզրակացնեն որ ամէնէն լաւ բանն է կոյրին ծնողքին հարցնել, որ ան իրապէս կո՛յր էր կամ ոչ։

◇ Մուրացկանին կուրութեան պատճառը ի՞նչ է։

◇ Կոյրին ճանչուորները ինչպէ՞ս կը հակազդեն, երբ կը տեսնեն որ բժշկուեցաւ։

◇ Ի՞նչ տարակարծութիւն կը ստեղծուի փարիսեցիներուն միջեւ։

ՅՈՒՆԻՍ 17-23

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4-6

«Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը»

(Եփեսացիս 6։11-13) Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։ 12 Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։ 13 Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել։

դ18.05 27 ¶1

Ո՛վ երիտասարդներ, Սատանային դէմ դրէք

ՊՕՂՈՍ առաքեալ քրիստոնեաները նմանցուց զինուորներու։ Մենք պատերազմի մէջ ենք եւ ասիկա հոգեւոր պատերազմ է, բառացի չէ, բայց մեր թշնամիները իրական են։ Անոնք Սատանան եւ դեւերն են, որոնք վարպետ պատերազմողներ են եւ շատ փորձառութիւն ունին։ Թերեւս կարծենք որ չենք կրնար այս պատերազմը շահիլ, մանաւանդ եթէ երիտասարդ ենք։ Երիտասարդները կրնա՞ն յաղթել այսպիսի զօրաւոր թշնամիներու։ Այո՛ կրնան, եւ արդէն կը յաղթեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ զօրութիւն կը ստանան Եհովայէն։ Բայց ասկէ զատ, անոնք լաւ մարզուած զինուորներու պէս՝ «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» հագած են, որպէսզի պատրաստ ըլլան կռուելու (կարդա՛ Եփեսացիս 6։10-12)։

(Եփեսացիս 6։14, 15) Ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով 15 ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը։

դ18.05 28-29 ¶4, 7, 10

Ո՛վ երիտասարդներ, Սատանային դէմ դրէք

4 Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները գօտիի մը պէս կը պաշտպանեն մեզ սխալ ուսուցումներէ (Յովհ. 8։31, 32. Ա. Յովհ. 4։1)։ Եւ որքա՛ն աւելի սիրենք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները, այնքան աւելի դիւրին կ’ըլլայ մեր «զրահը» կրելը, այսինքն՝ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլը (Սաղ. 111։7, 8. Ա. Յովհ. 5։3)։ Ասկէ զատ, որքա՛ն աւելի լաւ հասկնանք այս ճշմարտութիւնները, այնքան աւելի ինքնավստահութեամբ պիտի պաշտպանենք զանոնք հակառակորդներուն առջեւ (Ա. Պետ. 3։15)։

7 Ի՜նչ աղուոր նկարագրութիւն մը, թէ Եհովային արդար չափանիշները ինչպէ՛ս կը պաշտպանեն մեր այլաբանական սիրտը (Առ. 4։23)։ Զինուոր մը երկաթէ զրահին տեղ բնա՛ւ չէր գործածեր ցածորակ մետաղով շինուած զրահ մը։ Նմանապէս, մենք ալ Եհովային չափանիշներուն տեղ բնա՛ւ չենք ապաւինիր մեր գաղափարներուն, որոշելու համար թէ ի՛նչն է ճիշդը։ Մենք բաւարար իմաստութիւն չունինք որ մեր սիրտը պաշտպանենք (Առ. 3։5, 6)։ Այս պատճառով, պէտք է միշտ վստահ ըլլանք, որ Եհովային մեզի տուած ‘երկաթէ կտորները’ իրենց տեղն են եւ մեր սիրտը կը պաշտպանեն։

10 Ճիշդ ինչպէս որ հռոմայեցի զինուորները կօշիկ հագուելով պատրաստ կ’ըլլային պատերազմելու, մեր այլաբանական կօշիկներն ալ մեզի կ’օգնեն խաղաղութեան բարի լուրը քարոզելու (Եսա. 52։7. Հռով. 10։15)։ Բայց ատեններ շատ քաջութեան պէտք կ’ունենանք, որ քարոզենք երբ առիթ բացուի։ 20 տարեկան Պոն կ’ըսէ. «Կը վախնայի դասընկերներուս քարոզելու, թերեւս քանի որ կ’ամչնայի։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ կ’ամչնայի։ Բայց հիմա ուրախ եմ որ տարեկիցներուս կը քարոզեմ»։

(Եփեսացիս 6։16, 17) Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել 17 եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։

դ18.05 29-31 ¶13, 16, 20

Ո՛վ երիտասարդներ, Սատանային դէմ դրէք

13 Սատանան ի՞նչ «կրակոտ նետեր» կրնայ նետել վրադ։ Թերեւս ան Եհովային մասին սուտեր գործածէ։ Ան կ’ուզէ որ կարծես թէ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած չէ եւ քեզ չի կրնար սիրել։ 19 տարեկան Իտա կը պայքարի անարժէք ըլլալու զգացումին դէմ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ անգամ զգացած եմ որ Եհովան ինծի մօտ չէ եւ չ’ուզեր Բարեկամս ըլլալ»։ Ան կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս ինքզինք կը պաշտպանէ այս յարձակումին դէմ. «Ժողովները հաւատքս շատ կը զօրացնեն։ Առաջ, ժողովին ընթացքին միայն կը նստէի եւ պատասխան չէի տար, կարծելով որ ո՛չ մէկը հետաքրքրուած է ըսելիքովս։ Բայց այլեւս կը պատրաստեմ ժողովին նիւթերը եւ կը փորձեմ երկու–երեք անգամ պատասխանել։ Ասիկա դժուար է, բայց զիս շատ աւելի լաւ կը զգացնէ։ Իսկ եղբայրներն ու քոյրերը շատ կը քաջալերեն զիս։ Միշտ ժողովը վերջանալէն ետք կը զգամ որ Եհովան զիս կը սիրէ»։

16 Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը կը պաշտպանէ զինուորին ուղեղը, մեր «փրկութեան յոյսը» կը պաշտպանէ մեր միտքը (Ա. Թես. 5։8. Առ. 3։21)։ Յոյսը մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնանանք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ եւ չվհատինք մեր խնդիրներուն պատճառով (Սաղ. 27։1, 14. Գործք 24։15)։ Բայց եթէ կ’ուզենք որ մեր յոյսը պաշտպանէ մեզ, պէտք է իրական ըլլայ մեզի համար։ Պէտք է մեր «սաղաւարտը» մեր գլխուն դնենք, եւ ոչ թէ մեր ձեռքով կրենք։

20 Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ Աստուծոյ Խօսքը կը նմանի սուրի, որ Աստուծմէ ստացած ենք։ Բայց պէտք է սորվինք զայն վարպետութեամբ գործածել, որպէսզի մեր հաւատքը պաշտպանենք կամ մեր մտածելակերպը փոխենք (Բ. Կոր. 10։4, 5. Բ. Տիմ. 2։15)։ Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի վարպետ դառնալ։ 21 տարեկան Սեպասթեան կ’ըսէ. «Ամէն անգամ որ Սուրբ Գիրքը կարդամ, ամէն մէկ գլուխէն համար մը կը գրեմ քովս, եւ ամէնէն շատ սիրած համարներուս ցանկը կը պատրաստեմ։ Այսպիսով, Եհովային մտածելակերպը աւելի յստակ կ’ըլլայ ինծի համար»։ Նախապէս նշուած Տանիէլ կ’ըսէ. «Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդամ, կը զատեմ այն համարները, որ կը կարծեմ թէ պիտի օգնեն ծառայութեան մէջ իմ հանդիպած մարդոց։ Նկատած եմ որ մարդիկ աւելի կ’ընդառաջեն, երբ տեսնեն որ Սուրբ Գիրքին շատ արժէք կու տաս եւ լաւագոյնդ կ’ընես որ իրենց օգնես»։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Եփեսացիս 4։30) Եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։

it-1 1128 ¶3

Սրբութիւն

Սուրբ հոգի։ Եհովային գործօն ուժը, կամ հոգին, իր հակակշռին տակն է եւ միշտ իր նպատակը կ’իրագործէ։ Ատիկա մաքուր, անարատ ու սուրբ է եւ Աստուած զայն լաւ բաներու համար կը գործածէ։ Այս պատճառով, ատիկա կը կոչուի «սուրբ հոգի» եւ «սրբութեան հոգի» (Սաղ. 51։11. Ղուկ. 11։13. Հռով. 1։4. Եփ. 1։13)։ Սուրբ հոգին կրնայ անհատը մղել սուրբ կամ մաքուր ըլլալու։ Երբ մէկը անմաքուր կամ սխալ բան մը ընէ, սուրբ հոգիին հակառակ կեցած կ’ըլլայ կամ զայն ‘տրտմեցուցած’ կ’ըլլայ (Եփ. 4։30)։ Թէեւ սուրբ հոգին անձնաւորութիւն չունի, բայց Աստուծոյ սուրբ անձնաւորութիւնը կը ներկայացնէ եւ հետեւաբար կրնայ ‘տրտմիլ’։ Յանցագործութիւնը ‘սուրբ հոգին կը մարէ’ (Ա. Թես. 5։19)։ Եթէ անհատը շարունակէ յանցագործութիւնը, Աստուծոյ սուրբ հոգին ‘կը բարկանայ’, եւ ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ Աստուած այդ ըմբոստ անձին թշնամին դառնայ (Եսա. 63։10)։ Այն անձը որ սուրբ հոգին կը տրտմեցնէ, կրնայ հասնիլ այն աստիճանին որ սուրբ հոգիին դէմ հայհոյէ, եւ ասիկա մեղք մըն է, որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ որ պիտի չներուի ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ ալ գալու աշխարհին մէջ (Մատ. 12։31, 32. Մար. 3։28-30)։

(Եփեսացիս 5։5) Քանզի գիտէք, թէ ամէն պոռնիկ կամ պիղծ կամ ագահ, որ կռապաշտ է, Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն չունի։

it-1 1006 ¶2

Ագահութիւն

Գործերով յայտնի կ’ըլլայ։ Ագահութիւնը յայտնի կ’ըլլայ երբ անհատը ընէ բան մը, որ կը յայտնէ իր սխալ եւ անհամեստ ցանկութիւնը։ Սուրբ Գիրքը գրողներէն մէկը՝ Յակոբոս, մեզի կ’ըսէ որ երբ սխալ ցանկութիւնը աճի, մեղքի կ’առաջնորդէ (Յակ. 1։14, 15)։ Ուրեմն, անհատի մը ագահ ըլլալը մէջտեղ կ’ելլէ իր ըրածներով։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ, որ ագահ ըլլալ կը նշանակէ կռապաշտ ըլլալ (Եփ. 5։5)։ Ագահ անձին համար, իր ցանկացած բանը իր աստուա՛ծն է, եւ զայն աւելի կարեւոր կը նկատէ քան՝ Ստեղծիչը պաշտելը եւ իրեն ծառայելը (Հռով. 1։24, 25)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 71

ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ ԲՈՒԺՈՒԱԾ ԿՈՅՐԸ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 9։19-41

• ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ ԲՈՒԺՈՒԱԾ ԿՈՅՐԸ

• ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ «ԿՈՅՐ» ԵՆ

Փարիսեցիները չեն ընդունիր որ Յիսուս կոյր ծնած մարդը բժշկած է. անոր համար կը կանչեն անոր ծնողքը։ Ծնողքը գիտէ որ եթէ Յիսուսին կողմը դիրք բռնէ, հաւանաբար «ժողովարանէն դուրս ձգուի» (Յովհաննէս 9։22)։ Ասանկ բան մը կրնայ ընկերային եւ տնտեսական շատ գէշ հետեւանքներ ունենալ իրենց համար։

Փարիսեցիները երկու հարցումներ կը հարցնեն. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Ծնողքը կը պատասխանէ. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։ Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր»։ Նոյնիսկ եթէ անոնց զաւակը պատմած է պատահածը, անոնք կը նախընտրեն ուշադրութեամբ փարիսեցիներուն պատասխանել եւ կ’ըսեն. «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար» (Յովհաննէս 9։19-21)։

Այն ատեն, փարիսեցիները ետ կը կանչեն մարդը եւ կը փորձեն վախցնել՝ ըսելով որ փաստեր ունին Յիսուսին դէմ։ «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է», կ’ըսեն անոնք։ Բայց մարդը կը պատասխանէ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ» (Յովհաննէս 9։24, 25)։

Անոր պատասխանով չբաւարարուելով, փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։ Մարդը քաջաբար կը պատասխանէ. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։ Փարիսեցիները շա՛տ կը բարկանան եւ զինք կ’ամբաստանեն՝ ըսելով. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է» (Յովհաննէս 9։26-29)։

Մարդը ապշած կը պատասխանէ. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ»։ Ետքը, ան տրամաբանական բան մը կ’ըսէ. «Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ’ըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։ Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ»։ Եւ ան կ’եզրակացնէ. «Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել» (Յովհաննէս 9։30-33)։

Փարիսեցիները չեն կրնար մուրացկանին տրամաբանական խօսքը ժխտել. անոր համար վիրաւորական խօսքերով կ’ըսեն. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ մարդը կը վռնտեն (Յովհաննէս 9։34)։

Յիսուս կը լսէ եղածին մասին։ Երբ կը հանդիպի մարդուն, անոր կը հարցնէ. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։ Ան կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։ Ասոր վրայ, Յիսուս բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է» (Յովհաննէս 9։35-37)։

Մարդը կը պատասխանէ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր»։ Հաւատք եւ յարգանք ցուցաբերելով՝ ան Յիսուսին առջեւ կը խոնարհի։ Իսկ Յիսուս կ’ըսէ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան» (Յովհաննէս 9։38, 39)։

Փարիսեցիները, որոնք այդ պահուն հոն են, կը լսեն Յիսուսին խօսքերը։ Անոնք գիտեն որ իրենք բառացի կոյրեր չեն։ Բայց կը զգան որ Յիսուս իրենց մասին կը խօսի, ըսելով որ ժողովուրդը ճիշդ կերպով չեն առաջնորդեր։ Անոր համար, պաշտպանողական ոճով կը հարցնեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ» (Յովհաննէս 9։40, 41)։ Եթէ անոնք Իսրայէլի մէջ ուսուցիչներ չըլլային, թերեւս հասկնալի կ’ըլլար Մեսիան մերժելու անոնց կեցուածքը։ Բայց քանի՛ որ Օրէնքը շատ լաւ գիտեն, Յիսուսը մերժելով լուրջ մեղք կը գործեն։

◇ Ինչո՞ւ կոյր ծնած մուրացկանին ծնողքը կը վախնայ, երբ փարիսեցիներուն քով կը կանչուի, եւ ի՞նչ կը պատասխանէ։

◇ Մուրացկանին ո՞ր տրամաբանական խօսքը շատ կը բարկացնէ փարիսեցիները։

◇ Փարիսեցիները ինչո՞ւ պատճառ չունին Յիսուսին հակառակելու։

ՅՈՒՆԻՍ 24-30

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 1-4

«Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք»

(Փիլիպպեցիս 4։6) Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։

դ17.08 10 ¶10

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը. . . ամէն մտքէ վեր է»

10 Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ բանի մը համար չմտահոգուինք եւ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» վայելենք։ Պօղոսին խօսքը կը ցուցնէ թէ մեր մտահոգութիւններուն ճարը աղօթքն է։ Ուրեմն, երբ մտահոգ ըլլանք, պէտք է մեր մտահոգութեան մասին աղօթենք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6, 7)։ Լման հաւատքով աղօթէ Եհովային, վստահ ըլլալով որ քեզմով հետաքրքրուած է։ Միշտ իրեն շնորհակալութիւն յայտնէ ամէն մէկ օրհնութեան համար որ կը վայելես։ Եւ բնաւ մի՛ մոռնար որ ան «կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք» (Եփ. 3։20)։

(Փիլիպպեցիս 4։7) Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։

դ17.08 10 ¶7

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը. . . ամէն մտքէ վեր է»

7 Երբ Փիլիպպէի եղբայրները կարդացին Պօղոսին նամակը, անկասկած յիշեցին թէ ի՛նչ պատահած էր իրեն եւ Եհովան ինչպէս իրենց չակնկալած կերպով օգնած էր։ Պօղոս ի՞նչ դաս կը սորվեցնէր անոնց։ Դասը այս էր. Հոգ մի՛ ընէք, աղօթեցէք եւ պիտի ստանաք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կարգ մը թարգմանիչներ «ամէն մտքէ վեր է» արտայայտութիւնը կը թարգմանեն՝ «մեր երազներէն վեր է» կամ «բոլոր մարդկային ծրագիրները կը գերազանցէ»։ Պօղոս կարծես թէ կ’ըսէր, թէ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» մեր երեւակայածէն աւելի հոյակապ է։ Ճիշդ է որ ատեններ չենք կրնար մեր խնդիրներուն լուծումը գիտնալ, բայց Եհովան գիտէ՛ եւ կրնայ մեր չակնկալածը ընել (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։9)։

դ17.08 12 ¶16

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը. . . ամէն մտքէ վեր է»

16 Ի՞նչ պիտի պատահի երբ ստանանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է»։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ատիկա ‘մեր սրտերն ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ’ (Փլպ. 4։7)։ Այն բառը որ «պահպանել» թարգմանուած է, բնագրին մէջ զինուորական արտայայտութիւն մըն էր, որ կ’ակնարկէր խումբ մը զինուորներու, որոնց նշանակումն էր քաղաքը պաշտպանել։ Այսպիսի խումբ մը կը պաշտպանէր Փիլիպպէ քաղաքը։ Անոր բնակիչները գլուխնին հանգիստ բարձին կը դնէին իրիկունը, գիտնալով որ իրենց քաղաքը պաշտպանուած է։ Նմանապէս, երբ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կ’ունենանք, մեր սիրտն ու միտքը հանգիստ կ’ըլլան, գիտնալով որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ կ’ուզէ որ յաջողինք (Ա. Պետ. 5։10)։ Ասիկա մեզ կը պաշտպանէ, չձգելով որ մտահոգութիւններուն կամ յուսահատութեան մէջ թաղուինք։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Փիլիպպեցիս 2։17, ՆԱ) Սակայն, նոյնիսկ եթէ կը թափուիմ ըմպելիքի ընծայի մը պէս այն զոհին ու սուրբ ծառայութեան վրայ, որոնք ձեր հաւատքին շնորհիւ կը մատուցանէք, ես ուրախ եմ ու բոլորիդ հետ կը հրճուիմ։

it-2 528 ¶5

Ընծաներ

Ըմպելիքի ընծաներ։ Ըմպելիքի ընծաները կը մատուցուէին միւս ընծաներուն մեծամասնութեան հետ, մանաւանդ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրին մէջ հաստատուելէն ետք (Թւ. 15։2, 5, 8-10)։ Ատիկա կը պարփակէր գինի («օղի») եւ զոհասեղանին վրայ կը թափուէր (Թւ. 28։7, 14. համեմատէ՛ Ել. 30։9. Թւ. 15։10)։ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն գրեց. «Նոյնիսկ եթէ կը թափուիմ ըմպելիքի ընծայի մը պէս այն զոհին ու սուրբ ծառայութեան վրայ, որ ձեր հաւատքին շնորհիւ կը մատուցանէք, ես ուրախ եմ ու բոլորիդ հետ կը հրճուիմ»։ Հոս, ան ըմպելիքի ընծային օրինակը գործածեց, որպէսզի ցոյց տայ որ ինք յօժար է ինքզինք սպառելու իր հաւատակիցներուն համար (Փլպ. 2։17, ՆԱ)։ Պօղոս իր մահէն քիչ առաջ Տիմոթէոսին գրեց. «Ես արդէն զոհ [«ըմպելիքի ընծայ», ՆԱ] ըլլալու նուիրուած եմ ու իմ մեկնելուս ատենը հասեր է» (Բ. Տիմ. 4։6)։

(Փիլիպպեցիս 3։11, ՆԱ) Որպէս զի մեռելներուն կանուխ յարութեանը հասնիմ։

դ07 1/1 28 ¶5

«Առաջին յարութիւնը» արդէն սկսած է

5 Անկէ ետք, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի օծեալ անդամները Տէր Յիսուս Քրիստոսի պէտք է միանան երկնային փառքի մէջ, ուր «յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլան»։ (Գաղատացիս 6։16. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։16) Այս դէպքը կոչուած է «առաջին յարութիւն»։ (Յայտնութիւն 20։6) Այդ յարութիւնը ամբողջանալէ ետք, երկրի վրայ միլիոնաւորներ պիտի վերակենդանանան, Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու հեռանկարով։ Ուստի մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային թէ երկրային, ‘առաջին յարութեամբ’ խորապէս հետաքրքրուած ենք։ Անիկա ի՞նչպիսի յարութիւն մըն է եւ ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 72

ՅԻՍՈՒՍ 70 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ԿԸ ՂՐԿԷ

ՂՈՒԿԱՍ 10։1-24

• ՅԻՍՈՒՍ 70 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ Կ’ԸՆՏՐԷ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ԿԸ ՂՐԿԷ

Ք.Ե. 32–ը վերջ գտնելու վրայ է։ Մօտ երեք տարի անցած է Յիսուսի մկրտութեան վրայ։ Ինք եւ իր աշակերտները վերջերս Երուսաղէմ էին, Տաղաւարահարաց տօնին համար։ Հաւանաբար անոնք տակաւին Երուսաղէմի մօտերն են (Ղուկաս 10։38. Յովհաննէս 11։1)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս իր ծառայութեան վերջին վեց ամիսները կ’անցընէ Հրէաստանի մէջ եւ Յորդանան գետին անդի կողմը՝ Պերեայի մէջ։ Այդ շրջաններուն մէջ ալ պէտք է քարոզել։

Ժամանակ մը առաջ, Ք.Ե. 30–ի Պասեքէն ետք, Յիսուս քանի մը ամիս անցուց քարոզելով Հրէաստանի մէջ եւ Սամարիայի ճամբով ուղղուեցաւ Գալիլիա։ Ետքը, Ք.Ե. 31–ի Պասեքին ատենները, Երուսաղէմի մէջ հրեաները փորձեցին զինք սպաննել։ Իսկ յաջորդ մէկուկէս տարուան ընթացքին, Յիսուս գլխաւորաբար կը քարոզէր հիւսիսը՝ Գալիլիայի մէջ։ Այդ ժամանակ, շատեր իր հետեւորդները դարձան։ Գալիլիայի մէջ, Յիսուս իր առաքեալները մարզեց եւ քարոզելու ղրկեց՝ ըսելով. «Քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատթէոս 10։5-7)։ Իսկ հիմա ան քարոզարշաւ մը կը կազմակերպէ Հրէաստանի մէջ։

Արշաւին թափ տալու համար, ան կ’ընտրէ «եօթանասուն աշակերտներ» (ԱԾ) եւ երկու–երկու կը ղրկէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելու Հրէաստանի մէջ, ուր «հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ» (Ղուկաս 10։2)։ Անոնք պիտի երթան շրջաններ, ուր ետքը Յիսուս թերեւս երթայ։ Ինչպէս նաեւ պիտի բժշկեն հիւանդները եւ քարոզեն այն ինչ որ Յիսուս կը քարոզէ։

Աշակերտները ժողովարաններուն մէջ սորվեցնելու տեղ, պիտի երթան մարդոց տուները։ Անոնց տուած Յիսուսին ցուցմունքները կը նմանին այն ցուցմունքներուն, որոնք 12 առաքեալներուն տուաւ մօտ տարի մը առաջ։ Ան կ’ըսէ. «Ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ»։ Անոնք ի՞նչ պիտի քարոզեն։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’» (Ղուկաս 10։5-9)։

Ան նաեւ կ’ըսէ որ ոմանք պիտի չընդունին իրենց պատգամը։ Բայց անոնց թափած ջանքերը շատերու սիրտը պիտի պատրաստեն մտիկ ընելու Յիսուսին, երբ քիչ ետք գայ։ Անոնք անհամբեր պիտի սպասեն Տէրոջ, որ իրմէ սորվին։

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելէ ետք, 70 աշակերտները Յիսուսին քով կու գան եւ ուրախութեամբ կը պատմեն. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ Ասիկա այնքա՛ն կ’ուրախացնէ Յիսուսը, որ կ’ըսէ. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու. . . վրայ կոխկռտելու» (Ղուկաս 10։17-19)։

Այս խօսքերով Յիսուս իր հետեւորդները կը վստահեցնէ, որ կարող պիտի ըլլան փոխաբերական իմաստով կոխկռտել օձերու ու կարիճներու վրայ, այսինքն՝ վնասակար բաները։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան վստահ ըլլալ որ ապագային Սատանան երկինքէն վար պիտի իյնայ։ Յիսուս նաեւ 70 աշակերտներուն կ’օգնէ տեսնելու, որ ինչ բան իրապէս կարեւոր է, երբ կ’ըսէ. «Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են» (Ղուկաս 10։20)։

Յիսուս շատ ուրախ է եւ հանրապէս իր Հայրը կը փառաբանէ, քանի որ իր այս խոնարհ ծառաներուն միջոցաւ հզօր գործեր կ’ընէ։ Ետքը, իր աշակերտներուն դառնալով՝ կ’ըսէ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն. քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին» (Ղուկաս 10։23, 24)։

◇ Յիսուս իր ծառայութեան վերջին վեց ամիսները ո՞ւր կը քարոզէ եւ ինչո՞ւ։

◇ 70 աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի գտնէին մարդիկը։

◇ Թէեւ 70 աշակերտները շատ բան կ’իրագործեն, բայց Յիսուս ի՞նչ բան կ’ըսէ որ աւելի կարեւոր է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել