Բարեսիրտ սամարացին
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՅԻՍՈՒՍ թերեւս տակաւին Բեթանիայի շրջանը կը գտնուի, որ Երուսաղէմէն շուրջ երեք քմ. անդին գտնուող գիւղ մըն է։ Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը իրեն կը մօտենայ ու կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։
Յիսուս կը հասկնայ որ այս մարդը՝ օրինական մը՝ պարզ տեղեկութեան համար չի հարցներ այս հարցումը, այլ՝ զինք փորձելու համար։ Օրինականին նպատակն է թերեւս որ Յիսուսի պատասխանել տայ այնպիսի կերպով մը, որ Հրեաներուն զգացումները գրգռէ։ Ուստի, Յիսուս այնպէս մը կ’ընէ որ օրինականը ի՛նք սխալը գործէ, անոր հարցնելով. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։
Օրինականը, անսովոր ներատեսութիւն գործադրելով, Բ. Օրինաց 6։5–էն եւ Ղեւտացւոց 19։18–էն Աստուծոյ օրէնքները մէջբերելով կը պատասխանէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։
«Շիտակ պատասխան տուիր», կը պատասխանէ Յիսուս։ «Ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։
Սակայն, օրինականը չի գոհանար։ Յիսուսի պատասխանը բաւարար ճշգրիտ չէ իրեն համար։ Ան կ’ուզէ որ Յիսուս հաստատէ թէ իր տեսակէտները շիտակ են եւ թէ ինք ուրիշներուն հետ իր գործառնութիւններուն մէջ արդար է։ Ուստի, ան կը հարցնէ. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։
Հրեաները կը հաւատան որ «ընկեր» արտայայտութիւնը միայն իրենց ազգակիցներուն կ’ակնարկէ, ինչպէս Ղեւտացւոց 19։18–ի բովանդակութիւնը երեւութապէս ցոյց կու տայ։ Իրականութեան մէջ, հետագային նոյնիսկ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը»։ Ուստի, օրինականը եւ հաւանաբար Յիսուսի աշակերտներն ալ կը հաւատան արդար ըլլալ, եթէ ուրիշ Հրեաներու հանդէպ ազնուօրէն վարուին, քանի որ, իրենց աչքին, Հրեայ չեղողները իրապէս իրենց ընկերները չեն։
Առանց իր ունկնդիրները վիրաւորելու, Յիսուս ի՞նչպէս կրնայ անոնց տեսակէտը սրբագրել։ Ան դէպք մը կը պատմէ, որ հաւանաբար իրապէս տեղի ունեցած է։ Յիսուս կը բացատրէ. «[Հրեայ] մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք[ը] ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։
«Պատահեցաւ որ», կը շարունակէ Յիսուս, «քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց»։
Երիքովի մէջ կը բնակին շատ մը քահանաներ եւ տաճարին մէջ անոնց օգնական Ղեւտացիներ. անոնք Երուսաղէմի տաճարին մէջ ծառայելէ ետք, 30 քմ. հեռաւորութիւն ունեցող եւ 900 մեթր վայրէջք վտանգաւոր ճամբայ մը կը կտրեն։ Քահանայէն եւ Ղեւտացիէն պիտի ակնկալուէր որ նեղութեան մէջ եղող Հրեայի մը օգնեն։ Բայց անոնք չեն օգներ։ Ընդհակառակը, Սամարացի մը կ’ընէ ասիկա։ Հրեաները այնքան կ’ատեն Սամարացիները որ տակաւին վերջերս Յիսուսի ամենէն նախատալից խօսքը ըսած էին, զայն «Սամարացի» կոչելով։
Սամարացին ի՞նչ կ’ընէ Հրեային օգնելու համար։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց [երկու օրուայ վարձք]՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’»։
Այս դէպքը պատմելէ ետք, Յիսուս կը հարցնէ օրինականին. «Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։
Սամարացիի մը վարկ տալու անհանգիստ զգալով, օրինականը պարզապէս կը պատասխանէ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։
«Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ», կ’եզրափակէ Յիսուս։
Եթէ Յիսուս օրինականին ուղղակի ըսեր թէ Հրեայ չեղողներն ալ իր ընկերներն էին, մարդը ոչ միայն ասիկա պիտի չընդունէր, այլ նաեւ՝ ունկնդիրներէն շատեր հաւանաբար անոր կողմը պիտի բռնէին։ Սակայն, այս իրական կեանքի պատմութիւնը անժխտելիօրէն բացայայտ կ’ընէ որ մեր ընկերները միայն մեր ցեղին եւ ազգին պատկանողները չեն։ Յիսուսի ուսուցումի կերպը ի՜նչ հոյակապ է։ Ղուկաս 10։25–37. Գործք 10։28. Յովհաննու 4։9. 8։48
◆ Օրինականը ի՞նչ հարցումներ ուղղեց Յիսուսի, եւ բացայայտօրէն ի՞նչ էր անոր հարցումներուն նպատակը։
◆ Ըստ Հրեաներուն, ո՞վ էր իրենց ընկերը, եւ ի՞նչ պատճառ ունինք հաւատալու որ նոյնիսկ աշակերտները այս տեսակէտը կը բաժնէին։
◆ Յիսուս ինչպէ՞ս շիտակ տեսակէտը այնպիսի կերպով մը բացատրեց, որ օրինականը չկրցաւ ժխտել զայն։