-
«Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»Դիտարան 2002 | Սեպտեմբեր 1
-
-
14. Բարի Սամարացիի առակին մէջ, ինչո՞ւ յատկանշական է որ Յիսուս իր կէտը բացատրելու համար ‘Երուսաղէմէն Երիքով իջնող’ ճամբան գործածեց։
14 Երկրորդ, մտաբերեցէք բարի Սամարացիին առակը։ Յիսուս իր առակը սկսաւ, ըսելով. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։ (Ղուկաս 10։30) Յատկանշականօրէն, Յիսուս իր կէտը բացատրելու համար գործածեց այն ճամբան որ «Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր»։ Երբ այս առակը կը պատմէր, ան Հրէաստանի մէջ կը գտնուէր, Երուսաղէմէն ոչ շատ հեռու. ուստի, իր ունկնդիրները հաւանաբար խնդրոյ առարկայ ճամբան գիտէին։ Այդ մասնայատուկ ճամբան վտանգաւոր ըլլալու համբաւը ունէր, յատկապէս առանձին ճամբորդողին համար։ Անիկա ամայի շրջաններէ դարձդարձիկ կ’անցնէր, աւազակներուն բազմաթիւ թաքստոցներ հայթայթելով։
15. Բարի Սամարացիին առակին առնչութեամբ, ինչո՞ւ ոչ ոք կրնար արդարացիօրէն չքմեղացնել քահանային ու Ղեւտացիին անտարբերութիւնը։
15 Յիսուսի ակնարկած ‘Երուսաղէմէն Երիքով իջնող’ ճամբուն մասին ուրիշ բան մըն ալ ուշադրութեան արժանի է։ Պատմութեան համաձայն, նախ քահանայ մը, ապա Ղեւտացի մը այդ ճամբէն անցան, թէեւ երկուքն ալ կանգ առնելով վիրաւոր մարդուն չօգնեցին։ (Ղուկաս 10։31, 32) Քահանաները Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը ծառայէին, իսկ Ղեւտացիները անոնց կ’աջակցէին։ Բազմաթիւ քահանաներ ու Ղեւտացիներ Երիքովի մէջ կը բնակէին, երբ տաճարին մէջ չէին ծառայեր, քանի որ Երիքովը Երուսաղէմէն միայն 23 քիլոմեթր հեռու էր։ Ուստի, անկասկած անոնք այդ ճամբան գործածած էին։ Նկատի առէք նաեւ թէ քահանան ու Ղեւտացին «Երուսաղէմէն» կու գային, հետեւաբար տաճարէն տուն կ’ուղղուէին։b Ուստի, ոչ ոք կրնար արդարացիօրէն չքմեղացնել այս մարդոց անտարբերութիւնը, ըսելով՝ ‘Անոնք վիրաւոր մարդը անտեսեցին, քանի որ մեռածի երեւոյթ ունէր, եւ դիակի մը դպչիլը զանոնք ժամանակաւորապէս անյարմար կը դարձնէր տաճարին մէջ ծառայելու’։ (Ղեւտացւոց 21։1. Թուոց 19։11, 16) Բացայայտ չէ՞ թէ Յիսուսի առակը իր ունկնդիրներուն ծանօթ եղող բաներ ցոյց տուաւ։
-
-
«Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»Դիտարան 2002 | Սեպտեմբեր 1
-
-
b Երուսաղէմի դիրքը Երիքովէն բարձր էր։ Հետեւաբար, «Երուսաղէմէն Երիքով» երթալու ատեն, ինչպէս առակին մէջ յիշուած է, ճամբորդ մը «կ’իջնէր»։
-