-
Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէԴիտարան (ուսումնասիրական) 2020 | Սեպտեմբեր
-
-
Յիսուսին պէս, կրնանք հաւատարիմ քոյրերուն սիրալիրօրէն թիկունք կանգնիլ (տե՛ս պարբերութիւն 6-9)f
6. Ղուկաս 10։38-42–ի համաձայն, Յիսուս ինչպէ՞ս օգնեց Մարթային ու Մարիամին։
6 Յիսուս իր հոգեւոր քոյրերուն հետ ժամանակ անցուց, եւ անոնց իսկական բարեկամ էր։ Նկատի առ անոր բարեկամութիւնը Մարիամին եւ Մարթային հետ, որոնք երկուքն ալ, ըստ երեւոյթին, ամուրի էին (կարդա՛ Ղուկաս 10։38-42)։ Յիսուսին խօսքերն ու արարքները թոյլ տուին, որ անոնք իր ներկայութեան հանգիստ զգային։ Մարիամ արգելք չտեսաւ անոր ոտքերուն քով նստելու՝ ինչպէս որ աշակերտ մը կ’ընէրc։ Իսկ Մարթան,– նեղացած՝ որ Մարիամ իրեն չէր օգներ,– ազատ զգաց իր մտածածը Յիսուսին արտայայտելու։ Այդ անպաշտօն առիթով, Յիսուս կրցաւ երկու կիներուն հոգեւորապէս օգնել։ Եւ ան այս երկու կիներուն եւ անոնց եղբօր՝ Ղազարոսին, հանդէպ իր հոգատարութիւնը ցոյց տուաւ, ուրիշ առիթներով ալ իրենց այցելելով (Յովհ. 12։1-3)։ Ուստի զարմանալի չէ որ, երբ Ղազարոս լրջօրէն հիւանդացաւ, Մարիամն ու Մարթան գիտէին, որ օգնութեան համար կրնային Յիսուսին դիմել (Յովհ. 11։3, 5)։
-
-
Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէԴիտարան (ուսումնասիրական) 2020 | Սեպտեմբեր
-
-
c Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ոտքերուն քով կը նստէին։ Լուրջ աշակերտները կը պատրաստուէին ուսուցիչներ դառնալու. դեր մը, որ կիներուն արտօնուած չէր։ . . .Ուստի հրեայ տղամարդոց մեծամասնութիւնը պիտի զարմանար, տեսնելով որ Մարիամ Յիսուսին ոտքերուն քով նստած էր եւ խանդավառօրէն իրմէ կը սորվէր»։
-