Մարթային՝ խրատ, աղօթքի մասին ուսուցում
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
Յուդայի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Բեթանիա գիւղը կը մտնէ։ Հոս է որ կը բնակին Մարթա, Մարիամ եւ իրենց եղբայրը՝ Ղազարոս։ Թերեւս Յիսուս նախապէս անոնց հանդիպեցաւ իր ծառայութեան ընթացքին եւ արդէն իսկ անոնց հետ մտերիմ բարեկամութիւն հաստատեց։ Ամենայնդէպս, Յիսուս Մարթային տունը կ’երթայ եւ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ։
Մարթա կը փափաքի լաւագոյնս հիւրասիրել Յիսուսը։ Արդարեւ, մե՜ծ պատիւ մըն է խոստացեալ Մեսիայի այցելութիւնը ունենալ։ Ուստի, Մարթա կը սկսի փառաւոր ճաշ մը պատրաստել եւ ուրիշ շատ մը մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն ընծայել, որպէսզի Յիսուսի կեցութիւնը աւելի հաճելի եւ հանգստաւէտ ըլլայ։
Իսկ միւս կողմէն, Մարթայի քոյրը՝ Մարիամ, Յիսուսի ոտքերուն քով կը նստի եւ անոր մտիկ կ’ընէ։ Պահ մը ետք, Մարթա կը մօտենայ ու կ’ըսէ Յիսուսի. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։
Բայց Յիսուս կը մերժէ Մարիամի բան մը ըսել։ Ընդհակառակը, ան Մարթային կը խրատէ որ նիւթական բաներով չափազանց կը զբաղի։ «Մարթա՛, Մարթա՛», ազնուութեամբ կը յանդիմանէ ան, «դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէ՛կ բան պէտք է»։ Յիսուս ըսել կ’ուզէ որ անհրաժեշտ չէ ճաշի մը համար բազմաթիւ ուտելիքներ պատրաստելուն շատ ժամանակ տրամադրել։ Միայն քիչ մը, կամ մէ՛կ ուտելիք բաւարար է։
Մարթա լաւ միտումով կ’ընէ. ան կ’ուզէ հիւրասէր հիւրընկալ մը ըլլալ։ Սակայն, նիւթական հայթայթումներով չափազանց մտահոգուելով, Աստուծոյ Որդիէն իսկ անձնապէս ուսուցուելու պատեհութիւնը կը փախցնէ։ Ուստի, Յիսուս կ’եզրափակէ, ըսելով. «Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։
Հետագային, ուրիշ առիթով մը, աշակերտ մը Յիսուսէն կը խնդրէ. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։ Հաւանաբար այս աշակերտը ներկայ չէր մօտ մէկուկէս տարի առաջ երբ Յիսուս իր Լերան Քարոզին մէջ տիպար աղօթքը տուաւ։ Ուստի Յիսուս կը կրկնէ աղօթքի մասին իր ուսուցումները եւ օրինակ մըն ալ կը գործածէ, աղօթքի մէջ յարատեւելու կարիքը շեշտելու համար։
«Ձեզմէ ո՞վ է ան», կ’ըսէ Յիսուս, «որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասնզի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’»։
Այս բաղդատութեամբ, Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ Եհովա Աստուած, այս պատմութեան բարեկամին նման, թախանձանքին չ’ընդառաջեր։ Ո՛չ, այլ օրինակ մը կու տայ որ եթէ չկամեցող բարեկամ մը յարատեւ խնդրանքներու կ’ընդառաջէ, որքա՜ն աւելի մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը պիտի ընէ։ Ուստի Յիսուս կը շարունակէ. «Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասնզի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’»։
Ապա Յիսուս անկատար, մեղաւոր մարդկային հայրերուն ակնարկելով, կ’ըսէ. «‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ Արդարեւ, աղօթքի մէջ յարատեւելու մղող ի՜նչ քաջալերութիւն մը կու տայ Յիսուս։ Ղուկաս 10։38–11։13
◆ Մարթա ինչո՞ւ չափազանց պատրաստութիւն կը տեսնէ Յիսուսի համար։
◆ Մարիամ ի՞նչ կ’ընէ, եւ Յիսուս ինչո՞ւ զայն կը գովէ, փոխանակ Մարթային։
◆ Ի՞նչ բան մղեց Յիսուսի որ աղօթքի մասին իր ուսուցումները կրկնէ։
◆ Յիսուս ինչպէ՞ս աղօթքի մէջ յարատեւելու կարիքը կը պատկերացնէ։