Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’
    Դիտարան 2007 | Յունուար 1
    • 4 Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’»։ Ապա Յիսուս բացատրեց թէ այս առակը աղօթելու սովորութեան ի՛նչպէս կը կիրարկուի, ըսելով. «Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’»։—Ղուկաս 11։5-10

  • Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’
    Դիտարան 2007 | Յունուար 1
    • 6. Յիսուսի օրերուն, հիւրասիրութեան սովորութիւնը ի՞նչպէս կը նկատուէր։

      6 Յիսուս մեզի ո՛չ միայն ցոյց կու տայ աղօթքի մէջ յարատեւելու կարիքը, այլ նաեւ թէ ինչո՛ւ այսպէս պէտք է ընենք։ Այս դասը յստակօրէն ըմբռնելու համար, պէտք է նկատի առնենք թէ յարատեւող հիւրընկալին առակը մտիկ ընողները հիւրասիրութեան սովորութիւնը ի՛նչպէս կը նկատէին։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ բազմաթիւ հատուածներ ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, այցելուներուն հոգ տանիլը լուրջի առնուած սովորութիւն մըն էր, մանաւանդ Աստուծոյ ծառաներուն կողմէ։ (Ծննդոց 18։2-5. Եբրայեցիս 13։2) Հիւրասիրութիւն չցուցաբերելը անպատուութիւն էր։ (Ղուկաս 7։36-38, 44-46) Ասիկա ի մտի ունենալով, դարձեալ նկատի առնենք Յիսուսի առակը։

      7. Յիսուսի առակին մէջ հիւրընկալը ինչո՞ւ իր բարեկամը արթնցնելու չ’ամչնար։

      7 Առակին մէջի հիւրընկալը կէս գիշերին այցելու մը կ’ընդունի։ Հիւրընկալը ստիպուած կը զգայ այս հիւրը հիւրասիրել, բայց ‘բան մը չունի անոր առջեւ դնելու’։ Իր կարծիքով՝ ասիկա ստիպողական պարագայ է։ Ան ամէն գնով հաց պէտք է կարգադրէ։ Ուստի իր մէկ բարեկամին քով կ’երթայ եւ աներեսօրէն զինք կ’արթնցնէ։ «Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր», կ’ըսէ հիւրընկալը։ Ան իր խնդրանքին մէջ կը յարատեւէ մինչեւ որ իր ուզածը ձեռք ձգէ։ Հացերը իր ձեռքը անցնելէն ետքն է որ ան կրնայ պատշաճ հիւրընկալ մը ըլլալ։

      Ո՛րքան աւելի հարկ ըլլայ, ա՛յնքան աւելի կը խնդրուի

      8. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ որ յարատեւաբար աղօթելով սուրբ հոգին խնդրենք։

      8 Այս առակը յարատեւաբար աղօթելու պատճառին մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Մարդը շարունակեց հաց խնդրել, քանի որ կը զգար թէ իբրեւ հիւրընկալ իր պարտականութիւնը կատարելու համար, շատ էական էր որ այդ նկանակները ձեռք ձգէր։ (Եսայեայ 58։5-7) Առանց այդ հացին՝ ան թերացած պիտի ըլլար։ Համեմատաբար, կը շարունակենք Աստուծոյ աղօթել որ մեզի իր հոգին տայ, քանի որ կը գիտակցինք թէ սուրբ հոգին ունենալը՝ իբրեւ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ մեր ծառայութիւնը կատարելու համար շատ էական է։ (Զաքարեայ 4։6) Առանց անոր՝ պիտի ձախողինք։ (Մատթէոս 26։41) Արդ, այս առակէն կը յանգինք այն կարեւոր եզրակացութեան, թէ եթէ Աստուծոյ հոգին ստիպողական կարիք նկատենք, շատ հաւանական է որ յարատեւենք զայն խնդրելու մէջ։

      9, 10. (ա) Բացատրէ թէ ինչո՛ւ Աստուծմէ յարատեւաբար պէտք է խնդրենք իր հոգին։ (բ) Մենք մեզի ո՞ր հարցումը պէտք է ուղղենք եւ ինչո՞ւ։

      9 Այս դասը արդի օրինակով մը պարզելու համար, երեւակայէ որ ընտանիքիդ մէկ անդամը կէս գիշերին կը հիւանդանայ։ Բժիշկ մը կ’արթնցնե՞ս, օգնութիւն խնդրելու համար։ Ո՛չ, եթէ հիւանդութիւնը թեթեւ է։ Սակայն, եթէ ան սրտի տագնապ կ’անցընէ, պիտի չամչնաս բժիշկի մը հեռաձայնելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ստիպողական պարագայ մը կը դիմագրաւես։ Կը գիտակցիս թէ մասնագէտի մը օգնութիւնը բացարձակապէս անհրաժեշտ է։ Օգնութիւն չխնդրելը կրնայ մահաբեր ըլլալ։ Նմանապէս, այլաբանօրէն խօսելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները շարունակ ստիպողական պարագայ մը կը դիմագրաւեն։ Սատանան «մռնչող առիւծ»ի պէս կը պտըտի՝ ջանալով մեզ կլլել։ (Ա. Պետրոս 5։8) Հոգեւորապէս ողջ մնալու համար, Աստուծոյ հոգիին օգնութիւնը բացարձակապէս էական է։ Աստուծմէ օգնութիւն չխնդրելը կրնայ մահ նշանակել։ Ուստի, Աստուծմէ յարատեւաբար կը խնդրենք իր սուրբ հոգին։ (Եփեսացիս 3։14-16) Միայն այսպէս ընելով պիտի կարենանք ‘մինչեւ վերջը համբերելու’ հարկ եղած զօրութիւնը ունենալ։—Մատթէոս 10։22. 24։13

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել