Ուրախութեան աղբիւրը
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ԳԱԼԻԼԻՈՅ մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս հրաշքներ կատարեց եւ հիմա նոյնը կը կրկնէ Յուդայի մէջ։ Օրինակի համար, ան մարդէ մը դեւ մը կը հանէ, որ անոր համր դարձուցած է։ Ժողովուրդը կը զարմանայ, բայց Գալիլիոյ մէջ ոմանց յարուցած նոյն քննադատութիւնը կը կրկնուի։ «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ», կ’ըսեն անոնք։ Ուրիշներ Յիսուսէ աւելի մեծ փաստ կ’ուզեն իր ինքնութեան մասին եւ կը ջանան զինք փորձել երկնքէն նշան մը խնդրելով։
Անոնց խորհուրդը իմանալով, Յիսուս Յուդայի մէջ իր քննադատներուն կու տայ այն նոյն պատասխանը զոր տուաւ Գալիլեացի քննադատներուն։ Ան դիտել կու տայ թէ ինքն իրեն դէմ բաժնուած ամէն թագաւորութիւն կ’աւերի։ «Հապա», կը հարցնէ ան, «եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ»։ Ան իր քննադատներուն վտանգաւոր դիրքին կը մատնանշէ, ըսելով. «Եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է»։
Յիսուսի հրաշքներուն ականատես եղողները պէտք էր ընդառաջէին անոնց դարեր առաջ Մովսէսի հրաշք մը գործելը տեսած մարդոց նման։ Անոնք բացագանչեցին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Դարձեալ «Աստուծոյ մատն է», որ Տասը Պատուիրանները փորագրեց քարէ տախտակներու վրայ։ «Աստուծոյ մատ»ը՝ իր սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժը, կարող կը դարձնէ որ Յիսուս դեւեր հանէ եւ հիւանդներ բժշկէ։ Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդարեւ հասած է այդ քննադատներուն վրայ, քանի որ Թագաւորութեան նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս՝ հոս անոնց մէջ կը գտնուի։
Ապա Յիսուս կը բացատրէ թէ դեւեր հանելու իր կարողութիւնը կ’ապացուցանէ Սատանային վրայ իր ունեցած զօրութիւնը, ճիշդ իր պալատին պահակ կեցող լաւ զինուած մարդէ մը աւելի զօրաւոր մարդ մը կու գայ եւ անոր կը յաղթէ։ Յիսուս դարձեալ կը կրկնէ Գալիլիոյ մէջ իր տուած առակը, պիղծ ոգիի մը մասին, որ մարդէ մը կ’ելլէ, բայց երբ մարդը լաւ բաներով այդ պարապը չի լեցներ, ոգին ուրիշ եօթը ոգիներու հետ կը վերադառնայ եւ այդ մարդուն վիճակը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։
Կին մը, որ այս ուսուցումներուն մտիկ կ’ընէ, ժողովուրդին մէջէն կը մղուի բարձրաձայն աղաղակելու. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ Քանի որ ամէն Հրեայ կնկայ ցանկութիւնն է մարգարէի մը եւ մանաւանդ Մեսիային մայրը ըլլալ, հասկնալի են այս կնկան խօսքերը։ Ան երեւութապէս կը խորհի որ Մարիամ Յիսուսի մայրը ըլլալով մասնայատուկ ուրախութիւն մը կը վայելէ։
Սակայն, Յիսուս անմիջապէս կը սրբագրէ կնոջ տեսակէտը ուրախութեան ճշմարիտ աղբիւրին առնչութեամբ։ «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն», կը պատասխանէ ան։ Յիսուս բնաւ հասկցնել չուզեց որ իր մօրը՝ Մարիամի մասնայատուկ պատիւ պէտք էր տրուէր։ Այլ՝ ան ցոյց տուաւ որ իրական ուրախութիւնը կախեալ է ոչ թէ մարմնաւոր կապերէ կամ իրագործումներէ, այլ՝ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալէն։
Ինչպէս Գալիլիոյ մէջ ըրաւ, հոս ալ Յիսուս երկնքէն նշան ուզող մարդոց կը յանդիմանէ։ Ան կ’ըսէ անոնց որ Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի։ Յովնան երեք օր ձուկին փորին մէջ մնալով եւ իր խիզախ քարոզչութեամբ նշան մը եղաւ, որու խօսքերով Նինուէի ժողովուրդը զղջաց։ «Եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս», կ’ըսէ Յիսուս։ Նմանապէս, Սաբայի թագուհին սքանչացաւ Սողոմոնի իմաստութեան վրայ։ «Եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս», նաեւ կ’ըսէ Յիսուս։
Յիսուս կը բացատրէ որ երբ անհատ մը ճրագ մը կը վառէ, զայն ծածուկ տեղ մը կամ գրուանի մը տակ չի դներ, այլ՝ աշտանակի վրայ, որպէսզի մարդիկ կարենան տեսնել լոյսը։ Թերեւս ան ըսել կ’ուզէ որ իր ունկնդիրներուն մէջ եղող յամառ անհատները կը պահեն ճրագի մը լոյսին նմանող իր ուսուցումը եւ հրաշքները։ Այդ դիտողներուն աչքերը պարզ կամ յստակ չեն, ուստի իր հրաշքները իրենց նպատակին չեն հասնիր։
Յիսուս տակաւին նոր դեւ մը հանեց եւ համր մարդու մը խօսիլ տուաւ։ Ասիկա պարզ կամ յստակ աչք ունեցողներուն պէտք է մղէ որ այս փառաւոր գործերը գովաբանեն եւ բարի լուրը ծանուցանեն։ Սակայն այս չէ պարագան։ Ուստի Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։ Ղուկաս 11։14–36. Ելից 8։18, 19. 31։18. Մատթէոս 12։22, 28
◆ Յիսուսի մարդ մը բժշկելը տեսնողներուն ընդառաջումը ի՞նչ է։
◆ Ի՞նչ է Աստուծոյ մատը, եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ իմաստով Յիսուսի ունկնդիրներուն վրայ հասած է։
◆ Ճշմարիտ ուրախութեան աղբիւրը ի՞նչ է։
◆ Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ պարզ աչք մը ունենալ։