Յիսուս կը ճաշէ փարիսեցիի մը հետ
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՀԱՄՐ մարդ մը բուժելու իր զօրութեան աղբիւրին մասին հարց տուող քննադատներուն պատասխանելէ ետք, Փարիսեցի մը զինք ճաշի կը հրաւիրէ։ Ճաշելէ առաջ, Փարիսեցիները իրենց ձեռքերը մինչեւ արմուկը արարողութիւնով կը լուան։ Անոնք ասիկա կ’ընեն ճաշէն առաջ ու ետքը եւ նոյնիսկ ճաշի ընթացքին։ Թէեւ այս աւանդութիւնը չի բեկաներ Աստուծոյ գրաւոր օրէնքը, սակայն անիկա արարողական մաքրութեան հարցին մէջ Աստուծոյ պահանջքէն անդին կ’երթայ։
Երբ Յիսուս այս աւանդութիւնը պահելու մէջ կը թերանայ, իր հիւրընկալը կը զարմանայ։ Թէեւ ան իր զարմանքը չի յայտնաբերէր, բայց Յիսուս կը նկատէ զայն ու կ’ըսէ. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ»։
Այս կերպով Յիսուս կը քօղազերծէ Փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը, որոնք արարողութիւնով կը լուան իրենց ձեռքերը, բայց կը թերանան իրենց սրտերը չարութենէ մաքրել։ Ան կը խրատէ. «Անոնց մէջ [ձեր ներսը] եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի»։ Անոնք սիրալիր սրտէ եւ ոչ թէ արդար ըլլալ իրենց կեղծումով ուրիշները տպաւորելու ցանկութենէ մղուած, պէտք է տան։
«Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ», կը շարունակէ Յիսուս, «որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք»։ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէ տասանորդ, կամ արտերու բերքին մէկ տասներորդ մասը, վճարել։ Անանուխը եւ փեգենան փոքր բոյսեր, կամ խոտեղէններ են, որոնք ճաշերը համեմելու համար կը գործածուին։ Փարիսեցիները նոյնիսկ այս աննշան խոտեղէններուն տասանորդ մը խղճամտութեամբ կը վճարեն, սակայն Յիսուս կը դատապարտէ զանոնք թէ աւելի կարեւոր պահանջները զանց կ’ընեն, որոնք են՝ սէր ցուցաբերել, ողորմութիւն գործադրել եւ համեստ ըլլալ։
Իր դատապարտութեան մէջ աւելի առաջ երթալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։ Անոնց անմաքրութիւնը չի տեսնուիր։ Փարիսեցիներուն կրօնքը դրսերեւոյթ ունի, բայց ներքնապէս անարժէք է։ Անիկա կեղծաւորութեան վրայ հիմնուած է։
Այսպիսի դատապարտութիւններ լսելով, օրինական մը՝ Աստուծոյ Օրէնքին հմուտ մը՝ կը գանգատի. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։
Յիսուս Օրէնքի այս մասնագէտներն ալ պատասխանատու կը բռնէ, ըսելով. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք»։
Բեռները զորս Յիսուս կը յիշէ բերանացի աւանդութիւններն են, բայց այս օրինականները անոնցմէ մէկ հատն իսկ չեն վերցներ ժողովուրդին բեռը թեթեւցնելու համար։ Յիսուս կը յայտնէ որ անոնք նոյնիսկ մարգարէներուն սպանութեան համամիտ են եւ կ’ազդարարէ. «Աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն [պիտի] պահանջուի։ Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ՝ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն [սերունդէն] պիտի պահանջուի»։
Վերագնելի մարդկութեան աշխարհը սկսաւ Ադամի ու Եւայի որդիներուն ծնունդով։ Այս կերպով, Աբէլ «աշխարհի սկիզբ»ին կ’ապրէր։ Զաքարիայի վայրագ սպանութենէն ետք, Ասորական զօրքը ներխուժեց Յուդան։ Սակայն Յիսուս իր սերունդի մարդոց համար աւելի գէշ ներխուժում մը կը նախագուշակէ, անոնց աւելի մեծ ամբարշտութեան պատճառաւ։ Այս ներխուժումը տեղի պիտի ունենար շուրջ 38 տարիներ ետք, Հ.Դ. 70–ին։
Իր դատապարտութիւնը շարունակելով, Յիսուս կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։ Օրինականներուն պարտականութիւնն է Աստուծոյ Խօսքը բացատրել եւ անոր իմաստը բանալ մարդոց։ Բայց անոնք կը թերանան ասոր մէջ եւ նոյնիսկ մարդոցմէ կը վերցնեն զայն հասկնալու պատեհութիւնը։
Փարիսեցիները եւ օրինականները կը զայրանան Յիսուսի այս քօղազերծումէն։ Երբ ան տունէն դուրս կ’ելլէ, անոնք կը սկսին խստօրէն հակառակիլ անոր եւ ամէն կողմէ հարցումներ կը տեղացնեն, որպէսզի զինք ծուղակը ձգեն ձերբակալելու արժանի բան մը ըսել տալու համար։ Ղուկաս 11։37–54. Բ. Օրինաց 14։22. Միքիայ 6։8. Բ. Մնացորդաց 24։20–25
◆ Յիսուս ինչո՞ւ կը դատապարտէ Փարիսեցիներն ու օրինականները։
◆ Օրինականները ի՞նչ բեռներ կը դնեն մարդոց վրայ։
◆ «Աշխարհի սկիզբ»ը ե՞րբ էր։