Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 10/1 էջ 16-17
  • Ժառանգութեան հարցը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ժառանգութեան հարցը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ժառանգութեան հարցը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Յիսուս հարստութեան մասին խրատ կու տայ
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • «Ինծմէ սորվեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ամենէն հռչակաւոր քարոզը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 10/1 էջ 16-17

Ժառանգութեան հարցը

Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ բացայայտօրէն գիտէ թէ Յիսուս Փարիսեցիին տան մէջ կը ճաշէ։ Ուստի, հազարաւորներ դրան առջեւ խռնուած են եւ Յիսուսի դուրս գալուն կը սպասեն։ Յիսուսի հակառակող եւ անոր խօսքին մէջ սխալ մը գտնել ջանացող Փարիսեցիին հակառակը, ժողովուրդը անձկագին կ’ունկնադրէ զինք գնահատանքով։

Նախ իր աշակերտներուն դառնալով կ’ըսէ. «Ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն»։ Ինչպէս ճաշի ընթացքին յայտնի եղաւ, Փարիսեցիներուն ամբողջ կրօնական դրութիւնը կեղծաւորութեամբ լեցուն է։ Բայց հակառակ անոր որ Փարիսեցիներուն ամբարշտութիւնը երեւութական բարեպաշտութեամբ ծածկուած է, վերջապէս պիտի քօղազերծուի։ «Բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի», կ’ըսէ Յիսուս։

Յիսուս կը շարունակէ, 12–ին տալով ա՛յն յորդորը զոր անոնց տուած էր, երբ Գալիլիոյ մէջ քարոզչութեան ղրկած էր զանոնք։ Ան կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին»։ Քանի որ Աստուած ճնճղուկ մը իսկ չի մոռնար, Յիսուս իր հետեւորդներուն կը վստահեցնէ, թէ Աստուած զիրենք ալ պիտի չմոռնայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններուն առջեւ տանելու ըլլան ... սուրբ հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։

Ամբոխէն մէկը իրմէ կը խնդրէ. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ Մովսիսական Օրէնքը կը պայմանաւորէր, որ անդրանիկ որդին ժառանգութենէն երկու բաժին առնէր, հետեւաբար վիճաբանութեան պատճառ մը չկար։ Բայց այս մարդը երեւութապէս իր օրինաւոր բաժինէն աւելին կ’ուզէր։

Տեղին ըլլալով Յիսուս կը մերժէ միջամտել։ «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ», կը հարցնէ ան։ Ապա, ան ամբոխին կու տայ հետեւեալ կենսական խրատը. «Նաջցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասնզի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ Այո, մարդ որքան շատ ունենայ, բնական է որ պիտի մեռնի եւ ամէն բան իր ետին պիտի ձգէ։ Այս իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ քով լաւ համբաւ մը շահելու մէջ թերանալու յիմարութիւնը շեշտելու համար, Յիսուս առակ մը կը գործածէ։ Ան կը բացատրէ.

«Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր, ‘ի՞նչ ընեմ, վասնզի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս’. եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’»։ Բայց Աստուած ըսաւ անոր. «Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’»։

Յիսուս եզրափակելով, կ’ըսէ. «Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։ Թէեւ աշակերտները հարստութիւն դիզելու յիմարութեան որոգայթին մէջ թերեւս չիյնային, սակայն անոնք դիւրութեամբ կրնային Եհովայի բոլոր սրտով ծառայելէ հեռանալ, կեանքի առօրեայ տաղտուկներով։ Ուստի, Յիսուս առիթը կ’օգտագործէ, մէկուկէս տարի առաջ, Լերան Քարոզին մէջ իր տուած լաւ խրատը կրկնելու։ Իր աշակերտներուն դառնալով, ան կ’ըսէ.

«Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմնին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. ... Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ։ ... Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ...

«Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞ն պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. վասնզի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։

Մանաւանդ տնտեսական դժուարութիւններու ատեն, Յիսուսի խօսքը կարեւոր է ուշադրութեամբ նկատի առնել։ Այդ անհատը որ իր նիւթական պէտքերուն համար չափազանց կը մտահոգուի եւ կը սկսի դանդաղիլ իր հոգեւորականութեան մէջ, իրապէս հաւատքի պակաս ցոյց կու տայ, Իր ծառաներուն կարիքները հայթայթելու Աստուծոյ կարողութեան վրայ։ Ղուկաս 12։1–31. Բ. Օրինաց 21։17

◆ Հաւանաբար մարդը ինչո՞ւ ժառանգին մասին խնդրանք մը ներկայացուց եւ Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ։

◆ Յիսուս ի՞նչ առակ գործածեց եւ ի՞նչ է անոր միտք բանին։

◆ Յիսուս ի՞նչ խրատ կրկնեց եւ ատիկա ինչո՞ւ առիթին կը պատշաճէր։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել