Պատրաստ կեցէք
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ դէմ ժողովուրդը ազդարարելէ ու նիւթական բաներու չափազանց ուշադրութիւն տալու դէմ իր աշակերտները նախազգուշացնելէ ետք, Յիսուս կը քաջալերէ. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասնզի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Այսպիսով, ան կը յայտնէ որ յարաբերաբար փոքր թիւ մը միայն (144,000 հոգի, ինչպէս պիտի յայտնուին հետագային) պիտի կազմէ երկնքի Թագաւորութիւնը։ Յաւիտենական կեանք ստացողներուն մեծամասնութիւնը այս Թագաւորութեան երկրային հպատակները պիտի ըլլան։
«Թագաւորութիւնը»։ Ի՜նչ հոյակապ պարգեւ մը։ Այս պարգեւը ստանալու համար աշակերտներուն ունենալիք պատշաճ ընդառաջումը նկարագրելով, Յիսուս կը յորդորէ զանոնք. «Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք»։ Այո, անոնք իրենց ունեցածը ուրիշներուն հոգեւորապէս օգտակար ըլլալու համար պէտք է գործածեն եւ այսպիսով «երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը» դիզեն։
Ապա Յիսուս կը խրատէ իր աշակերտներուն որ պատրաստ կենան իր վերադարձին համար։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէսզի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ Տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց»։
Այս առակին մէջ, իրենց տիրոջ վերադարձին համար, ծառաները իրենց պատրաստակամութիւնը ցոյց կու տան իրենց երկար հանդերձները վեր քաշած եւ զանոնք մէջքի գօտիին տակ ամրապնդած կերպէն։ Անոնք կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել գիշերը, լաւ վառուած ճրագներու լոյսին տակ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ [տէրը] գիշերուան երկրորդ պահուն [երեկոյեան մօտաւորապէս իննէն մինչեւ կէս գիշերը] գայ, կամ երրորդ պահուն [կէս գիշերէն մինչեւ առտուան շուրջ երեքը] գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները»։
Տէրը իր ծառաները արտասովոր կերպով կը վարձատրէ։ Ան զանոնք սեղան կը նստեցնէ ու կը սկսի անոնց սպասաւորութիւն ընել։ Ան անոնց հետ կը վարուի ոչ թէ ծառաներու պէս, այլ՝ հաւատարիմ բարեկամներու պէս։ Ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն մը իրենց տիրոջ վերադարձին սպասելով, ամբողջ գիշերը յարատեւաբար աշխատած ըլլալնուն համար։ Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։
Արդ Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։
Փոխանակ ուղղակիօրէն պատասխանելու, Յիսուս ուրիշ առակ մը կու տայ։ «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը», կը հարցնէ ան, «որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէսզի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։
«Տէրը» ակներեւաբար Յիսուս Քրիստոսն է։ «Տնտես»ը կը պատկերացնէ իր աշակերտներուն հաւաքական «պզտիկ հօտ»ը, իսկ «իր գերդաստան»ը կ’ակնարկէ 144,000–ի այս նոյն խումբին, որոնք երկնային Թագաւորութիւնը կը ստանան, բայց շեշտելով անոնց անհատաբար կատարած գործը։ Հաւատարիմ տնտեսին հոգատարութեան յանձնուած «ունեցած»ը երկրի վրայ տիրոջը արքայական շահերն են, որոնք կը պարփակեն Թագաւորութեան երկրային հպատակները։
Առակը շարունակելով, Յիսուս կը մատնանշէ այն հաւանականութեան թէ տնտես, կամ ծառայ, դասակարգին բոլոր անդամներն ալ հաւատարիմ պիտի չմնան։ Ան կ’ըսէ. «Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր ... եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ»։
Ապա Յիսուս կը նշէ որ իր գալը կրակ բերած է Հրեաներուն մէջ, քանի որ ոմանք կ’ընդունին իր ուսուցումները, իսկ ուրիշներ կը մերժեն։ Աւելի քան երեք տարի առաջ, ան ջուրի մէջ մկրտուեցաւ, բայց հիմա որ իր մահուան մկրտութիւնը երթալով աւելի կը մօտենայ յանգումի մը, ան կ’ըսէ. «Ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի»։
Այս ակնարկումները իր աշակերտներուն ընելէ ետք, Յիսուս դարձեալ իր խօսքը կ’ուղղէ ժողովուրդին։ Ան իր ինքնութեան եւ անոր իմաստին մասին բացայայտ իրողութիւնը մերժելու անոնց յամառութեան վրայ կ’ողբայ։ «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք», դիտել կու տայ ան, «շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։ Ղուկաս 12։32–59
◆ Քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ «պզտիկ հօտ»ը, եւ անոնք ի՞նչ կը ստանան։
◆ Յիսուս ինչպէ՞ս կը շեշտէ իր աշակերտներուն պատրաստ կենալու կարեւորութիւնը։
◆ Յիսուսի առակին մէջ, ո՞վ է «տէրը», «տնտես»ը, «իր գերդաստան»ը եւ «ունեցած»ը։