-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2019) | Սեպտեմբեր
-
-
ՃԱՇԻ ՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
• ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ
• ՀՐԱՒԻՐԵԱԼՆԵՐԸ ՊԱՏՐՈՒԱԿՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՆ ՈՐ ՉԳԱՆ
Յիսուս դեռ փարիսեցիին տունն է։ Ան քիչ առաջ բժշկած է ջրգողեալ մարդը։ Ան կը նկատէ որ ճաշի ժամանակ հիւրերը առաջին բազմոցները կ’ընտրեն, եւ այս առիթը կ’օգտագործէ խոնարհութեան մասին դաս մը սորվեցնելու համար։
Յիսուս կ’ըսէ. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ, եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել» (Ղուկաս 14։8, 9)։
Ետքը կ’ըսէ. «Երբ հրաւիրուիս, գնա՛ յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ»։ Այս վարքը պարզապէս քաղաքավարութիւն չէ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Ղուկաս 14։10, 11)։ Այո, ան իրեն մտիկ ընողները կը քաջալերէ որ խոնարհութիւն զարգացնեն։
Ետքը, Յիսուս զինք հրաւիրող փարիսեցիին ուրիշ դաս մըն ալ կը սորվեցնէ։ Ան կը բացատրէ անոր, որ երբ ճաշի հրաւէր պիտի ընէ, որո՛նք պէտք է հրաւիրէ, որպէսզի Աստուծոյ հաճութեան արժանանայ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։ Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել» (Ղուկաս 14։12-14)։
Շատ բնական է բարեկամներ, ազգականներ կամ դրացիներ ճաշի հրաւիրել եւ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ ատիկա ընելը սխալ է։ Բայց ան կը շեշտէ, որ երբ մէկը ճաշի հրաւիրէ կարիքաւորները, ինչպէս՝ աղքատները, հաշմանդամները կամ կոյրերը, կրնայ առատապէս օրհնուիլ։ Յիսուս զինք հրաւիրողին կը բացատրէ. «Արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։ Սեղան նստողներէն մէկը համաձայն գտնուելով՝ կ’ըսէ. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ» (Ղուկաս 14։15)։ Յստակ է որ ան կը տեսնէ թէ ատիկա մե՜ծ առանձնաշնորհում է։ Բայց Յիսուս առակ մը պատմելով ցոյց կու տայ, որ ո՛չ բոլորը ատիկա կը գնահատեն։
«Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։ Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. ‘Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է’։ Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. ‘Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ Միւսը ըսաւ. ‘Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ Միւսը ըսաւ. ‘Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ’» (Ղուկաս 14։16-20)։
Ասոնք անհամոզիչ պատրուակներ են։ Ընդհանրապէս մէկը արտ մը կամ անասուն մը տեսնելու կ’ելլէ առա՛ջ որ զայն գնէ, ուրեմն ատոնք գնելէ ետք հրատապ բան չէ ստուգելը։ Իսկ երրորդ մարդը ամուսնութեան չի պատրաստուիր։ Ան արդէն ամուսնացած է. ուրեմն ամուսնութիւնը պատճառ չէ որ այդ կարեւոր հրաւէրը մերժէ։ Այս պատրուակները լսելով, տէրը կը բարկանայ ու կ’ըսէ իր ծառային.
«Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր»։ Ասիկա ընելէ ետք, ծառան կը տեսնէ որ դեռ տեղ կայ։ Տէրը անոր կ’ըսէ. «Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ» (Ղուկաս 14։21-24)։
Յիսուս իր պատմած առակին միջոցաւ ցոյց կու տայ, որ ինչպէս Եհովա Աստուած իրեն յանձնարարութիւն տուաւ, որ մարդիկ հրաւիրէ երկնքի Թագաւորութիւնը մտնելու։ Նախ եւ առաջ հրեաները, մանաւանդ կրօնական առաջնորդները, կը հրաւիրուին, բայց անոնց մեծ մասը Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին կը մերժէ հրաւէրը։ Բայց ուրիշ մարդիկ ալ այդ հրաւէրը պիտի ստանան։ Յիսուս յստակօրէն ցոյց կու տայ որ ապագային երկրորդ հրաւէր մըն ալ պիտի տրուի հրեայ ազգի անարգուած մարդոց եւ նորահաւատներուն։ Անկէ ետք, երրորդ եւ վերջին հրաւէրը պիտի տրուի այն մարդոց՝ որոնք հրեաներուն կողմէ կը սեպուին, թէ Աստուծոյ աչքին անյարմար են (Գործք 10։28-48)։
Այո, Յիսուսին խօսքերը կը հաստատեն այն մարդուն խօսքը, որ ըսաւ. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութեան դաս կը սորվեցնէ։
◇ Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ աստուածահաճոյ հացկերոյթ պատրաստել, եւ ինչո՞ւ ան պիտի ուրախանայ։
◇ Ընթրիքին առակով Յիսուս ի՞նչ կէտ կը շեշտէ։