-
Փարիսեցիի մը կողմէ հիւրասիրուածՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
«‘Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր’։ Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ’։ Տէրը ըսաւ ծառային. ‘Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի . . . այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ’»։
-
-
Փարիսեցիի մը կողմէ հիւրասիրուածՑարդ ապրած մեծագոյն մարդը
-
-
Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները, միւս բոլորէն առաջ, Թագաւորութեան հրաւէրը ընդունողներուն մէջ պէտք էր գտնուէին։ Սակայն անոնք այդ հրաւէրը մերժեցին։ Ուստի, մասնաւորաբար Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Հրեայ ժողովուրդի անարգուած եւ խոնարհ դասակարգին երկրորդ հրաւէր մը տրուեցաւ։ Սակայն, բաւարար թիւով անհատներ չընդառաջեցին, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ 144,000 տեղերը լեցնելու համար։ Հետեւաբար, Հ.Դ. 36–ին, երեքուկէս տարի ետք, երրորդ եւ վերջին հրաւէր մը տրուեցաւ անթլփատ ոչ–Հրեաներուն, եւ այսպիսիներու հաւաքումը կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։ Ղուկաս 14։1-24
-