Ատուած՝ իրենց հաւատքին պատճառաւ
«Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 10։22
1, 2. Կրնա՞ք իրենց կրօնական հաւատքը գործադրելուն համար Եհովայի Վկաներու ենթարկուած կարգ մը իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ պատմել։
ԿՐԵՏԷ կղզիաբնակ պարկեշտ խանութպան մը բազմաթիւ անգամներ ձերբակալուած եւ յունական ատեաններուն առջեւ հանուած է։ Ան աւելի քան վեց տարի բանտ մնացած է, իր կնոջմէն եւ հինգ զաւակներէն հեռու։ Ճափոնի մէջ, 17 տարու աշակերտ մը դպրոցէն վտարուած է, հակառակ անոր որ շատ քաղաքավար եւ 42 աշակերտներէ բաղկացած դասարանին առաջինն էր։ Ֆրանսայի մէջ, կարգ մը անհատներ անակնկալօրէն իրենց գործերէն հանուած են, հակառակ անոր որ ճանչցուած էին որպէս ժրաջան ու խղճամիտ աշխատաւորներ։ Իրական կեանքէ առնուած այս փորձառութիւններուն մէջ հասարակաց կապը ի՞նչ է։
2 Այս բոլոր անհատներն ալ Եհովայի Վկաներ են։ Իսկ ի՞նչ է անոնց գործած «ոճիրը»։ Հիմնականօրէն, իրենց կրօնական հաւատալիքներուն գործադրումը։ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն հնազանդելով, խանութպանը իր հաւատքը ուրիշներուն հետ կը բաժնէր։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ան գլխաւորաբար դատապարտուած էր յունական նախնական օրէնքի մը հիման վրայ, ըստ որու հաւատափոխութիւնը ոճիր մըն է։ Աշակերտը վտարուեցաւ, քանի որ Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքը իրեն թոյլ չէր տար որ ճափոնական պարտադիր սրավարժութեան մասնակցի։ (Եսայեայ 2։4) Իսկ Ֆրանսայի մէջ իրենց գործերէն արձակուածներուն ըսուեցաւ որ միակ պատճառը, որպէս Եհովայի Վկայ իրենք զիրենք ճանչցնելն էր։
3. Եհովայի Վկաներու մեծամասնութեան համար, մարդոց կողմէ մեծ տառապանքներու ենթարկուիլը ինչո՞ւ հազուադէպ բան մըն է։
3 Վերջին տարիներուն, կարգ մը երկիրներու մէջ Եհովայի Վկաները այսպիսի դաժան փորձառութիւններ ունեցած են։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ, Եհովայի Վկաները իրենց նմաններէն հազուադէպօրէն ծանր տառապանքներու կ’ենթարկուին։ Համայն աշխարհի մէջ, անոնք ճանչցուած են որպէս լաւ վարմունք ունեցող անհատներ՝ այնպիսի համբաւ մը որ ոեւէ մէկու վաւերական պատճառ մը չի տար որ անոնց վնաս հասցնել ուզէ։ (Ա. Պետրոս 2։11, 12) Անոնք ո՛չ դաւադրութիւններ կ’ընեն, եւ ոչ ալ վնասակար ընթացքներ կ’որդեգրեն։ (Ա. Պետրոս 4։15) Ընդհակառակը, անոնք կը ջանան Աստուածաշունչի խրատներուն համաձայն ապրիլ, նախ Աստուծոյ, ապա՝ աշխարհիկ կառավարութիւններու ենթարկուելով։ Անոնք կը վճարեն օրէնքին կողմէ պահանջուած տուրքերը եւ կը ջանան «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» ունենալ։ (Հռովմայեցիս 12։18. 13։6, 7. Ա. Պետրոս 2։13-17) Աստուածաշունչի ուսուցումի իրենց գործին մէջ, անոնք կը քաջալերեն որ մարդիկ յարգեն օրէնքը, ընտանեկան արժէքները եւ բարոյականութիւնը։ Բազմաթիւ կառավարութիւններ գովաբանած են զիրենք, որպէս օրինապահ քաղաքացիներ։ (Հռովմայեցիս 13։3) Սակայն, ինչպէս առաջին պարբերութեան մէջ նշուած է, անոնք երբեմն հակառակութեան թիրախ հանդիսացած են, իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ նոյնիսկ՝ պետական արգելքներու։ Ասիկա մեզ պէ՞տք է զարմացնէ։
Աշակերտ Ըլլալու ‘Ծախսը Հաշուել’
4. Ըստ Յիսուսի, անհատ մը որ իր աշակերտը կ’ըլլայ, ի՞նչ պէտք է ակնկալէ։
4 Յիսուս Քրիստոս յստակօրէն բացատրեց թէ իր աշակերտը ըլլալը ի՛նչ կը պարփակէր։ «Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ», ըսաւ ան իր հետեւորդներուն։ «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն»։ Յիսուս ատուած էր, հակառակ որ «յանցանք մը» չունէր։ (Յովհաննու 15։18-20, 25. Սաղմոս 69։4. Ղուկաս 23։22) Իր աշակերտներն ալ նոյնը կրնային ակնկալել, այսինքն, առանց արդարացի պատճառի՝ հակառակութիւն։ Մէկէ աւելի անգամներ, ան զանոնք զգուշացուց. «Ամենուն ատելի պիտի ըլլաք»։—Մատթէոս 10։22. 24։9
5, 6. (ա) Ի՞նչ պատճառաւ Յիսուս իր ապագացու հետեւորդները յորդորեց որ ‘ծախսը հաշուեն’։ (բ) Ուստի, երբ հակառակութեան հանդիպինք, ինչո՞ւ պէտք չէ շփոթինք։
5 Հետեւաբար, Յիսուս իր ապագացու հետեւորդները յորդորեց որ աշակերտ ըլլալուն ‘ծախսը հաշուեն’։ (Ղուկաս 14։28) Ինչո՞ւ։ Ո՛չ թէ որոշելու համար թէ իր հետեւորդները պէտք է ըլլան թէ ոչ, այլ, անոր հետ առնչուած բաները ընել որոշելու համար։ Պէտք է պատրաստուած ըլլանք տոկալու որեւէ փորձութեան կամ դժուարութեան, որ կրնայ գալ աշակերտ ըլլալու առանձնաշնորհումին հետ։ (Ղուկաս 14։27) Ոեւէ մէկը մեզ չի ստիպեր որ Եհովայի ծառայենք, որպէս Քրիստոսի հետեւորդ մը։ Անիկա սիրայօժար՝ բայց տեղեակ որոշում մըն է։ Նախօրօք գիտենք որ Աստուծոյ հետ նուիրեալ յարաբերութեան մէջ գալէն առթած մեծ օրհնութիւններէն զատ, ‘ատելի պիտի ըլլանք’։ Հետեւաբար, երբ հակառակութեան հանդիպինք՝ չենք շփոթիր։ Մենք ‘ծախսը հաշուած’ եւ զայն վճարելու համար լիովին պատրաստուած ենք։—Ա. Պետրոս 4։12-14
6 Ինչո՞ւ ոմանք, կառավարական կարգ մը հեղինակութիւններ ալ ներառեալ, կը հակառակին ճշմարիտ Քրիստոնեաներու։ Առ ի պատասխան, Հ.Դ. առաջին դարէն կրօնական երկու խումբեր քննելը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Երկուքն ալ ատուած էին, բայց բոլորովին տարբեր պատճառներով։
Ատելավառ եւ Ատուած
7, 8. Ո՞ր ուսուցումները Հեթանոսներու հանդէպ անարգանք կը սորվեցնէր եւ որպէս հետեւանք, Հրեաներուն մէջ ի՞նչ կեցուածք զարգացաւ։
7 Հ.Դ. առաջին դարուն, Իսրայէլ հռովմէական իշխանութեան ներքեւ էր եւ Հրէականութիւնը՝ հրէական կրօնական դրութիւնը, դպիրներու եւ Փարիսեցիներու նման առաջնորդներու հարստահարիչ ճանկերուն մէջն էր։ (Մատթէոս 23։2-4) Այս մոլեռանդ առաջնորդները ազգերէն զատուած ըլլալու Մովսիսական Օրէնքի սկզբունքը առած եւ զայն խեղաթիւրած էին, պահանջելով որ Հրեայ չեղողները արհամարհեն։ Որպէս հետեւանք, անոնք կրօնք մը յառաջ բերած էին, որ Հեթանոսներու հանդէպ ատելութիւն, եւ փոխարէն, իրենց վրայ Հեթանոսներուն ատելութիւնը, կը հրահրէր։
8 Հրեայ առաջնորդներուն համար դժուար չէր Հեթանոսներու հանդէպ արհամարհանք քարոզել, քանի որ այդ ժամանակ Հրեաներուն համար Հեթանոսները ստորին նկարագրով արարածներ էին։ Կրօնական առաջնորդները կը սորվեցնէին որ Հրեայ կին մը բնաւ Հեթանոսներու հետ առանձին պէտք չէր մնար, քանի որ անոնք «ցոփ անհատներ նկատուած էին»։ Հրեայ տղամարդ մը «անոնց հետ առանձին պէտք չէր մնար, քանի որ անոնք արիւնահեղ նկատուած էին»։ Հեթանոսի մը կողմէ կթուած կաթը պէտք չէր գործածուէր, եթէ կթած ատեն Հրեայ մը ներկայ եղած չըլլար։ Իրենց առաջնորդներուն ազդեցութեան ներքեւ, Հրեաները մեկուսացած եւ բացարձակ տարամերժութիւն մը զարգացուցած էին։—Բաղդատել՝ Յովհաննու 4։9։
9. Հրեայ չեղողներու հանդէպ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ուսուցումին ազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։
9 Հրեայ չեղողներու հանդէպ այսպիսի ուսուցումներ չնպաստեցին որ Հրեաներու ու Հեթանոսներու միջեւ լաւ փոխյարաբերութիւն մը զարգանայ։ Հեթանոսներու համար Հրեաները ամբողջ մարդկութիւնը ատողներ էին։ Տակիտոս Հռովմէացի պատմաբանը (ծնած շուրջ Հ.Դ. 56–ին) Հրեաներու մասին կ’ըսէ թէ «անոնք մնացեալ մարդկութիւնը թշնամական ատելութեամբ մը կը դիտէին»։ Տակիտոս նաեւ դաւանեցաւ որ հրէական հաւատքը ընդունող Հեթանոսներուն կը սորվեցնէին որ ուրանան իրենց հայրենիքը եւ անարժէք նկատեն իրենց ընտանիքն ու բարեկամները։ Հռովմէացիները ընդհանուր առմամբ կը հանդուրժէին Հրեաներուն, որոնց համրանքը մեծ ըլլալով, անոնց հետ զգոյշ կը վարուէին։ Բայց Հ.Դ. 66–ին, հրէական ըմբոստութիւնը հռովմէական բիրտ փոխվրէժի դուռ բացաւ, Հ.Դ. 70–ին Երուսաղէմի կործանման առաջնորդելով։
10, 11. (ա) Մովսիսական Օրէնքը օտարներու հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք կը պահանջէր։ (բ) Հրէականութեան պատահած բանէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
10 Օտարներու հանդէպ այդ տեսակէտը ի՞նչ կերպով կարելի էր համեմատել Մովսիսական Օրէնքին մէջ ուրուագծուած պաշտամունքի կերպին հետ։ Օրէնքը ազգերէն բաժանումը կը յանձնարարէր, բայց անոր նպատակն էր Իսրայելացիները, մասնաւորաբար անոնց մաքուր պաշտամունքը, պաշտպանել։ (Յեսուայ 23։6-8) Ասով հանդերձ, Օրէնքը կը պահանջէր որ օտարներուն հետ արդարութեամբ ու լաւ կերպով վարուին եւ անոնց հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տան, այնքան ատեն որ անոնք ակնբախ կերպով Իսրայէլի օրէնքը չէին ոտնակոխեր։ (Ղեւտացւոց 24։22) Օտարներու հանդէպ Օրէնքին մէջ բացայայտ եղող տրամաբանական հոգիէն շեղելով, Յիսուսի օրուան Հրեայ կրօնական առաջնորդները պաշտամունքի ձեւ մը յառաջ բերած էին, որ ատելութիւն կը տածէր եւ իր կարգին ատուած էր։ Որպէս հետեւանք, առաջին դարու Հրեայ ազգը Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուց։—Մատթէոս 23։38
11 Մենք ասկէ դաս մը կրնա՞նք սորվիլ։ Ա՛րդարեւ։ Մեր կրօնական հաւատալիքները չբաժնողներուն անարգանքով նայելու ինքնարդար ու գերադաս կեցուածք մը, Եհովայի պաշտամունքը ճշգրիտ կերպով չի ներկայացներ, ոչ ալ զինք կը հաճեցնէ։ Առաջին դարու հաւատարիմ Քրիստոնեաները նկատի առէք։ Անոնք չէին ատեր Քրիստոնեայ չեղողները, ոչ ալ Հռովմի դէմ կ’ըմբոստանային։ Այսուհանդերձ, անոնք ‘ատուած էին’։ Ինչո՞ւ եւ որո՞նց կողմէ։
Նախկին Քրիստոնեաները Որո՞նց Կողմէ Ատուած Էին
12. Սուրբ Գիրքէն ի՞նչպէս բացայայտօրէն կը տեսնուի որ Յիսուս կը փափաքէր որ իր հետեւորդները հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենային Քրիստոնեայ չեղողներու հանդէպ։
12 Յիսուսի ուսուցումները յստակօրէն կը նշեն որ ինք կ’ուզէր որ իր աշակերտները հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենային ոչ–Քրիստոնեաներու հանդէպ։ Մէկ կողմէ, ան ըսաւ որ իր հետեւորդները պէտք էր աշխարհէն զատուած ըլլային, այսինքն, մերժէին այն կեցուածքները եւ վարքը որ Եհովայի արդար ճամբաներուն հետ բախումի մէջ էին։ Անոնք պատերազմի ու քաղաքական հարցերու մէջ չէզոք պէտք էր մնային։ (Յովհաննու 17։14, 16) Միւս կողմէ, փոխանակ յանձնարարելու որ Քրիստոնեայ չեղողները արհամարհեն, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ‘իրենց թշնամիները սիրեն’։ (Մատթէոս 5։44) Պօղոս առաքեալ հետեւեալ յորդորը տուաւ Քրիստոնեաներուն. «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր»։ (Հռովմայեցիս 12։20) Ան նաեւ Քրիստոնեաներուն ըսաւ որ ‘բարիք ընեն ամենուն’։—Գաղատացիս 6։10
13. Հրեայ կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ այդքան կը հակառակէին Քրիստոսի աշակերտներուն։
13 Սակայն, Քրիստոսի աշակերտները շուտով «ատելի» եղան երեք աղբիւրներու կողմէ։ Առաջինը՝ Հրեայ կրօնական առաջնորդներն էին։ Զարմանալի չէ որ Քրիստոնեաները անմիջապէս անոնց ուշադրութիւնը գրաւեցին։ Քրիստոնեաները բարոյական եւ ուղղամտութեան բարձր սկզբունքներ ունէին, եւ անոնք կրակոտ նախանձախնդրութեամբ յոյս ներշնչող պատգամ մը կը տարածէին։ Հազարաւորներ Հրէականութիւնը ձգելով Քրիստոնէութիւնը ողջունեցին։ (Գործք 2։41. 4։4. 6։7) Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն համար, Յիսուսի Հրեայ աշակերտները պարզապէս հաւատուրացներ էին։ (Բաղդատել՝ Գործք Առաքելոց 13։45։) Այս ցասկոտ առաջնորդները զգացին որ Քրիստոնէութիւնը անվաւեր կը դարձնէր իրենց աւանդութիւնները։ Այո, անիկա նոյնիսկ Հեթանոսներու հանդէպ իրենց սորվեցուցած տեսակէտը կը մերժէր։ Հ.Դ. 36–էն սկսեալ, Հեթանոսները կրնային Քրիստոնեաներ ըլլալ, նոյն հաւատքը բաժնելով եւ Հրեայ Քրիստոնեաներուն հաւասար առանձնաշնորհումներ վայելելով։—Գործք 10։34, 35
14, 15. (ա) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ հեթանոս երկրպագուներու ատելութիւնը հրաւիրեցին իրենց վրայ։ Օրինակ մը տուէք։ (բ) Քրիստոնեաները ո՞ր երրորդ խումբի մը կողմէն ալ «ատելի» եղան։
14 Երկրորդ՝ Քրիստոնեաները հեթանոս երկրպագուներու ատելութիւնը կը հրաւիրէին իրենց վրայ։ Օրինակ, նախկին Եփեսոսի մէջ, Արտեմիս չաստուածուհիին արծաթէ արձաններու շինութիւնը շահաբեր գործ մըն էր։ Բայց երբ Պօղոս հոն քարոզեց, մեծ թիւով Եփեսացիներ ընդառաջելով, Արտեմիսի պաշտամունքը լքեցին։ Տեսնելով իրենց առեւտուրին սպառնացող վտանգը, արծաթագործները խռովութիւն հանեցին։ (Գործք 19։24-41) Նոյնանման բան մը պատահեցաւ Քրիստոնէութիւնը Բիւթանիայի մէջ (ներկայիս Թիւրքիոյ հիւսիս–արեւմուտքը) տարածուելէն ետք։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ամբողջացուելէն քիչ ետք, Բիւթանիայի կառավարիչ Պլինիոս Կրտսերը տեղեկագրեց որ հեթանոս տաճարները ամայացուած եւ զոհի անասուններու կերերու առուծախը մեծապէս նուազած էր։ Ասոր համար Քրիստոնեաները մեղադրուած ու հալածուած էին, քանի որ անոնց պաշտամունքը անասնական զոհեր եւ կուռքեր չէր արտօներ։ (Եբրայեցիս 10։1-9. Ա. Յովհաննու 5։21) Որոշ է ուրեմն, որ Քրիստոնէութեան տարածումը հեթանոսական պաշտամունքի հետ առնչուող որոշ շահերուն ազդած էր եւ իրենց առեւտուրը եւ դրամ կորսնցուցած անհատները ընդվզած էին։
15 Երրորդ՝ Քրիստոնեաները «ատելի» եղան ազգայնամոլ Հռովմէացիներու կողմէ։ Սկիզբը, Հռովմէացիները Քրիստոնեաները նկատեցին որպէս աննշան եւ թերեւս կրօնական մոլեռանդ խումբ մը։ Բայց ժամանակ մը ետք, Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանիլն անգամ մահացու պատիժի արժանի յանցանք նկատուեցաւ։ Քրիստոնէական կեանք վարող պարկեշտ քաղաքացիներ ինչո՞ւ հալածանքի ու մահուան արժանի զոհեր նկատուեցան։
Նախկին Քրիստոնեաները Ինչո՞ւ Ատուեցան Հռովմէական Աշխարհին Կողմէ
16. Ի՞նչ կերպերով Քրիստոնեաները աշխարհէ զատուած մնացին, եւ ասիկա զիրենք ինչո՞ւ անժողովրդական դարձուց հռովմէական աշխարհին մէջ։
16 Քրիստոնեաները հռովմէական աշխարհին մէջ ատուած էին գլխաւորաբար իրենց կրօնական հաւատալիքներուն գործադրութեան համար։ Օրինակ, անոնք աշխարհէն անջատ կը մնային։ (Յովհաննու 15։19) Ուստի, քաղաքական պաշտօններ չէին ընդուներ եւ զինուորական ծառայութիւնը կը մերժէին։ Հետեւաբար, անոնք «ներկայացուած էին որպէս աշխարհի նկատմամբ մեռածներ եւ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ անպէտներ», կ’ըսէ Աւգոստոս Նէանտըր։ Աշխարհի մէկ մասը չըլլալ նաեւ կը նշանակէր հռովմէական ապականած աշխարհին ամբարիշտ ճամբաներէն խուսափիլ։ «Քրիստոնէական պզտիկ համայնքներ իրենց բարեպաշտութեամբ ու պարկեշտութեամբ հեթանոս աշխարհի զուարճամոլ անհատներուն խղճմտանքը կ’անհանգստացնէին», կը բացատրէ պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ։ (Ա. Պետրոս 4։3, 4) Քրիստոնեաները հալածելով եւ սպաննելով, թերեւս Հռովմէացիները կը ջանային իրենց խիղճը անհանգստացնող ձայները մարել։
17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն քարոզչութիւնը ազդու էր։
17 Առաջին դարու Քրիստոնեաները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէին անտեղիտալի նախանձախնդրութեամբ։ (Մատթէոս 24։14) Հ.Դ. 60–ի ժամանակները, Պօղոս կրցաւ ըսել որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզուած էր։ (Կողոսացիս 1։23) Առաջին դարու վերջաւորութեան, Յիսուսի հետեւորդները Հռովմէական ամբողջ Կայսրութեան մէջ աշակերտներ ըրած էին՝ Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ։ Նոյնիսկ «Կայսրին տունէն» եղող կարգ մը անհատներ Քրիստոնեաներ եղան։a (Փիլիպպեցիս 4։23) Այս նախանձախնդիր քարոզչութիւնը ընդվզում յառաջացուց։ Նէանտըր կ’ըսէ. «Քրիստոնէութիւնը մեծաքայլ յառաջացաւ ամէն դասակարգի պատկանող մարդոց մէջ, եւ պետական կրօնքը տապալելու սպառնաց»։
18. Եհովայի բացարձակ պաշտամունք մատուցանելը ինչո՞ւ հռովմէական կառավարութեան դիւր չէր գար։
18 Յիսուսի հետեւորդները Եհովայի բացարձակ պաշտամունք կը մատուցանէին։ (Մատթէոս 4։8-10) Թերեւս պաշտամունքի այս երեսակը ուրիշ որեւէ բանէ աւելի զիրենք անհամաձայնութեան մէջ կը դնէր Հռովմի հետ։ Հռովմէացիները կը հանդուրժէին միւս կրօնքները, այնքան ատեն որ անոնց կառչողները կայսրի պաշտամունքին ալ մասնակցէին։ Նախկին Քրիստոնեաները պարզապէս չէին կրնար մասնակցիլ այսպիսի պաշտամունքի։ Անոնք իրենք զիրենք համարատու կը նկատէին Հռովմէական Պետութենէն բարձր եղող հեղինակութեան մը, այսինքն, Եհովա Աստուծոյ։ (Գործք 5։29) Որպէս հետեւանք, Քրիստոնեայ մը ուրիշ մարզերու մէջ որքան ալ լաւ քաղաքացի մը ըլլար, ան Պետութեան թշնամին կը նկատուէր։
19, 20. (ա) Հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն մասին տարածուած զրպարտութեան գլխաւոր պատասխանատուները որո՞նք էին։ (բ) Քրիստոնեաներուն վրայ ի՞նչ զրպարտութիւններ հանեցին։
19 Հաւատարիմ Քրիստոնեաները հռովմէական աշխարհին մէջ ուրիշ պատճառով մըն ալ «ատելի» եղան. անոնց մասին եղած չարամիտ բամբասանքին հեշտութեամբ հաւատացին, ամբաստանութիւններ, որոնց համար Հրեայ կրօնական առաջնորդները մեծապէս պատասխանատու էին։ (Գործք 17։5-8) Հ.Դ. 60 կամ 61–ի ատենները, երբ Պօղոս Ներոն Կայսրին կողմէ դատուելու համար Հռովմ կը գտնուէր, Հրեայ առաջնորդներ Քրիստոնեաներուն մասին ըսին. «Այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։22) Ներոն շատ հաւանաբար զրպարտիչ պատմութիւններ լսած ըլլալու էր անոնց մասին։ Հ.Դ. 64–ին, երբ Հռովմը քարուքանդ ընող կրակին համար զինք դատապարտեցին, տեղեկագրուած է որ Ներոն արդէն չարախօսուած Քրիստոնեաները որպէս քաւութեան նոխազ ընտրեց։ Ասիկա անմիջապէս հալածանքի վայրագ ալիք մը բերաւ, որու նպատակն էր Քրիստոնեաները բնաջնջել։
20 Քրիստոնեաներուն դէմ եղած կեղծ ամբաստանութիւնները յաճախ ուղղակի ստութիւններ եւ իրենց հաւատալիքներուն խեղաթիւրումն էին։ Քանի որ անոնք միաստուածութեան կը հաւատային եւ կայսրը չէին պաշտեր, զանոնք անաստուածներու շարքին դասեցին։ Քանի որ կարգ մը ընտանիքի ոչ–Քրիստոնեայ անդամներ իրենց Քրիստոնեայ ազգականները կը հալածէին, Քրիստոնեաները ամբաստանուեցան որպէս ընտանիք քանդողներ։ (Մատթէոս 10։21) Անոնք մարդակեր պիտակուեցան, եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, այս ամբաստանութիւնը Տէրունական Ընթրիքին առթիւ Յիսուսի ըսած խօսքերուն վրայ հիմնուած էր։—Մատթէոս 26։26-28
21. Ո՞ր երկու պատճառներով Քրիստոնեաները «ատելի» եղան։
21 Հետեւաբար, հաւատարիմ Քրիստոնեաները Հռովմէացիներու կողմէ «ատելի» եղած էին երկու հիմնական պատճառներով. (1) Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց հաւատալիքներուն, եւ (2) անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւններուն համար։ Առանց նկատի առնելու պատճառը, հակառակորդները միայն մէկ նպատակակէտ կը հետապնդէին՝ Քրիստոնէութիւնը մէջտեղէն վերցնել։ Անշուշտ, Քրիստոնեաներու հալածանքին գլխաւոր դրդիչները գերմարդկային հակառակորդներ էին, անտեսանելի՝ ամբարիշտ հոգեղէն ուժեր։—Եփեսացիս 6։12
22. (ա) Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ որ Եհովայի Վկաները ‘ամենուն բարիք կ’ընեն’։ (Տես՝ էջ 22–ի վրայ գտնուող շրջագիծը։) (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնուի։
22 Նախկին Քրիստոնեաներուն նման, այժմու Եհովայի Վկաները զանազան երկիրներու մէջ «ատելի» եղած են։ Սակայն իրենք Վկայ չեղողները չեն ատեր, ոչ ալ որեւէ կառավարութեան դէմ ապստամբութիւն կը հրահրեն։ Ընդհակառակը, անոնք համայն աշխարհի մէջ ճանչցուած են իրենց ի գործ դրած անկեղծ սիրոյն համար, որ ընկերային, ցեղային եւ տոհմային ամէն արգելք կը յաղթահարէ։ Արդ, անոնք ինչո՞ւ հալածուած են։ Իսկ անոնք ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն հակառակութեան։ Այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշ]
a «Կայսրին տունը» արտայայտութիւնը անպայմանօրէն այն ատեն տիրող Ներոնի անմիջական ընտանիքի անդամներուն չ’ակնարկեր։ Հապա, կրնայ կիրարկուիլ ծառաներուն եւ նուազ կարեւոր պաշտօնեաներուն, որոնք թերեւս կայսերական ընտանիքին ու անոր անդամներուն համար խոհարարութիւն եւ մաքրութիւն կ’ընէին։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Յիսուս ինչո՞ւ իր ապագացու հետեւորդները յորդորեց որ աշակերտ ըլլալու ծախսը հաշուեն։
◻ Հրեայ չեղողներու մէջ տիրական եղող տեսակէտը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Հրէականութեան վրայ, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Հաւատարիմ նախկին Քրիստոնեաներ ո՞ր երեք աղբիւրներէ հակառակութիւն տեսան։
◻ Ո՞ր հիմնական պատճառներով նախկին Քրիստոնեաները «ատելի» եղան Հռովմէացիներու կողմէ։
[Շրջանակ՝ էջ 22]
‘Ամենուն բարիք ընել’
Եհովայի Վկաները կը ջանան՝ «բարիք ընենք ամենուն» Աստուածաշունչի խրատին ուշադրութիւն ընծայել։ (Գաղատացիս 6։10) Երբ կարիք մը ծագի, դրացիական սէրը զիրենք կը մղէ որ օգնութեան փութան իրենց կրօնական տեսակէտները չբաժնող անհատներու։ Օրինակ, 1994–ին Ռուանտայի աղիտալի վիճակներուն մէջ, Եւրոպայէն Վկաներ սիրայօժար կերպով Ափրիկէ գացին, օգնութեան ձեռք մը երկարելու համար։ Լաւ կազմակերպուած բանակավայրեր եւ բացօթեայ հիւանդանոցներ անմիջապէս կանգնուեցան, օգնութիւն մատուցանելու համար։ Մեծ քանակութեամբ ուտելիք, հագուելիք եւ վերմակներ օդի ճամբով ղրկուեցան։ Այս նպաստէն օգտուող ապաստանեալներու թիւը այդ շրջանի մէջ գտնուած Վկաներուն թիւին եռապատիկն էր։
[Նկար՝ էջ 21]
Առաջին դարու Քրիստոնեաները բարի լուրը քարոզեցին անտեղիտալի նախանձախնդրութեամբ