Աստուծոյ ողորմութիւնը ընդօրինակենք ներկայիս
«Աւելի լաւ է Տէրոջը ձեռքը իյնալ, քանզի անոր գթութիւնը շատ է»։—Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 24։14
1. Դաւիթ ի՞նչ զգացում ունէր Աստուծոյ ողորմութեան մասին եւ ինչո՞ւ։
ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ փորձառաբար գիտէր որ Եհովան մարդոցմէ աւելի ողորմած է։ Վստահ ըլլալով որ Աստուծոյ ճամբաները լաւագոյնն են, Դաւիթ կը փափաքէր Անոր ճամբաները սորվիլ եւ Անոր ճշմարտութեան մէջ քալել։ (Ա. Մնացորդաց 21։13. Սաղմոս 25։4, 5) Դուք ալ Դաւիթի զգացումը կը բաժնէ՞ք։
2. Լուրջ մեղքեր ձեռք առնելու մասին Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ Մատթէոս 18։15–17–ի մէջ։
2 Աստուածաշունչը կ’օգնէ մեզի որ Աստուծոյ խորհուրդներուն մէջ թափանցենք. զոր օրինակ, ի՛նչ պէտք է ընենք երբ մէկը մեզի դէմ մեղանչէ։ Հետագային Քրիստոնեայ տեսուչներ ըլլալիք իր առաքեալներուն Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա [իր յանցանքը պարզէ] երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ»։ Հոս յիշուած յանցանքը ոչ թէ անձնական չնչին մեղք մըն է, այլ՝ լուրջ մեղք մը, ինչպէս խարդախութիւն կամ զրպարտութիւն։ Յիսուս ըսաւ որ եթէ այս քայլը չլուծէ հարցը եւ եթէ վկաներ գոյութիւն ունին, այն անհատը որու դէմ գործուած է մեղքը, զանոնք իրեն հետ պէտք է տանի, փաստելու համար գործուած սխալը։ Ասիկա՞ է արդեօք առնուելիք վերջին քայլը։ Ոչ. «Եթէ [մեղաւորը] անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։—Մատթէոս 18։15–17
3. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ որ չզղջացող մեղաւոր մը «հեթանոսի մը կամ մաքսաւոր մը պէս» ըլլայ։
3 Հրեաներ ըլլալով, առաքեալները պիտի հասկնային թէ ի՛նչ կը նշանակէր մեղաւորի մը հետ վարուիլ «հեթանոսի մը կամ մաքսաւորի մը պէս»։ Հրեաները կը զգուշանային հեթանոսներու ընկերակցութենէն եւ կը նախատէին այն Հրեաները որոնք կ’աշխատէին որպէս Հռովմէացի մաքսահաւաքներ։a (Յովհաննու 4։9. Գործք 10։28) Հետեւաբար, Յիսուս կը խրատէր իր աշակերտներուն որ եթէ ժողովք մը մերժէր մեղաւոր մը, անոնք պէտք չէր շարունակէին ընկերակցիլ անոր հետ։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է կապել այն իրողութեան հետ, որ երբեմն Յիսուս մաքսահաւաքներուն հետ կը գտնուէր։
4. Հակառակ Մատթէոս 18։17–ի խօսքերուն, Յիսուս ինչո՞ւ կարգ մը մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կապակցութիւն ունեցաւ։
4 Ղուկաս 15։1–ը կ’ըսէ. «Շատ մը մաքսաւորներ ու մեղաւորներ անոր կը մօտենային իրմէ լսելու համար»։ Ոչ թէ բոլոր մաքսաւորները եւ մեղաւորները հոն էին, այլ՝ «շատ մը»։ (Բաղդատել Ղուկաս 4։40)։ Որո՞նք։ Անոնք որոնք հետաքրքրուած էին իրենց մեղքերուն թողութեամբ։ Անոնցմէ ոմանք նախապէս Յովհաննէս Մկրտիչի զղջումի պատգամով հետաքրքրուած էին։ (Ղուկաս 3։12. 7։29) Ուստի երբ ուրիշներ ալ եկան Յիսուսի, անոնց քարոզելը ո՛չ մէկ կերպով կը բռնաբարէր Մատթէոս 18։17–ի մէջ տուած իր խրատը։ Նկատի առէք որ «շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ [որոնք Յիսուսի լսեցին] անոր ետեւէն կ’երթային»։ (Մարկոս 2։15) Ասոնք այնպիսիներ չէին որոնք շարունակեցին իրենց գէշ ապրելակերպը, առանց օգնութիւն ընդունելու։ Այլ, անոնք լսեցին Յիսուսի պատգամը եւ իրենց սրտերը ազդուեցան։ Նոյնիսկ երբ տակաւին կը մեղանչէին, հաւանաբար կը ջանային փոփոխութիւններ մտցնել իրենց կեանքին մէջ, ուստի «բարի հովիւը» անոնց քարոզելով, կ’ընդօրինակէր իր ողորմած Հայրը։—Յովհաննու 10։14
Ներել՝ Քրիստոնէական Ստիպողականութիւն մը
5. Աստուծոյ իրական դիրքը ի՞նչ է ներելու նկատմամբ։
5 Սիրտ տոգորող երաշխիքը ունինք որ մեր Հայրը կը կամի ներել. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։ «Այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէսզի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը»։ (Ա. Յովհաննու 1։9. 2։1) Վտարուած անհատ մը կրնա՞յ թողութիւն ստանալ։
6. Վտարուած անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ թողութիւն ստանալ եւ վերընդունուիլ։
6 Այո. երբ չզղջացող մեղաւոր մը վտարուի, ժողովքը ներկայացնող երէցները իրեն կը բացատրեն որ կրնայ զղջալ ու Աստուծմէ թողութիւն ստանալ։ Ան կրնայ Թագաւորութեան Սրահը ժողովներու յաճախել եւ լսել սուրբ գրային խրատներ որոնք կրնան օգնել իրեն զղջալու։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 14։23–25)։ Հետագային, ան կրնայ մաքուր ժողովքին մէջ վերընդունուիլ։ Երբ երէցները իրեն հետ տեսակցութիւն կ’ունենան, անոնք կը ջանան որոշել թէ զղջացած եւ իր մեղաւոր ընթացքը ձգա՞ծ է թէ ոչ։ (Մատթէոս 18։18) Եթէ այդ է պարագան, ան կրնայ վերընդունուիլ, Բ. Կորնթացիս 2։5–8–ի օրինակին համաձայն։ Եթէ տարիներէ ի վեր վտարուած էր, ծրագրուած ջանք մը պէտք է թափէ յառաջդիմելու համար։ Ան նաեւ շատ օգնութեան պէտքը պիտի ունենայ, որպէսզի Աստուածաշունչի իր գիտութիւնը եւ գնահատանքը աճի եւ հոգեւորապէս զօրաւոր Քրիստոնեայ մը դառնայ։
Եհովայի Վերադառնալ
7, 8. Իր գերի տարուած ժողովուրդին կապակցաբար Աստուած ի՞նչ օրինակ թողուց։
7 Սակայն երէցները կրնա՞ն նախաքայլը առնել վտարուած անհատի մը մօտենալու։ Այո։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ողորմութիւնը կ’արտայայտուի ոչ միայն պատիժը խնայելու բացասական արարքով, այլ յաճախ դրական արարքներով։ Եհովայի օրինակը ունինք։ Իր անհաւատարիմ ժողովուրդը գերութեան ղրկելէ առաջ, ան մարգարէաբար անոնց վերադարձի ակնկալութիւն մը տուաւ. «Ասոնք միտք բեր, ո՛վ Յակոբ եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանզի իմ ծառաս ես. ... Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։ Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի»։—Եսայեայ 44։21, 22
8 Ապա, գերութեան ընթացքին, Եհովա ուրիշ քայլեր ալ առաւ, դրականօրէն վարուելով։ Ան մարգարէներ, ներկայացուցիչներ ղրկեց, Իսրայէլը հրաւիրելով որ ‘զինք փնտռէ ու գտնէ’։ (Երեմեայ 29։1, 10–14) Եզեկիէլ 34։16–ի մէջ, Եհովա ինքզինք նմանցուց հովիւի մը, իսկ Իսրայէլ ազգը՝ կորսուած ոչխարի. «Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ»։ Երեմեայ 31։10–ի մէջ ալ Եհովա նոյն պատկերը գործածեց, ինքզինք Իսրայելացիներուն հովիւը ընելով։ Ան ինքզինք չնկարագրեց որպէս հովիւ մը, որ փարախին մէջ կը սպասէ կորսուած ոչխարին, այլ՝ որպէս հովիւ մը որ կորսուածը կը փնտռէ։ Նկատի առէք որ նոյնիսկ երբ ընդհանուր ժողովուրդը դարձի եկած չէր եւ գերութեան մէջ էր, Աստուած նախաձեռնութիւնը առաւ զանոնք վերադարձնելու։ Ուստի, Մաղաքեայ 3։6–ի համաձայն, Աստուած իր կերպը պիտի չփոխէր Քրիստոնէական կարգադրութեան մէջ։
9. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ալ Աստուծոյ օրինակին ինչպէ՞ս հետեւուեցաւ։
9 Ասիկա չի՞ թելադրեր նախաքայլը առնել կարգ մը վտարուածներուն նկատմամբ, որոնք թերեւս դարձի եկած են։ Յիշենք որ Պօղոս առաքեալ ուղղութիւններ տուաւ Կորնթոսի ժողովքէն ամբարիշտ անհատը վտարելու համար։ Հետագային, ան ժողովքը յորդորեց որ այդ մարդուն հանդէպ իր սէրը հաստատէ, քանի որ զղջալով ժողովքին մէջ վերընդունուած էր։—Ա. Կորնթացիս 5։9–13. Բ. Կորնթացիս 2։5–11
10. (ա) Ի՞նչ շարժառիթէ մղուած կարգ մը վտարուած անհատներու հետ շուտով շփման մէջ պէտք է գալ։ (բ) Ինչո՞ւ վտարուած անհատին ընտանիքի անդամներուն չիյնար նախաքայլը առնել։
10 Նախապէս մէջբերուած համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Բանադրանքի հիմնական նպատակն էր խումբին չափանիշը պաշտպանել. ‘Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ’։ (Ա. Կորնթացիս 5։6) Այս շարժառիթը շատ յստակ է շատ մը սուրբ գրային եւ ոչ–կանոնային գրութիւններուն մէջ, բայց Բ. Կորնթացիս 2։7–10–ի մէջ, Պօղոսի խնդրանքն է անհատին հանդէպ հետաքրքրութիւն, նոյնիսկ վտարումէն ետք»։ (Շեղագիրը մեզմէ)։ Հետեւաբար, տրամաբանական է որ հօտին հովիւները ներկայիս ալ այսպիսի հետաքրքրութիւն մը ցոյց տան։ (Գործք 20։28. Ա. Պետրոս 5։2) Նախկին բարեկամներ եւ ազգականներ կրնան յուսալ որ վտարուած անհատը վերադառնայ, սակայն Ա. Կորնթացիս 5։11–ի խրատին հանդէպ յարգանքէ մղուած, անոնք չեն ընկերակցիր վտարուած անհատին հետ։b Կը ձգեն որ նշանակուած հովիւները նախաքայլը առնեն, տեսնելու համար թէ այսպիսի մէկը վերադառնալով հետաքրքրուա՞ծ է թէ ոչ։
11, 12. նոյնիսկ երէցները ինչպի՞սի վտարուածներուն հետ յարաբերութեան մէջ պէտք չէ գան, բայց որո՞նց կրնան այցելել։
11 Նոյնիսկ յարմար չէ որ երէցներ նախաքայլը առնեն կարգ մը վտարուածներուն նկատմամբ, որոնք հաւատուրաց են եւ ‘ծուռ բաներ կը խօսին, աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար’։ Ասոնք ‘սուտ վարդապետներ են, որոնք կը ջանան կորուսիչ հերձուածներ մտցնել եւ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ժողովքը կը շահագործեն’։ (Գործք 20։30. Բ. Պետրոս 2։1, 3) Աստուածաշունչն ալ չի քաջալերեր վտարուածները փնտռել, որոնք կռուազան են եւ չարը կը քաջալերեն։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3. Ա. Տիմոթէոս 4։1. Բ. Յովհաննու 9–11. Յուդա 4, 11
12 Սակայն, վտարուածներէն շատեր նոյն կեցուածքը չունին։ Թերեւս մէկը դադրած է գործելէ այն լուրջ մեղքը որու համար վտարուած էր։ Ուրիշ մը որ կը ծխէր եւ կրնայ ըլլալ որ անցեալին ծանր խմող մըն էր, բայց հիմա թերեւս ուրիշները սխալի մէջ չառաջնորդեր։ Յիշենք որ Իսրայելացիները գերութենէն վերադառնալէ առաջ, Աստուած ներկայացուցիչներ ղրկեց անոնց յորդորելով որ դարձի գան։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ արդեօք Պօղո՞ս թէ Կորնթոսի երէցները նախաքայլը առին վտարուած անհատը տեսնելու։ Երբ այդ մարդը զղջաց եւ վերջ դրաւ իր անբարոյութեան, Պօղոս պատուիրեց ժողովքին որ վերընդունին զինք։
13, 14. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ վտարուածները կրնան ընդառաջել առնուած ողորմած նախաքայլերուն։ (բ) Երէցներու մարմինը այս շփումը ինչպէ՞ս կրնայ կարգադրել։
13 Այս վերջերս պատահած է որ երէց մը հանդիպի վտարուած անհատի մը։c Յարմարութեան համաձայն, հովիւը հակիրճօրէն ուրուագծած է վերընդունուելու համար առնուելիք քայլերը։ Ոմանք այս կերպով զղջացած եւ վերընդունուած են։ Այսպիսի ուրախ արդիւնքներ ցոյց կու տան որ կան վտարուած կամ հեռացած անհատներ որոնք պիտի ընդառաջեն հովիւներուն գթառատ մերձեցումին։ Բայց երէցները ինչպէ՞ս պէտք է ձեռք առնեն այս հարցը։ Գոնէ տարին անգամ մը, երէցներու մարմինը նկատի պէտք է առնէ թէ արդեօք իր թաղամասին մէջ այսպիսի անհատ մը կա՞յ։d Երէցները իրենց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն անոնց վրայ որոնք աւելի քան տարի մըն է վտարուած են։ Պարագաներու համաձայն, եթէ յարմար է, անոնք երկու երէց պիտի նշանակեն (պարագային ծանօթ եղողներ, եթէ կարելի է), անոր այցելելու համար։ Պէտք չէ այցելութիւն տրուի ոեւէ մէկու որ քննադատող է, վտանգաւոր կեցուածք մը ունի, կամ գիտցուցած է որ օգնութիւն չուզեր։—Հռովմայեցիս 16։17, 18. Ա. Տիմոթէոս 1։20. Բ. Տիմոթէոս 2։16–18
14 Երկու երէցները կրնան հեռաձայնել կարճ այցելութիւն մը տալու համար, կամ իր տունը երթալ յարմար ժամու մը։ Այցելութեան ընթացքին, անոնք խիստ կամ նոյնիսկ պաղ պէտք չէ ըլլան, այլ՝ ջերմօրէն պէտք է արտայայտեն իրենց գթառատ հետաքրքրութիւնը։ Փոխանակ անցեալը վերաքաղ ընելու, կրնան խօսիլ Եսայեայ 1։18, 55։6, 7 եւ Յակոբու 5։20 համարներուն շուրջ։ Եթէ անհատը հետաքրքրուած է Աստուծոյ հօտին վերադառնալով, անոնք ազնուօրէն կրնան բացատրել առնելիք քայլերը. օրինակի համար, Աստուածաշունչը եւ Դիտարանի Ընկերութեան հրատարակութիւնները կարդալ եւ Թագաւորութեան Սրահը ժողովներու յաճախել։
15. Վտարուած անհատին հետ շփման մէջ եկող երէցները ի՞նչ ի մտի պէտք է ունենան։
15 Այս երէցները իմաստութեան եւ ներատեսութեան պէտք պիտի ունենան որոշելու համար թէ անհատը զղջումի նշաններ ցոյց կու տա՞յ եւ ուրիշ այցելութիւններ տալու հարկը կա՞յ թէ ոչ։ Անոնք ի մտի պէտք է ունենան որ կարգ մը վտարուած անհատներ բնաւ ‘ապաշխարութիւնով պիտի չնորոգուին’։ (Եբրայեցիս 6։4–6. Բ. Պետրոս 2։20–22) Այցելութիւնը տալէ ետք, երկու երէցները բերանացի հակիրճ տեղեկութիւն մը պէտք է տան Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին։ Անոնք իրենց կարգին երէցներու մարմինը տեղեակ պիտի պահեն իրենց յաջորդ ժողովին։ Երէցներուն ողորմած նախաքայլը ցոլացուցած պիտի ըլլայ Աստուծոյ տեսակէտը. «Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։—Մաղաքեայ 3։7
Ուրիշ Ողորմած Օգնութիւն մը
16, 17. Վտարուած անհատի մը Քրիստոնեայ ազգականները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
16 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին որ տեսուչներ չենք եւ չենք կրնար այսպիսի նախաքայլ մը առնել վտարուած անհատներու նկատմամբ։ Ի՞նչ կրնանք ընել այս կարգադրութեան համաձայն եւ Եհովան ընդօրինակելով։
17 Այնքան ատեն որ անհատ մը վտարուած կամ ինք իր ընկերակցութիւնը խզած է, պէտք է հետեւինք հետեւեալ խրատին. «Չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք»։ (Ա. Կորնթացիս 5։11) Բայց սուրբ գրային այս խրատը ոչ մէկ կերպով պէտք է ազդէ վտարուած անհատին ընտանեկան պարագաներուն հանդէպ մեր կեցուածքին։ Երբեմնի Հրեաները այնքան ուժեղ թշնամանք ունէին մաքսաւորներուն դէմ որ նոյնիսկ կ’ատէին անոնց ընտանիքը։ Յիսուս բնաւ այսպիսի բան մը չպնդեց։ Ան ըսաւ որ օգնութիւն մերժող մեղաւորը պէտք է նկատէին «հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս». ան չըսաւ որ անոր ընտանիքի Քրիստոնեայ անդամներն ալ այդպէս պէտք է նկատուէին։—Մատթէոս 18։17
18, 19. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով մեր Քրիստոնէութիւնը կրնանք ցոյց տալ վտարուածի մը ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն հանդէպ։
18 Մասնաւորաբար պէտք է թիկունք կանգնինք ընտանիքի այն անդամներուն որոնք հաւատարիմ Քրիստոնեաներ են։ Թերեւս անոնք արդէն վիշտ եւ արգելքներ ունին, տան մէջ ապրելով վտարուած անհատի մը հետ որ կրնայ իրապէս վհատեցնել իրենց հոգեւոր ջանքերը։ Թերեւս ան չուզէր որ ուրիշ Քրիստոնեաներ այցելութեան գան տունը. կամ եթէ անոնք գան ընտանիքին հաւատարիմ անհատները տեսնելու, թերեւս անոնցմէ հեռու մնալու փափկանկատութիւնը չունենար։ Կրնայ ըլլալ որ Քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ու համաժողովներուն երթալու ընտանիքին ջանքերը կը խափանէ։ (Բաղդատել Մատթէոս 23։13)։ Այս աննպաստ վիճակին մէջ գտնուող Քրիստոնեաները իրապէս մեր գութին կարիքը ունին։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4
19 Ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն հանդէպ գթառատ գտնուած կ’ըլլանք, զանոնք ‘մխիթարելով’ եւ անոնց հետ քաջալերական խօսակցութիւններ ունենալով։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Դարձեալ անոնց թիկունք կանգնելու լաւ առիթներ ունինք ժողովներէն առաջ եւ վերջ, դաշտի ծառայութեան մէջ, կամ ուրիշ առիթներով երբ միասին ենք։ (Առակաց 25։11. Կողոսացիս 1։2–4) Մինչ երէցները պիտի շարունակեն ընտանիքին Քրիստոնեայ անդամները հովուել, բայց մենք ալ կրնանք զիրենք այցելել, առանց շփում ունենալու վտարուած անհատին հետ։ Երբ վտարուած անհատը դուռը բանայ կամ հեռաձայնին պատասխանէ, կրնանք պարզապէս խնդրել մեր փնտռած անհատը։ Երբեմն, ընտանիքի Քրիստոնեայ անդամները ընկերակցութեան համար մեր տունը գալու հրաւէրը կ’ընդունին։ Անոնք՝ երիտասարդ թէ տարեց՝ մեր ծառայակիցները, Աստուծոյ ժողովքին սիրելի անդամներն են, պէտք չէ մեկուսացուին։—Սաղմոս 10։14
20, 21. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը եւ վարմունքը վերընդունուած անհատի մը հանդէպ։
20 Ողորմութիւն ցոյց տալու ուրիշ պատեհութիւն մը կը բացուի, երբ վտարուած անհատ մը վերընդունուի։ Յիսուսի առակները կը շեշտէին երկնքի մէջի ուրախութիւնը, ‘ապաշխարող մեղաւորի մը’ համար։ (Ղուկաս 15։7, 10) Պօղոս վտարուած մարդուն առնչութեամբ Կորնթացիներուն գրեց. «Ընդհակառակն աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք»։ (Բ. Կորնթացիս 2։7, 8) Թող որ այդ խրատը խոհեմութեամբ եւ սիրով կիրարկենք, անհատի մը վերընդունուելուն յաջորդող օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին։
21 Յիսուսի անառակ որդիին առակը կրնայ վտանգ մը յարուցանել, որմէ պէտք է խուսափինք։ Մեծ եղբայրը չուրախացաւ անառակին վերադարձով, այլ՝ ընդվզեցաւ։ Մենք ալ անոր չնմանինք, անցեալին կատարուած սխալին համար ատելութիւն սնուցանելով, կամ վերընդունուած ըլլալուն չհանդուրժելով։ Ընդհակառակը, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ առակին հօրը նմանիլ, որ Եհովայի ընդառաջումը կը ցոլացնէր։ Հայրը ուրախ էր որ իր որդին՝ որ կորսուած եւ մեռածի պէս էր, ողջնցաւ։ (Ղուկաս 15։25–32) Ուստի, վերընդունուած մեր եղբօր հետ ազատօրէն պիտի խօսինք եւ ուրիշ կերպերով զինք պէտք է քաջալերենք։ Այո, պէտք է ցոյց տանք որ ողորմութիւն ցոյց կու տանք, ինչպէս մեր ներող եւ գթած երկնաւոր Հայրը կ’ընէ։—Մատթէոս 5։7
22. Եհովա Աստուած ընդօրինակելը ի՞նչ կը բովանդակէ իր մէջ։
22 Կասկած չկայ որ եթէ կ’ուզենք մեր Աստուածը ընդօրինակել, իր պատուէրներուն եւ իր արդարութեան հետ ներդաշնակ եղող ողորմութիւն պէտք է ցոյց տանք։ Սաղմոսերգուն իր մասին կ’ըսէ. «Ողորմած ու գթած է Տէրը, երկայնամիտ ու բազումողորմ է։ Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնը իր բոլոր գործերուն վրայ են»։ (Սաղմոս 145։8, 9) Ի՜նչ սիրալիր օրինակ մը Քրիստոնեաներուն համար։
[Ստորանիշ էջ 21]
a «Մաքսահաւաքները մասնաւորաբար նախատուած էին Պաղեստինի Հրեայ ժողովուրդին կողմէ, քանի մը պատճառներով. (1) Անոնք Իսրայէլը գրաւած օտար ոյժի մը համար դրամ կը հաւաքէին, ուստի անուղղակիօրէն թիկունք կը կանգնէին այս նախատինքին. (2) Անոնք անխիղճ ըլլալու համբաւը կը վայելէին, իրենց ազգակիցներուն կռնակէն հարստանալով. եւ (3) Գործի բերմամբ կանոնաւորաբար յարաբերութեան մէջ էին հեթանոսներուն հետ, ուստի ծիսականօրէն անմաքուր էին։ Մաքսահաւաքներու հանդէպ այս արհամարհանքը կը գտնուի թէ Ն[որ] Կ[տակարանի] մէջ եւ թէ րաբբունական գրութիւններուն մէջ ...։ Ըստ այս վերջինին, մաքսահաւաքին նոյնիսկ ընտանիքը պէտք էր ատուէր»։—Աստուածաշունչի Միջազգային Բարձրադաս Համայնագիտարան։
[Ստորանիշ էջ 22]
b Եթէ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ վտարուած ազգական մը կայ, ան տակաւին տան բնական, առօրեայ գործառնութեանց մաս կը կազմէ։ Ասիկա կրնայ պարփակել նաեւ ներկայ ըլլալ երբ ընտանիքը հոգեւոր նիւթեր նկատի կ’առնէ։—Տես Դիտարան Նոյեմբեր 15, 1988, էջ 19–20։
[Ստորանիշ էջ 23]
c Տես Եհովայի Վկաներու 1991–ի Տարեգիրքը, էջ 53–4։
[Ստորանիշ էջ 23]
d Ոեւէ Վկայ որ տունէ տուն ծառայութեան մէջ կամ այլ կերպով տեղեակ ըլլայ որ վտարուած անհատ մը թաղամասին մէջ կը բնակի, պէտք է տեղեակ պահէ երէցները։
Նկատի Առի՞ք Այս Կէտերը
◻ Հրեաները ինչպէ՞ս կը վարուէին մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ, բայց ինչո՞ւ Յիսուս այդպիսիներէն ոմանց հետ շփում ունեցաւ։
◻ Սուրբ գրային ի՞նչ հիմ կայ թէ շատ մը կորսուածներուն հանդէպ գթառատ նախաքայլ պէտք է առնուի։
◻ Երէցներու մարմինը ինչպէ՞ս կրնայ այս նախաքայլը առնել եւ որո՞նց նկատմամբ։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք ողորմած գտնուիլ վերընդունուածներուն եւ վտարուածներու ընտանիքներուն հանդէպ։
[Շրջանակ՝ էջ 23]
Ոեւէ մէկը որ ժամանակ մը Աստուծոյ մաքուր եւ ուրախ ժողովքին մէկ անդամն էր բայց հիմա վտարուած, կամ քաշուած է, կարիքը չունի այդպէս մնալու։ Այլ, կրնայ զղջալ եւ նախաքայլը առնել ժողովքին երէցներուն հետ յարաբերութեան մէջ գալու։ Վերադարձի ճամբան բաց է։
[Նկար՝ էջ Վերապահուած Իրաւասութիւն էջ 24]
Կարօ Նալպանտեան