-
Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’Դիտարան 2007 | Յունուար 1
-
-
8 Ապա Յիսուս կիրարկումը ցոյց տուաւ, ըսելով. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։—Ղուկաս 18։1-8
-
-
Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’Դիտարան 2007 | Յունուար 1
-
-
9. Այրիին եւ դատաւորին առակին բնաբանը ի՞նչ է։
9 Այս վառ առակին բուն կէտը յստակ է, ինչպէս կը նշուի այրիին, դատաւորին եւ Յիսուսի կողմէ։ Այրին աղերսեց. «Իրաւունք ըրէ ինծի»։ Դատաւորը ըսաւ. «Իրեն իրաւունք ընեմ»։ Յիսուս հարցուց. «Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞»։ Իսկ Եհովայի մասին, Յիսուս աւելցուց. «Շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ»։ (Ղուկաս 18։3, 5, 7, 8) Մասնաւորաբար ե՞րբ Աստուած «իրաւունք պիտի ընէ»։
10. (ա) Առաջին դարուն՝ «վրէժխնդրութեան օրեր»ը ե՞րբ հասան։ (բ) Ներկայիս, Աստուած իր ծառաներուն ե՞րբ եւ ի՞նչպէս իրաւունք պիտի ընէ։
10 Առաջին դարուն, «վրէժխնդրութեան օրեր»ը հասան Հ.Դ. 70–ին, երբ Երուսաղէմ ու իր տաճարը կործանեցան։ (Ղուկաս 21։22) Ներկայիս, Աստուած իր ժողովուրդին իրաւունք պիտի ընէ՝ «Տէրոջը մեծ օր»ուան մէջ։ (Սոփոնեայ 1։14. Մատթէոս 24։21) Այդ ատեն, Եհովա իր ժողովուրդին «նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն» պիտի հատուցանէ, մինչ Յիսուս Քրիստոս ‘վրէժ կ’առնէ անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8. Հռովմայեցիս 12։19
-
-
Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’Դիտարան 2007 | Յունուար 1
-
-
12, 13. (ա) Այրիին եւ դատաւորին առակը ի՞նչպէս դաս մը կը սորվեցնէ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեր աղօթքները պիտի լսէ եւ իրաւունք պիտի ընէ։
12 Այրիին եւ դատաւորին առակը տակաւին ուրիշ կարեւոր ճշմարտութիւններ ցցուն կ’ընէ։ Առակը կիրարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞»։ Հարկաւ այս բաղդատութիւնը ընելով, Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ Աստուած հաւատացեալներուն հետ նոյն կերպով պիտի վարուէր։ Փոխարէն, Յիսուս հակադրութիւն մը ընդգծելով՝ իր հետեւորդներուն դաս մը սորվեցուց Եհովայի մասին։ Նկատի առնենք թէ դատաւորը ի՛նչպէս Աստուծոյ հակապատկերն էր։
13 Յիսուսի առակին մէջի դատաւորը «անիրաւ» էր, մինչդեռ «Աստուած արդար դատաւոր է»։ (Սաղմոս 7։11. 33։5) Դատաւորը այրիով անձամբ հետաքրքրուած չէր, բայց Եհովա իւրաքանչիւր անհատով հետաքրքրուած է։ (Բ. Մնացորդաց 6։29, 30) Դատաւորը չկամեցաւ այրիին օգնել, բայց Եհովա իսկոյն կ’օգնէ իրեն ծառայողներուն։ (Եսայեայ 30։18, 19) Դասը ի՞նչ է։ Եթէ անիրաւ դատաւորը այրիին խնդրանքին ականջ տուաւ եւ անոր իրաւունքը պաշտպանեց, ո՜րքան աւելի Եհովա իր ժողովուրդին աղօթքները պիտի լսէ եւ վստահաբար անոնց իրաւունք պիտի ընէ։—Առակաց 15։29
14. Ինչո՞ւ Աստուծոյ դատաստանի օրուան գալուն հանդէպ հաւատք պէտք չէ կորսնցնենք։
14 Ուստի լուրջ սխալ մը կը գործեն անոնք որ այլեւս չեն հաւատար թէ Աստուծոյ դատաստանի օրը գալու վրայ է։ Ինչո՞ւ։ Զանց ընելով իրենց հաստատ համոզումը թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է», անոնք հարցականի տակ կը դնեն Եհովայի վստահիլը որ հաւատարմօրէն իր խոստումները կատարէ։ Բայց ո՛չ ոք կրնայ իրաւացիօրէն Աստուծոյ հաւատարմութիւնը հարցականի տակ դնել։ (Յոբայ 9։12) Վաւերական հարցում մըն է. մենք անձնապէս հաւատարիմ պիտի մնա՞նք։ Յիսուս այս կէտը շօշափեց այրիին ու դատաւորին առակին վերջաւորութեան։
-