Մարդկութիւնը կարիքը ունի Աստուծոյ գիտութեան
«Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»—ԱՌԱԿԱՑ 2։5
1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մարդկային սիրտը աստուածային ճարտարութեան գլուխ գործոցներէն մէկն է։
ՃԻՇԴ ՀԻՄԱ, մօտաւորապէս 5,600,000,000 մարդկային սրտեր կը բաբախեն երկրի վրայ։ Ամէն օր, մեր սիրտը կը բաբախէ 100,000 անգամ եւ 7,600 լիդր արիւն կը ղրկէ մեր մարմնին 100,000 քմ. սրտերակային դրութեան մէջ։ Ուրիշ ո՛չ մէկ մկան այնքան ծանր կ’աշխատի, որքան աստուածային ստեղծագործութեան այս գլուխ գործոցը։
2. Այլաբանական սիրտը ինչպէ՞ս կը նկարագրէք։
2 Երկրի վրայ կան նաեւ 5,600,000,000 այլաբանական սրտեր, որոնք կը գործեն։ Այլաբանական սրտին մէջ մեր զգացումները, մեր ցանկութիւնները եւ մեր մղումները կը բնակին։ Անիկա մեր խորհուրդին, մեր հասկացողութեան ու մեր կամքին աթոռն է։ Այլաբանական սիրտը կրնայ հպարտ կամ հեզ, մելամաղձոտ կամ զուարթ, մթագնած կամ լուսաւորուած ըլլալ։—Նէեմեայ 2։2. Առակաց 16։5. Մատթէոս 11։29. Գործք 14։17. Բ. Կորնթացիս 4։6. Եփեսացիս 1։16–18
3, 4. Բարի լուրը ի՞նչպէս կը հասնի մարդոց սրտերուն։
3 Եհովա Աստուած կրնայ կարդալ մարդկային սիրտը։ Առակաց 17։3–ը կ’ըսէ. «Արծաթի համար, հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, բայց սրտերը փորձողը Տէրն է»։ Սակայն, փոխանակ իւրաքանչիւր սիրտ կարդալու եւ զայն դատելու, Եհովա իր Վկաները կը գործածէ, որպէսզի բարի լուրով մարդոց սրտերուն հասնին։ Ասիկա կը համաձայնի Պօղոս առաքեալի խօսքերուն հետ. «Ով որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի։ Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. ‘Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։—Հռովմայեցիս 10։13–15
4 Եհովա հաճած է իր Վկաները երկրին ծայրերը ուղղարկել, «բարի բաներու աւետիս»ը տալու եւ ընդունակ սրտեր ունեցողները գտնելու համար։ Ներկայիս 5,000,000–է աւելի ենք. 1,200 մարդոց համար՝ 1 Վկայ։ Դիւրին չէ երկրի միլիառաւոր մարդոց հասնիլ բարի լուրով։ Բայց Եհովա ինք կ’ուղղէ այս գործը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եւ պարկեշտ սիրտ ունեցողները իրեն կը քաշէ։ (Յովհաննու 6։44) Այս կերպով, Եսայեայ 60։22–ի մարգարէութեան ճշգրիտ ըլլալը կը փաստուի. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [արագացնեմ] ասիկա»։
5. Գիտութիւնը ի՞նչ է եւ աշխարհի իմաստութեան մասին ինչ կրնայ ըսուիլ։
5 Այդ ժամանակը հի՛մա է եւ բան մը կայ որ որոշ է՝ երկրի միլիառաւոր մարդիկը գիտութեան կարիքը ունին։ Հիմնականօրէն, գիտութիւն կը նշանակէ փորձառութեամբ, դիտելով կամ ուսումնասիրելով բանի մը ընտելանալ։ Աշխարհը շատ գիտութիւն վաստկած է։ Երթեւեկի, առողջապահութեան եւ հաղորդակցութեան մէջ յառաջդիմութիւններ եղած են։ Բայց մարդոց կարիքը աշխարհայի՞ն գիտութիւն է։ Ո՜չ։ պատերազմը, հարստահարութիւնը, հիւանդութիւնը եւ մահը կը շարունակեն հարուածել մարդկութիւնը։ Յաճախ փաստուած է որ աշխարհի իմաստութիւնը անապատային փոթորիկի մը մէջ դիւրատար աւազի նման անստոյգ է։
6. Արիւնի հարցով, ի՞նչ տարբերութիւն կայ Աստուծոյ գիտութեան եւ աշխարհային իմաստութեան միջեւ։
6 Օրինակ մը տանք. Երկու դար առաջ, որպէս դարմանումի կերպ սովորութիւն էր երակահատութիւն կատարել։ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը՝ Ճորճ Ուաշինկթըն, իր կեանքին վերջին ժամերուն, կրկնակիօրէն երակահատութեան ենթարկուեցաւ։ Պահ մը եկաւ որ ան ըսաւ. «Ձգեցէք որ հանդարտօրէն մեռնիմ. Չեմ կրնար աւելի դիմանալ»։ Ան իրաւունք ունէր, քանի որ նոյն օրն իսկ՝ 14 Դեկտեմբեր 1799–ին՝ մահացաւ։ Ներկայիս, փոխանակ արիւնը հոսեցնելու, շեշտ դրուած է մարդուն մարմնին մէջ արիւն ներարկելու վրայ։ Երկու կերպերն ալ մահացու վտանգներով բեռնաւորուած են։ Սակայն, այս բոլոր ժամանակներուն, Աստուծոյ Խօսքը ըսած էր. ‘Ետ կեցէք արիւնէ’։ (Գործք 15։29) Աստուծոյ Խօսքը միշտ շիտակ, վստահելի եւ այժմէական է։
7. Մանուկներու կրթութեան առնչութեամբ, սուրբ գրային ճշգրիտ գիտութեան եւ աշխարհային իմաստութեան միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։
7 Աշխարհային իմաստութեան անվստահելի ըլլալուն մասին ուրիշ օրինակ մը նկատի առնենք։ Հոգեբաններ, տարիներ շարունակ քաջալերեցին երախաներու կրթութեան մէջ թոյլատու ըլլալ։ Բայց ասիկա քաջալերողներէն մէկը հետագային ընդունեց որ այս կերպը սխալ էր։ Գերմանիոյ Լեզուագիտական Ընկերակցութիւնը առիթով մը ըսաւ որ թոյլատու ըլլալը «առնուազն անուղղակիօրէն պատասխանատու է ներկայիս երիտասարդներուն հետ մեր ունեցած խնդիրներուն»։ Աշխարհային իմաստութիւնը յեղյեղուկ է, որպէս թէ հովէն քշուած, բայց սուրբ գրային գիտութիւնը անփոփոխ կը մնայ։ Աստուածաշունչը զաւակ կրթելու մասին հաւասարակշռուած խրատ կու տայ. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ», կ’ըսէ Առակաց 29։17–ն։ Այսպիսի կրթութիւն սիրով պէտք է տրուի, քանի որ Պօղոս գրեց. «Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք՝ հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 6։4
«Աստուծոյ Գիտութիւնը»
8, 9. Բացատրեցէք թէ մարդկութեան ունեցած գիտութեան կարիքին մասին Առակաց 2։1–6–ը ի՛նչ կ’ըսէ։
8 Թէեւ Պօղոս զարգացած մարդ մըն էր, բայց ան ըսաւ. «Եթէ ձեզմէ մէկը զինք իմաստուն սեպէ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէսզի իմաստուն ըլլայ։ Վասնզի այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։ (Ա. Կորնթացիս 3։18, 19) Միայն Աստուած կրնայ տալ այն գիտութիւնը, որու մարդկութիւնը ի՛րապէս կարիքը ունի։ Այսպիսի գիտութեան մասին, Առակաց 2։1–6–ը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասնզի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։
9 Բարի սիրտ ունեցողները ուշադրութիւն կ’ընծայեն իմաստութեան, աստուածատուր գիտութիւնը պատշաճօրէն գործադրելով։ Անոնք իրենց սրտերը հանճարին կու տան, ուշադրութեամբ կշռելով իրենց սորված իրողութիւնները։ Արդարեւ, անոնք կը կանչեն իմաստութիւնը՝ այսինքն, նիւթի մը տարբեր երեսակներուն իրարու հետ ունեցած առնչութիւնը տեսնելու կարողութիւնը։ Արդարամիտ անհատներ այնպէս կ’աշխատին, որպէս թէ արծաթ կամ պահուած գանձեր փնտռելու համար կը փորեն։ Բայց այդ ընդունակ սրտերը ի՞նչ արժէքաւոր գանձ մը գտած են։ Անիկա «Աստուծոյ գիտութիւն»ն է։ Ուրիշ խօսքով, Աստուծոյ Խօսքին, Աստուածաշունչին, մէջ գտնուած գիտութիւնն է։
10. Հոգեւոր լաւ առողջութիւն ունենալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
10 Աստուծոյ գիտութիւնը վստահելի, կայուն եւ կենսատու է։ Պօղոս հետեւեալ յորդորը տուաւ Տիմոթէոսի. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը, որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Խօսուած լեզու մը խօսքերու օրինակ մը ունի։ Նմանապէս, Աստտուածաշունչի ճշմարտութեան «մաքուր լեզուն», «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» ունի, որ գլխաւորաբար հիմնուած է Թագաւորութեան միջոցաւ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման Աստուածաշունչի բնաբանին վրայ։ (Սոփոնեայ 3։9) Այս ողջամիտ խօսքերուն օրինակը մեր մտքին ու սրտին մէջ պէտք է պահենք։ Եթէ կ’ուզենք խուսափիլ այլաբանական սրտի հիւանդութիւններէ եւ հոգեւորապէս առողջ մնալ, Աստուածաշունչը պէտք է գործադրենք մեր կեանքին մէջ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ Աստուծոյ հայթայթած հոգեւոր սնունդէն լիովին օգտուինք։ (Մատթէոս 24։45–47. Տիտոս 2։2) Միշտ յիշենք որ հոգեւոր լաւ առողջութիւն ունենալու համար, Աստուծոյ գիտութեան կարիքը ունինք։
11. Ո՞ր կարգ մը պատճառներով մարդիկ Աստուծոյ գիտութեան կարիքը ունին։
11 Նկատէ առէք թէ երկրի վրայ միլիառաւոր մարդիկ ի՛նչու այս մասնայատուկ գիտութեան կարիքը ունին։ Արդեօք բոլորն ալ գիտե՞ն թէ երկիրն ու մարդկութիւնը ինչպէս գոյացան։ Ո՛չ, չեն գիտեր։ Ամբողջ մարդկութիւնը գիտէ՞ ճշմարիտ Աստուածն ու իր Որդին։ Արդեօք անոնք գաղափար ունի՞ն աստուածային գերիշխանութեան եւ մարդոց ուղղամտութեան առնչութեամբ Սատանայի յարուցած հարցին մասին։ Դարձեալ՝ ո՛չ։ Ընդհանրապէս, մարդիկ գիտե՞ն թէ ինչու կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Անգամ մը եւս ստիպուած ենք ո՛չ ըսել։ Երկրի բոլոր բնակիչները տեղեա՞կ են որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ եւ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Անոնք գիտե՞ն որ հոգեղէն չար ուժեր կան։ Անոնք ընտանեկան երջանիկ կեանք ձեռք ձգելու կերպին մասին վստահելի գիտութիւն ունի՞ն։ Մարդկային զանգուածը գիտէ՞ որ մեր Ստեղծիչին նպատակն է հնազանդ մարդկութեան ուրախ կեանք մը տալ Դրախտին մէջ։ Այս հարցումներուն պատասխանն ալ ոչ է։ Որոշ է ուրեմն, որ մարդկութիւնը Աստուծոյ գիտութեան կարիքը ունի։
12. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։
12 Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը Յիսուսի մատուցած աղօթքն ալ ցոյց կու տայ որ մարդկութիւնը Աստուծոյ գիտութեան կարիքը ունի։ Վստահաբար իր առաքեալները խորապէս ազդուեցան, երբ լսեցին ինչ որ ան ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միմիայն ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Այս գիտութիւնը գործադրելը Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելու միակ կերպն է։ «Աստուած հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ (Յովհաննու 4։24) Աստուած «հոգիով» պաշտած կ’ըլլանք, երբ հաւատքով ու սիրով լեցուն սրտով մը ասիկա ընելու կը մղուինք։ Իսկ «ճշմարտութիւնով» ի՞նչպէս կը պաշտենք զինք։ Իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ իր յայտնած ճշմարտութեան՝ ‘Աստուծոյ գիտութեան’ համաձայն զինք պաշտելով։
13. Ի՞նչ դէպք արձանագրուած է Գործք Առաքելոց 16։25–34–ի մէջ եւ անկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։
13 Ամէն տարի հազարաւորներ կը սկսին Եհովան պաշտել։ Արդ, հետաքրքրուած անհատներու հետ երկա՞ր ժամանակ պէտք է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարենք, թէ ոչ կարելի է պարկեշտ սիրտ ունեցողները աւելի առագօրէն մկրտութեան հասցնել։ Լաւ, նկատի առէք թէ ինչ պատահեցաւ բանտապահի մը եւ իր ընտանիքին, որոնց մասին յիշուած է Գործք Առաքելոց 16։25–34–ի մէջ։ Պօղոս եւ Շիղա բանտարկուած էին Փիլիպպէի մէջ, բայց կէս գիշերին մեծ երկրաշարժ մը բանտին դռները բացաւ։ Խորհելով որ բոլոր բանտարկեալները փախած են եւ թէ ինք խիստ պատիժի պիտի ենթարկուէր, բանտապետը անձնասպան ըլլալու վրայ էր, երբ Պօղոս անոր ըսաւ որ բոլորն ալ հոն էին։ Պօղոս եւ Շիղա «Տէրոջը խօսքը խօսեցան անոր ու այն ամենուն որոնք անոր տանը մէջ էին»։ Այդ բանտապետն ու անոր ընտանիքը հեթանոսներ էին, որոնք սուրբ գրային գիտութիւն չունէին։ Սակայն, այդ մէկ գիշերուան մէջ, անոնք հաւատացեալներ եղան «եւ մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները»։ Ասիկա անսովոր պարագայ մըն էր, բայց այս նորեկներուն հիմնական ճշմարտութիւններ ուսուցանուեցան եւ մնացեալ բաները անոնք ժողովներէն սորվեցան։ Այսօր ալ կարելի է այսպիսի բան մը ընել։
Հունձքը Շատ Է
14. Ինչո՞ւ կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ Աստուծաշունչի աւելի շատ ուսումնասիրութիւններ վարելու պահանջք կայ։
14 Նախընտրելի է որ Եհովայի Վկաները աւելի մեծ թիւով Աստուածաշունչի ազդու ուսումնասիրութիւններ վարեն, աւելի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Ասոր իրական կարիքը կայ։ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ, մարդիկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալու համար շարքի կը սպասեն։ Ուրիշ տեղեր ալ պարագան նոյնն է։ Տոմինիկեան Հանրապետութեան քաղաքներէն մէկուն մէջ, հինգ Վկաներ ա՛յնքան խնդրանքներ ունեցան որ չէին կրնար բոլոր ուսումնասիրութիւնները վարել։ Ի՞նչ ըրին։ Անոնք հետաքրքրուած անհատները քաջալերեցին որ Թագաւորութեան Սրահի ժողովներուն յաճախեն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար սպասման ցանկին մէջ դրուին։ Նոյն վիճակը կը տիրէ աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ։
15, 16. Աստուծոյ գիտութիւնը աւելի արագ կերպով ցրուելու համար ի՞նչ հայթայթուած է եւ ի՞նչ կրնանք ըսել այդ մասին։
15 Աստուծոյ ծառաներուն առջեւ հսկայ թաղամասեր, հունձքի ընդարձակ դաշտեր կը բացուին։ Թէեւ «հունձքին Տէրը»՝ Եհովան՝ աւելի մշակներ կը ղրկէ, բայց տակաւին շատ ընելիք կայ։ (Մատթէոս 9։37, 38) Ուրեմն, Աստուծոյ գիտութիւնը աւելի արագօրէն տարածելու համար, ‘հաւատարիմ ծառան’ բան մը հայթայթած է որ համառօտ եւ մասնայատուկ տեղեկութիւն կու տայ, որպէսզի Աստուածաշունչի աշակերտը ամէն դասին կարենայ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ասիկա նոր գիրք մըն է, որու հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ պիտի վարենք արագ կերպով, թերեւս քանի մը ամսուան մէջ։ Անիկա դիւրութեամբ կարելի է դնել մեր պայուսակին մէջ, կամ նոյնիսկ՝ մեր գրպանը։ Եհովայի Վկաներու՝ «Ուրախ Փառաբանողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին ներկայ եղող հարիւր հազարաւոր անհատները ուրախութիւնը ունեցան այս 192 էջնոց գիրքը ստանալու, որու խորագիրն է. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։
16 Գիտութիւն գրքին պատրաստութեան համար, տարբեր երկիրներէ անհատներ իրենց մասնակցութիւնը բերին, մինչեւ որ անիկա իր վերջնական վիճակին մէջ բերուեցաւ։ Հետեւաբար անիկա միջազգային հրապոյր մը ունի։ Սակայն, երկար պիտի սպասե՞նք որ այս գիրքը հրատարակուի աշխարհի բոլոր լեզուներով։ Ո՛չ, քանի որ այս 192 էջնոց գիրքը կարելի է թարգմանել աւելի արագօրէն քան աւելի մեծ գրքերը։ 1995–ի Հոկտեմբերէն իսկ, Կառավարիչ Մարմնին Գրական Յանձնախումբը արդէն իր հաւանութիւնը տուած է, որպէսզի այս գիրքը թարգմանուի աւելի քան 130 լեզուներով
17. Ո՞ր ազդակները պիտի դիւրացնեն Գիտութիւն գրքին գործածութիւնը։
17 Գիտութիւն գրքին իւրաքանչիւր գլուխին մէջ տրուած մասնաւորուած կէտերը կարելի պիտի դարձնեն որ աշակերտները բաւական արագ կերպով հոգեւոր յառաջդիմութիւն կատարեն։ Գիրքը սուրբ գրային ճշմարտութիւնները շինիչ կերպով կը ներկայացնէ։ Անիկա սուտ վարդապետութիւններուն վրայ շատ չի ծանրանար։ Լեզուական յստակութիւնն ու տրամաբանական զարգացումը կարելի պիտի դարձնեն որ այս գիրքը դիւրութեամբ գործածենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, մարդոց օգնելով որ Աստուծոյ գիտութիւնը ըմբռնեն։ Մէջբերուած համարներէն զատ, նշուած համարներ ալ կան, զորս աշակերտը կրնայ բանալ իր պատրաստութեան ժամանակ։ Եթէ ժամանակը ներէ, կարելի է զանոնք կարդալ ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Սակայն, իմաստութիւն չէ դուրսէն նիւթեր բերել, որոնք կրնան գլխաւոր կէտերը մթագնել։ Ուսումնասիրութիւնը վարողը պէտք է ջանք թափէ, որպէսզի իւրաքանչիւր գլուխին մէջ գրքին տուած տեղեկութիւնները ըմբռնէ ու հաղորդէ աշակերտին։ Ասիկա կը նշանակէ որ սորվեցնողը նախ ինք լաւ կերպով պէտք է ուսումնասիրէ գիրքը, որպէսզի իր մտքին մէջ գլխաւոր գաղափարները շատ յստակ ըլլան։
18. Ի՞նչ թելադրութիւններ տրուած են Գիտութիւն գրքին մասին։
18 Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ արագացնել աշակերտելու գործը։ Նախ, այս 192 էջնոց գիրքը յարաբերաբար կարճ ժամանակուան մէջ կարելի է ուսումնասիրել եւ «յաւիտենական կեանքի համար սահմանուած» անհատները պիտի կարենան բաւարար գիտութիւն ստանալ, որպէսզի Եհովայի նուիրուին ու մկրտուին։ (Գործք 13։48) Ուստի, Գիտութիւն գիրքը լաւ կերպով գործածենք ծառայութեան մէջ։ Եթէ աշակերտ մը արդէն բաւական յառաջացած է ուրիշ գրքի մը ուսումնասիրութեան մէջ, նախընտրելի է զայն ամբողջացնել։ Ապա թէ ոչ, կը թելադրուի որ ուսումնասիրութիւնը կատարուի Գիտութիւն գրքով։ Այս նոր գիրքը ամբողջացնելէ ետք, հարկ չկայ աշակերտին հետ երկրորդ գիրք մը նկատի առնել։ Ճշմարտութիւնը որդեգրողները իրենց գիտութիւնը կրնան ամբողջացնել Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախելով, ինչպէս նաեւ անձամբ Աստուածաշունչը եւ Քրիստոնէական տարբեր գրականութիւնները կարդալով։
19. Գիտութիւն գրքին հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսելէ առաջ, ինչո՞ւ օգտակար է աչքէ անցնել Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 175–218–րդ էջերը։
19 Գիտութիւն գիրքը այնպէս մը գրուած է որ անհատը կարենայ պատասխանել այն բոլոր հարցումներուն, որ երէցները վերաքաղ կ’ընեն որպէս Եհովայի Վկայ մկրտուիլ փափաքող չմկրտուած հրատարակիչներուն հետ։ Ուստի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն հետ այս նոր գրքին անցնելէ առաջ, կը յանձնարարուի որ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 175–218–րդ էջերու հարցումները աչքէ անցնէք։a Ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ այդ հարցումներուն պատասխանները շեշտէք, երբ կ’ուսումնասիրէք Գիտութիւն գիրքը։
20. Ի՞նչ կը ծրագրէք ընել Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով։
20 Ամենուրէք, մարդիկ պէտք է լսեն բարի լուրը։ Այո, մարդկութիւնը կարիքը ունի Աստուծոյ գիտութեան եւ Եհովա իր Վկաները կը գործածէ ասիկա գիտցնելու համար։ Հիմա նոր գիրք մը ունինք, որ մեզի հայթայթուած է մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը կողմէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցով։ Զայն պիտի գործածէ՞ք ճշմարտութիւնը սորվեցնելու եւ Եհովայի սուրբ անուան պատիւ բերելու համար։ Եհովա վստա՛հաբար պիտի օրհնէ ձեզ, մինչ ամէն ջանք կը թափէք որ շատերուն մատչելի ընէք այն գիտութիւնը, որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդ
[Ստորանիշ]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք
◻ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այլաբանական սիրտը։
◻ Ի՞նչ է Աստուծոյ գիտութիւնը։
◻ Ինչո՞ւ մարդկութիւնը կարիքը ունի Աստուծոյ գիտութեան։
◻ Ի՞նչ նոր գիրք հայթայթուած է եւ ինչպէ՞ս կը ծրագրէք գործածել զայն։
[Նկար՝ էջ 18]
Երկրի վրայ ապրող միլիառաւոր մարդիկ բազմաթիւ պատճառներով կարիքը ունին Աստուծոյ գիտութեան