Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Յունուար էջ 1-12
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 7-13
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 14-20
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 21-27
  • ՅՈՒՆՈՒԱՐ 28–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 3
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Յունուար էջ 1-12

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 7-13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 21-22

«Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»

(Գործք 21։8-12) Հետեւեալ օրը անկէ ելանք ու Կեսարիա գացինք եւ Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը մտնելով, որ եօթնէն մէկն էր, անոր քով կեցանք։ 9 Անիկա չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ’ընէին։ 10 Հոն բաւական կեցանք։ Այդ ատենները Հրէաստանէն մարգարէ մը հասաւ՝ Ագաբոս անունով։ 11 Երբ մեզի եկաւ, Պօղոսին գօտին առնելով իր ձեռքերն ու ոտքերը կապեց եւ ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին. ‘Այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, այսպէս պիտի կապեն Հրեաները Երուսաղէմի մէջ ու հեթանոսներուն պիտի մատնեն’»։ 12 Երբ ասիկա լսեցինք, աղաչեցինք մենք ալ, տեղացիներն ալ, որ Երուսաղէմ չելլէ։

bt 177-178 ¶15-16

«Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»

15 Երբ Պօղոս Փիլիպպոսի տունն էր, Ագաբոս անունով ուրիշ հիւր մը եկաւ։ Բոլոր անոնք՝ որոնք Փիլիպպոսի տունն էին, գիտէին որ Ագաբոս մարգարէ է. ան մարգարէացած էր մեծ սովի մը մասին, որ տեղի ունեցաւ Կղօդիոսի օրերուն (Գործք 11։27, 28)։ Ներկաները թերեւս հարց տուին. ‘Ագաբոսը ինչո՞ւ եկած է։ Ի՞նչ լուր բերած է’։ Ագաբոսը առաւ Պօղոսի գօտին,– որ երկար կտոր էր եւ որուն մէջ դրամ եւ ուրիշ բաներ կը դրուէին,– եւ ինքն իր ձեռքերն ու ոտքերը կապեց եւ սկսաւ խօսիլ։ Ագաբոս լուրջ պատգամ մը փոխանցեց. «Այսպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին. ‘Այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, այսպէս պիտի կապեն Հրեաները Երուսաղէմի մէջ ու հեթանոսներուն պիտի մատնեն’» (Գործք 21։11)։

16 Մարգարէութիւնը հաստատեց, որ Պօղոս Երուսաղէմ պիտի երթա՛ր։ Ասկէ զատ, յստակ դարձաւ որ հրեաները Պօղոսը «հեթանոսներուն պիտի մատնեն». ինչ որ ցնցեց ներկաները։ Ղուկաս կը գրէ. «Երբ ասիկա լսեցինք, աղաչեցինք մենք ալ, տեղացիներն ալ, որ Երուսաղէմ չելլէ։ Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. ‘Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար’» (Գործք 21։12, 13)։

(Գործք 21։13) Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար»։

bt 178 ¶17

«Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»

17 Մէյ մը երեւակայէ. եղբայրները, մէջ ըլլալով Ղուկասը, Պօղոսին կ’աղաչեն որ Երուսաղէմ չերթայ։ Ոմանք կու լան։ Անոնց սիրալիր հոգատարութենէն ազդուած՝ Պօղոս քնքշօրէն կ’ըսէ, որ անոնք ‘իր սիրտը կը ճմլեն’,– կամ ինչպէս ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն՝ ‘իր սիրտը կտոր–կտոր կ’ընեն’։ Հակառակ ասոր, ան հաստատ վճռականութիւն ունի, ինչպէս որ ունէր երբ Տիւրոսի եղբայրներուն հետ տեսնուեցաւ։ Ան թոյլ պիտի չտայ որ աղաչանքներն ու արցունքները իր վճռականութիւնը տկարացնեն։ Փոխարէն, ան եղբայրներուն կը բացատրէ որ ինչո՛ւ պէտք է երթայ։ Յիսուսին պէս, Պօղոս քաջ էր եւ հաստատ որոշում առած էր (Եբ. 12։2)։ Անշուշտ իր նպատակը չէր նահատակուիլ, բայց նոյնիսկ եթէ այդ մէկը պատահէր, իրեն համար պատիւ էր որպէս Քրիստոս Յիսուսի հետեւորդ մեռնիլ։

(Գործք 21։14) Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. «Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»։

bt 178 ¶18

«Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»

18 Եղբայրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Անոնք յարգեցին Պօղոսին որոշումը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. ‘Տէրոջը կամքը թող ըլլայ’» (Գործք 21։14)։ Անոնք՝ որոնք կը փորձէին Պօղոսը համոզել որ Երուսաղէմ չերթայ, չպնդեցին եւ իրենց կարծիքը չպարտադրեցին։ Անոնք Պօղոսին մտիկ ըրին ու հասկցան եւ ընդունեցին թէ ատիկա Եհովային կամքն է, հակառակ անոր որ ասիկա ընելը իրենց համար դժուար էր։ Պօղոս առած էր քայլ մը, որ ի վերջոյ իր մահուան պիտի առաջնորդէր եւ իրեն համար այդ քայլը աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ իր սիրելիները չփորձէին իր միտքը փոխել։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 21։23, 24) Ուստի ըրէ ինչ որ քեզի կ’ըսենք։ Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են. 24 Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես։

bt 184-185 ¶10-12

«Ինծի մտի՛կ ըրէք որ հիմա ձեզի պատասխան տամ»

10 Բայց Պօղոս հասկցաւ զանոնք՝ որոնք հանգիստ կը զգային կարգ մը հրէական սովորութիւններ պահելով, ինչպէս՝ Շաբաթը պահելով կամ որոշ ուտելիքներ չուտելով (Հռով. 14։1-6)։ Եւ ան թլփատութեան նկատմամբ օրէնքներ չդրաւ։ Պօղոս նոյնիսկ Տիմոթէոսը թլփատել տուաւ որ հրեաները ծուռ աչքով չնայէին Տիմոթէոսին, որուն հայրը յոյն էր (Գործք 16։3)։ Թլփատուիլը անձնական որոշում էր։ Պօղոս գաղատացիներուն ըսաւ. «Ո՛չ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով կը գործադրուի» (Գաղ. 5։6)։ Բայց անոնք՝ որոնք կը թլփատուէին Օրէնքին հպատակելու նպատակով կամ թէ կը պնդէին թէ թլփատութիւնը պարտադիր է Եհովայի հաւանութիւնը շահելու համար, տկար հաւատք ունէին։

11 Ճիշդ է որ Պօղոսի մասին տարածուած լուրերը չափազանցուած տարակարծութիւններ էին, բայց եւ այնպէս ատոնք կը նեղացնէին հրեայ հաւատացեալները։ Անոր համար երէցները Պօղոսին այս ուղղութիւնը տուին. «Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են. Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես» (Գործք 21։23, 24)։

12 Պօղոս կրնար առարկել եւ ըսել որ բուն խնդիրը հրեայ հաւատակիցներուն նախանձախնդրութիւնն էր Մովսիսական օրէնքին նկատմամբ եւ ոչ թէ իր մասին տարածուած լուրերը։ Բայց ան կ’ուզէր ճկուն ըլլալ, այնքան ատեն որ իրմէ չէր պահանջուեր Աստուծոյ սկզբունքները խախտել։ Ժամանակին ան գրած էր. «Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի, որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ» (Ա. Կոր. 9։21)։ Ուրեմն, կը տեսնենք որ այս պարագային Պօղոս Երուսաղէմի երէցներուն հետ համագործակցեցաւ եւ «օրէնքի տակ եղողի պէս» եղաւ։ Այսպիսով, ան մեզի համար լաւ օրինակ ձգեց։ Այսօր մենք ալ պէտք է համագործակցինք երէցներուն հետ եւ մեր կարծիքը չպնդենք (Եբ. 13։17)։

(Գործք 22։16) Հիմա, ա՛լ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛ անոր անունը կանչելով։

nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 22։16

մեղքերդ լուա՛ անոր անունը կանչելով։ Կամ «մեղքերդ լուա եւ անոր անունը կանչէ»։ Անհատի մը մեղքերը կը լուացուին ոչ թէ մկրտութեան ջուրով, հապա՝ Յիսուսին անունը կանչելով։ Ասիկա կը պարփակէ Յիսուսին հաւատալ եւ քրիստոնէավայել գործերով հաւատք ցոյց տալ (Գործք 10։43. Յակ. 2։14, 18)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w10 2/1 13 ¶2-14 ¶2

Քրիստոնեաներէն պահանջուա՞ծ է Շաբաթը պահել

Քանի՛ որ Քրիստոս Օրէնքը կատարեց, ասիկա կը նշանակէ՞ որ քրիստոնեաները պարտադիր են շաբաթական Շաբաթը պահելու։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով, որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է» (Կողոսացիս 2։16, 17)։

Այս ներշնչեալ խօսքերէն յստակ կը դառնայ որ Աստուծոյ պահանջքները փոխուեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քրիստոնեաները նոր օրէնքի՝ այսինքն «Քրիստոսին օրէնք»ին տակ են (Գաղ. 6։2)։ Օրէնքի ուխտը, որ Մովսէսին միջոցաւ իսրայէլացիներուն տրուած էր, վերջ գտաւ Յիսուսին մահով (Հռովմայեցիս 10։4. Եփեսացիս 2։15)։ Իսկ Շաբաթը պահելու պատուիրա՞նն ալ վերջ գտաւ։ Այո՛։ Պօղոս ըսելէ ետք որ «օրէնքէն արձակուեցանք», խօսեցաւ Տասը պատուիրաններէն մէկուն մասին (Հռովմայեցիս 7։6, 7)։ Ուրեմն, տասը պատուիրանները, մէջը ըլլալով Շաբաթը պահելու օրէնքը, մաս կը կազմեն Օրէնքին, որ վերջ գտաւ։ Այսպիսով, յստակ կը դառնայ որ Աստուծոյ ծառաներէն չէ պահանջուած Շաբաթը պահել։

Պաշտամունքի մէջ այս փոփոխութիւնը կարելի է բացատրել հետեւեալ կերպով. ենթադրենք որ երկիր մը կը փոխէ իր սահմանադրութիւնը։ Մէյ մը որ նոր սահմանադրութիւնը օրինականօրէն հաստատուի, ժողովուրդէն այլեւս չի պահանջուիր հնազանդիլ նախկին սահմանադրութեան։ Կրնայ ըլլալ որ նոր սահմանադրութեան մէջ ըլլան կարգ մը օրէնքներ, որոնք նախկինին մէջ ալ կային. բայց շատ հաւանաբար նոր օրէնքներ ալ ըլլան։ Անոր համար, պէտք է անհատ մը մանրամասնօրէն սերտէ նոր սահմանադրութիւնը, որ տեսնէ թէ ինչ են նոր օրէնքները։ Ասկէ զատ, հաւատարիմ քաղաքացին պիտի ուզէ գիտնալ թէ նոր սահմանադրութիւնը ե՛րբ ի զօրու դարձաւ։

Նոյնպէս, Եհովա Աստուած իսրայէլացիներուն տուաւ աւելի քան 600 օրէնք, մէջը ըլլալով 10 պատուիրանները։ Այդ օրէնքներուն մէջ կային բարոյականութեան, անասնական զոհերուն, առողջութեան եւ Շաբաթը պահելուն հետ կապ ունեցող օրէնքներ։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ իր օծեալ հետեւորդները նոր «ազգ» պիտի կազմէին (Մատթէոս 21։43)։ Ք.Ե. 33–էն ի վեր, այս ազգը նոր «սահմանադրութեան» կը հետեւի, որ հիմնուած է երկու կարեւոր օրէնքներու վրայ. Աստուած սիրել եւ ընկեր արարածը սիրել (Մատթէոս 22։36-40)։ Հակառակ անոր որ «Քրիստոսին օրէնք»ին կարգ մը պահանջները կը նմանին այդ պահանջներուն, որոնք իսրայէլացիներուն տրուած Օրէնքին մէջ կը գտնուէին, բայց անոնցմէ ոմանք բոլորովին նոր են, իսկ ուրիշներ այլեւս ի զօրու չեն, ինչպէս Շաբաթը պահելու օրէնքը։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 14-20

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 23-24

«Կ’ամբաստանուի որպէս ապականիչ եւ խռովարար»

(Գործք 23։12) Առտուն, հրեաներէն ոմանք միաբանեցան ու ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն։

(Գործք 23։16) Բայց Պօղոսին քրոջ որդին, երբ այս դաւաճանութիւնը լսեց, գնաց բերդը մտաւ ու Պօղոսին պատմեց։

bt 191 ¶5-6

«Քաջասի՛րտ եղիր»

5 Պօղոսի տրուած քաջալերութիւնը ժամանակայարմար էր։ Յաջորդ օրը աւելի քան քառասուն հրեայ տղամարդ «միաբանեցան ու ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն»։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ այդ հրեաները որքա՛ն վճռած էին Պօղոս առաքեալը սպաննել։ Եթէ անոնք չյաջողէին իրենց մտքինը ընել, իրենց վրայ անէծք պիտի գար,– ըստ իրենց (Գործք 23։12-15)։ Եւ անոնց ծրագիրը քահանայապետներուն եւ ծերերուն հաւանութիւնը առած էր։ Ի՞նչ էր այդ ծրագիրը։ Անոնք կ’ուզէին Պօղոսը ետ բերել տալ Սենետրիոնի առջեւ նորէն հարցաքննուելու,– իբր թէ որոշ բաներ աւելի հասկնալու համար իրմէ,– բայց ճամբուն վրայ անոր վրայ յարձակիլ եւ սպաննել։

6 Բայց Պօղոսի քրոջ որդին լսեց այս դաւադրութեան մասին եւ Պօղոսին պատմեց։ Պօղոսն ալ իրեն ըսաւ որ երթայ եւ պատմէ հռոմայեցի հազարապետ՝ Կղօդիոս Լիւսիասին (Գործք 23։16-22)։ Անկասկած, Եհովան կը սիրէ այն երիտասարդները, որոնք այս անանուն երիտասարդին նման Աստուծոյ ժողովուրդին բարօրութիւնը քաջաբար իրենց անձնական շահերէն առաջ կը դասեն եւ հաւատարմօրէն իրենց ամէն կարելին կ’ընեն որ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանին։

(Գործք 24։2) Երբ կանչեցին զանիկա, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել ու ըսել. «Որովհետեւ քու ձեռքովդ լման խաղաղութիւն ու քու խնամքովդ այս ազգին գործերուն մէջ աղէկ կարգադրութիւն կը վայելենք»։

(Գործք 24։5, 6) Վասն զի մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ. որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք։

bt 192 ¶10

«Քաջասի՛րտ եղիր»

10 Կեսարիայի մէջ, Պօղոս ‘Հերովդէսին պալատին մէջ պահուած էր’, մինչեւ որ զինք ամբաստանողները Երուսաղէմէն հասնէին (Գործք 23։35)։ Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետը, Տերտիւղոս անունով ճարտասան մը եւ խումբ մը ծերեր եկան Փելիքս կուսակալին քով։ Տերտիւղոսը նախ Փելիքսին հաճութիւնը սիրաշահելու համար, զինք անուշ խօսքերով գովեց, ըսելով որ ան շատ բարի բաներ ըրած է հրեաներուն համար։ Յետոյ Տերտիւղոսը բուն նիւթին անցաւ եւ ըսաւ. «Մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ. որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք»։ Միւս հրեաներն ալ «միասին՝ ըսին. ‘Այդպէ՛ս է’» (Գործք 24։5, 6, 9)։ Խռովարար, վտանգաւոր աղանդի առաջնորդ, տաճար պղծող. . . ասոնք լուրջ ամբաստանութիւններ էին, որոնք կրնային պատճառ դառնալ որ Պօղոս մահապատիժի ենթարկուի։

(Գործք 24։10-21) Պատասխան տուաւ Պօղոս, (երբ կուսակալը անոր աչք ըրաւ որ խօսի,). «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի յօժարութեամբ ինծի վերաբերեալ բաներուն համար պատասխան պիտի տամ. 11 որովհետեւ կրնաս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէ աւելի չէ՝ որ Երուսաղէմ եկայ երկրպագութիւն ընելու։ 12 Զիս տաճարին մէջ մէկուն հետ վիճաբանութիւն ընելու վրայ, կամ բազմութիւնը մէկտեղ ժողված չգտան, ո՛չ ալ ժողովարաններուն մէջ, 13 ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա ամբաստանութիւն կ’ընեն ինծի դէմ։ 14 Բայց ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս, հաւատալով այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։ 15 Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։ 16 Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ։ 17 Արդ՝ ես շատ տարիներէ յետոյ եկայ իմ ազգիս ողորմութիւններ բերելու ու ընծաներ տալու. 18 այսպէս քանի մը Ասիացի հրեաներ զիս տաճարին մէջ մաքրուած գտան, ո՛չ բազմութիւնով եւ ո՛չ ամբոխով, 19 որոնք պէտք էր որ առջեւդ գային ու ամբաստանութիւն ընէին, եթէ իմ վրայովս ըսելու բան մը ունէին։ 20 Կամ թէ ասոնք իրենք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, երբ ատեանը կայներ էի։ 21 Միայն թէ այս մէկ խօսքիս համար, որ երբ իրենց մէջ կայներ էի, կանչեցի. ‘Մեռելներու յարութեանը համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ’»։

bt 193-194 ¶13-14

«Քաջասի՛րտ եղիր»

13 Պօղոս մեզի համար լաւ օրինակ ձգեց, եթէ օր մը օրանց մենք ալ պետական իշխանութիւններու առջեւ տարուինք մեր հաւատքին պատճառով եւ ամբաստանուինք որպէս խռովարարներ կամ «վտանգաւոր աղանդ»ի հետեւորդներ։ Պօղոս Փելիքսը սիրաշահելու համար Տերտիւղոսին պէս անտեղի գովաբանական խօսքեր չըսաւ։ Հապա հանդարտ, յարգալից ոճով եւ փափկանկատօրէն ան յստակ եւ անկեղծ վկայութիւն տուաւ։ Պօղոս ըսաւ որ այն «Ասիացի հրեաներ»ը, որոնք զինք ամբաստանեցին որ տաճարը կը պղծէ ներկայ չէին. մինչդեռ, օրէնքին համաձայն, անոնք պէտք էր ներկայ ըլլային եւ Պօղոս առաքեալ անոնց ամբաստանութիւնները անձամբ լսէր (Գործք 24։18, 19)։

14 Ուշագրաւ է որ առաքեալը ետք չքաշուեցաւ իր հաւատալիքներուն մասին վկայութեան տալէ։ Ան համարձակօրէն անգամ մը եւս խօսեցաւ յարութեան մասին, որ բուռն վիճաբանութիւններու դուռ բացած էր, երբ Պօղոս Սենետրիոն բերուած էր (Գործք 23։6-10)։ Ինքզինք պաշտպանած ատեն, Պօղոս իրեն մտիկ ընողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց յարութեան յոյսին վրայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Պօղոս կը վկայէր Յիսուսին եւ անոր յարութեան մասին,– բան մը՝ որ իր հակառակորդները չէին ընդուներ (Գործք 26։6-8, 22, 23)։ Ուրեմն վիճաբանութիւններուն պատճառը ընդհանուր առմամբ յարութեա՛ն նիւթն էր, իսկ մասնաւորաբար՝ Յիսուսի եւ անոր յարութեան հաւատալը։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 23։6) Պօղոս գիտնալով որ մէկ կողմը Սադուկեցիներ են ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, կ’աղաղակէր ժողովին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. մեռելոց յարութեանը յոյսին համար կը դատուիմ»։

nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 23։6

Փարիսեցի եմ։ Ներկաներէն ոմանք Պօղոսը կը ճանչնային (Գործք 22։5)։ Երբ Պօղոս ինքզինք փարիսեցիի որդի կոչեց, Սենետրիոնի փարիսեցիները հասկցած ըլլալու էին թէ ան կ’ընդունէր թէ ինքն ալ ժամանակին փարիսեցի էր եւ թէ ինքն ալ, իրենց պէս, յարութեան կը հաւատար, հակառակ անոր որ հիմա նախանձախնդիր քրիստոնեայ դարձած էր։ Ուրեմն ան ինքզինք սխալ կերպով չէր ներկայացներ։ Եւ իր այս խօսքը կրնայ հասկցուիլ յարաբերական իմաստով. Պօղոս ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս փարիսեցի եւ ոչ թէ սադուկեցի, քանի որ փարիսեցիներն ալ կը հաւատային յարութեան։ Այսպիսով, ան հասարակաց գետին հաստատեց։ Այնպէս կ’երեւի որ ան յուսաց թէ այս վիճելի հարցը մէջտեղ նետելով, Սենետրիոնի կարգ մը անդամները թիկունք պիտի կանգնէին իր ըսածներուն։ Եւ իր այդ ծրագիրը յաջողեցաւ (Գործք 23։7-9)։ Պօղոսի խօսքը Գործք 23։6–ին մէջ նաեւ ներդաշնակ է յետագային Ագրիպպաս թագաւորին առջեւ իր անձին մասին տուած իր նկարագրութեան հետ (Գործք 26։5)։ Եւ երբ Հռոմէն կը գրէր Փիլիպպէի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն, ան նորէն ըսաւ որ ժամանակին փարիսեցի էր (Փլպ. 3։5)։ Ուշադրութեան արժանի է նաեւ թէ ինչպէ՛ս ուրիշ քրիստոնեաներ, որոնք նախապէս փարիսեցիներ էին, նկարագրուած են Գործք 15։5–ին մէջ։

(Գործք 24։24) Քանի մը օր յետոյ Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ, որ Հրեայ էր ու Պօղոսը կանչել տուաւ եւ լսեց անկէ այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է։

(Գործք 24։27) Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի տեղ Պորկիոս Փեստոս եկաւ։ Փելիքս ալ Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով՝ Պօղոսը կապուած թողուց։

nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 24։24

Դրուսիղա։ Գործք 12։1–ին մէջ նշուած Հերովդէսին, այսինքն՝ Հերովդէս Ագրիպպաս Ա.–ին, երրորդ եւ կրտսեր աղջիկը։ Ան ծնաւ Ք.Ե. մօտ 38–ին եւ քոյրն էր Ագրիպպաս Բ.–ին եւ Բերինիկէին։ Փելիքս կուսակալը իր երկրորդ ամուսինն էր։ Նախապէս ան ամուսնացած էր Եմեսիայի սուրիացի թագաւոր Ազիզուսին հետ։ Բայց ետքը անկէ ամուսնալուծուած էր եւ Փելիքսին հետ ամուսնացած՝ Ք.Ե. մօտ 54–ին կամ երբ ան մօտ 16 տարեկան էր։ Հաւանաբար ան ներկայ էր երբ Պօղոս «արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր» Փելիքսին առջեւ (Գործք 24։25)։ Երբ Փելիքսին փոխարինեց Փեստոսը, Փելիքս «Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով» Պօղոսը կալանաւորուած պահեց։ Ոմանք կը կարծեն որ ան այսպէս վարուեցաւ հաճեցնելու համար իր պատանի կինը, որ հրեայ էր (Գործք 24։27)։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 21-27

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 25-26

«Պօղոս Կայսրին կը բողոքէ եւ ետքը կը վկայէ Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորին»

(Գործք 25։11) Քանզի եթէ անիրաւութիւն մը եւ մահուան արժանի բան մը ըրած եմ, ես մեռնելէ չեմ քաշուիր. բայց եթէ չկայ իմ վրաս այն բաներէն մէկն ալ՝ որոնց համար ասոնք ինծի դէմ ամբաստանութիւն կ’ընեն, մէ՛կը չի կրնար զիս ատոնց շնորհել, Կայսրին կը բողոքեմ։

bt 198 ¶6

«Կայսրին կը բողոքեմ»

6 Փեստոս կ’ուզէր հրեաները սիրաշահիլ. ինչ որ Պօղոսի կեանքը կրնար վտանգել։ Անոր համար, Պօղոս օգտուեցաւ իրաւունքէ մը, որ ունէր որպէս հռոմայեցի քաղաքացի։ Ան Փեստոսին ըսաւ. «Կայսրին ատեանը կայներ եմ, ուր պէտք է դատուիմ։ Ես Հրեաներուն անիրաւութիւն մը ըրած չեմ, ինչպէս դուն ալ աղէկ գիտես։ . . .Կայսրին կը բողոքեմ»։ Սովորաբար երբ մէկը այսպիսի բողոք ընէր, ետքը չէր կրնար իր խօսքը ետ քաշել։ Եւ Փեստոս այս կէտը շեշտեց, երբ ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս» (Գործք 25։10-12)։ Աւելի բարձր ատեան դիմելով, Պօղոս մեզի օրինակ ձգեց։ Երբ մեր հակառակորդները փորձեն «օրէնքին անունով» չարիք պատրաստել, մենք օրինական կարգադրութիւններէն կ’օգտուինք՝ բարի լուրը պաշտպանելու համար (Սաղ. 94։20, ՆԱ)։

(Գործք 26։1-3) Եւ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Հրաման է քեզի որ դուն քեզի համար խօսիս»։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը երկնցնելով՝ իրեն համար պատասխան տուաւ. 2 «Հրեաներուն իմ վրաս ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, ես զիս երանելի կը սեպեմ, որ այսօր քու առջեւդ պատասխան պիտի տամ. 3 մանաւանդ որ դուն Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտես, անոր համար կ’աղաչեմ որ երկայնամտութեամբ ինծի մտիկ ընես»։

bt 198-201 ¶10-16

«Կայսրին կը բողոքեմ»

10 Պօղոս Ագրիպպաս թագաւորին յարգալից ոճով շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրեն առիթ տուաւ որ ինքզինք պաշտպանէ իր առջեւ։ Ան նաեւ ըսաւ որ թագաւորը շատ լաւ գիտէ հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները։ Պօղոս ետքը իր անցեալը նկարագրեց, ըսելով. «Մեր կրօնքին ամենէն խիստ օրէնքին համաձայն՝ Փարիսեցի ապրեր եմ» (Գործք 26։5)։ Փարիսեցի ըլլալով, Պօղոս կը սպասէր Մեսիային գալուստին։ Իսկ հիմա, որպէս քրիստոնեայ, ան համարձակօրէն կը ծանուցանէր, որ Յիսուս Քրիստոս սպասուած Մեսիան է։ Իրականութեան մէջ ինք կը դատուէր այն յոյսին համար, որ թէ՛ ինք եւ թէ զինք ամբաստանողները ունէին։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Երկու կողմերն ալ կը սպասէին իրենց նախահայրերուն տրուած Աստուծոյ խոստումին կատարման։ Այս բոլոր տուեալները Ագրիպպասին հետաքրքրութիւնը ա՛լ աւելի շարժեցին։

11 Պօղոս ետքը պատմեց, որ անցեալին ինչպէ՛ս վայրագօրէն վարուեցաւ քրիստոնեաներուն հետ, երբ ըսաւ. «Ես ինքս ալ ինծի պարտք կը սեպէի Յիսուս Նազովրեցիի անուան դէմ շատ բաներ ընել. . . եւ անոնց [Քրիստոսի հետեւորդներուն] դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի» (Գործք 26։9-11)։ Պօղոս չէր չափազանցեր։ Շատեր գիտէին անոր վայրագութիւններուն մասին (Գաղ. 1։13, 23)։ Ագրիպպաս թերեւս հարց տուաւ. ‘Ի՞նչը փոխած ըլլալու էր այս մարդը’։

12 Թագաւորը իր պատասխանը առաւ, երբ Պօղոս շարունակեց իր խօսքը՝ ըսելով. «Երբ Դամասկոս ալ կ’երթայի, քահանայապետներէն իշխանութիւն ու հրաման առած, կէսօրուան ատենը ճամբուն վրայ, ո՛վ արքայ, երկնքէն լոյս մը տեսայ արեւին լուսաւորութենէն աւելի՝ բոլորտիքս ծագած, նաեւ անոնց բոլորտիքը որոնք ինծի հետ կ’երթային։ Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’։ Ես ալ ըսի. ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես’» (Գործք 26։12-15)։

13 Այս գերբնական դէպքէն առաջ, Պօղոս կարծես ‘խթանի դէմ կից կը զարնէր’։ Եթէ բեռ կրող անասունը սուր ծայր ունեցող խթանին դէմ կից զարնէր, ինքզինք անտեղիօրէն կը վիրաւորէր։ Նոյնպէս, Պօղոս Աստուծոյ կամքին դէմ ելլելով հոգեւոր գետնի վրայ ինքզինք կը վնասէր։ Անոր համար, Դամասկոսի ճամբուն վրայ յարուցեալ Յիսուս օգնեց այս մոլորած բայց անկեղծ մարդուն, որ իր մտածելակերպը փոխէ (Յովհ. 16։1, 2)։

14 Պօղոսն ալ իր կարգին մեծ փոփոխութիւններ մտցուց իր կեանքին մէջ։ Ան Ագրիպպասին պատմեց. «Այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես. հապա առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն» (Գործք 26։19, 20)։ Տարիներէ ի վեր արդէն Պօղոս իրեն տրուած այդ յանձնարարութիւնը կը կատարէր։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Անոնք՝ որոնք ընդառաջեցին Պօղոսի քարոզչութեան իրենց անբարոյ ընթացքին համար զղջացին եւ Աստուծոյ դարձան։ Այսպիսիները դարձան լաւ քաղաքացիներ, որոնք օրէնքներուն կը հնազանդէին ու կարգուկանոնը կը յարգէին։

15 Անշուշտ այս արդիւնքները նշանակութիւն մը չունէին Պօղոսի հրեայ հակառակորդներուն համար։ Պօղոս ըսաւ. «Այս պատճառաւ Հրեաները զիս տաճարին մէջ բռնեցին եւ կը ջանային սպաննել։ Սակայն Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով» (Գործք 26։21, 22)։

16 Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, պէտք է ‘միշտ պատրաստ ըլլանք պատասխան տալու’ բոլոր անոնց՝ որոնք մեր յոյսին մասին կը հարցնեն (Ա. Պետ. 3։15)։ Եթէ խօսելու ըլլանք դատաւորներու կամ կառավարիչներու հետ, կրնանք հետեւիլ Պօղոսի մեթոտին։ Երբ Ագրիպպասին եւ Փեստոսին առջեւ տարուեցաւ, Պօղոս յարգալից ոճով խօսեցաւ։ Մենք ալ կրնանք յարգալից ոճով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բացատրել, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնները թէ՛ մեր եւ թէ բարի լուրը ընդունող մարդոց կեանքը բարելաւած է։ Այսպիսով թերեւս անոնց սրտին դպնանք։

(Գործք 26։28) Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։

bt 202 ¶18

«Կայսրին կը բողոքեմ»

18 Պօղոս անպատասխան չմնաց։ Ան ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ։ Քանզի այս բաները թագաւորը գիտէ, որուն համար ես ալ համարձակ կը խօսիմ. . . Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։ Ագրիպպաս պատասխանեց. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու» (Գործք 26։25-28)։ Թագաւորին խօսքերը անկեղծ ըլլան կամ ոչ, մէկ բան յստակ է. Պօղոսին վկայութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր վրայ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 26։14) Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’»։

nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 26։14

խթանի դէմ կից զարնել։ Խթանը սուր ծայրով գաւազան մըն է, որ կը գործածուի անասունի մը զարկ տալու համար (Դատ. 3։31)։ «Խթանի դէմ կից զարնել» արտայայտութիւնը առակ մըն է յունական գրականութեան մէջ։ Ատիկա յառաջ եկած է այն գաղափարէն, որ ինչպէ՛ս յամառ ցուլ մը ինքզինք կը վիրաւորէ, երբ խթանի մը հարուածը դիմադրէ։ Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ Սօղոս նոյն կերպով կը վարուէր։ Ան կը հակառակէր Յիսուսի հետեւորդներուն, որոնց թիկունք կը կանգնէր Եհովա Աստուած։ Եւ այսպէս ընելով ան ինքզինք ծանրօրէն կը վիրաւորէր (համեմատէ՛ Գործք 5։38, 39. Ա. Տիմ. 1։13, 14)։ Ժողովող 12։11–ին մէջ «խթաններ» բառը այլաբանական իմաստով կը գործածուի եւ կ’ակնարկէ իմաստուն անհատի մը խօսքերուն, որոնք լսողը կը մղեն խրատին անսալու։

nwt բառարան

Խթան։ Մետաղէ սուր ծայր ունեցող երկար գաւազան, որ հողագործները կը գործածեն անասունի մը զարկ տալու համար։ Խթանը համեմատուած է իմաստուն անհատի մը խօսքերուն, որոնք լսողը կը մղեն խրատին անսալու։ «Խթանի դէմ կից զարնել» արտայայտութիւնը յառաջ եկած է այն գաղափարէն, որ ինչպէ՛ս յամառ ցուլ մը ինքզինք կը վիրաւորէ, երբ խթանի մը հարուածը դիմադրէ՝ անոր կից զարնելով (Գործք 26։14. Դատ. 3։31)։

(Գործք 26։27) Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս։

դ03 12/1 14 ¶14

Ուրիշներու օգնեցէք որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին

14 Պօղոս գիտէր թէ Ագրիպպաս անուանապէս Հրեայ մըն էր։ Հրէականութեան մասին Ագրիպպասի ունեցած գիտութեան ակնարկելով, Պօղոս պատճառաբանեց թէ իր քարոզչութեան մէջ ‘բան մը չէր պատմած այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան’, Մեսիայի մահուան ու յարութեան առնչութեամբ։ (Գործք 26։22, 23) Իր խօսքը ուղղակի Ագրիպպասի ուղղելով, Պօղոս հարցուց. «Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս»։ Ագրիպպաս անել կացութեան մը մատնուեցաւ։ Եթէ ըսէր թէ մարգարէներուն չէր հաւատար, իբր Հրեայ հաւատացեալ իր համբաւը պիտի վնասուէր։ Իսկ եթէ Պօղոսի պատճառաբանութեան հետ համաձայն գտնուէր, հանրապէս դիրք բռնած պիտի ըլլար առաքեալին կողքին եւ թերեւս Քրիստոնեայ մը սեպուէր։ Պօղոս իմաստութեամբ ի՛նք իր հարցումին պատասխանեց, ըսելով. «Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։ Ագրիպպասի սիրտը մղեց զինք ի՞նչ ըսելու։ Ան պատասխանեց. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։ (Գործք 26։27, 28) Թէեւ Ագրիպպաս Քրիստոնեայ մը չեղաւ, սակայն ըստ երեւոյթին Պօղոսի պատգամը որոշ չափով անոր սիրտին դպաւ։—Եբրայեցիս 4։12

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 51

ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ՝ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 14։1-12 ՄԱՐԿՈՍ 6։14-29 ՂՈՒԿԱՍ 9։7-9

• ՀԵՐՈՎԴԷՍ ԳԼԽԱՏԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏԻՉԸ

Գալիլիայի մէջ, Յիսուսին առաքեալները ազատօրէն քարոզելով զբաղած են, մինչդեռ Յովհաննէս Մկրտիչ, որ Յիսուսը ներկայացուց որպէս Աստուծոյ Գառը, արդէն մօտ երկու տարիէ ի վեր բանտին մէջ է։

Յովհաննէսը բացէ ի բաց ըսած էր որ Հերովդէս Անթիպաս թագաւոր լուրջ սխալ ըրած էր իր կնոջմէն ամուսնալուծուելով եւ Հերովդիային հետ ամուսնանալով, որ իր խորթ եղբօր՝ Փիլիպպոսին՝ կինն էր։ Հերովդէս կ’ըսէր որ Մովսիսական օրէնքին կը հետեւէր։ Բայց ըստ Մովսիսական օրէնքին, իր ըրածը շնութիւն է եւ իր ամուսնութիւնը անօրէն է։ Եւ քանի՛ որ Յովհաննէս Հերովդէսը կը յանդիմանէր, թագաւորը Յովհաննէսը բանտ նետել տուաւ,– հաւանաբար Հերովդիայէն դրդուած։

Բայց Հերովդէս կորսուած է եւ չի գիտեր ի՛նչ ընել Յովհաննէսին, քանի որ մարդիկ ‘իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին զանիկա’ (Մատթէոս 14։5)։ Մինչդեռ Հերովդիան առիթ կը փնտռէ որ Յովհաննէսը սպաննէ, քանի որ ‘ոխ ունի անոր դէմ’ (Մարկոս 6։19)։ Վերջապէս այդ առիթը կու գայ։

Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Հերովդէս մեծ խնճոյք կը պատրաստէ իր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Անոր բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ հազարապետները, ինչպէս նաեւ Գալիլիայի երեւելի մարդիկը հաւաքոյթին կու գան։ Խնճոյքին ժամանակ, սրահ կը մտնէ աղջիկ մը՝ Սողովմէ անունով եւ կը պարէ հիւրերուն առջեւ։ Սողովմէն Հերովդիային աղջիկն է, իր նախկին ամուսինէն՝ Փիլիպպոսէն։ Ներկաները անոր պարը դիտելով՝ շատ կը տպաւորուին։

Հերովդէսը այնքա՛ն գոհ կը մնայ Սողովմէէն, որ անոր կ’ըսէ. «Խնդրէ ինձմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի»։ Ան նոյնիսկ երդում կ’ընէ՝ ըսելով. «Ինչ որ դուն ինձմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։ Թագաւորին պատասխան տալէ առաջ, Սողովմէն իր մօր քով կ’երթայ եւ անոր կը հարցնէ. «Ի՞նչ ուզեմ» (Մարկոս 6։22-24)։

Վերջապէս Հերովդիային սպասած առիթը կու գայ։ Ան շուտով իր աղջկան կը պատասխանէ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։ Սողովմէն ալ շատ արագ Հերովդէսին քով կ’երթայ եւ անոր կ’ըսէ. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի» (Մարկոս 6։24, 25)։

Հերովդէս շատ կը տխրի։ Ան բոլոր ներկաներուն առջեւ Սողովմէին երդում ըրած է եւ կ’ուզէ իր խօսքին տէրը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ատիկա պատճառ դառնայ որ անմեղ մարդ մը սպաննուի։ Անոր համար, Հերովդէս դահիճ մը բանտ կը ղրկէ որ իր հրամանը գործադրէ։ Ան ալ շատ չանցած կը վերադառնայ Յովհաննէսին գլուխը «սկուտեղ»ի, կամ՝ ափսէի, վրայ դրուած։ Ան ափսէն Սողովմէին կու տայ, իսկ Սողովմէն ալ՝ իր մօր։

Երբ Յովհաննէսին աշակերտները կը լսեն եղածին մասին, կու գան եւ անոր մարմինը կ’առնեն ու կը թաղեն։ Ետքը, անոնք կ’երթան եւ Յիսուսին կը պատմեն։

Յետագային, երբ Հերովդէս կը լսէ որ Յիսուս հիւանդները կը բժշկէ եւ դեւեր կը հանէ, կը վախնայ։ Ան կը կարծէ որ Յիսուսը, որ մեծ հրաշքներ կ’ընէ, իրականութեան մէջ յարութիւն առած Յովհաննէս Մկրտիչն է (Ղուկաս 9։7, 8)։ Եւ Հերովդէս շատ կը փափաքի Յիսուսը տեսնել, ոչ թէ անոր քարոզած բարի լուրը լսելու համար, հապա պարզապէս գիտնալու համար որ իր մտավախութիւնը տեղին է կամ ոչ։

◇ Յովհաննէս Մկրտիչ ինչո՞ւ բանտն է։

◇ Հերովդիան վերջապէս ինչպէ՞ս կը յաջողի Յովհաննէսը սպաննել տալ։

◇ Յովհաննէսին մահէն ետք, Հերովդէս Անթիպաս ինչո՞ւ կ’ուզէ Յիսուսը տեսնել։

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 28–ՓԵՏՐՈՒԱՐ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 27-28

«Պօղոս նաւով Հռոմ կ’ուղղուի»

(Գործք 27։23, 24) Վասն զի այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ 24 եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են»։

bt 208 ¶15

«Ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ»

15 Շատ հաւանաբար Պօղոս նաւուն մէջ շատերու կը վկայէր ‘Աստուծմէ եղած խոստումին յոյսին մասին’ (Գործք 26։6. Կող. 1։5)։ Հիմա որ նաւը խորտակուելու վրայ էր, Պօղոս կրնար ուրիշ յոյսի մասին ալ խօսիլ։ Ան ըսաւ. «Այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը. . . եւ ըսաւ. ‘Մի՛ վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’։ Ուստի, մա՛րդիկ, սի՛րտ առէք, վասն զի ես կը հաւատամ Աստուծոյ՝ որ այսպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս ինծի ըսուեցաւ։ Միայն թէ՝ պէտք է որ կղզի մը իյնանք» (Գործք 27։23-26)։

(Գործք 28։1, 2) Երբ ազատեցան, հասկցան թէ այն կղզիին անունը Մելիտէ էր։ Եւ բնիկները քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին մեզի. 2 վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամէնքս ալ ընդունեցին՝ մեր վրայ հասած անձրեւին ու ցուրտին համար։

bt 209 ¶18

«Ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ»

18 Յստակ դարձաւ որ նաւաբեկութենէ ազատուողները Մելիտէ կղզիին վրայ էին, Սիկիլիայի հարաւը։ Կղզիին օտարախօս բնակիչները շատ մարդասէր գտնուեցան (Գործք 28։1)։ Անոնք կրակ վառեցին իրենց ծովափը հասած այս օտարներուն համար, որոնք վերէն վար թրջուած էին եւ ցուրտէն կը դողդղային։ Մինչ բոլորը կը տաքնային, հրաշք մը եղաւ որ բոլորը զարմացուց։

bt 210 ¶21

«Ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ»

21 Այդ շրջանին մէջ կ’ապրէր Պոպղիոս անունով հարուստ կալուածատէր մը։ Հաւանաբար ան Մելիտէի գլխաւոր հռոմայեցի հարիւրապետն էր։ Ղուկաս անոր մասին կ’ըսէ որ «կղզիին գլխաւոր մարդ»ն էր. եւ ասիկա ճիշդ այն տիտղոսն է որ կ’երեւի երկու մալթայեան քանդակագրութիւններու վրայ։ Պոպղիոսը երեք օր հիւրընկալեց Պօղոսն ու անոր ընկերակիցները։ Բայց անոր հայրը հիւանդ էր։ Ղուկասը, ինչպէս միշտ, նկարագրեց թէ ան ճիշդ ի՛նչ հիւանդութիւն ունէր։ Ան գրեց. «Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր»։ Պօղոս աղօթեց եւ իր ձեռքերը մարդուն վրայ դրաւ եւ բժշկեց։ Այս հրաշքէն խորապէս ազդուած՝ տեղացիները ուրիշ հիւանդներ ալ բերին Պօղոսին քով։ Անոնք նաեւ նուէրներ բերին՝ Պօղոսին եւ անոր ընկերակիցներուն պէտքերը գոհացնելու համար (Գործք 28։7-10)։

(Գործք 28։16, 17) Երբ Հռովմ մտանք, հարիւրապետը կապուածները զօրապետին յանձնեց. իսկ Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ։ 17 Երեք օր յետոյ ան Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց ու երբ մէկտեղ եկան, ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններու դէմ բան մը չըրած, Երուսաղէմէն կապուած՝ Հռովմայեցիներուն մատնուեցայ»։

bt 213 ¶10

«Հիմնովին վկայութիւն տուաւ»

10 Երբ ճամբորդները վերջապէս Հռոմ հասան, «Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ» (Գործք 28։16)։ Այդ օրերուն սովորութիւն էր տնային կալանքի տակ եղողը շղթայով կապել իր վրայ հսկող զինուորին, որ չփախչէր։ Բայց այս շղթաները պատճառ չդարձան որ այս եռանդուն քարոզիչը լուռ մնար։ Երեք օր հանգիստ ընելէ եւ իր ուժերը հաւաքելէ ետք, Պօղոս իր քով կանչեց Հռոմի մէջ ապրող հրեաներուն գլխաւորները, որ ինքզինք ծանօթացնէ եւ իրենց վկայէ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 27։9) Շատ ժամանակ անցաւ եւ նաւին ճամբայ ելլելն ալ վտանգաւոր էր, ծոմին ատենն ալ արդէն անցած ըլլալով, Պօղոս խրատ կու տար։

nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 27։9

ծոմին։ Կամ «Քաւութեան օրուան ծոմին», «աշնան ծոմին»։ «Ծոմ» բառին յունարէնը կ’ակնարկէ այն միակ ծոմին, որ Մովսիսական օրէնքին մէջ պահանջուած էր։ Այսինքն, այն ծոմը որ կապ ունէր տարեկան Քաւութեան օրուան հետ (եբրայերէնով՝ yohm hak·kip·pu·rimʹ, «[մեղքեր] ծածկելու օր») (Ղեւ. 16։29-31. 23։26-32. Թւ. 29։7)։ ‘Անձը խոնարհեցնել’ արտայայտութիւնը, որ առնչուած է Քաւութեան օրուան, ընդհանրապէս կը հասկցուի անձը ուրանալով բաներ ընել, ինչպէս օրինակ՝ ծոմ պահել (Ղեւ. 16։29)։ «Ծոմ» բառը, որ եկած է Գործք 27։9–ին մէջ, ցոյց կու տայ որ Քաւութեան օրը անձը ուրանալու գլխաւոր կերպն էր՝ ծոմ պահել։ Քաւութեան օրուան ծոմապահութիւնը կու գար սեպտեմբերի վերջը կամ հոկտեմբերի սկիզբը։

(Գործք 28։11, ՆԱ) Երեք ամիս յետոյ Աղեքսանդրիական նաւով մը ճամբայ ելանք, որ ձմեռը այն կղզին անցուցեր էր ու իր նաւաքիթին ունէր «Զեւսի որդիներ» նշանը։

nwtsty սերտելու նոթ. Գործք 28։11

Զեւսի որդիներ։ Ըստ յունական եւ հռոմէական դիցաբանութիւններուն, Կաստորն ու Փոլուքսը (կամ՝ Փոլիտեւքոսը) «Զեւսի որդիներ»ն էին (յունարէն՝ Di·oʹskou·roi)։ Անոնք Զեւս չաստուծոյ եւ Սպարտայի Լետա թագուհիին երկուորեակ զաւակներն էին։ Ուրիշ բաներու կողքին, անոնք կը նկատուէին ծովուն մէջ վտանգի ենթարկուած նաւաստիներուն պահապանները։ Նաւաքիթի այս մանրամասն նկարագրութիւնը ուրիշ փաստ մըն է, թէ գրողը ներկայ էր երբ այս դէպքը պատահեցաւ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 52

ՅԻՍՈՒՍ ՀՐԱՇՔՈՎ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 14։13-21 ՄԱՐԿՈՍ 6։30-44 ՂՈՒԿԱՍ 9։10-17 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։1-13

• ՅԻՍՈՒՍ 5000 ՏՂԱՄԱՐԴ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

Յիսուսին 12 առաքեալները շատ կ’ուրախանան Գալիլիայի մէջ քարոզելով եւ կու գան իրեն կը պատմեն «ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին»։ Անկասկած անոնք յոգնած են. բայց Յիսուսին քով եկող–գացողները ա՛յնքան շատ են, որ առաքեալները ուտելու ժամանակ չունին։ Անոր համար Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (Մարկոս 6։30, 31)։

Հաւանաբար Կափառնայումի մօտ, անոնք նաւակ մը կ’առնեն եւ կ’երթան «անապատ», այսինքն՝ ամայի շրջան մը, որ կը գտնուի Յորդանան գետին արեւելեան կողմը՝ Բեթսայիդայէն անդին։ Բայց շատեր կը տեսնեն որ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ կը հեռանայ, իսկ ուրիշներ ալ ատոր մասին կը լսեն։ Անոնք ծովեզերեայ ճամբով կը վազեն դէպի հոն՝ ուր Յիսուս կ’ուղղուի եւ իրմէ առաջ կը հասնին։

Երբ Յիսուս նաւակէն իջնելով մարդիկը կը տեսնէ՝ անոնց վրայ կը խղճայ, քանի որ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս են։ Անոր համար կը սկսի անոնց ‘շատ բաներ սորվեցնել’ Թագաւորութեան մասին (Մարկոս 6։34)։ Յիսուս նաեւ ‘կը բժշկէ անոնք՝ որոնք բժշկութեան կարօտ են’ (Ղուկաս 9։11)։ Ժամանակ մը ետք, աշակերտները Յիսուսին կ’ըսեն. «Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն» (Մատթէոս 14։15)։

Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն» (Մատթէոս 14։16)։ Թէեւ Յիսուս գիտէ ինչ պիտի ընէ, ան Փիլիպպոսը կը փորձէ՝ հարցնելով. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։ Ան Փիլիպպոսի՛ն կը հարցնէ այս հարցումը, քանի որ Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն է։ Բայց արդեօք հաց գնելը կը լուծէ՞ հարցը։ Հոն մօտ 5000 տղամարդ կայ. եւ եթէ կիներն ու երեխաներն ալ հաշուի առնուին, հոն հաւաքուողներուն ընդհանուր թիւը 10,000–ը կ’անցնի։ Փիլիպպոս կը պատասխանէ. «Երկու հարիւր դահեկանի [մէկ դահեկանը մէկ օրուան աշխատավարձ է] հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ» (Յովհաննէս 6։5-7)։

Իսկ Անդրէասը, որ թերեւս կ’ուզէ ցոյց տալ որ անկարելի է ա՛յդքան մարդ կերակրել, կ’ըսէ. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց» (Յովհաննէս 6։9)։

Այս դէպքը տեղի կ’ունենայ գարնան՝ Ք.Ե.32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, երբ գետինը կանաչ խոտով ծածկուած է։ Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ որ ժողովուրդը 50-50 եւ 100-100 նստեցնեն խոտին վրայ։ Իսկ ինք 5 հացերը եւ երկու ձուկերը կ’առնէ եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ։ Ետքը հացերը կը կտրէ եւ ձուկերը կը բաժնէ ու կու տայ իր աշակերտներուն եւ իր աշակերտները՝ մարդոց։ Զարմանալիօրէն ամէն մարդու բաժին կ’ելլէ եւ բոլորը կը կշտանան։

Ետքը Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի» (Յովհաննէս 6։12)։ Եւ մնացած ուտելիքով 12 կողով կը լեցուի։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ուզէ իր առաքեալներուն հետ ամայի տեղ երթալ։

◇ Յիսուս եւ իր աշակերտները ո՞ւր կ’երթան եւ հոն ի՞նչ կը պատահի։

◇ Աշակերտները Յիսուսին ի՞նչ կ’առաջարկեն, իսկ Յիսուս ինչպէ՞ս հոգ կը տանի մարդոց։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել