Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 11/1 էջ 8-12
  • Եհովա—Աստուած մը որ կը սորվեցնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա—Աստուած մը որ կը սորվեցնէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հայր, Ուսուցիչ, Ամուսին
  • Եհովայի Կենսական Ուսուցումները
  • Սորվածներու Մեծ Բազմութիւն մը
  • Եհովա Ի՛նչպէս կը Սորվեցնէ
  • Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Եհովայէ սորված՝ մինչեւ մեր օրերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Օձին սերունդը—Ինչպէ՞ս քօղազերծուած
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Աստուածաշունչի հոյակապ բնաբանը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 11/1 էջ 8-12

Եհովա—Աստուած մը որ կը սորվեցնէ

«Ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6։45

1. Յիսուս Կափառնայումի մէջ հիմա ի՞նչ կ’ընէ։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ տակաւին նոր հրաշքներ գործած էր եւ հիմա Գալիլիայի Ծովուն մօտ Կափառնայումի ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։ (Յովհաննու 6։1–21, 60) Երբ ան կ’ըսէ. «Ես երկնքէն իջայ», շատեր անհաւատութիւն կ’արտայայտեն։ Անոնք կը տրտնջան. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’»։ (Յովհաննու 6։38, 42) Զանոնք սաստելով, Յիսուս կը յայտարարէ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։—Յովհաննու 6։44

2. Յարութեան մասին Յիսուսի խոստումին հաւատալու ի՞նչ հիմ ունինք։

2 Ի՜նչ հոյակապ խոստում մը. յարութիւն առնել վերջին օրը, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ։ Մենք կրնանք այս խոստումին հաւատալ, քանի որ Հայրը՝ Եհովա Աստուած՝ կ’երաշխաւորէ զայն։ (Յոբայ 14։13–15. Եսայեայ 26։19) Արդարեւ, Եհովա, որ կը սորվեցնէ թէ մեռելները պիտի յարուցանուին, «մեծագոյն ուսուցիչն» է։ (Յոբայ 36։22, Արդի Անգլերէն Թարգմանութիւն) Ապա Հօրը ուսուցումին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Մարգարէները գրած են ‘Եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ’»։—Յովհաննու 6։45

3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Վստահաբար առանձնաշնորհում մը պիտի ըլլար անոնց մէջ գտնուիլ, որոնց մասին Եսայի մարգարէն գրեց. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին»։ (Եսայեայ 54։13) Մենք ալ կրնա՞նք անոնց մէջ գտնուիլ։ Եհովայի համար որո՞նք որդիներու նման եղած եւ իր ուսուցումները ստացած են։ Եհովայի կենսական ուսուցումները ի՞նչ են, զորս պէտք է գիտնանք եւ անոնց համաձայն գործենք իր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Եհովա անցեալին ինչպէ՞ս սորվեցուցած է։ Իսկ այսօր ան նոյն կերպով կը սորվեցնէ՞։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք։

Հայր, Ուսուցիչ, Ամուսին

4. Եհովայի ուսուցումները ստացած Իր առաջին որդիները որո՞նք եղան։

4 Եհովա նախ թէ՛ Հայր եւ թէ Ուսուցիչ եղաւ, երբ իր միածին Որդին՝ նախամարդկային Յիսուսը՝ ստեղծեց։ Ան «Բանը» կոչուած է, քանի որ ան Եհովայի Գլխաւոր Խօսնակն է։ (Յովհաննու 1։1, 14. 3։16) Բանը «[Հօրը] քով ճարտարապետ»ի նման ծառայեց եւ Իր ուսուցումէն շատ բան սորվեցաւ։ (Առակաց 8։22, 30) Իրականութեան մէջ, ան Գործակալը, կամ գործիքը եղաւ, որու միջոցաւ Հայրը միւս բոլոր բաները ստեղծեց, ի ներառեալ «Աստուծոյ [հոգեւոր] որդիները»։ Անոնք որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էին Աստուծմէ սորված ըլլալով։ (Յոբայ 1։6. 2։1. 38։7. Կողոսացիս 1։15–17) Հետագային, առաջին մարդը՝ Ադամը՝ ստեղծուեցաւ։ Ան ալ ‘Աստուծոյ որդի’ մըն էր եւ Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ Եհովա ուսուցանեց զայն։—Ղուկաս 3։38. Ծննդոց 2։7, 16, 17

5. Ադամ ի՞նչ թանկագին առանձնաշնորհում կորսընցուց։ Այսուհանդերձ, Եհովա որո՞նց սորվեցուց եւ ինչո՞ւ։

5 Դժբախտաբար, իր կամաւոր անհնազանդութեամբ, Ադամ Աստուծոյ որդի մնալու առանձնաշնորհումը կորսնցուց։ Հետեւաբար, անոր սերունդը եղողները չէին կրնար Աստուծոյ հետ որդիական յարաբերութիւն մը պահանջել պարզապէս իրենց ծնունդին վրայ հիմնուելով։ Այսուհանդերձ, Եհովա անկատար մարդոց սորվեցուց, որոնք իր առաջնորդութիւնը կը փնտռէին։ Նոյ, օրինակի համար, փաստեց «արդար ... մարդ մը» ըլլալ, որ ‘Աստուծոյ հետ կը քալէր’. ուստի Եհովա Նոյը ուսուցանեց։ (Ծննդոց 6։9, 13–7։5) Իր հնազանդութեամբ, Աբրահամ փաստեց «Աստուծոյ բարեկամ» ըլլալ. ուստի ան ալ Եհովայէ սորվեցաւ։—Յակոբու 2։23. Ծննդոց 12։1–4. 15։1–8. 22։1, 2

6. Եհովա յետոյ ո՞վ նկատեց որպէս իր «որդի»ն, եւ ան ի՞նչպիսի ուսուցիչ մը եղաւ այս ‘որդիին’ համար։

6 Աւելի ետք, Մովսէսի օրերուն, Եհովա Իսրայէլ ազգին հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ մտաւ։ Որպէս արդիւնք, այդ ազգը իր ընտրեալ ժողովուրդը եղաւ եւ նկատուեցաւ որպէս իր «որդի»ն։ Աստուած ըսաւ. «Իսրայէլ իմ որդիս ... է»։ (Ելից 4։22, 23. 19։3–6. Բ. Օրինաց 14։1, 2) Այդ ուխտեալ յարաբերութեան վրայ հիմնուած, Իսրայելացիները կրնային ըսել, ինչպէս արձանագրուած է Եսայի մարգարէին կողմէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես»։ (Եսայեայ 63։16) Եհովա իր հայրական պատասխանատուութիւնը կատարեց եւ իր Իսրայելացի զաւակներուն սիրալիր կերպով սորվեցուց։ (Սաղմոս 71։17. Եսայեայ 48։17, 18) Իրականութեան մէջ, երբ անոնք անհաւատարիմ եղան, ան ողորմածօրէն անոնց աղաչեց. «Դարձէ՛ք, ո՛վ ապստամբ որդիներ»։—Երեմեայ 3։14

7. Իսրայէլ Եհովային հետ ի՞նչպիսի յարաբերութեան մէջ էր։

7 Իսրայէլին հետ այս ուխտեալ յարաբերութեան որպէս արդիւնք, Եհովա նաեւ այլաբանական առումով ազգին Ամուսինը դարձաւ, իսկ անիկա՝ այլաբանական առումով իր կինը։ Այս կնոջ մասին Եսայի մարգարէն գրեց. «Քու այրդ քու [Մեծ (ՆԱ)] Ստեղծիչդ է, անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է»։ (Եսայեայ 54։5. Երեմեայ 31։32) Թէեւ Եհովա իր Ամուսինի դերը պատշաճօրէն կատարեց, սակայն Իսրայէլ ազգը անհաւատարիմ կին մը դարձաւ։ «Ո՛վ Իսրայէլի տուն, ինչպէս կին մը իր էրկանը անհաւատարիմ կ’ըլլայ», ըսաւ Եհովա, «այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք»։ (Երեմեայ 3։20) Եհովա շարունակեց իր անհաւատարիմ կնոջ որդիներուն կոչ ընել. ան շարունակեց անոնց «Մեծ Ուսուցիչ»ը ըլլալ։—Եսայեայ 30։20, ՆԱ. Բ. Մնացորդաց 36։15

8. Նոյնիսկ եթէ Եհովա Իսրայէլը մերժեց որպէս ազգ մը, սակայն ան տակաւին ի՞նչ հակատիպ այլաբանական կին ունի։

8 Երբ Իսրայէլ Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ մերժեց ու սպաննեց, Աստուած ալ ի վերջոյ մերժեց զայն։ Հետեւաբար, այդ Հրեայ ազգը այլեւս իրեն համար այլաբանական կին մը չէր, ոչ ալ Ինք անոր մոլորած որդիներուն Հայրը եւ Ուսուցիչն էր։ (Մատթէոս 23։37, 38) Սակայն, Իսրայէլ միայն տիպական, կամ խորհրդանշական, կին մըն էր։ Պօղոս առաքեալ Եսայեայ 54։1–ը մէջբերեց, որ «չծնանող ամուլ»ի մը մասին կը խօսի, որ «այր ունեցող»էն՝ մարմնաւոր Իսրայէլ ազգէն՝ տարբեր ու անջատ է։ Պօղոս կը յայտնէ որ օծեալ Քրիստոնեաները «չծնանող ամուլ»ին զաւակներն են, զոր ան կը կոչէ «վերի Երուսաղէմ»։ Այս հակատիպ այլաբանական կինը Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնն է, որ հոգեղէն արարածներէ կը բաղկանայ։—Գաղատացիս 4։26, 27

9. Յիսուս որո՞նց կ’ակնարկէր, երբ ‘Տէրոջմէ սորված որդիներ’ու մասին խօսեցաւ։ (բ) Ի՞նչ բանի հիման վրայ մարդիկ Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ կ’ըլլան։

9 Արդ, Կափառնայումի ժողովարանին մէջ, երբ Յիսուս Եսայիի մարգարէութիւնը մէջբերեց թէ՝ «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին», ան կ’ակնարկէր անոնց որոնք «վերի Երուսաղէմ»ին՝ Աստուծոյ կնոջանման երկնային կազմակերպութեան՝ «որդիներ»ը պիտի ըլլային։ Երկնքէն ղրկուած Աստուծոյ ներկայացուցիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ուսուցումները ընդունելով, այդ Հրեայ ունկնդիրները կրնային Աստուծոյ նախապէս ամուլ եղած երկնային կնոջ զաւակներ ըլլալ եւ «սուրբ ազգ» մը՝ «Աստուծոյ [հոգեւոր] Իսրայէլ»ը՝ կազմել։ (Ա. Պետրոս 2։9, 10. Գաղատացիս 6։16) Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ ըլլալու Յիսուսի մատուցանած հոյակապ պատեհութիւնը նկարագրելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին։ Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ [զաւակներ (ՆԱ)] ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը»։—Յովհաննու 1։11, 12

Եհովայի Կենսական Ուսուցումները

10. Եդեմի մէջ ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Եհովա «սերունդ»ին առնչութեամբ ի՞նչ սորվեցուց, եւ այս Սերունդը փաստուեցաւ ո՞վ ըլլալ։

10 Սիրալիր Հայր մը ըլլալով, Եհովա իր զաւակները իր նպատակներէն տեղեակ կը պահէ։ Հետեւաբար, երբ ըմբոստ հրեշտակ մը մարդկային առաջին զոյգը անհնազանդութեան մղեց, Եհովա անմիջապէս տեղեկացուց թէ ինք ի՛նչ պիտի ընէր երկիրը դրախտի մը վերածելու իր նպատակը իրագործելու համար։ Ան ըսաւ որ ատելութիւն պիտի դնէր «առաջուան օձ»ին՝ Բանսարկու Սատանային՝ «ու կնոջ» միջեւ։ Ապա ան բացատրեց որ կնոջ «սերունդ»ը մահաբեր հարուածով Սատանային «գլուխ»ը պիտի ջախջախէր։ (Ծննդոց 3։1–6, 15. Յայտնութիւն 12։9. 20։9, 10) Ինչպէս նշեցինք, կինը, հետագային բնորոշուած՝ որպէս «վերի Երուսաղէմ», Աստուծոյ երկնային կազմակերպութիւնն է, որ հոգեղէն արարածներէ կը բաղկանայ։ Բայց ո՞վ է անոր «սերունդ»ը։ Ան երկնքէն ղրկուած Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսն՝ է, որ վերջապէս պիտի բնաջնջէ Սատանան։—Գաղատացիս 4։4. Եբրայեցիս 2։14. Ա. Յովհաննու 3։8

11, 12. Եհովա «սերունդ»ին մասին իր կենսական ուսուցումը ինչպէ՞ս ընդլայնեց։

11 Եհովա «սերունդ»ին մասին այս կենսական ուսուցումը ընդլայնեց, երբ Աբրահամին խոստացաւ. «Քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ... պէս խիստ պիտի շատցնեմ։ ... Ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին»։ (Ծննդոց 22։17, 18) Եհովա Պօղոս առաքեալը գործածեց բացատրելու համար որ Յիսուս Քրիստոս Աբրահամի խոստացեալ Սերունդն է, բայց որ ուրիշներ ալ «սերունդ»ին մաս պիտի կազմէին։ «Եթէ դուք Քրիստոսինն էք», գրեց Պօղոս, «ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ»։—Գաղատացիս 3։16, 29

12 Եհովա նաեւ յայտնեց որ Քրիստոս՝ Սերունդը՝ Յուդայի թագաւորական շառաւիղէն պիտի գար եւ որ ‘ժողովուրդները անոր պիտի հնազանդին’։ (Ծննդոց 49։10) Յուդայի ցեղէն Դաւիթ Թագաւորին նկատմամբ, Եհովա խոստացաւ. «Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։ Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ»։ (Սաղմոս 89։3, 4, 29, 36) Երբ Գաբրիէլ հրեշտակը Յիսուսի ծնունդը ծանուցանեց, ան բացատրեց որ մանուկը Աստուծոյ նշանակած Իշխանը՝ Դաւիթի Սերունդն՝ էր։ «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի», ըսաւ Գաբրիէլ։ «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը։ ... Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։—Ղուկաս 1։32, 33. Եսայեայ 9։6, 7. Դանիէլ 7։13, 14

13. Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար, մենք իր ուսուցումին ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

13 Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին այս կենսական ուսուցումը պէտք է գիտնանք եւ անոր համաձայն գործենք։ Պէտք է հաւատանք որ Յիսուս երկնքէն եկաւ, որ ան Աստուծոյ նշանակած Թագաւորն է՝ թագաւորական Սերունդը որ երկրի վրայ Դրախտի վերահաստատման պիտի վերահսկէ եւ որ ան մեռելները պիտի յարուցանէ։ (Ղուկաս 23։42, 43. Յովհաննու 18։33–37) Կափառնայումի մէջ, երբ Յիսուս մեռելները յարուցանելու մասին խօսեցաւ, Հրեաները համոզուած ըլլալու էին թէ ան ճշմարտութիւնը կը խօսէր։ Այո, տակաւին քանի մը շաբաթներ առաջ, հաւանաբար ճիշդ Կափառնայումի մէջ, ան ժողովրդապետի մը 12 տարեկան աղջիկը յարուցանած էր։ (Ղուկաս 8։49–56) Վստահաբար մենք ալ ամէն պատճառ ունինք իր Թագաւորութեան մասին Եհովայի յոյս ներշնչող ուսուցումին հաւատալու եւ անոր հետ ներդաշնակ գործելու։

14, 15. Եհովայի Թագաւորութիւնը որքա՞ն կարեւոր է Յիսուսին համար։ (բ) Եհովայի Թագաւորութեան մասին ի՞նչ պէտք է հասկնանք եւ կարենանք բացատրել։

14 Յիսուս իր երկրային կեանքը Եհովայի Թագաւորութեան մասին ուսուցումը տարածելուն նուիրեց։ Ան Թագաւորութիւնը իր ծառայութեան բնաբանը ըրաւ եւ նոյնիսկ իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ անոր գալուն համար աղօթեն։ (Մատթէոս 6։9, 10. Ղուկաս 4։44) Մարմնաւոր Հրեաները կրնային «թագաւորութեանը որդիներ» ըլլալ, բայց իրենց անհաւատութեան պատճառաւ, անոնց մեծամասնութիւնը այդ առանձնաշնորհումը կորսնցուց։ (Մատթէոս 8։12. 21։43) Յիսուս յայտնեց որ միայն «պզտիկ հօտ» մը «թագաւորութեանը որդիներ» ըլլալու առանձնաշնորհումը կը ստանայ։ Այս «որդիներ»ը իր երկնային Թագաւորութեան մէջ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» կ’ըլլան։—Ղուկաս 12։32. Մատթէոս 13։38. Հռովմայեցիս 8։14–17. Յակոբու 2։5

15 Քրիստոս թագաւորութեան քանի՞ ժառանգորդներ երկինք պիտի առնէ իրեն հետ երկրի վրայ իշխելու համար։ Ըստ Աստուածաշունչին, միայն 144,000 հոգի։ (Յովհաննու 14։2, 3. Բ. Տիմոթէոս 2։12. Յայտնութիւն 5։10. 14։1–3. 20։4) Սակայն Յիսուս ըսաւ որ «ուրիշ ոչխարներ» ունէր, որոնք այս Թագաւորութեան երկրային հպատակները պիտի ըլլան։ Ասոնք դրախտի մը վերածուած երկրին վրայ յաւիտեան կատարեալ առողջութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի վայելեն։ (Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4) Թագաւորութեան մասին Եհովայի ուսուցումը պէտք է հասկնանք ու կարենանք բացատրել։

16. Եհովայի ո՞ր կենսական ուսուցումը պէտք է սորվինք ու գործադրենք։

16 Պօղոս առաքեալ Եհովայի ուրիշ կենսական ուսուցում մըն ալ նշեց։ Ան ըսաւ. «Դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար, այս սէրը պէտք է ցուցաբերենք։ «Աստուած սէր է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, իսկ մենք սէր ցուցաբերելու մէջ զինք պէտք է ընդօրինակենք։ (Ա. Յովհաննու 4։8. Եփեսացիս 5։1, 2) Դժբախտաբար, մարդոց մեծամասնութիւնը ողորմելիօրէն չէ սորված իր ընկերակիցները սիրել ինչպէս Աստուած կը սորվեցնէ մեզի որ ընենք։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Եհովայի այս ուսուցումին ընդառաջա՞ծ ենք։

17. Որո՞նց մտավիճակը պէտք է ընդօրինակենք։

17 Կենսական է որ մենք Եհովայի բոլոր ուսուցումները ընկալող ըլլանք։ Մեր մտավիճակը Աստուածաշունչի սաղմոսերգուներուն մտավիճակին նման թող ըլլայ, որոնք գրեցին. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի»։ «Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի։ ... Քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի»։ (Սաղմոս 25։4, 5. 119։12, 66, 108) Եթէ սաղմոսերգուներուն զգացումները կը բաժնէք, դուք ալ կրնաք Եհովայէ սորված հսկայ բազմութեան մը մէջ գտնուիլ։

Սորվածներու Մեծ Բազմութիւն մը

18. Եսայի մարգարէն գուշակեց թէ ի՞նչ պիտի պատահէր մեր ժամանակին մէջ։

18 Եսայի մարգարէն գուշակեց թէ ի՛նչ պիտի պատահէր մեր ժամանակին մէջ. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի։ ... Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ’»։ (Եսայեայ 2։2, 3. Միքիայ 4։2) Եհովայէ սորված այս անհատները որո՞նք են։

19. Ներկայիս, Եհովայէ սորվածներուն որո՞նք մաս կը կազմեն։

19 Այս անհատները միայն անոնք չեն, որոնք երկնքի մէջ Քրիստոսին հետ պիտի իշխեն, այլ ուրիշներ ալ։ Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, Յիսուս ըսաւ որ ինք, Թագաւորութեան ժառանգորդներու «պզտիկ հօտ»էն զատ, «ուրիշ ոչխարներ»՝ Թագաւորութեան երկրային հպատակները՝ ունէր։ (Ղուկաս 12։32. Յովհաննու 10։16) «Մեծ նեղութենէն» վերապրող «մեծ բազմութիւն»ը ուրիշ ոչխարներու դասակարգէն է, որու անդամները Եհովայի առջեւ ընդունելի կեցուածք մը կը վայելեն Յիսուսի թափուած արեան վրայ իրենց հաւատքի հիման վրայ։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Թէեւ ուրիշ ոչխարները ուղղակիօրէն Եսայեայ 54։13–ին մէջ յիշուած «որդիներ»ուն մաս չեն կազմեր, սակայն անոնք կ’օրհնուին Եհովայէ սորված ըլլալով։ Հետեւաբար, անոնք պատշաճօրէն Աստուած կը կոչեն որպէս «Հայր», քանի որ ան, արդարեւ, անոնց Մեծ Հայրը պիտի ըլլայ, ‘Յաւիտենական Հօր’՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցով։—Մատթէոս 6։9. Եսայեայ 9։6, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն։

Եհովա Ի՛նչպէս կը Սորվեցնէ

20. Եհովա ի՞նչ կերպերով կը սորվեցնէ։

20 Եհովա շատ մը կերպերով կը սորվեցնէ։ Օրինակի համար, ան իր ստեղծագործութիւնով կը սորվեցնէ, որ թէ՛ իր գոյութեան եւ թէ իր անհուն իմաստութեան մասին կը վկայէ։ (Յոբայ 12։7–9. Սաղմոս 19։1, 2. Հռովմայեցիս 1։20) Ասկէ զատ, ան կը սորվեցնէ ուղղակիօրէն հաղորդակցելով, ինչպէս ըրաւ, երբ նախամարդկային Յիսուսը ուսուցանեց։ Նոյնպէս, արձանագրուած երեք առիթներով, ան երկնքէն երկրի վրայ գտնուած մարդոց ուղղակիօրէն խօսեցաւ։—Մատթէոս 3։17. 17։5. Յովհաննու 12։28

21. Եհովա յատկապէս ո՞ր հրեշտակը գործածեց որպէս իր ներկայացուցիչը, բայց ինչպէ՞ս գիտենք որ ուրիշներ ալ գործածուեցան։

21 Սորվեցնելու համար, Եհովա հրեշտակային ներկայացուցիչներ ալ կը գործածէ, իր Անդրանիկը՝ «Բանը»՝ ներառեալ։ (Յովհաննու 1։1–3) Թէեւ Եհովա կրցած պիտի ըլլար Եդեմի պարտէզին մէջ իր կատարեալ մարդկային որդւոյն՝ Ադամին՝ հետ ուղղակիօրէն խօսիլ, սակայն հաւանաբար ան նախամարդկային Յիսուսը գործածեց, որ Իր կողմէ խօսի։ (Ծննդոց 2։16, 17) Հաւանաբար ան էր «Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար» եւ որու մասին Եհովա պատուիրած էր. «Անոր խօսքին մտիկ ըրէ»։ (Ելից 14։19. 23։20, 21) Անկասկած դարձեալ նախամարդկային Յիսուսն էր «Տէրոջը զօրավար»ը որ Յեսուին երեւցաւ զայն զօրացնելու համար։ (Յեսուայ 5։14, 15) Եհովա ուրիշ հրեշտակներ ալ գործածեց իր ուսուցումները հաղորդելու համար, ինչպէս ըրաւ իր Օրէնքը Մովսէսին փոխանցելու համար։—Ելից 20։1. Գաղատացիս 3։19. Եբրայեցիս 2։2, 3

22. Սորվեցնելու համար, Եհովա երկրի վրայ որո՞նք գործածած է։ (բ) Ի՞նչ է այն գլխաւոր միջոցը որով Եհովա մեր օրերուն կը սորվեցնէ մարդոց։

22 Ասկէ զատ, սորվեցնելու համար, Եհովա Աստուած մարդկային ներկայացուցիչներ կը գործածէ։ Իսրայէլի մէջ, ծնողները իրենց զաւակներուն պէտք էր սորվեցնէին. մարգարէները, քահանաները, իշխանները եւ Ղեւտացիները Եհովայի Օրէնքը ազգին կը սորվեցնէին։ (Բ. Օրինաց 11։18–21. Ա. Թագաւորաց 12։20–25. Բ. Մնացորդաց 17։7–9) Յիսուս Աստուծոյ գլխաւոր Խօսնակը եղաւ երկրի վրայ։ (Եբրայեցիս 1։1, 2) Յիսուս յաճախ ըսաւ որ ինչ որ կը սորվեցնէր ճշգրտօրէն Հօրմէն սորված էր. ուստի իր ունկնդիրները իսկապէս Եհովայէ սորված էին։ (Յովհաննու 7։16. 8։28. 12։49. 14։9, 10) Եհովա իր խօսքերը արձանագրել տուած է եւ մեր օրերուն, ան գլխաւորաբար այս ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն միջոցաւ կը սորվեցնէ մարդոց։—Հռովմայեցիս 15։4. Բ. Տիմոթէոս 3։16

23. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

23 Մենք կարեւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները կը խոստանան որ ‘վերջին օրերը [որոնց մէջ կ’ապրինք] շատ ժողովուրդներ Եհովայի ճամբաները պիտի սորվին’։ (Եսայեայ 2։2, 3) Այս ուսուցումը ինչպէ՞ս կը մատակարարուի։ Ի՞նչ պէտք է ընենք այժմ կատարուող Եհովայի ուսուցումի հոյակապ յայտագրէն օգուտ քաղելու եւ անոր մասնակցելու համար։ Այս հարցումները յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Եհովա ինչպէ՞ս Հայր մը, Ուսուցիչ մը եւ Ամուսին մը եղաւ։

◻ Եհովա «սերունդ»ին առնչութեամբ ի՞նչ կը սորվեցնէ։

◻ Աստուծոյ կողմէ եկած ի՞նչ կենսական ուսուցում պէտք է պահենք։

◻ Եհովա ինչպէ՞ս կը սորվեցնէ։

[Նկար՝ էջ 9]

Յայրոսի աղջիկը յարուցանելը յարութեան մասին Յիսուսի տուած խոստումին հաւատալու հիմ հայթայթեց

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել