Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Փետրուար էջ 1-13
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 4-10
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 11-17
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18-24
  • ՓԵՏՐՈՒԱՐ 25–ՄԱՐՏ 3
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Փետրուար էջ 1-13

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 4-10

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1-3

«Շարունակէ խիղճդ մարզել»

(Հռովմայեցիս 2։14, 15) Քանզի հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, 15 որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը։

Աստուծոյ սէրը 16 ¶6

Ինչպէ՞ս կրնաս մաքուր խղճմտանք մը պահել

6 Խղճմտանքի այս պարգեւը միմիայն Եհովայի ծառաներո՞ւն շնորհուած է։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ սա խօսքերը. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը» (Հռովմայեցիս 2։14, 15)։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք Եհովայի օրէնքներուն բոլորովին անծանօթ են, երբեմն կրնան մղուիլ այս ներքին վկային ընդառաջելու՝ աստուածային սկզբունքներուն համաձայն գործելով։

(Հռովմայեցիս 2։15) Որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը։

Աստուծոյ սէրը 17-18 ¶8-9

Ինչպէ՞ս կրնաս մաքուր խղճմտանք մը պահել

8 Ինչպէ՞ս կրնաս խղճմտանքի վրայ հիմնուած որոշում մը կայացնել։ Ոմանք պարզապէս իրենց զգացումները կը քննեն, ապա կ’որոշեն թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Յետոյ թերեւս ըսեն. «Խիղճս հանգիստ է»։ Սակայն սրտին ցանկութիւնները կրնան այնքան զօրաւոր ըլլալ, որ նոյնիսկ կրնան խղճմտանքին ազդել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ» (Երեմիա 17։9)։ Ուրեմն մեր սրտին ցանկութիւնը ամենակարեւոր բանը չէ, այլ նախ պէտք է նկատի առնենք թէ Եհովա Աստուած ի՛նչ բանի կը հաճի։

9 Եթէ որոշում մը իսկապէս հիմնուած է մեր մարզուած խղճմտանքին վրայ, անիկա պիտի արտացոլէ մեր աստուածավախութիւնը եւ ոչ թէ՝ մեր անձնական ցանկութիւնները։ Նկատի առ օրինակ մը։ Թէեւ հաւատարիմ Նէեմիա կառավարիչը իրաւունք ունէր կարգ մը վճարումներ եւ տուրքեր պահանջելու Երուսաղէմի բնակիչներէն, սակայն ան չպահանջեց։ Ինչո՞ւ։ Ան չկրցաւ տանիլ այն գաղափարն իսկ, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարելով կրնար Եհովայի հաճութիւնը կորսնցնել։ Ան ըսաւ. «Ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի» (Նէեմիա 5։15)։ Անկեղծ աստուածավախութիւնը՝ մեր երկնաւոր Հայրը տհաճեցնելու սրտագին վախը, կենսական է։ Այսպիսի յարգալից վախ մեզ պիտի մղէ Աստուծոյ Խօսքէն առաջնորդութիւն փնտռելու, երբ որոշումներ պիտի կայացնենք։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Հռովմայեցիս 3։4) Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. ‘Որպէս զի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես’։

դ08 6/1 14 ¶5

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

3։4։ Երբ մարդուն խօսքը կը հակասէ իր Խօսքին մէջ Աստուծոյ ըսածներուն, թոյլ կու տանք որ ‘Աստուած ճշմարիտ ըլլայ’, Աստուածաշունչի պատգամին վստահելով եւ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործելով։ Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար մասնակցելով, կրնանք ուրիշներուն օգնել որ տեսնեն թէ Աստուած ճշմարտախօս է։

(Հռովմայեցիս 3։24, 25) Բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան, 25 որը Աստուած նախապէս սահմանած էր, քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։

դ08 6/1 13 ¶6

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

3։24, 25— Յիսուս Քրիստոսի փրկանքը ի՞նչպէս կրնար «նախապէս գործուած մեղքերը» ջնջել։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ արձանագրուած առաջին Մեսիական մարգարէութիւնը կատարում մը ունեցաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ Յիսուս տանջանքի ցիցի մը վրայ սպաննուեցաւ։ (Գաղ. 3։13, 16) Սակայն երբ Եհովա այդ մարգարէութիւնը ըսաւ, իր տեսանկիւնէն դիտուած՝ փրկագինը վճարուած նկատեց, քանի որ իր նպատակը անպայման կ’իրագործուի։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի ապագայ զոհաբերութեան հիման վրայ, Եհովա կրնար Ադամէ սերած մարդոց մեղքերը ներել, որոնք այդ խոստումին կը հաւատային։ Փրկանքը նաեւ կարելի կը դարձնէ որ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն ապրողները յարութիւն առնեն։—Գործք 24։15

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w06 6/1 12-13

Իրապաշտ տեսակէտ ունեցիր քու եւ ուրիշներուն սահմանափակումներուն նկատմամբ

Ուրախ ըլլալու համար պէտք է իրապաշտ տեսակէտ ունենանք մեր եւ ուրիշներուն սահմանափակումներուն նկատմամբ։ Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռովմայեցիս 3։23)։ Եհովայի փառքին շատ մը երեսակները մեր հասկացողութենէն շատ վեր են։ Օրինակ մը կը գտնենք Ծննդոց 1։31–ին մէջ, որ կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։31)։ Ամէն անգամ որ Եհովան որոշէ յետադարձ ակնարկ նետել իր ըրած բաներուն վրայ, կրնայ ըսել՝ «շատ բարի էր»։ Բայց մարդ արարածը չի կրնար միշտ այդպէս ըսել։ Մեր սահմանափակումները ընդունիլը ուրախ ըլլալու առաջին քայլն է։ Բայց ասիկա բաւարար չէ։ Պէտք է տուեալ նիւթին նկատմամբ Եհովային տեսակէտը գիտնանք եւ ընդունինք։

«Մեղք» թարգմանուած յունարէն բառը կու գայ արմատ բառէ մը որ ըսել է՝ «նշանակէտէն վրիպիլ» կամ շեղիլ (Հռովմայեցիս 3։9)։ Օրինակով մը բացատրենք. երեւակայէ որ մէկը կը յուսայ մրցանակ մը շահիլ՝ աղեղով նետը նշանակէտին հասցնելով։ Ան երեք նետ ունի։ Առաջին նետը կ’արձակէ, բայց ատիկա 1 մեթրի չափ կը վրիպի նշանակէտէն։ Ան երկրորդ նետը կ’արձակէ այս անգամ աւելի լաւ նշան առնելով, բայց անիկա 30 սմ.–ով կը շեղի նշանակէտէն։ Հիմա, իր ամբողջ կեդրոնացումը նշանակէտին ուղղելով՝ ան վերջին նետը կ’արձակէ, եւ այս անգամ ատիկա միայն 2 սմ.–ով կը շեղի նշանակէտէն։ Ի՜նչ յուսախաբութիւն։ Նետը շա՛տ մօտ էր նշանակէտին։

Բոլորս այդ յուսախաբ աղեղնաւորին կը նմանինք։ Ատեններ, մեր նշանակէտէն շատ կը վրիպինք։ Ուրիշ անգամներ, մեր նշանակէտին շատ կը մօտենանք, բայց նորէն ալ կը ձախողինք։ Որքա՜ն յուսախաբ կը զգանք, քանի որ շատ ջանք թափեցինք, բայց դեռ բաւարար չէր։ Հիմա դառնանք աղեղնաւորին։

Տխրած՝ ան ետեւ դառնալով կամաց–կամաց կը հեռանայ։ Ան շա՜տ կ’ուզէր մրցանակը շահիլ։ Յանկարծ, խաղին պատասխանատուն զինք կը կանչէ եւ մրցանակ մը տալով կ’ըսէ. «Կ’ուզեմ ասիկա քեզի տալ, քանի որ քեզ կը սիրեմ եւ տեսայ թէ որքա՛ն ջանք թափեցիր»։ Աղեղնաւորը շա՛տ կ’ուրախանայ։

Բոլոր անոնք որոնք յաւիտենական կատարեալ կեանքի «պարգեւը» պիտի ստանան Աստուծմէ, նոյնպէս ուրա՛խ պիտի զգան (Հռովմայեցիս 6։23)։ Ատկէ ետք, ամէն բան որ անոնք կ’ընեն, «բարի» պիտի ըլլայ։ Անոնք անգամ մըն ալ նշանակէտէն պիտի չվրիպին եւ լիովին ուրախ ու գոհունակ պիտի զգան։ Մինչ այդ, ասիկա մեր միտքը պահելը մեզի պիտի օգնէ որ իրապաշտ ըլլանք եւ ճիշդ տեսակէտ ունենանք մեր եւ մեր շուրջիններուն նկատմամբ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 53

ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԸ՝ ՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՀՈՎԻՆ ՈՒ ԾՈՎՈՒՆ ՎՐԱՅ

ՄԱՏԹԷՈՍ 14։22-36 ՄԱՐԿՈՍ 6։45-56 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։14-25

• ՄԱՐԴԻԿ Կ’ՈՒԶԵՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԹԱԳԱՒՈՐ ԸՆԵԼ

• ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՔԱԼԷ, ՀՈՎԸ ԿԸ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՆԷ

Երբ հազարաւորներ կը տեսնեն, թէ Յիսուս ի՜նչ հրաշալի կարողութիւն ունի կերակրելու, շա՛տ կը տպաւորուին։ Անոնք կ’եզրակացնեն՝ ըսելով. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն [Մեսիան], որ աշխարհ պիտի գար» եւ կը տեսնեն, որ շատ լաւ կառավարիչ մը կրնայ ըլլալ (Յովհաննէս 6։14. Բ. Օրինաց 18։18)։ Անոր համար կը մտադրեն Յիսուսը բռնել եւ թագաւոր ընել։

Բայց Յիսուս կ’անդրադառնայ թէ անոնք ինչ կը մտածեն։ Անոր համար ան ժողովուրդը կ’արձակէ եւ իր աշակերտներուն կ’ըսէ, որ իրենց նաւակը մտնեն եւ ուղղուին Բեթսայիդա եւ ետքը՝ Կափառնայում։ Իսկ ինք լեռ կ’ելլէ, գիշերը առանձին աղօթելու համար։

Արշալոյսէն քիչ առաջ, լուսինին լոյսին տակ, Յիսուս հեռուէն կը նկատէ իր աշակերտներուն նաւակը։ Զօրաւոր հովին պատճառով ծովը ալեկոծ վիճակի մէջ է եւ առաքեալները ‘կը տագնապին թի քաշելու ատեն, քանի որ հովը իրենց դէմ է’ (Մարկոս 6։48)։ Յիսուս լեռնէն կ’իջնէ եւ կը սկսի ալիքներուն վրայէն քալելով՝ աշակերտներուն քովը երթալ։ Մինչ այդ, աշակերտները ‘քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացած են’, այսինքն՝ մօտ 5 կամ 6 քիլոմեթր կտրած են (Յովհաննէս 6։19)։ Անոնք Յիսուսը կը տեսնեն եւ ‘կը կարծեն թէ աչքի երեւոյթ մըն է’ (Մարկոս 6։49)։

Յիսուս աշակերտները կը հանգստացնէ՝ ըսելով. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Պետրոսն ալ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս նաւակէն կ’իջնէ եւ ջուրերուն վրայէն կը քալէ, որ Յիսուսին քով երթայ։ Բայց երբ զօրաւոր հովին կը նայի, կը վախնայ եւ կը սկսի ընկղմիլ ու կը պոռայ. «Տէ՛ր, ազատէ»։ Յիսուսն ալ իր ձեռքը երկնցնելով՝ Պետրոսը կը բռնէ ու կ’ըսէ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար» (Մատթէոս 14։27-31)։

Պետրոսն ու Յիսուսը նաւակը կը մտնեն եւ հովը կը հանդարտի։ Աշակերտները շատ կը զարմանան։ Բայց արդեօք իրենց զարմանքը տեղի՞ն է։ Եթէ հասկցած ըլլային «հացին վրայ եղած հրաշքը», այսինքն՝ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս քանի մը ժամ առաջ հազարաւորներ կերակրեց, ուրեմն պէտք չէր զարմանային տեսնելով Յիսուսը ծովուն վրայ կը քալէ եւ հովը կը հանդարտեցնէ։ Իսկ հիմա աշակերտները Յիսուսին երկրպագութիւն կ’ընեն ու կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն» (Մարկոս 6։52. Մատթէոս 14։33)։

Ժամանակ մը ետք անոնք կը հասնին գեղեցիկ եւ պտղաբեր Գեննեսարէթի դաշտը, որ կը գտնուի Կափառնայումի հարաւը։ Անոնք խարիսխը կը նետեն եւ նաւակէն դուրս կու գան։ Մարդիկ շուտով Յիսուսը կը ճանչնան եւ բոլոր շրջակայ վայրերէն հիւանդներ կը բերեն քովը։ Երբ հիւանդները Յիսուսին հանդերձին քղանցքին կը դպչին, կ’առողջանան։

Մինչ այդ, անոնք՝ որոնք ներկայ էին երբ Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց, կը նկատեն որ իրենց շրջանէն հեռացած է։ Անոր համար, երբ Տիբերիայէն նաւակներ կու գան, անոնք այդ նաւակներով Կափառնայում կ’ուղղուին՝ Յիսուսը փնտռելու։ Եւ երբ Յիսուսը կը գտնեն, անոր կը հարցնեն. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս» (Յովհաննէս 6։25)։ Բայց, ինչպէս ետքը պիտի տեսնենք, Յիսուս այդ մարդիկը կը յանդիմանէ։

◇ Յիսուս հազարաւորներ կերակրելէ ետք, մարդիկ ի՞նչ կ’ուզեն ընել։

◇ Ինչո՞ւ աշակերտները պէտք չէր զարմանային, որ Յիսուս կրնայ ծովուն վրայ քալել եւ հովը հանդարտեցնել։

◇ Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ, երբ Յիսուս Կափառնայումի հարաւը կը հասնի։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 11-17

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4-6

«Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը կը յայտնէ»

(Հռովմայեցիս 5։8, 9ա) Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ 9 Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։

(Հռովմայեցիս 5։12) Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։

դ11 6/1 20 ¶5

Աստուծոյ սիրալիր պարգեւը

5 Պօղոս հարցը ուրուագծեց, սկսելով սա կէտով. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։ Ասիկա հասկնալու ի վիճակի ենք, քանի որ Աստուած մարդկային կեանքի ծագումին մասին արձանագրութիւն մը ըրած է։ Եհովան երկու մարդկային արարածներ ստեղծեց՝ Ադամն ու Եւան։ Ստեղծիչը կատարեալ է, նոյնն էր պարագան առաջին զոյգին՝ մեր նախահայրերուն։ Աստուած անոնց միայն մէկ սահմանափակող ցուցմունք տուաւ եւ յայտնեց թէ այդ օրէնքին չհնազանդիլը մահավճիռ պիտի բերէր (Ծն. 2։17)։ Այսուհանդերձ, անոնք ընտրեցին ապականիլ, Աստուծոյ տրամաբանական ցուցմունքը բեկանելով, եւ հետեւաբար մերժելով զինք որպէս Օրէնսդիր եւ Գերիշխան (Բ. Օր. 32։4, 5)։

(Հռովմայեցիս 5։13, 14) Վասն զի մինչեւ օրէնքին ատենը աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր սեպուեր՝ քանի որ օրէնք չկար։ 14 Սակայն մահը Ադամէն մինչեւ Մովսէս թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ, որ օրինակ էր անոր որ ետքը պիտի գար։

դ11 6/1 20 ¶6

Աստուծոյ սիրալիր պարգեւը

6 Միայն մեղանչելէն ետքն է որ Ադամ զաւակներ բերաւ, բոլորին փոխանցելով մեղքն ու ատոր հետեւանքները։ Անշուշտ, Ադամի նման անոնք չէին բեկանած աստուածային օրէնքը, ուստի նոյն մեղքին համար չդատապարտուեցան. եւ անոնց ո՛չ մէկ օրինագիրք տակաւին տրուած էր (Ծն. 2։17)։ Բայց եւ այնպէս, Ադամին զարմը մեղքը ժառանգեց։ Այսպէս, մեղքն ու մահը թագաւորեցին մինչեւ այն ժամանակ, երբ Աստուած իսրայէլացիներուն տուաւ Օրէնքը, որ յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ անոնք մեղաւորներ էին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։13, 14)։ Ժառանգուած մեղքին ազդեցութիւնը կարելի է լուսաբանել որոշ ժառանգական հիւանդութիւններով կամ թերութիւններով, ինչպէս՝ թալասեմիա կամ հեմոֆիլիա։ Թերեւս կարդացած ես, թէ Ռուսիոյ ցարը Նիկոլա Բ. եւ իր կինը Ալեքսանդրա ունէին որդի մը՝ Ալեքսէ, որ արիւնահոսութիւն պատճառող հեմոֆիլիա հիւանդութիւնը ժառանգած էր։ Ճիշդ է որ, նոյնիսկ այսպիսի ընտանիքներու մէջ, կարգ մը երեխաներ այդ հիւանդութիւններէն չեն տառապիր, բայց անոնք տակաւի՛ն կրնան ախտակիր ըլլալ։ Մեղքին պարագան այդպէս չէ։ Ադամէն մեղքը ժառանգելը անխուսափելի էր։ Բոլո՛րը անոր ենթակայ են։ Անիկա միշտ մահաբեր է ե՛ւ բոլոր երեխաներուն կը փոխանցուի։ Այս դժուար կացութիւնը երբեք պիտի նուաճուէ՞ր։

(Հռովմայեցիս 5։18) Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ։

(Հռովմայեցիս 5։21) Որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։

դ11 6/1 20-21 ¶9-10

Աստուծոյ սիրալիր պարգեւը

9 ‘Արդարացնել’ թարգմանուած յունարէն բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։ Անոր առնչութեամբ Աստուածաշունչի թարգմանիչ մը գրեց. «Ատիկա զուտ օրինական արտայայտութիւն մը չէ, բայց օրինական երեսակ մը ունի՛։ Ատիկա կը յայտնէ Աստուծոյ առջեւ փոփոխութիւն մը անհատին դիրքին մէջ, եւ ոչ թէ անհատին մէջ՝ ներքին փոփոխութիւն. . . Փոխաբերութիւնը կը նկարագրէ Աստուած որպէս դատաւոր, որ որոշում կայացուցած է ի նպաստ ամբաստանեալին, որ այլաբանօրէն խօսելով, Իր ատեանին առջեւ բերուած էր՝ անարդարութեան յանցանքով ամբաստանուած։ Բայց Աստուած ամբաստանեալը անմեղ կը հռչակէ»։

10 Ի՞նչ բանի հիման վրայ, ամբողջ երկրի արդար «Դատաւորը» կրնար անարդար անհատ մը անմեղ հռչակել (Ծն. 18։25)։ Կարեւոր քայլ մը առնելով, Աստուած սիրալիրօրէն իր միածին Որդին երկիր ղրկեց։ Յիսուս կատարելապէս իր Հօր կամքը կատարեց, հակառակ փորձութիւններու, ծայրայեղ ծաղրանքի եւ նախատինքի։ Ան ուղղամիտ մնաց, նոյնիսկ տանջանքի ցիցին վրայ մահը դիմագրաւելով (Եբ. 2։10)։ Իր մարդկային կատարեալ կեանքը զոհելով, Յիսուս փրկանք հայթայթեց, որ կրնայ Ադամի սերունդը մեղքէն ու մահէն ազատել (Մատ. 20։28. Հռով. 5։6-9ա)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Հռովմայեցիս 6։3-5) Չէ՞ք գիտեր թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։ 4 Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։ 5 Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք։

դ08 6/1 13 ¶7

Հռովմայեցիս նամակէն աչքառու կէտեր

6։3-5—Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոս Յիսուսով մկրտուիլ եւ իր մահով մկրտուիլ։ Երբ Եհովա Քրիստոսի հետեւորդները սուրբ հոգիով կ’օծէ, անոնք Յիսուսի կը միանան եւ ժողովքին անդամները կ’ըլլան, որ Քրիստոսի մարմինն է, իսկ ինք՝ Գլուխը։ (Ա. Կոր. 12։12, 13, 27. Կող. 1։18) Այսպէս անոնք Քրիստոս Յիսուսով կը մկրտուին։ Օծեալ Քրիստոնեաները նաեւ ‘Քրիստոսի մահով կը մկրտուին’, այսինքն՝ զոհաբերական կեանք մը կը վարեն եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսէն կը հրաժարին։ Հետեւաբար անոնց մահը զոհաբերական է, ինչպէս էր Յիսուսի մահը, թէեւ փրկագին չի ներկայացներ։ Քրիստոսի մահով մկրտուիլը կ’ամբողջանայ, երբ անոնք կը մեռնին եւ երկնային կեանքի կը յարուցանուին։

(Հռովմայեցիս 6։7) Վասն զի ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է։

դ14 6/1 11 ¶1

Նախահայրերուս որեւէ յոյս կա՞յ

Երբ մեղաւորները յարուցանուին, իրենց անցեալի գործերուն համաձայն պիտի դատուի՞ն։ Ո՛չ. Հռովմայեցիս 6։7–ն կ’ըսէ. «Ան որ. . . մեռած է, մեղքէ արդարացած է»։ Մեղաւորները իրենց մահով, իրենց մեղքերուն հատուցումը տուած պիտի ըլլան։ Ուստի, անոնք պիտի դատուին ըստ այն արարքներուն, որ յարութենէ ետք պիտի գործեն։ Անոնք ինչպէ՞ս պիտի օգտուին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 54

ՅԻՍՈՒՍ «ԿԵՆԱՑ ՀԱՑ»Ն Է

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։25-48

• ՅԻՍՈՒՍ «ԵՐԿՆՔԷՆ ԻՋԱԾ ՀԱՑ»Ն Է

Գալիլիայի ծովուն արեւելեան կողմը, Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց եւ ետքը այդ շրջանէն հեռացաւ, երբ գիտցաւ որ մարդիկ կ’ուզեն զինք թագաւոր ընել։ Այդ գիշեր, ան ալեկոծ ծովուն վրայէն քալեց եւ ազատեց Պետրոսը, որ ծովուն վրայ քալելէն քիչ ետք սկսաւ ընկղմիլ։ Ասկէ զատ, Յիսուս հովը հանդարտեցուց՝ իր աշակերտները ազատելով հաւանական նաւաբեկութենէ։

Հիմա Յիսուս ծովուն արեւմտեան կողմն է, Կափառնայումի շրջանը։ Անոնք՝ որոնք հրաշքով կերակրուեցան, Յիսուսը կը գտնեն ու կ’ըսեն. «Ե՞րբ եկար դուն հոս»։ Յիսուս այդ մարդիկը կը յանդիմանէ, ըսելով որ զինք կը փնտռեն միա՛յն՝ նորէն կերակրուելու համար։ Ասկէ զատ, ան անոնց խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ»։ Ասոր վրայ անոնք կը հարցնեն. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք» (Յովհաննէս 6։25-28)։

Թերեւս անոնք ի մտի ունին Օրէնքին նշած գործերը, բայց Յիսուս կը խօսի ամէնէն կարեւոր «գործ»ին մասին, երբ կ’ըսէ. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։ Բայց մարդիկ Յիսուսին չեն հաւատար, հակառակ իր ըրած բոլոր բաներուն։ Անոնք նոյնիսկ Յիսուսէն նշան կը պահանջեն, որ կարենան իրեն հաւատալ։ Անոնք կը հարցնեն. «Ի՞նչ կը գործես։ Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’» (Յովհաննէս 6։29-31. Սաղմոս 78։24)։

Իրենց պահանջին առ ի պատասխան, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ ո՛վ է հրաշքներուն Աղբիւրը՝ ըսելով. «Կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը’։ Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։ Յիսուսին ըսածը չհասկնալով՝ անոնք կը խնդրեն. «Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր» (Յովհաննէս 6։32-34)։ Բայց Յիսուս ո՞ր «հաց»ին մասին կը խօսի։

Ան կը բացատրէ. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։ Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։ . . .Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։ Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։ Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան» (Յովհաննէս 6։35-40)։

Հրեաները կը բարկանան եւ կը սկսին Յիսուսին դէմ տրտնջալ, քանի որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը» (Յովհաննէս 6։41)։ Իրենց համար Յիսուս սովորական մարդ է, որուն ծնողները Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքէն են։ Անոր համար, անոնք հարց կու տան. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք» (Յովհաննէս 6։42)։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ։ Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’» (Յովհաննէս 6։43-47. Եսայի 54։13)։

Ասկէ առաջ, երբ Յիսուս Նիկոդէմոսին հետ կը խօսէր, անոր ըսած էր որ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելը կախեալ է մարդու Որդիին հաւատալէն, նշելով. ‘Ամէն ո՛վ որ անոր [Աստուծոյ միածին Որդիին] հաւատայ՝ պիտի չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ’ (Յովհաննէս 3։15, 16)։ Բայց հիմա ան շատ աւելի մեծ թիւով մարդոց հետ կը խօսի եւ անոնց կ’ըսէ, որ իր միջոցաւ պիտի կրնան յաւիտենական կեանք ունենալ. կեանք մը՝ որ ո՛չ մանանան եւ ոչ ալ բառացի հացը կրնան իրենց տալ։ Ուրեմն, անոնք ինչպէ՞ս կրնան ձեռք ձգել յաւիտենական կեանքը։ Յիսուս կը կրկնէ. «Ես եմ կենաց հացը» (Յովհաննէս 6։48)։

Այս նիւթին շուրջ խօսակցութիւնները կը շարունակուին եւ իրենց գագաթնակէտին կը հասնին, երբ Յիսուս Կափառնայումի ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։

◇ Ինչո՞ւ Յիսուսէն նշան պահանջելը տեղին չէր։

◇ Հրեաները ինչպէ՞ս կը հակազդեն, երբ Յիսուս կ’ըսէ թէ ինք «երկնքէն իջած հաց»ն է։

◇ Ինչո՞ւ Յիսուսին ըսած հացը մանանայէն եւ բառացի հացէն աւելի կարեւոր է։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18-24

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 7-8

«‘Մեծ ակնկալութեամբ’ կը սպասե՞ս»

(Հռովմայեցիս 8։19) Քանզի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։

դ12 7/1 16 ¶17

Թոյլ տուր որ Եհովան քեզ իսկական ազատութեան առաջնորդէ

17 Երբ կը քննարկէր այն ազատութիւնը, որ Եհովան իր երկրային ծառաներուն համար վերապահած է, Պօղոս գրեց. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն»։ Ապա աւելցուց. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։19-21)։ «Ստեղծուածները» կ’ակնարկէ երկրային յոյս ունեցող մարդկութեան, որ պիտի օգտուի Աստուծոյ սուրբ–հոգիով–օծուած որդիներուն ‘յայտնուելէն’։ Այդ յայտնուիլը պիտի սկսի երբ այս «որդիներ»ը, որոնք յարութիւն առնելով երկինքն են, Քրիստոսի հետ երկրագունդը չարիքէ մաքրեն եւ «մեծ բազմութիւն» մը պահպանեն ու նոր աշխարհ մտցնեն (Յայտ. 7։9, 14)։

(Հռովմայեցիս 8։20, 21ա) Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, այն յոյսով։

դ12 3/1 23 ¶11

Մեր յոյսով ուրախանանք

11 Մարդկութեան «յոյս»ի հիմը Եհովան տուաւ, երբ խոստացեալ «սերունդ»ին միջոցաւ, «առաջուան օձ»էն՝ Բանսարկու Սատանայէն ազատում խոստացաւ (Յայտ. 12։9. Ծն. 3։15)։ Այդ «սերունդ»ը գլխաւորաբար Յիսուս Քրիստոսն էր (Գաղ. 3։16)։ Յիսուսի մահն ու յարութիւնը, կարելի դարձուց որ մարդիկ մեղքէն եւ մահէն ազատուելու յոյսը ունենան։ Այս յոյսը «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» հետ կապ ունի։ Փառաւորեալ օծեալները «սերունդ»ին երկրորդական մասն են։ Անոնք պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ Սատանայի չար աշխարհը կործանեն (Յայտ. 2։26, 27)։ Ասիկա փրկութիւն պիտի բերէ ուրիշ ոչխարներուն, որոնք մեծ նեղութենէն պիտի վերապրին (Յայտ. 7։9, 10, 14)։

(Հռովմայեցիս 8։21) Այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին։

դ12 3/1 23 ¶12

Մեր յոյսով ուրախանանք

12 «Ստեղծուածներ»ուն համար ի՜նչ մխիթարութիւն պիտի ըլլայ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Այդ ատեն, փառաւորեալ «Աստուծոյ որդիները» յաւելեալ կերպով պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ որպէս քահանաներ գործեն, մարդկութեան օգնելով որ Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները ստանան։ Որպէս երկնային Թագաւորութեան հպատակներ, «ստեղծուածները» պիտի սկսին մեղքին եւ մահուան ազդեցութիւններէն ձերբազատուիլ։ Հնազանդ մարդիկ աստիճանաբար ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատին’։ Եթէ անոնք Եհովայի հաւատարիմ մնան Հազարամեայ իշխանութեան ե՛ւ վերջին փորձին ընթացքին, անոնց անունները մնայուն կերպով ‘կեանքի գիրքին’ մէջ պիտի գրուին։ Անոնք ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի ունենան (Յայտ. 20։7, 11, 12)։ Արդարեւ փառաւոր յոյս մը։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Հռովմայեցիս 8։6) Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։

դ17.06 3

Կը յիշե՞ս

Ի՞նչ տարբերութիւն կայ «մարմնաւոր» մտածումին եւ «հոգեւոր» մտածումին միջեւ (Հռով. 8։6)։

Ան որ մարմնաւոր մտածում ունի, կը կեդրոնանայ անկատար մարմնին ցանկութիւններուն վրայ եւ միշտ նիւթական բաներու մասին կը խօսի եւ կը քաջալերէ։ Ասիկա մահուան կ’առաջնորդէ։ Իսկ ան որ հոգեւոր մտածում ունի, կը կեդրոնանայ Աստուծոյ հետ կապ ունեցող բաներու վրայ եւ կը հետեւի սուրբ հոգիին։ Ասիկա կեանքի եւ խաղաղութեան կ’առաջնորդէ (դ16.12, էջ 15-17)։

(Հռով. 8։26, 27) Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ 27 Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։

դ09 11/1 14 ¶20

Աղօթքներդ քու մասիդ ի՞նչ կը յայտնեն

20 Մեր անձնական աղօթքներուն մէջ, երբեմն չենք գիտեր ինչ ըսել։ Պօղոս գրեց. «Մենք որ կ’աղօթենք՝ չենք գիտեր թէ ի՛նչպէս պէտք է աղօթել. բայց Հոգին ինք մեզի համար կը բարեխօսէ անմռունչ հառաչանքներով, եւ Աստուած որ սիրտերը կը քննէ՝ գիտէ թէ ի՛նչ կը խորհի Սուրբ Հոգին» (Հռով. 8։26, 27, Անթիլիաս)։ Եհովա բազմաթիւ աղօթքներ գրել տուած է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Ան այս ներշնչեալ աղաչանքները կ’ընդունի որպէս մե՛ր խնդրանքները, եւ հետեւաբար կը կատարէ զանոնք։ Աստուած գիտէ մեզ եւ իմաստը այն բաներուն, զորս իր հոգին խօսեցաւ Աստուածաշունչի գրողներուն միջոցաւ։ Եհովա մեր աղերսանքներուն կը պատասխանէ, երբ հոգին մեզի համար «կը բարեխօսէ»։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին աւելի ընտելանալով, դիւրաւ մեր միտքը պիտի գան այն բաները, որոնց համար կ’ուզենք աղօթել։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 55

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ՇԱՏԵՐԸ ԿԸ ՑՆՑԵՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։48-72

• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՈՒՏԵԼ ԵՒ ԱՐԻՒՆԸ ԽՄԵԼ

• ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԳԱՅԹԱԿՂԻՆ ԵՒ ԱՅԼԵՒՍ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՉԵՆ ՀԵՏԵՒԻՐ

Կափառնայումի ժողովարանին մէջ, Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ որ ինք երկնքէն իջած ճշմարիտ հացն է։ Այնպէս կ’երեւի որ ան կը շարունակէ խօսիլ այն նիւթին մասին, որ սկսած էր խօսիլ Գալիլիայի ծովուն արեւելեան կողմէն եկած մարդոց հետ, որոնց կերակրած էր հացով ու ձուկով։

Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան»։ Յետոյ կ’աւելցնէ. «Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար» (Յովհաննէս 6։48-52)։

Ք.Ե. 30–ի գարնան, Յիսուս Նիկոդէմոսին ըսած էր որ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ իր Որդին ղրկեց որպէս Փրկիչ։ Եւ հիմա Յիսուս կ’ըսէ որ մարդիկ պէտք է ուտեն իր մարմինը, այսինքն՝ հաւատան իր ընելիք զոհին. քանի որ այդպիսով է որ անոնք յաւիտենական կեանք պիտի ունենան։

Բայց մարդիկ կ’առարկեն, ըսելով. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու» (Յովհաննէս 6։53)։ Յիսուս կ’ուզէ որ հասկնան թէ իր ըսածները փոխաբերական իմաստ ունին եւ պէտք չէ բառացիօրէն առնել։ Ասիկա յստակ կը դառնայ իր յաջորդ խօսքերէն։

«Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ... Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի» (Յովհաննէս 6։54-57)։

Կրնաս երեւակայել որ Յիսուսին խօսքերը որքա՛ն կը ցնցեն եւ կը կատղեցնեն հրեաները։ Անոնք թերեւս կը կարծեն որ Յիսուս իրեն մտիկ ընողները կը քաջալերէ, որ մարդակեր ըլլան կամ արիւն չուտելու Աստուծոյ օրէնքը կտրեն (Ծննդոց 9։4. Ղեւտացւոց 17։10, 11)։ Բայց Յիսուս բառացիօրէն մարմին ուտելու եւ արիւն խմելու մասին չի խօսիր, հապա պարզապէս կ’ըսէ որ անոնք՝ որոնք կ’ուզեն յաւիտեան ապրիլ, պէտք է հաւատան այն զոհին, որ ինք պիտի ընէ՝ երբ իր արիւնը եւ կատարեալ մարդկային մարմինը տայ։ Բայց նոյնիսկ իր աշակերտներէն շատեր իր այս սորվեցուցածը չեն հասկնար։ Անոնցմէ ոմանք կ’ըսեն. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել» (Յովհաննէս 6։61)։

Յիսուս տեսնելով որ իր աշակերտներէն ոմանք կը տրտնջան, կ’ըսէ. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ ...Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։ Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար»։ Ասոր վրայ, աշակերտներէն շատեր կը ձգեն–կը քալեն եւ այլեւս Յիսուսին չեն հետեւիր (Յովհաննէս 6։62-65)։

Յիսուս իր 12 առաքեալներուն կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս 6։68-70)։ Պետրոսին այս խօսքերը խոր հաւատարմութիւն ցոյց կու տան, հակառակ անոր որ ինք եւ միւս առաքեալները այդ պահուն լման չեն ըմբռնած Յիսուսին սորվեցուցածը այս նիւթին շուրջ։

Թէեւ Պետրոսին խօսքերը Յիսուսը կ’ուրախացնեն, բայց ան կ’ըսէ. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է» (Յովհաննէս 6։71)։ Ան կը խօսի Յուդա Իսկարիովտացիին մասին։ Հաւանաբար այդ ատեն Յիսուս կը նկատէ որ Յուդան սկսած է սխալ ճամբայ բռնել։

Բայց անշուշտ Յիսուս շատ կ’ուրախանայ գիտնալով, որ Պետրոսն ու միւս առաքեալները կ’ուզեն շարունակել իրեն հետեւիլ եւ կեանք փրկող գործին մասնակցիլ։

◇ Յիսուս ի՞նչ իմաստով իր մարմինը կու տայ մարդոց եւ ինչպէ՞ս կրնայ մէկը ‘Յիսուսին մարմինը ուտել’։

◇ Մարդիկ ինչո՞ւ կը ցնցուին լսելով Յիսուսին խօսքերը իր մարմնին եւ արեան մասին, բայց Յիսուս ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։

◇ Պետրոս ինչպէ՞ս կը հակազդէ, երբ շատեր կը դադրին Յիսուսին հետեւելէ։

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 25–ՄԱՐՏ 3

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 9-11

«Ձիթենիին լուսաբանութիւնը»

(Հռովմայեցիս 11։16) Արդ՝ եթէ երախայրին սուրբ է, նաեւ զանգուածը եւ եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ։

դ11 5/1 26 ¶13

‘Ո՜վ Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութիւնը’

13 Ապա Պօղոս առաքեալ կը համեմատէ զանոնք, որոնք Աբրահամի սերունդին մէկ մասը կ’ըլլան, խորհրդանշական ձիթենիի մը ճիւղերուն հետ (Հռով. 11։21)։ Այս մշակուած ձիթենին կը ներկայացնէ Աստուծոյ նպատակին իրագործումը՝ Աբրահամական ուխտին առնչութեամբ։ Ծառին արմատը սուրբ է եւ կը ներկայացնէ Եհովան որպէս Ան, որ հոգեւոր իսրայէլին կեանք կու տայ (Եսա. 10։20. Հռով. 11։16)։ Ծառին կոճղը կը ներկայացնէ Յիսուսը որպէս Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը։ Ճիւղերը հաւաքականօրէն կը ներկայացնեն Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասին մէջ պարփակուած անհատներու «լրութիւն»ը։

(Հռովմայեցիս 11։17) Եթէ այն ճիւղերէն մէկ քանիները կոտրտեցան ու դուն որ վայրենի ձիթենի էիր՝ անոնց վրայ պատուաստուեցար ու ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեանը հաղորդ եղար։

(Հռովմայեցիս 11։20, 21) Աղէ՛կ, անոնք անհաւատութիւնով կոտրեցան ու դուն հաւատքով հաստատուեցար։ Մի՛ հպարտանար, հապա վախցիր. 21 վասն զի եթէ Աստուած բնական ճիւղերուն չխնայեց, գուցէ քեզի ալ չխնայէ։

դ11 5/1 27 ¶15

‘Ո՜վ Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութիւնը’

15 Ուստի Եհովա իր նպատակը իրագործելու համար ի՞նչ ըրաւ։ Պօղոս կը բացատրէ թէ վայրենի ձիթենիէ մը ճիւղեր պատուաստուեցան մշակուած ձիթենիին վրայ, կտրուած ճիւղերը փոխարինելու համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 11։17, 18)։ Այսպէս, ազգերէ եկած հոգիէն–օծուած քրիստոնեաներ, ինչպէս Հռոմի ժողովքէն ոմանք, այլաբանօրէն պատուաստուեցան այս խորհրդանշական ձիթենիին վրայ։ Այս կերպով՝ անոնք Աբրահամի սերունդին մէկ մասը դարձան։ Նախապէս, անոնք վայրենի ձիթենիի ճիւղերու պէս էին, այս մասնայատուկ ուխտին մէկ մասը ըլլալու որեւէ պատեհութիւն չունենալով։ Բայց Եհովան իրենց համար ճամբան հարթեց, որ հոգեւոր հրեաներ ըլլան (Հռով. 2։28, 29)։

(Հռովմայեցիս 11։25, 26) Վասն զի չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ չգիտնաք այս խորհուրդը, (որպէս զի ինքզինքնիդ իմաստուն չսեպէք,) որ Իսրայէլին մասամբ կուրութիւն եղաւ, մինչեւ հեթանոսներուն լրութիւնը մտնէ։ 26 Այսպէս՝ բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի. ինչպէս գրուած է՝ «Սիօնէն պիտի գայ Փրկիչը ու Յակոբէն ամբարշտութիւնները մէկդի պիտի դարձնէ»։

դ11 5/1 28 ¶19

‘Ո՜վ Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութիւնը’

19 Այո, «Աստուծոյ Իսրայէլին» առնչութեամբ Եհովայի նպատակը հիանալի կերպով կը կատարուի (Գաղ. 6։16)։ Ինչպէս որ Պօղոս ըսաւ, «բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի» (Հռով. 11։26)։ Եհովայի որոշած ժամանակին, «բոլոր Իսրայէլ»,– այսինքն՝ լման թիւով հոգեւոր իսրայէլացիները,– երկինքի մէջ պիտի ծառայեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ։ Ոչի՛նչ կրնայ Եհովայի նպատակը ձախողեցնել։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Հռովմայեցիս 9։21-23) Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։ 22 Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած, 23 եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց։

դ13 6/15 25 ¶5

Թոյլ տուր Եհովայի կրթութեան որ քեզ ձեւաւորէ

5 Եթէ անհատը յամառ է եւ կը մերժէ որ մեծագոյն Բրուտը՝ Եհովան, զինք ձեւաւորէ, Ան իր հեղինակութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ։ Երբ բրուտի մը համար դժուար ըլլայ կաւը իր մտադրած անօթին վերածել, ան կրնայ որոշել ուրիշ տեսակի անօթ շինել կամ այդ կաւը թափել։ Ասիկա սովորաբար կը պատահի, երբ բրուտը ճիշդ կերպով կաւը չձեւաւորէ։ Բայց Եհովան մարդիկը մի՛շտ ճիշդ կերպով կը ձեւաւորէ (Բ. Օր. 32։4)։ Երբ անհատը թոյլ չտայ որ Եհովան զինք ձեւաւորէ, յանցանքը միշտ անհատին վրայ կ’իյնայ։ Մարդիկը ձեւաւորելու կերպը ճշդելը կախեալ է անոնց հակազդեցութենէն։ Երբ մարդիկ Եհովային հնազանդին, իրեն պիտանի կամ օգտակար անհատներ կը դառնան։ Օրինակ, օծեալ քրիստոնեաները «ողորմութիւն գտնող անօթներ» են, որոնք ձեւաւորուած են ‘պատուաւոր’ գործածութեան համար։ Բայց Աստուծոյ խրատը մերժողները պիտի դառնան «բարկութեան առարկայ», որ անգործածելի է (Հռով. 9։19-23)։

(Հռովմայեցիս 10։2, ՆԱ) Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ ճշգրիտ գիտելիքներու համաձայն։

it-1 1260 ¶2

ՆԱԽԱՆՁ, ՆԱԽԱՆՁՈՒԹԻՒՆ

Անտեղի նախանձախնդրութիւն։ Մէկը կրնայ անկեղծօրէն նախանձախնդիր ըլլալ բանի մը, բայց ասով հանդերձ՝ կրնայ սխալ ըլլալ եւ Աստուծոյ հաճելի չըլլալ։ Առաջին դարու հրեաներէն շատերու պարագան այդպէս էր։ Անոնք ջանացին Մովսիսական օրէնքը պահելով արդար սեպուիլ։ Բայց Պօղոս ըսաւ որ անոնց նախանձախնդրութիւնը տեղին չէր, քանի որ «ճշգրիտ գիտելիքներ» չունէին։ Ասոր համար, անոնք չստացան իսկական արդարութիւնը, որ Աստուծմէ կու գայ։ Անոնք պէտք էր իրենց սխալը տեսնէին եւ Քրիստոսին միջոցաւ Աստուծոյ դառնային, որպէսզի արդարութիւն ստանային եւ Օրէնքին դատապարտութենէն ազատէին (Հռով. 10։1-10)։ Տարսոնցի Սօղոսին պարագան այս էր։ Ան չափէ դուրս նախանձախնդիր էր հրէութեան, այն աստիճան որ «կը հալածէր Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէր զանիկա»։ Ան բծախնդրաբար կը պահէր Օրէնքը եւ ‘օրէնքին կողմանէ՝ անարատ’ էր (Գաղ. 1։13, 14. Փլպ. 3։6)։ Բայց հրէութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը անտեղի էր։ Քանի՛ որ Պօղոս անկեղծ սիրտ ունէր, Եհովան իրեն Քրիստոսին միջոցաւ շնորհք ցուցուց եւ ճշմարիտ պաշտամունքին բերաւ (Ա. Տիմ. 1։12, 13)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 56

Ի՞ՆՉՆ Է ՈՐ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ՊՂԾԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 15։1-20 ՄԱՐԿՈՍ 7։1-23 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7։1

• ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԴՈՑ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾԷ

Մինչ Ք.Ե. 32–ի Պասեքը կը մօտենայ, Յիսուս զբաղած է Գալիլիայի մէջ սորվեցնելով։ Ետքը, ան հաւանաբար կ’ուղղուի Երուսաղէմ՝ Պասեքը տօնելու համար, ինչպէս որ Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէ։ Բայց Յիսուս շատ զգուշօրէն կը շարժի, քանի որ հրեաները առիթ կը փնտռեն որ զինք սպաննեն (Յովհաննէս 7։1)։ Պասեքէն ետք, ան Գալիլիա կը վերադառնայ։

Փարիսեցիներն ու դպիրները Երուսաղէմէն Յիսուսին քովը կու գան, հաւանաբար երբ ան Կափառնայումի մէջ է։ Անոնք ինչո՞ւ այսքան ճամբայ կը կտրեն։ Անոնք պատճառ կը փնտռեն, որ Յիսուսը ամբաստանեն Օրէնքը չպահելու յանցանքով։ Անոնք կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն» (Մատթէոս 15։2)։ Աստուած իր ժողովուրդին բնաւ չէր պատուիրած, որ ‘իրենց ձեռքերը մինչեւ արմուկները լուան’ (Մարկոս 7։3, ՆԱ)։ Բայց փարիսեցիները այդ մէկը չընելը լուրջ յանցանք կը սեպեն։

Իրենց ամբաստանութեան ուղղակի պատասխան տալու տեղ, Յիսուս ցոյց կու տայ որ իրե՛նք գիտակցաբար Օրէնքը կը կտրեն։ Ան կ’ըսէ. «Դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինձմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ իր մայրը չպատուէ, ազատ է’» (Մատթէոս 15։3-6. Ելից 20։12. 21։17)։

Փարիսեցիները կ’ըսեն որ երբ մէկը դրամ, ստացուածք կամ որեւէ բան Աստուծոյ նուիրէ որպէս ընծայ, ատիկա այլեւս տաճարին կը պատկանի եւ կարելի չէ զայն ուրիշ նպատակի մը համար գործածել։ Բայց այդ ընծան կը մնայ նուիրող անհատին հետ։ Օրինակ, տղայ զաւակ մը կրնայ ըսել որ իր դրամը կամ ստացուածքը «կորբան» է, այսինքն՝ Աստուծոյ կամ տաճարին նուիրուած ընծայ է. ինչ որ կը նշանակէ որ անոր սեփականութեան իրաւունքը տաճարին կը պատկանի։ Եւ հակառակ անոր որ իր նուիրած դրամը կամ ստացուածքը իրեն հետ կը մնայ, ան կրնայ ըսել որ չի կրնար ատիկա գործածել, որ իր տարեց ծնողներուն հոգ տանի։ Այսպիսով, ան ազատ կ’ըլլայ իր ծնողքին հոգ տանելու պատասխանատուութենէն (Մարկոս 7։11)։

Ասիկա Յիսուսը կը բարկացնէ եւ իր բարկութիւնը տեղին է, քանի որ փարիսեցիները Աստուծոյ Օրէնքը կը փոխեն։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։ Փարիսեցիները չեն կրնար Յիսուսին խիստ քննադատութեան պատասխան տալ։ Ան ալ ժողովուրդը քովը կը կանչէ ու կ’ըսէ. «Լսեցէք ու միտք առէք. ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը» (Մատթէոս 15։6-11. Եսայի 29։13)։

Ետքը, երբ Յիսուս տան մը մէջ է, աշակերտները կը հարցնեն. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ Ան ալ պատասխան տալով՝ կ’ըսէ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (Մատթէոս 15։12-14)։

Այդ ժամանակ, Պետրոսը բոլոր աշակերտներուն անունով Յիսուսէն կը խնդրէ, որ իրենց բացատրէ թէ ի՛նչը մարդը կը պղծէ։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը» (Մատթէոս 15։17-20)։

Յիսուս իր աշակերտներուն չ’ըսեր որ առողջապահական սովորութիւնները անտեսեն, ոչ ալ ըսել կ’ուզէ որ անոնք պէտք չունին իրենց ձեռքերը լուալու՝ ճաշ եփելէ կամ ուտելէ առաջ։ Հապա, ան կը դատապարտէ կրօնական առաջնորդներու կեղծաւորութիւնը, որոնք Աստուծոյ արդար օրէնքները կը փոխեն եւ մարդկային աւանդութիւններ մէջտեղ կը հանեն։ Իրականութեան մէջ, չար գործերը, որոնք սրտէն յառաջ կու գան, կը պղծեն մարդը։

◇ Փարիսեցիներն ու դպիրները ի՞նչ ամբաստանութիւն կ’ընեն։

◇ Փարիսեցիները ինչպէ՞ս գիտակցաբար Աստուծոյ Օրէնքը կը կտրեն։

◇ Ի՞նչն է որ մարդը կը պղծէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել