Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՕԳՈՍՏՈՍ 5-11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1-4
«Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ»
(Բ. Տիմոթէոս 1։7) Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։
Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք
9 Տիմոթէոսի օգնելու համար, Պօղոս յետագային անոր յիշեցուց. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմ. 1։7)։ «Զգաստութիւն»ը կը պարփակէ՝ տրամաբանօրէն մտածելու եւ պատճառաբանելու կարող ըլլալ ու հարցերը դիմագրաւել ի՛նչպէս որ են եւ ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Կարգ մը տհաս պատանիներ երկչոտութեան հոգի կը ցուցաբերեն եւ կը փորձեն ճնշիչ վիճակներէ մտաւորապէս խոյս տալ՝ երկար ժամեր քնանալով, հեռատեսիլ դիտելով, թմրեցուցիչներ առնելով, չափազանց խմիչք գործածելով, յաճախ հաւաքոյթներու ներկայ ըլլալով կամ սեռային անբարոյութիւն գործելով։ Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է, որ ‘ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանան եւ զգաստութեամբ ու արդարութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ ապրին այս աշխարհին մէջ’ (Տիտ. 2։12)։
(Բ. Տիմոթէոս 1։8) Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ։
‘Զօրացէ՛ք ու քաջասի՛րտ եղէք’
7 Տիմոթէոսին գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան։ . . . Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։7, 8. Մարկոս 8։38) Այս խօսքերը կարդալէ ետք, մենք մեզի հարց կրնանք տալ. ‘Հաւատքիս պատճառաւ կ’ամչնա՞մ, թէ ոչ քաջասիրտ եմ։ Աշխատավայրիս (կամ դպրոցիս) մէջ, շուրջիններուս կը գիտցնե՞մ թէ Եհովայի Վկայ մըն եմ, թէ ոչ կը փորձեմ իրողութիւնը ծածկել։ Ուրիշներէն տարբեր ըլլալուս համար կ’ամչնա՞մ, թէ ոչ հպարտ եմ որ Եհովայի հետ ունեցած յարաբերութիւնս զիս տարբեր կը դարձնէ’։ Եթէ անհատ մը բարի լուրը քարոզելու կամ անժողովրդական եղող կեցուածք մը առնելու կը վախնայ, թող յիշէ Յեսուի տուած Եհովայի յորդորը. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր»։ Երբեք մի՛ մոռնաք թէ մեր գործակիցներուն կամ դասընկերներուն կարծիքը չէ որ արժէք մը կը ներկայացնէ, այլ՝ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի կարծիքը։—Գաղատացիս 1։10
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Բ. Տիմոթէոս 2։3, 4) Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։ 4 Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։
Ճշմարի՛տ հարստութեան ետեւէ եղիր
13 Տիմոթէոս հաւատք ունէր։ Պօղոս զինք կոչեց «Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուոր», եւ իրեն ըսաւ. «Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ» (Բ. Տիմ. 2։3, 4)։ Ներկայիս, Յիսուսին հետեւորդները, մէջը ըլլալով աւելի քան մէկ միլիոն լիաժամ ծառաներ, իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ Պօղոսին խրատը գործադրեն։ Անոնք ականջ չեն կախեր այս ագահ աշխարհին ծանուցումներուն, միտքերնին բերելով այս սկզբունքը. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ» (Առ. 22։7)։ Սատանան կ’ուզէ որ մեր ամբողջ ժամանակով ու կորովով գերի ըլլանք իր վաճառական աշխարհին։ Կարգ մը մարդիկ մեծ պարտքերու տակ կը մտնեն որպէսզի տուն գնեն, ինքնաշարժ գնեն, ուսում առնեն կամ նոյնիսկ մեծ հարսանիքներ ընեն։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք տարիներով պարտքի տակ մնալ։ Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք երբ մեր կեանքը պարզացնենք, պարտքի առնելը թեթեւցնենք եւ աւելի քիչ դրամ ծախսենք։ Այսպիսով, ազատ պիտի ըլլանք Աստուծոյ ծառայելու, փոխանակ այս վաճառական աշխարհին գերին ըլլալու (Ա. Տիմ. 6։10)։
(Բ. Տիմոթէոս 2։23) Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։
Եհովայի ծառաները ‘անիրաւ գործերէ հեռու կը մնան’
10 Ներկայիս, Եհովային ծառաները ժողովքէն ներս յաճախ հաւատուրացութիւն չեն դիմագրաւեր։ Բայց եւ այնպէս, երբ անաստուածաշնչական ուսուցումի մը դէմ յանդիման գանք, ինչ որ ալ ըլլայ անոր աղբիւրը, զայն պէտք է վճռականօրէն մերժենք։ Անմտութիւն է վիճիլ հաւատուրացներու հետ, ըլլա՛յ անհատապէս կամ անոնց կայքերը այցելելով կամ հաղորդակցութեան որեւէ կերպով։ Նոյնիսկ երբ նպատակը անհատին օգնել է, այսպիսի զրոյց մեր նկատի առած աստուածաշնչական ուղղութեան հակառակ է։ Փոխարէն, Եհովայի ծառաները ըլլալով, հաւատուրացութենէն լիովին կը խուսափինք, այո՛, զայն կը մերժենք։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 78
Ո՛Վ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՏՆՏԵՍ, ՊԱՏՐԱՍՏ ԿԵՑԻՐ
• ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՏՆՏԵՍԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԿԵՆԱՅ
• ՅԻՍՈՒՍ ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԸՆԵԼՈՒ ԵԿԱԾ Է
Յիսուս բացատրած էր որ միայն «պզտիկ հօտ» մը բաժին պիտի ունենայ երկնային Թագաւորութեան մէջ (Ղուկաս 12։32)։ Ատոր անդամները պէտք չէ թեթեւի առնեն այս հոյակապ վարձատրութիւնը։ Յիսուս նոյնիսկ կը շեշտէ որ շատ կարեւոր է, որ անհատը ճիշդ կեցուածքը ունենայ, որպէսզի այդ Թագաւորութեան մէկ մասը ըլլայ։
Յիսուս իր աշակերտներուն կը պատուիրէ որ պատրաստ ըլլան իր վերադարձին։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ» (Ղուկաս 12։35-37)։
Աշակերտները դիւրութեամբ կրնան ըմբռնել, թէ Յիսուս այս օրինակով ի՛նչ կ’ուզէ շեշտել։ Օրինակին մէջի ծառաները պատրաստ են եւ կը սպասեն իրենց տիրոջ վերադարձին։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ [Տէրը] գիշերուան երկրորդ պահուն գայ [գիշերուան մօտ ժամը իննէն մինչեւ կէս գիշեր], կամ երրորդ պահուն գայ [կէս գիշերէն մինչեւ առտուան մօտ ժամը երեքը] ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները» (Ղուկաս 12։38)։
Յիսուսին նպատակը չէ պարզապէս իր աշակերտներուն խրատ տալ, որ աշխատասէր ծառաներ կամ աշխատողներ ըլլան։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Յիսուսին յաջորդ խօսքէն։ Ինքն իրեն ակնարկելով որպէս Որդին մարդոյ, ան կ’ըսէ. «Դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (Ղուկաս 12։40)։ Ուրեմն, Յիսուս ապագային պիտի գայ եւ կ’ուզէ որ իր հետեւորդները,– մանաւանդ «պզտիկ հօտ»էն եղողները,– պատրաստ ըլլան։
Պետրոս կ’ուզէ հասկնալ որ Յիսուս ճիշդ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, եւ ասոր համար կը հարցնէ. «Տէ՛ր, այդ առակը մեզի՞ կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։ Փոխանակ ուղղակի պատասխան տալու Պետրոսին, Յիսուս օրինակ մը կու տայ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա» (Ղուկաս 12։41-44)։
Նախորդ օրինակին մէջ, «տէրը» յստակօրէն կ’ակնարկէ Յիսուսին՝ Որդին մարդոյ։ Ուրեմն տրամաբանական է որ ‘հաւատարիմ տնտեսը’ կազմուած ըլլայ տղամարդոցմէ, որոնք «պզտիկ հօտ»էն են եւ որոնց պիտի տրուի Թագաւորութիւնը (Ղուկաս 12։32)։ Հոս Յիսուս կ’ըսէ, որ «պզտիկ հօտ»ին կարգ մը անդամները ‘ատենին ուտելիքը պիտի տան’ իր «գերդաստանին»։ Եւ քանի որ այժմ Յիսուսն է որ կը սորվեցնէ եւ հոգեւորապէս կը սնուցանէ Պետրոսը եւ միւս աշակերտները, անոնք կրնան եզրակացնել որ Յիսուս կը խօսի ապագայ ժամանակաշրջանի մը մասին, որուն ընթացքին Որդին մարդոյ պիտի գայ եւ պիտի գտնուի գործօն կարգադրութիւն մը, որուն միջոցաւ Յիսուսին հետեւորդները՝ Տիրոջ «գերդաստանը»՝ հոգեւորապէս պիտի սնուցանուին։
Ետքը Յիսուս կ’ըսէ. «Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ» (Ղուկաս 12։45, 46)։ Յիսուս ասիկա ըսելով կ’ուզէ դարձեալ շեշտել, որ իր աշակերտները պէտք է արթուն ըլլան եւ ճիշդ կեցուածքը ունենան։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ կրնայ ըլլալ որ անոնք թոյլ կեցուածք ունենան եւ սկսին սխալ կերպով մտածել կամ գործել, նոյնիսկ այն աստիճան որ սկսին իրենց հաւատակիցներուն հակառակիլ։
Յիսուս կ’ըսէ որ ինք եկած է ‘կրակ ձգելու երկրի վրայ’։ Եւ ան իսկապէս ալ այդպէս կ’ընէ, խօսելով հարցերու մասին, որոնց պատճառով տաք վիճաբանութիւններ կ’ըլլան եւ կը քօղազերծուին սուտ ուսուցումներն ու աւանդութիւնները։ Ասիկա նոյնիսկ կը բաժնէ ամէնէն մօտիկ անձերը, օրինակ՝ ‘հայրը կը բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն’ (Ղուկաս 12։49, 53)։
Յիսուսին այս խօսքերը մասնաւորաբար ուղղուած են իր աշակերտներուն։ Ետքը, Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ ամբոխին, որոնց մեծամասնութիւնը յամառաբար չէ ընդունած այն բոլոր փաստերը, թէ ինքն է Մեսիան։ Ան կ’ըսէ. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ» (Ղուկաս 12։54-56)։ Յստակ է թէ անոնք պատրաստ չեն Մեսիան ընդունելու։
◇ Ո՞վ է «տէրը», եւ ո՞վ է ‘հաւատարիմ տնտեսը’։
◇ Աշակերտները ինչո՞ւ կրնան եզրակացնել, որ ապագային պիտի ըլլայ հաւատարիմ տնտես մը, եւ տնտեսը ի՞նչ պիտի ընէ։
◇ ‘Պատրաստ կենալու’ պատուէրը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
ՕԳՈՍՏՈՍ 12-18
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՏԻՏՈՍ 1–ՓԻԼԻՄՈՆ
«Երէցներ կարգէ»
(Տիտոս 1։5-9) Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի. 6 եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։ 7 Վասն զի եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող, 8 հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ, 9 հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել։
Հարցումներ ընթերցողներէն
Թէեւ Աստուածաշունչը մանրամասնութեամբ չի բացատրեր թէ այդ օրերուն իւրաքանչիւր նշանակում ինչպէ՛ս կը կատարուէր, սակայն կրնանք որոշ գաղափար մը ունենալ։ Կը կարդանք որ երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս իրենց առաջին միսիոնարական ճամբորդութենէն կը վերադառնային, «իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին [«նշանակեցին», ՆԱ], ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին» (Գործք 14։22)։ Տարիներ ետք, Պօղոս իր ճամբորդակից Տիտոսին գրեց, ըսելով. «Ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես [«նշանակես», ԱԾ], ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի» (Տիտ. 1։5)։ Այնպէս կը թուի թէ Տիմոթէոս ալ, որ Պօղոս առաքեալին հետ շատ ճամբորդած էր, համանման հեղինակութիւն ստացաւ (Ա. Տիմ. 5։22)։ Յստակ է ուրեմն, որ այս նշանակումները շրջագայող տեսուչնե՛րը կը կատարէին, եւ ոչ թէ՝ առաքեալները եւ երէցները Երուսաղէմի մէջ։
Աստուածաշնչական այս օրինակը ի մտի ունենալով, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակելու կերպին մէջ ճշդումներ ըրաւ։ 1 սեպտեմբեր 2014–էն սկսեալ, նշանակումները հետեւեալ կերպով կը կատարուին։ Իւրաքանչիւր շրջանային տեսուչ իր շրջանին մէջ եղած յանձնարարութիւնները ուշադրութեամբ աչքէ կ’անցընէ։ Ժողովքներուն այցելելու ատեն, ան պիտի ջանայ յանձնարարուած եղբայրներուն ծանօթանալ, անոնց հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելով՝ եթէ կարելիութիւն կայ։ Յանձնարարութիւնները ժողովքի երէցներու մարմինին հետ քննարկելէ ետք, շրջանային տեսուչին պատասխանատուութիւնն է նշանակել երէցներ եւ օգնական ծառաներ իր շրջանին պատկանող ժողովքին մէջ։ Այս կերպով, նշանակելու գործընթացը աւելի մօտ է առաջին դարու օրինակին։
Այս գործընթացին զանազան դերերը որո՞նք կը ստանձնեն։ Ինչպէս միշտ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» գլխաւորաբար պատասխանատու է տան ծառաները կերակրելու (Մատ. 24։45-47)։ Հաւատարիմ ծառան սուրբ հոգիին օգնութեամբ Աստուածաշունչը կը քննէ, որպէսզի ուղղութիւններ տայ այն սկզբունքներուն շուրջ, որոնք կապ ունին համաշխարհային ժողովքը կազմակերպելու հետ։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ բոլոր շրջանային տեսուչներն ու Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները։ Իր կարգին, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ գործնական գետնի վրայ կ’օգնէ տրուած ուղղութիւնները կիրարկելու։ Երէցներու մարմինը լրջօրէն եւ լիովին աչքէ պէտք է անցընէ իր յանձնարարած եղբայրներուն սուրբ գրային որակումները։ Իսկ իւրաքանչիւր շրջանային տեսուչ ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը ունի երէցներուն յանձնարարութիւնները ուշադրութեամբ եւ աղօթքով նկատի առնելու եւ ապա որակեալ տղամարդիկը նշանակելու։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Տիտ. 1։12) Անոնցմէ մէկը՝ որ իրենց բուն մարգարէն էր՝ ըսաւ. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»։
w89 5/15 31 ¶5
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Պօղոս անկասկած համաձայն չէր այն ընդհանրացած ցեղային կամ էթնիկ քննադատութիւններուն, որոնք կրետացիներուն մասին էին։ Կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ, քանի որ Պօղոս գիտէր որ Կրետէի մէջ կային լաւ քրիստոնեաներ, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ունէին եւ Իր սուրբ հոգիով օծուած էին (Գործք 2։5, 11, 33)։ Հոն բաւարար թիւով նուիրուած քրիստոնեաներ կային, որ ժողովքներ կազմուէին։ Ճիշդ է որ այդ քրիստոնեաները կատարեալ չէին, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ ստախօս չէին, ոչ ալ դատարկապորտներ կամ ծոյլ որկրամոլներ էին. թէ ոչ Եհովային հաճութիւնը չէին ունենար (Փլպ. 3։18, 19. Յայտ. 21։8)։ Շատ հաւանաբար, Կրետէի մէջ կային ազնուասիրտ անհատներ, որոնք կը ցաւէին տեսնելով իրենց շուրջը եղած բարոյական ցած չափանիշները եւ որոնք պատրաստ էին քրիստոնէական պատգամը ընդունելու (Եզեկ. 9։4. համեմատէ՛ Գործք 13։48)։
(Փիլիմոն 15, 16) Թերեւս այս պատճառաւ անիկա քիչ մը ատեն զատուեցաւ, որպէս զի զանիկա յաւիտեան ունենաս, 16 ո՛չ թէ ծառայի մը պէս, հապա ծառայէ վեր, սիրելի եղբօր պէս եւ եթէ ինծի այսպէս սիրելի է, որչա՜փ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմնի կողմանէ ու թէ՛ Տէրոջը։
Տիտոսի, Փիլիմոնի եւ Եբրայեցիներուն յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր
15, 16—Պօղոս ինչո՞ւ Փիլիմոնէն չխնդրեց որ Ոնեսիմոսին ազատութիւն շնորհէ։ Պօղոս փափաքեցաւ ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելու եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին սորվեցնելու’ իր յանձնարարութեան կառչիլ։ Հետեւաբար, ան ընտրեց ընկերային հարցերու միջամուխ չըլլալ, ինչպէս՝ ստրկութեան վերաբերեալ հարցերը (Գործք 28։31)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 79
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՉՀԱՒԱՏԱՑՈՂ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ
• ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔԵՐԷ ՔԱՂՈՒԱԾ ԴԱՍ ՄԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
• ԿԾԿՏԱԾ ԿԻՆ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿՈՒԻ ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՎ
Յիսուս շատ մը առիթներով փորձած է մարդոց օգնել, որ մտածեն Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութեան մասին։ Ուրիշ առիթ մըն ալ կը ծագի փարիսեցիի մը տան մօտ ամբոխին հետ խօսելէ ետք։
Անոնցմէ ոմանք կը սկսին խօսիլ ցաւալի դէպքի մը մասին։ Անոնք կը պատմեն «Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը [հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի] Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց» (Ղուկաս 13։1)։ Անոնք ինչո՞ւ կը պատմեն այս դէպքը։
Թերեւս այդ գալիլիացիները անոնք էին որոնք սպաննուեցան, երբ հազարաւոր հրեաներ բողոքեցին Պիղատոսին դէմ, քանի որ տաճարին գանձատունէն դրամ առած էր, որպէսզի Երուսաղէմ ջուր մտցնելու համար ջրուղի մը շինէր։ Թերեւս Պիղատոս այդ գումարը ձեռք ձգած էր տաճարին մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն համաձայնութեամբ։ Կրնայ ըլլալ որ դէպքը պատմողները կը կարծեն, որ ատիկա գալիլիացիներուն պատահեցաւ, քանի որ չար բաներ ըրած էին։ Բայց Յիսուս ասոր համամիտ չէ։
Ան կը հարցնէ. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին»։ Իր պատասխանը ո՛չ է։ Բայց ան այս դէպքը կ’օգտագործէ, որ հրեաներուն զգուշացում մը տայ. «Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13։2, 3)։ Ետքը, Յիսուս ուրիշ ցաւալի դէպքի մը մասին կը խօսի, որ թերեւս վերջերս տեղի ունեցած է եւ թերեւս կապ ունի այդ ջրուղիին շինարարութեան հետ։ Ան կը հարցնէ.
«Այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին» (Ղուկաս 13։4)։ Թերեւս ամբոխը կը կարծէ որ այդ մարդիկը մեռան, քանի որ չարութիւն գործած են։ Բայց Յիսուս դարձեալ չի համաձայնիր։ Ան գիտէ որ «ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին եւ հաւանաբար այդ դէպքին պատճառն են (Ժողովող 9։11)։ Սակայն ամբոխը պէտք է դաս առնէ այդ դէպքէն։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13։5)։ Յիսուս ինչո՞ւ հիմա պէտք կը տեսնէ որ այս դասը շեշտէ։
Պատճառը այն է, որ այժմ իր ծառայութեան վերջին տարին է, եւ ան ասիկա կը յստակացնէ առակով մը. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’» (Ղուկաս 13։6-9)։
Արդէն աւելի քան երեք տարիէ ի վեր Յիսուս կը ջանայ հրեաներուն հաւատքը աւելցնել։ Բայց իր ծառայութիւնը շատ պտուղ չէ բերած, քանի որ քիչեր են որ իր աշակերտները դարձած են։ Իսկ հիմա՝ իր ծառայութեան չորրորդ տարուան ընթացքին, ան աւելի ջանք կը թափէ։ Ան փոխաբերական իմաստով կը փորէ եւ պարարտանիւթ կը դնէ հրեայ ազգին թզենիին շուրջը, քարոզելով եւ սորվեցնելով Հրէաստանի եւ Պերեայի մէջ։ Արդիւնքը ի՞նչ է։ Միայն քիչ թիւով հրեաներ կ’ընդառաջեն։ Ազգը չի զղջար եւ կործանումի արժանի է։
Շատ չանցած, մեծամասնութեան ունեցած այս կեցուածքը դարձեալ յայտնի կ’ըլլայ, երբ Շաբաթ օրով Յիսուս ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։ Ան կը տեսնէ կին մը, որ 18 տարիէ ի վեր կծկտած է դիւային ազդեցութեան պատճառով։ Յիսուս անոր կարեկցելով կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես» (Ղուկաս 13։12)։ Իր ձեռքը անոր վրայ կը դնէ եւ ան անմիջապէս կը շտկուի ու կը սկսի փառք տալ Աստուծոյ։
Ժողովարանին իշխանը ասիկա տեսնելով կը բարկանայ եւ կ’ըսէ. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը» (Ղուկաս 13։14)։ Իշխանը չ’ուրանար որ Յիսուս բժշկելու զօրութիւն ունի, հապա՝ մարդիկը կը դատապարտէ որ Շաբաթ օրով կու գան բժշկուելու։ Յիսուս տրամաբանական պատասխան մը կու տայ. «Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։ Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի» (Ղուկաս 13։15, 16)։
Հակառակորդները ամօթով կը մնան, բայց ժողովուրդը կ’ուրախանայ այն փառաւոր գործերուն համար, որոնք Յիսուս կ’ընէ։ Ետքը, Յիսուս հոս՝ Հրէաստանի մէջ կը պատմէ Թագաւորութեան մասին երկու մարգարէական առակներ, որոնք նախապէս նաւուն վրայէն պատմած էր, մինչ ժողովուրդը Գալիլիայի ծովուն ափին կայնած էր (Մատթէոս 13։31-33. Ղուկաս 13։18-21)։
◇ Յիսուս ո՞ր երկու ցաւալի դէպքերը կը գործածէ, որ զգուշացում մը տայ, եւ զգուշացումը ի՞նչ է։
◇ Անպտուղ թզենիին առակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ հրեայ ազգին վիճակը։
◇ Ժողովարանին իշխանը ինչո՞ւ կը բարկանայ, իսկ Յիսուս ինչպէ՞ս անոր կեղծաւորութիւնը մէջտեղ կը հանէ։
ՕԳՈՍՏՈՍ 19-25
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1-3
«Արդարութիւնը սիրէ եւ անօրէնութիւնը ատէ»
(Եբրայեցիս 1։8) Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է»։
Ողջունե՛նք Քրիստոսը՝ փառաւոր Թագաւորը
8 1914–ին, երկնքի մէջ, Եհովան իր Որդին Մեսիական Թագաւոր նշանակեց։ ‘Անոր թագաւորութեան գաւազանը ուղղութեան գաւազան է’, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ անոր իշխանութիւնը միշտ արդար պիտի ըլլայ։ Անոր հեղինակութիւնը վաւերական է, քանի որ Եհովան է անոր իշխանութեան հիմը։ Ասկէ զատ, Յիսուսի աթոռը «յաւիտեանս յաւիտենից» պիտի տեւէ։ Որքա՜ն կը պարծենանք Եհովային ծառայելով՝ այսպիսի զօրեղ Թագաւորի մը իշխանութեան ներքեւ։
(Եբրայեցիս 1։9) Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի։
Ողջունե՛նք Քրիստոսը՝ փառաւոր Թագաւորը
7 Կարդա՛ Սաղմոս 45։6, 7։ Քանի որ Յիսուս արդարութիւնը կը սիրէ եւ կ’ատէ որեւէ բան որ իր Հայրը կ’անպատուէ, Եհովան զինք օծեց որպէս Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը։ Յիսուս «ուրախութեան իւղով» օծուեցաւ իր «ընկերներ»էն աւելի,– Դաւիթի շառաւիղէն եղող Յուդայի թագաւորները։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան ի՛նք Յիսուսը օծեց։ Նաեւ, Եհովան զինք օծեց թէ՛ որպէս Թագաւոր եւ թէ որպէս Քահանայապետ (Սաղ. 2։2. Եբ. 5։5, 6)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ոչ թէ իւղով օծուեցաւ, այլ՝ սուրբ հոգիով, եւ իր իշխանութիւնը երկրային չէ, այլ՝ երկնային։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Եբրայեցիս 1։3) Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։
it-1 1185 ¶1
Պատկեր
Յիսուս միշտ նո՞յն աստիճան արտացոլած է իր Հօր պատկերը։
Աստուծոյ միածին Որդին, որ յետագային որպէս մարդ երկիր եկաւ Յիսուս անունով, իր Հօր պատկերն է (Բ. Կոր. 4։4)։ Յստակօրէն, այս Որդին էր որուն Աստուած խօսեցաւ, ըսելով. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք». ինչ որ կը ցուցնէ որ Որդին կը նմանի իր Հօր։ Եւ այս նմանութիւնը գոյութիւն ունէր այն ատենէն որ Որդին ստեղծուեցաւ (Ծն. 1։26. Յովհ. 1։1-3. Կող. 1։15, 16)։ Երբ ան երկրի վրայ էր որպէս կատարեալ մարդ, իր Հօր յատկութիւնները եւ անձնաւորութիւնը ցուցաբերեց լաւագոյն կերպով որ մարդ արարածը կրնայ ցուցաբերել, եւ այս պատճառով ան կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9. 5։17, 19, 30, 36. 8։28, 38, 42)։ Բայց անկասկած այս նմանութիւնը աւելցաւ երբ Յիսուս յարութիւն առնելով երկինք ելաւ եւ իր Հայրը՝ Եհովան իրեն տուաւ «ամէն իշխանութիւն. . . երկնքի ու երկրի մէջ» (Ա. Պետ. 3։18. Մատ. 28։18)։ Եւ քանի որ այդ ատեն Աստուած Յիսուսը բարձրացուց աւելի բարձր դիրքի, ան սկսաւ իր Հօր փառքը ա՛լ աւելի արտացոլել, քան երբ կ’ընէր առաջ որ երկիր գայ (Փլպ. 2։9. Եբ. 2։9)։ Ան հիմա «[Աստուծոյ] էութեան՝ բուն պատկեր»ն է (Եբ. 1։2-4)։
(Եբրայեցիս 1։10-12) Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է. 11 անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս ու մնաս ու բոլորը լաթի պէս պիտի մաշին 12 ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք եւ պիտի փոխուին, բայց դուն նոյն ինքն ես ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։
it-1 1063 ¶7
Երկինք
Սաղմոս 102։25, 26–ի խօսքերը կը կիրարկուին Եհովա Աստուծոյ, բայց Պօղոս առաքեալ զանոնք կը մէջբերէ ակնարկելով Յիսուս Քրիստոսին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուած իր միածին Որդիին միջոցաւ է որ ֆիզիքական տիեզերքը ստեղծեց։ Պօղոս Որդիին մնայուն գոյութիւնը կը բաղդատէ ստեղծագործութեան գոյութեան հետ, որ Աստուած,– եթէ ուզէ,– կրնայ ‘վերարկուի պէս գալարել’ եւ մէկ կողմ դնել (Եբ. 1։1, 2, 8, 10-12. համեմատէ՛ Ա. Պետ. 2։3)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 80
ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ ԵՒ ԲԱԿԵՐԸ
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՕՍԻ ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԻՆ ԵՒ ԲԱԿԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Յիսուս կը շարունակէ Հրէաստանի մէջ սորվեցնել, եւ այժմ փոխաբերական իմաստով կը խօսի բանի մը մասին, որ իրեն մտիկ ընողները կրնան դիւրութեամբ հասկնալ. ոչխարներ եւ անոնց բակերը։ Օրէնքին տակ եղող իսրայէլացիները շատոնց նմանցուած էին ոչխարներու խումբի։ Ասոր համար, հաւանաբար անոնց միտքը կու գայ Դաւիթին խօսքը. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ» (Սաղմոս 23։1, 2)։ Ուրիշ սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ, վասն զի ան է մեր Աստուածը ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը» (Սաղմոս 95։6, 7)։
Այս «ոչխարները» արդէն «բակ»ի մը մէջ էին այն իմաստով, որ անոնք Մովսիսական օրէնքին ուխտին տակ ծնած էին։ Օրէնքը ցանկապատի մը պէս էր, որ զանոնք կը պաշտպանէր այն ապականիչ սովորութիւններէն, որ այս կարգադրութեան տակ չեղող մարդիկը ունէին։ Բայց կարգ մը իսրայէլացիներ գէշ կերպով կը վարուէին Աստուծոյ հօտին հետ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է» (Յովհաննէս 10։1, 2)։
Թերեւս ժողովուրդին միտքը կու գան անհատներ, որոնք ըսած են որ իրենք Մեսիան են, կամ Քրիստոսը։ Անոնք կը նմանին գողերու եւ աւազակներու։ Ժողովուրդը պէտք չէ հետեւի այդպիսի խաբեբայ մարդոց, հապա պէտք է հետեւի «ոչխարներուն հովիւ»ին, որուն մասին Յիսուս կ’ըսէ.
«Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար» (Յովհաննէս 10։3-5)։
Նախապէս, Յովհաննէս Մկրտիչ դռնապանի մը պէս յայտնեց, որ Յիսուս այն հովիւն է, որուն պէտք է հետեւին Օրէնքին տակ գտնուող այլաբանական ոչխարները։ Եւ Գալիլիայի մէջ, ինչպէս նաեւ Հրէաստանի մէջ, կարգ մը ոչխարներ ճանչցած են Յիսուսին ձայնը։ Լաւ, Յիսուս զանոնք ո՞ւր պիտի հանէ, եւ ի՞նչ պիտի պատահի երբ իրեն հետեւին։ Թերեւս այսպիսի հարցումներ կ’անցնին ոմանց միտքէն, քանի որ ‘չեն իմանար թէ ի՞նչ է որ իրենց կը խօսի’ (Յովհաննէս 10։6)։
Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ Ամէն անոնք որ ինձմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ» (Յովհաննէս 10։7-9)։
Յստակ է թէ Յիսուս նոր բանի մը մասին կը խօսի։ Իրեն մտիկ ընողները գիտեն, որ ինք Օրէնքի ուխտին տանող դուռը չէ, քանի որ Օրէնքը արդէն դարերէ ի վեր գոյութիւն ունի։ Ուրեմն, Յիսուս ըսել կ’ուզէ, որ ինք ուրիշ բակի մը դուռն է, եւ թէ այն ոչխարները՝ որոնք «դուրս կը հանէ», պէտք է այդ բակը մտնեն։ Արդի՞ւնքը։
Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ իր դերին մասին. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ» (Յովհաննէս 10։10, 11)։ Ան նախապէս հանգստացուցած էր իր աշակերտները, ըսելով. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկաս 12։32)։ Յիսուս «պզտիկ հօտ»ին անդամներն է որ պիտի առաջնորդէ դէպի նոր բակ, «որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան»։ Ի՜նչ օրհնութիւն է այդ հօտին մէկ մասը ըլլալ։
Յիսուս ուրիշ բան մըն ալ ունի ըսելիք այս նիւթին մասին։ Ան կ’ըսէ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» (Յովհաննէս 10։16)։ Ըսելով որ «ուրիշ ոչխարներ»ը «այս բակէն չեն», Յիսուս ցոյց կու տայ որ անոնք չեն պատկանիր «պզտիկ հօտ»ին, որ Թագաւորութիւնը պիտի ժառանգէ, հապա՝ ուրիշ բակի կը պատկանին։ Այս երկու բակերուն ոչխարները տարբեր ապագայ ունին։ Բայց երկուքն ալ պիտի օգտուին Յիսուսի դերէն։ Ան կ’ըսէ. «Անոր համար իմ Հայրս զիս կը սիրէ, որովհետեւ ես իմ կեանքս կը դնեմ» (Յովհաննէս 10։17)։
Ժողովուրդէն շատեր կ’ըսեն. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենթեցած է»։ Բայց ուրիշներ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն եւ կ’ուզեն հետեւիլ Բարի Հովիւին։ Անոնք կ’ըսեն. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ» (Յովհաննէս 10։20, 21)։ Յստակ է թէ անոնք կ’ակնարկեն այն առիթին, երբ Յիսուս կոյր ծնած մարդուն աչքերը բացաւ։
◇ Հրեաներուն միտքը թերեւս ի՞նչ կու գայ, երբ Յիսուս կը խօսի ոչխարներու եւ բակերու մասին։
◇ Յիսուս որո՞ւն համար կ’ըսէ որ Բարի Հովիւն է, եւ ոչխարները ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելեն։
◇ Յիսուսին հետեւող ոչխարները ի՞նչ երկու խումբերու բաժնուած են։
ՕԳՈՍՏՈՍ 26–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4-6
«Լաւագոյնդ ըրէ որ Աստուծոյ հանգիստը մտնես»
(Եբրայեցիս 4։1) Ուրեմն վախնանք, որ չըլլայ թէ անոր հանգիստը մտնելու խոստումէն, որ մեզի մնացեր է, ձեզմէ մէկը զրկուի։
(Եբրայեցիս 4։4) Վասն զի գիրքը այսպէս կ’ըսէ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար. «Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն»։
Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստը
3 Ապացոյցի երկու եզրեր մեզ կ’առաջնորդեն այն եզրակացութեան, թէ մ.թ. առաջին դարուն տակաւին եօթներորդ օրը կը շարունակուէր։ Առաջին, նկատի առ Յիսուսի խօսքերը, զորս իր հակառակորդներուն ուղղեց։ Քանի որ Շաբաթ օրը մարդիկը կը բժշկէր, անոնք Յիսուսի դէմ բարկացած էին՝ իր ըրածը գործի ձեւ մը նկատելով։ Տէրը անոնց ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յովհ. 5։16, 17)։ Ի՞նչ էր բուն կէտը։ Յիսուս Շաբաթ օրը աշխատելու յանցանքով կ’ամբաստանուէր։ Ան այդ ամբաստանութեան պատասխանեց ըսելով՝ «իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ»։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս զինք քննադատողներուն կ’ըսէր. ‘Հայրս եւ ես նոյն գործը կ’ընենք։ Որովհետեւ Հայրս հազարամեակներ տեւող իր Շաբաթ օրուան ընթացքին շարունակ կ’աշխատի, ուրեմն ես ալ կրնամ նո՛յնիսկ Շաբաթ օրը աշխատիլ’։ Յիսուսի խօսքը ցոյց կու տայ, թէ այդ ատեն անոնք տակաւին եօթներորդ օրուան, այսինքն՝ երկրի վրայ ստեղծագործութիւն ընելէ հանգստանալու Աստուծոյ օրուան մէջ էին։ Բայց Աստուած դեռ կ’աշխատէր, մարդոց եւ երկրի առնչութեամբ իր նպատակը իրագործելու համար։
4 Պօղոս առաքեալ ապացոյցի երկրորդ եզրը կու տայ։ Աստուծոյ հանգիստին մասին Ծննդոց 2։2–ը մէջբերելով՝ ներշնչման ներքեւ ան գրեց. «Մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք» (Եբ. 4։3, 4, 6, 9)։ Ուստի, եօթներորդ օրը Պօղոսի օրերուն տակաւին կը շարունակուէր։ Հանգիստի այդ օրը դեռ ո՞րքան պիտի տեւէր։
5 Այդ հարցումին պատասխանելու համար, հարկ է որ եօթներորդ օրուան նպատակը յիշենք։ Ծննդոց 2։3–ը զայն կը բացատրէ. «Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց»։ Եհովա այդ օրը սրբեց կամ զատեց, որպէսզի իր նպատակը իրագործէ, որ է՝ հնազանդ տղամարդիկ ու կիներ երկրի վրայ ապրին եւ կեանքի բոլոր տեսակներուն հոգ տանին (Ծն. 1։28)։ Երկրի նկատմամբ այդ նպատակը իրագործելու համար, Եհովա Աստուած եւ «շաբաթին տէրը»՝ Յիսուս Քրիստոս, ‘մինչեւ հիմա կը գործեն’ (Մատ. 12։8)։ Ուստի, Աստուծոյ հանգիստը պիտի շարունակուի մինչեւ որ Իր նպատակը լիովին իրագործուի՝ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։
(Եբրայեցիս 4։6) Ուստի ոմանք հոն պիտի մտնեն։ Բայց անոնք որ նախապէս աւետիսը առած էին, անհաւատութեան համար չմտան։
Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստը
6 Աստուծոյ նպատակը յստակ կերպով Ադամի ու Եւայի բացատրուեցաւ, սակայն անոնք անոր հետ չհամագործակցեցան։ Անշուշտ, Ադամ ու Եւա միայն առաջին մարդիկն էին, որոնք ըմբոստ ընթացք մը հետապնդեցին։ Անկէ ի վեր, միլիոնաւորներ անհնազանդ եղած են։ Նո՛յնիսկ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը՝ իսրայէլ ազգը, անհնազանդ ընթացքի մը մէջ ինկաւ։ Եւ յատկանշականօրէն, Պօղոս առաջին դարու քրիստոնեաները զգուշացուց, թէ իրենցմէ ոմանք վաղեմի իսրայէլացիներուն նման կրնային նոյն ծուղակին մէջ իյնալ։ Ան գրեց. «Ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ» (Եբ. 4։11)։ Նկատէ՛ թէ Պօղոս անհաւատութիւնը կամ անհնազանդութիւնը, Աստուծոյ հանգիստը չմտնելուն հետ կը կապէ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Եթէ կերպով մը Աստուծոյ նպատակին դէմ ըմբոստանանք, արդեօք Աստուծոյ հանգիստը չմտնելու վտանգը կը դիմագրաւե՞նք։ Յստակ է որ այդ հարցումին պատասխանը մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունի, եւ զայն ետքը պիտի քննարկենք։ Սակայն այժմ տեսնենք, թէ տակաւին ի՛նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ հանգիստը մտնելու մասին, նկատի առնելով իսրայէլացիներուն վատ օրինակը։
(Եբրայեցիս 4։9-11) Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ 10 Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։ 11 Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ։
Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստը
16 Ներկայիս, մեզմէ ո՛չ ոք կը հաւատայ, թէ փրկութեան համար քրիստոնեաները պէտք է մովսիսական օրէնքին հնազանդին։ Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը շատ յստակ են. «Շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ» (Եփ. 2։8, 9)։ Ուրեմն, քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հանգիստը մտնել։ Եհովա զատեց եօթներորդ օրը,– իր հանգիստի օրը,– երկրի նկատմամբ իր նպատակը փառաւոր կատարման բերելու համար։ Կրնա՛նք Եհովայի հանգիստը մտնել,– կամ իր հանգիստին մէջ իրեն միանալ,– հնազանդօրէն գործելով՝ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի յայտնուած իր յառաջդիմական նպատակին հետ ներդաշնակ։
17 Միւս կողմէ, եթէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին տուած աստուածաշնչական խրատը թեթեւի առնենք՝ անկախ ընթացք մը ընտրելով, Աստուծոյ նպատակին դէմ գործած կ’ըլլանք։ Ասիկա կրնայ Եհովայի հետ մեր խաղաղ փոխյարաբերութիւնը վտանգի ենթարկել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք սովորական պարագաներ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին կ’ազդեն եւ պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս մեր առած որոշումները,– ընտրել հնազանդիլ կամ անկախ ընթացք ունենալ,– կրնան նշել թէ Աստուծոյ հանգիստը մտա՛ծ ենք կամ ոչ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Եբրայեցիս 4։12) Վասն զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Ի՞նչ է Եբրայեցիս 4։12–ին նշած «Աստուծոյ խօսքը», որ «կենդանի է ու զօրեղ»։
▪ Շուրջի համարները կը ցուցնեն թէ Պօղոս առաքեալ կը խօսէր Աստուծոյ արտայայտուած նպատակին մասին, այսինքն՝ Աստուծոյ այն պատգամին մասին, որ կապ ունի Իր նպատակին հետ, օրինակ՝ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք։
Շատ անգամներ, Եբրայեցիս 4։12–ը նշած ենք մեր հրատարակութիւններուն մէջ, որպէսզի ցուցնենք թէ Սուրբ Գիրքը ունի այն ուժը որ կեանքեր կը փոխէ, եւ ասիկա տեղին է։ Սակայն, կ’օգտուինք երբ Եբրայեցիս 4։12–ի շուրջի համարներն ալ նկատի առնենք։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաները կը քաջալերէր, որ Աստուծոյ նպատակներուն հետ համագործակցին։ Այդ նպատակներէն շատերը կը գտնուէին սուրբ գրութիւններուն մէջ։ Պօղոս գործածեց այն իսրայէլացիներուն օրինակը, որոնք Եգիպտոսէն ազատագրուած էին։ Անոնք Աւետեաց երկիրը՝ «կաթ ու մեղր բղխող երկիր»ը մտնելու յոյսը ունէին, ուր կրնային իսկական հանգստութիւն վայելել (Ել. 3։8. Բ. Օր. 12։9, 10)։
Ասիկա Աստուծոյ արտայայտուած նպատակն էր։ Բայց յետագային, իսրայէլացիները Եհովային ուղղութիւնը մերժեցին եւ հաւատքի պակաս ցուցուցին։ Ասոր համար, անոնց մեծամասնութիւնը չմտաւ այդ հանգիստը (Թուոց 14։30. Յես. 14։6-10)։ Սակայն, Պօղոս ըսաւ որ դեռ կայ «[Աստուծոյ] հանգիստը մտնելու խոստում» մը (Եբ. 3։16-19. 4։1)։ Յստակօրէն, այս «խոստում»ը մաս կը կազմէ Աստուծոյ արտայայտուած նպատակին։ Կրնանք եբրայեցի քրիստոնեաներուն պէս կարդալ այս նպատակին մասին եւ ատոր հետ համագործակցիլ։ Պօղոս մէջբերեց Ծննդոց 2։2–էն եւ Սաղմոս 95։11–էն, որպէսզի շեշտէ թէ այս խոստումը հիմնուած է Սուրբ Գրութիւններուն վրայ։
Վստահաբար մեր սրտին կը դպչի, որ ‘մնացեր է Աստուծոյ հանգիստը մտնելու խոստումը’։ Վստահ ենք որ Սուրբ Գիրքին տուած այս յոյսը իսկապէս կարելի է, եւ արդէն քայլեր առեր ենք որ մտնենք այս հանգիստը։ Բայց Մովսիսական օրէնքին հետեւելով կամ Եհովային հաճութիւնը շահելու համար լաւ բաներ ընելով չէ որ այս քայլերը առած ենք։ Փոխարէն, հաւատքո՛վ ուրախութեամբ համագործակցած ենք իր նպատակին հետ, եւ կը շարունակենք համագործակցիլ։ Նաեւ, աշխարհի չորս կողմը հազարաւոր մարդիկ սկսած են Սուրբ Գիրքը սերտել եւ սորվիլ այն բաներուն մասին, որ Աստուած յայտնած է իր նպատակին նկատմամբ։ Ասիկա շատերը մղած է որ իրենց ապրելակերպը փոխեն, հաւատան եւ մկրտուին։ Այս բանը յստակ փաստ է, որ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։ Ի՛նչ որ Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ յայտնած է իր նպատակին մասին՝ արդէն ազդած է մեր կեանքին, եւ պիտի շարունակէ ազդել։
(Եբ. 6։17, 18) Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. 18 որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու։
it-1 1139 ¶2
Յոյս
Յաւիտենական կեանք եւ անապականութիւն ստանալու յոյսը, որ «երկնային կոչումին մասնակիցներ»ը ունին (Եբ. 3։1), շատ հաստատ եւ վստահելի է, քանի որ երկու բաներ կան որ կը ցուցնեն որ անկարելի է որ Աստուած սուտ խօսի. իր խոստումը եւ իր երդումը։ Եւ այս յոյսը Քրիստոսին ձեռքերուն մէջն է, որ հիմա երկինքին մէջ անմահ է։ Ասոր համար, այս յոյսին մասին կ’ըսուի որ «հաստատ ու անշարժ խարիսխ [մըն է] մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ [ինչպէս որ քահանայապետը Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր Քաւութեան օրը]. ուր Յիսուս իբրեւ առաջնորդ մտաւ մեզի համար՝ յաւիտենական Քահանայապետ ըլլալով Մելքիսեդեկին կարգին պէս» (Եբ. 6։17-20)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 81
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԻՐ ՀԱՅՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԷԿ ԵՆ
• «ԵՍ ՈՒ ՀԱՅՐԸ ՄԷԿ ԵՆՔ»
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՑՈՒՑՆԷ ՈՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾ Չ’ԸՆԵՐ
Յիսուս Երուսաղէմ եկած է Նաւակատիքի տօնին համար։ Այս տօնը կը յիշատակէ տաճարին երկրորդ նաւակատիքը։ Աւելի քան մէկ դար առաջ, Սուրիոյ թագաւորը՝ Անտիոքոս Դ. Եփիփանոս, հեթանոսական զոհասեղան մը շինեց Աստուծոյ տաճարին զոհասեղանին վրայ։ Ետքը, հրեայ քահանայի մը որդիները Երուսաղէմը ազատագրեցին եւ տաճարը դարձեալ Եհովային նուիրեցին։ Ատկէ ի վեր, ամէն տարի այս տօնակատարութիւնը կը սկսի քասղեւ ամսուան 25–ին,– այն ամիսը որ կը համապատասխանէ նոյեմբերի կէսէն մինչեւ դեկտեմբերի կէսին։
Ձմեռ է եւ օդը պաղ է։ Յիսուս կը քալէ տաճարին մէջ՝ Սողոմոնի սրահը։ Հրեաները իր շուրջը հաւաքուելով կը հարցնեն. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ» (Յովհաննէս 10։22-24)։ Յիսուս ի՞նչ պիտի պատասխանէ։ Ան կը նշէ. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք»։ Յիսուս իրենց ուղղակիօրէն չէ ըսած, որ ինք Քրիստոսն է, ինչպէս որ սամարացի կնոջ ըսած էր (Յովհաննէս 4։25, 26)։ Բայց իր ինքնութիւնը յայտնած է, ըսելով. «Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես» (Յովհաննէս 8։58)։
Յիսուս կ’ուզէ որ մարդիկ անձամբ եզրակացնեն որ ինք Քրիստոսն է, իր գործերը բաղդատելով այն գործերուն հետ, որոնք ըստ մարգարէութեան՝ Քրիստոս պիտի ընէր։ Ասոր համար է որ ան ուրիշ առիթներով իր աշակերտներուն ըսաւ, որ մէկու մը չըսեն թէ ինք Մեսիան է։ Բայց ան հիմա այդ թշնամական հրեաներուն բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։ Բայց դուք չէք հաւատար» (Յովհաննէս 10։25, 26)։
Անոնք ինչո՞ւ չեն հաւատար որ ինք Քրիստոսն է։ Յիսուս կ’ըսէ. «Դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի։ Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։ Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է»։ Ետքը, Յիսուս անոնց կ’ըսէ թէ որքա՛ն մտերիմ է իր Հօրը հետ, ըսելով. «Ես ու Հայրը մէկ ենք» (Յովհաննէս 10։26-30)։ Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ ինք եւ իր Հայրը բառացիօրէն մէկ են, քանի որ ինք երկրի վրայ է, իսկ իր Հայրը՝ երկինքը։ Անոնք ‘մէկ են’ այն իմաստով, որ նոյն նպատակը ունին եւ միութիւն կայ իրենց միջեւ։
Հրեաները այնքա՛ն կը ջղայնանան, որ քարեր կը վերցնեն զինք քարկոծելու համար։ Բայց Յիսուս չի վախնար։ Ան կ’ըսէ. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն. . . ինքզինքդ Աստուած կ’ընես» (Յովհաննէս 10։31-33)։ Յիսուս բնա՛ւ չդաւանեցաւ աստուած մը ըլլալ։ Լաւ, ինչո՞ւ համար այս բանը կ’ըսուի իր մասին։
Քանի որ Յիսուս կ’ըսէ թէ ինք ունի այնպիսի զօրութիւն մը, որ ըստ հրեաներուն՝ միայն Աստուծոյ կը պատկանի։ Օրինակ, Յիսուս «ոչխարներ»ուն նկատմամբ ըսաւ. «Անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ», ինչ որ բան մըն է, որ մարդ արարածը չի կրնար ընել (Յովհաննէս 10։28)։ Հրեաները կ’անտեսեն այն իրողութիւնը, որ Յիսուս բացէ ի բաց ըսած է, թէ ինք իշխանութիւն ստացած է իր Հօրմէն։
Հրեաներուն ըսածը հերքելու համար, Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ ձեր օրէնքին մէջ [Սաղմոս 82։6–ին մէջ] գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։ Եթէ ‘աստուածներ’ կ’անուանէ զանոնք [Իսրայէլի դատաւորները], որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ. . . հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար» (Յովհաննէս 10։34-36)։
Եթէ Սուրբ Գրութիւնները նոյնիսկ անարդար մարդկային դատաւորները կը կոչէ «աստուածներ», հրեաները ինչպէ՞ս կրնային Յիսուսը յանդիմանել՝ «Աստուծոյ Որդի եմ» ըսելուն համար։ Հիմա Յիսուս կ’ըսէ բան մը, որ պէտք է համոզիչ ըլլայ անոնց համար. «Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։ Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ» (Յովհաննէս 10։37, 38)։
Երբ ասիկա կը լսեն, հրեաները կը փորձեն Յիսուսը բռնել, բայց ան նորէն կը փախչի։ Ան Երուսաղէմէն ելլելով Յորդանան գետը կը կտրէ եւ կ’երթայ այն շրջանը, ուր Յովհաննէս գրեթէ չորս տարի առաջ սկսաւ մարդիկը մկրտել։ Ըստ երեւոյթին, այդ շրջանը մօտ է Գալիլիայի ծովուն հարաւային մասին։
Շատեր Յիսուսին գալով կ’ըսեն. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ, բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր» (Յովհաննէս 10։41, 42)։ Այսպիսով, շատ մը հրեաներ Յիսուսին կը հաւատան։
◇ Յիսուս ինչո՞ւ մարդոց կ’ըսէ, որ իր գործերուն ուշադրութիւն դարձնեն։
◇ Յիսուս եւ իր Հայրը ի՞նչ իմաստով մէկ են։
◇ Սաղմոսաց գիրքէն Յիսուսին ըրած մէջբերումը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ ինքզինք աստուած մը կամ Աստուծոյ հաւասար չ’ըներ։