Բակը եւ Հովիւը
Յիսուսի կեանքը եւ ծառայութիւնը
ՅԻՍՈՒՍ Երուսաղէմ կը գտնուի Նաւակատիքի՝ կամ Հանուգգայի՝ Տօնին ժամանակ, որ տաճարը Եհովայի վերանուիրագործելու առիթով հաստատուած տօն մըն էր։ Անկէ շուրջ 200 տարիներ առաջ, Հ.Դ.Ա. 168–ին, Անտիոքոս Դ. Եփիփանոսը Երուսաղէմը գրաւած եւ անոր տաճարը եւ խորանը սրբապղծած էր։ Սակայն, երեք տարի ետք, Երուսաղէմը ետ գրաւուած եւ տաճարը դարձեալ նուիրագործուած էր։ Անկէ ետք, ամէն տարի վերանուիրագործումի տօնակատարութիւն մը կը պահէին։
Նաւակատիքի այս Տօնը Հրէական Քասղեւ ամսուն տեղի կ’ունենայ, որ ներկայ օրացոյցով Նոյեմբերի վերջաւորութեան եւ Դեկտեմբերի սկիզբին կը համապատասխանէ։ Հետեւաբար, հարիւր օրէն քիչ մը աւելի մնացած էր Հ.Դ. 33–ի յիշատակելի Պասէքին համար։ Քանի որ անիկա պաղ եղանակ է, Յովհաննէս զայն «ձմեռ» կը կոչէ։
Արդ, Յիսուս առակ մը կու տայ որու մէջ կը յիշէ երեք բակեր եւ իր դերը՝ որպէս Բարի Հովիւ։ Անոր յիշած առաջին բակը, Մովսիսական Օրէնքի ուխտի կարգադրութեան հետ կապ ունի։ Օրէնքը որպէս ցանկապատ ծառայեց, Հրեաները զատելով Աստուծոյ հետ այս մասնաւոր ուխտին մէջ չեղող մարդոց ապականիչ սովորութիւններէն։ Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է»։
Ուրիշներ եկած եւ Մեսիան, կամ Քրիստոսը, ըլլալ դաւանած էին, բայց անոնք այդ ճշմարիտ հովիւը չէին, որու մասին Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ. «Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ ... Օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասնզի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։
Առաջին բակին «դռնապանը» Յովհաննէս Մկրտիչն էր։ Յովհաննէս որպէս դռնապան Յիսուսի առջեւ ‘բացաւ’ դուռը, այն այլաբանական ոչխարներուն ներկայացնելով զինք, որոնց Յիսուս առօտավայր պիտի տանէր։ Այս ոչխարները, որոնք Յիսուս իրենց անունովը կը կանչէ ու դուրս կը հանէ, վերջապէս ուրիշ բակի մը մէջ կ’ընդունուին, ինչպէս ինք կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’», այսինքն, նոր բակին դուռը։ Երբ Յիսուս նոր ուխտը հաստատեց իր աշակերտներուն հետ եւ անոնց վրայ երկինքէն սուրբ հոգին թափեց յաջորդ Պէնտէկոստէին, անոնք այս նոր բակին մէջ բերուեցան։
Յիսուս իր դերին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն տալով, կ’ըսէ. «‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ ...։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ .. Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։ Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ»։
Տակաւին Յիսուս նոր հանգստացուցած էր իր հետեւորդները, ըսելով. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասնզի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Այս պզտիկ հօտը, որու վերջնական թիւը 144,000 է, այս նոր ուխտին, կամ երկրորդ բակին մէջ կու գայ։ Բայց Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ»։
Քանի որ «ուրիշ ոչխարներ»ը «այս բակէն չեն», ուրեմն անոնք ուրիշ բակի մը՝ երրորդ բակին կը պատկանին։ Այս վերջին երկու բակերը, կամ ոչխաներու փարախները, իրարմէ տարբեր յոյսեր ունին։ Մէկ բակին մէջ գտնուող «պզտիկ հօտ»ը, Քրիստոսին հետ երկնքի մէջ պիտի թագաւորէ, իսկ միւս բակին մէջի «ուրիշ ոչխարներ»ը, Դրախտ երկրի մը վրայ պիտի ապրին։ Սակայն, երկու բակերու մէջ գտնուելով հանդերձ, ոչխարները նախանձ չունին, ոչ ալ անջատուած կը զգան, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, անոնք «մէկ հօտ» են, «մէկ հովիւ»ի ներքեւ։
Բարի Հովիւը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ իր կեանքը յօժարակամօրէն կու տայ ոչխարներու երկու բակին համար։ «Ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս», կ’ըսէ ան։ «Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։ Յիսուսի այս խօսքերուն վրայ, Հրեաներուն մէջ պառակտում մը կ’ըլլայ։
Հոն եղողներէն շատեր կ’ըսեն. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենդեցած է. ինչո՞ւ ատոր մտիկ կ’ընէք»։ Իսկ ուրիշներ կը պատասխանեն. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն»։ Ապա, հաւանաբար քանի մը ամիս առաջ կոյր ծնած մարդուն բուժումին ակնարկելով, անոնք կ’աւելցնեն. «Միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ»։ Յովհաննու 10։1–22. 9։1–7. Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 14։1, 3. 21։3, 4 Սաղմոս 37։29
◆ Նաւակատիքի Տօնը ի՞նչ է, եւ անիկա ե՞րբ կը տօնուի։
◆ Ի՞նչ է առաջին բակը, եւ ո՞վ է անոր դռնապանը։
◆ Դռնապանը ինչպէ՞ս դուռը կը բանայ Հովիւին, եւ անկէ ետք ոչխարները ո՞ւր կ’ընդունուին։
◆ Բարի Հովիւին երկու բակերը որո՞նցմէ բաղկացած են, եւ անոնք քանի՞ հօտ կ’ըլլան։