-
Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ էԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
3. Մեռելներուն իսկական վիճակը
Աշխարհի չորս կողմը, մարդիկ տարբեր–տարբեր հաւատալիքներ ունին, թէ երբ մէկը մեռնի, իրեն ի՛նչ կը պատահի։ Անշուշտ, անկարելի է որ այդ բոլոր հաւատալիքներն ալ ճիշդ ըլլան։
Շրջանիդ մէջ մարդիկ ի՞նչ հաւատալիքներ ունին մեռելներու վիճակին մասին։
Տեսնելու համար թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։
Կարդացէ՛ք Ժողովող 3։20 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Ըստ այս համարին, երբ մէկը մեռնի, իրեն ի՞նչ կը պատահի։
Մեռնելէ ետք, անհատէն մաս մը կը շարունակէ՞ ապրիլ։
Սուրբ Գիրքը կը պատմէ Յիսուսի մտերիմ բարեկամին՝ Ղազարոսին, մահուան մասին։ Մինչ կը կարդաք Յովհաննէս 11։11-14, նկատէ՛ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Ղազարոսին վիճակին մասին։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Յիսուս մահը ինչի՞ հետ բաղդատեց։
Այս բաղդատութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ մեռելներուն վիճակին մասին։
Մահուան մասին Սուրբ Գիրքին այս բացատրութիւնը տրամաբանական կը գտնե՞ս։
-
-
Սիրելիներդ կրնա՛ն ետ կեանքի գալԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
4. Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կրնայ մեռելներուն յարութիւն տալ
Աւելի նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ իր բարեկամին՝ Ղազարոսին, համար։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 11։14, 38-44 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Ինչպէ՞ս գիտենք որ Ղազարոս իրապէս մեռած էր (տե՛ս համար 39)։
Քու կարծիքովդ, եթէ Ղազարոս երկինք ելած էր, Յիսուս զինք երկինքէն երկիր պիտի իջեցնէ՞ր եւ ստիպէր որ նորէն երկրի վրայ ապրի։
-