Եղբայրսիրութեան մէջ հաստատ մնացէ՛ք
«Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։1
1. Ցուրտ գիշեր մը կրակը վառած պահելու համար ի՞նչ պիտի ընէիք, իսկ բոլորս ալ նոյնանման ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
ԴՈՒՐՍԸ չափազանց ցուրտ է եւ ջերմաստիճանը երթալով կ’իջնէ։ Ձեր տան միակ ջեռուցումը, կրակարանին մէջ ճարճատող կրակն է։ Այդ կրակին վառուելէն կեանքեր կախեալ են։ Կրնա՞յ ըլլալ որ նստիք եւ դիտէք այդ բոցերուն եւ վառուած ածուխին հանգիլն ու անկենդան մոխիրի վերածուիլը։ Անշուշտ ոչ։ Զայն վառ պահելու համար պիտի շարունակէք անխոնջօրէն վառելանիւթ հայթայթել։ Կերպով մը մեզմէ ամէն մէկս ալ շատ աւելի կարեւոր «կրակ» մը բոցավառելու գործը ունինք, կրակ մը որ մեր սրտին մէջ պէտք է վառի, որ է՝ սէրը։
2. (ա) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ այս վերջին օրերուն սէրը պաղած է։ (բ) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներու համար սէրը ո՞րքան անհրաժեշտ է։
2 Կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ՝ ինչպէս Յիսուս վաղուց նախագուշակած էր՝ համայն աշխարհի Քրիստոնէութիւն դաւանողներուն մէջ սէրը կը պաղի։ (Մատթէոս 24։12) Յիսուս կը խօսէր ամենակարեւոր սիրոյ մասին. Եհովա Աստուծոյ եւ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ հանդէպ սէր։ Ուրիշ տեսակի սէրեր ալ կը նուազին։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց որ «վերջին օրեր»ուն, շատեր «անգութ» պիտի ըլլան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Որքա՜ն ճիշդ է ասիկա։ Ընտանիքը, որ բնական սիրոյ հանգստարան մը պէտք է ըլլայ, հոն իսկ վայրագութիւնը եւ եղծանումը՝ երբեմն ահռելիօրէն գազանային՝ սովորական բան մը դարձած են։ Սակայն, այս աշխարհի ցուրտ կլիմային մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն պատուէր տրուած է, որ ո՛չ միայն իրարու հանդէպ սէր ունենան, այլ՝ անձնազոհ սէր մը, ուրիշները իրենց անձէն առաջ դասելով։ Մենք այս սէրը ա՛յնքան բացայայտ կերպով պէտք է ցուցաբերենք, որ անիկա բոլորին կողմէ տեսանելի, ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքը բնորոշող նշանը ըլլայ։—Յովհաննու 13։34, 35
3. Եղբայրսիրութիւնը ի՞նչ է եւ ի՞նչ կը նշանակէ զայն հաստատ պահել։
3 Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ պատուիրեց. «Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ»։ (Եբրայեցիս 13։1) Ուսումնական աշխատասիրութեան մը համաձայն, հոս «եղբայրսիրութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը (ֆի·լա·տէլ·ֆիա) կ’ակնարկէ «գորովալից սիրոյ, բարեսրտութեան, կարեկցութիւն ցոյց տալու, օգնութիւն մատուցանելու»։ Իսկ Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ մեր սէրը հաստատ մնայ։ Նոյն աշխատասիրութիւնը դիտել կու տայ՝ «Անիկա բնաւ պէտք չէ պաղի»։ Ուստի, չի բաւեր մեր եղբայրներուն հանդէպ կարեկցութիւն ունենալ. զայն պէտք է ցոյց տանք։ Ասկէ զատ, մեր սէրը մնայուն պէտք է ըլլայ. բնաւ թոյլ չտալով որ ան պաղի։ Դժուա՞ր է։ Այո, բայց Եհովայի հոգին մեզի կրնայ օգնել որ եղբայրսիրութիւն մշակենք ու զայն պահպանենք։ Հիմա այս սէրը մեր սրտին մէջ վառ պահելու երեք կերպեր նկատի առնենք։
Կարեկցութիւն Ցոյց Տուէք
4. Կարեկցութիւնը ի՞նչ է։
4 Եթէ կ’ուզէք ձեր Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը աւելի սիրել, նախ կեանքի մէջ անոնց դիմագրաւած փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մէջ անոնց հետ պէտք է զգաք։ Պետրոս առաքեալ ա՛յս է որ թելադրեց, երբ գրեց. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ»։ (Ա. Պետրոս 3։8) «Կարեկցութիւն» ցոյց տալ թարգմանուած Յունարէն բառը՝ «հետը տառապիլ» կը նշանակէ։ Սուրբ գրային Յունարէնի մասնագէտ մը այս բառին մասին կ’ըսէ. «Անիկա կը նկարագրէ ա՛յն մտավիճակը որ կը գոյանայ, երբ ուրիշներուն զգացումներուն մասնակից կ’ըլլանք, որպէս թէ անոնք մերը ըլլային»։ Հետեւաբար, պէտք է ցաւակից ըլլանք։ Տարեց ու հաւատարիմ Եհովայի Վկայ մը առիթով մը ըսաւ. «Ցաւակցութիւն կը նշանակէ, քու ցաւդ իմ սրտիս մէջ զգալ»։
5. Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովան կարեկցութիւն ունի։
5 Եհովա այսպիսի կարեկցութիւն ունի՞։ Վստա՛հաբար։ Օրինակ, իր Իսրայէլ ժողովուրդին տառապանքին մասին կը կարդանք. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց»։ (Եսայեայ 63։9) Եհովա անոնց նեղութիւնները պարզապէս չտեսաւ, այլ՝ ժողովուրդին հետ զգաց։ Եհովայի ո՛ր աստիճան զգալը իր ժողովուրդին ուղղած իր իսկ խօսքերէն յայտնի կ’ըլլայ, որոնք արձանագրուած են Զաքարեայ 2։8–ի մէջ. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի»։a Այս համարին մասին, մեկնաբան մը կը նշէ. «Մարդկային կազմին մէջ աչքը ամենէն կնճռոտ եւ ամենէն նուրբ կառոյցն է. իսկ աչքին բիբը՝ այն բացուածքը ուրկէ տեսողութիւնը կարելի դարձնող լոյսը ներս կը թափանցէ՝ այդ կառոյցին ամենէն զգայուն եւ ամենէն կարեւոր մասն է։ Ուրիշ ո՛չ մէկ բան այսքան գեղեցիկ կերպով կրնայ հաղորդել իր սիրոյ թիրախը դարձած անհատներուն հանդէպ Եհովայի գերազանց գորովանքին գաղափարը»։
6. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչպէս կարեկցութիւն ցոյց տուաւ։
6 Յիսուս ալ միշտ կարեկից գտնուած է։ Ան ուրիշ մարդոց հիւանդութիւնները կամ մտահոգութիւնները տեսնելով, յաճախ անոնց վրայ ‘կը խղճար’։ (Մարկոս 1։41. 6։34) Ան նշեց որ երբ անհատ մը իր օծեալ հետեւորդներուն հետ ազնուութեամբ վարուելու կը թերանայ, այնպէս կը զգայ որպէս այդ վերաբերմունքը իրեն հանդէպ եղած ըլլայ։ (Մատթէոս 25։41-46) Իսկ ներկայիս, որպէս մեր երկնաւոր «քահանայապետը», կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ»։—Եբրայեցիս 4։15
7. Երբ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզ բարկացնէ, կարեկցութիւնը ի՞նչ կերպով կրնայ օգնել մեզի։
7 Որքա՜ն մեզ կը հանգստացնէ այն գաղափարը, թէ ան «մեր տկարութիւններուն կարեկից» կ’ըլլայ։ Ուստի, մենք ալ կ’ուզենք նոյնը ընել իրարու։ Անշուշտ, շատ աւելի դիւրին է ուրիշներուն տկարութիւնները տեսնել։ (Մատթէոս 7։3-5) Յաջորդ անգամ որ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզ բարկացնէ, կ’ուզէ՞ք փորձել ասիկա։ Դուք ձեզ այդ անձին պարագաներուն մէջ դրէք, նոյն ենթահողով, նոյն անձնաւորութեամբ, նոյն սխալներով որու դէմ ան կը մարտնչի։ Կրնա՞ք վստահ ըլլալ որ դուք ալ նոյն սխալները, թերեւս անկէ գէշը պիտի չընէիք։ Փոխանակ ուրիշներէն շատ ակնկալելու, պէտք է կարեկցութիւն ցոյց տանք, ինչ որ մեզի պիտի օգնէ որ բանաւոր ըլլանք, Եհովայի նման, որ «կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։14. Յակոբու 3։17, ՆԱ) Ան գիտէ մեր սահմանափակումները։ Ան մեզմէ մեր կարելիութիւններէն աւելին չ’ակնկալեր։ (Բաղդատել՝ Գ. Թագաւորաց 19։5-7։) Թող որ բոլորս ուրիշներուն հանդէպ այսպիսի կարեկցութիւն ցոյց տանք։
8. Երբ եղբայր մը կամ քոյր մը դժուարութենէ մը անցնի, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը։
8 Պօղոս գրեց որ ժողովքը մարմնի մը կը նմանի, որուն տարբեր անդամները միութեան մէջ պէտք է գործեն։ Ան աւելցուց. «Եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ»։ (Ա. Կորնթացիս 12։12-26) Որոշ նեղութիւններու մէջ եղողներուն հետ պէտք է տառապինք կամ անոնց վշտակցինք։ Երէցները ասիկա ընելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Պօղոս նաեւ գրեց. «Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր»։ (Բ. Կորնթացիս 11։29) Երէցներն ու ճամբորդող տեսուչները ասոր մէջ Պօղոսը կ’ընդօրինակեն։ Իրենց դասախօսութիւններուն, հովուական գործին եւ նոյնիսկ դատական հարցերու մէջ, անոնք կը ջանան կարեկից գտնուիլ։ Պօղոս յանձնարարեց. «Լացողներուն հետ լացէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։15) Երբ ոչխարները զգան որ հովիւները իրապէս իրենց կը կարեկցին, կը հասկնան իրենց սահմանափակումները, եւ իրենց դիմադրած դժուարութեան հետ կը զգան, յաճախ աւելի դիւրին կ’ընդունին խրատը, ուղղութիւնը եւ կրթութիւնը։ Անոնք մեծ փափաքով ժողովներու կու գան, վստահ ըլլալով որ հոն ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնեն’։—Մատթէոս 11։29
Գնահատութիւն Ցոյց Տուէք
9. Եհովա ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ մեր մէջ եղած բարի բաները կը գնահատէ։
9 Եղբայրսիրութիւնը վառ պահելու երկրորդ կերպն է՝ գնահատութիւնը։ Ուրիշները գնահատելու համար, անոնց լաւ յատկութիւններուն եւ թափած ջանքերուն վրայ պէտք է կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը եւ զանոնք արժեւորենք։ Երբ ասիկա կ’ընենք, ուղղակի Եհովան ընդօրինակած կ’ըլլանք։ (Եփեսացիս 5։1) Ան ամէն օր մեր փոքր մեղքերը կը ներէ։ Իսկ եթէ անկեղծ զղջում ըլլայ, նոյնիսկ լուրջ մեղքերը կը ներէ։ Իսկ, անգամ մը որ ներէ մեր մեղքերը, ալ զանոնք չի յիշեր։ (Եզեկիէլ 33։14-16) Սաղմոսերգուն հարցուց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ»։ (Սաղմոս 130։3) Եհովա իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր ծառայութեան մէջ մեր ըրած լաւ բաներուն վրայ։—Եբրայեցիս 6։10
10. (ա) Ինչո՞ւ վտանգաւոր է որ կողակիցներ իրարու հանդէպ իրենց գնահատութիւնը կորսնցնեն։ (բ) Իր կողակիցին հանդէպ իր գնահատութիւնը կորսնցնող մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
10 Մասնաւորաբար կարեւոր է ընտանիքին մէջ այս օրինակին հետեւիլ։ Երբ ծնողներ իրարու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տան, ընտանիքի միւս անդամներուն դիմաց օրինակ կը հանդիսանան։ Անկայուն ամուսնութիւններու այս ժամանակին, շատ դիւրին է կողակիցի մը հետ անհոգութեամբ վարուիլ, անոր թերութիւնները մեծցնելով եւ լաւ կողմերը պզտիկցնելով։ Այսպիսի ժխտական մտածելակերպ կը մաշեցնէ ամուսնութիւն մը, զայն տխուր բեռի մը վերածելով։ Եթէ ձեր կողակիցին հանդէպ ձեր գնահատութիւնը նուազած է, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Կողակիցս լաւ յատկութիւններ իրապէ՞ս չունի’։ Դարձեալ ձեր միտքը բերէք թէ ի՛նչ պատճառներով զինք սիրեցիք եւ ամուսնացաք իր հետ։ Այս անզուգական անհատը սիրելու այդ բոլոր պատճառները ցնդեցա՞ն։ Վստահաբար՝ ո՛չ. ուստի ջանացէք ձեր կողակիցին բարի կողմերը գնահատել եւ ձեր գնահատութիւնը արտայայտեցէք։—Առակաց 31։28
11. Որպէսզի ամուսնական սէրը կեղծաւորութենէ զերծ ըլլայ, ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափիլ։
11 Գնահատութիւնը նաեւ կ’օգնէ որ կողակիցներու սէրը կեղծաւորութենէ զերծ ըլլայ։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 6։6. Ա. Պետրոս 1։22։) Խոր գնահատութենէ բոցավառուած այսպիսի սիրոյ մէջ, տեղ պիտի չըլլայ փակ դռներուն ետին եղած անգթութիւններու, վիրաւորող եւ նուաստացնող արտայայտութիւններու, անտարբեր վերաբերմունքի, ուր օրեր կրնան անցնիլ առանց իրարու հետ ազնիւ կամ քաղաքավար բառ մը փոխանակելու, ո՛չ ալ տեղ պիտի ըլլայ ֆիզիքական բռնութեան։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Իրապէս իրար գնահատող ամուսին մը եւ կին մը իրար կը պատուեն։ Ասիկա ոչ միայն մարդոց առջեւ կ’ընեն, այլ՝ ե՛րբ որ Եհովայի աչքին առջեւ կը գտնուին, ուրիշ խօսքով՝ ամէն ատեն։—Առակաց 5։21
12. Ծնողներ ինչո՞ւ իրենց զաւակներուն ունեցած լաւ յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն պէտք է արտայայտեն։
12 Զաւակներն ալ գնահատուած զգալու կարիքը ունին։ Ասիկա չի նշանակեր որ ծնողներ պարապ շողոքորթութիւններ պիտի տեղացնեն անոնց վրայ, հապա անոնք իրենց զաւակներուն գովասանքի արժանի յատկութիւնները եւ ըրած իրապէս լաւ բաները պէտք է գովեն։ Յիշեցէք Եհովայի օրինակը, որ Յիսուսի հանդէպ իր հաճութիւնը արտայայտեց։ (Մարկոս 1։11) Յիշեցէք նաեւ Յիսուսի օրինակը, որպէս առակին մէջի «տէրը»։ Ան երկու ‘բարի ու հաւատարիմ ծառաները’ հաւասարապէս գովեց, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւրին տրուած եւ արտադրած բաներուն մէջ համահաւասար տարբերութիւն մը կար։ (Մատթէոս 25։20-23. բաղդատել՝ Մատթէոս 13։23։) Իմաստուն ծնողներ ալ իւրաքանչիւր զաւկի ունեցած մասնայատուկ յատկութիւններուն, կարողութիւններուն եւ իրագործումներուն հանդէպ գնահատութիւն արտայայտելու կերպեր կը գտնեն։ Բայց միեւնոյն ժամանակ, անոնց իրագործումներուն վրայ այնքան շատ շեշտ չեն դներ, որ իրենց զաւակները ուրիշներէն աւելի փայլելու մղումով չընեն զանոնք։ Անոնք չեն ուզեր որ իրենց զաւակները ջղային կամ յուսահատ մեծնան։—Եփեսացիս 6։4. Կողոսացիս 3։21
13. Ժողովքի իւրաքանչիւր անդամի հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալու մէջ որո՞նք առաջնորդութիւն կը ստանձնեն։
13 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, երէցներ եւ ճամբորդող տեսուչներ առաջնորդութիւնը կ’առնեն Աստուծոյ հօտին իւրաքանչիւր անդամին հանդէպ իրենց գնահատութիւնը յայտնելու մէջ։ Անոնց դիրքը դժուար է, քանի որ արդարութեամբ կրթելու, հեզութեան հոգիով մոլորածը ուղղելու եւ կարիք ունեցողներուն զօրաւոր խրատներ տալու ծանր պատասխանատուութիւնն ալ ունին։ Անոնք այս տարբեր պատասխանատուութիւնները ի՞նչպէս կը հակակշռեն։—Գաղատացիս 6։1. Բ. Տիմոթէոս 3։16
14, 15. (ա) Զօրաւոր խրատներ տալու մէջ Պօղոս ի՞նչպէս հաւասարակշռութիւն ցոյց տուաւ։ (բ) Քրիստոնեայ տեսուչներ սխալները շտկելու կարիքը, գովասանքներ ընելու կարիքին հետ ի՞նչպէս պէտք է հաւասարակշռեն։ Բացատրեցէք։
14 Պօղոսի օրինակէն մեծապէս կ’օգտուինք։ Ան կարկառուն ուսուցիչ, երէց եւ հովիւ մըն էր։ Ան այնպիսի ժողովքներու հետ գործ ունեցաւ, որոնք լուրջ խնդիրներ ունէին, եւ երբ հարկը տեսաւ, զօրաւոր կերպով խրատելէ ետք չկեցաւ։ (Բ. Կորնթացիս 7։8-11) Երբ Պօղոսի ծառայութեան վրայ աչք նետենք, կը նկատենք որ ան յանդիմանութիւնը խնայողաբար գործածեց. միայն երբ անոր անհրաժեշտութիւնը կար կամ՝ յարմար էր։ Ասոր մէջ ան աստուածային իմաստութիւն ցոյց տուաւ։
15 Եթէ ժողովքին մէջ երէցի մը ծառայութիւնը ուզէինք նմանցնել երաժշտական կտորի մը, այն ատեն սաստելն ու յանդիմանելը պիտի նմանէր միայն մէկ ձայնանիշի, որ ընդհանուրին մէջ իր տեղը ունի։ Այդ ձայնանիշը լաւ է իր տեղին։ (Ղուկաս 17։3. Բ. Տիմոթէոս 4։2) Հիմա երեւակայեցէք երգ մը որ միայն այդ մէկ ձայնանիշով է եւ անդադար կը կրկնուի։ Անիկա անմիջապէս մեր ականջներուն շատ անհաճելի պիտի հնչէ։ Նոյն կերպով, Քրիստոնեայ երէցներ կը փորձեն իրենց ուսուցումը կատարելագործել զայն պէսպիսի դարձնելով։ Անոնք միայն խնդիրները սրբագրելու չեն սահմանափակեր զայն։ Այլ, ընդհանրապէս անոնց ուսուցումը դրական է։ Յիսուս Քրիստոսի նման, սիրալիր երէցներ նախ գովելու համար լաւ կողմերը կը տեսնեն եւ ոչ թէ քննադատելու համար՝ յանցանքները։ Անոնք իրենց հաւատակիցներուն ծանր աշխատանքը կը գնահատեն։ Անոնք վստահ են որ ընդհանրապէս ամէն մէկը իր լաւագոյնը կ’ընէ Եհովայի ծառայելու համար եւ իրենց այդ զգացումը յօժարութեամբ բառերով կ’արտայայտեն։—Բաղդատել՝ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։4։
16. Պօղոսի գնահատական եւ կարեկից կեցուածքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն վրայ։
16 Այն բոլոր Քրիստոնեաները որոնց սպասարկեց Պօղոս, անկասկած կը զգային որ ան զիրենք կը գնահատէր եւ իրենց հանդէպ կարեկից էր։ Ի՞նչպէս գիտենք։ Նայեցէք թէ անոնք Պօղոսի հանդէպ ի՛նչ զգացում ունէին։ Անոնք չէին վախնար իրմէ, հակառակ անոր որ ան մեծ հեղինակութիւն ունէր։ Ան սիրուած եւ դիւրամատոյց էր։ Այո, երբ ան շրջանէ մը պիտի մեկնէր, երէցները անոր «պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին»։ (Գործք 20։17, 37) Երէցները, ինչպէս նաեւ բոլորս, որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ Պօղոսի օրինակը ունինք, որու կրնանք նմանիլ։ Այո, իրարու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տանք։
Բարեսիրտ Արարքներ
17. Ժողովքին մէջ բարեսիրտ արարքներէն առթած լաւ ազդեցութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։
17 Բարեսիրտ արարք մը եղբայրսիրութիւն հրահրող զօրաւոր վառելանիւթերէն մէկն է։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Երբ կու տանք, անիկա ըլլայ հոգեւոր, նիւթական բաներ թէ մեր ժամանակն ու կորովը, ո՛չ միայն ուրիշները ուրախ կ’ըլլան, այլ նաեւ՝ մենք։ Ժողովքին մէջ բարեսիրտ վերաբերմունքը փոխանցիկ է։ Բարեսիրտ արարք մը կ’արձագանգէ։ Շատ շուտով, եղբայրսիրութիւնը կը ծաղկի։—Ղուկաս 6։38
18. Միքիայ 6։8–ի մէջ խօսուած ‘բարեսրտութեան’ իմաստը ի՞նչ է։
18 Եհովա իր Իսրայէլ ժողովուրդը յորդորեց որ բարեսրտութիւն ցուցաբերէ։ Միքիայ 6։8–ի մէջ կը կարդանք. «Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն [«բարեսրտութիւն», ՆԱ] սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։ Ի՞նչ կը նշանակէ «բարեսրտութիւն սիրել»։ Հոս գործածուած Եբրայերէն բառը թարգմանուած է նաեւ որպէս «ողորմութիւն» (չէսէտհ)։ Ըստ՝ Սոնչինօ Աստուածաշունչի Գրքեր–ուն (Անգլերէն), այս բառը «Անգլերէն ողորմութիւն վերացական բառէն աւելի գործօն բան մը կը նշէ։ Անիկա կը նշանակէ ‘արարքով արտայայտուած ողորմութիւն’, անհատական բարեսիրտ արարքներու կատարում, ոչ միայն աղքատին կամ կարօտեալին հանդէպ, այլ, բոլոր մարդոց հանդէպ»։ Անոր համար ուրիշ ուսումնական մը կ’ըսէ որ չէսէտհ կը նշանակէ «արարքի վերածուած սէր»։
19. (ա) Ժողովքին մէջ ուրիշներու համար բարեսիրտ արարքներ ընելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք նախաքայլը առնել։ (բ) Ձեզի հանդէպ ցոյց տրուած եղբայրսիրութեան օրինակ մը տուէք։
19 Մեր եղբայրսիրութիւնը տեսական կամ վերացական բան մը չէ։ Անիկա շօշափելի իրականութիւն մըն է։ Ուստի, ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար բարի արարքներ ընելու կերպեր փնտռեցէք։ Յիսուսի նման եղէք, որ միշտ նստելով չսպասեց որ մարդիկ իրեն մօտենան օգնութիւն հայցելու համար, այլ յաճախ ինք նախաքայլը առաւ ասիկա ընելու։ (Ղուկաս 7։12-16) Մասնաւորաբար մտածեցէք անոնց մասին որոնք ասոր աւելի շատ կարիքը ունին։ Արդեօք տարեց կամ հիւանդ անհատ մը այցելութեան, կամ իր ուրիշ գործերուն հոգ տանող մէկու մը կարիքը ունի՞։ Արդեօք «որբ» մը որոշ ժամանակի եւ ուշադրութեան պէտք ունի՞։ Ընկճուած անձ մը իրեն մտիկ ընող ականջի մը կամ մխիթարական խօսքերու կարիքը ունի՞։ Մեր կարողութեան համաձայն, այսպիսի բարեսիրտ արարքներու համար ժամանակ տրամադրենք։ (Յոբայ 29։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Յակոբու 1։27) Մի՛ մոռնաք որ անկատար անհատներէ բաղկացած ժողովքի մը մէջ, ամենէն կենսական բարեսիրտ արարքներէն մէկը՝ ներողամտութիւնն է. նոյնիսկ երբ գանգատի օրինաւոր պատճառ մը ունինք, մեր ընդվզումին վրայէն անցնինք։ (Կողոսացիս 3։13) Ներելու պատրաստակամութիւնը ժողովք մը կը պաշտպանէ բաժանումներէ, ոխակալութիւններէ եւ երկարատեւ վէճերէ, որոնք թաց ծածկոցի մը նման կը մարեն եղբայրսիրութեան կրակը։
20. Ի՞նչպէս բոլորս ալ մենք մեզ պէտք է քննութեան ենթարկենք։
20 Բոլորս ալ վճռենք սիրոյ այս կենսական կրակը մեր սրտերուն մէջ պահպանել։ Շարունակենք մենք մեզ քննութեան ենթարկել։ Ուրիշներու հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց կու տա՞նք։ Ուրիշներու հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տա՞նք։ Ուրիշներու համար բարեսիրտ արարքներ կ’ընե՞նք։ Այնքան ատեն որ այսպիսի բաներ կ’ընենք, սիրոյ կրակը պիտի ջերմացնէ մեր եղբայրութիւնը, այս աշխարհը որքա՛ն ալ դառնօրէն ցուրտ եւ անզգայ դառնայ։ Ուստի, ամէն ջանք թափեցէք, որպէսզի ձեր «եղբայրսիրութիւնը» հաստատ մնայ հիմա եւ յաւիտեան։—Եբրայեցիս 13։1
[Ստորանիշ]
a Կարգ մը թարգմանութիւններ հոս այն գաղափարը կու տան որ Աստուծոյ ժողովուրդին դպչողը, ոչ թէ Աստուծոյ, այլ Իսրայէլի աչքին կամ նոյնիսկ իր աչքին կը դպչի։ Այս սխալը եկաւ միջնադարեան դպիրներէն, որոնք իրենց սեպած անյարգալից հատուածները սրբագրելու սխալ ջանքերով, փոխեցին այս համարը։ Այսպէս ընելով, անոնք Եհովայի ունեցած ցաւակցութեան անհունութիւնը նսեմացուցին։
Ի՞նչ կը Խորհիք
◻ Եղբայրսիրութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ անոր մէջ պէտք է հաստատ մնանք։
◻ Կարեկցութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ մեր եղբայրսիրութիւնը պահպանենք։
◻ Գնահատութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ եղբայրսիրութեան մէջ։
◻ Բարեսիրտ արարքներ ի՞նչպէս եղբայրսիրութիւնը կը ծաղկեցնեն քրիստոնէական ժողովքին մէջ։
[Շրջանակ՝ էջ 16]
Գործօն սէր
Քանի մը տարիներ առաջ, որոշ ժամանակ Եհովայի Վկաներուն հետ սերտած անհատ մը, տակաւին եղբայրական սիրոյ վրայ կասկած ունէր։ Ան գիտէր թէ Յիսուս ըսած էր. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Բայց ինք ասոր շատ չէր հաւատար։ Օր մը ան քրիստոնէական գործօն սէր տեսաւ։
Այս մարդը որ հաշմակառքի դատապարտուած էր, իր տունէն հեռու ճամբորդութիւն մը կատարեց։ Իսրայէլի Բեթլէհէմ քաղաքին մէջ ան ժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ։ Հոն Արաբ եղբայր մը պնդեց որ Վկայ ուրիշ զբօսաշրջիկ մը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի այս աշակերտը գիշերը իր տունը մնան։ Անկողին երթալէն առաջ, աշակերտը իր հիւրընկալին հարցուց որ առաւօտուն կրնա՞ր պատշգամ ելլել ու արեւածագը դիտել։ Իր հիւրընկալը խստօրէն զգուշացուց որ այսպիսի բան մը չընէ։ Յաջորդ օրը, այս Արաբ եղբայրը պատճառը բացատրեց։ Թարգմանիչի մը օգնութեամբ, ան ըսաւ որ եթէ իր դրացիները գիտնան որ ինք հրէական ծագում ունեցող հիւրեր ունի՝ ինչպէս էր Աստուածաշունչի աշակերտին պարագան՝ անոնք կրնային իր տունը այրել, մէջը ըլլալով ինք ու իր ընտանիքը։ Աստուածաշունչի աշակերտը շփոթած հարցուց. «Ուրեմն ինչո՞ւ այսպիսի վտանգ մը աչք առիք»։ Առանց թարգմանիչի, Արաբ եղբայրը նայեցաւ իր աչքերուն եւ պարզապէս ըսաւ. «Յովհաննու 13։35»։
Աստուածաշունչի աշակերտը խորապէս տպաւորուեցաւ, իրական եղբայրսիրութիւն տեսնելով։ Անկէ կարճ ժամանակ ետք՝ մկրտուեցաւ։