Ձեր մեռած սիրելիները դարձեալ պիտի տեսնէ՞ք
ՃՈՆԸ միայն ինը տարեկան էր, երբ իր մայրը մահացաւ։ Հետագային, ան յիշեց թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ յուղարկատան մէջ. «Իրեն համար գծագրութիւն մը ըրի եւ անոր վրայ պզտիկ գրութիւն մը դրի՝ իրմէ խնդրելով որ ան երկնքի մէջ մեր բոլորին սպասէ։ Հօրս տուի զայն, որպէսզի թագաղին մէջ դնէ. եթէ նոյնիսկ մեռած էր, կ’ուզեմ խորհիլ որ ան վերջին պատգամս ստացաւ»։—How It Feels When a Parent Dies, Jill Krementz–ի կողմէ։
Անկասկած, Ճոն շատ կը սիրէր իր մայրը։ Անոր գեղեցիկ յատկութիւնները նկարագրելէ ետք, ան ըսաւ. «Թերեւս պարզապէս չեմ ուզեր ժխտական բաները յիշել, բայց չեմ կրնար որեւէ չար բան խորհիլ իր մասին։ Ամբողջ կեանքիս մէջ իրեն նման սիրուն կին մը չեմ տեսած»։
Ճոնի նման, շատեր խանդաղատալի յիշատակներ ունին իրենց մեռած սիրելիներուն մասին եւ զանոնք դարձեալ տեսնելու զգացական կարիք մը կը զգան։ Էտիթ, որու 26 տարեկան տղան խլիրդէ մահացաւ, ըսաւ. «Հաւատալու կարիքը ունիմ թէ տղաս տեղ մը գոյութիւն ունի, բայց չեմ գիտեր ո՛ւր։ Դարձեալ պիտի տեսնե՞մ զինք։ Չեմ գիտեր, բայց կը յուսամ»։
Վստահաբար մարդուն սիրալիր Ստեղծիչը անտարբեր չէ մարդկային այս բնական փափաքին մասին։ Անոր համար, ան խոստացած է որ ժամանակը պիտի գայ, երբ միլիոնաւորներ պիտի վերամիանան իրենց մեռած սիրելիներուն։ Աստուծոյ Խօսքը բազմաթիւ անգամներ կը խօսի մեռելներու ապագայ յարութեան մը խոստումին մասին։—Եսայեայ 26։19. Դանիէլ 12։2, 13. Ովսեայ 13։14. Յովհաննու 5։28, 29. Յայտնութիւն 20։12, 13
Որո՞նք Երկինք կը Յարուցուին
Նկատի առնենք Ճոնի յոյսը թէ իր սիրելի մայրը երկնքի մէջ իրեն կը սպասէ։ Եկեղեցի գացողներէն շատեր այս յոյսը կամ հաւատքը ունին։ Այսպիսի տեսակէտներ պաշտպանելու համար, կղերներ ու ընկերային բարերարներ սուրբ գրային համարներու սխալ գործածութիւն մը կ’ընեն։
Օրինակի համար, սգաւորներու օգնող մասնագէտ Բժ. Էլիզապէթ Գիւպլէր–Ռոս, իր գրքին մէջ (On Children and Death), ըսաւ. «Մեռնիլը պարզապէս կը նշանակէ մեր մարմինէն ձերբազատուիլ, ինչպէս մեր վրայէն կը հանենք հին վերարկու մը, կամ՝ մէկ սենեակէն միւսը կ’անցնինք։ Ժողովողի 12։7–ին մէջ կը կարդանք. ‘Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ’։ Յիսուս ըսաւ. ‘Երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ’։ Իսկ խաչին վրայի չարագործին ըսաւ. ‘Այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։
Վերոյիշեալ համարները իրապէս կը նշանակե՞ն որ մեր մեռած սիրելիները հիմա ողջ են եւ երկնքի մէջ մեզ կը սպասեն։ Այս համարները աւելի մօտէն քննենք եւ սկսինք Ժողովողի 12։7–էն։ Իմաստուն մարդը որ այս խօսքերը գրեց հաւանաբար մտադիր չէր նոյն գրքին մէջ նախապէս իր գրածին հակասելու. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ (Ժողովողի 9։5) Ան ընդհանուր մարդկութեան մահուն մասին կը խօսէր։ Տրամաբանակա՞ն է հաւատալ որ բոլոր անաստուած ըլլալ դաւանողները եւ կարծրասիրտ ոճրագործները մահէն ետք Աստուծոյ կը վերադառնան։ Վստահաբար ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, մեզմէ ոչ մէկուս համար ալ կրնանք ըսել ասիկա, մենք մեզ բարի թէ չար նկատենք։ Քանի որ ոչ մէկս Աստուծոյ հետ երկնքի մէջ եղած ենք, ուստի ինչպէ՞ս կրնայ ըսուիլ որ մենք իրեն կը վերադառնանք։
Արդ, Աստուածաշունչը գրողը ի՞նչ ըսել կ’ուզէր մահուան ատեն ‘հոգին Աստուծոյ կը դառնայ’ արտայայտութեամբ։ «Հոգի» թարգմանուած Եբրայերէն բառը գործածելով, ան անհատ մը ուրիշէ մը զատորոշող յատուկ բանի մը չէր ակնարկեր։ Այլ, Ժողովողի 3։19–ին մէջ, ներշնչեալ գրողը կը բացատրէ որ մարդուն եւ անասուններուն «շունչը [հոգին (ՆԱ)] նոյնն է»։ Բացայայտօրէն, ան ըսել կ’ուզէր որ «հոգի»ն բջիջներէ բաղկացող մարդուն եւ անասուններուն ֆիզիքական մարմիններուն մէջ գտնուող կեանքի ոյժն է։ Մենք այս հոգին ուղղակիօրէն Աստուծմէ չստացանք։ Անիկա մեզի փոխանցուեցաւ մեր մարդկային ծնողներուն կողմէ, երբ յղացուեցանք եւ աւելի ետք ծնանք։ Ասկէ զատ, այս հոգին մահուան ատեն բառացիօրէն անջրպետին մէջ չի ճամբորդեր եւ Աստուծոյ չի վերադառնար։ ‘Հոգին Աստուծոյ կը դառնայ’ արտայայտութիւնը փոխաբերական իմաստով է, որ կը նշանակէ թէ մեռած անհատի մը ապագայ կեանքի յոյսը այլեւս Աստուծմէ կախեալ է։ Իրեն կ’իյնայ որոշել թէ որո՛ւ պիտի յիշէ եւ վերջապէս յարուցանէ։ Անձամբ նայեցէք թէ, Սաղմոս 104։29, 30–ին մէջ, Աստուածաշունչը ո՛րքան յստակօրէն ցոյց կու տայ ասիկա։
Եհովա Աստուած ծրագրած է որ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներէն սահմանափակ թիւ մը՝ ընդամէնը միայն 144,000 անհատներ՝ երկնային կեանքի յարուցուին որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ։ (Յայտնութիւն 14։1, 3) Անոնք Քրիստոսի հետ երկնային կառավարութիւն մը պիտի կազմեն երկրի վրայ ապրող մարդոց օրհնութեանը համար։
Այս մասին առաջին տեղեկացողները եղան Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալները, որոնց ան ըսաւ. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ (Յովհաննու 14։2, 3) Այդ առաքեալները եւ նախկին Քրիստոնեաներէն ուրիշներ մահացան եւ անգիտակից սպասեցին մինչեւ որ երկնային յարութեամբ զիրենք վարձատրելու համար Յիսուսը գար։ Անոր համար, Քրիստոնեայ առաջին նահատակին՝ Ստեփանոսին՝ մասին կը կարդանք թէ ան «ննջեց»։—Գործք 7։59. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14
Երկրի Վրայ Ապրելու Համար Յարութիւն
Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել իր կողքին մեռած չարագործին Յիսուսի տուած խոստումին մասին։ Այդ ատենուան շատ մը Հրեաներուն նման, այս մարդը կը հաւատար որ Աստուած Մեսիա մը պիտի ղրկէր, որ թագաւորութիւն մը պիտի հաստատէր եւ երկրի վրայ Հրեայ ազգին համար խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի բերէր։ (Բաղդատել Գ. Թագաւորաց 4։20–25–ը Ղուկաս 19։11–ին, Ղուկաս 24։21–ին եւ Գործք 1։6–ին հետ։) Ասկէ զատ, չարագործը Յիսուսի վրայ հաւատք արտայայտեց, ընդունելով որ ան Աստուծմէ ընտրուած Թագաւորը պիտի ըլլար։ Թէեւ, այդ պահուն, դատապարտուած Յիսուսի մօտալուտ մահը անհաւանական կը դարձնէր ասիկա։ Անոր համար, Յիսուս վստահեցուց չարագործը, Իր խոստումը սկսելով հետեւեալ բառերով. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։—Ղուկաս 23։42, 43, ՆԱ։
Աստուածաշունչի այն թարգմանութիւնները որոնք ստորակէտը «այսօր» բառէն առաջ կը դնեն շփոթութիւն կը ստեղծեն Յիսուսի խօսքերը հասկնալ ուզողներուն։ Յիսուս այդ օրն իսկ որեւէ դրախտ չգնաց։ Այլ, երեք օր մահուան մէջ անգիտակից մնաց մինչեւ որ Աստուած զինք յարուցանէ։ Յիսուս յարուցուելէ ու երկինք համբառնալէ ետքն իսկ, ան իր Հօրը աջ կողմը սպասեց մինչեւ որ գար այն ժամանակը, երբ ան Թագաւորի հանգամանքով մարդկութեան վրայ պիտի իշխէր։ (Եբրայեցիս 10։12, 13) Շուտով, Յիսուսի Թագաւորութիւնը մարդկութիւնը պիտի ամոքէ եւ համայն երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ։ (Ղուկաս 21։10, 11, 25–31) Այդ ատեն, ան պիտի կատարէ չարագործին ըրած իր խոստումը՝ զայն երկրի վրայ կեանքի յարուցանելով։ Իսկ Յիսուս այդ մարդուն հետ պիտի ըլլայ այն իմաստով որ ան այդ մարդուն բոլոր կարիքները պիտի լեցնէ, մէջը ըլլալով՝ Աստուծոյ արդար օրէնքներուն համաձայն իր ապրելակերպը ներդաշնակելու կարիքը։
Շատերուն Յարութիւնը
Զղջացած չարագործին նման, շատ մը մարդոց յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկրի վրայ։ Ասիկա ներդաշնակ է մարդը ստեղծելու Աստուծոյ նպատակին հետ։ Առաջին մարդն ու կինը դրախտային պարտէզի մը մէջ դրուեցան եւ երկրին տիրելու հրահանգ ստացան։ Եթէ անոնք Աստուծոյ հնազանդ մնացած ըլլային, բնաւ ծերացած ու մեռած պիտի չըլլային։ Աստուծոյ յարմար ժամանակին, Ադամ եւ իր կատարեալ սերունդը ամբողջ երկրին տիրացած եւ զայն համերկրային դրախտի մը վերածած պիտի ըլլային։—Ծննդոց 1։28. 2։8, 9
Սակայն, քանի որ կամովին մեղանչեցին, Ադամ ու Եւա իրենք իրենց եւ իրենց ապագայ սերունդին վրայ մահ բերին։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։17–19) Անոր համար, Աստուածաշունչը կը նշէ. «Մարդէ մը [Ադամէն] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12
Միայն մէկ մարդ ժառանգական մեղքէն զերծ ծնած է. Աստուծոյ կատարեալ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ որու կեանքը երկնքէն Հրեայ կոյսի մը՝ Մարիամի՝ արգանդը փոխանցուեցաւ։ Յիսուս անմեղ մնաց եւ մեռնելու արժանի չէր։ Հետեւաբար, անոր մահը «աշխարհի մեղքը» վերցնելու փրկարար արժէք մը ունի։ (Յովհաննու 1։29. Մատթէոս 20։28) Անոր համար Յիսուս կրնար ըսել. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։—Յովհաննու 11։25
Այո, կրնաք ձեր մեռած սիրելիներուն վերամիանալու յոյսը տածել, բայց ասիկա կը պահանջէ որ Յիսուսի վրայ հաւատք ընծայէք որպէս ձեր Փրկարարը եւ իրեն հնազանդիք որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով երկրի վրայէն ամէն չարութիւն պիտի վերցնէ։ Անոր իշխանութեան ենթարկուիլ չուզողները պիտի կործանին։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները պիտի վերապրին եւ երկիրը դրախտի մը վերածելու գործով պիտի զբաղին։—Սաղմոս 37։10, 11. Յայտնութիւն 21։3–5
Անկէ ետք, յարութիւնը սկսելու խայտալի ժամանակը պիտի գայ։ Հոն պիտի ըլլա՞ք ձեր մեռելները ողջունելու համար։ Հիմա ձեր ըրածէն կախեալ է ասիկա։ Հոյակապ օրհնութիւններ կը սպասեն բոլոր անոնց որոնք հիմա կ’ենթարկուին իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ յանձնած Եհովայի իշխանութեան։