Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 5/1 էջ 8-10
  • Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
  • «ԱՆՈՒՆԴ ԱՆՈՆՑ ՃԱՆՉՑՈՒՑԻ»
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Օգնութեանդ Կարիք Կայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ գործէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 5/1 էջ 8-10
«Դիտարան» պարբերաթերթը գործածելով՝ Ռաֆայէլն ու Ալեքսը սուրբ գրային քննարկութիւն մը կ’ընեն

ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ

Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն

Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ մը հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Ռաֆայէլ անունով Վկայ մը Ալեքս անունով տղամարդու մը կ’այցելէ։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Բարեւ Ալեքս։

ԱԼԵՔՍ.– Օ՜ Ռաֆայէլ, հրամմէ՛։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Քեզի բերած եմ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերը։ Կը կարծեմ որ այս պարբերաթերթերուն նիւթերը շա՛տ պիտի սիրես։

ԱԼԵՔՍ.– Շնորհակալ եմ։ Ուրա՛խ եմ որ այսօր հանդիպեցար, քանի որ քեզի բան մը պիտի հարցնէի։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Շատ աղէկ։ Ի՞նչ է հարցումդ։

ԱԼԵՔՍ.– Անցեալ օր գործակիցիս կը պատմէի, թէ տուած գրքոյկներուդ մէջ որքա՜ն հետաքրքրական նիւթեր կան։ Բայց ինք ինծի ըսաւ որ ատոնք պէտք չէ կարդամ, որովհետեւ Եհովայի վկաները Յիսուսին չեն հաւատար։ Ըսածը ճի՞շդ է։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Դուն ի՞նչ կ’ըսես։

ԱԼԵՔՍ.– Ը՜. . . Ես գործակիցիս ըսի, որ երբ ես ու դուն դարձեալ տեսնուինք, ա՛նպայման քեզի կը հարցնեմ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ուրա՛խ եմ որ այս հարցումը ինծի՝ Եհովայի վկայի՝ մը կը հարցնես։ Ի վերջոյ, չե՞ս կարծեր որ եթէ մէկը կ’ուզէ անհատի մը հաւատալիքներուն մասին գիտնալ, պէտք է իր հարցումները ուղղակի անո՛ր ուղղէ։

ԱԼԵՔՍ.– Ես ալ ճիշդ այդպէս մտածեցի։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Եհովայի վկաները անշո՛ւշտ Յիսուսին կը հաւատան։ Իրականութեան մէջ, մենք համոզուած ենք որ եթէ կ’ուզենք փրկուիլ, շատ կարեւոր է որ Յիսուսին հաւատանք։

ԱԼԵՔՍ.– Ես արդէն այդ գաղափարը կազմած էի ձեր մասին։ Բայց երբ գործակիցս ըսաւ որ Վկաները Յիսուսին չեն հաւատար, անդրադարձայ որ այս նիւթին մասին բնաւ չենք խօսած։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Լաւ, ի՞նչ կ’ըսես եթէ քեզի Աստուածաշունչէն ցոյց տամ կարգ մը համարներ, որոնք Յիսուսին հաւատալու կարեւորութիւնը կը շեշտեն։

ԱԼԵՔՍ.– Լա՛ւ գաղափար է։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Նկատի առ Յովհաննէս 14։6–ը, ուր Յիսուս իր առաքեալներէն մէկուն ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով»։ Ըստ այս համարին, մարդիկ միայն որո՞ւն միջոցաւ կրնան Հօր մօտենալ։

ԱԼԵՔՍ.– Յիսուսի միջոցաւ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ճիշդ է։ Լեզուիդ դալար։ Եւ Եհովայի վկաները ասոր հաստա՛տօրէն կը հաւատան։ Իրականութեան մէջ, մեր աղօթքները Յիսուսին անունով կը խնդրենք։

ԱԼԵՔՍ.– Այո՛։ Այս մէկը նկատած եմ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Նկատի առնենք ուրիշ համար մը՝ Յովհաննէս 3։16–ը։ Այս համարը ա՛յնքան կարեւոր է, որ կոչուած է Աւետարանին ծուծը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուսի երկրային կեանքին եւ ծառայութեան առնչուող բոլոր դէպքերը կարծես այս մէկ համարին մէջ ամփոփուած են։ Կը փափաքի՞ս զայն կարդալ։

ԱԼԵՔՍ.– Ինչո՞ւ չէ։ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Այս համարը քեզի ծանօ՞թ է։

ԱԼԵՔՍ.– Այո՛։ Եկեղեցիիս մէջ շատ լսած եմ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ասիկա հռչակաւոր համար մըն է։ Նշմարեցի՞ր թէ հոս Յիսուս ի՛նչ կ’ըսէ։ Ան կ’ըսէ, թէ Աստուծոյ սէրը կարելի կը դարձնէ, որ մարդիկ յաւիտենական կեանք վայելեն. բայց պայմանաւ որ անոնք ի՞նչ ընեն։

ԱԼԵՔՍ.– Հաւատան։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Այո՛։ Անոնք պէտք է յատկապէս հաւատան միածին Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին։ Եւ Դիտարան–ը, որ այսօր քեզի բերի, իր 2–րդ էջին վրայ ճիշդ այս կէտը կը շեշտէ, երբ իր նպատակին մասին կը խօսի։ Տե՛ս ինչ կ’ըսէ. «Անիկա հաւատք կը կերտէ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, որուն մահուան շնորհիւ կրնանք յաւիտենական կեանք ստանալ եւ որ այժմ կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը»։

ԱԼԵՔՍ.– Օ՜, դեռ ասկէ աւելի մեծ փա՞ստ։ Եհովայի վկաներուն պարբերաթերթին մէջ իսկ ապացոյց կայ, որ իրենք Յիսուսին կը հաւատան։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ճի՛շդ է։

ԱԼԵՔՍ.– Լաւ, ինչո՞ւ մարդիկ կ’ըսեն թէ Յիսուսին չէք հաւատար։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Կրնայ ըլլալ որ զանազան պատճառներ ունին։ Ընդհանրապէս մարդիկ այսպէս կ’ըսեն, պարզապէս քանի որ ուրիշներէ նոյն խօսքը լսած են։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ իրենց կղերականները այս սխալ գաղափարը իրենց փոխանցած են։

ԱԼԵՔՍ.– Գիտե՞ս հիմա ի՛նչ կը մտածեմ։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք կ’ըսեն թէ Յիսուսին չէք հաւատար, քանի որ դուք ձեզ Եհովայի՛ վկաներ կը կոչէք, եւ ոչ թէ՝ Յիսուսի վկաներ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Թերեւս։

ԱԼԵՔՍ.– Ինչո՞ւ դուք ա՛յսքան Եհովային մասին կը խօսիք։

«ԱՆՈՒՆԴ ԱՆՈՆՑ ՃԱՆՉՑՈՒՑԻ»

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Պատճառներէն մէկը այն է, թէ մենք կը հաւատանք որ Աստուծոյ անձնական անունը գործածելը կարեւոր է, ճիշդ ինչպէս որ իր Որդին՝ Յիսուս ըրաւ։ Նկատի առ թէ Յիսուս աղօթքով իր Հօր ի՛նչ ըսաւ։ Բանանք Յովհաննէս 17։26–ը։ Կը փափաքի՞ս կարդալ։

ԱԼԵՔՍ.– Այո՛։ «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Լեզուիդ դալար։ Բայց արդեօք Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ անունը ճանչցուց։

ԱԼԵՔՍ.– Հը՜մ։ Չեմ գիտեր։

Յիսուսին հաւատալը փրկութեան համար կարեւոր է

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Բանանք ուրիշ համար մը՝ Գործք 2։21–ը, եւ տեսնենք թէ այս ուղղութեամբ ի՛նչ կ’ըսէ։ «Ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Ուրեմն Տէրոջը, այսինքն Եհովային, անունը կանչելը փրկուելու համար անհրաժեշտ պահանջ մըն է։ Չե՞ս կարծեր թէ Յիսուս ասիկա գիտէր։

ԱԼԵՔՍ.– Անշո՜ւշտ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ուրեմն, կը տեսնե՞ս թէ Յիսուսի համար ինչո՛ւ կարեւոր էր, որ իր հետեւորդները Աստուծոյ անունը ճանչնային ե՛ւ գործածէին։

ԱԼԵՔՍ.– Այո՛, քանի որ այդպէս ընելով պիտի փրկուէին։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ճիշդ է։ Եւ գլխաւորաբար ասոր համար է որ Վկաները ա՛յսքան Եհովային մասին կը խօսին։ Մենք համոզուած ենք, որ կարեւոր է Աստուծոյ անձնական անունը մարդոց ճանչցնել եւ անոնց օգնել՝ որ իրենք ալ այդ անունը կանչեն։

ԱԼԵՔՍ.– Ռա՛ֆայէլ, նոյնիսկ եթէ մարդիկ Աստուծոյ անունը չեն ճանչնար կամ չեն գործածեր, բայց երբ Աստուծոյ մասին խօսին, արդէն գիտեն որո՛ւն կ’ակնարկեն։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Կրնայ ըլլալ։ Բայց Աստուած իր անձնական անունը մեզի յայտնելով՝ իրեն մօտենալը դիւրացուց։

ԱԼԵՔՍ.– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Հետեւեալ կերպով մտածենք։ Մենք պէտք չունէինք Մովսէսին անունը գիտնալու։ Կրնայինք պարզապէս իրեն ակնարկել որպէս այն մարդը, որ Կարմիր ծովը ճեղքեց կամ ան՝ որ Տասը պատուիրանները ստացաւ։ Նոյնն է պարագան Նոյին։ Կրնայինք անոր մասին ըսել՝ այն մարդը, որ տապան մը շինեց եւ իր ընտանիքին ու անասուններուն հետ Ջրհեղեղէն ազատեցաւ։ Նոյնիսկ հարկ չունէինք Յիսուսի՛ն անունը գիտնալու։ Պարզապէս կրնայինք անոր ակնարկել որպէս այն անձը, որ երկնքէն երկիր իջաւ եւ մեր մեղքերուն համար մեռաւ. այդպէս չէ՞։

ԱԼԵՔՍ.– Այդպէս կը կարծեմ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Բայց Աստուած այս անհատներուն անունները նշե՛ց Աստուածաշունչին մէջ։ Թէեւ բնաւ չենք տեսած Մովսէսը, Նոյը կամ Յիսուսը, բայց պարզապէս անոնց անունները գիտնալը՝ անոնց պատմութիւնը աւելի՛ իսկական կը դարձնէ։

ԱԼԵՔՍ.– Բնաւ այդպէս չէի մտածած, բայց ըսածդ տրամաբանակա՛ն է։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ասիկա ուրիշ պատճառ մըն է, թէ ինչո՛ւ Եհովայի վկաները Աստուծոյ անունը շատ կը գործածեն։ Մենք կ’ուզենք մարդոց օգնել որ Եհովա Աստուծոյ հաւատան, զինք նկատելով իսկակա՛ն Անձ մը՝ որուն կրնան մօտենալ։ Միեւնոյն ժամանակ, Յիսուսի Փրկիչ ըլլալուն մե՛ծ կարեւորութիւն կու տանք։ Կարդա՞նք ուրիշ համար մը, որ ճիշդ այս գաղափարը կ’ընդգծէ։

ԱԼԵՔՍ.– Կարդանք։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Քիչ առաջ բացինք Յովհաննէս 14։6–ը, ուր Յիսուս ըսաւ, որ ինքն է «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Իսկ հիմա պիտի կարդանք Յովհաննէս 14։1–ին երկրորդ մասը։

Ռաֆայէլը Ալեքսին համար մը կը կարդայ Աստուածաշունչէն

ԱԼԵՔՍ.– «Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք»։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Լեզուիդ դալար։ Ուրեմն ըստ այս համարին, որո՞ւն պէտք է հաւատանք. Յիսուսի՞ն թէ Եհովային։

ԱԼԵՔՍ.– Հոս Յիսուս կ’ըսէ որ երկուքն ալ կարեւոր են։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Ճիշդ է։ Եւ վստահ եմ որ կը համաձայնիս, թէ չի բաւեր մէկը պարզապէս ըսէ. «Ես Աստուծոյ եւ Յիսուսին կը հաւատամ»։ Պէտք է որ մեր ապրելակե՛րպը ցոյց տայ թէ անոնց կը հաւատանք։

ԱԼԵՔՍ.– Այո՜։ Անշո՜ւշտ։

ՌԱՖԱՅԷԼ.– Լաւ, անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ թէ իսկապէս Աստուծոյ եւ Յիսուսին կը հաւատայ։ Այս կէտը կրնանք յաջորդ անգամ նկատի առնելa։

ԱԼԵՔՍ.– Ինչո՞ւ չէ։

Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։

a Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 12–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել