-
Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
14. (ա) Յիսուս իր մահուան նախորդող գիշերը ի՞նչ խոստացաւ։ (բ) Եթէ Աստուծոյ սուրբ հոգիին հայթայթած մխիթարութենէն լիովին կ’ուզենք օգտուիլ, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։
14 Իր կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն յստակօրէն բացատրեց որ ինք շուտով պիտի ձգէր զիրենք ու իր Հօրը քով պիտի վերադառնար։ Ասիկա զիրենք խռովեցուց ու տրտմեցուց։ (Յովհաննու 13։33, 36. 14։27–31) Գիտակցելով որ անոնք շարունակաբար մխիթարուելու կարիքը ունէին, Յիսուս խոստացաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի»։ (Յովհաննու 14։16) Հոս, Յիսուս կ’ակնարկէր Աստուծոյ սուրբ հոգիին, որ իր աշակերտներուն վրայ թափուեցաւ իր յարութենէն 50 օր ետք։a Ուրիշ բաներու կողքին, Աստուծոյ հոգին զանոնք մխիթարեց փորձութիւններու ատեն ու զօրացուց, որպէսզի շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարել։ (Գործք 4։31) Սակայն, այսպիսի օգնութիւն ինքնաբերաբար չի գար։ Անկէ լիովին օգտուելու համար, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է շարունակէ աղօթել իր սուրբ հոգիին միջոցաւ Աստուծոյ հայթայթած մխիթարական օգնութիւնը ստանալու համար։—Ղուկաս 11։13
-
-
Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
a Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն համար, Աստուծոյ սուրբ հոգիին գլխաւոր գործունէութիւններէն մէկն էր զանոնք օծել որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդեգիրներ ու Յիսուսի եղբայրներ։ (Բ. Կորնթացիս 1։21, 22) Ասիկա վերապահուած է միմիայն Քրիստոսի 144,000 աշակերտներուն։ (Յայտնութիւն 14։1, 3) Ներկայիս, Քրիստոնեաներու մեծամասնութեան դիմաց դրուած է երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Թէեւ օծեալներ չեն, սակայն անոնք ալ կը ստանան Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը։
-