Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը
    Դիտարան 1992 | Դեկտեմբեր 1
    • Հոգին Ի՛նչպէս կ’Օգնէ

      9. (ա) Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կը ծառայէ որպէս «օգնական» մը։ (բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ սուրբ հոգին անձ մը չէ։ (Տես լուսանցքի բացատրութիւնը։)

      9 Յիսուս Քրիստոս սուրբ հոգին «օգնական» կոչեց։ Օրինակի համար, ան իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [օգնական (ՆԱ)] մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի։ Ճշմարտութեան հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասնզի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասնզի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ»։ Ի միջի այլոց, այդ «օգնական»ը ուսուցիչ մը պիտի ըլլար, քանի որ Քրիստոս խոստացաւ. «Մխիթարիչը [Օգնականը (ՆԱ)] սուրբ հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ Հոգին նաեւ Քրիստոսին մասին վկայութիւն պիտի տար եւ ան իր աշակերտներուն վստահեցուց. «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, մխիթարիչը [օգնականը (ՆԱ)] ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ»։—Յովհաննու 14։16, 17, 26. 15։26. 16։7a

      10. Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպերով փաստած է օգնական մը ըլլալ։

      10 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուս խոստացուած սուրբ հոգին երկնքէն թափեց իր հետեւորդներուն վրայ։ (Գործք 1։4, 5. 2։1–11) Օգնական մը ըլլալով, հոգին Աստուծոյ կամքին ու նպատակին մասին յաւելեալ հասկացողութիւն տուաւ անոնց եւ անոր մարգարէական Խօսքը պարզաբանեց անոնց։ (Ա. Կորնթացիս 2։10–16. Կողոսացիս 1։9, 10. Եբրայեցիս 9։8–10) Այդ օգնականը նաեւ զօրութիւն տուաւ Յիսուսի աշակերտներուն, որպէսզի վկաներ ըլլան ամբողջ երկրին մէջ։ (Ղուկաս 24։49. Գործք 1։8. Եփեսացիս 3։5, 6) Ներկայիս, սուրբ հոգին կրնայ նուիրուած Քրիստոնեայի մը օգնել, որ գիտութեան մէջ աճի, եթէ օգտագործէ այն հոգեւոր հայթայթումները զորս Աստուած կ’ընէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45–47) Աստուծոյ հոգին կրնայ օգնել Եհովայի ծառաներուն, վկայելու համար քաջութիւնն ու զօրութիւնը տալով անոնց։ (Մատթէոս 10։19, 20. Գործք 4։29–31) Սակայն սուրբ հոգին ուրիշ կերպերով ալ Աստուծոյ ժողովուրդին կ’օգնէ։

  • Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ իր ժողովուրդը
    Դիտարան 1992 | Դեկտեմբեր 1
    • a Թէեւ անձնաւորուած է որպէս «օգնական» մը, սակայն սուրբ հոգին անձ մը չէ, քանի որ հոգիին համար գործածուած է Յունարէն չէզոք դերանուն մը (որ Անգլերէնով “it” թարգմանուած է)։ Անձնաւորուած իմաստութեան համար, նմանապէս գործածուած են Եբրայերէն իգական դերանուններ։ (Առակաց 1։20–33. 8։1–36) Ասկէ զատ, սուրբ հոգին ‘թափուեցաւ (ՆԱ)’, ինչ որ կարելի չէ վերագրել անձի մը։—Գործք 2։33

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել