Իսկական խաղաղութիւն. ո՞ր աղբիւրէն
«[Եհովա] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։—ՍԱՂՄՈՍ 46։9
1. Եսայիի մարգարէութեան մէջ խաղաղութեան ի՞նչ հոյակապ խոստում մը կը գտնենք։
«ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գործը՝ խաղաղութիւն ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։ Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի»։ (Եսայեայ 32։17, 18) Ի՜նչ գեղեցիկ խոստում մը։ Ասիկա Աստուծոյ կողմէ իրագործուելիք իսկական խաղաղութեան խոստում մըն է։
2, 3. Նկարագրեցէք իսկական խաղաղութիւնը։
2 Սակայն, իսկական խաղաղութիւնը ի՞նչ է։ Անիկա պարզապէս պատերազմի բացակայութի՞ւնն է։ Կամ, միայն ժամանակաշրջա՞ն մըն է, մինչ ազգերը յաջորդ պատերազմին համար կը պատրաստուին։ Արդեօք իրական խաղաղութիւնը երա՞զ մըն է։ Ասոնք հարցումներ են որոնք վստահելի պատասխաններու կը կարօտին։ Նախ եւ առաջ, իսկական խաղաղութիւնը երազէ մը աւելի է։ Աստուծոյ խոստացած խաղաղութիւնը այս աշխարհի երեւակայածէն շատ հեռու բան մըն է։ (Եսայեայ 64։4) Անիկա քանի մը տարուան, կամ քանի մը տասնամեակներու խաղաղութիւն մը չէ։ Անիկա յաւիտեան պիտի տեւէ ու քանի մը առանձնաշնորհեալներու վիճակուած պիտի չըլլայ, այլ, երկինքն ու երկիրը, հրեշտակներն ու մարդիկը պիտի պարփակէ։ Անիկա ամէն ազգի, ցեղի, լեզուի եւ գոյնի մարդոց կը հասնի։ Անիկա ո՛չ սահման, ո՛չ արգելք, ո՛չ ալ ձախողութիւն կը ճանչնայ։—Սաղմոս 72։7, 8. Եսայեայ 48։18
3 Իսկական խաղաղութիւն կը նշանակէ ամէ՛ն օր խաղաղութիւն։ Կը նշանակէ ամէն առաւօտ արթննալ առանց պատերազմի գաղափարով, առանց մտահոգուելու ձեր ապագայով, ձեր զաւակներուն կամ թոռներուն ապագայով։ Անիկա կը նշանակէ մտքի կատարեալ խաղաղութիւն։ (Կողոսացիս 3։15) Անիկա կը նշանակէ որ այլեւս ո՛չ բռնութիւն, ո՛չ ոճիր, ո՛չ քայքայուած ընտանիքներ, ո՛չ տնազուրկներ, ո՛չ սովամահ կամ ցուրտէն սառած անհատներ պիտի ըլլան, ո՛չ ալ վհատութիւն եւ յուսախաբութիւն պիտի ըլլայ այլեւս։ Ասկէ աւելի, Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը նշանակէ, առանց հիւանդութեան, ցաւի, վշտի եւ մահուան՝ աշխարհ մը։ (Յայտնութիւն 21։4) Յաւիտեան իսկական խաղաղութիւն վայելելու ի՜նչ սքանչելի յոյս մը ունինք։ Բոլորս ալ այսպիսի խաղաղութեան եւ ուրախութեան չե՞նք տենչար։ Այսպիսի խաղաղութեան համար պէտք չէ՞ աղօթենք ու անոր համար աշխատինք։
Մարդկութեան Ձախողած Ջանքերը
4. Ազգերը խաղաղութեան համար ի՞նչ ջանքեր թափած են եւ ի՛նչ արդիւնքով։
4 Դարերէ ի վեր, մարդիկ եւ ազգեր խօսած են խաղաղութեան մասին, այդ ուղղութեամբ վիճաբանած ու հարիւրաւոր խաղաղութեան դաշնագրեր ստորագրած են։ Բայց արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Անցեալ 80 տարիներուն, գրեթէ վայրկեան մը չէ եղած երբ ազգ մը կամ խմբակ մը պատերազմի մէջ չէր։ Որոշ է որ խաղաղութիւնը խոյս տուած է մարդկութենէն։ Ուստի հարց կը ծագի. միջազգային խաղաղութիւն հաստատելու մարդուն ջանքերը ինչո՞ւ կը ձախողին եւ մարդը ինչո՞ւ չի կրնար մնայուն կերպով իսկական խաղաղութիւն բերել։
5. Մարդկութեան խաղաղութեան ջանքերը ինչո՞ւ շարունակ ձախողած են։
5 Ասոր պատճառը այն է որ մարդը իսկական խաղաղութեան համար շիտակ աղբիւրին չէ դիմած։ Բանսարկու Սատանային ազդեցութեան ներքեւ, մարդիկ կազմակերպութիւններ հաստատած են, որոնք զոհ կը դառնան իրենց անձնական տկարութիւններուն եւ մոլութիւններուն, ագահութեան եւ փառասիրութեան, հեղինակութեան ու կարկառուն ըլլալու տենչերուն։ Անոնք բարձրագոյն ուսման հիմնարկներ յաճախած ու գիտահետազօտական հաստատութիւններ հիմնած են, որոնք միայն աւելի հարստահարելու եւ կործանելու նպաստած են։ Մարդիկ ո՞ր աղբիւրին առաջնորդուած են։ Անոնք ո՞ւր նայած են։
6, 7. (ա) Ազգերու Դաշնակցութիւնը ի՞նչպիսի արձանագրութիւն մը ունեցած է։ (բ) Միացեալ Ազգերը ի՞նչպիսի արձանագրութիւն մը ունի։
6 1919–ին, մնայուն խաղաղութեան համար, ազգերը իրենց վստահութիւնը դրին Ազգերու Դաշնակցութեան վրայ։ Այդ յոյսը խորտակուեցաւ, երբ 1935–ին Մուսոլինիին բանակը Եթովպիա մտաւ եւ 1936–ին Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը ծագեցաւ։ 1939–ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի պայթումով, Ազգերու Դաշնակցութիւնը մոռացութեան մատնուեցաւ։ Այդպէս կոչուած խաղաղութիւնը նոյնիսկ 20 տարի չտեւեց։
7 Ի՞նչ կրնանք ըսել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մասին։ Անիկա համաշխարհային մնայուն խաղաղութեան իսկական յոյս մը մատուցանա՞ծ է։ Ո՜չ։ Անոր կազմուելէն ի վեր, աւելի քան 150 պատերազմներ եւ զինեալ պայքարներ մղուած են։ Զարմանալի չէ որ Կուին Տայըր, պատերազմը եւ անոր ծագումները սերտող Գանատացի ուսումնական մը, ՄԱԿ–ը նկարագրած է որպէս «գաղտորսորդներու ընկերակցութիւն մը, որ անասուններու պաշտպան եւ ո՛չ սուրբերու համախմբութիւն մը դարձած է», իսկ «մեծապէս անզօր պարապախօսներու հաստատութիւն մը»։—Բաղդատել՝ Երեմեայ 6։14. 8։15։
8. Խաղաղութեան մասին խօսակցութիւններ ունենալով հանդերձ, ազգերը ի՞նչ ըրած են։ (Եսայեայ 59։8)
8 Խաղաղութեան մասին խօսակցութիւններ ունենալով հանդերձ, ազգերը կը շարունակեն զէնքեր հնարել եւ արտադրել։ Խաղաղութեան խորհըրդաժողովներու թիկունք կանգնող երկիրներն են յաճախ, որ զէնքեր շինելու մէջ առաջնորդութիւնը առած են։ Այս երկիրներուն մէջ, առեւտրական բարձր շահերը կը քաջալերեն մահացու զէնքերու արտադրութիւնը, մէջը ըլլալով դաժան ականները, որ ամէն տարի շուրջ 26,000 քաղաքացիներ՝ չափահասներ եւ երախաներ, կը սպաննեն։ Ագահութիւնն ու ապականութիւնը ասոր ետին գտնուող մղիչ ուժերն են։ Կաշառակերութիւնն ու դրամաշորթութիւնը կենսական եւ կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն զէնքերու միջազգային վաճառքին։ Կարգ մը քաղաքագէտներ կը հարըստանան այս աղբիւրէն։
9, 10. Աշխարհային մասնագէտներ ի՞նչ նկատած են պատերազմներու ու մարդկային ջանքերու նկատմամբ։
9 1995–ի Դեկտեմբերին, Լեհ բնագէտ եւ Նոպէլի մրցանակակիր Ժոզէֆ Ռոթպլաթ, ազգերուն կոչ ըրաւ որ զէնքերու մրցակցութիւնը դադրեցնեն։ Ան ըսաւ. «[Զէնքերու նոր մրցակցութիւն մը] արգիլելու միակ կերպն է, պատերազմը ամբողջովին մէջտեղէն վերցնել»։ Կը խորհի՞ք որ ասիկա կրնայ պատահիլ։ 1928–էն ասդին, 62 ազգեր Գէլոկ–Պրիան Համաձայնագիրը վաւերացուցին, հրաժարելով պատերազմը գործածել որպէս խնդիրները լուծելու միջոց մը։ Բ. Աշխարհամարտը յստակօրէն ցոյց տուաւ որ այդ համաձայնագիրը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէր։
10 Անուրանալիօրէն, մարդկային պատմութեան մէջ պատերազմները միշտ գայթակղութեան քար եղած են։ Ինչպէս որ Կուին Տայըր գրեց. «Մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ, պատերազմը գլխաւոր հաստատութիւն մըն է եւ անոր պատմութիւնը քաղաքակրթութեան չափ հին է»։ Այո, առանց բացառութեան, ամէն քաղաքակրթութիւն եւ կայսրութիւն ունեցած է իր զինուորական յարգուած հերոսները, մնայուն բանակները, հռչակաւոր պատերազմները, զինուորական սրբազան ակադեմիաներն ու զինամթերքը։ Սակայն, մեր դարը որեւէ ատենէ աւելի պատերազմներով յատկորոշուած է, թէ՛ կործանարարութեամբ եւ թէ կեանքի կորուստով։
11. Աշխարհի առաջնորդները ո՞ր հիմնական ազդակը անտեսած են խաղաղութիւն բերելու իրենց փնտռտուքին մէջ։
11 Բացայայտ է որ աշխարհի առաջնորդները անտեսած են Երեմեայ 10։23–ի հիմնական իմաստութիւնը. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Առանց Աստուծոյ, իսկական խաղաղութիւն կարելի չէ։ Այս բոլորը կը նշանակէ՞ որ քաղաքակրթուած ընկերութեան մը մէջ պատերազմը անխուսափելի է։ Կը նշանակէ՞ որ խաղաղութիւնը՝ իսկական խաղաղութիւնը՝ անկարելի երազ մըն է։
Արմատական Պատճառին Հասնիլ
12, 13. (ա) Աստուածաշունչը պատերազմի հիմնական, անտեսանելի պատճառին մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ (բ) Սատանան մարդկութեան ուշադրութիւնը ի՞նչպէս հեռացուցած է աշխարհի խնդիրներուն իրական լուծումէն։
12 Այս հարցումներուն պատասխանելու համար՝ պատերազմին պատճառները պէտք է հասկնանք։ Յովհաննու 8։44–ին մէջ, Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ որ ըմբոստ հրեշտակը՝ Սատանան՝ առաջին «մարդասպան»ը եւ «ստախօս»ն է, իսկ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Յովհաննու 8։44. Ա. Յովհաննու 5։19) Ան ի՞նչ ըրած է իր ծրագիրները յառաջ տանելու համար։ Բ. Կորնթացիս 4։3, 4–ի մէջ կը կարդանք. «Եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։ Սատանան իր կարելին կ’ընէ, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը հեռացնէ, աշխարհի խնդիրներուն միակ լուծումը եղող Աստուծոյ Թագաւորութենէն։ Ան ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական հարցերով պառակտում պատճառելով մարդիկը կը կուրցնէ եւ զանոնք կը մոլորեցնէ, որպէսզի այդպիսի բաներ աւելի կարեւոր նկատեն քան Աստուծոյ իշխանութիւնը։ Ասոր ընթացիկ մէկ օրինակն է աշխարհի չորս կողմը գլուխ ցցած ազգայնականութեան մեծ ալիքը։
13 Սատանան ազգայնականութիւն կամ ցեղապաշտութիւն կը քաջալերէ. այն հաւատքը թէ ազգ մը, ցեղ մը կամ տոհմ մը ուրիշներէն գերակայ է։ Դարերէ ի վեր զսպուած, խոր արմատ կապած ատելութիւններ վերազարթնած են, աւելի պատերազմներ եւ պայքարներ արծարծելու համար։ Ֆէտէրիգօ Մէյըր, Իւնէսգոյ–ի ընդհանուր տնօրէնը, այս հոսանքին նկատմամբ հետեւեալ ազդարարութիւնը տուաւ. «Նոյնիսկ հոն ուր հանդուրժողութիւնը օրակարգին մաս կը կազմէր, բացայայտօրէն օտարամերժութեան վերածուած է, իսկ ազգայնամոլութիւնը ու ցեղապաշտութիւնը, որոնք անցեալին պատկանող բաներ կը կարծուէին՝ երթալով աւելի յաճախ կը լսուին»։ Ասոր հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ կատարուած ահռելի ջարդերը եւ Ռուանտայի ցեղային արիւնահեղութիւնը այսպիսի օրինակներ են, որոնք համաշխարհային մամուլին վերնագիրները լեցուցին։
14. Յայտնութիւն 6։4–ը ի՞նչպէս կը նկարագրէ պատերազմը ու ներկայիս անոր ունեցած հետեւանքները։
14 Աստուածաշունչը նախագուշակեց որ այս դրութեան վերջին ժամանակին, պատերազմ խորհըրդանշող շառագոյն ձիաւորը իր արշաւը պիտի կատարէր համայն երկրի վրայ։ Յայտնութիւն 6։4–ի մէջ կը կարդանք. «Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ 1914–էն ի վեր, տեսած ենք որ այս այլաբանական ձին ‘խաղաղութիւնը վերցուցած’ է, ու ազգերը շարունակած են պատերազմ մղել։
15, 16. (ա) Պատերազմներուն ու սպանութիւններուն մէջ կրօնքը ի՞նչ դեր ունեցած է։ (բ) Եհովա կրօնքներուն ըրածները ի՞նչ աչքով կը դիտէ։
15 Այս պատերազմներուն ու սպանութիւններուն մէջ կրօնքին դերը պէտք չէ անտեսուի։ Մարդկութեան արիւնարբու պատմութիւնը մեծաւ մասամբ կարելի է վերագրել սուտ կրօնքի սխալ առաջնորդութեան։ Կաթողիկէ աստուածաբան Հէնզ Գիյուն գրեց. «Կասկած չի վերցներ որ [կրօնքները] բացասական եւ կործանարար մեծ ազդեցութիւն ունեցած են, եւ տակաւին կ’ունենան, մարդկութիւնը պատերազմի դրդելու մէջ։ Ա՛յսքան պայքարներու, արիւնահեղ կռիւներու պատասխանատուն իրե՛նք են. արդարեւ անոնք այս ‘կրօնական պատերազմներուն’ համար համարատու են. . . . նոյնն է պարագան երկու աշխարհամարտերուն»։
16 Եհովա Աստուած ի՞նչպէս կը նկատէ սպանութիւններու եւ պատերազմներու մէջ սուտ կրօնքին խաղցած դերը։ Սուտ կրօնքը Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած է, ինչպէս արձանագրուած է Յայտնութիւն 18։5–ի մէջ. «Ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց»։ Քաղաքական կառավարիչներուն հետ սուտ կրօնքին մեղսակցութեան հետեւանքը եղած է ա՛յնքան արիւնահեղութիւն, ա՛յնքան մեղքերու կուտակում, որ Աստուած չի կրնար զայն անտեսել։ Ան շուտով ամբողջովին պիտի ջնջէ իսկական խաղաղութեան արգելք հանդիսացող այս գայթակղութեան քարը։—Յայտնութիւն 18։21
Խաղաղութեան Տանող Ճամբան
17, 18. (ա) Յաւիտենական խաղաղութեան կարելիութեան հաւատալը ինչո՞ւ անիրապաշտ երազ մը չէ։ (բ) Եհովա արդէն ի՞նչ ըրած է իսկական խաղաղութեան գալը երաշխաւորելու համար։
17 Եթէ մարդիկ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նման գործակալներու միջոցաւ չեն կրցած իսկական եւ մնայուն խաղաղութիւն բերել, իսկական խաղաղութիւնը ո՞ր աղբիւրէն պիտի գայ եւ ի՛նչպէս։ Արդեօք յաւիտենական խաղաղութեան կարելիութիւնը անիրապաշտ երա՞զ մըն է։ Բնա՛ւ՝ եթէ խաղաղութեան շիտակ աղբիւրին դիմենք։ Իսկ ո՞վ է այդ աղբիւրը։ Սաղմոս 46։9–ը պատասխանելով, կ’ըսէ որ Եհովան «պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։ Իսկ Եհովա արդէն գործի լծուած է պատերազմին վերջ մը դնելու եւ իսկական խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս Քրիստոսը Թագաւորութեան իր իրաւացի գահին վրայ նստեցնելով 1914–ին, եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ խաղաղութեան դաստիարակչութեան մեծագոյն արշաւը յառաջ տանելով։ Եսայեայ 54։13–ի մարգարէական խօսքերը կ’երաշխաւորեն մեզ. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։
18 Այս մարգարէութիւնը կը բացատրէ պատճառ եւ արդիւնք սկզբունքը. ուրիշ խօսքով, ամէն արդիւնք՝ իր պատճառը ունի։ Այս պարագային, Եհովայի ուսուցումը՝ պատճառը՝ ռազմասէր մարդիկը կը վերածէ խաղաղասէր անձերու, որոնք Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ են։ Արդիւնքը՝ սրտի փոփոխութիւնն է, որ զանոնք խաղաղասէր անհատներու կը դարձնէ։ Մարդոց սրտերն ու մտքերը փոխող այս ուսուցումը արդէն հիմա իսկ համայն աշխարհի վրայ կը տարածուի, մինչ միլիոնաւորներ կը հետեւին «Խաղաղութեան Իշխան»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։—Եսայեայ 9։6
19. Յիսուս իսկական խաղաղութեան մասին ի՞նչ սորվեցուց։
19 Իսկ Յիսուս ի՞նչ սորվեցուց իսկական խաղաղութեան մասին։ Ան ոչ միայն ազգերու միջեւ խաղաղութեան մասին խօսեցաւ, այլ նաեւ՝ մարդոց փոխյարաբերութեան մէջ եղող խաղաղութեան եւ ներքին խաղաղութեան մասին, որ լաւ խղճմտանքի արդիւնքն է։ Յովհաննու 14։27–ի մէջ, իր հետեւորդներուն ուղղած Յիսուսի խօսքերը կը կարդանք. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ»։ Յիսուսի խաղաղութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր էր աշխարհի տուած խաղաղութենէն։
20. Յիսուս ի՞նչ միջոցաւ իսկական խաղաղութիւն պիտի բերէ։
20 Նախ, Յիսուսի խաղաղութիւնը սերտօրէն առնչութիւն ունէր իր Թագաւորութեան պատգամին հետ։ Ան գիտէր որ երկնային արդար կառավարութիւն մը, որ բաղկացած պիտի ըլլար Յիսուսէ եւ 144,000 իշխանակիցներէ, պատերազմին եւ ռազմամոլներուն վերջ պիտի դնէր։ (Յայտնութիւն 14։1, 3) Ան գիտէր որ անիկա դրախտանման պայմաններ պիտի բերէր. ինչ որ իր կողքին մահացող չարագործին ալ մատուցանեց։ Յիսուս անոր երկնային Թագաւորութեան մէջ տեղ մը չհրամցուց, այլ անոր ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, ‘Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։—Ղուկաս 23։43, ՆԱ։
21, 22. (ա) Իսկական խաղաղութիւնը սքանչելիօրէն ոյժ տուող ի՞նչ յոյս կը պարփակէ։ (բ) Այդ օրհնութեան ականատես ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
21 Յիսուս գիտէր նաեւ որ իր Թագաւորութիւնը բոլոր իրեն հաւատացողները պիտի մխիթարէր։ Իր տուած խաղաղութեան մաս կը կազմէր սքանչելիօրէն ոյժ տուող յարութեան յոյսը։ Յիշեցէք Յովհաննու 5։28, 29–ի իր քաջալերական խօսքերը. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։
22 Մեծ ակնկալութեամբ այդ օրուան կը սպասէ՞ք։ Մահուան մէջ սիրելիներ կորսնցուցա՞ծ էք։ Զանոնք տեսնելու կարօտը կը քաշէ՞ք։ Եթէ այո, ուրեմն Յիսուսի մատուցած խաղաղութիւնը ընդունեցէք։ Ղազարոսի քրոջ՝ Մարթայի նման հաւատք մը ունեցէք, որ Յիսուսի ըսաւ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ Սակայն նկատի առէք Մարթայի տուած Յիսուսի բերկրալի պատասխանը. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։—Յովհաննու 11։24-26
23. Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը ինչո՞ւ կենսական է իսկական խաղաղութիւն ձեռք ձգելու համար։
23 Դո՛ւք ալ կրնաք հաւատալ այս խոստումին ու անկէ օգտուիլ։ Ի՞նչպէս։ Աստուծոյ Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով։ Նկատի առէք որ Պօղոս ի՛նչպէս շեշտեց ճշգրիտ գիտութեան կարեւորութիւնը. «Մենք . . . չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին [«ճըշգրիտ», ՆԱ] գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ [«ճշգրիտ», ՆԱ] գիտութիւնովը»։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Այս ճշգրիտ գիտութիւնը պիտի համոզէ ձեզ թէ Եհովա Աստուած իսկական խաղաղութեան աղբիւրն է։ Անիկա նաեւ ձեզի պիտի ըսէ թէ հի՛մա ինչ պէտք է ընէք որպէսզի կարենաք սաղմոսերգուին միանալ, ըսելով. «Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, վասն զի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես»։—Սաղմոս 4։8
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Խաղաղութիւն բերելու մարդկային ջանքերը ինչո՞ւ շարունակաբար ձախողած են։
◻ Պատերազմին արմատական պատճառը ի՞նչ է։
◻ Տեւական խաղաղութիւնը ինչո՞ւ անիրապաշտ երազ մը չէ։
◻ Իսկական խաղաղութեան աղբիւրը ի՞նչ է։
[Նկար՝ էջ 18]
Իսկական խաղաղութիւնը երազ մը չէ։ Անիկա Աստուծոյ խոստումն է
[Նկար՝ էջ 20]
1914–էն ի վեր շառագոյն ձիուն այլաբանական ձիաւորը խաղաղութիւնը երկրէն վերցուցած է
[Նկար՝ էջ 21]
Կրօնքը եւ ՄԱԿ–ը կրնա՞ն խաղաղութիւն բերել
[Նկարին աղբիւրը]
UN photo