Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչ կը նշանակէ չէզոք ըլլալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 45։ Պատանի քոյր մը յարգանքով ոտքի կեցած է դրօշակին երդում ընելու ատեն, բայց երդումի խօսքերը չի կրկներ կամ ձեռքը կուրծքին վրայ չի դներ միւս աշակերտներուն պէս։

      ԴԱՍ 45

      Ի՞նչ կը նշանակէ չէզոք ըլլալ

      Յիսուս սորվեցուց, որ իր հետեւորդները պէտք չէ աշխարհին մէկ մասը ըլլան (Յովհաննէս 15։19)։ Ասիկա կը նշանակէ չէզոք ըլլալ, այսինքն՝ աշխարհի քաղաքականութիւններուն եւ պատերազմներուն մէջ կողմ չբռնել։ Իրականութիւնը այն է, որ միշտ դիւրին չէ չէզոք ըլլալ։ Մարդիկ կրնան ասոր համար մեր վրայ խնդալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք չէզոք մնալ եւ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ։

      1. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կը նկատեն մարդկային կառավարութիւնները

      Քրիստոնեաները կառավարութիւնները կը յարգեն։ Մենք Յիսուսին ըսածը կ’ընենք եւ ‘ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին կու տանք’, այսինքն՝ կը հնազանդինք երկրին օրէնքներուն, օրինակ՝ այն օրէնքները, որոնք կը պահանջեն տուրքեր վճարել (Մարկոս 12։17)։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, որ մարդկային կառավարութիւնները կ’իշխեն, միայն քանի որ Եհովա՛ն իրենց թոյլ կու տայ որ իշխեն (Հռովմայեցիս 13։1)։ Ուստի կը հասկնանք, որ մարդկային կառավարութիւններուն իշխանութիւնը Աստուծոյ իշխանութենէն ցած է։ Մենք մեր յոյսը Աստուծոյ եւ իր երկնային Թագաւորութեան վրայ կը դնենք, որ մարդկութեան խնդիրները լուծեն։

      2. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ չէզոք ենք

      Յիսուսին պէս, քաղաքականութեան չենք խառնուիր։ Երբ մարդիկ Յիսուսի հրաշքներէն մէկը տեսան եւ ուզեցին զինք թագաւոր ընել, ան մերժեց (Յովհաննէս 6։15)։ Ինչո՞ւ։ Ան յետագային պատճառը տուաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Յիսուսին աշակերտները ըլլալով, մեր չէզոքութիւնը շատ մը կերպերով ցոյց կու տանք։ Օրինակ, պատերազմի չենք մասնակցիր (կարդա՛ Միքիա 4։3)։ Կը յարգենք ազգային խորհրդանիշները, օրինակ՝ դրօշակները, բայց անոնք չենք պաշտեր (Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Եւ որեւէ կուսակցութեան կամ քաղաքական թեկնածուի նկատմամբ կողմ չենք բռներ։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, ցոյց կու տանք որ ամբողջովին հաւատարիմ ենք Աստուծոյ կառավարութեան՝ իր Թագաւորութեան։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ պարագաներ, որոնց մէջ չէզոք մնալը կրնայ դժուար ըլլալ, եւ տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս առնել որոշումներ, որոնց Եհովան պիտի հաճի։

      Տղամարդ մը չէզոք կը մնայ։ Ան կարեւորութիւն չի տար քաղաքական թեկնածուներուն, որոնք բազմութիւններու առջեւ ճառ կու տան։

      3. Ճշմարիտ քրիստոնեաները չէզոք են

      Մենք Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն օրինակին կը հետեւինք։ Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 13։1, 5-7 եւ Ա. Պետրոս 2։13, 14։ Ետքը, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Ճշմարիտ քրիստոնեան քաղաքականութեան չի խառնուիր (մաս 1) (4։28)

      • Ինչո՞ւ պէտք է մարդկային կառավարութիւնները յարգենք։

      • Ի՞նչ կարգ մը կերպերով ցոյց կու տանք, որ անոնց կը հնազանդինք։

      Պատերազմներու ատեն, կարգ մը ազգեր կ’ըսեն որ չէզոք են, բայց երկու կողմերուն ալ կ’օգնեն։ Իրապէս ի՞նչ ըսել է չէզոք ըլլալ։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 17։16։ Ետքը, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Ճշմարիտ քրիստոնեան քաղաքականութեան չի խառնուիր (մաս 2) (3։11)

      • Ի՞նչ կը նշանակէ չէզոք ըլլալ։

      Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կառավարութիւն մը քեզմէ պահանջէ ընել բան մը, որ Աստուծոյ օրէնքին հակառակ է։ Կարդացէ՛ք Գործք 5։28, 29։ Ետքը, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Ճշմարիտ քրիստոնեան քաղաքականութեան չի խառնուիր (մաս 3) (1։18)

      • Երբ մարդուն դրած օրէնքը հակառակ է Աստուծոյ դրած օրէնքին, որո՞ւն օրէնքին պէտք է հնազանդինք։

      • Կրնա՞ս մտածել պարագաներու մասին, որոնց մէջ քրիստոնեաները կառավարութիւններուն պիտի չհնազանդին։

      4. Չէզոք եղիր մտածումներուդ մէջ եւ գործերուդ մէջ

      Կարդացէ՛ք Ա. Յովհաննէս 5։21։ Ետքը, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Ինչո՞ւ ճշմարիտ քրիստոնեաները քաջութեան պէտք ունին. Որ չէզոք մնան (2։49)

      • Վիտէոյին մէջ, Այինկէն ինչո՞ւ որոշեց կուսակցութեան չմիանալ կամ դրօշակին չբարեւել։

      • Քու կարծիքովդ, ան իմաստո՞ւն որոշում առաւ։

      Ուրիշ ի՞նչ պարագաներու, չէզոք մնալը կրնայ դժուար ըլլալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Դիտարանէն դասեր. Չէզոք դիրք բռնէ աս բաժնուած աշխարհին մէջ (5։16)

      • Ինչպէ՞ս կրնանք կողմ չբռնել, երբ միջազգային մարզական մրցումներ կը դիտենք։

      • Ինչպէ՞ս կրնանք չէզոք մնալ, նոյնիսկ եթէ քաղաքական առաջնորդներու որոշումներէն վնասուած ենք կամ օգտուած ենք։

      • Լուրեր տուող միջոցները կամ մեր ընկերակցութիւնները ինչպէ՞ս կրնան դժուարացնել որ չէզոք մնանք։

      1. Բարկացած մարդիկ պաստառներ բռնած են ու ցոյցի ելած են։ 2. Մարզական խաղի մը ընթացքին, մարդ մը, որ դրօշակ բռնած է, ուրախութեամբ կը պոռայ։ 3. Աշակերտ մը դրօշակին երդում կ’ընէ։ 4. Զինուոր մը զէնք բռնած է։ 5. Երկու քաղաքական թեկնածուներ կը բանավիճին։ 6. Կին մը իր քուէն տուփի մը մէջ կը դնէ։

      Քրիստոնեան ո՞ր մարզերուն մէջ պէտք է մտքով ու գործով չէզոք մնայ

      ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Ինչո՞ւ դրօշակին չես բարեւեր կամ ազգային քայլերգը չես երգեր»։

      • Ի՞նչ կը պատասխանես։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Քրիստոնեաները շատ ջանք կ’ընեն, որ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք ըլլան՝ իրենց մտածումներուն, խօսքերուն եւ գործերուն մէջ։

      Վերաքաղ

      • Մարդկային կառավարութիւններուն պէ՞տք է հնազանդինք։

      • Ինչո՞ւ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնանք։

      • Ի՞նչ պարագաներու, չէզոք մնալը կրնայ դժուար ըլլալ։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Չէզոք մնալու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ ի՞նչ զոհողութիւններ ընենք։

      Եհովան մեզ բնա՛ւ երեսէ չձգեց (3։14)

      Ընտանիք մը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի առաջուընէ պատրաստուի չէզոք մնալու։

      Չէզոք մնալ հանրային առիթներուն (4։25)

      Ինչո՞ւ երկիրը պաշտպանելը ամենամեծ պատիւը չէ, որ մէկը կրնայ ունենալ։

      «Ամէն բան կարելի է Աստուծոյ քով» (5։19)

      Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս շարունակել աշխարհին մէկ մասը չըլլալ, երբ գործի նկատմամբ որոշումներ պիտի առնես։

      «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ» (Դիտարան 1 ապրիլ 2006)

  • Կրնաս հալածանքին դիմանալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Ուշ կամ կանուխ, բոլոր քրիստոնեաները հակառակութեան դիմաց պիտի գտնուին, եւ նոյնիսկ պիտի հալածուին։ Ասիկա պէ՞տք է մեզ վախցնէ։

      1. Ինչո՞ւ պիտի հալածուինք

      Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. Տիմոթէոս 3։12)։ Յիսուս հալածուեցաւ, քանի որ Սատանայի աշխարհին մէկ մասը չէր։ Մենք ալ աշխարհի մէկ մասը չենք, անոր համար չենք զարմանար, երբ կառավարութիւնները եւ կրօնական կազմակերպութիւնները մեզ կը հալածեն (Յովհաննէս 15։18, 19)։

      2. Ինչպէ՞ս կրնանք հալածանքին համար հիմակուընէ պատրաստուիլ

      Պէտք է Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը հիմակուընէ աւելցնենք։ Ամէն օր ժամանակ տրամադրէ, որ իրեն աղօթես եւ իր Խօսքը կարդաս։ Կանոնաւորաբար ներկայ եղիր ժողովներուն։ Այս բաները ընելով զօրութիւն պիտի հաւաքես՝ քաջութեամբ դիմանալու հալածանքին, նոյնիսկ եթէ անիկա ընտանիքի անդամներուն կողմէ ըլլայ։ Պօղոս առաքեալ, որ յաճախ կը հալածուէր, գրեց. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ» (Եբրայեցիս 13։6)։

      Նաեւ աւելի քաջութիւն պիտի ունենանք, երբ կանոնաւորաբար կը քարոզենք։ Քարոզելով կը սորվինք Եհովային վստահիլ եւ մարդոցմէ չվախնալ (Առակաց 29։25)։ Եթէ սորվիս հի՛մա քաջութեամբ քարոզել, լաւ պատրաստուած պիտի ըլլաս քարոզելու, նոյնիսկ երբ կառավարութիւնը մեր գործը արգիլէ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2)։

      3. Հալածանքին դիմանալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք

      Անշուշտ, մենք հալածուելէ հաճոյք չենք առներ, բայց երբ հալածանքին կը դիմանանք, մեր հաւատքը կը զօրանայ։ Եհովային աւելի կը մօտենանք, քանի որ ան մեզի կ’օգնէ, երբ կը զգանք թէ այլեւս չենք դիմանար (կարդա՛ Յակոբոս 1։2-4)։ Եհովան ցաւ կը զգայ մեր չարչարանքը տեսնելով, բայց իր սիրտը կ’ուրախանայ, տեսնելով որ չենք յանձնուիր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է» (Ա. Պետրոս 2։20)։ Եհովան հաւատարիմ մնացողներուն պիտի տայ յաւիտենական կեանք աշխարհի մը մէջ, ուր մէ՛կը ճշմարիտ պաշտամունքին պիտի չհակառակի (Մատթէոս 24։13)։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Տե՛ս թէ հակառակ հալածանքին, ինչո՛ւ կարելի է Եհովային հաւատարիմ մնալ եւ ինչպէ՛ս ան մեզ պիտի օրհնէ։

      Կինը մը Սուրբ Գիրքի իր դասին կ’երթայ՝ հակառակ իր ծնողքին հակառակութեան։

      4. Կրնաս ընտանիքիդ հակառակութեան դիմանալ

      Յիսուս ըսաւ, որ թերեւս մեր ընտանիքը չընդունի մեր որոշումը, որ Եհովան պաշտենք։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 10։34-36 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ ընտանիքի մէկ անդամը որոշէ Եհովային ծառայել։

      Օրինակ մը տեսնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Եհովան մեզ ընդունեց (5։13)

      • Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ ազգական մը կամ բարեկամ մը ճնշէ վրադ, որ Եհովային չծառայես։

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 27։10 եւ Մարկոս 10։29, 30։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս համարը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, եթէ ընտանիքդ կամ բարեկամներդ քեզի հակառակին։

      5. Շարունակէ Եհովան պաշտել հակառակ հալածանքին

      Քաջութիւն կ’ուզէ որ Եհովային ծառայենք, երբ ուրիշներ կը փորձեն մեզի արգելք ըլլալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Քաջ ըլլալ՝ հակառակ հալածանքին (6։27)

      • Այս վիտէոյին մէջի օրինակները ինչպէ՞ս քեզ կը զօրացնեն։

      Կարդացէ՛ք Գործք 5։27-29 եւ Եբրայեցիս 10։24, 25։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, որ շարունակենք Եհովան պաշտել, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը ըսէ, որ չքարոզենք կամ ժողովներ չընենք։

      6. Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ դիմանաս

      Աշխարհի չորս կողմը, տարբեր տարիքի եղող Եհովայի վկաներ շարունակած են Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել նոյնիսկ հալածանքի դիմաց։ Գիտնալու համար թէ ի՛նչ բան իրենց օգնած է, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Եհովա Աստուած ինծի ոյժ պիտի տայ (3։40)

      • Վիտէոյին մէջ, ի՞նչը այդ Վկաներուն օգնեց որ դիմանան։

      Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 8։35, 37-39 եւ Փիլիպպեցիս 4։13։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս համարը ինչպէ՞ս քեզ կը վստահեցնէ, որ կրնաս դիմանալ որեւէ փորձութեան։

      Կարդացէ՛ք Մատթէոս 5։10-12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ կրնաս ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ երբ հալածուիս։

      Մեր օրերու Եհովայի վկաներ, որոնք հալածանքին ու բանտարկութեան դիմացած են։

      Միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ հակառակութեան դիմացած են։ Դո՛ւն ալ կրնաս

      ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես չեմ կրնար հալածանքի դիմանալ»։

      • Ի՞նչ համարներ կրնան անոնց պէտք եղած վստահութիւնը տալ։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Եհովան կ’արժեւորէ մեր ջանքերը, որ իրեն ծառայենք հակառակ հալածանքին։ Իր օգնութեամբ, կրնա՛նք դիմանալ։

      Վերաքաղ

      • Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը հալածուին։

      • Հիմակուընէ ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի պատրաստ ըլլաս երբ հալածանքը գայ։

      • Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ վստահ ըլլաս թէ կրնա՛ս Եհովային ծառայել հակառակ որեւէ փորձութեան։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Նկատի առ երիտասարդ եղբայր մը, որ կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Եհովան իրեն օգնեց որ դիմանայ, երբ բանտարկուեցաւ, քանի որ ուզեց չէզոք մնալ։

      Տոկալ հակառակ՝ հալածանքին (2։34)

      Տե՛ս թէ ի՛նչ բան զոյգի մը օգնեց, որ երկար տարիներ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեն՝ հակառակութեան դիմաց։

      Եհովային կը ծառայենք փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակի մէջ (7։12)

      Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս քաջ ըլլալ, երբ կը հալածուիս։

      «Հիմակուընէ հալածանքին պատրաստուէ» (Դիտարան յուլիս 2019)

      Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք ընտանեկան հակառակութիւնը, եւ ի՞նչ կրնանք ընել որ Եհովային հաւատարիմ մնանք։

      «Ճշմարտութիւնը չի բերեր ‘խաղաղութիւն, հապա՝ սուր’» (Դիտարան հոկտեմբեր 2017)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել