Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՅՈՒՆԻՍ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 44-45
«Յովսէփ իր եղբայրներուն կը ներէ»
(Ծննդոց 44։1, 2) Յովսէփ իր տանը վերակացուին հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Այս մարդոց քուրձերը տանել կրցածնուն չափ լեցուր ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին բերանը դիր։ 2 Եւ ամենէն պզտիկին քուրձին բերանը՝ իմ գաւաթս, արծաթ գաւաթը ու իր պաշարին ստակը դիր»։ Անիկա Յովսէփին ըսած խօսքին պէս ըրաւ։
«Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
Յովսէփ իր թակարդը լարեց։ Իր եղբայրներուն ետեւէն ծառաներ ղրկեց, գողութեան յանցանքով զանոնք բռնելու ու ձերբակալելու։ Երբ ծառաները գաւաթը Բենիամինի քուրձին մէջ գտան, բոլորը ետ Յովսէփին տարին։ Արդ, Յովսէփին առիթ ընծայուեցաւ իմանալու, թէ իր եղբայրները ճիշդ ի՛նչպիսի անհատներ են։ Յուդան իր եղբայրներուն անունով խօսեցաւ ու ողորմութիւն աղաչեց, նոյնիսկ առաջարկելով որ տասնմէկն ալ Եգիպտոս մնան իբրեւ ստրուկներ։ Յովսէփ առաջարկը մերժեց, պնդելով որ միմիայն Բենիամի՛նը ստրուկ մնար, իսկ միւսները Եգիպտոսէն մեկնէին (Ծննդոց 44։2-17)։
Յուդա մղուեցաւ այս սրտայոյզ խօսքը ըսելու. «Միայն անիկա իր մօրմէն մնացած է ու անոր հայրը կը սիրէ զանիկա»։ Ասիկա անկասկած դպած ըլլալու էր Յովսէփի սրտին, որ Յակոբի սիրելի կնոջ՝ Ռաքէլին անդրանիկ որդին էր։ Ռաքէլ Բենիամինը ծննդաբերելու ատեն մահացած էր, իսկ անկէ մնացած յիշատակները շատ թանկարժէք էին Յովսէփին, ինչպէս նաեւ՝ իր հօր համար։ Այս կապը թերեւս պատճառեց, որ Յովսէփ աւելի՛ գուրգուրար Բենիամինին վրայ (Ծննդոց 35։18-20. 44։20)։
Յուդա վերստին Յովսէփին աղաչեց որ Բենիամինը չստրկացնէր։ Ան նոյնիսկ ինքզի՛նք առաջարկեց իբրեւ ստրուկ անոր փոխարէն։ Ապա իր աղաչանքը այս սրտաճմլիկ խօսքով աւարտեց. «Եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ» (Ծննդոց 44։18-34)։ Ահա՛ւասիկ փաստ, որ անոր սրտավիճակը փոխուած էր։ Ան ոչ միայն զղջահարութեան ոգի դրսեւորեց, այլեւ՝ բացայայտօրէն գթասիրտ, կարեկից եւ անձնուրաց գտնուեցաւ։
Յովսէփ ա՛լ չկրցաւ տանիլ։ Ան պէ՛տք էր իր ներսիդին կուտակուած յոյզերը պարպէր։ Ուստի իր բոլոր ծառաները դուրս հանելով, ա՛յնքան բարձր լացաւ, որ ձայնը մինչեւ փարաւոնին պալատը հասաւ։ Ապա, վերջապէս, իր ինքնութիւնը յայտնեց ըսելով. «Ես ձեր եղբայրը Յովսէփն եմ»։ Ան ողջագուրեց իր ապշահար եղբայրները եւ ներեց իրեն դէմ իրենց բոլո՜ր ըրածները (Ծննդոց 45։1-15)։ Այս կերպով, ան Եհովան ընդօրինակեց, որ առատապէս կը ներէ (Սաղմոս 86։5)։ Մենք ալ նոյնը կ’ընե՞նք։
(Ծննդոց 44։33, 34) Ուստի հիմա կ’աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տիրոջս ծառայ թող ըլլայ եւ տղան իր եղբայրներուն հետ թող ելլէ. 34 քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ։
(Ծննդոց 45։4, 5) Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ինծի մօտ եկէք»։ Անոնք ալ մօտ եկան եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը Յովսէփն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։ 5 Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար»։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 44։13) Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին եւ ամէն մէկը իր էշը բեռցուց ու քաղաք դարձան։
դ89 2/1 29
Եհովայի անունը կանչէ եւ ապահով եղիր
2։12, 13—Հին ժամանակներուն, հանդերձները պատռելը վիշտի արտայայտութիւն մըն էր։ (Ծննդոց 37։29, 30. 44։13) Սակայն այս կրնար նաեւ երեսանց եւ կեղծաւոր կերպով ալ կատարուիլ։ Յովէլ յստակօրէն ցոյց տուաւ որ վիշտի երեւելի արտայայտութիւնները բաւարար չէին։ Մարդիկ պէտք էր իրենց ‘սրտերը պատռէին’ սրտանց զղջում ցուցաբերելով։
ԳԻՏԷԻ՞Ր
Աստուածաշնչական ժամանակներուն, անհատ մը ինչո՞ւ դիտումնաւոր կերպով իր հանդերձները կը պատռէր։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կը նկարագրէ բազմաթիւ պարագաներ, ուր անհատներ իրենց հանդերձները պատռեցին։ Այսպիսի արարք մը կրնայ այժմու ընթերցողներուն տարօրինակ թուիլ, սակայն հրեաներուն համար զօրաւոր զգացումներ կը բացայայտէր, ինչպէս՝ յուսահատութիւն, վիշտ, նուաստացում, բարկութիւն կամ սուգ։
Օրինակ, Ռուբէն «իր հանդերձները պատռեց», երբ տեսաւ թէ Յովսէփը ազատելու իր ծրագիրը ջուրը ինկած էր։ Անոնց հայրը՝ Յակոբ «պատռեց իր հանդերձները», երբ խորհեցաւ թէ վայրի գազան մը գիշատած էր Յովսէփը (Ծն. 37։18-35)։ Յոբ «իր պատմուճանը պատռեց», երբ իմացաւ թէ իր բոլոր զաւակները սպաննուած էին (Յոբ 1։18-20)։ Պատգամաբեր մը, որ «իր լաթերը պատռեր էր», Հեղի քահանայապետին եկաւ ու պատմեց, թէ իսրայէլացիները պատերազմի մէջ յաղթուած էին, Հեղիին երկու որդիները սպաննուած էին եւ ուխտին տապանակը գրաւուած էր (Ա. Թագ. 4։12-17)։ Երբ Յովսիա թագաւորին առջեւ օրէնքներու գիրքը կարդացուելով ժողովուրդին յանցանքները ցցուն դարձան, ան «իր հանդերձները պատռեց» (Դ. Թագ. 22։8-13)։
Յիսուսի դատավարութեան ատեն, երբ Կայիափա քահանայապետը սեպեց թէ Յիսուս հայհոյութիւն ըրաւ, «իր հանդերձները պատռեց» (Մատ. 26։59-66)։ Րաբունական աւանդութիւն մը նշեց, թէ եթէ աստուածային անունը հայհոյուի, լսողը իր հանդերձները պէտք է պատռէ։ Սակայն, Երուսաղէմի տաճարին կործանումէն ետք, րաբունական ուրիշ կարծիք մը ըսաւ, թէ «ներկայիս երբ աստուածային անունը կը հայհոյուի, հարկ չկայ որ լսողը իր հանդերձները պատռէ, այլապէս՝ անոր հանդերձները պիտի մաշին»։
Անշուշտ, հանդերձներ պատռելու արարքը Աստուծոյ աչքին անարժէք էր, եթէ անհատին վիշտը կեղծ էր։ Ուստի, Աստուած իր ժողովուրդին ըսաւ որ ‘իրենց սրտե՛րը պատռեն եւ ոչ թէ իրենց հանդերձները, եւ իրեն վերադառնան’ (Յվլ. 2։13)։
(Ծննդոց 45։5-8) Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար։ 6 Քանզի երկրիս վրայ սովին երկրորդ տարին է այս եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան, ո՛չ ալ հունձք պիտի ըլլայ։ 7 Աստուած զիս ձեր առջեւէն ղրկեց՝ որպէս զի երկրի վրայ ձեզի սերունդ պահէ եւ մեծ ազատութիւնով ձեզ ապրեցնէ։ 8 Արդ զիս հոս ղրկողը դուք չէք, հապա Աստուած է ու զիս Փարաւոնին հայր եւ իր բոլոր տանը տէր ու Եգիպտոսին իշխան դրաւ։
Ատուած՝ առանց պատճառի
15 Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ առանց պատճառի մեզ ատողներուն հանդէպ դառնութեամբ չլեցուինք։ Մտաբերէ որ մեր գլխաւոր թշնամիները Սատանան ու դեւերն են։ (Եփեսացիս 6։12) Մինչ կարգ մը մարդիկ գիտակցաբար ու կանխամտածութեամբ մեզ կը հալածեն, շատեր Աստուծոյ ժողովուրդին կը հակառակին տգիտութեան պատճառով կամ ուրիշներէ դրդուած ըլլալով։ (Դանիէլ 6։4-16. Ա. Տիմոթէոս 1։12, 13) Եհովա կ’ուզէ որ ‘բոլոր մարդիկ փրկուելու ու ճշմարտութիւնը ճանչնալու’ պատեհութիւնը ունենան։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Արդարեւ նախկին հակառակորդներէն ոմանք ներկայիս մեր Քրիստոնեայ եղբայրներն են, քանի որ մեր անմեղադրելի վարքը նկատած են։ (Ա. Պետրոս 2։12) Ասկէ զատ, կրնանք Յակոբի որդիին՝ Յովսէփի օրինակէն դաս մը քաղել։ Թէեւ իր խորթ եղբայրներուն պատճառով շատ տառապեցաւ, սակայն Յովսէփ անոնց հանդէպ ատելութիւն չսնուցանեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ըմբռնեց թէ Եհովա կը միջամտէր, Իր կամքը կատարելու համար։ (Ծննդոց 45։4-8) Եհովա նոյնպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ մեր կրած որեւէ անիրաւ տառապանք իր անունին փառք բերէ։—Ա. Պետրոս 4։16
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
w06 2/1 31
Եհովային հաւատարիմ ծառան՝ Յովսէփ յատուկ արծաթէ գաւաթ մը կը գործածէ՞ր հմայութիւն ընելու համար, ինչպէս որ կը հասկցուի Ծննդոց 44։5, 15–էն։
Պատճառ չունինք հաւատալու, որ Յովսէփ ոեւէ ձեւի գուշակութիւն կ’ընէր։
Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ, որ ի՛նչ էր Յովսէփին կեցուածքը՝ կախարդութեամբ ապագան գիտնալուն նկատմամբ։ Նախապէս՝ երբ իրմէ խնդրուեցաւ որ փարաւոնին երազները բացատրէ, Յովսէփ կրկին անգամ պնդեց, որ միայն Աստուած կրնայ ըսել որ ի՛նչ դէպքեր պիտի պատահին ապագային։ Ասոր համար, փարաւոնը սկսաւ հաւատալ որ ոչ թէ ոգեհարցական ուժերը, հապա՝ Յովսէփին պաշտած Աստուածը՝ ճշմարիտ Աստուածը՝ ձգեց որ Յովսէփ ապագային մասին մանրամասնութիւններ գիտնայ (Ծննդոց 41։16, 25, 28, 32, 39)։ Յետագային երբ Եհովան Օրէնքը տուաւ Մովսէսին, ատոր մէջը արգիլեց կախարդութիւն կամ հմայութիւն ընելը, եւ այսպիսով վստահեցուց որ միայն Ինքը կրնայ ապագան գուշակել (Բ. Օրինաց 18։10-12)։
Լաւ Յովսէփ ինչո՞ւ իր ծառային միջոցաւ հասկցուց, որ ինք արծաթէ գաւաթ մը կը գործածէ հմայութիւն ընելու համար (Ծննդոց 44։5)։ Պատասխանը գիտնալու համար պէտք է նկատի առնենք, թէ այս խօսքը ի՛նչ պայմաններու տակ ըսուեցաւ։
Յովսէփին եղբայրները տարիներ առաջ Յովսէփը որպէս ստրուկ ծախած էին եւ հիմա շատ խիստ սովի պատճառով ճամբորդած էին Եգիպտոս, որպէսզի ուտելիք բերեն։ Անոնք առանց գիտնալու իրենց եղբօրմէն օգնութիւն խնդրեցին, որ ուտելիքի պատասխանատուն դարձած էր Եգիպտոսի մէջ։ Յովսէփ անոնց չըսաւ որ իրենց եղբայրն է, հապա՝ որոշեց զանոնք փորձել։ Ան ուզեց գիտնալ որ անոնք իրապէս անկեղծօրէն զղջացած են կամ ոչ։ Ան նաեւ ուզեց գիտնալ թէ անոնք կը սիրե՞ն իրենց եղբայրը՝ Բենիամինը եւ իրենց հայրը՝ Յակոբը, որ շատ կապուած էր Բենիամինին. եւ եթէ կը սիրեն՝ ո՞ր աստիճան կը սիրեն։ Այսպիսով, Յովսէփ ուզեց խաղ մը ընել անոնց վրայ (Ծննդոց 41։55–44։3)։
Յովսէփ իր ծառաներէն մէկուն հրամայեց, որ իր եղբայրներուն տոպրակները ուտելիքով լեցնէ, ամէն մէկուն դրամը իր քուրձին բերանը դնէ եւ Յովսէփին արծաթէ գաւաթը Բենիամինին քուրձին բերանը դնէ։ Հոս Յովսէփ ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս հեթանոս երկրի մը ուտելիքի պատասխանատուն, եւ ատոր հիման վրայ կը վարուէր ու կը խօսէր, որպէսզի իր եղբայրներուն աչքին այդպէս երեւնար։
Երբ իր եղբայրները իր առջեւ բերուեցան, ան իր ըրած խաղը շարունակեց եւ անոնց հարցուց. «Չէ՞ք գիտեր որ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ» (Ծննդոց 44։15)։ Ուրեմն յստակ է որ գաւաթը պարզապէս խաղին մէկ մասն էր։ Յովսէփ այդ գաւաթով հմայութիւն չէր ըներ, ճիշդ ինչպէս որ Բենիամին այդ գաւաթը չէր գողցած։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 117
ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։21-29 ՄԱՐԿՈՍ 14։18-25 ՂՈՒԿԱՍ 22։19-23 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։18-30
• ՅԻՍՈՒՍ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ՈՐ ՅՈՒԴԱՆ Է ՄԱՏՆԻՉԸ
• ՅԻՍՈՒՍ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ
Կանուխ երեկոյեան, Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով՝ սորվեցուցած էր որ խոնարհ ըլլան։ Իսկ հիմա, ակներեւաբար Պասեքի ընթրիքէն ետք, ան Դաւիթի մարգարէական խօսքերը կը մէջբերէ. «Իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի, իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց»։ Ետքը կը բացատրէ. «Ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ» (Սաղմոս 41։9. Յովհաննէս 13։18, 21)։
Առաքեալները իրարու կը նային եւ ամէն մէկը կը սկսի հարցնել. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։ Նոյնիսկ Յուդա Իսկարիովտացին այդ հարցումը կը հարցնէ։ Պետրոս նշան կ’ընէ Յովհաննէսին, որ Յիսուսին ճիշդ քովը նստած է, որ փորձէ գիտնալ թէ մատնիչը ո՛վ է։ Յովհաննէսն ալ Յիսուսին աւելի մօտենալով՝ կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան» (Մատթէոս 26։22. Յովհաննէս 13։25)։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Ան հացը պնակի մը մէջ կը թաթխէ եւ Յուդային կու տայ ու կ’ըսէ. «Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար» (Յովհաննէս 13։26. Մատթէոս 26։24)։ Ետքը Սատանան Յուդային մէջ կը մտնէ։ Յուդան, որուն միտքն ու սիրտը արդէն ապականած են, կ’երթայ Սատանային կամքը ընելու եւ այսպիսով կը դառնայ՝ «կորստեան որդին» (Յովհաննէս 6։65, 71. 12։4. 17։12)։
Յիսուս Յուդային կ’ըսէ. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։ Քանի՛ որ գանձանակը Յուդային հետն է, միւս առաքեալները կը խորհին որ Յիսուս իրեն կ’ըսէ՝ «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է», կամ կ’առաջարկէ որ «աղքատներուն բան մը տայ» (Յովհաննէս 13։27-30)։ Մինչդեռ Յուդան կ’երթայ Յիսուսը մատնելու։
Յուդան մեկնելէ ետք, Յիսուս կը հաստատէ Տէրունական ընթրիքը։ Ան հացը կ’առնէ, շնորհակալական աղօթք մը կ’ընէ, հացը կը կտրէ եւ իր առաքեալներուն կու տայ, որ ուտեն։ Ան կ’ըսէ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Առաքեալները հացը իրարու կը փոխանցեն եւ անկէ կ’ուտեն։
Ետքը Յիսուս գինիի գաւաթ մը կ’առնէ, շնորհակալական աղօթք մը կ’ընէ եւ առաքեալներուն կը փոխանցէ։ Բոլորը այդ գաւաթէն կը խմեն, որուն մասին Յիսուս կ’ըսէ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկաս 22։20)։
Այսպէս՝ Յիսուս կը հաստատէ իր մահուան Յիշատակատօնը, որ իր հետեւորդները պէտք է ամէն տարի նիսան 14–ին տօնեն։ Ատիկա անոնց պիտի յիշեցնէ, որ Յիսուսն ու իր Հայրը ի՛նչ ըրին, որպէսզի հաւատացեալ մարդիկ ազատին մեղքին ու մահուան դատապարտութենէն։ Այս տօնակատարութիւնը աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան՝ հրեաներուն Պասեքը, քանի որ մարդոց ուշադրութիւնը կը դարձնէ Յիսուսի մահուան, որ հաւատացեալ մարդոց յաւիտենական ազատում պիտի տայ։
Յիսուս կ’ըսէ որ իր արիւնը «պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար»։ Անոնց մէջ կան հաւատարիմ առաքեալներն ու աշակերտները։ Անո՛նք են որ Յիսուսին հետ պիտի ըլլան իր Հօրը Թագաւորութեան մէջ (Մատթէոս 26։28, 29)։
◇ Յիսուս ո՞ր մարգարէութիւնը կը մէջբերէ, եւ ի՞նչ բացատրութիւն կու տայ։
◇ Յիսուս Յուդային ի՞նչ կ’ըսէ, իսկ առաքեալները ի՞նչ կը հասկնան։
◇ Յիսուս ի՞նչ տօնակատարութիւն կը հաստատէ, եւ ատիկա ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ։
ՅՈՒՆԻՍ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 46-47
«Սովի ժամանակ սնուցանուիլ»
(Ծննդոց 47։13) Բոլոր երկրին մէջ հաց չկար, վասն զի սովը խիստ սաստկացաւ ու Եգիպտոսի երկիրը եւ Քանանի երկիրը սովին պատճառաւ նուաղեցան։
«Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
Մինչ տարիները կը սահէին, Յովսէփ բազմազբաղ կեանք կ’ապրէր։ Ինչպէս որ Եհովան մարգարէացած էր փարաւոնի տեսած երազին մէջ, բարեբերութեան եօթը տարիներուն յաջորդեց խիստ փոփոխութիւն մը։ Երկիրը սկսաւ իր բերքը չտալ։ Սովը շուտով հարուածեց բոլոր շրջակայ երկիրները։ Բայց ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, «բոլոր Եգիպտոսի մէջ հաց կար» (Ծննդոց 41։54)։ Եգիպտոսի ժողովուրդը անկասկած կ’օգտուէր Յովսէփի ներշնչեալ կանխատեսութենէն եւ անոր լաւ կազմակերպիչ ըլլալէն։
Եգիպտացիները հաւանաբար պարտական զգացին Յովսէփին, եւ գովեցին զինք իր կազմակերպչական ձիրքերուն համար։ Ասով հանդերձ, ան պիտի չուզէր որ վարկը իրեն երթայ, հապա միմիայն Եհովա Աստուծոյ։ Եթէ մենք մեր ձիրքերն ու կարողութիւնները խոնարհութեամբ գործածենք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, ան կրնայ թոյլ տալ որ զանոնք մեր չերեւակայած կերպերով գործածենք։
Ժամանակի ընթացքին սակայն, եգիպտացիներն ալ սովին դառնութիւնը զգացին։ Երբ փարաւոնին աղաչեցին որ իրենց օգնէ, ան պատասխանեց. «Յովսէփին գացէք. ինչ որ ձեզի ըսէ, զայն ըրէք»։ Ուստի Յովսէփ արմտիքներու շտեմարանները բացաւ եւ մարդիկ այլեւս կրնային հարկ եղած պաշարը ծախու առնել (Ծննդոց 41։55, 56)։
(Ծննդոց 47։16) Յովսէփ ըսաւ. «Ձեր անասունները բերէք եւ եթէ ստակ չկայ, ձեր անասուններուն փոխարէն տամ ձեզի»։
(Ծննդոց 47։19, 20) «Ինչո՞ւ համար քու աչքիդ առջեւ մեռնինք մենք ու մեր երկիրը։ Մեզ ու մեր երկիրը հացով ծախու առ եւ մենք մեր երկիրովը Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք եւ սերմ տուր մեզի որպէս զի ապրինք ու չմեռնինք եւ երկիրը ամայի չըլլայ»։ 20 Յովսէփ բոլոր երկիրը Փարաւոնին համար ծախու առաւ, քանզի Եգիպտացիներու վրայ սովին սաստիկ ըլլալուն համար՝ անոնց ամէն մէկը իր արտը ծախեց ու երկիրը Փարաւոնին եղաւ։
(Ծննդոց 47։23-25) Եւ Յովսէփ ըսաւ ժողովուրդին. «Ահա այսօր ծախու առի ձեզ ու ձեր երկիրը Փարաւոնին համար. արդ ձեզի սերմ կու տամ ու սերմանեցէք երկիրը 24 եւ երկրի արդիւնքին հինգէն մէկը Փարաւոնին պիտի տաք ու չորս մասը ձերը պիտի ըլլայ, որպէս զի արտին սերմ՝ ու ձեզի եւ ձեր տանը մէջ եղողներուն ու ձեր տղաքներուն ուտելիք ըլլայ»։ 25 Անոնք ըսին. «Մեզ ապրեցուցիր. թող մեր տիրոջը առջեւ շնորհք գտնենք ու Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք»։
Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը կը կատարէ երկրի վրայ
11 Առատութիւն։ Աշխարհը հոգեւոր սովէ կը տառապի։ Աստուածաշունչը զգուշացուց. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը» (Ամովս 8։11)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացինե՞րն ալ սովէ պիտի տառապին։ Եհովան հետեւեալը մարգարէացաւ իր ժողովուրդին եւ իր թշնամիներուն միջեւ եղած տարբերութեան մասին. «Իմ ծառաներս պիտի ուտեն, բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք» (Եսա. 65։13)։ Այդ մարգարէութեան կատարումը կը տեսնե՞ս։
12 Հոգեւոր կարգադրութիւնները յորդահոս խորունկ գետի մը նման կը հոսին։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները,– ինչպէս նաեւ ձայնագրութիւնները, տեսաերիզները, ժողովներն ու համաժողովները եւ մեր կայքին մէջ դրուած նիւթերը,– առատ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն մեզի հոգեւորապէս սովամահ այս աշխարհին մէջ (Եզեկ. 47։1-12. Յվլ. 3։18)։ Առատութեան վերաբերեալ Եհովայի խոստումը առօրեայ կեանքիդ մէջ տեսնելով չե՞ս ոգեւորուիր։ Կանոնաւորաբար Եհովայի սեղանէն կը ճաշակե՞ս։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 46։4) Ես քեզի հետ Եգիպտոս պիտի իջնեմ, նաեւ քեզ անշուշտ պիտի հանեմ ու Յովսէփ պիտի դնէ իր ձեռքը քու աչքերուդ վրայ։
it-1 220 ¶1
Մարմնի կեցուածքներ եւ շարժուձեւեր
Ձեռքը դնել մեռնողին աչքերուն վրայ։ Երբ Եհովան Յակոբին ըսաւ՝ «Յովսէփ պիտի դնէ իր ձեռքը քու աչքերուդ վրայ» (Ծն. 46։4), ըսել կ’ուզէր որ Յովսէփն է որ Յակոբին աչքերը պիտի գոցէ իր մեռնելէն ետք։ Ասիկա անդրանիկ տղուն պատասխանատուութիւնն էր։ Այնպէս կ’երեւի թէ հոս Եհովան Յակոբին հասկցուց, որ անդրանկութեան իրաւունքը պէտք է Յովսէփին երթայ (Ա. Մն. 5։2)։
(Ծննդոց 46։26, 27) Եւ Յակոբին հետ Եգիպտոս եկող բոլոր հոգիները, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբին որդիներուն կիներէն զատ՝ ամէնքը վաթսունըվեց հոգի էին։ 27 Եւ Յովսէփին որդիները՝ որ Եգիպտոսի մէջ անոր ծնան, երկու հոգի էին. Եգիպտոս գացող Յակոբին բոլոր տունը եօթանասուն հոգի էին։
nwtsty սերտելու նոթ՝ Գործք 7։14
Եօթանասունըհինգ հոգի. Երբ Ստեփանոս ըսաւ որ Եգիպտոսի մէջ Յակոբին ընտանիքին անդամներուն թիւը ընդամէնը 75 է, թերեւս Եբրայերէն Գրութիւններէն որոշ համար մը ի մտի չունէր։ Այս թիւը չի նշուիր Եբրայերէն Գրութիւններուն մազօրէթական բնագիրին մէջ։ Ծննդոց 46։26–ը կ’ըսէ. «Յակոբին հետ Եգիպտոս եկող բոլոր հոգիները, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբին որդիներուն կիներէն զատ՝ ամէնքը վաթսունըվեց հոգի էին»։ Իսկ 27–րդ համարը կ’ըսէ. «Եգիպտոս գացող Յակոբին բոլոր տունը եօթանասուն հոգի էին»։ Անհատները երկու տարբեր կերպերով կը հաշուըուին այս համարներուն մէջ. ըստ երեւոյթին, առաջինին մէջ հաշուըուած են միայն իրմէ եկող սերունդին անդամները, իսկ երկրորդին մէջ տրուած է Եգիպտոս եկողներուն ընդհանուր թիւը։ Յակոբին սերունդին թիւը նաեւ նշուած է Ելից 1։5–ին եւ Բ. Օրինաց 10։22–ին մէջ, եւ այս երկու տեղերն ալ 70 հոգի կը նշուի։ Ըստ երեւոյթին, Ստեփանոս երրորդ թիւ մը կը նշէ՝ 75 հոգի, որուն մէջ հաշուըուած են ընտանիքի ուրիշ անդամներ ալ։ Ոմանք կ’ըսեն որ ատիկա հաշուի կ’առնէ Յովսէփին տղաներուն՝ Մանասէին եւ Եփրեմին՝ տղաներն ու թոռնիկները, որոնք նշուած են Ծննդոց 46։20–ին Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ։ Ուրիշներ կ’ըսեն որ ատիկա հաշուի կ’առնէ Յակոբին տղոց կիները, որոնք Ծննդոց 46։26–ին մէջ նշուած թիւին մէջ հաշուըուած չեն։ Ուրեմն «75» թիւը կրնայ բոլոր անդամներուն ընդհանուր թիւը ըլլալ։ Կրնայ ըլլալ որ այս թիւը նշուած ըլլայ Եբրայերէն Գրութիւններուն այն օրինակներուն մէջ, որոնք առաջին դարուն կը գործածուէին։ Ուսումնականները տարիներ շարունակ համոզուած էին, որ «75» թիւը նշուած է Ծննդոց 46։27–ին եւ Ելից 1։5–ին յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ։ Ասկէ զատ, 20–րդ դարուն, Մեռեալ ծովու մագաղաթներու երկու պատառիկներ գտնուեցան, որոնց վրայ եբրայերէնով Ելից 1։5–ը գրուած էր, եւ ատոնք ալ կը նշէին «75» թիւը։ Կրնայ ըլլալ որ Ստեփանոսին նշած «75» թիւը այդ հին գրութիւններէն մէկու վրայ հիմնուած էր։ Պարագան ինչ որ ալ ըլլայ, Ստեփանոսին նշած թիւը պարզապէս տարբեր կերպով հաշուի կ’առնէ Յակոբին սերունդին ընդհանուր թիւը։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 118
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԿԸ ՎԻՃԻՆ ԹԷ Ո՛Վ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ Է
ՄԱՏԹԷՈՍ 26։31-35 ՄԱՐԿՈՍ 14։27-31 ՂՈՒԿԱՍ 22։24-38 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 13։31-38
• ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ ԽՐԱՏ ԿՈՒ ՏԱՅ
• ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԸՍԷ ՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԶԻՆՔ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱՆԱՅ
• ՍԷՐԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ
Իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին երեկոյեան, Յիսուս խոնարհութեան մասին կարեւոր դաս սորվեցուցած է՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Ատիկա ինչո՞ւ տեղին է։ Քանի որ ցոյց տուած են որ տկարութիւն մը ունին։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ նուիրուած են, դեռ մտահոգուած են թէ իրենց մէջ ո՛վ աւելի մեծ է (Մարկոս 9։32, 33. 10։35-37)։ Անոնց տկարութիւնը նորէն մէջտեղ կ’ելլէ աս երեկոյ։
Առաքեալներուն մէջ ‘վէճ մը կ’ըլլայ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի’ (Ղուկաս 22։24)։ Յիսուս որքա՜ն տխրած ըլլալու է, որ անոնք նորէ՛ն կը վիճին։ Ի՞նչ կ’ընէ։
Ան առաքեալները չի յանդիմաներ անոնց սխալ մտածելակերպին եւ վարքին համար, հապա համբերութեամբ կը տրամաբանէ անոնց հետ. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք. . . Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը»։ Յետոյ իրենց կը յիշեցնէ իր օրինակը՝ ըսելով. «Սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ» (Ղուկաս 22։25-27)։
Հակառակ անոր որ առաքեալները թերութիւններ ունին, անոնք հաւատարմօրէն Յիսուսին կողմը դիրք բռնած են դժուար պարագաներու մէջ։ Անոր համար, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց» (Ղուկաս 22։29)։ Անոնք իր հաւատարիմ հետեւորդներն են։ Եւ զիրենք կը վստահեցնէ որ իր ըրած ուխտին միջոցաւ, Թագաւորութեան մէջ պիտի ըլլան եւ իրեն հետ պիտի թագաւորեն։
Թէեւ առաքեալները հոյակապ ապագայ ունին, բայց դեռ երկրի վրայ կ’ապրին եւ անկատար են։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ» (Ղուկաս 22։31)։ Ան նաեւ կը զգուշացնէ. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’» (Մատթէոս 26։31. Զաքարիա 13։7)։
Պետրոսը ամենայն վստահութեամբ կ’առարկէ. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ» (Մատթէոս 26։33)։ Յիսուս Պետրոսին կ’ըսէ, որ այդ գիշեր աքլորը երկու անգամ չկանչած, զինք պիտի ուրանայ։ Բայց Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես» (Ղուկաս 22։32)։ Իսկ Պետրոս կը պնդէ. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ» (Մատթէոս 26։35)։ Միւս առաքեալներն ալ նոյն բանը կ’ըսեն։
Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ»։ Ետքը կ’աւելցնէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։33-35)։
Լսելէ ետք որ Յիսուս քիչ ժամանակ իրենց հետ պիտի մնայ, Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։ Պետրոս շուարած կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ» (Յովհաննէս 13։36, 37)։
Հիմա Յիսուս կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ Գալիլիոյ մէջ իր առաքեալները ղրկեց քարոզելու՝ առանց դրամ կամ ուտելիքի պարկ ունենալու (Մատթէոս 10։5, 9, 10)։ Անոնց կը հարցնէ. «Բանի մը կարօտ եղա՞ք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոչ մէկ բանի»։ Յետոյ Յիսուս գալիք օրերուն նկատմամբ անոնց կ’ըսէ. «Հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է» (Ղուկաս 22։35-37)։
Յիսուս կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ զինք ցիցին վրայ պիտի գամեն չարագործներու, այսինքն՝ անօրէններու հետ։ Անկէ ետք, իր հետեւորդները խիստ հալածանք պիտի դիմագրաւեն։ Առաքեալները կը կարծեն որ պատրաստ են ու կ’ըսեն. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Հերիք են» (Ղուկաս 22։38)։ Իրենց հետ երկու սուր ունենալը քիչ ետք Յիսուսին առիթ պիտի տայ, որ անոնց ուրիշ կարեւոր դաս մը սորվեցնէ։
◇ Առաքեալները ինչո՞ւ իրարու հետ կը վիճին, եւ Յիսուս հարցը ինչպէ՞ս նկատի կ’առնէ։
◇ Իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ Յիսուսին ըրած ուխտին միջոցաւ ի՞նչ բան պիտի իրագործուի։
◇ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ, երբ Պետրոս ինքնավստահութեամբ կը խօսի։
ՅՈՒՆԻՍ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 48-50
«Տարեցները շատ բաներ ունին մեզի սորվեցնելիք»
(Ծննդոց 48։21, 22) Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ահա ես կը մեռնիմ եւ Աստուած ձեզի հետ ըլլայ։ Ձեզ ձեր հայրերուն երկիրը պիտի դարձնէ։ 22 Քու եղբայրներէդ մէկ բաժին աւելի տուի քեզի, որը Ամօրհացիներուն ձեռքէն իմ սրովս ու աղեղովս առի»։
it-1 1246 ¶8
Յակոբ
Իր մահուընէ քիչ առաջ Յակոբ օրհնեց իր թոռնիկները՝ Յովսէփին տղաները, եւ աստուածային առաջնորդութեամբ պզտիկ տղան՝ Եփրեմը, մեծէն՝ Մանասէէն առաջ դրաւ։ Ետքը իր խօսքը ուղղեց Յովսէփին, որ անդրանիկ զաւակին ինկող երկու բաժինը պիտի ժառանգէր, եւ անոր ըսաւ. «Քու եղբայրներէդ մէկ բաժին աւելի տուի քեզի, որը Ամօրհացիներուն ձեռքէն իմ սրովս ու աղեղովս առի» (Ծն. 48։1-22. Ա. Մն. 5։1)։ Իրականութեան մէջ, Յակոբ Սիւքէմին մօտ գտնուող արտը խաղաղութեամբ ծախու առած էր Եմովրի որդիներէն (Ծն. 33։19, 20)։ Ուրեմն, Յակոբին այս խոստումը իր հաւատքը կը յայտնէր։ Ան այս խոստումով մարգարէացաւ, որ ապագային իր սերունդը պիտի գրաւէր Քանանի երկիրը, եւ ան այնպէս մը խօսեցաւ որ ատիկա արդէն իսկ կատարուած է իր սրով ու աղեղով։ Յովսէփին ինկած երկու բաժինը կը պարփակէր Եփրեմի ցեղին եւ Մանասէի ցեղին տրուած երկու հողամասերը այդ գրաւուած երկրին մէջ։
(Ծննդոց 49։1) Յակոբ կանչեց իր որդիները ու ըսաւ. «Հաւաքուեցէք, որպէս զի ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի»։
դ85 11/1 13 ¶13
Եհովայի բարութիւնը «վերջին օրեր»ուն մէջ
13 Շուրջ 3,700 տարիներ առաջ, Յակոբ նահապետ (որ նաեւ կոչուեցաւ Իսրայէլ), իր մահուան սնարին մէջ մարգարէութիւն մը տուաւ։ Իր տասնըերկու տղոց՝ Իսրայէլի ցեղերուն գլխաւորներուն, ուղղելով իր խօսքը, ան ըսաւ. «Ժողվուեցէք, որպէսզի վերջին օրերը ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի»։ Ներկայիս իր խօսքը կը կիրարկուի հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդին, ինչպէս նաեւ անոնց ընկերակիցներուն՝ «ուրիշ ոչխարներ»ուն։ Երբ Եհովայի բարոյական չափանիշները անտեսեն, ինչպէս ըրաւ Ռուբէն, անոնք անպատիժ պիտի չմնան, ոչ ալ վայրագ յատկանիշներու տեղ պէտք է տան իրենց կեանքին մէջ, Շմաւոնի եւ Ղեւիի նման։ Այլ, անոնք պէտք է մշակեն քաջութիւն, Եհովայի ապաւինում եւ արգասաբերութիւն, ինչպէս ցուցաբերեցին Իսրայէլի միւս տղաքը։—Ծննդոց 49։1, 3-7, 9, 18, 22. Յովհաննու 10։16. բաղդատել Բ. Պետրոս 1։8-11–ի հետ։
Տարեցները երիտասարդներուն օրհնութիւն մըն են
8 Իսահակ, իր կարգին, իր որդւոյն՝ Յակոբի օգնեց զօրաւոր հաւատք մշակելու, որ մինչեւ ծերութիւն իրեն նեցուկ կանգնեցաւ։ Յակոբ 97 տարեկան էր երբ հրեշտակի մը հետ ամբողջ գիշեր մը գօտեմարտեցաւ՝ օրհնութիւն ստանալու համար։ (Ծննդոց 32։24-28) Յակոբ 147 տարեկանին մահանալէ առաջ, ոյժ հաւաքելով իր 12 որդիներէն իւրաքանչիւրը օրհնեց։ (Ծննդոց 47։28) Անոր մարգարէական խօսքերը, որոնք այժմ արձանագրուած են Ծննդոց 49։1-28–ի մէջ, փաստեցին ճշմարիտ ըլլալ եւ տակաւին կը կատարուին։
(Ծննդոց 50։24, 25) Եւ Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։ 25 Եւ Յովսէփ Իսրայէլի որդիներուն երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք»։
Տարեցները երիտասարդներուն օրհնութիւն մըն են
10 Տարեցները նաեւ կրնան հաւատակիցներու վրայ լաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ ծերութեան ատեն հաւատքի արարք մը գործեց, որ իրմէ ետք ապրող միլիոնաւոր ճշմարիտ երկրպագուներու վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ան 110 տարեկան էր երբ «իր ոսկորներուն համար պատուէր տուաւ», որ երբ Իսրայելացիները ի վերջոյ Եգիպտոսէն ելլէին, իր ոսկորները իրենց հետ տանէին։ (Եբրայեցիս 11։22. Ծննդոց 50։25) Այս պատուէրը Իսրայէլի համար ծառայեց որպէս յոյսի յաւելեալ նշոյլ մը Յովսէփի մահուան յաջորդող ստրկութեան ծանր ու երկար տարիներու ընթացքին, երաշխիք հայթայթելով թէ ազատագրութիւնը պիտի գար։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ծննդոց 49։19) Գադին՝ գունդ մը վրան պիտի յարձակի։ Բայց վերջապէս ինք պիտի յարձակի։
Աստուծոյ փառք տուողները օրհնեալ են
4 Խոստացեալ Երկիր չմտած, Իսրայէլի Գադ տոհմը խնդրեց Յորդանանի արեւելքը գտնուող արօտաւէտ շրջանը հաստատուիլ։ (Թուոց 32։1-5) Հոն ապրիլը լուրջ դժուարութիւններու դուռ պիտի բանար։ Յորդանանի արեւմուտքը հաստատուած տոհմերը պիտի պաշտպանուէին Յորդանանի հովիտին միջոցով, որ բնական արգելք մըն էր զինուորական ներխուժումին։ (Յեսուայ 3։13-17) Սակայն Յորդանանի արեւելքը գտնուող շրջանին մասին, The Historical Geography of the Holy Land (Սրբազան Երկրին Պատմական Աշխարհագրութիւնը) խորագրով իր գիրքին մէջ, Ճորճ Էտէմ Սմիթ կ’ըսէ. «Ընդարձակ արաբական բարձրաւանդակի շրջանները տափարակ են, առանց որեւէ բնական արգելքի։ Հետեւաբար անոնք միշտ ենթարկուեցան անօթի թափառաշրջիկներու ներխուժումին, որոնք ամէն տարի կ’արշաւէին՝ արօտավայրեր ձեռք ձգելու համար»։
5 Գադի տոհմը ի՞նչպէս գլուխ պիտի ելլէր այս խիստ ճնշումին հետ։ Դարեր առաջ, իրենց նախահայրը Յակոբ իր մահուան անկողնին վրայ նախագուշակած էր. «Գադի վրայ գունդ մը պիտի յարձակի, բայց վերջապէս ի՛նք պիտի յարձակի»։ (Ծննդոց 49։19, ԱՎ) Առաջին ակնարկով, այս խօսքը կրնայ վհատեցուցիչ թուիլ։ Սակայն իրականութեան մէջ, անիկա Գադեաններուն հրահանգ մըն էր որ հակայարձակում կատարէին։ Յակոբ զիրենք հաւաստիացուց որ եթէ այսպէս ընէին, ներխուժողները ամօթահար պիտի նահանջէին ու Գադեանները զանոնք պիտի հետապնդէին։
(Ծննդոց 49։27) Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ. առտուն որսը պիտի ուտէ եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ։
ընդ 142, շրջանակ
Մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ
Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելով՝ Եսթերն ու Մուրթքէն Աստուածաշունչի վաղեմի մարգարէութիւն մը կատարեցին։ Իրենցմէ աւելի քան 1200 տարի առաջ, Եհովան Յակոբ նահապետը ներշնչեց, որ իր որդիներէն մէկուն մասին մարգարէանար. «Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ. առտուն որսը պիտի ուտէ եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ» (Ծն. 49։27)։ Իսրայէլի թագաւորներու պատմութեան «առտուն» կամ սկիզբը, Բենիամինի սերունդէն էին Սաւուղ թագաւորը եւ ուրիշ հզօր ռազմիկներ, որոնք Եհովայի ժողովուրդին համար կռուեցան։ Իսկ այդ թագաւորներու պատմութեան «գիշերը» կամ աւարտին, թէ՛ Եսթեր եւ թէ Մուրթքէ, որոնք Բենիամինի ցեղէն էին, Եհովայի թշնամիներուն դէմ կռուեցան եւ յաղթեցին։ Ատկէ զատ, անոնք կողոպուտը բաժնեցին այն առումով, որ Համանի հսկայական ունեցուածքին տիրացան։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 119
ՅԻՍՈՒՍ ՃԱՄԲԱՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔՆ Է
• ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԹԱՅ ՈՐ ՏԵՂ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
• ԻՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՕԳՆԱԿԱՆ ՂՐԿԵԼ
• ՀԱՅՐԸ ՅԻՍՈՒՍԷՆ ՄԵԾ Է
Տէրունական ընթրիքէն ետք, Յիսուս տակաւին վերնատան մէջ է իր առաքեալներուն հետ, եւ զանոնք կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք» (Յովհաննէս 13։36. 14։1)։
Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ մտահոգուին որ ինք կ’երթայ, ըսելով. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. . . եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ Բայց առաքեալները չեն ըմբռներ, որ երկինք երթալու մասին կը խօսի։ Թովմաս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ» (Յովհաննէս 14։2-5)։
«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», Յիսուս կը պատասխանէ։ Միայն Յիսուսը եւ անոր սորվեցուցածները ընդունելով եւ իր կեանքի ընթացքը ընդօրինակելով է, որ մէկը կրնայ իր Հօր երկնային բնակարանը մտնել։ Ան կ’ըսէ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։
Փիլիպպոս, որ Յիսուսին ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ, կը խնդրէ. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։ Այնպէս կ’երեւի որ Փիլիպպոս կ’ուզէ, որ Աստուած ձեւով մը ինքզինք յայտնէ իրենց, ինչպէս որ տեսիլքներով ինքզինք յայտնած էր Մովսէսին, Եղիային եւ Եսայիին։ Բայց առաքեալները այդպիսի տեսիլքներէ աւելի լաւ բան մը ունին։ Յիսուս ատիկա կը շեշտէ, երբ կ’ըսէ. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ Յիսուս իր Հօր անձնաւորութիւնը կատարելապէս կ’արտացոլէ։ Անոր համար Յիսուսին հետ ապրիլը եւ իր օրինակը տեսնելը հաւասար է Հայրը տեսնելուն։ Անշուշտ, Հայրը Որդիէն մեծ է. եւ Յիսուս այդ կէտը կը շեշտէ, երբ կ’ըսէ. «Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ» (Յովհաննէս 14։8-10))։ Առաքեալները յստակ կերպով կրնան տեսնել, թէ Յիսուս իր սորվեցուցած բաներուն ամբողջ վարկը իր Հօրը կու տայ։
Առաքեալները տեսած են թէ Յիսուս ինչպէ՛ս սքանչելի գործեր կ’ընէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէ։ Հիմա ան անոնց կ’ըսէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ» (Յովհաննէս 14։12)։ Ան ըսել չ’ուզեր որ անոնք իրմէ աւելի մեծ հրաշքներ պիտի ընեն. հապա թէ անոնք պիտի քարոզեն աւելի երկար ժամանակ, շա՛տ աւելի շրջաններու մէջ եւ աւելի շատ մարդոց։
Իր երթալէն ետք, Յիսուս զանոնք առանձին պիտի չձգէ։ Ան կը խոստանայ. «Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ»։ Ասկէ զատ, ան կ’ըսէ. «Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին» (Յովհաննէս 14։14, 16, 17)։ Յիսուս զիրենք կը վստահեցնէ, որ պիտի ստանան սուրբ հոգին, այս միւս «մխիթարիչ»ը կամ օգնականը։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ Պէնտէկոստէին։
Յիսուս կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք» (Յովհաննէս 14։19)։ Յարութիւն առնելէ ետք, Յիսուս մարմնով անոնց պիտի յայտնուի, եւ որոշ ժամանակ ետք, նշանակուած ժամանակին, անոնց յարութիւն պիտի տայ որպէս հոգեղէն արարածներ, որպէսզի իրեն հետ ըլլան երկնքի մէջ։
Հիմա Յիսուս ճշմարտութիւն մը կը նշէ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։ Այն ատեն Յուդա առաքեալը, որ նաեւ Թադէոս կը կոչուի, կը հարցնէ. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ. . . Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր» (Յովհաննէս 14։21-24)։ Իր հետեւորդներուն հակառակը, աշխարհը չ’ընդունիր որ Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է։
Յիսուս քիչ ժամանակ ետք պիտի երթայ. աշակերտները ինչպէ՞ս պիտի յիշեն բոլոր այն բաները որ սորվեցուց։ Յիսուս կը բացատրէ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ Առաքեալները տեսած են որ Յիսուս ինչպէ՛ս սուրբ հոգիին միջոցաւ մեծ գործեր ըրած է։ Անոր համար այդ խօսքերը շատ մխիթարական են իրենց համար։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. . . Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ» (Յովհաննէս 14։26, 27)։ Աշակերտները պէտք չունին տակնուվրայ ըլլալու, քանի որ Յիսուսին Հայրը զիրենք պիտի առաջնորդէ եւ պաշտպանէ։
Շուտով անոնք պիտի տեսնեն, որ Աստուած կրնայ մարդիկ պաշտպանել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի» (Յովհաննէս 14։30)։ Սատանան կրցաւ մտնել Յուդային մէջ եւ անոր ազդել։ Բայց Յիսուս չունի տկարութիւն մը, որ Սատանան կրնայ օգտագործել՝ զինք Աստուծոյ դէմ հանելու համար։ Սատանան նոյնիսկ կարողութիւն չունի Յիսուսը մահուան կապանքներուն մէջ պահելու։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ»։ Ուրեմն ան վստահ է, որ իր Հայրը յարութիւն պիտի տայ իրեն (Յովհաննէս 14։31)։
◇ Յիսուս ո՞ւր պիտի երթայ, եւ ինչպէ՞ս կը պատասխանէ Թովմասի հարցումին։
◇ Այնպէս կ’երեւի որ Փիլիպպոս ի՞նչ կը խնդրէ Յիսուսէն։
◇ Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընեն։
◇ Հայրը Յիսուսէն մեծ ըլլալը ի՞նչ երաշխիք կու տայ Յիսուսին։
ՅՈՒՆԻՍ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 1-3
«Ես եմ ՈՐ ԷՆ»
(Ելից 3։13) Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։
Եհովայի մեծ անունը պատուե՛նք
4 Կարդա՛ Ելից 3։10-15։ Երբ Մովսէս 80 տարեկան էր, Աստուած իրեն պատուիրեց, որ ‘Իր ժողովուրդը՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանէ’։ Ապա, Մովսէս Աստուծոյ իմաստալից հարցում ուղղեց. «Երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ Ի մտի ունենալով որ Աստուծոյ անունը շատոնց նշուած էր, Մովսէսի այս հարցումին ետին գտնուող պատճառը ի՞նչ էր։ Բացայայտօրէն, ան ուզեց աւելի՛ն գիտնալ այդ անունը ներկայացնող անձնաւորութեան մասին,– իրողութիւններ՝ որոնք պիտի համոզէին իր հայրենակիցները, թէ Աստուած իրապէս զիրենք պիտի ազատէր։ Մովսէսի մտահոգութիւնը վաւերական էր, քանի որ իսրայէլացիները որոշ ժամանակէ ի վեր ստրուկներ էին։ Հաւանաբար անոնք մտածած ըլլալու էին, թէ արդեօք իրենց նախահայրերուն Աստուածը կրնա՛ր զիրենք ազատել։ Արդարեւ, իսրայէլացիներէն ոմանք արդէն եգիպտական չաստուածներ սկսած էին պաշտել (Եզեկ. 20։7, 8)։
(Ելից 3։14) Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ Եւ ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’»։
թկ 49, շրջանակ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ԻՄԱՍՏԸ
«ԵՀՈՎԱ» անունը ծագում առած է եբրայերէն բայէ մը որ «ըլլալ» կը նշանակէ։ Կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին, որ անունը այդ եբրայերէն բային պատճառականը ցոյց կու տայ։ Ուստի, ըստ շատերու, անիկա կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Այս սահմանումը կը յարմարի Եհովայի դերին որպէս Ստեղծիչ։ Ան պատճառեց որ ֆիզիքական տիեզերքն ու մտացի արարածները գոյութիւն ունենան եւ կը շարունակէ պատճառել որ իր կամքն ու նպատակը կատարուին։
Լաւ, ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք Եհովային պատասխանը Մովսէսին, որ արձանագրուած է Ելից 3։13, 14–ին մէջ։ Մովսէս հարցուց. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ Եհովան պատասխանեց. «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ» (ՆԱ)։
Նկատէ թէ Մովսէս Եհովայէն չէր խնդրեր որ իր անունը յայտնէր։ Մովսէսն ու իսրայէլացիները արդէն Աստուծոյ անունը շատ լաւ գիտէին։ Մովսէս կ’ուզէր որ Եհովան իր ինչպիսի՛ Աստուած ըլլալուն մասին յայտնէր բան մը, որ իսրայէլացիներուն հաւատքը պիտի զօրացնէր եւ իր անուան նշանակութիւնը պիտի արտացոլէր։ Ուստի, երբ Եհովան պատասխանեց՝ «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ», ան իր բնոյթին մասին հետաքրքրաշարժ երեսակ մը կը յայտնէր. իւրաքանչիւր պարագայի, ան կ’ըլլայ որեւէ բան որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Օրինակ, Մովսէսին եւ իսրայէլացիներուն համար ան դարձաւ Փրկիչ, Օրէնսդիր, Մատակարար եւ այլն։ Այսպէս Եհովան ի՛նք կ’որոշէ ըլլալ այն ինչ որ անհրաժեշտ է, որպէսզի իր ժողովուրդին ըրած իր խոստումները կատարէ։ Բայց, «Եհովա» անունը միայն չէ սահմանափակուած այն բանով թէ Աստուած ի՛նք ինչ կ’ընտրէ ըլլալ։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ թէ ան կը պատճառէ որ իր ստեղծագործութիւնը ըլլայ կամ ընէ որեւէ բան որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակին իրագործման համար։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 2։10) Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։
g04 4/8 6 ¶5
Մովսէս իրակա՞ն թէ ոչ առասպելական անձ մըն էր
Իրապէս կարելի՞ էր որ եգիպտացի իշխանուհի մը այսպիսի պզտիկ մը որդեգրէ։ Այո՛, քանի որ եգիպտացիներուն կրօնքը կը սորվեցնէր, որ եթէ մէկը կ’ուզէ երկինք երթալ, պէտք է ազնիւ արարքներ ընէ։ Իսկ որդեգրելուն նկատմամբ հնագէտ Ճոյս Թիլտըսլի կ’ըսէ. «Եգիպտացի կիները հաւասար էին եգիպտացի տղամարդոց։ Գոնէ սկզբունքով, երկուքն ալ նոյն օրինական եւ տնտեսական իրաւունքները կը վայելէին եւ. . . կիները կրնային պզտիկ որդեգրել»։ Իրականութեան մէջ Որդեգրման պապիրոսին մէջ արձանագրուած է, որ եգիպտացի կին մը իր ծառաները որդեգրեց։ Իսկ Մովսէսին մայրը որպէս դայեակ վարձու առնելուն մասին բառարան մը կ’ըսէ. «Մովսէսը սնուցանելու համար իր հարազատ մօրը վարձք տալը տարօրինակ չէր. . . այդպիսի կարգադրութիւններ կը տեսնենք Միջագետքի որդեգրման պայմանագիրներու մէջ» (The Anchor Bible Dictionary)։
(Ելից 3։1) Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։
Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր
3։1—Յոթոր ի՞նչպիսի քուրմ մըն էր։ Նահապետական ժամանակներուն, ընտանիքին գլուխը կը ծառայէր իբր քահանայ իր ընտանիքին համար։ Ըստ երեւոյթին Յոթոր Մադիանացիներուն մէկ տոհմին նահապետն էր։ Որովհետեւ Մադիանացիները Քետուրայի միջոցով Աբրահամի սերունդն էին, հաւանաբար Եհովայի պաշտամունքին մասին որոշ գիտութիւն ունէին։—Ծննդոց 25։1, 2
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 120
ՊՏՈՒՂ ԲԵՐԵԼ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԸԼԼԱԼ
• ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԸ ԵՒ ՃԻՒՂԵՐԸ
• ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄՆԱԼ ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԻՐՈՅՆ ՄԷՋ
Յիսուս սրտբաց խօսակցութեամբ իր հաւատարիմ առաքեալները քաջալերած է։ Հիմա ուշ գիշեր է, թերեւս կէս գիշերը անց է։ Յիսուս իրենց կը պատմէ առակ մը, որ գործի կը մղէ։
Ան կ’ըսէ. «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է» (Յովհաննէս 15։1)։ Այս առակը կը նմանի դարեր առաջ իսրայէլ ազգին մասին ըսուածին, թէ ատիկա Եհովային որթատունկն է (Երեմիա 2։21. Ովսէէ 10։1, 2)։ Բայց Եհովան այդ ազգը մերժելու վրայ է (Մատթէոս 23։37, 38)։ Անոր համար հիմա Յիսուս նոր գաղափար մը կը ներկայացնէ։ Ան կ’ըսէ որ ինք այն որթը կամ որթատունկն է, որ իր Հայրը կը մշակէ Ք.Ե. 29–էն սկսեալ, երբ սուրբ հոգիով օծեց զինք։ Բայց Յիսուս ցոյց կու տայ, որ որթատունկը միայն զինք չի ներկայացներ, երբ կ’ըսէ.
«Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, [իմ Հայրս] կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ . . . Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք» (Յովհաննէս 15։2-5)։
Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն խոստացաւ, որ իր երթալէն ետք օգնական մը պիտի ղրկէ՝ սուրբ հոգին։ 51 օր ետք, երբ առաքեալները եւ ուրիշներ սուրբ հոգին կը ստանան, այդ որթատունկին ճիւղերը կը դառնան։ Եւ բոլոր «ճիւղերը» պէտք է Յիսուսին հետ միութեան մէջ մնան։ Բայց ի՞նչ բան իրագործելու համար։
Ան կը բացատրէ. «Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։ Այս «ճիւղերը»,– իր հաւատարիմ հետեւորդները,– շատ պտուղ պիտի բերեն, Յիսուսին յատկութիւնները ընդօրինակելով, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշներուն քարոզելով եւ աւելի անհատներ աշակերտելով։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ մէկը Յիսուսին հետ միութեան մէջ չմնայ եւ պտուղ չբերէ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած եւ չորցած է»։ Միւս կողմէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի» (Յովհաննէս 15։5-7)։
Հիմա Յիսուս նորէն կը շեշտէ իր պատուէրները պահելու կարեւորութիւնը, որուն մասին արդէն երկու անգամ յիշած է (Յովհաննէս 14։15, 21)։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ»։ Ետքը կ’ըսէ թէ աշակերտները ի՛նչ գլխաւոր կերպով կրնան ցոյց տալ, որ իր պատուէրները կը պահեն. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհաննէս 15։10-14)։
Քանի մը ժամ ետք, Յիսուս իր սէրը պիտի դրսեւորէ՝ իր կեանքը տալով անոնց համար, որոնք իրեն կը հաւատան։ Իր օրինակը պէտք է մղէ իր հետեւորդները, որ իրենք ալ անձնազոհ սէր ցուցաբերեն իրարու հանդէպ։ Այդ սէրն է որ պիտի բնորոշէ Յիսուսին հետեւորդները, ինչպէս որ Յիսուս քիչ առաջ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35)։
Ուշադրութեան արժանի է, որ Յիսուս իր առաքեալները «բարեկամներ» կ’անուանէ, եւ պատճառը կու տայ. «Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ Իրապէս թանկարժէք բան է՝ Յիսուսին մտերիմ բարեկամը ըլլալ եւ գիտնալ բոլոր այն բաները, որոնք Հայրը իրեն ըսած է։ Բայց այդ փոխյարաբերութիւնը վայելելու համար, պէտք է շարունակեն ‘պտուղ բերել’։ Այսպիսով, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ‘իր անունով ինչ որ Հօրմէն խնդրեն, իրենց պիտի տայ’ (Յովհաննէս 15։15, 16)։
Աշակերտներուն միջեւ եղած սէրը իրենց պիտի օգնէ, որ գալիք դժուարութիւններուն տոկան։ Յիսուս կը զգուշացնէ, որ աշխարհը զանոնք պիտի ատէ, եւ կը մխիթարէ՝ ըսելով. «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք. . . անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ» (Յովհաննէս 15։18, 19)։
Յիսուս կը շարունակէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ աշխարհը զիրենք պիտի ատէ, ըսելով. «Այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց»։ Ան ցոյց կու տայ, որ իր ըրած հրաշքները կը դատապարտեն զինք ատողները, երբ կ’ըսէ. «Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ»։ Իրականութեան մէջ, անոնց ատելութիւնը դարեր առաջ մարգարէացուած էր (Յովհաննէս 15։21, 24, 25. Սաղմոս 35։19. 69։4)։
Յիսուս նորէն կը խոստանայ ղրկել օգնականը՝ սուրբ հոգին։ Իր բոլոր հետեւորդները կրնան այդ հզօր ուժը ստանալ եւ ատիկա կրնայ օգնել որ պտուղ բերեն, այսինքն՝ ‘վկայեն’ (Յովհաննէս 15։27)։
◇ Ո՞վ է մշակը, ո՞վ է որթատունկը եւ որո՞նք են ճիւղերը։
◇ Աստուած ի՞նչ «պտուղ» կ’ակնկալէ «ճիւղեր»էն։
◇ Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս կրնան իր բարեկամները ըլլալ, եւ ի՞նչը իրենց պիտի օգնէ, որ աշխարհի ատելութեան հետ գլուխ ելլեն։
ՅՈՒՆԻՍ 29–ՅՈՒԼԻՍ 5
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 4-5
«Քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ»
(Ելից 4։10) Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։
(Ելից 4։13) Անիկա ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ»։
Չքմեղանքներ. Եհովա զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ
«Բաւարար որակում չունիմ»։ Թերեւս այն զգացումը ունիս, թէ բարի լուրի քարոզիչ մը ըլլալու որակեալ չես։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք զգացին, թէ բաւարար որակում չունէին իրենց նշանակուած պարտականութիւնները ձեռք առնելու։ Նկատի առ Մովսէսի օրինակը։ Երբ Եհովայէ մասնայատուկ յանձնարարութիւն մը ստացաւ, Մովսէս ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։ Թէեւ Եհովա զինք հաւաստիացուց, սակայն Մովսէս պատասխանեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ» (Ել. 4։10-13)։ Ի՞նչ եղաւ Եհովայի հակազդեցութիւնը։
(Ելից 4։11, 12) Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս։ 12 Ուստի գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։
«Անտեսանելին» կը տեսնե՞ս
5 Առաջ որ Մովսէս Եգիպտոս վերադառնար, Աստուած իրեն սորվեցուց կարեւոր սկզբունք մը,– այդ նոյն սկզբունքը որ յետագային Մովսէս Յոբ գրքին մէջ արձանագրեց. «Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը» (Յոբ 28։28)։ Իրեն օգնելու որ այսպիսի վախ մը ունենայ եւ իմաստութեամբ գործէ, Եհովան ինքզինք բաղդատեց մարդոց հետ՝ հարցնելով. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս» (Ել. 4։11)։
6 Դասը ի՞նչ էր։ Հարկ չկար որ Մովսէս վախնար։ Ան ղրկուած էր Եհովայի կողմէ, որ իրեն պիտի տար՝ պատգամը փարաւոնին հաղորդելու պէտք եղածը։ Ասկէ զատ, փարաւոն ոչինչ էր՝ բաղդատած Եհովային։ Վերջ ի վերջոյ, ասիկա առաջին անգամը չէր որ Աստուծոյ ծառաները եգիպտական իշխանութիւններու կողմէ վտանգի ենթարկուած էին։ Թերեւս Մովսէս խոկաց, թէ նախկին փարաւոններու իշխանութեան ընթացքին Եհովան ինչպէ՛ս պաշտպանեց Աբրահամը, Յովսէփը եւ նոյնիսկ զինք (Ծն. 12։17-19. 41։14, 39-41. Ել. 1։22–2։10)։ «Անտեսանելի»ին հանդէպ հաւատք ընծայելով, ան քաջաբար փարաւոնին առջեւ ներկայացաւ եւ Եհովայի պատուիրած բոլոր խօսքերը հաղորդեց։
(Ելից 4։14, 15) Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Մովսէսին դէմ ու ըսաւ. «Ղեւտացի Ահարոնը քու եղբայրդ չէ՞. ես գիտեմ որ անիկա ճարտարախօս է. նաեւ ահա անիկա քեզ դիմաւորելու պիտի ելլէ։ Քեզ տեսածին պէս իր սրտին մէջ պիտի ուրախանայ։ 15 Դուն խօսէ՛ անոր ու անոր բերանը խօսքեր դիր եւ ես քու բերնիդ ու անոր բերնին հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի ըսէք»։
Չքմեղանքներ. Եհովա զանոնք ինչպէ՞ս կը նկատէ
Եհովա Մովսէսը զերծ չպահեց այդ նշանակումը կատարելէ։ Սակայն ան Ահարոնը նշանակեց, որպէսզի Մովսէսի օգնէ այդ պարտականութիւնը կատարելու (Ել. 4։14-17)։ Ասկէ զատ, յաջորդ տարիներուն ընթացքին, Եհովա Մովսէսի կողքին կեցաւ եւ անոր հարկ եղածը հայթայթեց, որպէսզի աստուածատուր նշանակումները յաջողապէս կատարէ։ Ներկայիս, կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովա փորձառու հաւատակիցներ պիտի մղէ քեզի ալ օգնելու, որ ծառայութիւնդ կատարես։ Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Եհովա մեզ որակեալ պիտի դարձնէ, որպէսզի իր յանձնարարած գործը կատարենք (Բ. Կոր. 3։5. տե՛ս «Կեանքիս ամէնէն երջանիկ տարիները» շրջանակը)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ելից 4։24-26) Եւ եղաւ որ ճամբան իջած տեղը Տէրը անոր պատահեցաւ եւ ուզեց սպաննել զանիկա։ 25 Ուստի Սեպփօրա սուր քար մը առաւ ու իր որդիին անթլփատութիւնը թլփատեց եւ անոր ոտքերուն ձգեց ու ըսաւ. «Իրաւցնէ դուն ինծի արիւնոտ ամուսին մըն ես»։ 26 Այսպէս Տէրը թող տուաւ զանիկա. այն ատեն թլփատութեանը համար Սեպփօրա ըսաւ. «Արիւնոտ ամուսին մըն ես»։
դ84 10/1 22 ¶1
ԵԼԻՑ—Բռնապետութենէ դէպի աստուածպետականութիւն
4։24-26—Որո՞ւ կեանքը վտանգի տակ էր եւ ի՞նչ պատահեցաւ։
Քանի որ այս հատուածը յստակ չէ, այս ձեւով կարելի է հասկնալ. Մովսէսի տղան մահուան վտանգի տակ էր քանի որ ան թլփատութեան մասին նախապէս եղած ուխտին հետ ներդաշնակ չէր։ (Ծննդոց 17։9-14) Մանուկին թլփատը կտրելէ ետք, Սեպփօրա այնպէս ըրաւ որ ան իր դիմաց նիւթականացած հրեշտակին ոտքերուն դպչի, փաստելու համար որ տրուած ուխտը յարգուած էր եւ այլեւս իր զաւակը մեռնելու պատճառ մը չունէր։ Եթէ հրեշտակին միջոցաւ, ինք Եհովայի կ’ուղղէր իր խօսքը «արիւնոտ այր» ըսելով, ուրեմն ինք թլփատութեան ուխտին մէջ ինքզինք որպէս կինը, իսկ Եհովան, որպէս այրը կը նկատէր։
(Ելից 5։2) Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թոյլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թոյլատրեր»։
it-2 12 ¶5
Եհովա
‘Ճանչնալ’ բայը պայման չէ որ նշանակէ պարզապէս բան մը կամ անձ մը գիտնալ կամ անոր ծանօթ ըլլալ։ Անմիտ Նաբաղը գիտէր Դաւիթին անունը, բայց հարցուց՝ «Դաւիթը ո՞վ է», այն իմաստով որ՝ «Ան ի՞նչ արժէք ունի» (Ա. Թագ. 25։9-11. համեմատէ՛ Բ. Թագ. 8։13)։ Նոյն կերպով փարաւոնը հարցուց Մովսէսին. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թոյլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թոյլատրեր» (Ել. 5։1, 2)։ Ըստ երեւոյթին, այդպէս արտայայտուելով փարաւոնը ըսել կ’ուզէր, որ իրեն համար Եհովան ճշմարիտ Աստուածը չէ կամ որեւէ հեղինակութիւն չունի Եգիպտոսի թագաւորին վրայ եւ անոր գործերուն վրայ, ոչ ալ զօրութիւնը ունի որ իր կամքը պարտադրէ, ինչպէս որ Մովսէս եւ Ահարոն կը յայտարարէին։ Բայց հիմա թէ՛ փարաւոնն ու եգիպտացիները եւ թէ իսրայէլացիները պիտի ճանչնային Եհովային անուան իսկական իմաստը եւ այդ անուան ետին եղող անձնաւորութիւնը։ Ասիկա տեղի պիտի ունենար, երբ Եհովան իսրայէլ ազգին նկատմամբ իր նպատակը իրագործէր՝ զանոնք ազատագրելով եւ Աւետեաց երկիրը տալով անոնց, եւ այսպիսով անոնց նախահայրերուն հետ իր ըրած ուխտը կատարած պիտի ըլլար։ Այսպիսով, Աստուծոյ խօսքը պիտի իրականանար, երբ ըսաւ. «Պիտի գիտնաք թէ. . . Տէրը, ձեր Աստուածը, ես եմ» (Ել. 6։4-8)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 121
«ՔԱՋԱՍԻ՛ՐՏ ԵՂԷՔ, ԵՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՅԱՂԹԵՑԻ»
• ՔԻՉ ԵՏՔ ԱՅԼԵՒՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԵՆ
• ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՏՐՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ
Յիսուսը եւ իր առաքեալները կը պատրաստուին դուրս ելլելու վերնատունէն, ուր Պասեքի ընթրիքը ունեցան։ Յիսուս իրենց կարեւոր խրատներ տուած է։ Իսկ հիմա կ’ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք»։ Այս զգուշացումը ինչո՞ւ յարմար է։ Ան կ’ըսէ. «Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ» (Յովհաննէս 16։1, 2)։
Այս խօսքերը թերեւս կը ցնցեն ու կը մտահոգեն առաքեալները։ Թէեւ Յիսուս իրենց ըսած էր, որ աշխարհը զիրենք պիտի ատէ, բայց ուղղակի չէր ըսած որ ոմանք պիտի սպաննուին։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի» (Յովհաննէս 16։4)։ Իսկ հիմա, մեկնելէ առաջ, զանոնք կը զգուշացնէ։ Ասիկա յետագային կրնայ օգնել որ չգայթակղին։
Յիսուս կը շարունակէ. «Ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’»։ Այդ երեկոյ, առաքեալները իրեն հարցուցած էին, թէ ո՛ւր պիտի երթար (Յովհաննէս 13։36. 14։5. 16։5)։ Բայց հիմա, հալածանքի մասին լսելէ ետք, տրտմութիւնը զիրենք կը պատէ։ Այդ պատճառով, Յիսուսին չեն հարցներ որ ի՛նչ փառքի պիտի արժանանայ եւ ատիկա ի՛նչ անդրադարձ պիտի ունենայ ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ։ Այս մէկը նկատելով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուեցան» (Յովհաննէս 16։6)։
Յետոյ Յիսուս կը բացատրէ. «Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ» (Յովհաննէս 16։7)։ Աշակերտները կրնան սուրբ հոգին ստանալ միայն եթէ Յիսուս մահանայ եւ երկինք երթայ։ Ան սուրբ հոգին պիտի ղրկէ որպէս օգնական իր հետեւորդներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան։
Սուրբ հոգին «աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար» (Յովհաննէս 16։8)։ Այո, սուրբ հոգիին շնորհիւ յստակ պիտի դառնայ, որ աշխարհը հաւատք չունի Աստուծոյ Որդիին հանդէպ։ Երբ Յիսուս երկինք համբառնայ, պիտի փաստուի անոր արդարութիւնը եւ յստակ պիտի դառնայ, որ ինչո՛ւ Սատանան՝ «այս աշխարհին իշխանը», դատապարտութեան արժանի է (Յովհաննէս 16։11)։
Յիսուս կը շարունակէ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ»։ Երբ սուրբ հոգին անոնց վրայ թափուի, զանոնք պիտի առաջնորդէ որ ‘ամբողջ ճշմարտութիւնը’ հասկնան եւ անոր համաձայն ապրին (Յովհաննէս 16։12, 13)։
Ետքը Յիսուս կ’ըսէ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք»։ Ասիկա առաքեալները կը շփոթեցնէ։ Անոնք իրարու կը հարցնեն, որ ան ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ Նկատելով թէ ասոր մասին հարցման նշաններ ունին, Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’» (Յովհաննէս 16։16, 20)։ Երբ Յիսուս կէսօրէ ետք կը սպաննուի, կրօնական առաջնորդները կ’ուրախանան, իսկ իր աշակերտները կը տրտմին։ Անոնց տրտմութիւնը ուրախութեան կը փոխուի, երբ Յիսուս յարութիւն կ’առնէ։ Եւ այդ ուրախութիւնը կը շարունակուի, երբ անոնց վրայ կը թափէ Աստուծոյ սուրբ հոգին։
Յիսուս առաքեալներուն վիճակը կը համեմատէ յղի կնոջ մը վիճակին հետ, որ ծննդաբերութեան ցաւեր կը քաշէ։ Ան կ’ըսէ. «Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ»։ Ան զանոնք կը քաջալերէ՝ ըսելով. «Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ» (Յովհաննէս 16։21, 22)։
Մինչեւ հիմա, առաքեալները բան մը չեն խնդրած Յիսուսին անունով։ Իսկ հիմա Յիսուս կ’ըսէ. «Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Հայրը կը տատամսի անոնց խնդրանքներուն պատասխանելու։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ» (Յովհաննէս 16։26, 27)։
Յիսուսի քաջալերական խօսքերը կը մղեն առաքեալները, որ համարձակութեամբ ըսեն. «Ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։ Այդ համոզումը շուտով փորձի պիտի ենթարկուի։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ այն ինչ որ շուտով տեղի պիտի ունենայ. «Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք»։ Բայց զանոնք կը վստահեցնէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհաննէս 16։30-33)։ Ոչ, Յիսուս զանոնք երեսի վրայ պիտի չձգէ։ Ան վստահ է որ անոնք ալ կրնան աշխարհին յաղթել՝ հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարելով, հակառակ անոր որ Սատանան եւ իր աշխարհը ջանք պիտի թափեն, որ անոնց ուղղամտութիւնը բեկանեն։
◇ Յիսուսին ո՞ր խօսքերը առաքեալները կը մտահոգեն։
◇ Առաքեալները ինչո՞ւ յաւելեալ հարցումներ չեն հարցներ Յիսուսին։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս կը բացատրէ, որ առաքեալներուն տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։