Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Փրկանքը ինչպէ՛ս մեզ կ’ազատէ
    Դիտարան 2010 | Օգոստոս 1
    • Աստուծոյ բարկութենէն ազատիլ

      4, 5. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ բարկութիւնը ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան վրայ է։

      4 Աստուածաշունչն ու պատմական իրողութիւնները ցոյց կու տան, թէ Ադամի մեղանչումէն ի վեր Աստուծոյ բարկութիւնը մարդկային ցեղին ‘վրայ եղած է’ (Յովհ. 3։36)։ Ասոր մէկ ապացոյցն է, որ ո՛չ ոք կրցած է մահուընէ խոյս տալ։ Սատանայի մրցակից գերիշխանութիւնը, մարդկութիւնը շարունակական աղէտներէ պաշտպանելու ամենեւին կարող չէ եղած, եւ մարդակերտ ո՛չ մէկ կառավարութիւն կրցած է իր բոլոր հպատակներուն հիմնական կարիքները լեցնել (Ա. Յովհ. 5։19)։ Հետեւաբար մարդկութիւնը կը շարունակէ պատերազմէ, ոճիրէ եւ աղքատութենէ տառապիլ։

  • Փրկանքը ինչպէ՛ս մեզ կ’ազատէ
    Դիտարան 2010 | Օգոստոս 1
    • 7 Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Յիսուս «կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն» (Ա. Թես. 1։10)։ Եհովայի բարկութեան այդ վերջնական արտայայտութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ՝ չզղջացող մեղաւորներու յաւիտենական բնաջնջումը (Բ. Թես. 1։6-9)։ Ո՞վ պիտի ազատի։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (Յովհ. 3։36)։ Այո, երբ այս դրութիւնը իր վախճանին հասնի, բոլոր անոնք՝ որոնք ողջ են ու հաւատք կ’ընծայեն Յիսուսի եւ փրկանքին, Աստուծոյ բարկութեան վերջին օրուան հետեւանքները պիտի չկրեն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել