Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թկ գլ. 13 էջ 150-165
  • Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կարգուկանոնը խանգարողնե՞ր, թէ ոչ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ ջատագովներ
  • Խռովութիւն հրահրողնե՞ր, թէ ոչ ճշմարտութիւնը ծանուցանողներ
  • Շրջուն վաճառականնե՞ր, թէ ոչ Աստուծոյ Թագաւորութեան նախանձախնդիր քարոզիչներ
  • «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»
  • «Տէրը իմ օգնականս է»
  • Ազատօրէն Աստուած պաշտելու համար պայքարիլ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Հաւատարիմ՝ միա՛յն Աստուծոյ կառավարութեան
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
թկ գլ. 13 էջ 150-165

ԳԼՈՒԽ 13

Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացաւ, հակառակորդները օրէնքին կը դիմեն, որ քարոզչութիւնը կասեցնեն

1, 2. ա) Կրօնական առաջնորդները յաջողեցան ի՞նչ ընել, բայց առաքեալները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ բ) Առաքեալները ինչո՞ւ չենթարկուեցան քարոզչութիւնը արգիլող օրէնքին։

ՄԻԱՅՆ քանի մը շաբաթ անցած է քրիստոնէական ժողովքին հաստատման վրայ, որ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Սատանային համար ասիկա գործի լծուելու ամենայարմար ժամանակն է. ան կ’ուզէ ժողովքը բնաջնջել առա՛ջ որ աճի։ Անմիջապէս, Սատանան դէպքերը այնպէս մը կ’ուղղէ, որ կրօնական առաջնորդները Թագաւորութեան քարոզչութիւնը արգիլեն։ Բայց առաքեալները կը շարունակեն քաջաբար քարոզել եւ առ ի արդիւնք բազմաթիւ տղամարդիկ եւ կիներ «Տէրոջը հաւատացողներ» կը դառնան (Գործք 4։18, 33. 5։14)։

Քրիստոսի առաքեալները ուրախ են մինչ կը մեկնին Սենետրիոնէն՝ մտրակուելէ ետք

Առաքեալները ուրախացան քանի որ «Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու»

2 Ասիկա հակառակորդները կը կատղեցնէ եւ կը մղէ զիրենք որ դարձեալ ժողովքը հարուածեն, այս անգամ բոլոր առաքեալները բանտարկելով։ Բայց գիշերը Եհովային հրեշտակը բանտին դռները կը բանայ եւ առաքեալները արշալոյսին դարձեալ կը սկսին քարոզել։ Անոնք նորէն կը ձերբակալուին եւ կը տարուին ատեան, ուր կ’ամբաստանուին քարոզչութիւնը արգիլող օրէնքը խախտելու յանցանքով։ Բայց առաքեալները համարձակօրէն կ’ըսեն. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ Ատեանին անդամները ա՛յնքան կը զայրանան, որ կ’ուզեն առաքեալները «մեռցնել»։ Բայց ճիշդ այդ պահուն Օրէնքի մեծայարգ ուսուցիչ՝ Գամաղիէլ ատեանի անդամներուն կ’ըսէ. «Զգուշացէ՛ք. . . Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք»։ Զարմանալին այն է որ ատեանը անոր խորհուրդին ականջ կու տայ եւ առաքեալներուն թոյլ կու տայ որ մեկնին։ Այդ հաւատարիմ տղամարդիկը ի՞նչ կ’ընեն։ Անոնք անվախօրէն ‘չեն դադրիր սորվեցնելէ եւ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ’ (Գործք 5։17-21, 27-42. Առ. 21։1, 30)։

3, 4. ա) Հինէն ի վեր Սատանան ո՞ր մեթոտը գործածած է Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակելու համար։ բ) Այս եւ յաջորդ երկու գլուխներուն մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Ք.Ե. 33–ին տեղի ունեցած այդ դատը առաջին հակառակութիւնն էր որ քրիստոնէական ժողովքը դիմագրաւեց հեղինակաւոր անհատներու կողմէ, բայց վերջինը պիտի չըլլար (Գործք 4։5-8. 16։20. 17։6, 7)։ Մեր օրերուն, Սատանան տակաւի՛ն ճշմարիտ պաշտամունքի հակառակորդները կը մղէ հեղինակութիւնները համոզելու, որ մեր քարոզչութեան վրայ արգելքներ դնեն։ Հակառակորդները Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ զանազան ամբաստանութիւններ ըրած են։ Օրինակ, անոնք մեզ ամբաստանած են որպէս՝ կարգուկանոնը խանգարողներ, խռովութիւն հրահրողներ եւ շրջուն վաճառականներ։ Յարմար ժամանակներուն, մեր եղբայրները դատարան դիմած են, փաստելու համար որ այդ ամբաստանութիւնները սուտ են։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Տասնամեակներ առաջ արձակուած այդ դատավճիռները ինչպէ՞ս կ’ազդեն քեզի։ Նկատի առնենք կարգ մը դատեր, տեսնելու համար թէ ատոնք ինչպէ՛ս օգնած են «բարի լուրը պաշտպանելու եւ օրինապէս հաստատելու» (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։

4 Այս գլուխին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս մեր քարոզելու ազատութեան իրաւունքը պաշտպանած ենք։ Յաջորդ երկու գլուխներուն մէջ նկատի պիտի առնենք կարգ մը օրինական պայքարներ, որոնք մղած ենք, որ ջանանք այս աշխարհին մէկ մասը չդառնալ եւ Թագաւորութեան չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։

Կարգուկանոնը խանգարողնե՞ր, թէ ոչ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ ջատագովներ

5. 1930–ական թուականներուն վերջաւորութեան Թագաւորութեան քարոզիչները ինչո՞ւ ձերբակալուեցան, եւ պատասխանատու եղբայրները ի՞նչ որոշեցին ընել։

5 1930–ական թուականներուն վերջաւորութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքներ եւ նահանգներ սկսան Եհովայի վկաները պարտադրել, որ քարոզելու համար օրինական որոշ արտօնագիր ձեռք ձգեն։ Բայց մեր եղբայրները արտօնագրեր ստանալու չդիմեցին, քանի որ ատոնք կրնային որեւէ ժամանակ չեղեալ համարուիլ։ Անոնք խորհեցան որ ո՛չ մէկ կառավարութիւն իրաւունք ունի արգելք հանդիսանալու Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու Յիսուսի պատուէրին (Մար. 13։10)։ Առ ի արդիւնք, Թագաւորութեան հարիւրաւոր քարոզիչներ ձերբակալուեցան։ Ուստի կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու եղբայրները որոշեցին դատարաններ դիմել, յուսալով որ փաստեն թէ կառավարութիւնը անօրէն արգելքներ դրած է Վկաներուն կրօնքի ազատութեան իրաւունքին վրայ։ 1938–ին դէպք մը պատահեցաւ, որ աննախընթաց դատի մը առաջնորդեց։ Ի՞նչ եղաւ։

6, 7. Գէնթուէլ ընտանիքին ի՞նչ պատահեցաւ։

6 Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 1938–ի առաւօտեան, 60 տարեկան Նիութըն Գէնթուէլ, իր կինը՝ Էսթըր եւ անոնց տղաքը՝ Հենրի, Ռասըլ եւ Ճեսսի, որոշեցին ամբողջ օրը քարոզել Նիւ Հէյվըն քաղաքին մէջ, Քոնեքթիքութ։ Այս 5 մասնաւոր ռահվիրաներուն մտքէն անցած էր որ այդ օր թերեւս տուն չվերադառնան։ Ինչո՞ւ։ Անոնք արդէն իսկ քանի մը անգամ ձերբակալուած էին, ուստի ակնկալեցին որ հաւանաբար դարձեալ ձերբակալուին։ Բայց ասիկա զիրենք ետ չպահեց Թագաւորութեան պատգամը քարոզելէ։ Անոնք Նիւ Հէյվըն հասան երկու ինքնաշարժներով։ Նիութըն կը քշէր իրենց ինքնաշարժը, որուն մէջ կային աստուածաշնչական հրատարակութիւններ եւ դիւրակիր ֆոնոկրաֆներ, իսկ 22 տարեկան Հենրին բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժ մը կը քշէր։ Եւ իրապէս, ինչպէս որ կ’ակնկալէին, քանի մը ժամ ետք ոստիկանութիւնը զիրենք կեցուց։

7 Նախ, 18 տարեկան Ռասըլ ձերբակալուեցաւ, ապա՝ Նիութընն ու Էսթըրը։ 16 տարեկան Ճեսսին հեռուէն տեսաւ թէ ինչպէ՛ս ոստիկանութիւնը իր ծնողքն ու եղբայրը կը տանէր։ Հենրին քաղաքին ուրիշ մէկ շրջանին մէջ կը քարոզէր, ուստի պատանի Ճեսսին մինակ մնաց։ Ասով հանդերձ, ան իր ֆոնոկրաֆը վերցուց եւ շարունակեց քարոզել։ Երկու կաթողիկէ տղամարդիկ Ճեսսիին թոյլ տուին որ իրենց մտիկ ընել տայ Ռատըրֆորտի մէկ արձանագրուած դասախօսութիւնը, որուն խորագիրն էր՝ «Թշնամիներ»։ Բայց դասախօսութիւնը մտիկ ըրած ատեն, այդ տղամարդիկը ա՛յն աստիճան զայրացան, որ քիչ մնաց Ճեսսին ծեծէին։ Ճեսսին հանդարտօրէն անոնցմէ հեռացաւ, բայց շատ չանցած ոստիկան մը զինք կեցուց։ Ուստի ինքն ալ ձերբակալուեցաւ։ Ոստիկանութիւնը քոյր Գէնթուէլը չամբաստանեց, բայց եւ այնպէս ամբաստանեց եղբայր Գէնթուէլն ու իր տղաքը։ Սակայն նոյն օրը անոնք երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցան։

8. Դատարանը ինչո՞ւ Ճեսսի Գէնթուէլը դատապարտեց կարգուկանոնը խանգարելու յանցանքով։

8 Քանի մը ամիս ետք, սեպտեմբեր 1938–ին, Գէնթուէլ ընտանիքը նախադատ ատեանին առջեւ ներկայացաւ Նիւ Հէյվընի մէջa։ Նիութըն, Ռասըլ եւ Ճեսսի առանց արտօնագրի նուիրատուութիւններ հաւաքելու յանցանքով դատապարտուեցան։ Հակառակ անոր որ դատավճիռը բողոքարկեցին Քոնեքթիքութի բարձրագոյն ատեանին մօտ, Ճեսսին կարգուկանոնը խանգարելու յանցանքով դատապարտուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այն երկու կաթողիկէ տղամարդիկը, որոնք դասախօսութեան արձանագրութիւնը մտիկ ըրին, դատարանին մէջ վկայեցին որ դասախօսութիւնը իրենց կրօնքը արհամարհեց եւ զիրենք բարկացուց։ Ուստի, կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու եղբայրներ դատավճիռը բողոքարկեցին ԱՄՆ–ի բարձրագոյն ատեանին մօտ։

9, 10. ա) Գէնթուէլ ընտանիքի դատին մէջ, ԱՄՆ–ի բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ դատավճիռ արձակեց։ բ) Այսօր ինչպէ՞ս կ’օգտուինք այդ դատավճիռէն։

9 29 մարտ 1940–էն սկսեալ, գլխաւոր դատաւոր՝ Չարլզ Է. Հիյուզ եւ ութ այլ դատաւորներ մտիկ ըրին Եհովայի վկաները ներկայացնող փաստաբանին՝ եղբայր Հէյտըն Գավինկթընի փաստարկութիւններըb։ Երբ Քոնեքթիքութ նահանգի դատախազը իր առարկութիւնները ներկայացուց՝ ջանալով փաստել թէ Վկաները կարգուկանոնը խանգարողներ են, դատաւորներէն մէկը հարցուց. «Ճիշդ չէ՞ որ Քրիստոս Յիսուսի քարոզած պատգամը իր օրերուն անժողովրդական էր»։ Դատախազը պատասխանեց. «Այո՛, եւ եթէ չեմ սխալիր, Աստուածաշունչիս մէջ կ’ըսէ թէ Յիսուսին ի՛նչ պատահեցաւ այդ պատգամը քարոզելուն համար»։ Ի՜նչ ցնցիչ արտայայտութիւն։ Առանց գիտնալու, այդ դատախազը Վկաները համեմատեց Յիսուսին հետ, իսկ իրենք՝ այսինքն հակառակորդ կողմը, Յիսուսը դատապարտողներուն հետ։ 20 մայիս 1940–ին, դատարանը Վկաներուն ի նպաստ միաձայն վճիռ արձակեց։

Ուրախ քրիստոնեայ եղբայրներ եւ քոյրեր, ներառեալ՝ Հէյտըն Գավինկթըն եւ Կլէն Հաու, դատարանէն դուրս կ’ելլեն

Հէյտըն Գավինկթըն (առջեւը, կեդրոն), Կլէն Հաու (ձախին) եւ ուրիշներ դատարանէն կը մեկնին օրինական յաղթանակէ մը ետք

10 Դատավճիռը ինչո՞ւ նշանակալից էր։ Քանի որ անով մեր կրօնական ազատութիւնը պաշտպանուեցաւ այնպէս մը՝ որ ո՛չ մէկ դաշնակցային, նահանգային կամ տեղական հեղինակութիւն կարող էր օրէնքով սահմանափակել մեր այդ ազատութիւնը։ Ասկէ զատ, դատարանը ըսաւ, թէ Ճեսսիի վարքին մէջ «հանրութեան խաղաղութիւնն ու կարգուկանոնը խանգարող սպառնալիք մը չկայ»։ Այսպէս, վճիռը յստակ կերպով հաստատեց, թէ Եհովայի վկաները կարգուկանոնը խանգարողներ չեն։ Ասիկա ի՜նչ աչքառու օրինական յաղթանակ մըն էր Եհովայի ծառաներուն համար։ Այսօր անկէ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Վկայ փաստաբան մը կ’ըսէ. «Առանց անօրէն սահմանափակումներու մեր կրօնական ազատութեան իրաւունքը այսօր մեզի՝ Վկաներուս՝ թոյլ կու տայ որ յոյսի պատգամը քարոզենք հոն՝ ուր կ’ապրինք»։

Խռովութիւն հրահրողնե՞ր, թէ ոչ ճշմարտութիւնը ծանուցանողներ

«Քեպէքի բուռն ատելութիւնը Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ ազատութեան հանդէպ՝ ամբողջ Քանատայի համար խայտառակութի՛ւն է» թերթիկին կողքը

Քեպէքի բուռն ատելութիւնը Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ ազատութեան հանդէպ՝ ամբողջ Քանատայի համար խայտառակութի՛ւն է

11. Մեր եղբայրները Քանատայի մէջ ի՞նչ արշաւ կազմակերպեցին եւ ինչո՞ւ։

11 1940–ական թուականներուն ընթացքին, Քանատայի Եհովայի վկաները վայրագ հակառակութիւն դիմագրաւեցին։ Ուստի, 1946–ին, մարդոց գիտցնելու համար թէ պաշտամունքի ազատութեան իրաւունքը իրենց ձեռքէն կ’առնուէր, մեր եղբայրները կազմակերպեցին 16 օր տեւող արշաւ մը, որուն ընթացքին բաշխեցին թերթիկ մը՝ Քեպէքի բուռն ատելութիւնը Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ ազատութեան հանդէպ՝ ամբողջ Քանատայի համար խայտառակութի՛ւն է խորագրով։ Այս չորս էջնոց թերթիկը մանրամասնօրէն քօղազերծեց կղերներուն հրահրած խռովութիւնները, ոստիկանութեան վայրագութիւնը եւ խուժանային բռնութիւնները, որոնք մեր եղբայրներուն դէմ գործուեցան Քեպէք նահանգին մէջ։ «Եհովայի վկաներու անօրէն ձերբակալութիւնները կը շարունակուին» նշեց թերթիկը։ «Մեծ Մոնրէալի մէջ, Եհովայի վկաներուն դէմ շուրջ 800 ամբաստանութիւններ կան»։

12. ա) Հակառակորդները արշաւին ինչպէ՞ս հակազդեցին։ բ) Մեր եղբայրները ո՞ր ոճիրով ամբաստանուեցան (տես նաեւ ստորանիշը)։

12 Առ ի հակազդեցութիւն արշաւին, Քեպէքի գլխաւոր նախարար՝ Մորիս Տիւփլեսի՝ որ կաթողիկէ կարդինալ Վիլընեուվի հետ կը համագործակցէր, «անողորմ պատերազմ» հռչակեց Վկաներուն դէմ։ Դատերուն թիւը իսկոյն կրկնապատկուեցաւ՝ 800–էն 1600–ի հասնելով։ «Ոստիկանութիւնը այնքան յաճախ մեզ ձերբակալեց, որ դադրեցանք հաշուելէ», ըսաւ ռահվիրայ քոյր մը։ Այն Վկաները, որոնք ձերբակալուեցան թերթիկը բաշխած ժամանակ, ամբաստանուեցան «խռովարար հրատարակութիւններ» հրատարակելու ոճիրովc։

13. Որո՞նք առաջին անգամ ըլլալով ամբաստանուեցան որպէս խռովարարներ եւ ի՞նչ դատավճիռ արձակուեցաւ։

13 1947–ին, եղբայր Էմէ Պուշէ եւ իր աղջիկները՝ 18 տարեկան Ժիզէլ եւ 11 տարեկան Լիւսիլ, առաջին անհատներն էին որոնք դատարանի առջեւ կեցան՝ խռովութիւն հրահրելու ամբաստանութեամբ։ Անոնք Քեպէքի բուռն ատելութիւնը թերթիկէն բաշխած էին իրենց ագարակին շրջակայքը, որ կը գտնուէր Քեպէք քաղաքին հարաւը, բլուրներուն վրայ։ Բայց դժուար էր երեւակայել որ անոնք անօրէն խռովարարներ են։ Եղբայր Պուշէ խոնարհ եւ հեզ մարդ մըն էր, որ լուռումունջ իր պզտիկ ագարակին գործերով կը զբաղէր եւ երբեմն իր ձիակառքով գիւղաքաղաք կը ճամբորդէր։ Բայց իր ընտանիքը ենթարկուած էր թերթիկին մէջ նշուած բռնութիւններէն ոմանց։ Նախադատ ատեանին դատաւորը, որ Եհովայի վկաները կ’ատէր, մերժեց այն ապացոյցները՝ որոնք կը փաստէին թէ Պուշէ ընտանիքը անմեղ է։ Փոխարէն, ան ընդունեց հակառակորդ կողմին ըսածը թէ թերթիկը թշնամութիւն յառաջ կը մղէ եւ այսպէս Պուշէ ընտանիքը պէտք է յանցաւոր նկատուի։ Ուստի դատաւորը հետեւեալ տեսակէտը ունէր. ճշմարտութեան մասին խօսիլը ոճի՛ր է։ Էմէն եւ Ժիզէլը դատապարտուեցան որպէս խռովարարներ եւ նոյնիսկ Լիւսիլը երկու օր բանտարկուեցաւ։ Եղբայրները դատավճիռը բողոքարկեցին Քանատայի բարձրագոյն ատեանին մօտ, որ ընդունեց դատը մտիկ ընել։

14. Հալածանքի տարիներուն ընթացքին Քեպէքի եղբայրները ի՞նչ ըրին։

14 Մինչ այդ, դաժան ու վայրագ յարձակումներու դիմաց Քեպէքի մեր քաջ եղբայրներն ու քոյրերը շարունակեցին Թագաւորութեան պատգամը քարոզել՝ յաճախ հոյակապ արդիւնքներ ձեռք ձգելով։ 1946–ի թերթիկի արշաւին յաջորդող չորս տարիներուն ընթացքին Քեպէքի Վկաներուն թիւը բարձրացաւ՝ 300–էն 1000–իd։

15, 16. ա) Պուշէ ընտանիքին դատին մէջ Քանատայի բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ դատավճիռ արձակեց։ բ) Այս յաղթանակը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր եղբայրներուն եւ ուրիշներու վրայ։

15 Յունիս 1950–ին, Քանատայի բարձրագոյն ատեանին ամբողջ կազմը՝ 9 դատաւորներ՝ Էմէ Պուշէի դատը մտիկ ըրին։ Վեց ամիս ետք, 18 դեկտեմբեր 1950–ին, ատեանը մեզի ի նպաստ դատավճիռ արձակեց։ Ինչո՞ւ։ Եղբայր Կլէն Հաու՝ Վկաները ներկայացնող փաստաբան մը, բացատրեց թէ ատեանը ընդունեց պաշտպանող կողմին ներկայացուցած փաստարկութիւնները, ըստ որոնց խռովութիւն հրահրել կը նշանակէ կառավարութեան դէմ ըմբոստութիւն քաջալերել։ Բայց թերթիկը «այսպիսի հրահրում չէր բովանդակեր եւ հետեւաբար ազատ խօսքի օրինական միջոց մըն էր»։ Եղբայր Հաու աւելցուց. «Անձամբ տեսայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի յաղթանակ շնորհեց»e։

16 Բարձրագոյն ատեանին որոշումը իրապէս ցնցիչ յաղթանակ մըն էր որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տարաւ։ Անիկա չեղեալ համարեց միւս 122 առկախ դատերուն հիմը, որոնց մէջ Քեպէքի Վկաները ամբաստանուած էին որպէս խռովարար հրատարակութիւններ հրատարակողներ։ Ասկէ զատ, դատարանին արձակած դատավճիռը նշանակեց թէ Քանատան եւ Բրիտանական Հասարակապետութիւնը այժմ կրնային կառավարութեան գործելակերպի վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները ազատօրէն արտայայտել։ Նաեւ, այս յաղթանակը «մէջքը կոտրեց» Քեպէքի եկեղեցիին, որ կը փորձէր կառավարութեան միջոցաւ Եհովայի վկաներուն ազատութիւնները խլելf։

Շրջուն վաճառականնե՞ր, թէ ոչ Աստուծոյ Թագաւորութեան նախանձախնդիր քարոզիչներ

17. Կարգ մը կառավարութիւններ ինչպէ՞ս կը ջանան մեր քարոզչութիւնը իրենց հակակշռին տակ առնել։

17 Նախկին քրիստոնեաներուն նման, Եհովայի այժմու ծառաները ‘Աստուծոյ խօսքը չեն խարդախեր’ զայն ծախելով (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։17)։ Բայց կարգ մը կառավարութիւններ կը ջանան մեր քարոզչութիւնը իրենց հակակշռին տակ առնել առեւտրական օրէնքներու միջոցաւ։ Նկատի առ երկու դատեր, որոնց դատավճիռները յստակացուցին թէ արդեօք Եհովայի վկաները շրջուն վաճառականնե՞ր են, թէ ոչ՝ քարոզիչներ։

18, 19. Դանիոյ հեղինակութիւնները ինչպէ՞ս փորձեցին քարոզչութիւնը կասեցնել։

18 Դանիա։ 1 հոկտեմբեր 1932–ին, ի զօրու դարձաւ օրէնք մը՝ ըստ որուն առանց վաճառականի արտօնագրի, տպուած հրատարակութիւն ծախելը անօրէն կը համարուէր։ Բայց մեր եղբայրները արտօնագիր ստանալու չդիմեցին։ Յաջորդ օրը, հինգ հրատարակիչներ ծառայեցին Ռոսքիլտ գիւղաքաղաքին մէջ, որ Քոփենհակըն մայրաքաղաքէն աւելի քան 30 քմ. հեռու է։ Օրուան վերջաւորութեան, հրատարակիչներէն մէկը՝ Օկըսթ Լէյման կորսուած էր։ Ան ձերբակալուած էր առանց արտօնագրի ապրանքներ ծախելուն համար։

19 19 դեկտեմբեր 1932–ին, Օկըսթ Լէյման դատարանին առջեւ կեցաւ։ Ան ընդունեց որ մարդոց կ’այցելէր աստուածաշնչական հրատարակութիւններ առաջարկելու համար, բայց մերժեց որ առեւտուր կ’ընէր։ Նախադատ ատեանը անոր ըսածները ընդունեց եւ նշեց. «Ամբաստանեալը. . . կարող է նիւթական գետնի վրայ ինքն իրեն հոգ տանիլ, եւ ան որեւէ նիւթական շահ չէ ստացած, ոչ ալ այդպիսի մտադրութիւն ունէր. ընդհակառակը անոր գործունէութիւնը իրեն նիւթական կորուստներ բերած է»։ Վկաներուն կողմը դիրք բռնելով՝ դատարանին դատավճիռն այն էր, թէ Լէյմանի գործունէութիւնը կարելի չէ «առեւտուր դասել»։ Բայց Աստուծոյ ժողովուրդին հակառակորդները վճռած էին քարոզչութիւնը կասեցնել ամբողջ երկրին մէջ (Սաղ. 94։20, ՆԱ)։ Հակառակորդ կողմը ներկայացնող փաստաբանը դատավճիռը բողոքարկեց երկրին բարձրագոյն ատեանին մօտ։ Մեր եղբայրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

20. Դանիոյ բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ դատավճիռ արձակեց եւ մեր եղբայրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

20 Բարձրագոյն ատեանին մէջ տեղի ունենալիք դատական նիստին նախորդող շաբաթը ամբողջ Դանիոյ մէջ Վկաները իրենց քարոզչութիւնը աւելցուցին։ Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 1933–ին, բարձրագոյն ատեանը իր որոշումը հրապարակեց։ Անիկա նախադատ ատեանին արձակած դատավճիռին համամիտ գտնուեցաւ, ըսելով թէ Օկըսթ Լէյմանը օրէնքը չէ բեկանած։ Այս դատավճիռը նշանակեց թէ Վկաները կրնային շարունակել ազատօրէն քարոզել։ Եհովայի շնորհած այս օրինական յաղթանակին առ ի երախտագիտութիւն, եղբայրներն ու քոյրերը իրենց քարոզչութիւնը ա՛լ աւելի աւելցուցին։ Այդ դատավճիռէն ի վեր Դանիոյ մեր եղբայրները կրցած են իրենց ծառայութիւնը կատարել՝ առանց կառավարական խոչընդոտներու առջեւ գտնուելու։

Դանիոյ մէջ Եհովայի վկաներ ծանուցագիրներ բռնած են 1930–ական թուականներուն

Քաջ Վկաներ Դանիոյ մէջ 1930–ական թուականներուն

21, 22. Եղբայր Մըրտոքի դատին մէջ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ դատավճիռ արձակեց։

21 Միացեալ Նահանգներ։ Ռապըրթ Մըրտոք Կրտսեր եւ եօթը այլ Վկաներ ձերբակալուեցան կիրակի, 25 փետրուար 1940–ին, մինչ կը քարոզէին Ճընէթի մէջ,– Փիթցպըրկի մօտ գտնուող քաղաք մը,– Փէնսիլվանիա։ Անոնք դատապարտուեցան առանց արտօնագրի հրատարակութիւններ առաջարկելու յանցանքով։ Երբ մեր եղբայրները բողոքարկեցին, Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեանը ընդունեց դատը մտիկ ընել։

22 3 մայիս 1943–ին, բարձրագոյն ատեանը իր դատավճիռը արձակեց՝ ի նպաստ Վկաներուն։ Դատարանը առարկեց արտօնագիր ձեռք ձգելու պահանջին, քանի որ այս մէկը կը նշանակէր «գումար մը վճարել սահմանադրութեան շնորհած իրաւունքը վայելելու համար»։ Անիկա անվաւեր սեպեց այն որոշումը, որ «կը սահմանափակէր մամուլի եւ կրօնական ազատութիւնը»։ Դատաւորներուն մեծամասնութեան կարծիքը փոխանցելով՝ դատաւոր Ուիլիամ Օ. Տուկլաս նշեց, թէ Եհովայի վկաներուն գործունէութիւնը «միայն քարոզել կամ միայն կրօնական հրատարակութիւններ բաշխել չէ։ Անիկա երկո՛ւքն է»։ Ան աւելցուց. «Այս տեսակի կրօնական գործունէութիւն կը գրաւէ այն նոյն բարձր դիրքը. . . որ եկեղեցիներու մէջ մատուցուած պաշտամունքը եւ ամպիոններէ տրուած քարոզները կը գրաւեն»։

23. 1943–ի դատական յաղթանակները մեզի համար ինչո՞ւ կարեւոր են։

23 Բարձրագոյն ատեանին այս դատավճիռը օրինական մեծ յաղթանակ մըն էր Եհովայի ժողովուրդին համար։ Անիկա հաստատեց թէ մենք քրիստոնեայ քարոզիչներ ենք եւ ոչ թէ՝ վաճառականներ։ Այդ անմոռանալի օրը Եհովայի վկաները բարձրագոյն ատեանին մօտ շահեցան 13 դատերէ 12–ը, ներառեալ՝ Մըրտոք–ի դատը։ Այս դատավճիռները ազդու նախադէպ էին, որոնցմէ եղբայրները օգտուեցան աւելի արդի դատերու մէջ, ուր մեր հակառակորդները դարձեալ մարտահրաւէր ուղղած են Թագաւորութեան պատգամը հանրապէս եւ տունէ տուն քարոզելու մեր իրաւունքին դէմ։

«Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»

24. Երբ կառավարութիւն մը մեր քարոզչութիւնը արգիլէ ի՞նչ կ’ընենք։

24 Եհովայի վկաներս խորապէս կը գնահատենք երբ կառավարութիւններ մեզի օրինական իրաւունք շնորհեն, որ Թագաւորութեան պատգամը ազատօրէն քարոզենք։ Բայց երբ կառավարութիւն մը մեր քարոզչութիւնը արգիլէ, պարզապէս մեր մեթոտները կը ճշդենք, որ մատչելի միջոցներով մեր գործունէութիւնը շարունակենք։ Առաքեալներուն նման կը գիտակցինք, թէ «առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29. Մատ. 28։19, 20)։ Միեւնոյն ժամանակ դատարաններ կը դիմենք, որպէսզի մեր գործունէութիւններուն վրայ դրուած արգելքը վերցնեն։ Նկատի առ երկու օրինակներ։

25, 26. Ի՞նչը պատճառ դարձաւ որ եղբայրները Նիքարակուայի բարձրագոյն ատեանին դիմեն, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

25 Նիքարակուա։ 19 նոյեմբեր 1952–ին, միսիոնար եւ մասնաճիւղի ծառայ՝ Տոնըվըն Մընսթըրմէն ուղղուեցաւ Գաղթի գրասենեակ, որ Մանակուա մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուէր։ Իրմէ խնդրուած էր որ ներկայանայ Առնոլտօ Կարսիա հրամանատարին առջեւ, որ գրասենեակին պետն էր։ Հրամանատարը Տոնըվընին ըսաւ, որ Նիքարակուայի բոլո՛ր Եհովայի վկաներուն «այլեւս արգիլուած էր իրենց վարդապետութիւններուն մասին քարոզել եւ իրենց կրօնական գործունէութիւնները կատարել»։ Երբ եղբայրը հարցուց թէ պատճառը ի՛նչ է, հրամանատար Կարսիան բացատրեց թէ կառավարութիւնը Վկաներուն արտօնութիւն չէր տուած որ իրենց գործունէութիւնները կատարեն, առաւել անոնք ամբաստանուած էին որպէս համայնավարներ։ Իսկ ամբաստանողները որո՞նք էին։ Կաթողիկէ կղերները։

Եհովայի վկաներուն բացօթեայ մէկ համաժողովը Նիքարակուայի մէջ, շուրջ 1953–ին

Նիքարակուայի եղբայրները արգելքի ժամանակ

26 Եղբայր Մընսթըրմէն անմիջապէս բողոքարկեց կառավարութեան եւ կրօնքներու նախարարութեան մօտ, ինչպէս նաեւ՝ նախագահ Անասթասիօ Սոմոզա Կարսիային, բայց ի զուր։ Ուստի եղբայրները իրենց մեթոտները ճշդեցին։ Անոնք Թագաւորութեան սրահը փակեցին, պզտիկ խումբերով հաւաքուեցան եւ փողոցի ծառայութիւնը դադրեցուցին, բայց շարունակեցին Թագաւորութեան պատգամը քարոզել։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք Նիքարակուայի բարձրագոյն ատեանին խնդրագիր ներկայացուցին, անկէ խնդրելով որ արգելքը վերցնէ։ Լրագիրները խօսեցան արգելքին եւ խնդրագրին բովանդակութեան մասին, եւ բարձրագոյն ատեանը ընդունեց դատը մտիկ ընել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ 19 յունիս 1953–ին, բարձրագոյն ատեանը Վկաներուն ի նպաստ միաձայն վճիռ արձակեց։ Ատեանը ըսաւ թէ արգելքը կը խախտէր սահմանադրութեան շնորհած խօսքի, խիղճի եւ դաւանանքի ազատութիւնը։ Անիկա նաեւ հրամայեց որ Նիքարակուայի կառավարութեան եւ Վկաներուն միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնը իր նախկին վիճակին վերադառնայ։

27. Նիքարակուայի քաղաքացիները ինչո՞ւ զարմացան ատեանին որոշումէն, եւ եղբայրները յաղթանակը ինչպէ՞ս դիտեցին։

27 Նիքարակուայի քաղաքացիները զարմացան որ բարձրագոյն ատեանը Վկաներուն կողմը դիրք բռնեց։ Մինչեւ այդ ատեն, կղերներուն ազդեցութիւնը ա՛յնքան զօրաւոր էր որ ատեանը կը խուսափէր անոնց հետ բախումներ ունենալէ։ Նաեւ, կառավարական պաշտօնեաներուն ազդեցութիւնն ալ մեծ էր, անոր համար հազուադէպ կը պատահէր որ ատեանը անոնց որոշումներուն դէմ ելլէր։ Մեր եղբայրները վստահ էին որ այս դատը շահեցան, քանի որ իրենց Թագաւորը զիրենք պաշտպանած էր եւ իրենք չէին դադրած քարոզելէ (Գործք 1։8)։

28, 29. 1980–ական թուականներու կիսուն Զայիրի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։

28 Զայիր։ 1980–ական թուականներուն կիսուն շուրջ 35,000 Վկաներ կային Զայիրի մէջ, որ այժմ կը կոչուի՝ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն։ Թագաւորութեան գործունէութեան աճման հետ քայլ պահելու համար, մասնաճիւղը նոր համալիրներ կը կառուցանէր։ Դեկտեմբեր 1985–ին, միջազգային համաժողով մը տեղի ունեցաւ Քինշասա մայրաքաղաքին մէջ եւ տարբեր երկիրներէ 32,000 պատուիրակներ քաղաքին սթատիումը լեցուցին։ Բայց ետքը վիճակները սկսան փոխուիլ։ Ի՞նչ պատահեցաւ։

29 Եղբայր Մարսէլ Ֆիլթօ՝ քանատացի միսիոնար մը,– որ Տիւփլեսիի վարչակարգին հալածանքին ենթարկուած էր եւ այդ ժամանակ կը ծառայէր Զայիրի մէջ,– կը պատմէ. «12 մարտ 1986–ին պատասխանատու եղբայրները ստացան նամակ մը, որ կ’ըսէր թէ Եհովայի վկաներուն կազմակերպութիւնը Զայիրի մէջ անօրէն է»։ Արգելքը ստորագրած էր երկրին նախագահը՝ Մոպութու Սէսէ Սէգօ։

30. Մասնաճիւղը ի՞նչ որոշումի առջեւ գտնուեցաւ, եւ ի՞նչ ընտրեց ընել։

30 Յաջորդ օրը ազգային ռատիոն յայտարարեց. «Զայիրի մէջ ա՛լ Եհովայի վկաներուն մասին պիտի չլսենք»։ Անմիջապէս հալածանքի ալիք մը բարձրացաւ։ Թագաւորութեան սրահները կործանուեցան եւ մեր եղբայրները կողոպտուեցան, ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան եւ ծեծուեցան։ Նոյնիսկ Վկաներուն զաւակները բանտարկուեցան։ 12 հոկտեմբեր 1988–ին, կառավարութիւնը մեր կազմակերպութեան ունեցուածքը գրաւեց, իսկ ոստիկանութիւնը՝ մեր մասնաճիւղը։ Պատասխանատու եղբայրները բողոքարկեցին նախագահ Մոպութուին, բայց պատասխան մը չստացան։ Այդ ժամանակ մասնաճիւղը դժուար որոշումի մը առջեւ գտնուեցաւ. «Բարձրագոյն ատեան դիմե՞լ թէ ոչ սպասել»։ Թիմըթի Հոլմզ, որ այդ ատեն միսիոնար էր եւ Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգող, ըսաւ. «Եհովայէն իմաստութիւն եւ ուղղութիւն խնդրեցինք»։ Աղօթքով հարցը կշռադատելէ ետք, մասնաճիւղը նկատեց թէ դատարաններ դիմելու ժամանակը չէ։ Փոխարէն, անոնք կեդրոնացան եղբայրութեան հոգատարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ քարոզչութիւնը շարունակելու կերպեր փնտռեցին։

«Այդ դատին ժամանակ տեսանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս վիճակները կրնայ փոխել»

31, 32. Զայիրի բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ աչքառու որոշում առաւ եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր եղբայրներուն վրայ։

31 Քանի մը տարի ետք, երկրին մէջ Վկաներուն վրայ ճնշումը թեթեւցաւ եւ մարդկային իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքը բարձրացաւ։ Մասնաճիւղը նկատեց թէ ժամանակն է Զայիրի բարձրագոյն ատեան դիմելու։ Ուշադրութեան արժանի է որ բարձրագոյն ատեանը ընդունեց դատը մտիկ ընել։ Ապա, 8 յունուար 1993–ին, արգելքը դրուելէն շուրջ 7 տարի ետք, ատեանը վճիռ մը արձակեց, ըսելով որ Վկաներուն դէմ կառավարութեան առած քայլերը անօրէն էին եւ արգելքը վերցուեցաւ։ Պահ մը մտածէ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէր։ Այս դատաւորները նախագահին որոշումը չեղեալ նկատելով՝ իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին։ Եղբայր Հոլմզ կ’ըսէ. «Այդ դատին ժամանակ տեսանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս վիճակները կրնայ փոխել» (Դան. 2։21)։ Այս յաղթանակը մեր եղբայրներուն հաւատքը ամրացուց։ Անոնք զգացին թէ Թագաւորը՝ Յիսուս, իր ժողովուրդը առաջնորդած էր որ գիտնան ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս գործի լծուիլ։

Երկու քրիստոնեայ քոյրեր Եհովայի վկաներու համաժողովի մը մէջ, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Վկաները ուրախ՝ պաշտամունքի ազատութեան համար

32 Արգելքը վերցուելէ ետք, մասնաճիւղը արտօնութիւն ստացաւ միսիոնարներ բերելու, նոր համալիրներ շինելու եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ներմուծելուg։ Աշխարհի տարածքին Աստուծոյ ծառաները որքա՜ն կ’ուրախանան տեսնելով որ Եհովան զիրենք ինչպէ՛ս հոգեւորապէս կը պաշտպանէ (Եսա. 52։10)։

«Տէրը իմ օգնականս է»

33. Այս քանի մը դատերը աչքէ անցընելէ ետք ի՞նչ կը սորվինք։

33 Մեր կարգ մը օրինական պայքարները վերաքաղ ընելը կը փաստէ թէ Յիսուս իր այս խոստումը կատարած է. «Ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները» (կարդա՛ Ղուկաս 21։12-15)։ Երբեմն, Եհովան հանած է արդի «Գամաղիէլ»ներ, որ իր ժողովուրդը պաշտպանեն կամ մղած է քաջ դատաւորներ ու փաստաբաններ, որ արդարութեան կողմը դիրք բռնեն։ Եհովան մեր հակառակորդներուն զէնքերը փշրած է (կարդա՛ Եսայի 54։17)։ Հակառակութիւնը չի՛ կրնար Աստուծոյ գործունէութիւնը կասեցնել։

34. Մեր օրինական յաղթանակները ինչո՞ւ ուշագրաւ են եւ ի՞նչ կը փաստեն (տես նաեւ «Օրինական ուշագրաւ յաղթանակներ, որոնք Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջ մղած են» շրջանակը)։

34 Մեր օրինական յաղթանակները ինչո՞ւ ուշագրաւ են։ Պահ մը մտածէ. Եհովայի վկաները երեւելի կամ ազդեցիկ մարդիկ չեն։ Մենք չենք քուէարկեր, քաղաքական արշաւներու չենք աջակցիր կամ քաղաքագէտներու վրայ ազդեցութիւն չենք բանեցներ։ Ասկէ զատ, այն Վկաները՝ որոնք բարձրագոյն ատեաններ կը տարուին, ընդհանրապէս «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» կը նկատուին (Գործք 4։13)։ Ուստի, մարդկային անկիւնէն դիտելով, դատարանները շատ քիչ պատճառներ ունին կրօնական եւ քաղաքական զօրեղ հակառակորդներու դէմ դատավճիռ արձակելու։ Այսուհանդերձ, անոնք կրկին անգամ մեզի ի նպաստ որոշումներ կայացուցած են։ Մեր օրինական յաղթանակները կը փաստեն, թէ Եհովային աչքը մեր վրայ է եւ մեզ Քրիստոսով կ’առաջնորդէ (Բ. Կոր. 2։17)։ Ուստի, Պօղոս առաքեալի պէս մենք ալ կ’ըսենք. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ» (Եբ. 13։6)։

a Նախադատ ատեանը առաջին անգամ դատ տեսնող ատեանն է. այսինքն այն դատարանը, որ ոստիկանական կեդրոններու եւ կամ հաշտարար դատաւորի իրաւասութենէն վեր եղող քաղաքային դատերը կը վարէ՝ կը լուծէ։

b Գէնթուէլ ընդդէմ Քոնեքթիքութ նահանգի դատը այն 43 դատերէն առաջինն էր որ եղբայր Հէյտըն Գավինկթըն Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեանին առջեւ ներկայացուց։ Ան մահացաւ 1978–ին։ Իր կինը՝ Տորոթին՝ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայեց, մինչեւ իր մահը 2015–ին, 92 տարեկանին։

c Այս ամբաստանութիւնը հիմնուած էր 1606–ի մէկ օրէնքին վրայ։ Անիկա թոյլ տուաւ երդուեալներուն, որ անհատը յանցաւոր նկատեն, եթէ զգան թէ անոր ըսածները կառավարութեան դէմ թշնամութիւն յառաջ կը մղեն,– նոյնիսկ եթէ անոր ըսածները ճշմարտութիւն են։

d 1950–ին, 164 լիաժամ ծառաներ կային Քեպէքի մէջ,– ներառեալ՝ Գաղաադի 63 շրջանաւարտներ, որոնք կամովին իրենց նշանակումը ընդունեցին, հակառակ անոր որ վայրագ հակառակութիւն կը սպասէր իրենց։

e Եղբայր Ու. Կլէն Հաու համարձակ եւ հմուտ փաստաբան մըն էր, որ 1943-2003 Քանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ Եհովայի վկաները ներկայացուց հարիւրաւոր օրինական պայքարներու մէջ։

f Այս դատին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս «Պատերազմը ձերը չէ, հապա՝ Աստուծոյ» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 22 ապրիլ 2000 թիւին մէջ, էջ 18-24։

g Ոստիկանութիւնը ի վերջոյ մեկնեցաւ մասնաճիւղէն։ Բայց նոր համալիրները շինուեցան ուրիշ վայրի մը մէջ։

Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար

  • Դատարանները ինչպէ՞ս հաստատեցին թէ մենք քարոզիչներ ենք եւ ոչ թէ կարգուկանոնը խանգարողներ, խռովութիւն հրահրողներ կամ շրջուն վաճառականներ։

  • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք անցեալի օրինական յաղթանակներէն։

  • Երբ մեր քարոզչութիւնը արգելքի տակ դրուի, ի՞նչ կ’ընենք։

  • Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, ինչո՞ւ աչքառու է որ Եհովայի ժողովուրդը շահած է բազմաթիւ ուշագրաւ դատեր։

  • Օրինական պայքարներուն վրայ խոկալը ինչպէ՞ս հաւատքդ ամրացուց։

Քրիստոնեայ զոյգ մը Սերպիոյ մէջ բարի լուրը կը քարոզեն կնոջ մը, անոր տան դրան առջեւ

Սթարա Բազովա, Սերպիա

ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋ ՄՂԱԾ ԵՆ

ՈՐՈՇՈՒՄ 11 նոյեմբեր 1927

ԵՐԿԻՐ Զուիցերիա

ՀԱՐՑԸ Դաւանանքի ազատութիւն։

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Ոստիկան մը եղբայր Ատոլֆ Հուպըրը կը կեցնէ քարոզած ժամանակ, պնդելով որ մեր եղբայրը կրօնական խաղաղութիւնը կը խանգարէ, եւ եղբօր աստուածաշնչական թերթիկները կը բռնագրաւէ։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Եղբայր Հուպըր ոստիկանութեան անօրէն արարքները կը բողոքարկէ բարձրագոյն ատեանին մօտ։ Դատարանը կը նկատէ թէ կրօնական թերթիկներու բռնագրաւումը «դաւանանքի ազատութեան» խախտում է։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Դատավճիռէն ետք ոստիկանութիւնը ա՛լ արգելք չհանդիսացաւ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ծառայութեան։

ՈՐՈՇՈՒՄ 9 յուլիս 1935

ԵՐԿԻՐ Ռումանիա

ՀԱՐՑԸ Խօսքի ազատութիւն։

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Վեց Վկաներ կը ձերբակալուին «կարգուկանոնին եւ նահանգին ապահովութեան դէմ» գրքեր բաշխելուն համար։ Անոնք 15 օրուան բանտարկութեան կը դատապարտուին։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Բարձրագոյն ատեանը կը նկատէ թէ Վկաները իրենց գործունէութիւնները խաղաղօրէն կը կատարեն, թէ իրենց հրատարակութիւնները կարգուկանոնը չեն խանգարեր եւ թէ իրաւունք ունին իրենց կարծիքը բաժնելու։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Այս վճիռը, ինչպէս նաեւ Վկաներուն առնչուող 530 դատերէ այլ դատավճիռներ, որոնք 1933-1939–ի միջեւ արձակուեցան, շնորհեցին սահմանադրական իրաւունքներ, որոնք թոյլ տուին եղբայրներուն որ շարունակեն քարոզել։ Ներկայիս, մեր եղբայրները ազատօրէն կը քարոզեն։

ՈՐՈՇՈՒՄ 17 մարտ 1953

ԵՐԿԻՐ Հոլանտա

ՀԱՐՑԸ Խօսքի եւ մամուլի ազատութիւն

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Եղբայր Փիթըր Հավընար կը ձերբակալուի կանոն մը խանգարելու յանցանքով։ Այդ կանոնին համաձայն կարելի է հրատարակութիւններ առաջարկել միայն երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը կ.ա. 9։00–11։00։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Բարձրագոյն ատեանը կը նկատէ թէ այս սահմանափակումը շատ մը հետեւանքներ ունի։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Այս որոշումը չեղեալ կը նկատէ որեւէ վճիռ, որ այն աստիճան կը սահմանափակէ տպուած հրատարակութիւններ առաջարկելու իրաւունքը, որ այդ գործունէութեան մասնակցիլը ա՛լ անկարելի կը դառնայ։

ՈՐՈՇՈՒՄ 6 հոկտեմբեր 1953

ԵՐԿԻՐ Քանատա

ՀԱՐՑԸ Պաշտամունքի եւ խօսքի ազատութիւն

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Քեպէք Սիթիին մէկ օրէնքը կ’արգիլէ առանց ոստիկանութեան արտօնութեան հրատարակութիւններ բաժնել։ Շրջագայող տեսուչ՝ եղբայր Լորիէ Սոմիւր երեք ամիս կը բանտարկուի այդ օրէնքը բեկանելուն համար։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Բարձրագոյն ատեանը կը նկատէ թէ այդ օրէնքը Վկաներուն կիրարկելը օրինական չէ։ Ատեանը կը գիտակցի թէ աստուածաշնչական տպուած պատգամներ հանրութեան բաժնելը Եհովայի վկաներուն պաշտամունքին մէկ մասն է, եւ սահմանադրութիւնը զայն գրաքննութենէ կը պաշտպանէ։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Այս վճիռէն ետք Քեպէք նահանգին մէջ այս օրէնքին առնչուող աւելի քան 1600 ամբաստանութիւններ չեղեալ կը նկատուին։

ՈՐՈՇՈՒՄ 13 յուլիս 1983

ԵՐԿԻՐ Սերպիա

ՀԱՐՑԸ Խօսքի եւ մամուլի ազատութիւն

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Երկու քոյրեր կը ձերբակալուին աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխելուն համար։ Անոնք կ’ամբաստանուին որպէս «կարգուկանոնը եւ խաղաղութիւնը խանգարողներ» եւ հինգ օր կը բանտարկուին։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Բարձրագոյն ատեանը օրէնքի բեկանում չի գտներ եւ կ’ըսէ թէ հիմ չկայ Վկաները մեղադրելու որպէս խաղաղութիւնը խանգարողներ։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Այս օրինական յաղթանակէն ետք, ձերբակալութիւնները եւ հրատարակութիւններ բռնագրաւելը կը նուազին։

ՈՐՈՇՈՒՄ 26 մայիս 1986

ԵՐԿԻՐ Թուրքիա

ՀԱՐՑԸ Դաւանանքի ազատութիւն

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Երեք Վկայ ընտանիքներ որպէս Եհովայի վկաներ իրենց կրօնական պատկանելիութիւնը արձանագրելու դիմելէ ետք, 23 եղբայրներ եւ քոյրեր կը բանտարկուին՝ ամբաստանուելով որ կը փորձեն ընկերային ու քաղաքական կարգուկանոնը խանգարել։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Բարձրագոյն ատեանը ամբաստանութիւնները չեղեալ կը նկատէ, Վկաները կ’արդարացնէ եւ Եհովայի վկաներուն դաւանանքի ազատութիւնը վեր կը բռնէ։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Այս վճիռը քրիստոնէական գործունէութեան համար եղած ձերբակալութիւնները կը դադրեցնէ եւ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեան կը նպաստէ։

ՈՐՈՇՈՒՄ 25 մայիս 1993

ԵՐԿԻՐ Յունաստան

ՀԱՐՑԸ Կրօնքը ճանչցնելու ազատութիւն

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ 1986–ին, 18–րդ անգամ ըլլալով, եղբայր Մինոս Քոքինաքիս կ’ամբաստանուի թէ հաւատափոխութեան հետամուտ է։ 1938-1992 հաւատափոխ ընելը արգիլող յունական օրէնքին հիման վրայ 19,000 Եհովայի վկաներ ձերբակալուեցան։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը կ’ըսէ թէ այդ օրէնքը կը խախտէ գաղափարի, խիղճի եւ կրօնքի ազատութիւնը եւ անարդարացի կերպով բախում կ’ունենայ կրօնքը ճանչցնելու ազատութեան հետ։ Ատեանը նաեւ կը հաստատէ թէ Եհովայի վկաները «ճանչցուած կրօնք» են։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Յունական կառավարութիւնը բոլոր օրինական հեղինակութիւններուն կը պատուիրէ Քոքինաքիս–ի վճիռը չբեկանել, եւ այսպիսով հաւատափոխութեան վերաբերեալ ամբաստանութիւններ կը վերացնէ։

ՈՐՈՇՈՒՄ 17 յունիս 2002

ԵՐԿԻՐ Միացեալ Նահանգներ

ՀԱՐՑԸ Խօսքի ազատութիւն

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ Օհայօ նահանգին Սդրէթըն գիւղաքաղաքին մէջ կ’արձակուի վճիռ մը, որ կ’ըսէ թէ ոեւէ անձ որ դռնէ դուռի գործունէութեան պիտի մասնակցի ,հարկ է որ արտօնագիր ստանայ։ Նախադատ եւ վերաքննիչ ատեանները կ’ըսեն թէ վճիռը սահմանադրական է։

ԴԱՏԱՎՃԻՌ Բարձրագոյն ատեանը կ’ըսէ թէ վճիռը օրէնքին հակառակ է եւ կը վերահաստատէ կրօնքը ազատօրէն գործադրելու իրաւունքը եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը։ Ատեանը կը նշէ թէ Վկաները բացատրեցին թէ «Աստուածաշունչը իրենց քարոզելու հեղինակութիւն կու տայ»։

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ Հարիւրաւոր քաղաքապետութիւններ Եհովայի վկաներուն ծառայութեան առնչուող նոյնանման վճիռներ կիրարկելէ կը դադրին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել