Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա18 Նոյեմբեր էջ 1-9
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 5-11
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 12-18
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 19-25
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 26–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
ժտա18 Նոյեմբեր էջ 1-9

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 5-11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 20-21

«Զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»

(Յովհաննէս 21։1-3) Ասկէ յետոյ Յիսուս նորէն ինքզինք իր աշակերտներուն յայտնեց Տիբերիայի ծովուն եզերքը։ Այսպէս յայտնեց։ 2 Մէկտեղ էին Սիմոն Պետրոս ու Թովմաս, Երկուորեակ կոչուածը եւ Նաթանայէլ, որ Գալիլիայի Կանա քաղաքէն էր ու Զեբեդէոսի որդիները եւ աշակերտներէն ուրիշ երկուք ալ։ 3 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Ըսին անոր. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ»։ Ելան եւ շուտ մը նաւը մտան։ Այն գիշերը բան մը չբռնեցին։

(Յովհաննէս 21։4-14) Առտուն, Յիսուս ծովուն եզերքը կայներ էր, բայց աշակերտները չճանչցան թէ Յիսուսն է։ 5 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Պատասխան տուին իրեն. «Ո՛չ»։ 6 Եւ ըսաւ անոնց. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել։ 7 Այն ատեն այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր ըսաւ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է»։ Իսկ Սիմոն Պետրոս, երբ լսեց թէ Տէրն է, վերարկուն վրան առաւ, վասն զի մերկ էր ու ծովը նետուեցաւ։ 8 Միւս աշակերտները նաւակով եկան, (վասն զի ցամաքէն հեռու չէին,) միայն երկու հարիւր կանգունի չափ, եւ ուռկանը ձուկերովը քաշեցին։ 9 Երբ ցամաքը ելան, հոն վառուած կրակ տեսան, վրան ձուկ դրուած եւ հաց։ 10 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։ 11 Սիմոն Պետրոս նաւը մտաւ եւ ուռկանը ցամաք քաշեց, հարիւր յիսուներեք խոշոր ձուկերով լեցուն. թէեւ այնչափ շատ բան կար, բայց ուռկանը չպատռուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոնց. 12 «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չէր համարձակեր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես». վասն զի գիտէին թէ Տէրն է։ 13 Այն ատեն Յիսուս եկաւ ու առաւ հացը եւ անոնց տուաւ, նոյնպէս ալ՝ ձուկը։ 14 Այս երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։

(Յովհաննէս 21։15-19, ՆԱ) Նախաճաշելէ ետք, Յիսուս Սիմոն Պետրոսին ըսաւ. «Սիմո՛ն, Յովհաննէսին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Ան ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես որ քեզի հանդէպ գուրգուրանք ունիմ»։ Ըսաւ անոր. «Կերակրէ՛ իմ գառնուկներս»։ 16 Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովհաննէսին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես որ քեզի հանդէպ գուրգուրանք ունիմ»։ Ըսաւ անոր. «Հովուէ՛ իմ պզտիկ ոչխարներս»։ 17 Երրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովհաննէսին որդին, ինծի հանդէպ գուրգուրանք ունի՞ս»։ Պետրոս տրտմեցաւ, որ երրորդ անգամ հարցուց իրեն՝ «Ինծի հանդէպ գուրգուրանք ունի՞ս», եւ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես որ քեզի հանդէպ գուրգուրանք ունիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Կերակրէ՛ իմ պզտիկ ոչխարներս։ 18 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ երբ երիտասարդ էիր, քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշը պիտի կապէ գօտիդ եւ պիտի տանի հոն՝ ուր դուն չես ուզեր երթալ»։ 19 Ասիկա ըսաւ ցոյց տալու համար, թէ ան ինչպիսի՛ մահով պիտի փառաւորէր Աստուած։ Ասիկա ըսելէ ետք, ըսաւ անոր. «Շարունակէ ինծի հետեւիլ»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 21։15, 17

Յիսուս Սիմոն Պետրոսին ըսաւ։ Յիսուսին եւ Պետրոսին միջեւ այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պետրոս Յիսուսը երեք անգամ ուրանալէն կարճ ժամանակ ետք։ Յիսուս երե՛ք անգամ Պետրոսին հարցուց որ իրեն հանդէպ ինչ կը զգար, ինչ որ ‘Պետրոսը տրտմեցուց’ (Յովհ. 21։17)։ Յովհաննէս 21։15-17–ի (ՆԱ) արձանագրութիւնը կը գործածէ երկու տարբեր յունարէն բայեր. a·ga·paʹo, որ կը թարգմանուի սիրել եւ phi·leʹo, որ կը թարգմանուի գուրգուրանք ունենալ։ Յիսուս երկու անգամ Պետրոսին հարցուց. ‘Զիս կը սիրե՞ս’։ Երկու անգամին ալ Պետրոս անկեղծօրէն հաստատեց, որ Յիսուսին հանդէպ «գուրգուրանք» ունէր։ Վերջաւորութեան Յիսուս հարցուց. «Ինծի հանդէպ գուրգուրանք ունի՞ս»։ Պետրոս նորէն ըսաւ որ իրեն հանդէպ գուրգուրանք ունէր։ Ամէն անգամ որ Պետրոս Յիսուսը կը վստահեցնէր որ զինք կը սիրէր, Յիսուս Պետրոսին կը շեշտէր, որ իր սէրն ու գուրգուրանքը պէտք էր որ զինք մղէին, որ հոգեւորապէս կերակրէր եւ ‘հովուէր’ իր աշակերտները։ Հոս Յիսուս անոնց մասին կը խօսի որպէս իր գառնուկները կամ «պզտիկ ոչխարները» (Յովհ. 21։16, 17 ՆԱ. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Յիսուս Պետրոսին առիթ տուաւ որ երեք անգամ հաստատէ իր սէրը եւ յետոյ իրեն վստահեցաւ ոչխարներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Այսպիսով Յիսուս Պետրոսին յստակ կերպով ցոյց տուաւ որ իրեն ներած էր զինք երեք անգամ ուրանալուն համար,– կէտ մը՝ որուն նկատմամբ Պետրոս կը կասկածէր։

զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս։ Քերականօրէն, «ատոնցմէ աւելի» արտայայտութիւնը կրնայ մէկէ աւելի կերպերով հասկցուիլ։ Կարգ մը ուսումնականներ կը նախընտրեն որ այս արտայայտութիւնը այսպէս թարգմանուի. «ինծի հանդէպ սէրդ աւելի՞ է այս միւս աշակերտներուն հանդէպ սէրէդ» կամ «այս միւս աշակերտներէն աւելի՞ կը սիրես զիս»։ Բայց հաւանաբար ճիշդ իմաստն է «զիս այս բաներէն աւելի կը սիրե՞ս», այսինքն՝ այն ձուկերէն, որոնք որսացած էին կամ այն բաներէն, որոնք կապ ունէին ձկնորսութեան հետ։ Ուրեմն այնպէս կ’երեւի, որ այս համարին ընդհանուր գաղափարը այս է. ‘Զիս նիւթական բաներէն կամ հետապնդումներէն աւելի կը սիրե՞ս։ Եթէ այո, ուրեմն կերակրէ իմ գառնուկներս’։ Եթէ ի մտի ունենանք Պետրոսին անցեալը, կը տեսնենք որ Յիսուսին այս հարցումը տեղին էր։ Հակառակ անոր որ Պետրոս Յիսուսին առաջին աշակերտներէն էր (Յովհ. 1։35-42), ան անմիջապէս Յիսուսին լիաժամ հետեւորդը չդարձաւ, հապա ձկնորսութեան վերադարձաւ։ Քանի մը ամիս ետք, Յիսուս Պետրոսը հրաւիրեց, որ այս հսկայ, ժամանակ վատնող գործը ձգէ եւ «մարդոց որսորդ» ըլլայ (Մատ. 4։18-20. Ղուկ. 5։1-11)։ Նորէն, Յիսուսի մահէն կարճ ժամանակ ետք, Պետրոս ըսաւ որ ձուկ որսալու կ’երթար եւ միւս առաքեալները իրեն հետ գացին (Յովհ. 21։2, 3)։ Ուրեմն այնպէս կ’երեւի որ հոս Յիսուս կ’ուզէր Պետրոսին ուշադրութեան յանձնել, որ պէտք էր որ հաստատ որոշում առնէր. իր կեանքին մէջ առաջին տեղը պիտի դնէր ձկնորսութի՞ւնը,– որ կը ներկայացուէր իրենց առջեւ դիզուած ձուկերով,– թէ ոչ Յիսուսին գառնուկները (կամ հետեւորդները) հոգեւորապէս կերակրելու գործը (Յովհ. 21։4-8)։

երրորդ անգամ։ Պետրոս իր Տէրը երեք անգամ ուրացած էր. իսկ հիմա Յիսուս իրեն առիթ տուաւ, որ երեք անգամ հաստատէ որ զինք կը սիրէ։ Մինչ Պետրոս իր սէրը կը հաստատէր, Յիսուս իրեն ըսաւ, որ իր այդ սէրն ու գուրգուրանքը ցոյց տայ՝ սուրբ ծառայութիւնը ամէն բանէ առաջ դասելով։ Ուրիշ պատասխանատու եղբայրներու հետ մէկտեղ, Պետրոս Քրիստոսին հօտը,– հաւատարիմ հետեւորդները,– պիտի կերակրէր, զօրացնէր եւ հովուէր։ Ճիշդ է որ անոնք օծեալներ էին, բայց դեռ պէտք ունէին հոգեւորապէս կերակրուելու (Ղուկ. 22։32)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յովհաննէս 20։17) Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի մի՛ դպչիր, վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 20։17

Ինծի մի՛ դպչիր։ Յունարէն բայը (haʹpto·mai) կրնայ նշանակել կա՛մ «դպչիլ» կամ ալ «կառչիլ»։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Յիսուսին այս խօսքը կը թարգմանէ՝ «Ինծի մի՛ կառչիր»։ Յիսուս հոս Մարիամ Մագդաղենացիին պարզապէս չէր ըսեր որ իրեն չդպչէր. քանի որ արգելք չունէր որ ուրիշ կիներ իր ‘ոտքերը բռնէին’, երբ զինք տեսան իր յարութենէն ետք (Մատ. 28։9)։ Այնպէս կ’երեւի, որ Մարիամ Մագդաղենացին կը վախնար որ Յիսուս երկինք համբառնայ։ Ան շատ կ’ուզէր իր Տիրոջ հետ ըլլալ, անոր համար Յիսուսին կառչած էր եւ չէր ձգեր որ երթայ։ Մարիամը վստահեցնելու համար որ դեռ պիտի չերթար, Յիսուս անոր ըսաւ որ իրեն չկառչի, հապա աշակերտներուն քով երթայ եւ տեղեկացնէ որ յարութիւն առած է։

(Յովհաննէս 20։28) Եւ Թովմաս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 20։28

Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս։ Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն, որ այս արտայայտութիւնը հիացմունքի բացագանչութիւն մըն է, որ Յիսուսին ըսուեցաւ, բայց իրականութեան մէջ ուղղուած էր Աստուծոյ՝ իր Հօր։ Ուրիշներ կ’ըսեն, որ յունարէն բնագիրը կը պահանջէ, որ այս բառերը նկատուին որպէս թէ Յիսուսին կ’ուղղուին։ Նոյնիսկ եթէ այս է պարագան, «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս» արտայայտութիւնը լաւագոյն կերպով կը հասկնանք, երբ ատիկա համեմատենք Աստուածաշունչի մնացեալ ներշնչուած գրութիւններուն բովանդակութեան հետ։ Քանի՛ որ արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս ասկէ առաջ իր աշակերտներուն ըսած էր. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով», պատճառ մը չկայ հաւատալու որ Թովմաս կը կարծէր, թէ Յիսուս ամենակալ Աստուածն է։ Թովմաս լսած էր Յիսուսին աղօթքը որ իր ‘Հօր’ ուղղուած էր եւ որուն մէջ անոր կ’ակնարկէր որպէս «միմիայն ճշմարիտ Աստուածը» (Յովհ. 17։1-3)։ Ուրեմն թերեւս Թովմաս Յիսուսին «իմ Աստուածս» ըսաւ հետեւեալ պատճառներով. ան Յիսուսը աստուած մը նկատեց, բայց ոչ ամենակալ Աստուածը (տե՛ս Յովհաննէս 1։1–ի սերտելու նոթը)։ Կամ ալ թերեւս Յիսուսին հետ խօսեցաւ այնպէ՛ս՝ ինչպէս Աստուծոյ ծառաները անցեալին կը խօսէին Եհովային հրեշտակային պատգամաւորներուն հետ,– ինչպէս որ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած է։ Թովմաս ծանօթ ըլլալու էր այն արձանագրութիւններուն, ուր անհատներ,– կամ երբեմն Աստուածաշունչի այդ արձանագրութիւնը գրողը,– հրեշտակային պատգամաւորի մը կը պատասխանէին կամ անոր մասին կը խօսէին այնպիսի կերպով մը, որ կարծես ան Եհովա Աստուած ըլլար (համեմատէ՛ Ծննդոց 16։7-11–ին, 13–ին, 18։1-5–ին, 22-33–ին, 32։24-30–ին, Դատաւորաց 6։11-15–ին եւ 13։20-22–ին հետ)։ Ուրեմն, թերեւս Թովմաս ա՛յս առումով Յիսուսը «իմ Աստուածս» կոչեց՝ ընդունելով որ Յիսուս ճշմարիտ Աստուծոյ ներկայացուցիչը եւ խօսնակն է։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 12-18

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 1-3

«Սուրբ հոգին կը թափուի քրիստոնէական ժողովքին վրայ»

(Գործք 2։1-8) Երբ Պէնտէկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան մէկտեղ էին։ 2 Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին 3 եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ 4 Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար։ 5 Երուսաղէմի մէջ բնակող Հրեաներ կային՝ աստուածավախ մարդիկ՝ երկնքի տակ եղած բոլոր ազգերէն ժողվուած, 6 երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը մէկտեղ եկաւ ու խռովեցաւ, վասն զի կը լսէին որ անոնք իրենց ամէն մէկուն լեզուովը կը խօսէին։ 7 Ամէնքն ալ կը սքանչանային ու կը զարմանային եւ իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ ահա ասոնք ամէնքն ալ որ կը խօսին, Գալիլիացի են. 8 Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք մենք մեր ամէն մէկ լեզուովը՝ որուն մէջ ծնած ենք»։

(Գործք 2։14) Բայց Պետրոս ելաւ տասնըմէկին հետ մէկտեղ ձայնը վերցուց ու խօսեցաւ անոնց. «Ո՛վ Հրեայ մարդիկ եւ դուք ամէնքդ որ Երուսաղէմ կը բնակիք, այս ձեզի յայտնի ըլլայ ու ականջ դրէք իմ խօսքերուս»։

(Գործք 2։37, 38) Երբ ասիկա լսեցին, իրենց սրտերուն մէջ զղջացին եւ ըսին Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն. «Մարդիկ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»։ 38 Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։

(Գործք 2։41) Անոնք որոնք սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան։

(Գործք 2։42-47) Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին։ 43 Ամէն մարդու վրայ վախ ինկաւ եւ առաքեալներուն ձեռքով շատ հրաշքներ ու նշաններ գործուեցան։ 44 Բոլոր հաւատացեալները մէկտեղ էին եւ ամէն բաներնին հասարակաց էր։ 45 Ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար։ 46 Ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին եւ տուներնին հաց կը կտրէին ու կերակուրնին կ’ուտէին ուրախութեամբ եւ սրտի միամտութեամբ։ 47 Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին։ Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին։

w86 12/1 էջ 29 պարբ. 4-5, 7

Նուիրատուութիւններ՝ որոնք սիրտ կ’ուրախացնեն

Քրիստոնէական ժողովքին ծնունդին առաջին օրը Ք.Ե. 33–ին, 3000 մկրտուած նորադարձներ «միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին»։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի կարենային իրենց նոր հաւատքը զօրացնել՝ ‘առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն ըլլալով’ (Գործք 2։41, 42)։

Հրեաներ ու նորահաւատներ Երուսաղէմ եկած էին եւ ծրագրած էին հոն մնալ միայն Պէնտէկոստէի ժամանակ։ Բայց անոնք՝ որոնք քրիստոնեաներ դարձան, ուզեցին աւելի երկար ժամանակ Երուսաղէմ մնալ եւ աւելի գիտութիւն առնել, որ իրենց նոր հաւատքը զօրացնեն։ Ասիկա բնակարան եւ ուտելիք ապահովելու անմիջական կարիք ստեղծեց։ Երուսաղէմ այցելողներէն ոմանք բաւարար դրամ չէին բերած իրենց հետ, իսկ ուրիշներ աւելորդ դրամ ունէին։ Անոր համար, որոշ ատենի մը համար, նիւթական բաները բաժնուեցան առաջին դարու քրիստոնեաներուն միջեւ (Գործք 2։43-47)։

Քրիստոնեաները կամաւորաբար իրենց կալուածները կը ծախէին եւ իրենց ունեցածը իրենց հաւատակիցներուն հետ կը բաժնէին։ Ծախելն ու նուիրատուութիւն ընելը ստիպողական չէր, ոչ ալ աղքատութիւն կը քաջալերէր։ Հոս գաղափարը ատիկա չէ որ հարուստ քրիստոնեաները իրենց ամբողջ ունեցածը ծախեցին եւ աղքատացան։ Հապա անոնք կարեկցեցան իրենց հաւատակիցներուն եւ մղուեցան իրենց ունեցածը ծախելու եւ գումարը նուիրելու, որ պէտք եղածը հայթայթուի Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար (համեմատէ՛ Բ. Կորնթացիս 8։12-15–ին հետ)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 3։15) Բայց կենաց Առաջնորդը սպաննեցիք, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, որուն մենք վկայ ենք։

it-2 էջ 61 պարբ. 1

Յիսուս Քրիստոս

«Կենաց Առաջնորդ»։ Իր Հօր շնորհքը արտայայտելով, Յիսուս Քրիստոս իր մարդկային կատարեալ կեանքը զոհեց։ Ասիկա կարելի դարձուց, որ Քրիստոսի ընտրուած հետեւորդները իրեն միանան իր երկնային իշխանութեան մէջ եւ մարդիկ երկրի վրայ ապրին անոր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ (Մատ. 6։10. Յովհ. 3։16. Եփ. 1։7. Եբ. 2։5)։ Այսպէս Յիսուս դարձաւ «կենաց Առաջնորդը» ամբողջ մարդկութեան համար (Գործք 3։15)։ Հոս գործածուած յունարէն արտայայտութիւնը հիմնականօրէն կը նշանակէ «գլխաւոր առաջնորդ», եւ անիկա կապ ունի «իշխան» բառին հետ, որ կը կիրարկուի այն դերին որ Մովսէս ունէր իսրայէլ ազգին մէջ (Գործք 7։27, 35)։

(Գործք 3։19, 20) «Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. 20 Որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն»։

cl էջ 265 պարբ. 14

Աստուած մը որ ‘ներելու պատրաստ’ է

14 Եհովային ներողամտութիւնը աւելի կը նկարագրուի Գործք 3։19–ին մէջ. «Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի»։ Համարին վերջին արտայայտութիւնը թարգմանուած է յունարէն բայէ մը, որ կրնայ նշանակել «սրբել», «ջնջել» կամ «կործանել»։ Կարգ մը ուսումնականներու համաձայն, հոս ձեռագիր մը ջնջելու գաղափարը կայ։ Ձեռագիր մը ինչպէ՞ս կարելի էր որ ջնջուէր։ Հին օրերուն գործածուած գրելու հեղուկը բնածուխի, խէժի եւ ջուրի խառնուրդ մըն էր։ Անով գրելէ ետք, անհատ մը կրնար թաց սպունգ մը առնել եւ գրութիւնը ջնջել։ Այս գեղեցիկ նկարագրութեան մէջ կը տեսնենք Եհովային ողորմութիւնը։ Երբ Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ, կարծես թէ սպունգ մը կ’առնէ եւ ատոնք կը ջնջէ։

Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան եղիր

Դասախօսութիւն

it-1 էջ129 պարբ. 2-3

Առաքեալ

Ո՞վ Յուդա Իսկարիովտացին փոխարինեց որպէս տասներկրորդ առաքեալ

Յուդա Իսկարիովտացին յանցանք գործելէ եւ անհաւատարմաբար մեռնելէ ետք, միայն 11 առաքեալներ մնացին։ Եւ այն 40 օրերուն ընթացքին երբ Յիսուս երկրի վրայ էր իր յարութենէն ետք, ան Յուդան ուրիշ անհատով մը փոխարինելու քայլը չառաւ։ Յիսուսի երկինք համբառնալէն մինչեւ Պէնտէկոստէի օրը,– այդ 10 օրերուն ընթացքին,– առաքեալները անհրաժեշտ գտան, որ ուրիշ մէկը ընտրուի որ Յուդային տեղը առնէ՝ ոչ թէ պարզապէս քանի որ Յուդան մեռած էր, հապա քանի որ ան յանցանք գործած էր,– ինչպէս որ Պետրոսին մէջբերած համարները կը նշեն (Գործք 1։15-22. Սաղ. 69։25. 109։8. համեմատէ Յայտնութիւն 3։11–ին հետ)։ Եւ Յուդային հակառակը, երբ հաւատարիմ Յակոբոս առաքեալը սպաննուեցաւ, չկայ արձանագրութիւն մը, որ կ’ըսէ թէ առաքեալները սկսան մտածել թէ ո՛վ Յակոբոսին տեղը առաքեալ պիտի նշանակուէր (Գործք 12։2)։

Պետրոսին խօսքերէն յստակ կը դառնայ, թէ որեւէ առաքեալ որ Յուդային տեղ Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը պիտի դառնար, պէտք էր որ անձնապէս Յիսուսին հետ խօսած ըլլար եւ ականատես ըլլար անոր գործերուն ու հրաշքներուն եւ մասնաւորաբար անոր յարութեան։ Հետեւաբար յստակ է, որ ժամանակի ընթացքին անկարելի պիտի ըլլար, որ առաքեալ մը փոխարինուէր ուրիշ անհատով, բացի եթէ Եհովան միջամտէր եւ այս որակումները հրաշալիօրէն մէկու մը տար։ Բայց Պէնտէկոստէին նախորդող ժամանակամիջոցին, կայի՛ն տղամարդիկ, որոնք այս որակումները կը գոհացնէին, եւ երկու տղամարդիկ առաջարկուեցան որ անհաւատարիմ Յուդան փոխարինեն։ Անշուշտ հաշուի առնելով Առակաց 16։33–ը, վիճակ ձգուեցաւ ու Մատաթիան ընտրուեցաւ եւ անկէ ետք «տասնմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ» (Գործք 1։23-26)։ Ուրեմն Մատաթիան պարփակուած է այն «տասներկուքին» մէջ, որոնք յունախօս աշակերտներուն առնչուող խնդիրը լուծեցին (Գործք 6։1, 2)։ Իսկ երբ Ա. Կորնթացիս 15։4-8–ին մէջ Պօղոս կը խօսի անոնց մասին, որոնց Յիսուս երեւցաւ իր յարութենէն ետք, բացայայտ է որ ան Մատաթիան կը պարփակէ «տասներկուքին» մէջ։ Ուրեմն, Պէնտէկոստէի օրը 12 առաքեալները եղան այն հիմերը, որոնց վրայ հոգեւոր իսրայէլը կրնար հաստատուիլ։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 19-25

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 4-5

«Անոնք շարունակեցին Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ քարոզել»

(Գործք 4։5-13) Հետեւեալ օրը մէկտեղ հաւաքուեցան անոնց իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները Երուսաղէմի մէջ, 6 նաեւ Աննա Քահանայապետն ու Կայիափան եւ Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ այն ամէնքը, որ քահանայապետի ցեղէ էին։ 7 Զանոնք մէջտեղը կայնեցուցած՝ կը հարցնէին. «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը»։ 8 Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ ծերեր, 9 եթէ մենք այսօր տկար մարդու մը եղած բարիքին համար կը քննուինք, թէ ի՞նչ միջոցով անիկա բժշկուեցաւ, 10 յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։ 11 Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։ 12 Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ 13 Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին։

w08 9/1 էջ 15, շրջանակ

Բերանացի պատմութիւններ կը դառնան սրբազան գրութիւններ. Գրութիւնն ու առաջին դարու քրիստոնեաները

Առաքեալները անո՞ւս էին

Երբ Երուսաղէմի իշխաններն ու ծերերը ‘Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայեցան եւ հասկցան որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան’ (Գործք 4։13)։ Առաքեալները իրապէ՞ս տգէտ կամ անուս էին։ Այս խօսքին նկատմամբ, Աստուածաշունչ մը կ’ըսէ. «Այս երկու բառերը հաւանաբար բառացիօրէն պէտք չէ հասկցուին, կարծես Պետրոս [եւ Յովհաննէս] ուսում չէին առած եւ գրել–կարդալ չէին գիտեր։ Ատոնք պարզապէս կը շեշտեն, որ մեծ տարբերութիւն կար առաքեալներուն եւ զիրենք դատողներուն միջեւ» (The New Interpreter’s Bible)։

դ08 5/1 էջ 11 պարբ. 1

Գործք գիրքէն աչքառու կէտեր

4։13—Պետրոս ու Յովհաննէս անո՞ւս էին։ Ո՛չ։ Անոնք «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» կոչուեցան, քանի որ կրօնական մարզում հայթայթող րաբունական դպրոցներ չէին յաճախած։

(Գործք 4։18-20) Զանոնք կանչելով՝ պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսին անունով։ 19 Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ 20 Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։

(Գործք 4։23-31) Եւ անկէ արձակուելով՝ իրենց խումբին քով գացին ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ ծերերը իրենց ըսած էին։ 24 Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր, 25 որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին. 26 Երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։ 27 Քանզի արդարեւ [այս քաղաքին մէջ] հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ, 28 ըրին ինչ որ քու ձեռքդ եւ խորհուրդդ սահմանեց առաջուընէ, որ ըլլայ։ 29 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք, 30 քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։ 31 Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։

it-1 էջ 128 պարբ. 3

Առաքեալ

Քրիստոնէական ժողովքին մէջ գործունէութիւն։ Պէնտէկոստէին, առաքեալներուն վրայ Աստուծոյ սուրբ հոգիին թափուիլը զիրենք մեծապէս զօրացուց։ Գործք Առաքելոց գրքին առաջին հինգ գլուխներուն մէջ կը տեսնենք, որ առաքեալները քաջութեամբ ու համարձակութեամբ բարի լուրը եւ Յիսուսին յարութիւնը ծանուցանեցին՝ հակառակ անոր որ իշխանները զիրենք բանտարկեցին, ծեծեցին եւ իրենց կեանքին սպառնացին։ Պէնտէկոստէին յաջորդող քանի մը օրերուն, առաքեալները սուրբ հոգիին զօրութեան ներքեւ եռանդուն կերպով առաջնորդութիւն առին. որպէս արդիւնք՝ քրիստոնէական ժողովքը ընդարձակուեցաւ (Գործք 2։41. 4։4)։ Առաքեալները նախ ծառայեցին միայն Երուսաղէմի, յետոյ Սամարիայի եւ ժամանակի ընթացքին այդ ատեն ճանչցուած ամբողջ աշխարհին մէջ (Գործք 5։42. 6։7. 8։5-17, 25. 1։8)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 4։11) Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։

it-1 էջ 514 պարբ. 4

Անկիւնաքար

Սաղմոս 118։22–ը կ’ըսէ թէ այն քարը, որ շինողները անարգեցին, «անկիւնին գլուխը» եղաւ (եբրայերէնով՝ roʼsh pin·nahʹ)։ Յիսուս այս մարգարէութիւնը մէջբերեց եւ իրեն կիրարկեց որպէս «անկիւնին գլուխը» կամ «անկիւնաքարը» (ԱԾ) (յունարէնով՝ ke·pha·leʹ go·niʹas, անկիւնի գլուխ) (Մատ. 21։42. Մար. 12։10, 11. Ղուկ. 20։17)։ Ճիշդ ինչպէս որ կառոյցի մը ամէնէն վերի քարը շատ աչքառու է տեսնել, նոյնպէս ալ Յիսուս Քրիստոս անկիւնի վէմն է օծեալներէ բաղկացած քրիստոնէական ժողովքին, որ կը նմանցուի հոգեւոր տաճարի։ Պետրոսն ալ Սաղմոս 118։22–ը կիրարկեց Քրիստոսին, ցոյց տալով որ ան «այն քարն» էր, որ մարդիկ մերժեցին, բայց Աստուած ընտրեց որ «անկիւնին գլուխը» ըլլայ (Գործք 4։8-12. տե՛ս Ա. Պետրոս 2։4-7)։

(Գործք 5։1) Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրային հետ ստացուածք մը ծախեց։

դ13 3/1 էջ 15 պարբ. 4

Պետրոսն ու Անանիան սուտ խօսեցան. ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ

Անանիան եւ իր կինը հողամաս մը կը ծախեն, որպէսզի դրամ ունենան նոր մկրտուած անհատներուն օգնելու։ Երբ Անանիան առաքեալներուն կու տայ դրամը, կ’ըսէ թէ իր տուածը հողամասին լման գինն է։ Բայց այդպէս չէ։ Ան դրամէն մաս մը իրեն կը պահէ։ Աստուած այս բանը Պետրոսին կը գիտցնէ։ Պետրոս ալ Անանիային կ’ըսէ. «Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ Ասոր վրայ, Անանիան գետին կ’իյնայ ու կը մեռնի։ Գրեթէ երեք ժամ վերջ, կինը ներս կը մտնէ։ Չգիտնալով թէ իր ամուսինին ի՛նչ եղած է, Սափիրան ալ սուտ կը խօսի եւ գետին իյնալով կը մեռնի։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 26–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳՈՐԾՔ 6-8

«Քրիստոնէական նոր ժողովքը կը փորձուի»

(Գործք 6։1) Այն օրերը երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ, վասն զի իրենց որբեւայրիները ամէն օրուան ողորմութեան [«մթերքի», ՆԱ] մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային։

bt էջ 41 պարբ. 17

«Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է»

17 Նորակազմ ժողովքը ծածուկ վտանգի մը առջեւ գտնուեցաւ, որ ներսէն իրեն կը սպառնար։ Ի՞նչ էր այդ վտանգը։ Մկրտուած աշակերտներէն շատեր Երուսաղէմէն չէին. անոնք ուզեցին որոշ ժամանակ հոն մնալ, որ իրենց գիտելիքները աւելցնեն։ Երուսաղէմի մէջ ապրող աշակերտները յօժարաբար դրամ նուիրեցին՝ անոնց ուտելիք եւ այլ պէտքեր ապահովելու համար (Գործք 2։44-46. 4։34-37)։ Այն ատեն է որ խրթին պարագայ մը ծագեցաւ։ Յունախօս հրեաներու «որբեւայրիները ամէն օրուան ողորմութեան [«մթերքի», ՆԱ] մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային» (Գործք 6։1)։ Բայց եբրայախօս որբեւայրիները անտես չէին ըլլար։ Ուրեմն յստակ էր, որ ոմանք խտրութիւն կը դնէին հաւատակիցներու միջեւ։ Եւ խտրականութիւնը բաժանում կը պատճառէ եւ ժողովքին միութեան կը սպառնայ։

(Գործք 6։2-7) Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել։ 3 Ուստի, եղբա՛յրներ, ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք 4 եւ մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։ 5 Այս խօսքը բոլոր բազմութեան առջեւ հաճոյ երեւցաւ. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին։ 6 Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։ 7 Եւ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին։

bt էջ 42 պարբ. 18

«Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է»

18 Առաքեալները,– որոնք ծառայեցին որպէս կառավարիչ մարմին երթալով աճող ժողովքին մէջ,– գիտակցեցան որ իմաստութիւն չէր «Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել» (Գործք 6։2)։ Խնդիրը լուծելու համար, անոնք աշակերտներուն ուղղութիւն տուին որ փնտռեն եօթը տղամարդիկ՝ «Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն», որոնք առաքեալներուն կողմէ պիտի նշանակուէին այդ կարեւոր «գործին» վրայ (Գործք 6։3)։ Որակեալ տղամարդոց կարիքը կար, քանի որ այդ գործը հաւանաբար ուտելիք բաժնելէ զատ կը պարփակէր դրամը ինչպէս ծախսել, գնումներ ընել եւ ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահել։ Ընտրուած տղամարդիկը բոլորն ալ յունարէն անուններ ունէին, ինչ որ թերեւս ձգեց որ վիրաւորուած որբեւայրիները ընդունին անոնց առաջնորդութիւնը։ Առաքեալները աշակերտներուն յանձնարարութիւնը աղօթքի հոգիով նկատի առնելէ ետք, նշանակեցին այդ եօթն որ այդ կարեւոր «գործին» հոգ տանին։

(Գործք 7։57–8։1) Ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զանիկա եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ Սօղոս կ’ըսուէր։ 58 Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ’ընէր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»։ 59 Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց». այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։

8 Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գործք 6։15) Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան։

bt էջ 45 պարբ. 2

Ստեփանոս՝ «շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն» տղամարդ մը

2 Դատաւորները կը նկատեն որ Ստեփանոսին երեսը «հրեշտակի պէս» է (Գործք 6։15)։ Հրեշտակները Եհովա Աստուծոյ կողմէ պատգամներ կը հաղորդեն, ուրեմն ամէն պատճառ ունին որ անվախ, հանդարտ եւ խաղաղ ըլլան։ Նոյնն է պարագան Ստեփանոսին եւ ատիկա կրնան տեսնել նոյնիսկ ատելութեամբ լեցուն այդ դատաւորները։ Ստեփանոս ինչպէ՞ս կրնայ այսքան հանդարտ ըլլալ։

(Գործք 8։26-31ա) Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ’իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է»։ 27 Ան ալ ելաւ գնաց։ Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու. 28 Անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ 29 Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։ 30 Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ 31 Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։

bt էջ 58 պարբ. 16

«Յիսուսին մասին բարի լուրը» քարոզել

16 Ներկայիս քրիստոնեաները առանձնաշնորհում ունին մասնակցելու գործի մը, որ Փիլիպպոսին կատարած գործին կը նմանի։ Անոնք շատ անգամ կրնան Թագաւորութեան պատգամը անպաշտօն կերպով ներկայացնել, օրինակ՝ ճամբորդելու ատեն։ Շատ մը պարագաներու, յստակ կը դառնայ որ ազնուասիրտ անհատի մը հետ իրենց հանդիպումը պատահական չէ։ Ասիկա պէ՛տք է ակնկալենք, քանի որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ, որ հրեշտակները կ’առաջնորդեն քարոզչութիւնը, որպէսզի պատգամը հասնի «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտ. 14։6)։ Յիսուս ինք մարգարէացաւ որ քարոզչութիւնը հրեշտակային առաջնորդութեամբ պիտի կատարուէր։ Որոմին առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ հունձքի,– այսինքն աշխարհին վախճանին,– ատեն, «հնձողները հրեշտակներն են»։ Ան աւելցուց ըսելով որ այս հոգեղէն արարածները ‘պիտի ժողվէին անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործէին’ (Մատ. 13։37-41)։ Միեւնոյն ատեն հրեշտակները պիտի հաւաքէին Թագաւորութեան երկնային ժառանգորդներ եւ յետագային «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»,– որոնք Եհովան կ’ուզէ իր կազմակերպութեան քաշել (Յայտ. 7։9. Յովհ. 6։44, 66. 10։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել