Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծոյ Խօսքը կարդայ եւ ճշմարտութեամբ իրեն ծառայէ
    Դիտարան 1996 | Օգոստոս 1
    • 5. Եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը կ’ուզենք գտնել, ի՞նչ բանի կարիքը ունինք։

      5 Աստուծոյ ճշմարտութիւնը անգին գանձ մըն է։ Զայն գտնելու համար պէտք է փորել, անվերջ Աստուածաշունչը հետազօտել։ Մեծ Ուսուցիչին մանկանման աշակերտները ըլլալով է որ միայն կրնանք իմաստութիւն ստանալ եւ Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունենալ։ (Առակաց 1։7. Եսայեայ 30։20, 21) Անշուշտ, Սուրբ Գրքէն փաստեր պէտք է ունենանք։ (Ա. Պետրոս 2։1, 2) Բերիայի Հրեաները «Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները [Պօղոսի ըսածները] ճի՞շդ են»։—Գործք 17։10, 11

  • Աստուծոյ Խօսքը կարդայ եւ ճշմարտութեամբ իրեն ծառայէ
    Դիտարան 1996 | Օգոստոս 1
    • 7. Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ աճելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ եւ ի՛նչու։

      7 Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ ուրճանալու համար, Աստուծոյ հոգիին, կամ գործօն ուժին կարիքը ունինք։ «Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ», որպէսզի անոնց իմաստը երեւան հանէ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաները իրենց լսած որեւէ մարգարէութիւն ‘կը փորձէին’, կամ կը ստուգէին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։20, 21) Երբ Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն գրեց շուրջ (Հ.Դ. 50–ին), այն ատեն Յունարէն Գրութիւններէն միայն Մատթէոսի Աւետարանը գրուած էր։ Ուստի, Թեսաղոնիկեցիները եւ Բերիացիները ամէն բան կրնային ստուգել, հաւանաբար Եբրայերէն Գրութիւններու Եօթանասնից թարգմանութիւնը քննելով։ Անոնք պէտք ունէին Սուրբ Գրութիւնները կարդալու եւ ուսումնասիրելու, ինչպէս՝ մենք։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել