Կայսերական պահակախումբը վկայութիւն կը ստանայ
Ք.Ե. 59–ին, Յուլիոս հարիւրապետին եւ ճամբորդութենէ յոգնած իր զինուորներուն հսկողութեան ներքեւ, խումբ մը բանտարկեալներ Քաբենա կոչուած մուտքէն Հռոմ կը մտնեն։ Անոնք կրնան տեսնել Փալատին բլուրին վրայ Ներոնին պալատը, որ կը պաշտպանուի Կայսերական պահակախումբին կողմէ, որոնք իրենց բողոնին տակ իրենց սուրերը կը պահենa։ Բանտարկեալները Հռոմի հրապարակին քովէն անցնելով Վիմինալ բլուրը կը բարձրանան։ Հռոմէական չաստուածներու զոհասեղաններով զեղուն պարտէզի մը քովէն կ’անցնին, ապա՝ ընդարձակ շրջանէ մը, որ զինուորական մարզումի եւ զօրահանդէսի համար կը գործածուի։
Կայսերական պահակներու ցայտաքանդակը, որ կը կարծուի թէ Կղօդիոսի կամարէն է, շինուած՝ Ք.Ե. 51–ին
Այդ բանտարկեալներէն մէկը Պօղոս առաքեալն է։ Ժամանակ մը առաջ, ծովուն վրայ փոթորկալից օրուան մը ընթացքին, հրեշտակ մը իրեն ըսած էր. «Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես» (Գործք 27։24)։ Թերեւս Պօղոսի միտքէն կ’անցնի, թէ արդեօք այս խօսքը շուտով պիտի իրականանա՛յ։ Մինչ քաղաքը կը դիտէ, հաւանաբար կը յիշէ տարիներ առաջ Անդոնիայի ամրոցին մէջ Յիսուսի սա խօսքը. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես» (Գործք 23։10, 11)։
Կրնայ ըլլալ որ Պօղոս կը նայի Կայսերական բանակատեղիին, որ կը կոչուի Քասթրա Փրեթորիա։ Ասիկա հսկայ բերդ մըն է, կարմիր բարձր պատերով եւ աշտարակներով։ Հոն, Կայսերական պահակախումբէն 12 գումարտակներb կը մնային եւ բազմաթիւ ոստիկաններ, ներառեալ՝ հեծելազօրք։ Այս շինութիւնը մարդոց կը յիշեցնէր կայսրին զօրութիւնը։ Եւ քանի որ Կայսերական պահակախումբը նաեւ պատասխանատու էր հռոմէական կայսրութեան ա՛յլ շրջաններէ եկող բանտարկեալներուն համար, Յուլիոս հարիւրապետը զանոնք Հռոմի մէջ առաջնորդեց։ Քանի մը ամիս ճամբորդելէ ետք, բանտարկեալները ի վերջոյ Հռոմ հասան (Գործք 27։1-3, 43, 44)։
ԱՌԱՔԵԱԼԸ «ԱՌԱՆՑ ԱՐԳԻԼՈՒԵԼՈՒ» ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ
Դէպի Հռոմ ճամբորդելու ընթացքին հետաքրքրական բաներ պատահած էին։ Ծովուն վրայ փոթորկալից օր մը, Պօղոս կանխագուշակած էր թէ նաւաբեկութեան պիտի հանդիպէին, բայց բոլորը պիտի վերապրէին։ Թունաւոր օձ մը Պօղոսը խայթած էր, բայց անոր բան մը չէր եղած։ Ետքը, Պօղոս հիւանդներ բժշկեց Մալթա կղզիին մէջ, ուր ոմանք խորհեցան թէ ան աստուած մըն է։ Հաւանաբար այս լուրերը Կայսերական պահակախումբին մէջ շրջաբերուեցան։
Պօղոս արդէն հանդիպած էր եղբայրներու, որոնք Հռոմէն Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները եկած էին (Գործք 28։15)։ Պօղոս անհամբեր է Հռոմի մէջ քարոզելու։ Բայց բանտարկեալ ըլլալով այս մէկը ինչպէ՞ս կրնայ ընել (Հռով. 1։14, 15)։ Ոմանք կը խորհին, թէ բանտարկեալները նա՛խ պահակախումբին պետին կը տարուէին։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, Պօղոս հաւանաբար կը տարուի Կայսերական պահակախումբի զօրապետին՝ Աֆրանիոս Պուռոսի մօտ, որ կայսրէն ետք ամէնէն հեղինակաւոր անձն էc։ Պօղոս այժմ Կայսերական պարզ պահակի մը հսկողութեան տակ է եւ ոչ թէ՝ հարիւրապետի։ Ասկէ զատ, իրեն կը թոյլատրուի իր իջեւանը կարգադրել, այցելուներ ընդունիլ եւ «առանց արգիլուելու» անոնց քարոզել (Գործք 28։16, 30-32)։
ՊՕՂՈՍ ՊԶՏԻԿԻՆ ՈՒ ՄԵԾԻՆ ԿԸ ՎԿԱՅԷ
Քասթրա Փրեթորիայի պատերը ներկայիս
Պուռոս հաւանաբար Պօղոսը հարցաքննեց կա՛մ Կայսերական բանակատեղիին մէջ եւ կամ պալատին մէջ, առաջ որ զինք Ներոնին քով տանի։ Պօղոս առիթը օգտագործեց, որպէսզի այս հեղինակաւոր անհատին քարոզէ (Գործք 26։19-23)։ Չենք գիտեր թէ Պուռոս Պօղոսը յանցաւոր սեպեց կամ ոչ, բայց գիտենք որ ան Կայսերական բանակատեղիին մէջ զինք չբանտարկեցd։
Պօղոս հրեաներուն գլխաւորները եւ բազմաթիւ ա՛յլ անհատներ իր տունը կը հրաւիրէ եւ անոնց կը վկայէ։ Կայսերական պահակներն ալ վկայութիւն կը ստանան, մինչ կը լսեն ինչպէ՛ս Պօղոս «առաւօտէն մինչեւ իրիկուն» հրեաներուն կը վկայէ Յիսուսի եւ Թագաւորութեան մասին (Գործք 28։17, 23)։
Պօղոսի արգելափակման ընթացքին, զինուորները կը լսէին ինչպէս ան նամակներ գրել կու տար
Ամէն օր պալատը հսկող Կայսերական պահակները կը փոխուին։ Նաեւ, կանոնաւորաբար տարբեր պահակ Պօղոսին վրայ կը հսկէ։ Այսպէս, բազմաթիւ պահակներ վկայութիւն կը ստանան։ Պօղոսի երկու տարուան արգելափակման ընթացքին, անոնք կը լսեն երբ ան նամակներ գրել կու տայ ու կ’ուղարկէ եփեսացի, փիլիպպեցի, կողոսացի եւ եբրայեցի քրիստոնեաներուն, ինչպէս նաեւ կը տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Փիլիմոն անունով քրիստոնեայի մը նամակ կը գրէ։ Մինչ բանտին մէջ է, Պօղոս կ’օգնէ փախստական ստրուկի մը՝ Ոնեսիմոսին։ Ան Պօղոսին համար որդիի պէս կ’ըլլայ, բայց յետագային իր տիրոջ կը վերադառնայ (Փլմ. 10)։ Անկասկած Պօղոս իրեն վրայ հսկող զինուորներով ալ կը հետաքրքրուի (Ա. Կոր. 9։22)։ Օրինակի համար, կրնանք երեւակայել թէ ան ինչպէ՛ս կը խօսակցի պահակներէն մէկուն հետ, անոր սպառազինութեան զանազան կտորներուն ծառայած նպատակին մասին, եւ ապա տեղեկութիւնները իր լուսաբանութիւններէն մէկուն մէջ կը գործածէ (Եփ. 6։13-17)։
‘ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ՎԱԽԻ ԽՕՍԻՆՔ’
Կայսերական պահակախումբը կապեր ունի հռոմէական կայսրութեան մէջ եղող մարդոց հետ, ներառեալ՝ կայսրին ու անոր ընտանիքի անդամներուն, ծառաներուն ու ստրուկներուն հետ։ Ուստի, Կայսերական պահակախումբէն զատ, շատեր պատեհութիւն կ’ունենան բարի լուրը լսելու, եւ անոնցմէ ոմանք քրիստոնեաներ կը դառնան (Փլպ. 1։12, 13. 4։23)։ Պօղոսի օրինակը Հռոմի եղբայրները կը քաջալերէ, որ ‘Աստուծոյ խօսքը առանց վախի խօսին’ (Փլպ. 1։14)։
Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, կրնանք մեր հանդիպած անհատներուն քարոզել
Պօղոսի օրինակը նաեւ մեզի կ’օգնէ բարի լուրը քարոզելու թէ՛ բարենպաստ ժամանակին եւ թէ դժուար ժամանակին (Բ. Տիմ. 4։2)։ Օրինակի համար, թերեւս ըլլանք խնամատան կամ հիւանդանոցի մէջ, եւ կամ մեր հաւատքին պատճառով բանտն ենք։ Մեր պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կրնանք մեր հանդիպած մարդոց քարոզել,– թերեւս անոնց՝ որոնք մեզի կ’այցելեն կամ մեզի հոգ կը տանին։ Երբ քարոզելու ամէն պատեհութիւն քաջաբար օգտագործենք, ցոյց կու տանք թէ ո՛չ մէկ բան կրնայ ‘Աստուծոյ խօսքը կապել’ (Բ. Տիմ. 2։8, 9)։
a Տե՛ս «Կայսերական պահակախումբը Ներոնի օրերուն» շրջանակը։
b Հռոմէական գումարտակը մինչեւ 1000 զինուորներէ կը կազմուէր։
c Տե՛ս «Սեքսթոս Աֆրանիոս Պուռոս» խորագրով շրջանակը։
d Հերովդէս Ագրիպպաս Կայսերական բանակատեղիին մէջ բանտարկուեցաւ Տիբերիոս կայսրին կողմէ Ք.Ե. 36/37–ին, քանի որ ըսաւ թէ Կալիգուլան պէտք է կայսր նշանակուի։ Կայսր ըլլալէ ետք, Կալիգուլան Հերովդէսը վարձատրեց՝ զինք Հրէաստանի վրայ թագաւոր նշանակելով (Գործք 12։1)։