Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Կեանքի եւ խաղաղութեան համար, հոգեւո՛րապէս քալէ
    Դիտարան 2011 | Նոյեմբեր 1
    • 8 Օրէնքը, իր շատ մը պատուիրաններով, մեղաւորները դատապարտեց: Աւելին, Օրէնքին ներքեւ ծառայող իսրայէլացի քահանայապետները անկատար էին եւ մեղքին համար համապատասխան զոհ չէին կրնար մատուցանել: Ուստի Օրէնքը «տկար էր մարմնով»։ Սակայն, «իր Որդին ղրկելով մեղանչական մարմնի նմանութեամբ» եւ զինք որպէս փրկանք տալով, Աստուած «դատապարտեց մեղքը այն մարմնին մէջ», այսպէս յաղթահարելով այն բանը, որ «օրէնքին համար անկարելի էր»։ Որպէս արդիւնք, օծեալ քրիստոնեաները արդա՛ր կը սեպուին՝ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելով։ Անոնց յորդոր կը տրուի որ ‘մարմնաւորապէս չքալեն, հապա՝ հոգեւորապէս’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։3, 4)։ Արդարեւ, անոնք մինչեւ իրենց երկրային ընթացքին աւարտը հաւատարմօրէն այսպէ՛ս պէտք է ընեն, որպէսզի «կենաց պսակը» ստանան (Յայտ. 2։10)։

  • Կեանքի եւ խաղաղութեան համար, հոգեւո՛րապէս քալէ
    Դիտարան 2011 | Նոյեմբեր 1
    • 10. Ի՞նչ կերպով ենթակայ ենք մեղքի եւ մահուան օրէնքին։

      10 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։ Ադամէն սերած ըլլալով, բոլորս ալ ենթակայ ենք մեղքի եւ մահուան օրէնքին։ Մեր մեղաւոր մարմինը շարունակաբար մեզ կը դրդէ որ Աստուծոյ հաճելի չեղող բաներ ընենք՝ միայն մահուան հեռանկարը ունենալով։ Գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս այսպիսի արարքներ ու վարքագիծեր կոչեց՝ «մարմնին գործերը», եւ յետոյ աւելցուց. «Այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Գաղ. 5։19-21)։ Այսպիսի բաներ գործողները մարմնաւորապէս կը քալեն (Հռով. 8։4)։ Իրենց «գործելու ներքին սկզբունք»ը եւ «կեանքի չափանիշը» ամբողջութեամբ մարմնաւոր են։ Բայց մարմնաւորապէս քալողները միայն անո՞նք են, որոնք պոռնկութեան, կռապաշտութեան, ոգեհարցութեան կամ այլ լուրջ մեղքերու միջամուխ կ’ըլլան։ Ո՛չ, որովհետեւ մարմնին գործերը նաեւ կը պարփակեն բաներ, որոնք թերեւս ոմանք պարզապէս անձնաւորութեան թերութիւններ կը նկատեն, ինչպէս՝ նախանձներ, բարկութիւններ, հակառակութիւններ եւ չար նայուածքներ։ Ո՞վ կրնայ ըսել թէ լման կերպով ձերբազատուեր է մարմնաւորապէս քալելէն։

  • Կեանքի եւ խաղաղութեան համար, հոգեւո՛րապէս քալէ
    Դիտարան 2011 | Նոյեմբեր 1
    • 12 Մեր կացութիւնը լուրջ հիւանդութենէ մը բժշկուելուն պէս է։ Եթէ կը յուսանք լիովին ապաքինիլ, հարկ է որ բժիշկին ըսածները ընենք։ Ճիշդ է որ փրկանքին հաւատք ընծայելով կրնանք մեղքին եւ մահուան օրէնքէն ազատիլ, բայց տակաւին անկատար եւ մեղաւոր ենք։ Հոգեւոր լաւ առողջութիւն ձեռք բերելու եւ Աստուծոյ հաճութիւնն ու օրհնութիւնը վայելելու համար, ուրիշ բան մըն ալ պէտք է ընենք։ «Օրէնքին արդարութիւնը» կատարելուն առնչութեամբ, Պօղոս նաեւ հոգեւորապէս՝ կամ հոգիին համաձայն՝ քալելու նիւթը կը բանայ։

      Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւորապէս քալել

      13. Հոգեւորապէս քալելը ի՞նչ կը նշանակէ։

      13 Քալելու ատեն, շարժելով աստիճանաբար կ’ընթանանք դէպի որոշեալ տեղ մը։ Հետեւաբար, հոգեւորապէս՝ կամ հոգիին համաձայն՝ քալելը կը պահանջէ հոգեւոր հաստատ յառաջդիմութիւն,– ոչ թէ հոգեւոր կատարելութիւն (Ա. Տիմ. 4։15)։ Օրէ օր եւ մեր ամբողջ կարողութեամբ, պէտք է ձգտինք հոգիին առաջնորդութեան համաձայն քալել կամ ապրիլ։ ‘Հոգիով ընթանալը’ Աստուծոյ հաւանութեան կ’առաջնորդէ (Գաղ. 5։16, ԱԾ)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել