Իմաստուն կերպով գործածենք մեր քրիստոնէական ազատութիւնը
«Ազատներու պէս ըլլալով եւ ... ձեր ազատութիւնը ... գործածելով ... Աստուծոյ ծառաներու պէս»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 2։16
1. Ադամ ի՞նչ ազատութիւն կորսնցուց, իսկ Եհովա մարդկութեան ի՞նչ ազատութիւն դարձեալ պիտի տայ։
ԵՐԲ մեր առաջին ծնողքը մեղանչեցին Եդեմի պարտէզին մէջ, անոնք իրենց զաւակներուն համար կորսնցուցին փառաւոր ժառանգութիւն մը. մեղքի եւ ապականութենէ զերծ ըլլալու ազատութիւնը։ Առ ի հետեւանք, բոլորս ալ աշխարհ եկած ենք, ապականութեան եւ մահուան գերի ըլլալով։ Բարեբախտաբար Եհովա ծրագրած է որ հաւատարիմ անհատներ հոյակապ ազատութիւն մը վերստանան։ Ներկայիս, արդարամիտ անհատներ անձկութեամբ «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն», որպէսզի «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեան» հասնին։—Հռովմայեցիս 8։19–21
‘Քարոզելու Համար Օծուած’
2, 3. (ա) Որո՞նք են «Աստուծոյ որդիները»։ (բ) Անոնք ի՞նչ հոյակապ դիրք մը ունին, եւ ասիկա ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը բերէ։
2 Որո՞նք են «Աստուծոյ որդիները»։ Անոնք Յիսուսի հոգիէն օծուած եղբայրներն են, որոնք իր հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխանակիցներ պիտի ըլլան։ Անոնք Հ.Դ. առաջին դարուն յայտնուեցան, որոնք Յիսուսի սորվեցուցած ազատագրող ճշմարտութիւնը ընդունեցին եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Պետրոսի ակնարկած փառաւոր առանձնաշնորհումին մասնակից եղան, երբ գրեց. «Բայց դուք ‘ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը’»։—Ա. Պետրոս 2։9. Յովհաննու 8։32
3 Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ մը նկատուիլը իսկապէս հոյակապ օրհնութիւն մըն է։ Իսկ Աստուծոյ օծեալ որդիներուն արդի մնացորդը, նոյն դիրքը կը վայելէ Աստուծոյ առջեւ։ Բայց այսպիսի վեհ առանձնաշնորհում մը իր հետ պատասխանատուութիւն ալ կը բերէ։ Պետրոս անոնցմէ մէկուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, երբ ըսաւ. «որպէսզի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց»։—Ա. Պետրոս 2։9բ
4. Օծեալ Քրիստոնեաները իրենց Քրիստոնէական ազատութենէն առթած պատասխանատուութիւնը ինչպէ՞ս կատարած են։
4 Արդեօք օծեալ Քրիստոնեաները Աստուծոյ առաքինութիւնները ծանուցանելու իրենց պատասխանատուութիւնը կատարա՞ծ են։ Այո։ 1919–էն ի վեր օծեալներուն մասին խօսելով, Եսայի մարգարէաբար ըսաւ. «Տէր Եհովայի հոգին իմ վրաս է, վասնզի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։ Տէրոջը ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու»։ (Եսայեայ 61։1, 2) Այժմ, օծեալ մնացորդը Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ որու համար գլխաւորաբար արձանագրուած էին այս խօսքերը՝ նախանձախնդրաբար ուրիշներու կը քարոզէ ազատութեան բարի լուրը, կամ աւետիսը։—Մատթէոս 4։23–25. Ղուկաս 4։14–21
5, 6. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաներուն նախանձախնդիր քարոզչութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ (բ) Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչ առանձնաշնորհումներ եւ պատասխանատուութիւններ կը վայելեն։
5 Անոնց նախանձախնդիր քարոզչութեան որպէս արդիւնք, ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւն մը երեւցած է աշխարհի թատերաբեմին վրայ, այս վերջին օրերուն։ Անոնք բոլոր ազգերէն եկած են, Եհովայի ծառայելու համար օծեալներուն միանալով եւ ճշմարտութիւնը անոնց ալ ազատած է։ (Զաքարեայ 8։23. Յովհաննու 10։16) Աբրահամի նման անոնք հաւատքի հիման վրայ արդար յայտարարուած են եւ Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութեան մէջ եկած են։ Իսկ Ռախաբի նման, անոնց արդար յայտարարուիլը իրենց վերապրում պիտի նշանակէ, այս պարագային՝ Արմագեդոնէն վերապրում։ (Յակոբու 2։23–25. Յայտնութիւն 16։14, 16) Սակայն այսպիսի վեհ առանձնաշնորհումին կ’ընկերակցի ուրիշներուն Աստուծոյ փառքին մասին խօսիլ։ Անոր համար Յովհաննէս տեսաւ որ անոնք հանրապէս կը փառաբանէին Եհովան, «մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 14
6 Անցեալ տարի, մեծ բազմութեան հիմա աւելի քան չորս միլիոն անդամները, օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդին պզտիկ խումբին հետ, մօտաւորապէս մէկ միլիառ ժամեր տրամադրեցին, ամենուրէք Եհովայի առաքինութիւնները ծանուցանելու համար։ Ասիկա անկասկած իրենց հոգեւոր ազատութիւնը գործածելու հոյակապ կերպ մըն էր։
«Թագաւորը Յարգեցէ՛ք»
7, 8. Քրիստոնէական ազատութիւնը աշխարհային հեղինակութիւններու հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը բերէ, եւ այս ուղղութեամբ ո՞ր սխալ կեցուածքէն պէտք է զգուշանանք։
7 Մեր Քրիստոնէական ազատութիւնը ուրիշ պատասխանատուութիւններ ալ կը բերէ։ Պետրոս անոնցմէ քանի մը հատին մատնանշեց, երբ գրեց. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք»։ (Ա. Պետրոս 2։17) Ի՞նչ կը պարփակէ «թագաւորը յարգեցէ՛ք» խօսքերը։
8 Հոս յիշուած «թագաւորը» աշխարհային կառավարիչներուն կ’ակնարկէ։ Ներկայիս, ըմբոստութեան ու անկախութեան հոգի մը զարգացած է աշխարհի մէջ եւ ասիկա կրնայ դիւրութեամբ ազդել Քրիստոնեաներուն։ Քրիստոնեայ մը նոյնիսկ կրնայ հարց տալ թէ ի՛նչու ‘թագաւորը պէտք է յարգէ’, քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Այս պատճառով, ան կրնայ ազատ զգալ չհնազանդելու օրէնքներուն եւ եթէ կարելիութիւնը ունի՝ տուրքերը չվճարելու։ Բայց ասիկա Յիսուսի բացայայտ պատուէրին հակառակ է. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք»։ Իրականութեան մէջ ասիկա իր «ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս» գործածել պիտի նշանակէ։—Մատթէոս 22։21. Ա. Պետրոս 2։16
9. Աշխարհային հեղինակութեան հնազանդելու երկու լաւ պատճառները ի՞նչ են։
9 Քրիստոնեաները ստիպուած են հեղինակութիւնները պատուել եւ անոնց ենթակայ ըլլալ՝ թէեւ յարաբերական կերպով։ (Գործք 5։29) Ինչո՞ւ։ Առաջին Պետրոս 2։14–ի մէջ, Պետրոս երեք պատճառներ կը մատնանշէ, երբ կ’ըսէ, որ կառավարիչները «անոր [Աստուծոյ] կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար [են]»։ Պատիժէն վախնալը բաւարար պատճառ մըն է հեղինակութեան հնազանդելու։ Ի՜նչ անարգանք պիտի ըլլայ Եհովայի Վկայի մը համար, եթէ տուգանք կամ բանտարկութիւն ստանայ կռիւի, գողութեան, կամ ուրիշ ոճիրի մը համար։ Երեւակայեցէք թէ ոմանք ի՜նչ մեծ հաճոյքով պիտի հրատարակեն զանոնք։ Իսկ միւս կողմէ, եթէ հնազանդ քաղաքացիցներ ըլլալու համբաւը շահինք, կրնանք գովաբանուիլ արդարամիտ վարիչներու կողմէ։ Բարի լուրը քարոզելու համար աւելի մեծ ազատութիւն մը կու տան մեզի։ Մանաւանդ, «բարեգործութեամբ, անխելք մարդոց տգիտութիւնը [կը] պապանձեցնենք»։ (Ա. Պետրոս 2։15բ) Ասիկա երկրորդ պատճառն է հեղինակութիւններուն հնազանդելու։—Հռովմայեցիս 13։3
10. Աշխարհային հեղինակութեան հնազանդելու մեծագոյն պատճառը ի՞նչ է։
10 Սակայն ասոնցմէ աւելի զօրաւոր պատճառ մըն ալ կայ։ Հեղինակութիւնները Եհովայի արտօնութեամբ գոյութիւն ունին։ Ինչպէս Պետրոս կ’ըսէ, քաղաքական կառավարիչները Եհովայի կողմէ «ղրկուած» են եւ «Աստուծոյ կամքն է» որ Քրիստոնեաները անոնց ենթարկուին։ (Ա. Պետրոս 2։15ա) Նմանապէս, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Անոնք որ կան [իշխանութիւնները]՝ Աստուծմէ կարգուած են»։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչով մարզուած մեր խիղճը մեզ կը մղէ որ հեղինակութիւններու հնազանդինք։ Եթէ մերժենք անոնց ենթարկուիլ, «Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենանք»։ (Հռովմայեցիս 13։1, 2, 5) Մեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր Աստուծոյ կարգադրութեան դէմ դնել։ Ատիկա Քրիստոնէական ազատութիւնը գործածելու ի՜նչ սխալ կերպ մը պիտի ըլլար։
‘Եղբայրները Սիրենք’
11, 12. (ա) Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն կ’ընկերակցի մեր Քրիստոնէական ազատութեան։ (բ) Մանաւանդ որո՞նք մեր սիրալիր նկատողութեան արժանի են եւ ինչո՞ւ։
11 Պետրոս նաեւ ըսաւ որ Քրիստոնեայ մը պէտք է ‘եղբայրութիւնը [եղբայրներու բոլոր ընկերակցութիւնը] սիրէ’։ (Ա. Պետրոս 2։17) Ասիկա Քրիստոնէական ազատութեան ընկերակցող ուրիշ պատասխանատուութիւն մըն է։ Բոլորս ալ ժողովքի մը կը պատկանինք։ Արդարեւ, բոլորս ալ եղբայրներու միջազգային ընկերակցութեան կամ կազմակերպութեան մը կը պատկանինք։ Անոնց հանդէպ սէր ցոյց տալով մեր ազատութիւնը իմաստուն կերպով գործածած կ’ըլլանք։—Յովհաննու 15։12, 13
12 Պօղոս առաքեալ խումբի մը մատնանշեց որ մասնաւորաբար մեր սիրոյն արժանի է։ Ան ըսաւ. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէսզի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասնզի այն ձեզի օգտակար չէ [վնասակար է (ՆԱ)]»։ (Եբրայեցիս 13։7) Բարեբախտաբար ժողովքներուն մեծամասնութիւնը լաւ, համագործակցող հոգի մը ունի եւ երէցներուն համար ուրախութիւն է անոնց հետ աշխատիլ։ Շատ աւելի դժուար է երբ անհատներ չեն ուզեր համագործակցիլ։ Երէցը կը շարունակէ իր գործը կատարել, բայց ինչպէս Պօղոս կ’ըսէ՝ «հառաչելով»։ Վստահաբար չենք ուզեր որ երէցները հառաչեն։ Այլ, կ’ուզենք որ անոնք իրենց գործին մէջ ուրախութիւն գտնեն, որպէսզի մեզ ալ կերտեն։
13. Երէցներուն հետ համագործակցելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
13 Երէցներուն հետ համագործակցելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։ Անոնցմէ մէկն է Թագաւորութեան Սրահը մաքուր պահելու նպաստել։ Ուրիշ կերպ մըն է հիւանդներուն այցելել եւ անկարողներուն օգնել։ Դարձեալ, մենք հոգեւորապէս զօրաւոր պէտք է ըլլանք, որպէսզի բեռ մը չըլլանք։ Համագործակցութեան ուրիշ մէկ մարզն է ժողովքին բարոյական եւ հոգեւոր մաքրութիւնը պահել, թէ՛ մեր անձնական լաւ վարմունքով եւ թէ մեր ուշադրութեան յանձնուած լուրջ մեղք մը տեղեկացնելով։
14. Երէցներուն կողմէ առնուած կրթական արարքի մը պարագային ինչպէ՞ս պէտք է համագործակցինք։
14 Երբեմն, ժողովքը մաքուր պահելու համար, երէցները հարկ կը տեսնեն չզղջացող մեղաւոր մը վտարել։ (Ա. Կորնթացիս 5։1–5) Ասիկա ժողովքը կը պահպանէ, ինչպէս նաեւ վտարուողին կ’օգնէ։ Յաճախ այսպիսի կրթութիւն մը կ’օգնէ յանցաւորին որ զգաստանայ։ Իսկ եթէ վտարուած անհատը մեր մօտիկ բարեկամը, կամ ազգականն է ... Ենթադրենք որ անհատը մեր հայրը, մեր մայրը, մեր որդին կամ մեր աղջիկն է։ Արդեօք երէցներուն վտարումի որոշումը պիտի յարգե՞նք։ Ճիշդ է որ ասիկա դժուար կրնայ ըլլալ։ Սակայն, մեր ազատութիւնը սխալ կերպով գործածած պիտի ըլլանք, եթէ երէցներուն առած որոշումը հարցի տակ դնենք եւ շարունակենք հոգեւորապէս ընկերակցիլ անոր հետ, որ ժողովքին մէջ ապականիչ ազդեցութիւն ունենալը փաստած է։ (Բ. Յովհաննու 10, 11) Եհովայի ծառաները որպէս ամբողջութիւն մը գովելի են, որովհետեւ անոնք երէցներուն հետ կը համագործակցին այսպիսի հարցերու մէջ։ Ասոր որպէս արդիւնք, Եհովայի կազմակերպութիւնը մաքուր կը մնայ այս պիղծ աշխարհին մէջ։—Յակոբու 1։27
15. Եթէ անհատ մը լուրջ մեղք մը գործէ, շուտով ի՞նչ պէտք է ընէ։
15 Ի՞սկ եթէ մենք լուրջ մեղք մը գործենք ... Դաւիթ թագաւոր կը նկարագրէ այն անհատները որոնք Եհովայի հաճութիւնը ունին, երբ կ’ըսէ. «Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։ Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը, որ ստութեան անձնատուր չեղաւ ու նենգութեամբ երդում չըրաւ»։ (Սաղմոս 24։3, 4) Եթէ պատճառով մը, այլեւս ‘ձեռքերով սուրբ ու սրտով մաքուր’ չենք, շուտով գործի պէտք է անցնինք, մեր յաւիտենական կեանքը վտանգի տակ է։
16, 17. Լուրջ մեղք գործող մը ինչո՞ւ պէտք չէ հարցը առանձին լուծէ։
16 Ոմանք փորձուած են իրենց լուրջ մեղքերը պահել, թերեւս տրամաբանելով. ‘Եհովայի խոստովանեցայ ու զղջացի։ Ուստի ինչո՞ւ երէցներն ալ խնդրին մէջ մտցնեմ’։ Յանցագործը կրնայ շփոթիլ եւ վախնալ երէցներէն, թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Ան պէտք է մտածէ որ թէեւ միայն Եհովան կրնայ մեր մեղքերը մաքրել, սակայն Ան երէցները գլխաւորաբար պատասխանատու կը բռնէ ժողովքին մաքրութեան համար։ (Սաղմոս 51։2) Անոնք հոն են որ բուժեն, «սուրբերուն կատարելութեանը համար»։ (Եփեսացիս 4։12) Եթէ անոնց չդիմենք երբ հոգեւորապէս օգնութեան պէտք ունինք, կը նմանի բժիշկի չերթալու՝ երբ հիւանդ ենք։
17 Կարգ մը անհատներ որոնք փորձած են առանձին լուծել հարցը, կը տեսնեն որ ամիսներ, կամ տարիներ ետք տակաւին կը խղճահարուին։ Աւելի գէշ, իրենց լուրջ մեղքերը ծածկող կարգ մը անհատներ, երկրորդ, կամ նոյնիսկ երրորդ անգամ մեղքի մէջ ինկած են։ Երբ հարցը երէցներուն ուշադրութեան յանձնուի, արդէն անհատը կրկին յանցանքի մէջ ինկած կ’ըլլայ։ Որքան նախընտրելի է Յակոբի խրատին հետեւիլ։ Ան գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէսզի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք»։ (Յակոբու 5։14) Երէցներուն գացէք, երբ տակաւին բուժումը կարելի է։ Եթէ շատ երկար սպասենք, կրնանք մեղքի ճամբուն մէջ կարծրանալ։—Ժողովողի 3։3. Եսայեայ 32։1, 2
Դրսերեւոյթ եւ Զբօսանք
18, 19. Վարդապետ մը ինչո՞ւ նպաստաւոր արտայայտութիւն մը ունեցաւ Եհովայի Վկաներուն մասին։
18 Հինգ տարի առաջ, Իտալացի կղերական մը ջերմօրէն գովեց Եհովայի Վկաները, թեմի պարբերաթերթի մը մէջ։ Ան ըսաւ. «Անձնապէս, ես Եհովայի Վկաները կը սիրեմ։ Ես անկեղծօրէն կը խոստովանիմ ասիկա։ ... Անոնք որոնք կը ճանչնամ, խիստ քաղաքավար, քաղցր խօսողներ են ... [եւ] շատ համոզիչ։ Ե՞րբ պիտի հասկնանք որ ճշմարտութիւնը ընդունելի կերպով պէտք է ներկայացուի։ Թէ ճշմարտութիւնը ծանուցանողները կէս–սրտով, անտարբեր, թափթփած եւ աղտոտ պէտք չէ ըլլան»։a
19 Ըստ իր խօսքերուն, վարդապետը, ի միջի այլոց, Վկաներուն հագուածքով եւ անոնց երեւոյթով տպաւորուած էր։ Ակներեւաբար, անոր հանդիպած Վկաները տարիներէ ի վեր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին այս նիւթին շուրջ տուած խրատներուն մտիկ ըրած էին։ (Մատթէոս 24։45) Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ կիները ‘վայելչութեամբ եւ ամօթխածութեամբ’ պէտք է հագնին։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9) Այս վատթարացող ժամանակին, այդ խրատը այր մարդոց ալ կը կիրարկուի։ Միթէ տրամաբանական չէ՞ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչները դրսեցիներուն պատշաճ կերպով ներկայանան։
20. Քրիստոնեայ մը ինչո՞ւ իր հագուածքին մասին պէտք է մտածէ, ո՛ւր որ ալ գտնուի։
20 Ոմանք կրնան համաձայնիլ որ ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան մէջ զգոյշ պէտք է ըլլան իրենց հագուածքին։ Սակայն, կրնան խորհիլ որ Աստուածաշունչի այս սկզբունքները ուրիշ ատեններ չեն կիրարկուիր։ Արդեօք որեւէ ատեն պէ՞տք է դադրինք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչները ըլլալէ։ Ճիշդ է որ պարագաները կրնան տարբեր ըլլալ։ Օրինակի համար, եթէ Թագաւորութեան Սրահի մը շինութեան կ’օգնենք, այդ նոյն Թագաւորութեան Սրահին ժողովներուն ներկայ ըլլալու ատենէն տարբեր պիտի հագուինք։ Երբ զբօսանքի մէջ ենք, հաւանաբար կը սիրենք աւելի հանգիստ բան մը հագնիլ։ Սակայն, մեր հագուածքը վայելուչ եւ ամօթխած պէտք է ըլլայ, ամէն ատեն որ դրսեցիներու կողմէ կը նշմարուինք։
21, 22. Վնասակար զբօսանքի դէմ ինչպէ՞ս պաշտպանուած ենք եւ այս հարցերուն մասին տրուած խրատ մը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
21 Ուրիշ մարզ մը որ տարիներէ ի վեր մեր ուշադրութեան կը բերուի՝ զբօսանքն է։ Մարդիկ, մասնաւորաբար երիտասարդները, զբօսանքի կարիքը ունին։ Ընտանիոք զբօսանք մը ծրագրելը ո՛չ ժամանակի կորուստ է, ոչ ալ մեղք։ Նոյնիսկ Յիսուս, առիթով մը, իր աշակերտներուն հրաւիրեց որ ‘քիչ մը հանգչին’։ (Մարկոս 6։31) Բայց, Քրիստոնեաները պէտք է հսկեն որ իրենց զբօսանքը հոգեւոր պղծումի դուռ չբանայ։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ ընդհանրապէս կը հրամցնէ սեռային անբարոյութեան, բռնութեան, սարսափի եւ ոգեհարցութեան վրայ հիմնուած զբօսանքներ։ Հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան զգաստ ըլլալով այսպիսի խեղաթիւրումներու վտանգին, անդադար մեզ կը զգուշացնէ անոնց դէմ։ Կը կարծէ՞ք որ այս վերյիշեցումները մեր ազատութիւնը կը կաշկանդեն։ Արդեօք երախտապա՞րտ ենք Եհովայի կազմակերպութեան այսպիսի վտանգներ մեր ուշադրութեան յանձնելուն համար, կազմակերպութիւն մը որ այնքան հոգ կը տանի մեր յաւիտենական բարօրութեան։—Սաղմոս 19։7. 119։95
22 Բնաւ չմոռնանք որ մեր ազատութիւնը Եհովայէն կու գայ. համարատու ենք թէ զայն ի՛նչպէս կը գործածենք։ Եթէ լաւ խրատները մերժենք եւ սխալ որոշումներ տանք, ուրիշ մը չենք կրնար մեղադրել ասոր համար։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մեզմէ ամէն մէկը հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։—Հռովմայեցիս 14։12. Եբրայեցիս 4։13
Աստուծոյ զաւակներուն ազատութեան սպասենք
23. (ա) Ազատութեան առնչութեամբ, ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։ (բ) Ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասենք անձկագին։
23 Իսկապէս օրհնեալ ժողովուրդ մըն ենք։ Մենք ազատագրուած ենք սուտ կրօնքէն եւ աւելորդապաշտութենէն։ Յիսուս Քրիստոսի քաւիչ զոհագործութեան շնորհիւ, կրնանք Եհովայի մօտենալ մաքուր խղճմտանքով մը, հոգեւոր առումով, ազատագրուած ըլլալով մեղքի եւ մահուան գերութենէն։ Շուտով տեղի պիտի ունենայ ‘Աստուծոյ որդիներուն յայտնուիլը’։ (Հռովմայեցիս 8։19. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–8. Յայտնութիւն 2։26, 27) Անկէ ետք, Աստուծոյ այս որդիները պիտի յայտնուին, որպէս Աստուծոյ գահէն մարդկութեան վրայ տեղալիք օրհնութիւններուն խողովակը։ (Յայտնութիւն 22։1–5) Վերջապէս, Աստուծոյ որդիներուն այս յայտնուիլը օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ մարդկութեան, Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութիւն մը բերելով։ Այդ ժամանակը կարօտով կը սպասէ՞ք։ Եթէ այո՛, ուրեմն ձեր Քրիստոնէական ազատութիւնը իմաստուն կերպով գործածեցէք։ Հիմա Աստուծոյ ծառայեցէք եւ այդ հոյակապ ազատութիւնը յաւիտեա՜ն պիտի վայելէք։
[Ստորանիշ էջ 15]
a Այս գովասանքը ընելէն ետք, վարդապետը իր խօսքը ետ առաւ, հաւանաբար պարտադրանքի տակ։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ինչպէ՞ս Եհովան կը փառաբանեն։
◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է յարգեն աշխարհային հեղինակութիւնները։
◻ Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպերով կրնան համագործակցիլ երէցներուն հետ։
◻ Եհովայի Վկաները հագուածքի մէջ ինչպէ՞ս կը տարբերին շատ մը աշխարհայիններէն։
◻ Զբօսանքի մէջ ի՞նչ բաներէն պէտք է խուսափինք։