Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 10/1 էջ 13-18
  • «Մեծ ակնկալութեամբ» սպասել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Մեծ ակնկալութեամբ» սպասել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոսի Ներկայութեան Ընթացքին Արթուն Հսկել
  • Յիսուս Քրիստոս Ինչո՞ւ կու Գայ
  • Քրիստոսի Յայտնուելուն Համար Անձկալից Սպասել
  • ‘Ստեղծուածներուն Մեծ Ակնկալութիւնը’
  • Եհովայի Երկայնամտութիւնը Փրկութիւն կը Նշանակէ
  • Շարունակենք Համբերութեամբ Սպասել
  • Մեր յոյսով ուրախանանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Շարունակէ սպասել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Մեր գործօն Առաջնորդը այսօր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • «Ճշմարտութեան հոգին» ստացա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 10/1 էջ 13-18

«Մեծ ակնկալութեամբ» սպասել

«Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։19

1. Ներկայ Քրիստոնեաներուն կացութեան եւ Ա. դարու Քրիստոնեաներուն կացութեան միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կացութիւնը Ա. դարու Քրիստոնեաներուն կացութեան կը նմանի։ Մարգարէութիւն մը այդ ժամանակուան Եհովայի ծառաներուն օգնեց որ Մեսիային երեւնալու ժամանակը բնորոշեն։ (Դանիէլ 9։24-26) Նոյն մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր Երուսաղէմի կործանումը, բայց որեւէ տեղեկութիւն չէր պարունակեր, որ օգնէր Քրիստոնեաներուն նախապէս գիտնալու այդ քաղաքին կործանման ժամանակը։ (Դանիէլ 9։26բ, 27) Նոյն կերպով, մարգարէութիւն մը պատճառ եղաւ որ ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներ ակնկալութեան մէջ ըլլան։ Դանիէլ 4։25–ի «եօթը ժամանակ»ները առնչելով «ազգերուն ժամանակներ»ուն հետ, անոնք նախատեսեցին որ Քրիստոս թագաւորական հեղինակութիւն պիտի ստանար 1914–ին։ (Ղուկաս 21։24. Եզեկիէլ 21։25-27) Թէեւ Դանիէլի գիրքը բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը պարունակէ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ օգնել Աստուածաշունչի այժմու աշակերտներուն, որ ճշգրտօրէն հաշուեն թէ Սատանայի իրերու համայն դրութիւնը ե՛րբ պիտի կործանի։ (Դանիէլ 2։31-44. 8։23-25. 11։36, 44, 45) Սակայն, ասիկա շուտով տեղի պիտի ունենայ, քանի որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք։—Դանիէլ 12։4a

Քրիստոսի Ներկայութեան Ընթացքին Արթուն Հսկել

2, 3. (ա) Ի՞նչ բան գլխաւորաբար կը փաստէ որ մենք կ’ապրինք թագաւորական զօրութեամբ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Քրիստոնեաներ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին արթուն պէտք է կենան։

2 Ճիշդ է որ մարգարէութիւն մը Քրիստոնեաները ակնկալութեան մէջ ձգեց, 1914–ին Քրիստոսի թագաւորական զօրութիւն տրուելէն առաջ։ Բայց իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին մասին Քրիստոսի տուած «նշան»ը իրադարձութիւններու մասին կը խօսէր։ Իսկ այդ իրադարձութիւններուն մեծամասնութիւնը իր ներկայութիւնը սկսելէն ետքն էր որ պիտի տեսնուէր։ Այս իրադարձութիւնները՝ պատերազմները, սովերը, երկրաշարժները, համաճարակները, անօրէնութեան շատնալը, Քրիստոնեաներու հալածանքը եւ Թագաւորութեան բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութիւնը՝ գլխաւոր փաստեր են որ մենք ներկայիս կ’ապրինք թագաւորական զօրութեամբ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին։—Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։10, 11

3 Իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի հրաժեշտի խրատը գլխաւոր շեշտը կը դնէր ‘զգո՛յշ կենալու, արթո՛ւն մնալու’ վրայ։ (Մարկոս 13։33, 37. Ղուկաս 21։36) Արթուն կենալու մասին տրուած այս յորդորներուն բովանդակութիւնը ուշադրութեամբ կարդալը ցոյց կու տայ որ Քրիստոս իր ներկայութեան սկիզբը նշող նշանին համար արթուն հսկելու մասին չէր որ կը խօսէր գլխաւորաբար։ Այլ, իր ճշմարիտ աշակերտներուն պատուէր կու տար որ իր ներկայութեան ընթացքին արթուն կենային։ Ի՞նչ բանի համար ճշմարիտ Քրիստոնեաները արթուն պիտի կենային։

4. Յիսուսի տուած նշանը ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէր։

4 Յիսուս իր մեծ մարգարէութիւնը տուաւ պատասխանելով հարցումի մը. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները [հրէական իրերու դրութեան վախճանին առաջնորդող իրադարձութիւնները] եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Նախագուշակուած նշանը ոչ միայն Քրիստոսի ներկայութիւնը, այլ նաեւ՝ ներկայ իրերու ամբարիշտ դրութեան վախճանին առաջնորդող իրադարձութիւնները բնորոշելու պիտի ծառայէր։

5. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ հոգեւորապէս ներկայ ըլլալով հանդերձ, տակաւին պիտի ‘գար’։

5 Յիսուս ցոյց տուաւ որ իր «ներկայութեան» (Յունարէն բա·րու·սիա) ընթացքին, ինք զօրութեամբ ու փառքով պիտի գար։ Իր այս կերպով ‘գալուն’ (Յունարէն էրխո·մէ բառին զանազան առումներով) մասին ան ըսաւ. «Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ . . . Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ [Քրիստոս] մօտ է դռներուն քով։ . . . Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ . . . Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։—Մատթէոս 24։30, 32, 33, 42, 44

Յիսուս Քրիստոս Ինչո՞ւ կու Գայ

6. «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը ի՞նչպէս պիտի գայ։

6 Թէեւ 1914–էն ի վեր որպէս Թագաւոր ներկայ է, սակայն Յիսուս Քրիստոս տակաւին պէտք է դատէ համակարգերը եւ անհատները, ամբարիշտներուն վրայ դատաստան գործադրելէ առաջ։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 5։10։) Եհովա շուտով քաղաքագէտներու մտքին մէջ պիտի դնէ որ կործանեն «Մեծ Բաբելոն»ը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ (Յայտնութիւն 17։4, 5, 16, 17) Պօղոս առաքեալ մասնայատուկ կերպով նշեց որ Յիսուս Քրիստոս պիտի կործանէ «անօրէնութեան մարդը», «Մեծ Բաբելոն»ի ամենէն կարկառուն մասին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի՝ հաւատուրաց կղեր դասը։ Պօղոս գրեց. «Պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին [«ներկայութեան», ՆԱ] յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 8

7. Երբ Որդին մարդոյ իր փառքով գայ, ի՞նչ դատավճիռ պիտի արձակէ։

7 Մօտ ապագային, Քրիստոս երկրի վրայ իր եղբայրներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած վերաբերմունքին համաձայն մարդիկը պիտի դատէ։ Կը կարդանք. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։ . . . Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ [ոչխարներուն] ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք’։ . . . [Այծերը] պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«կործանում», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։—Մատթէոս 25։31-46

8. Պօղոս ի՞նչպէս կը բացատրէ ամբարիշտներուն վրայ դատաստան ի գործ դնելու համար Քրիստոսի գալը։

8 Ոչխարներու ու այծերու առակին մէջ ցոյց տրուածին համաձայն, Յիսուս վերջնական դատապարտութիւն կը բերէ բոլոր ամբարիշտներուն վրայ։ Պօղոս տառապող Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետեւեալ երաշխիքը տուաւ. «Ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն, երբ ինք գայ փառաւորուիլ իր սուրբերուն մէջ»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7-10) Այս բոլոր ոգեւորիչ իրադարձութիւնները մեր դիմաց ունենալով, պէտք չէ՞ հաւատք ի գործ դնենք եւ անձկալից կերպով արթուն հսկենք Քրիստոսի գալուն համար։

Քրիստոսի Յայտնուելուն Համար Անձկալից Սպասել

9, 10. Տակաւին երկրի վրայ գտնուող օծեալները ինչո՞ւ անձկալից կերպով Յիսուս Քրիստոսի յայտնուելուն կը սպասեն։

9 ‘Տէր Յիսուսի երկնքէն յայտնուիլը’ միայն ամբարիշտներուն վրայ կործանում բերելու համար չէ, այլ՝ արդարները վարձատրելու համար ալ է։ Երկրի վրայ գտնուող Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն մնացորդը տակաւին կրնայ նեղութիւն կրել մինչեւ Քրիստոսի յայտնուիլը, բայց անոնք իրենց երկնային փառաւոր յոյսով ուրախ են։ Օծեալ Քրիստոնեաներուն, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք»։—Ա. Պետրոս 4։13

10 Օծեալները վճռած են հաւատարիմ մնալ, մինչեւ որ Քրիստոս զիրենք ‘իր քով հաւաքէ’, որպէսզի անոնց հաւատքին ‘փորձուած որակը’ «գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1. Ա. Պետրոս 1։7, ՆԱ) Այսպիսի հաւատարիմ, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներու մասին կարելի է ըսել. «Քրիստոսին վկայութիւնը ձեր մէջ հաստատուեցաւ. որպէս զի ձեզի ոեւէ շնորհք չպակսի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն սպասելով»։—Ա. Կորնթացիս 1։6, 7

11. Մինչ Յիսուս Քրիստոսի յայտնուիլը կը սպասեն, օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ կ’ընեն։

11 Օծեալ մնացորդը Պօղոսի զգացումը կը բաժնէ, որ գրեց. «Ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի»։ (Հռովմայեցիս 8։18) Անոնց հաւատքը ժամանակի հաշիւներով պահպանուելու կարիքը չունի։ Անոնք կը շարունակեն Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալ, իրենց ընկերակիցներուն՝ «ուրիշ ոչխարներ»ուն՝ հոյակապ օրինակ մը հանդիսանալով։ (Յովհաննու 10։16) Այս օծեալները գիտեն որ այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը մօտ է, եւ անոնք կ’անսան Պետրոսի յորդորին. «Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը»։—Ա. Պետրոս 1։13

‘Ստեղծուածներուն Մեծ Ակնկալութիւնը’

12, 13. Մարդկային ստեղծուածները ի՞նչպէս «ունայնութեան հնազանդեցան», եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչ բանի կը տենչան։

12 Ուրիշ ոչխարներն ալ ունի՞ն բան մը, որու համար մեծ ակնկալութեամբ կ’ապրին։ Շա՛տ վստահաբար։ Որպէս Իր հոգիէն ծնած «որդիները» Եհովայի կողմէ որդեգրուածներուն եւ երկնային Թագաւորութեան մէջ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»ուն փառաւոր յոյսին մասին խօսելէ ետք, Պօղոս ըսաւ. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմայեցիս 8։14-21. Բ. Տիմոթէոս 2։10-12

13 Ադամի մեղքով, իր ամբողջ սերունդը ‘ունայնութեան հնազանդեցաւ’, մեղքի ու մահուան կապանքով ծնելով։ Անոնք չեն կրցած իրենք զիրենք ազատագրել այդ կապանքէն։ (Սաղմոս 49։7. Հռովմայեցիս 5։12, 21) Ուրիշ ոչխարները որքա՜ն կը տենչան «ապականութեան ծառայութենէն ազատ»ուիլ։ Բայց ասիկա տեղի ունենալէն առաջ, կարգ մը բաներ պէտք է պատահին, Եհովայի ժամերուն ու ժամանակներուն համաձայն։

14. ‘Աստուծոյ որդիներուն յայտնուիլը’ ի՞նչ բան պիտի պարփակէ, եւ որպէս հետեւանք մարդկութիւնը ի՞նչպէս ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուի’։

14 «Աստուծոյ որդիներ»ու օծեալ մնացորդը նախ պէտք է ‘յայտնուի’։ Ասիկա ի՞նչ պիտի պարփակէ։ Աստուծոյ յարմար ժամանակին, ուրիշ ոչխարներուն համար բացայայտ պիտի ըլլայ որ օծեալները վերջապէս «կնքուած» եւ Քրիստոսի հետ իշխելու համար փառաւորուած են։ (Յայտնութիւն 7։2-4) Յարուցուած «Աստուծոյ որդիներ»ն ալ պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ Սատանայի ամբարիշտ իրերու դրութիւնը կործանելու մասնակցին։ (Յայտնութիւն 2։26, 27. 19։14, 15) Ապա Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, անոնք տակաւին պիտի ‘յայտնուին’ որպէս քահանայական խողովակներ, Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները մարդկային «ստեղծուածներ»ուն վրայ թափելով։ Ասոր որպէս հետեւանք մարդկութիւնը ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուի’ եւ վերջապէս «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնի»։ (Հռովմայեցիս 8։21. Յայտնութիւն 20։5. 22։1, 2) Այսպիսի հոյակապ յոյսեր ունենալով, զարմանալի՞ է որ ուրիշ ոչխարները «մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն . . . սպասեն»։—Հռովմայեցիս 8։19

Եհովայի Երկայնամտութիւնը Փրկութիւն կը Նշանակէ

15. Իրադարձութիւններու Եհովայի ժամանակացոյցին նկատմամբ ի՞նչ բան բնաւ պէտք չէ մոռնանք։

15 Եհովա Մեծ Ժամանակապահն է։ Իրադարձութիւններու համար իր որոշած ժամանակաւորումը կատարեալ պիտի ըլլայ։ Թերեւս միշտ ամէն բան անձնապէս մեր ակնկալած կերպով տեղի չունենայ։ Սակայն կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։ (Յեսուայ 23։14) Կրնայ ըլլալ որ ան թոյլատրէ որ կարգ մը բաներ շատերուն ակնկալածէն աւելի երկար տեւեն։ Բայց փորձենք իր կերպերը հասկնալ եւ իր իմաստութեան վրայ հիանալ։ Պօղոս գրեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։ Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ»։—Հռովմայեցիս 11։33, 34

16. Եհովայի երկայնամտութենէն որո՞նք օգտուելու առիթը ունին։

16 Պետրոս գրեց. «Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով [հին ‘երկինքին’ եւ ‘երկրին’ կործանումին եւ Աստուծոյ խոստացած ‘նոր երկինքով’ ու ‘նոր երկիրով’ անոնց փոխարինուելուն], ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։ Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք»։ Եհովայի երկայնամտութեան շնորհիւ, միլիոնաւոր ուրիշ անհատներու պատեհութիւն կը տրուի որ փրկուին «Տէրոջը օր»ուընէ, որ անսպասելիօրէն պիտի գայ, «գողի պէս»։ (Բ. Պետրոս 3։9-15) Իր երկայնամտութիւնը թոյլ կու տայ նաեւ որ իւրաքանչիւրս ‘ահով ու դողով մեր անձերուն փրկութիւնը գործենք’։ (Փիլիպպեցիս 2։12) Յիսուս ըսաւ որ պէտք է ‘զգուշանանք մեր անձերուն’ ու ‘արթուն կենանք’, եթէ կը փափաքինք ընդունելի ըլլալ եւ դատաստանի համար եկած ժամանակ «Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու» կարող ըլլալ։—Ղուկաս 21։34-36. Մատթէոս 25։31-33

Շարունակենք Համբերութեամբ Սպասել

17. Պօղոս առաքեալի ո՞ր խօսքին սրտանց ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

17 Պօղոս իր հոգեւոր եղբայրները յորդորեց որ իրենց աչքերը ‘երեւցած բաներուն չնային, հապա չերեւցածներուն’։ (Բ. Կորնթացիս 4։16-18) Ան չէր ուզեր որ որեւէ բան մթագնէ անոնց առջեւ դրուած երկնային վարձատրութեան տեսարանը։ Օծեալ Քրիստոնեաներէն ըլլանք թէ ուրիշ ոչխարներէն, մեր մտքին մէջ պահենք մեր առջեւ դրուած հոյակապ յոյսը, բնաւ տեղի չտալով։ Շարունակենք ‘համբերութեամբ սպասել’, փաստելով որ «մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի»։—Հռովմայեցիս 8։25. Եբրայեցիս 10։39

18. Ինչո՞ւ վստահութեամբ կրնանք ժամերը եւ ժամանակները Եհովայի ձեռքին մէջ ձգել։

18 Մենք վստահութեամբ ժամերը եւ ժամանակները Եհովայի ձեռքին մէջ կը ձգենք։ Իր խոստումներուն կատարումը իր ժամանակացոյցին համեմատ «ետ պիտի չմնայ»։ (Ամբակումայ 2։3) Մինչ այդ, Տիմոթէոսի տուած Պօղոսի յորդորը յաւելեալ իմաստ մը կը ստանայ մեզի համար։ Ան ըսաւ. «Կը վկայեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին, որ պիտի դատէ կենդանիները ու մեռեալները իր յայտնուելուն ու թագաւորութեանը ատենը։ Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս, . . . աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ [«ծառայութիւնդ լիովին», ՆԱ] կատարէ՛»։—Բ. Տիմոթէոս 4։1-5

19. Եհովայի ծառաներուն համար տակաւին ի՞նչ ընելու ժամանակն է եւ ինչո՛ւ։

19 Թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներու կեանքերը վտանգի տակ են։ Պօղոս գրեց. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Իրերու այս դրութեան համար մնացած ժամանակը շատ կարճցած է։ Մինչ մեր դիմաց գտնուող իրադարձութիւնները մեծ ակնկալութեամբ կը սպասենք, թող որ գիտակցինք որ տակաւին Եհովայի ծառաները Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու Իր ժամերուն ու ժամանակներուն մէջ կը գտնուին։ Այս գործը Իր ուզած կերպով պէտք է ամբողջացուի։ «Անկէ յետոյ», ըսաւ Յիսուս, «Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14

[Ստորանիշ]

a Տես՝ Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 10 եւ 11–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Վերաքաղի Համար

◻ Ժամանակի հաշիւներու նկատմամբ, մեր կացութիւնը ի՞նչպէս նման է Ա. դարու Քրիստոնեաներու կացութեան։

◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է շարունակեն ‘արթուն կենալ’ նոյնիսկ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին։

◻ Մարդկային ստեղծուածները ինչո՞ւ «մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն»։

◻ Ինչո՞ւ վստահութեամբ կրնանք ժամերը եւ ժամանակները Եհովայի ձեռքին մէջ ձգել։

[Նկար՝ էջ 15]

Քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն արթնութեամբ սպասել Քրիստոսի գալը

[Նկար՝ էջ 16]

Օծեալ մնացորդը կը շարունակէ զբաղած մնալ Եհովայի ծառայութեան մէջ, իրենց հաւատքը ժամանակի հաշիւներու վրայ չհիմնելով

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել