Աստուծոյ մօտեցիր
Որեւէ բան կրնա՞յ «մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն»
ՄԵԶՄԷ ո՞վ սիրուելու կարիք չունի։ Արդարեւ մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն կողմէ սիրուած ըլլալու զգացումը մեզ կ’ուռճացնէ։ Սակայն ցաւալիօրէն, մարդկային յարաբերութիւնները կրնան շատ դիւրաբեկ եւ անորոշ ըլլալ։ Սիրելի անհատներ կրնան մեզ վիրաւորել, լքել կամ նոյնիսկ մերժել։ Բայց եւ այնպէս, կա՛յ մէկը՝ որուն սէրը ստոյգ է։ Հռովմայեցիս 8։38, 39–ի մէջ, իր երկրպագուներուն հանդէպ Եհովա Աստուծոյ սէրը գեղեցիկ կերպով նկարագրուած է։
«Ես հաստատ գիտեմ», կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ։ Ան ի՞նչ բան հաստատ գիտէ։ Թէ ոչինչ կրնայ «մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն»։ Պօղոս ո՛չ միայն իր մասին կը խօսի, այլեւ ‘մեր’ մասին, այսինքն՝ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայող բոլոր անհատներուն մասին։ Այս կէտը շեշտելու համար, Պօղոս կարգ մը բաներ կը թուէ, որոնք չեն կրնար Իր նուիրեալ ծառաներուն հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած սիրոյն արգելք հանդիսանալ։
«Ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը»։ Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի սէրը չի դադրիր երբ մահանան։ Իր սիրոյն որպէս ապացոյց, Աստուած զանոնք իր յիշողութեան մէջ կը պահէ եւ մօտալուտ արդար նոր աշխարհին մէջ պիտի վերակենդանացնէ (Յովհաննէս 5։28, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Մինչ այդ, իր հաւատարիմ երկրպագուներուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը անփոփոխ կը մնայ, այս իրերու դրութեան մէջ ի՛նչ որ ալ պատահի անոնց։
«Ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները»։ Մարդիկ զօրաւոր անհատներու կամ հեղինակութիւններու ազդեցութեան ենթակայ են, բայց ո՛չ՝ Եհովան։ Հոգեղէն հզօր արարածներ, ինչպէս այն հրեշտակը որ Սատանայ դարձաւ, չեն կրնար Աստուած համոզել որ իր երկրպագուները սիրելէ դադրի (Յայտնութիւն 12։10)։ Ո՛չ ալ կառավարութիւնները, որոնք թերեւս ճշմարիտ քրիստոնեաներուն հակառակին, կրնան իր ծառաներուն հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը փոխել (Ա. Կորնթացիս 4։13)։
«Ո՛չ զօրութիւնները»։ Պօղոս արդէն ակնարկած է երկնային ու երկրային ուժերուն,– «հրեշտակներ» եւ «իշխանութիւններ»,– բայց այժմ ան «զօրութիւնները» կը նշէ։ Հոս գործածուած յունարէն բառը ընդարձակ նշանակութիւն ունի։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ ճշգրիտ իմաստը, մէկ բան որոշ է,– չկա՛յ զօրութիւն մը երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ որ Եհովայի սէրը իր ժողովուրդին հասնի։
«Ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները»։ Աստուծոյ սէրը ժամանակի ընթացքին չի տկարանար։ Չկա՛յ բան մը որ կրնայ իր ծառաներուն վրայ գալ, հիմա թէ ապագային, եւ պատճառ ըլլալ որ Աստուած զիրենք սիրելէ դադրի։
«Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը»։ Եհովա իր ժողովուրդը կը սիրէ, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց պարագաները,– լաւ կամ գէշ։
«Ո՛չ ուրիշ արարած»։ Այս համապարփակ խօսքով Պօղոս ըսել կ’ուզէ թէ բացարձակապէս ո՛չ մէկ բան կրնայ հաւատարիմ երկրպագուները Եհովայի սէրէն զատել։
Մարդկային սիրոյն հակառակը, որ կրնայ փոխուիլ կամ տկարանալ, հաւատքով իրեն յուսացողներուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը անփոփոխելի է,– յաւիտենական է։ Ասիկա գիտնալը վստահաբար մեզ կը մղէ Եհովայի մօտենալու եւ իրեն հանդէպ մեր սէրը ապացուցանելու համար մեր լաւագոյնը ընելու։