-
Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Աստուծոյ սէրէնԴիտարան 2001 | Հոկտեմբեր 15
-
-
14. Պօղոս ինչո՞ւ համոզուած էր թէ ո՛չ մէկ դժուարութիւն կրնայ Քրիստոնեաները Աստուծոյ սէրէն զատել։
14 Կարդացէք Հռովմայեցիս 8։38, 39–ն։ Ի՞նչ բան Պօղոսը համոզեց որ ոչինչ կրնայ Քրիստոնեաները Աստուծոյ սէրէն զատել։ Անկասկած, ծառայութեան մէջ Պօղոսի ունեցած անձնական փորձառութիւնները ամրապնդեցին իր համոզումը թէ՝ դժուարութիւնները չեն կրնար մեզի հանդէպ Աստուծոյ ունեցած սիրոյն ազդել։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27. Փիլիպպեցիս 4։13) Պօղոս Եհովայի յաւիտենական նպատակին եւ Իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ անցեալի գործառնութեանց մասին ալ գիտութիւն ունէր։ Արդեօք մահը կրնա՞յ նուաճել այն սէրը, զոր Աստուած ունի հաւատարմօրէն իրեն ծառայողներուն հանդէպ։ Բնա՛ւ երբեք։ Այսպիսի հաւատարիմներ որոնք կը մեռնին, պիտի շարունակեն Աստուծոյ կատարեալ յիշողութեան մէջ ապրիլ, եւ ան որոշուած ժամանակին յարութիւն պիտի տայ անոնց։—Ղուկաս 20։37, 38. Ա. Կորնթացիս 15։22-26
-
-
Ո՞վ պիտի զատէ մեզ Աստուծոյ սէրէնԴիտարան 2001 | Հոկտեմբեր 15
-
-
16 Որպէս Քրիստոնեաներ, պէտք չէ վախնանք որ Պօղոսի յիշած «ներկայ բաներ»էն որեւէ մէկը՝ իրերու ներկայ դրութեան մէջի դէպքերը, կացութիւններն ու պարագաները՝ կամ ալ «գալու բաները», իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ ունեցած մտերիմ կապը կրնան խզել։ Թէեւ երկրային ու երկնային ուժեր մեզի դէմ պատերազմ կը մղեն, սակայն Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ինչպէս Պօղոս կը շեշտէ, ‘ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ ալ խորունկութիւնը’ արգելք կը հանդիսանան Աստուծոյ սիրոյն։ Այո, ո՛չ մէկ բան որ կրնայ մեզ ընկճել, կամ՝ մեր վրայ գերազդեցութիւն բանեցնել, կրնայ մեզ Աստուծոյ սէրէն զատել. ո՛չ ալ ոեւէ արարած կրնայ խզել Ստեղծիչին յարաբերութիւնը իր հաւատարիմ ծառաներուն հետ։ Աստուծոյ սէրը երբեք չի ձախողիր. անիկա յաւիտենական է։—Ա. Կորնթացիս 13։8
-