«Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ»
«Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասնզի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 1։15, 16
1. Պետրոս ինչո՞ւ Քրիստոնեաները քաջալերեց որ սուրբ ըլլան։
ՊԵՏՐՈՍ առաքեալ վերոյիշեալ խրատը ինչո՞ւ տուաւ։ Քանի որ ան հարկ տեսաւ որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ իր խորհուրդներուն եւ արարքներուն վրայ հսկէ, որպէսզի զանոնք Եհովայի սրբութեան հետ ներդաշնակ պահէ։ Ուստի, ան վերոյիշեալ խօսքերէն առաջ հետեւեալը ըսաւ. «Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ [կատարելապէս] արթուն կեցած՝ . . . Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով»։—Ա. Պետրոս 1։13, 14
2. Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, մեր ցանկութիւնները ինչո՞ւ անսուրբ էին։
2 Մեր առաջուան ցանկութիւնները անսուրբ էին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Քրիստոնէական ճշմարտութիւնը ընդունելէ առաջ, մեզմէ շատեր աշխարհային կեանք մը վարած են։ Պետրոս ասիկա գիտնալով բացայայտօրէն գրեց. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք»։ Անշուշտ, Պետրոս արդի աշխարհին յատուկ եղող կարգ մը անսուրբ արարքներ չյիշեց, քանի որ այդ ժամանակ անոնք անծանօթ էին։—Ա. Պետրոս 4։3, 4
3, 4. (ա) Ինչպէ՞ս կրնանք սխալ ցանկութիւնները չէզոքացնել։ (բ) Քրիստոնեաները ամէն զգացում մէկդի՞ պէտք է դնեն. բացատրեցէք։
3 Նկատա՞ծ էք որ այդ ցանկութիւնները մարմնին, զգայարանքներուն եւ զգացումներուն դուրեկան են։ Երբ թոյլ տանք որ անոնք մեր վրայ տիրապետեն, այն ատեն մեր խորհուրդներն ու արարքները դիւրաւ անսուրբ կը դառնան։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչու բանականութիւնը պէտք է ղեկավարէ մեր արարքները։ Պօղոս զայն արտայայտեց հետեւեալ կերպով. «Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը [բանականութիւնով կատարուած սրբազան ծառայութիւնը, ՆԱ]»։—Հռովմայեցիս 12։1, 2
4 Աստուծոյ սրբազան զոհ մը ներկայացնելու համար, թոյլ պէտք է տանք որ բանականութիւնը մեր վրայ իշխէ եւ ո՛չ թէ մեր զգացումները։ Քանիներ անբարոյականութեան մէջ ինկած են, քանի որ թոյլ տուած են որ իրենց զգացումներով ղեկավարուին։ Ասիկա չի նշանակեր որ մեր զգացումները ոտնակոխ պիտի ընենք. ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք ուրախութիւն յայտնաբերել Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Սակայն, եթէ կ’ուզենք հոգիին պտուղները արտադրել, փոխանակ մարմնին գործերը կատարելու, այն ատեն մեր միտքը Քրիստոսի հետ համակարծիք պէտք է ըլլայ։—Գաղատացիս 5։22, 23. Փիլիպպեցիս 2։5
Սուրբ Կեանք, Սուրբ Գին
5. Պետրոս սրբութեան կարիքին ինչո՞ւ գիտակից էր։
5 Պետրոս ինչո՞ւ այսքան կարեւորութիւն կուտար Քրիստոնէական սրբութեան։ Քանի որ ան շատ լաւ տեղեակ էր որ հնազանդ մարդկութիւնը փրկելու համար սուրբ գին մը վճարուած էր։ Ան գրեց. «Գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը»։ (Ա. Պետրոս 1։18, 19) Այո, սրբութեան Աղբիւրը, Եհովա Աստուած, իր միածին Որդին՝ «Սուրբը»՝ երկիր ղրկեց, որպէսզի վճարէ այն փրկագինը որով մարդիկ պիտի կարենան Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ։—Յովհաննու 3։16. 6։70, ՆԱ. Ելից 28։36. Մատթէոս 20։28
6. (ա) Ինչո՞ւ դիւրին չէ սուրբ վարք ունենալ։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ մեր վարքը սուրբ պահենք։
6 Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունինք որ Սատանայի ապականած աշխարհին մէջ ապրելով, դիւրին չէ սուրբ կեանք մը վարել։ Ան թակարդներ կը լարէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն առջեւ, որոնք կը փորձեն իրերու այս դրութեան մէջ իրենք զիրենք պահել։ (Եփեսացիս 6։12. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Անհրաժեշտ է զօրաւոր հոգեւորականութիւն ունենալ որպէսզի անհատ մը իր սրբութիւնը պահպանէ այն ճնշումներուն դիմաց, որոնք կու գան աշխարհային գործէն, ընտանեկան հակառակութենէն, դպրոցին մէջ ծաղրանքի առարկայ դառնալէն եւ ընկերներու ճնշումէն։ Ասիկա կը շեշտէ անձնական ուսումնասիրութեան եւ Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելուն կենսական դերը։ Պօղոս Տիմոթէոսին խրատեց. «Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Մենք այս ողջամիտ խօսքերը կը լսենք մեր Թագաւորութեան Սրահին մէջ ու զանոնք կը կարդանք Աստուածաշունչի մեր անձնական ուսումնասիրութեան մէջ։ Անոնք կրնան մեզի օգնել որ ամէն օր եւ տարբեր մարզերու մէջ սուրբ վարք մը ունենանք։
Սուրբ Վարք Ընտանիքին մէջ
7. Սրբութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր ընտանեկան կեանքին։
7 Երբ Պետրոս Ղեւտացւոց 11։44–ը մէջբերեց, ան գործածեց Յունարէն հակիոս բառը, որ կը նշանակէ «մեղքէ զատուած ու հետեւաբար Աստուծոյ նուիրագործուած, սրբազան»։ (An Expository Dictionary of New Testament Words, Ու. Ի. Վայնի կողմէ) Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ Քրիստոնեաներուն ընտանեկան կեանքին վրայ։ Անիկա վստահաբար կը նշանակէ որ մեր ընտանեկան կեանքը սիրոյ վրայ պէտք է հիմնուի, քանի որ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Անձնազոհ սէրը կողակիցներու, ինչպէս նաեւ, ծնողներու ու զաւակներու միջեւ յարաբերութիւնները կ’իւղոտէ։—Ա. Կորնթացիս 13։4–8. Եփեսացիս 5։28, 29, 33. 6։4. Կողոսացիս 3։18, 21
8, 9. (ա) Քրիստոնեայ տան մը մէջ երբեմն ի՞նչ պարագայ կրնայ զարգանալ։ (բ) Այս հարցին շուրջ Աստուածաշունչը ի՞նչ խոհեմ խրատ կու տայ։
8 Թերեւս կը խորհինք որ Քրիստոնէական ընտանիքէն ներս ինքնաբերաբար այսպիսի սէր կ’արտայայտուի։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ որ Քրիստոնէական կարգ մը տուներէն ներս սէրը միշտ պէտք եղած տարողութեամբ տիրական չէ։ Թերեւս Թագաւորութեան Սրահին մէջ սէր կը ցուցաբերենք, բայց որքա՜ն դիւրաւ կրնայ մեր սրբութիւնը տան մէջ նուազիլ։ Հոն, կրնանք յանկարծ մոռնալ թէ մեր կինը միեւնոյն ատեն մեր Քրիստոնեայ քոյրն է, կամ մեր ամուսինը տակաւին նոյն եղբայրն է (եւ թերեւս օգնական ծառան կամ երէցը) որու հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերէինք Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Կրնանք ջղայնանալ, ու տաք վիճաբանութիւններու դուռ բանալ։ Նոյնիսկ կրնանք սկսիլ երկդիմի կեանք մը վարել։ Այլեւս այր ու կնոջ միջեւ Քրիստոսանըման յարաբերութիւն մը չէ որ կը զարգանայ, այլ պարզապէս վիճաբանութեան մէջ եղող մարդ ու կնոջ յարաբերութիւն մը։ Անոնք կը մոռնան որ տան մէջ պէտք է սուրբ մթնոլորտ մը տիրէ։ Անոնք թերեւս սկսին աշխարհային մարդոց նման խօսիլ։ Այդ ատեն որքա՜ն հեշտութեամբ անհամեստ ու հեգնական դիտողութիւններ դուրս կու գան բերնէն։—Առակաց 12։18. բաղդատել Գործք 15։37–39։
9 Սակայն, Պօղոս կը խրատէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը [Յունարէնով՝ լոկոս սափրոս, «պիղծ արտայայտութիւն», ուստի՝ անսուրբ] թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէսզի լսողներուն շնորհք տայ»։ Իսկ ասիկա կ’ակնարկէ տան մէջ գտնուող բոլոր լսողներուն, մէջը ըլլալով զաւակները։—Եփեսացիս 4։29. Յակոբու 3։8–10
10. Սրբութեան նկատմամբ տրուած խրատը ինչպէ՞ս երախաներուն ալ կը կիրարկուի։
10 Քրիստոնէական ընտանիքէն ներս սրբութեան վերաբերեալ այս ուղեգիծը կը կիրարկուի նաեւ զաւակներուն։ Որքա՜ն դիւրին է որ անոնք դպրոցէն տուն վերադառնան ու սկսին ընդօրինակել իրենց աշխարհային ընկերներուն ըմբոստ եւ անյարգալից խօսակցութիւնը։ Ո՛վ երախաներ, անճոռնի տղոց ցուցաբերած վերաբերմունքը հաճելի մի՛ նկատէք, որոնք Եհովայի մարգարէն ծաղրեցին եւ որոնց նմանները այսօր ալ նոյնքան պղծաբերան ու հայհոյիչ են։ (Դ. Թագաւորաց 2։23, 24) Մի՛ ձգէք որ ձեր խօսակցութիւնը պղծուի փողոցային մարդոց լկտի բառամթերքով, որոնք վայելուչ բառեր գործածելու համար շատ ծոյլ են, առանց որեւէ փափկանկատութեան։ Որպէս Քրիստոնեաներ, մեր խօսակցութիւնը պէտք է սուրբ, հաճելի, շինիչ, ազնիւ ու «աղով համովցած» ըլլայ։ Անիկա մեզ պէտք է զատորոշէ ուրիշներէն։—Կողոսացիս 3։8–10. 4։6
Սրբութիւն՝ եւ Մեր Ընտանիքի Անհաւատ Անդամները
11. Սուրբ ըլլալը ինչո՞ւ ինքնարդար ըլլալ չի նշանակեր։
11 Նոյնիսկ երբ խղճմտօրէն կը փորձենք սրբութիւն գործադրել, մենք մեզ ուրիշներէն գերիվեր ու ինքնարդար պէտք չէ նկատենք, մանաւանդ մեր ընտանիքի անհաւատ անդամներուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ։ Մեր Քրիստոնէական ազնիւ վարքը պէտք է առնուազն օգնէ անոնց որ տեսնեն թէ մենք հաճելիօրէն տարբեր ենք, գիտենք ինչպէ՛ս սէր եւ կարեկցութիւն ցուցաբերել, Յիսուսի առակին բարի Սամարացիին նման։—Ղուկաս 10։30–37
12. Ամուսնացած Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան ճշմարտութիւնը իրենց կողակիցներուն աւելի գրաւիչ դարձնել։
12 Պետրոս մեր ընտանիքի անհաւատ անդամներուն հանդէպ պատշաճ վերաբերմունք ցուցաբերելու կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ Քրիստոնեայ կիներուն գրեց. «Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէսզի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը»։ Քրիստոնեայ կինը (կամ ամուսինը) կրնայ ճշմարտութիւնը իր անհաւատ կողակիցին աւելի գրաւիչ դարձնել, անարատ, նկատառու եւ յարգալից վարք մը ունենալով։ Ասիկա կը նշանակէ որ անոր աստուածպետական յայտագիրը ճկուն պէտք է ըլլայ, որպէսզի անհաւատ կողակիցը արհամարհուած կամ անտեսուած չզգայ։a —Ա. Պետրոս 3։1, 2
13. Երբեմն երէցները եւ օգնական ծառաները ինչպէ՞ս կրնան անհաւատ ամուսիններու օգնել որ ճշմարտութիւնը գնահատեն։
13 Երբեմն երէցները եւ օգնական ծառաները կրնան իրենց աջակցութիւնը բերել, փորձելով անհաւատ ամուսինին հետ բարեկամանալ։ Այսպիսով ան կրնայ տեսնել որ Վկաները բնական, պարկեշտ մարդիկ են եւ Աստուածաշունչէն դուրս այլազան հետաքրքրութիւններ ունին։ Առիթով մը, երէց մը ամուսինի մը ձկնորսութեան զբաղումին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Ասիկա բաւարար եղաւ որ սառոյցը կոտրուի։ Այդ ամուսինը ի վերջոյ մկրտուած եղբայր մը եղաւ։ Ուրիշ առիթով, անհաւատ ամուսին մը դեղձանիկներով հետաքրքրուած էր։ Երէցները ձեռնթափ չեղան։ Անոնցմէ մէկը դեղձանիկներու մասին փնտռտուքներ կատարեց եւ յաջորդ անգամ երբ մարդուն հանդիպեցաւ, կրցաւ խօսակցութիւն մը սկսիլ անոր նախասիրած նիւթին շուրջ։ Ուստի, սուրբ ըլլալ չի նշանակեր անճկուն կամ նեղմիտ ըլլալ։—Ա. Կորնթացիս 9։20–23
Ժողովքին մէջ Ի՞նչպէս Կրնանք Սուրբ Ըլլալ
14. (ա) Ժողովքը տկարացնելու համար Սատանայի մեթոտներէն մէկը ի՞նչ է։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանայի թակարդին դէմ դնել։
14 Բանսարկու Սատանան զրպարտիչ մըն է, քանի որ Բանսարկու թարգմանուած Յունարէն բառը՝ տիապոլոս՝ կը նշանակէ «ամբաստանող» կամ «զրպարտող»։ Զրպարտութիւնը անոր մասնագիտութիւններէն մէկն է եւ ան կը փորձէ զայն գործածել ժողովքէններս։ Անոր նախասիրած մեթոտն է՝ բամբասանքը։ Արդ, թոյլ կու տա՞նք որ ան մեզ խաբէ ու այս անսուրբ վարքին մէջ ձգէ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։ Անձնապէս բամբասելով, զայն ուրիշներուն պատմելով կամ անոր ականջ տալով։ Իմաստուն առակը կ’ըսէ. «Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ»։ (Առակաց 16։28) Բամբասանքին ու զրպարտութեան հակաթոյնը ի՞նչ է։ Միշտ ուշադիր պէտք է ըլլանք որ մեր խօսակցութիւնը շինիչ ու սիրոյ վրայ հիմնուած ըլլայ։ Եթէ մեր եղբայրներուն առաքինութիւնները փնտռենք, քան թէ անոնց կարծեցեալ թերութիւնները, մեր խօսակցութիւնը միշտ հաճելի ու հոգեւոր պիտի ըլլայ։ Մի՛ մոռնաք որ դիւրին է քննադատել։ Իսկ այն անհատը որ ձեր քով ուրիշները կը բամբասէ, կրնայ շատ լաւ ձեզ ալ բամբասել ուրիշներու ներկայութեան։—Ա. Տիմոթէոս 5։13. Տիտոս 2։3
15. Քրիստոսանման ի՞նչ յատկութիւններ պիտի օգնեն որ ժողովքին բոլոր անդամները սուրբ մնան։
15 Ժողովքը սուրբ պահելու համար, բոլորս ալ Քրիստոսի մտավիճակը պէտք է ունենանք, եւ գիտենք որ անոր տիրական յատկութիւնը սէրն է։ Հետեւաբար, Պօղոս խրատեց Կողոսացիները որ Քրիստոսի նման կարեկից ըլլան. «Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, . . . իրարու ներելով . . . ։ Այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ Ապա ան աւելցուց. «Ու Աստուծոյ [Քրիստոսի, ՆԱ] խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ»։ Վստահաբար ներելու այս հոգին ունենալով, կրնանք ժողովքին միութիւնն ու սրբութիւնը պահպանել։—Կողոսացիս 3։12–15
Մեր Սրբութիւնը Մեր Շրջապատին մէջ կը Տեսնուի՞
16. Մեր սուրբ պաշտամունքը ինչո՞ւ ուրախ պաշտամունք պէտք է ըլլայ։
16 Իսկ մեր դրացիները ինչպէ՞ս կը նկատեն մեզ։ Արդեօք ճշմարտութեան տուած ուրախութիւնը կը ճառագայթե՞նք, թէ ոչ զայն որպէս բեռ կը ներկայացնենք։ Եթէ սուրբ ենք, ինչպէս Եհովա սուրբ է, այն ատեն ասիկա բացայայտ պէտք է ըլլայ մեր խօսակցութեան ու վարքին մէջ։ Պէտք է յստակ ըլլայ որ մեր սուրբ պաշտամունքը ուրախ պաշտամունք մըն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր Եհովա Աստուածը ուրախ Աստուած է, եւ կ’ուզէ որ իր երկրպագուներն ալ ուրախ ըլլան։ Անոր համար, սաղմոսերգուն Եհովայի վաղեմի ժողովուրդին մասին կրնար ըսել. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։ Այդ ուրախութիւնը կը ցոլացնե՞նք։ Արդեօք մեր զաւակներն ալ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ու համաժողովներուն Եհովայի ժողովուրդին մէջ ըլլալով գոհունակութիւն կը ցուցաբերե՞ն։—Սաղմոս 89։15, 16. 144։15բ
17. Գործնական կերպով ի՞նչ կրնանք ընել հաւասարակշռուած սրբութիւն ցոյց տալու համար։
17 Մեր հաւասարակշռուած սրբութիւնը կրնանք ցոյց տալ նաեւ մեր դրացիներուն հետ համագործակցելով ու անոնց հետ ազնուութեամբ վարուելով։ Երբեմն անհրաժեշտ կ’ըլլայ որ դրացիներ միասնաբար բանի մը ձեռնարկեն, թերեւս շրջապատը մաքրելու, կամ, ինչպէս կարգ մը երկիրներու մէջ կ’ընեն, ճամբաներն ու պողոտաները բարելաւելու համար։ Այս նկատմամբ, մեր պարտէզին, բակին կամ ուրիշ ստացուածքներու հոգ տանելով ալ մեր սրբութիւնը յայտնի կ’ըլլայ։ Եթէ ասդին անդին աղբ ձգուած ըլլայ, կամ բակ մը ունենանք որ կոկիկ չէ, ուր թերեւս անցորդներուն կողմէ նկատելի կերպով կոտրտուած հին կառքեր նետուած են, կրնա՞նք ըսել որ մեր դրացիները կը յարգենք։—Յայտնութիւն 11։18
Սրբութիւն՝ Գործի եւ Դպրոցի Մէջ
18. (ա) Ներկայիս Քրիստոնեաները ինչո՞ւ նուրբ կացութեան մէջ են։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհէն տարբեր ըլլալ։
18 Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի անսուրբ քաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն գրեց. «Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։ Եւ գրածս՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք»։ (Ա. Կորնթացիս 5։9, 10) Ասիկա լուրջ կացութիւն մըն է Քրիստոնեաներուն համար, որոնք ամէն օր ստիպուած են անբարոյ կամ աննկարագիր մարդոց հետ շփման մէջ գալու։ Ասիկա ուղղամտութեան մեծ փորձի դիմաց կը դնէ մեզ, մանաւանդ այն մշակոյթներուն մէջ ուր սեռային տաղտուկը, խոտշանգումը եւ անպարկեշտութիւնը քաջալերուած կամ հանդուրժելի են։ Այս պարագային, մեր շուրջը եղողներուն «բնական» երեւնալու համար չենք կրնար մեր չափանիշները մեղմացնել։ Ընդհակառակը, մեր Քրիստոնէական ազնիւ՝ բայց տարբեր՝ վարքը պէտք է մեզ աչքառու դարձնէ ներատես մարդոց առջեւ, որոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն կը գիտակցին ու աւելի լաւ բան մը կը փնտռեն։—Մատթէոս 5։3. Ա. Պետրոս 3։16, 17
19. (ա) Ո՛վ երեխաներ, դպրոցին մէջ ի՞նչ փորձութիւններ կը դիմագրաւէք։ (բ) Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն ու անոնց սուրբ վարքին թիկունք կանգնելու համար։
19 Նմանապէս, մեր զաւակները դպրոցին մէջ բազմաթիւ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն յաճախած դպրոցը կ’այցելէ՞ք։ Գիտէ՞ք հոն ի՛նչպիսի մթնոլորտ կը տիրէ։ Ուսուցիչներուն հետ մօտէն կապ կը պահէ՞ք։ Այս հարցումները ինչո՞ւ կարեւոր են։ Քանի որ աշխարհի շատ մը քաղաքներուն մէջ, դպրոցները վայրագութեան, թմրեցուցիչի եւ սեռի կեդրոններ դարձած են։ Ձեր զաւակները ինչպէ՞ս կրնան ուղղամիտ մնալ ու իրենց վարքը սուրբ պահել եթէ իրենց ծնողներէն հասկացողութիւն ու լման աջակցութիւն չստանան։ Պօղոս իրաւացիօրէն ծնողներուն խրատեց. «Հայ՛րեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէսզի չվհատին»։ (Կողոսացիս 3։21) Երեխաները զայրացնելու կերպերէն մէկն է անոնց առօրեայ խնդիրներն ու փորձութիւնները անտեսել։ Դպրոցին մէջ փորձութիւններ դիմագրաւելու համար նախապատրաստութիւնը, Քրիստոնեայ տան մէջ հոգեւոր մթնոլորտ ստեղծելով կը սկսի։—Բ. Օրինաց 6։6–9. Առակաց 22։6
20. Մեր բոլորին համար սրբութիւնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։
20 Առ ի եզրակացութիւն, մեր բոլորին համար սրբութիւնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ Քանի որ անիկա Սատանայի աշխարհին ու անոր մտավիճակին դէմ որպէս պաշտպանութիւն կը ծառայէ։ Անիկա օրհնութիւն մըն է թէ՛ ներկայիս եւ թէ ապագային։ Նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ապահովենք այն կեանքը, որ ճշմարիտ կեանքը պիտի ըլլայ արդար նոր աշխարհին մէջ։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ հաւասարակըշռուած, դիւրամատչելի, մարդամօտ Քրիստոնեաներ ըլլանք, ոչ թէ՝ անթեք մոլեռանդներ։ Մէկ խօսքով, անիկա մեզ Քրիստոսանման անհատներ կը դարձնէ։—Ա. Տիմոթէոս 6։19
[Ստորանիշ]
a Անհաւատ կողակիցներուն հետ փափկանկատօրէն վարուելու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ «Ձեր Կողակիցը Մի՛ Անտեսէք» յօդուածը, Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1990–ի համարին մէջ, էջ 21–24, եւ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1988–ի Անգլերէն համարը, էջ 24–25, պարբերութիւն 20–22։
Կը յիշէ՞ք
◻ Պետրոս ինչո՞ւ հարկ տեսաւ որ սրբութեան նկատմամբ Քրիստոնեաները խրատէ։
◻ Սուրբ կեանք վարելը ինչո՞ւ դիւրին չէ։
◻ Ամէն մէկս ի՞նչ կրնանք ընել ընտանիքէն ներս սրբութեան նպաստելու համար։
◻ Ժողովքը սուրբ մնալու համար, ո՞ր անսուրբ վարքերէ պէտք է խուսափինք։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ մնալ մեր գործին եւ դպրոցին մէջ։
[Նկարներ՝ էջ 14]
Որպէս Եհովայի Վկաներ, Աստուծոյ ծառայութեան ու տարբեր գործունէութիւններու մէջ ուրախ պէտք է ըլլանք