-
«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»Դիտարան (ուսումնասիրական) 2017 | Յուլիս
-
-
14. Ի՞նչ խօսքերով կրնանք սգաւորները մխիթարել։
14 Յստակ է թէ թերեւս չգիտնանք թէ ինչ պէտք է ըսենք սգաւորին։ Սակայն Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ. 12։18)։ Երբ սիրելի մը մեռնի գրքոյկին մէջ շատեր գտած են մխիթարական խօսքեր որ կրնան սգաւորին ըսելc։ Բայց ատեններ՝ երբ ‘լացողներուն հետ լաս’, ամէնէն օգտակար բանը ըրած կ’ըլլաս (Հռով. 12։15)։ Կէպի, որուն ամուսինը մահացաւ, կը խոստովանի. «Այլեւս սիրտս արցունքներու միջոցաւ կը խօսի։ Ասոր համար, երբ բարեկամներս ինծի հետ լան, ձեւով մը կը մխիթարուիմ եւ այդ վայրկեան շատ առանձին չեմ զգար»։
-
-
«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»Դիտարան (ուսումնասիրական) 2017 | Յուլիս
-
-
20. Եհովային խոստումները ինչո՞ւ մեծապէս կը մխիթարեն մեզ։
20 Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ որ Եհովան, ամէն մխիթարութեան Աստուածը, լման մէջտեղէն պիտի վերցնէ վիշտը, երբ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Քրիստոսին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29)։ Ան «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու. . . ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսա. 25։8)։ Այդ ժամանակ, փոխանակ ‘լացողներուն հետ լալու’, երկրի վրայ բոլորը ‘խնդացողներուն հետ պիտի խնդան’ (Հռով. 12։15)։
-