-
«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»Դիտարան 2009 | Հոկտեմբեր 1
-
-
Բարիով յաղթել չարին
13, 14. ա) Երբ հակառակութիւն դիմագրաւենք, ինչո՞ւ չենք զարմանար։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք օրհնել մեզ հալածողները։
13 Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։14, 21–ը։ Լիովին վստահ ըլլալով որ Եհովա իր նպատակները պիտի իրագործէ, կրնանք հանգիստ մտքով մեր բոլոր ջանքերը կեդրոնացնել մեզի տուած գործին վրայ,– ‘արքայութեան աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզել’ (Մատ. 24։14)։ Գիտենք թէ այս քրիստոնէական գործունէութիւնը մեր թշնամիներուն բարկութիւնը պիտի գրգռէ, քանի որ Յիսուս մեզ զգուշացուց. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Հետեւաբար, երբ հակառակութիւն դիմագրաւենք, չենք զարմանար, ո՛չ ալ կը վհատինք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք» (Ա. Պետ. 4։12, 13)։
-
-
«Ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»Դիտարան 2009 | Հոկտեմբեր 1
-
-
15. Բարիով չարին յաղթելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։
15 Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեան Հռովմայեցիս 12–րդ գլուխին վերջին համարին ուշադրութիւն կ’ընծայէ. «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։ Ամէն չարութեան աղբիւրը՝ Բանսարկուն է (Յովհ. 8։44. Ա. Յովհ. 5։19)։ Յովհաննէս առաքեալին տրուած յայտնութեան մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ իր օծեալ եղբայրները «[Սատանայի] յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը» (Յայտ. 12։11)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Սատանայի եւ իրերու ներկայ դրութեան վրայ իր բանեցուցած չար ազդեցութեան յաղթելու լաւագոյն կերպն է՝ բարիք ընել վկայելով, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։
-